«ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ (1918-1920)»

ԳՈՒՐԳԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ (1918–1920) ԵՐԿԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը 2019ի առաջին քառորդին ընթացքին հրատարակեց Գուրգէն Վարդանեանի հեղինակութեամբ Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918 –1920) ուսումնասիրութիւնը։ Ասիկա վերոյիշեալ հիմնադրամի 13րդ հրատարակութիւնն է (266 էջ), որուն խմբագիրն է Շահան Գանտահարեան։  

Գիրքը կը բաղկանայ երկու գլուխէ. կրթութիւնը եւ մշակոյթը։ Առաջին գլուխին մէջ Գուրգէն Վարդանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթական համակարգը՝ հետեւեալ բաժանումներով.

1 Դպրոցական գործի կազմակերպումը (էջ 13–111)

Անկախութեան առաջին ամիսներուն Հայաստանի դպրոցական ցանցը կը գտնուէր քայքայման եզրին։ Դպրոցները փակուած էին, շէնքերը յատկացուած էին գաղթականներու եւ զինուորներու կարիքներուն համար. ուսուցիչները լքած էին իրենց ասպարէզը։
1918 նոյեմբերին, Հայաստանի հանրային կրթութեան նախարար կ՚ըլլայ ժողովրդական Գէորգ Մելիք-Ղարագէօզեանը, որուն դերը մեծ եղաւ Հայաստանի մշակութային կեանքի կազմակերպման եւ կրթական աշխատանքներուն մէջ։
     1918ի աշնան Հայաստանի դպրոցներուն մեծ մասին մէջ սկսած էին դասերը։ 1919ի յունիսին հսկայական աշխատանք կատարուած էր դպրոցները պահպանելու առնչութեամբ։
     1919ի կիսուն, Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմին մէջ, հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար կը նշանակուի Ն. Աղբալեան։ 1919ի վերջաւորութեան Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր դպրոցական կայուն ցանց։ 1919 –1920 ուսումնական տարեշրջանին, Հայաստանի մէջ փաստօրէն վերականգնած էր մինչեւ Ա. Աշխարհամարտը գործող դպրոցական ցանցը։ Զգալի աշխատանք կատարուած էր միջնակարգ դպրոցներու բացման ուղղութեամբ։ Նոյն տարեշրջանին հանրապետութեան մէջ կը շարունակուէր յատկապէս միջնակարգ դպրոցներու ազգայնացումը եւ հայերէնով ուսուցումը։ Կառավարութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէր նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներու բացման վրայ։
     Նիկոլ Աղբալեան մեծ աշխատանք տարաւ լուծելու դասագիրքերու պակասը, չքաւոր աշակերտութեան կարիքներուն հասնելու, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ադրբեջանի հայկական դպրոցներուն օժանդակելու։
     1919 սեպտեմբերին կ’առնուէր պատմական նշանակութիւն ունեցող որոշում մը. կը պետականացուէին եկեղեցական-ծխական դպրոցները, կ’ազգայնացուէին տարրական դպրոցները, դասաւանդութիւնը պիտի սկըսէր կատարուիլ հայերէն։ Կրօնքը կը հանուէր պարտադիր առարկաներու դասաւանդման ցանկէն։
     Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան յայտագիրը կը խոստանար տարրական դպրոցներու մէջ ուսումը դարձնել պարտադիր եւ անվճար։ Սակայն ասիկա անիրագործելի էր եւ կը պահանջէր երկար ժամանակ։
     Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով հիմքը կը դրուի աշակերտութեան մարմնակրթական դաստիարակութեան։ Կը կազմակերպուի սկաուտական շարժումը։
     Հանրային կրթութեան նախարարութեան ամենաբարդ խնդիրը մանկավարժներու պակասն էր, որուն բարւոք լուծման համար կը բացուի ուսուցչական ուսումնարան։
     Շատ ծանր էր ուսուցիչներու նիւթական վիճակը։ Կառավարութիւնը քանի մը անգամ բարձրացուց ուսուցիչներու աշխատավարձը։ Ասիկա բաւարար չէր. ուսուցիչներու վիճակը կը մնար ծանր։
     Դպրոցները հեռու չէին քաղաքականութենէ եւ կուսակցական ազդեցութենէ։ Բոլոր կուսակցութիւնները ստեղծած էին ուսուցչական եւ աշակերտական կառոյցներ։ Աղբալեան կը յայտարարէր. «Դպրոցն ամէնից առաջ ուսման վայր է, ուր սաները սովորում են ո’չ միայն գիտելիքներ, այլեւ ստանում են քաղաքական դաստիարակութիւն։ […] Ազդարարելով այս մասին՝ հրաւիրում ենք իրենց պաշտօնէութեան մէջ թերացողների ուշադրութիւնից մեր մատնանշած երեւոյթի վրայ եւ հրահանգում ենք չափ դնել իրենց պաշտօնի կատարման ընթացքում» (էջ 109)։
     1920 մայիսի սկիզբը կը կազմուի նոր կառավարութիւն։ Նիկոլ Աղբալեան կը փոխարինուի Գէորգ Ղազարեանով, որ հմուտ մանկավարժ եւ կազմակերպիչ էր։ Ան կը շարունակէ Ն. Աղբալեանի սկսած կրթական բարեփոխումներու քաղաքականութիւնը։

2 Բարձրագոյն եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութեան կազմակերպումը (էջ 112–152)

16 մայիս 1919ին նախարարաց խորհուրդը կ’որոշէ Երեւանի մէջ համալսարան բանալ հիմնուելով հանրային կրթութեան նախարար Գ. Մելիք-Ղարագէօզեանի զեկուցումին վրայ։ Ասիկա պատմական շատ կարեւոր որոշում էր, որ ջերմօրէն ընդունուեցաւ համայն հայութեան կողմէ։ Համալսարանը Երեւանի մէջ բանալու մեծագոյն խոչընդոտը անհրաժեշտ շէնքի ապահովումն էր. կար նաեւ դասախօսական անձնակազմին բնակարաններ տրամադրելու հարցը։ Ահա թէ ինչու որոշուեցաւ համալսարանը բանալ Ալեքսանդրապոլի մէջ, բան մը, որ մեծ հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ 31 յունուար 1920ին։ Կային դժուարութիւններ։ Դասախօսներու բնակարանային պայմանները չէին բարելաւուած։ Ուսանողութեան մեծ մասը ուսուցիչներ ու պետական ծառայողներ էին, անոր համար ալ դասախօսութիւնները կ’ըլլային երեկոյեան ժամերուն՝ ցուրտ եւ ելեկտրականութենէ գրեթէ զուրկ դահլիճին մէջ։ Կար թուղթի եւ գրենական անհրաժեշտ պիտոյքներու պակաս։ Չկար գիտական մասնագիտական գրադարան։ Հակառակ այս դըժուարութիւններուն, կազմակերպչական աշխատանքը լաւ կատարուած էր, եւ աստիճանաբար սկսած էր կարգաւորուիլ համալսարանի նիւթական եւ դրամական վիճակը։

* * *

Ինչ կը վերաբերի միջնակարգ մասնագիտական կրթութեան, 19 յուլիս 1920ին կառավարութիւնը կ’որոշէ Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ թեքնիք միջնակարգ դպրոցներ հիմնել։ 16 Սեպտեմբեր 1920ին կ’որոշէ զինուորական երկրորդական վարժարան եւ ուսումնարան բանալ։ Երկրի առողջապահական վիճակը բարելաւելու նպատակով կը կազմակերպուին բուժքոյրերու եւ եղբայրներու դասընթացքներ։ 1919 սեպտեմբերին կը հիմնուի միջնակարգ բժշկական դպրոց։ Այս եւ այլ իրականացուող ձեռնարկներուն նպատակն էր ստեղծել միջնակարգ մասնագիտական կրթութեան խիտ ցանց։

3 Հայերէնը՝ պետական լեզու. բնակչութեան կրթական գործի կազմակերպումը (էջ 152–171)

Հանրային կրթութեան նախարարութիւնը հայագիտական նիւթերու դասընթացքներ կազմակերպեց։ Աւելի՛ն. ան յառաջացուց թարգմանչական յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղէր մասնագիտական եզրերը ռուսերէնէ հայերէն թարգմանելու գործով։
     26 դեկտեմբեր 1919ին խորհրդարանը կ’ընդունէր պատմական կարեւոր օրէնք մը, ըստ որուն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն պիտի ըլլար հայերէնը, որ պարտադիր էր զօրքի եւ պետական ու հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ։ Անշուշտ կարճ ժամկէտի մէջ կարելի չէր յաղթահարել անցնումը հայերէնի, բան մը, որ աւարտած կը նկատուէր 1920ի աշնան։
     Նախարարաց խորհուրդը աշխատանք տարաւ բարձրացնելու ժողովուրդին կրթական մակարդակը։ 1919-ին հանրային կրթութեան նախարարութիւնը անգրագէտ մարդոց համար կազմակերպեց գրաճանաչութեան դասընթացքներ, իսկ գրագէտ բնակչութեան համար՝ ժողովրդական համալսարաններ։ Դասընթացքներու տեւողութիւնը վեց ամիս էր, ուսումը՝ ձրի։

* * *

Գիրքի երկրորդ գլուխին մէջ Գուրգէն Վարդանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մշակութային կեանքը։

Մշակութային-լուսաւորական օճախները (էջ 172–204)

Իր գոյութեան երկուքուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մէջ կը վերաբացուին քաղաքական եւ դպրոցական գրադարանները։
     1919 սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստանի խորհրդարանը կ’որոշէ Երեւանի մէջ հիմնել ազգագրական-մարդաբանական թանգարան-գրադարան։ Հայ ականաւոր ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի ջանքերուն շնորհիւ 7 յուլիս 1920ին կառավարութիւնը կը հիմնէ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան պետական կոմիտէ, որ արշաւախումբեր կը կատարէ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ։ Նմանօրինակ աշխատանք կը կատարէ հայ ճարտարապետութեան յայտնի ուսումնասիրող Թորոս Թորամանեան։
     1918–1919 թուականներուն Հայաստանի հանրապետութեան մէջ հրատարակուած են 43 պարբերականներ, որոնց մեծ մասը Երեւանի մէջ։ Կառավարութիւնը ունէր իր պաշտօնաթերթը եւ օրէնքներու հաւաքածու-տեղեկագիրը։ Բազմաբովանդակ եւ հարուստ եղած է Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կուսակցական մամուլը։ Մեծ թիւով թերթ ունէր կառավարող կուսակցութիւնը՝ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ գաւառներուն մէջ։ Հայ Ժողովրդական կուսակցութիւնը ունէր իր թերթը, որ կը ներկայացնէր ազգային քաղքենիութեան իղձերը։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւս ունէին իրենց պարբերականները։
     Հայաստանի մէջ կը գործէին 11 տպարաններ։ Տպագրական գործը կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մէջ։ Սարքաւորումները հին էին։ Սուղ էր թուղթը։ Երկուքուկէս տարուան ընթացքին տպագրուած է 36 անուն գիրք։ Հայաստանի մէջ կը գործէին նաեւ հեռագրական գործակալութիւնը եւ ռատիոն։
     28 մայիս 1918էն ետք Հայաստանի գրական կեանքը կը գտնուէր կազմաւորման փուլի մէջ։ 1919 Յունուարին կը հիմնուի գրական-գեղարուեստական միութիւնը, որ կը կազմակերպէ քանի մը ձեռնարկներ։ 29 Սեպտեմբեր 1919ին տեղի կ’ունենայ Հայաստանի գրական ընկերութեան առաջին ընդհանուր ժողովը. ընկերութեան պատուոյ նախագահ կ’ընտրուի Ն. Աղբալեանը։ Գրական ընկերութեան առաջին երեկոներէն մէկը նուիրուած էր հայ բանաստեղծութեան նորագոյն տաղանդին՝ Եղիշէ Չարենցին։ Այս երեկոյին նախաձեռնողն էր Ն. Աղբալեան, որ իր խօսքին մէջ կ’ըսէր, թէ հայ գրականութեան երկնակամարին յայտնուած է նոր անուն մը՝ Եղիշէ Չարենց։ Ընկերութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ այլ դասախօսութիւններ, կը կատարէ հասարակական մեծ աշխատանք եւ կը հրատարակէ գիրքեր։ Հայ գրողները կը տեսնէին այն հոգատար վերաբերումը, որ կը ցուցաբերէր անկախ պետութիւնը գրականութեան նկատմամբ։
     Անկախութեան վերականգնումը նոր ուղի կը հարթէր նաեւ հայ արուեստի զարգացման համար։ 25 մայիս 1919ին Երեւանի մէջ բացումը կը կատարուի Թիֆլիսի հայ արուեստագէտներու միութեան պատկերասրահին։ Կը ցուցադրուէին հայ գեղարուեստի 350 գործեր, որոնց կարգին՝ Գ. Գիւրջեանի, Մ. Սարեանի, Եղ. Թադէոսեանի, Փ. Թերլեմեզեանի, Յ. Կոջոյեանի եւ այլոց գործերը։ 1919ի վերջաւորութեան Արշակ Ֆէթվաճեան Փարիզ կը գործուղուէր՝ հանրապետութեան նամականիշերը պատրաստելու համար։
     Հայ թատրոնը կը գտնուէր ծանր վիճակի մէջ։ Թատերական կեանքի կազմակերպման մէջ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ Յովհաննէս Զարիֆեանը։ Ան կը նախաձեռնէ թատերախումբի ստեղծման աշխատանքներու։ Սակայն չկար թատերասրահ։ Ներկայացումները տեղի կ’ունենային նոյնիսկ խորհրդարանին մէջ։ Զարիֆեանի խումբը հիւրախաղերով կը շրջագայի Հայաստանի գաւառներու մէջ՝ խանդավառելով մղձաւանջային վիճակի մէջ գտնուող ժողովուրդը։ Թատերական կեանքի զարգացման մէջ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ նաեւ հայ բեմի ականաւոր գործիչ Օվի Սեւումեանը։ 1919 դեկտեմբերին կը սկսին գործել թատերական դասընթացքները։ 1920ի ամռան Հայաստանի մէջ աշխուժացած էր թատերական կեանքը։ Կը կազմակերպուի հայ ժողովրդական թատրոն։ Մեծ երեւոյթ էին դրամատիկական խումբի հիւրախաղերը Հայաստանի մէջ 1920 յուլիս—օգոստոս ամիսներուն։
     1918–1919ի սկիզբը հայ երաժշտական արուեստը անկում կ’ապրէր։ Սակայն 1919ի ամռան եւ աշնան որոշ չափով կ’աշխուժանայ։ 1919ի Հոկտեմբերին Աղբալեանի կարգադրութեամբ Թիֆլիսէն Երեւան կը ժամանէ երգահան Սարգիս Բարխուդարեանը, որ խմբավարական դասընթացքներ կը կազմակերպէ։ Փաստօրէն, ասիկա պետութեան առաջին քայլն էր երաժշտական կրթութեան հիմնադրման համար։ Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ նոր երեւոյթ էր երաժշտանոցի հիմնումը (1920 Օգոս.—Սեպտ.), որով սկիզբ կը դրուէր մայր հայրենիքի մէջ երաժշտական արուեստի զարգացման։ Երաժշտանոցին մէջ պիտի դասախօսէին երգահաններ Ալեքսանդր Սպենդիարեանը, Ռոմանոս Մելիքեանը եւ ուրիշներ։
     Հայաստանի կառավարութիւնը 1919 մայիսէն սկսեալ մեծ քայլերու կը ձեռնարկէ քաղաքաշինութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Այս մարզին մէջ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ Ալեքսանդր Թամանեանը, որ բեղմնաւոր աշխատանք կը կատարէ ճարտարապետական եւ շինարարական տարբեր հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ Ան կ’աշխատէր Երեւանի գլխաւոր յատակագիծը կազմելու վրայ, սակայն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով այդ աշխատանքը վիճակուած չէր իրականութիւն դառնալու, բան մը, որ պիտի ըլլար խորհրդային տարիներուն։

* * *

Գուրգէն Վարդանեան իր Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918–1920) գիրքով մեծ պակաս մը կը գոցէ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութեան մէջ։
     Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթամշակութային կեանքի մասին շատ քիչ քննարկում եղած է 1920–2000 մեր պարբերական մամուլին կամ պատմագրական այլ հրատարակութիւններու մէջ։ Անցնող այդ ժամանակաշրջանին Սփիւռքի մէջ շատ աւելի գրականութիւն ունեցած ենք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներքին-քաղաքական, արտաքին-դիւանագիտական, ռազմական եւ տնտեսական կեանքին մասին, քան անոր կրթամշակութային կեանքին։
      Սիմոն Վրացեան իր Հայաստանի Հանրապետութիւն հատորին մէջ (բ. տիպ, 1958) կրթամշակութային կեանքի մասին պարզապէս կը հաղորդէ 31 յունուար 1920ին Ալեքսանդրապոլի մէջ Հայաստանի համալսարանի բացման մասին տեղեկութիւններ (էջ 361– 363), ուրիշ ոչինչ՝ այդ ընդարձակ հատորին մէջ։
     Ալեքսանդր Խատիսեանի Հայաստանի հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը գործին մէջ (բ. տիպ, 1968), միայն մէկ էջ տրամադրած է (138–139) Հայաստանի կրթամշակութային կեանքին։
     Ռուբէն Տէր Մինասեան Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները (Է. հատոր, բ. տիպ, 1979) գործին մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, լուսաւորութեան-կրթական նախարարութեան գործունէութիւնը ներկայացուցած է քանի մը էջի մէջ միայն (էջ 283–288)։
     Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը անգլերէնով ուսումնասիրած է չորս հատորներու մէջ եւ գրեթէ ակնարկութիւն չունի երկուքուկէս տարուան կրթական-մշակութային իրագործումներուն մասին։
     Սփիւռքահայ պարբերական մամուլը, իր կարգին, յարաբերաբար շատ քիչ տեղեկութիւն կը հաղորդէ մեզի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթամշակութային կեանքին մասին։
     Բագինը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան յիսնամեակին առթիւ լոյս ընծայած է բացառիկ համար մը (Է. տարի, թիւ 5–6, մայիս—յունիս 1968), սակայն որեւէ ակնարկութիւն չունի կրթամշակութային իրագործումներուն մասին։ Նոյնիսկ Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի մահուան առթիւ արտասանուած դամբանականներուն եւ հրատարակուած յօդուածներուն մէջ (Ազդակ Շաբաթօրեակ, 1947–22 եւ 29 օգոստոս, 5 եւ 12 սեպտեմբեր, 3, 7 եւ 24 հոկտեմբեր) որեւէ յիշատակում չկայ անոր կրթա-մշակութային գործունէութեան մասին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մէջ։ Նոյն վերաբերումը Ակօս պարբերականին կողմէ, որ բացառիկ համար մը (ԻԱ.-ԻԲ. գիրք, 1947) նուիրած է Նիկոլ Աղբալեանին։
     Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան (խորհրդային, 1920–1991) պատմագրութեան եւ բանասիրութեան մէջ, քաղաքական-գաղափարական նկատառումներէ մեկնած, ընդհանրապէս ներկայացուած են առաջին հանրապետութեան ժխտական կողմերը եւ անհրաժեշտ չափով չեն ուսումնասիրուած, ի շարս այլ բաներու, անոր կրթամշակութային իրագործումներն ու դրական անդրադարձերը։
     Հայաստանի վերանկախացումէն (1991) ետք, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան զանազան բնագաւառներու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ մենագրութիւններ լոյս սկսան տեսնել (պետական արխիւներու վրայ հիմնուելով), որոնք կ’արժեւորեն 1918– 1920 պատմական ժամանակաշրջանը։ Այս տրամադրութիւնը շատ աւելի լայն ծաւալ ստացաւ 2000 թուականէն ետք։ Այսպէս, 2002ին Գառնիկ Անանեան Երեւանի մէջ կը հրատարակէր մենագրութիւն մը Նիկոլ Աղբալեանի մասին (Նիկոլ Աղբալեան, նրա կեանքը եւ գրական-հրապարակախօսական գործունէութիւնը)։ 2003ին Երեւանի մէջ հրատարակուեցաւ Գառնիկ Անանեանի կողմէ խմբագրուած հատոր մը, որ կը պարփակէր Նիկոլ Աղբալեանի նամակներն ու պաշտօնական գրութիւնները։
     Անցնող շրջանին, յատկապէս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին, կազմակերպուեցան միջազգային գիտաժողովներ։ Այսպէս. Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան երկու միջազգային գիտաժողովներ. առաջինը՝ 25–26 Նոյեմբեր 2005ին, Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած, իսկ երկրորդը՝ 15–16 մայիս 2018ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթա-մշակութային կեանքին նուիրուած։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 21–23 մարտ 2018ին, Անթիլիասի մէջ կազմակերպեց գիտաժողով մը՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան զանազան բնագաւառները քննարկող։ 11–12 մայիս 2018ին Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ Հայաստանի առաջին անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ։
     Այս հրատարակութիւններն ու ձեռնարկները (նաեւ ուրիշներ) նոր լոյս կը սփռէին 1918–1920 ժամանակաշրջանի մեր պատմութեան մասին այլազան մարզերու մէջ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթամշակութային կեանքին։
     Վերոնշեալ չորս գիտաժողովներէն երեքին, ուրիշներու կարգին, իր մասնակցութիւնը բերած է Գուրգէն Վարդանեան, որ զեկուցած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթա-մշակութային կեանքի մասին՝ զանազան կողմերէ դիտուած։

* * *

Գուրգէն Վահրամի Վարդանեան պատմաբան եւ մշակութաբան է։ 1978ին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը, որուն ընթացքը աւարտած է 1983ին։
     1983–2006 ժամանակաշրջանին եղած է գիտաշխատող Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի մէջ։ 2006–2018 եղած է դասախօս Հայաստանի Ազգային Ագրարային համալսարանի հայոց պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան ամբիոնին մէջ։ Իսկ 2018 նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ այսօր կը դասախօսէ վերջին համալսարանի հասարակական գիտութիւններ ամբիոնին մէջ։ Իբրեւ գիտական գործունէութիւն, 2002- ին թեկնածու էր պատմական գիտութիւններու եւ 2010ին՝ դոցենտ։ Ցարդ հեղինակ է մէկ մենագրութեան եւ բազմաթիւ յօդուածներու։
     Իբրեւ պատմաբան եւ գիտաշխատող, Վարդանեան կարծէք իր ասպարէզը կապած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթամշակութային մարզի ուսումնասիրութեան։ Անոր մենագրութիւնն ու յօդուածները—կրթական, մանկավարժական, գրադարանային, պետական լեզուին, Նիկոլ Աղբալեանի նուիրուած—հիմնուած են պետական արխիւի եւ 1918–20 ժամանակահատուածին հրատարակուած պարբերական մամուլի նիւթերուն վրայ։
     Գուրգէն Վարդանեան 2003ին հրատարակած է գիրք մը՝ Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918–1920 թթ.) խորագրեալ (Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիա, «Գիտութիւն» հրատարակչատուն, 157 էջ)։ Ասիկա առաջին մենագրութիւնն է, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կրթական-մշակութային կեանքին։ Այս գործն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը լոյս ընծայած է մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Ի տարբերութիւն 2003ի հրատարակութեան, 2019ի հրատարակութեան աւելցուած են լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ կազմուած է անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ։
     Ինչպէս յայտնեցինք, Գուրգէն Վարդանեան Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918–1920) գիրքով մեծ լրացում մը կը կատարէ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Մեր իրականութեան մէջ լաւ ուսումնասիրուած է 1918էն առաջ եւ 19րդ կամ 18րդ դարու մշակութային կեանքը։ Շատ աւելի մանրամասն ուսումնասիրուած է խորհրդահայ մշակոյթը իր բոլոր բնագաւառներով։ Առանձին յօդուածներ կան (յատկապէս 1991էն ետք) Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դպրոցներու, համալսարանի, պարբերական մամուլի, գրականութեան եւ արուեստի մասին, սակայն ամբողջական մենագրութիւն մը չկար այդ մասին։ Գուրգէն Վարդանեանի գործը, որ հիմնուած է պետական արխիւի եւ 1918—1920 տարիներուն հրատարակուած մամուլի նիւթերուն վրայ, ցարդ միակ հրատարակութիւնն է. ատով ալ եւ այլապէս կը դառնայ արժէքաւոր։

ԾԹ. տարի, 2020 թիւ 1