ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՃՈՅՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը[1]Վեհանոյշ Թեքեան, Խօսող լերան պատմութիւնը, Միացեալ Նահանգներ, Վեհարթ հրատարակչատուն, 2015, 201 էջ։ Այսուհետեւ՝ … Continue reading ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր դէմքերու նուիրուած յօդուածները շարայարուած են ըստ յստակ ծրագրի։ Առաջին ու վերջին խոհագրութիւններն ալ տարբեր ձեւերով, թէեւ աւելի հրապարակագրական ոգիով (երբեմն՝ “J’accuse”ի մակարդակով), կը շօշափեն սփիւռքեան օրինավիճակի հիմնագոյն խնդիրներէն մէկը՝ արեւմտահայերէնի հարցը, զայն առնչելով թէ՛ այդ օրինավիճակի գրական արտայայտութեան եւ թէ՛ այդ գրական արտայայտութեան կաշկանդումին ու անտեսումին հետ՝ անոր իսկ ծնունդ տուող հանրութեան եւ զայն առաջնորդելու կոչումով ապրող հաստատութիւններու կողմէ։[2]Բերելով Յակոբ Օշականի, Կոստան Զարեանի եւ Զապէլ Եսայեանի անտեսման օրինակները, հեղինակը կը գրէ. «Պատմութիւնը … Continue reading Անոնց տեղադրումը նոյնպէս «ռազմավարական» նշանակութիւն ունի հեղինակային միեւնոյն ծրագրին մէջ:
     Արդարեւ, տարբեր ուսումնասիրութիւնները իրարու ագուցուած են սերունդներու հերթափոխութեան գաղափարով եւ, գոնէ մասնակիօրէն, հեղինակի նախասիրութիւններով կամ հետաքրքրութիւններով։ Նախ կու գան արեւմտահայ վերջին սերունդի սփիւռքեան նախահայրերը՝ Միսաք Մեծարենց, Վահան Թէքէեան, Դանիէլ Վարուժան, որոնց կողմնակի կերպով կը կապուի արեւելահայ Վահան Տէրեանը՝ Մեծարենցի հետ զուգակշիռի մը ճամբով։ Այնուհետեւ՝ այդ սերունդին «դասական» երկարաձգումը Սփիւռքի մէջ՝ յանձինս Մուշեղ Իշխանի եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի, եւ վերջապէս՝ ժամանակակից շրջանը, ուր կը տեսնենք ամերիկահայ գրականութեան 1960–1984 շրջանի ուսումնասիրութիւն մը, երկու արձակագիրներու՝ Յակոբ Կարապենցի ու Մովսէս Պչաքճեանի նուիրուած գլուխներ, եւ սփիւռքեան բանաստեղծութեան մեկնաբանութեան փորձ մը։
     Այստեղ կ՚արժէ վեր հանել տարբեր էջերու մէջ առաւել կամ նուազ ընդարձակութեամբ Սփիւռքի գրականութեան (բայց նաեւ սփիւռքեան իրավիճակի) հիմնական հարցին՝ օտարը դիմագրաւելու խնդրի մասին կատարուած դիպուկ նկատողութիւններ, որոնք թերեւս կրնային նիւթը դառնալ առանձին ուսումնասիրութեան մը։ Յատկապէս պէտք է նշել Թեքեանի ամերիկահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակի համապատկերային ներկայացումին այն դիտարկումը, թէ «վերջաւորութեան՝ հայ հեղինակը անպայմա՛ն, թերեւս ենթագիտակցաբար, կը մեռցնէ օտարը…։ Ուրեմն օտարը կ՚ընդունուի ու կը հեռացուի միաժամանակ, երբ կեանքը զայն մեզի կը կապէ ամէն օր» (էջ 130)։
     Եթէ ընթերցողը այս գիրքին մէջ խորասուզուի՝ այսպէս ըսած գիտական ուսումնասիրութեան մը ակադեմական բարիքները քաղելու յոյսով, բնականաբար սխալ ճանապարհէ մը ընթացած պիտի ըլ լայ։ Պէտք է ընդգծել, որ Վեհանոյշ
Թեքեան, որ լայնօրէն կը տիրապետէ իր շօշափած հեղինակներուն ու նիւթերուն եւ նաեւ՝ անկասկած, օտար գրականութիւններու ընթերցումէն բխած բաղդատական կարելիութիւններու, «գրականագէտ» չէ՝ բառի ա՛յն իմաստով, որ սովորաբար կը կցուի գրականութեան ակադեմականներու, եւ անշուշտ, վերջիններուս կողմէ ընկալուող պիտակով, այնպէս ինչպէս մօտ երկու տասնամեակ առաջ սպանացի փիլիսոփայ Խոսէ Օրթեկա ի Կասէթի եւ ֆրանսացի քննադատ Ռոլան Պարթի գործերը ընկալուած են՝ անոնց արեւելահայերէն թարգմանութիւններուն առիթով. «Նկատեմ, որ վերոյիշեալ հեղինակների գրքերը էսսէներ են եւ ի հարկէ չեն կարող յաւակնել հարցադրումների ակադեմիական գրուածքի եւ հանդուրժում են երեւոյթների քննարկման սուբյեկտիւ, ինչ-որ տեղ հետաքրքիր ու գրաւիչ՝ որպէս անհատական ճաշակի արտայայտութեան, սակայն կասկածելի՝ օբյեկտիւ-գիտական գնահատման տեսակէտից»։[3]Սերգէյ Սարինեան, «Անդրադարձ-1 հայոց նոր գրականութեան վերագնահատման հարցին», Գրական թերթ, 2 Յունիս 2000, էջ 6։ Բայց կը կարծենք, որ տարբեր գրողներու աշխարհին մէջ Վեհանոյշ Թեքեանի թափանցումները ո՛չ միայն քիչ կամ չնկատուած ճանապարհներ ցոյց կու տան կարգ մը պարագաներու, այլեւ՝ հիւթեղ լեզուով անոնց բանաձեւումները ընթերցողին կը պարգեւեն գեղագիտական այն հաճոյքը, որ զինք պիտի մղէ այցելելու կամ վերստին այցելելու տուեալ անունի մը գործը. «Եւ եթէ Լեզուն մեր գիտակցութիւնն է, ուրեմն գրականագիտութիւնը այն արուեստն է որմով կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ գիտակցութեան ենթախորքը» (էջ xii)։
     Շատ դիւրին է գրագէտի մը՝ ուրիշ գրագէտի մը նուիրուած ակնարկը կամ ուսումնասիրութիւնը դիլետանտիզմ նկատել եւ անոր դերը լրիւ անտեսել՝ բոլոր «իզմ»երէն առաջ ու անոնց զուգահեռ, գրականութեան խորհուրդը (չարչրկուած բառերու ցուցակի մը թեկնածուներէն մէկը, կ՚ընդունինք) ընթերցողին բացայայտելու գործին մէջ։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է գրական գործի մը ծալքերուն թափանցելու որեւէ փորձ, եթէ ոչ սեփական ընկալումով լուսամուտ մը բանալ ընթերցողին՝ այդ գործը աւելի եւս ըմբռնելու ուղղութեամբ։ «Փիլիսոփայական չորս մեծ տարածքներ՝ էքզիստենցիալիզմ, մարքսիզմ, հոգեվերլուծութիւն, կառուցուածքաբանութիւն» ընդունողներն անգամ «քննադատութեան հումանիտար մեթոդներ»ը[4]Անդ։ պարտադրաբար պիտի կիրարկէին ենթակայական ընկալումով։ Այլապէս, այն ակադեմականը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին գրած էր, թէ «քննադատութիւնը գիտական է դառնում մարքսիստական սոցիոլոգիայի եւ փիլիսոփայութեան հիմքի վրայ, որը բանալի է տալիս բացատրելու գրական երեւոյթների, ուղղութիւնների, ոճերի ծագման ու զարգացման օբյեկտիւ պատմական օրինաչափութիւնները»,[5]Սերգէյ Սարինեան, «Ներածութիւն», տե՛ս Հայ քննադատութեան պատմութիւն, հատոր Ա., Երեւան, 1985, էջ 8։ իսկ անկախութեան առաջին տարիներուն կը համարէր, թէ «չի կարելի նրանց նեղմիտ ձեւով մարքսիստ գրականագէտներ համարել եւ արժեզրկել նրանց գործը», պատճառաբանելով, որ հայրենի գրականագէտները՝ Մարքս, Էնգելս եւ Ստալին կարդալու կողքին, նաեւ կարդացած էին դասական եւ արտասահմանեան գրականագիտութիւն,[6]«Գրականութեան ճակատագրով մտահոգուած. ասուլիս ԳԱ գրականութեան ինստիտուտում», Նպատակ, Մարտ 1994, էջ 2։ ի՞նչ հիմքերու վրայ պիտի գար պնդելու՝ հազիւ հնգամեակ մը ետք, որ «ազգային չափանիշ հասկացութիւնը տեղային-ներփակ մակարդակ չէ, այլ գեղագիտական ու պատմական կատեգորիա, որ համարժէք մեծութիւն է, այսպէս կոչուած, համաշխարհային չափանիշի հանդէպ»,[7]Սերգէյ Սարինեան, «Անդրադարձ-2 հայոց նոր գրականութեան վերագնահատման հարցին», Գրական թերթ, 9 Յունիս 2000, էջ 5։ եթէ ոչ ենթակայական մօտեցման։
     Երբեմն Վեհանոյշ Թեքեանի յօդուածները ծնունդ առած են յոբելեաններէ (Վարուժան, Տէրեան, Մեծարենց), երբեմն՝ այս կամ այն գրագէտին նուիրուած ժողովածուներէ (Թէքէեան), երբեմն ալ՝ ժամանակակից հեղինակներու նոր լոյս տեսած գործերէ (Կարապենց, Պչաքճեան)։ Բայց, առհասարակ, նոյնիսկ երբ տուեալ գրութիւն մը որոշ պարագայի մը կրնայ ծնունդ առած ըլ լալ, պարագայականութենէ չի տառապիր։ Հեղինակը իր լեզուական շնորհքն ու գրական հոտառութիւնը գիտէ բանեցնել՝ բոլոր իր փորձագրութիւններուն մէջ ըսելիք մը յառաջ բերելու, ուր թարմ ու խորհրդածութեան առիթ տուող տարրեր անպակաս են։
     Մնացեալը՝ արդէն, խօսող լերան պատմութեան ծանօթանալու հարց է։

ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 3-4

References
1 Վեհանոյշ Թեքեան, Խօսող լերան պատմութիւնը, Միացեալ Նահանգներ, Վեհարթ հրատարակչատուն, 2015, 201 էջ։ Այսուհետեւ՝ բոլոր մէջբերումները պիտի յղուին այս հատորի էջերուն։
2 Բերելով Յակոբ Օշականի, Կոստան Զարեանի եւ Զապէլ Եսայեանի անտեսման օրինակները, հեղինակը կը գրէ. «Պատմութիւնը կը փորձէ սորվեցնել մեզի թէ մենք չունինք մեծերու փաղանգ մը, որ անոնցմէ մէկ երկուքին կորուստը աղէտալի հետեւանքներ չունենայ մեր վրայ, մենք իրաւունք չունինք կոխկռտելու մեր լուսասփիւռ գրողները, անոնք շա՜տ հազուադէպօրէն կը ծնին» (էջ 190)։
3 Սերգէյ Սարինեան, «Անդրադարձ-1 հայոց նոր գրականութեան վերագնահատման հարցին», Գրական թերթ, 2 Յունիս 2000, էջ 6։
4 Անդ։
5 Սերգէյ Սարինեան, «Ներածութիւն», տե՛ս Հայ քննադատութեան պատմութիւն, հատոր Ա., Երեւան, 1985, էջ 8։
6 «Գրականութեան ճակատագրով մտահոգուած. ասուլիս ԳԱ գրականութեան ինստիտուտում», Նպատակ, Մարտ 1994, էջ 2։
7 Սերգէյ Սարինեան, «Անդրադարձ-2 հայոց նոր գրականութեան վերագնահատման հարցին», Գրական թերթ, 9 Յունիս 2000, էջ 5։