Կարօ Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան

Ի ԽՆԴԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

(Երկու բառարաններու առթիւ)

    2013 եւ 2014 տարեշրջաններուն Հայաստանի մէջ յաջորդաբար լոյս տեսան նմանօրինակ երկու բառարաններ։ Առաջինը Հրաչուհի Փալանդուզեանի Գործնական բառացանկօտարամուտ բառերի հայերէն համարժէքներն է, որ հրատարակուած է «ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով», Երեւան, էդիթ Պրինտ տպարանէն, 2013։ Երկրորդին հեղինակն է Աւետիք Աւետիսեան, որ 2014-ին լոյս ընծայեց Հայյերէ նում գործածուող օտար բառերի բառարան խորագրեալ, Երեւան, Ան տարես հրատարակչատուն։
    Հրաչուհի Փալանդուզեանի բառարանը (ինք պիտի կոչէր բառացանկ) կը բաղկանայ 140 էջէ եւ կ՚ընդգրկէ 4100 օտար բառ եւ յապաւում, անոնց թարգմանութիւնը, բացատրութիւնը եւ հայերէն տարադարձումը։ Իսկ Աւետիսեանի բառարանը՝ 344 էջ եւ 3400 բառ, որոնք մեր լեզուին անցած են զանազան լեզուներէ։
    Կարգ մը տարբերութիւններ կան երկու բառարաններուն միջեւ։ Փալանդուզեան կու տայ օտար բառին ուղղակի թարգմանութիւնը, երբեմն քանի մը հոմանիշներով. բառարանը «գիտական աշխատանք չէ»,[1]Հրաչուհի Փալանղուզեան, Գործնական բառացանկ օտարամուտ բառերի հայերէն համարժէքներ, Երեւան, էտիթ Պրինտ տպարան, … Continue reading գործնական է։ Իսկ Աւետիսեան աւելի բացատրողական է, կու տայ օտար բառին ծագումը, բառին բացատրութիւնը կամ կը թարգմանէ հայերէնի, երբեմն կարգ մը հոմանիշներով։
    Եթէ միացնելու ըլլանք երկու բառարաններուն բառերը, հաւանաբար կ՚ունենանք 4500-5000 օտար բառ, որոնք ներխուժած են հայերէնի մէջ ՝ կարծէք բերդը ներսէն գրաւելու մտադրութեամբ։
    Բառարանները կազմողներուն նպատակը նոյնն է. տալ օտար բառերուն համարժէք հայերէնները եւ ձերբազատիլ օտարամուտ բառերու գործածութենէն։ Երկու հեղինակներն ալ իրենց բառարանները կազմած են վերջին շրջանին – Հայաստանի վերանկախացման տարիներուն – առօրեայ կեանքին, պարբերական մամուլին, պատկերասփիւռին, գեղարուեստական գրականութեան, գիտական հրատարակութիւններու մէջ գործածուած բառերէն։[2]Նոյն տեղ, էջ 3։ Նաեւ՝ Աւետիք Աւետիսեան, Հայերէնում գործածուող օտար բառերի բառարան, Երեւան, Անտարես … Continue reading
    Երկու բառարանները կազմուած են հրամայական պահանջէ մր մեկնելով, այսինքն՝ ձերբազատիլ օտար բառերու գործածութենէն այնքան ատեն որ անոնց համապատասխան կամ համարժէք հայերէն բառերը գոյութիւն ունին։
     Բառարանը կազմողներուն նպատակր եղած է նաեւ հայ խմբագիրներուն, լրագրողներուն, թարգմանիչներուն եւ բանաւոր խօսքի մէջ աշխատողներուն օգնել, որ առանց աւելորդ չարչարանքի եւ ժամավաճառութեան, գործածեն համապատասխան հայերէն բառեր։ Ասոնք օգտակար եւ գործնապաշտ աշխատանքներ են։ Հետեւաբար, երկու բառարաններն ալ յանձնարարելի են հայ բոլոր խմբագիրներուն – Հայաստան եւ Սփիւռք – լրագրողներուն, ուսուցիչներուն, հրապարակագիրներուն, հրապարակախօսներուն, աշակերտներուն եւ, ինչու չէ, «ընթերցողներու լայն շրջանակներին»։[3]Աւետիսեան, նոյն տեղ, էջ 2։ Այս բառարանները գրեթէ լիովին բաւարարութիւն կու տան բոլորի՛ն ալ։
     Կրնայ առարկուիլ, որ կարգ մը բառերու հայացումները կամ թարգմանութիւնները լաւ չեն կատարուած։ Ասիկա արդարացի առարկութիւն կամ քննադատութիւն է։ «Սակայն չմոռանանք, որ բառերը գործածելով են ամրանում ու արժէք դառնում»։[4]Փալանդուզեան, անդ, էջ 4։ Կար ժամանակ – արեւմտեան կողմն աշխարհի – երբ հրապարակ նետուեցաւ «արեւելում» բառը իբրեւ հայացումը orientation բառին, որուն համար կը գործածուէր – ոմանք մինչեւ հիմա կը գործածեն – «օրիենտացիա» բառը։ Այդ օրերուն «արեւելում» բառը լաւ չհնչեց ոմանց ականջներուն, եւ բառը քննադատուեցաւ իբրեւ տկար հայացում։ ժամանակի սահումին հետ սակայն, «արեւելում» բառը սկսաւ ընտելանալ, որովհետեւ շատ գործածուեցաւ եւ ընդունելի դարձաւ։
     Նոյնն է պարագան «գնաճ» կամ «սղաճ» բառերուն, որոնք հայացումն են monetary inflation կամ «ինֆլեացիա» բառին։ Եթէ այս վերջինին սահմանումը առնենք, ճիշդ է, որ բառին հարիւր առ հարիւր իմաստը չեն տար «գնաճ» եւ «սղաճ» բառերը, սակայն մեծաւ մասամբ նոյն նշանակութիւնը ունին։ Բոլոր պարագաներուն աւելի նախընտրելի են «ինֆլեացիա» բառէն։ Նոր բառը գործածութեան մէջ դրուելով է, որ կրնայ բարեփոխուիլ եւ ընդունելի դառնալ։ Եթէ մէկը առարկութիւն ունենայ որեւէ հայացած բառի նկատմամբ, կրնայ տարբեր բառ մը առաջարկել։ Այդպէսով, լեզուն կր հարստանայ նոր բառամթերքով։ Ստեփանոս Մալխասեանց կը հաստատէ. «Լեզուն մտքի արտայայտիչն է բառերի միջոցով՝ ուստի հայերէն լեզուի բառագանձի միատեղ հաւաքումը բովանդակում է այն բոլոր մտքերը, գաղափարները, գործողութիւնները, առարկաները, որոնցմով ապրել է հայ մարդը կամ որոնք մատչելի են եղել նրան աւելի քան 1500-ամեայ ժամանակաշրջանում, ուրեմն տալիս են ընդհանուր գաղափար նրա կուլտուրական, տնտեսական, բարոյական եւ այլ զարգացման»։[5]Ստեփանոս Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, հատոր առաջին, Ա-Ե, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, … Continue reading
    Օտար բառերու հայերէն համարժէք բառեր տալու հարցը տարակարծութեան եւ վէճի դուռ բացած է անցեալին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ, յատկապէս անցեալ դարուն։ Սիքայէլ Վարանդեան իր Հոսանքներ հատորի նախաբանին մէջ երկար բացատրութիւն տուած է այս հարցին մասին։[6]Սիքայէլ Վարանդեան, Հոսանքներ, հրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, ժընեւ, 1910, XX-XXXVI: Ըստ իրեն, այս հարցին մէջ հայութիւնը կը գտնուի երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ։ Արեւելահայերը աւելի հակամէտ են օտար բառեր ներմուծելու մեր լեզուին մէջ, իսկ արեւմտահայերը կ՚ուզեն օտար բառերը եւ եզրերը հայացնել։ Վարանդեան կը հաստատէ, որ հայոց լեզուն, իր ամբողջ հարստութեամբ ու ճկունութեամբ հանդերձ, «անբաւարար է՝ մի շարք գիտական ու փիլիսոփայական գաղափարներ, ինչպէս եւ նոր երեւոյթներ արտայայտելու, թարգմանելու համար»։[7]Նոյն տեղ , էջ XXXV։ Առ այդ, Վարանդեան կ’առաջարկէ միջին եզր մը գտնել օտարամուտ բառերու նկատմամբ։ Այսպէս, պէտք է մտցնել մեր լեզուին մէջ օտար բառեր, երբ չենք գտներ անոնց համարժէք հայերէն բառերը։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան մէկ մասը պէտք է հրաժարի իր intransigent հայամոլութեան ու splendid isolation-ի դաւանանքէն եւ հաշտուի օտար բառերու ներմուծման գաղափարին հետ։ Միւս կողմէ, արեւելահայ գրողներու մէկ մասը պէտք է հրաժարի կարգ մը օտարամոլ ծայրայեղութիւններէ եւ հայոց լեզուն ազատէ օտար բառերու աւելորդ ու խուսափելի կուտակումներէն։[8]Նոյն տեղ։
    Օտարամուտ բառերու նկատմամբ արեւելահայ-արեւմտահայ անցեալ տարակարծութիւնը սուր կերպով չի ներկայանար մեզի այսօր։ Սակայն օտարամուտ բառերու հարցը կը շարունակէ հրատապ հարց մնալ։
    Արդեօք կարելի՞ է իւրաքանչիւր օտար բառի համապատասխան բառը գտնել հայերէնի մէջ։ Հաւանաբար։ Ի՞նչ կը պատահի եթէ չգտնենք։ Այս հարցումը ուղղած է արձակագիր Վարդգէս Պետրոսեան 35 տարի առաջ։ Ան կը գրէ. «Ունե՞նք անհրաժեշտ բառեր համապատասխան հասկացութիւններն արտայայտելու համար։ Չունենք։ […] Հասկացութիւնը, երեւոյթը կենցաղ մտնելուց կամ գոնէ նրա հետ պէտք է ստեղծենք այն անուանող բառը. այլապէս եթէ ժողովուրդը սկսում է գործածել ոչ հայերէն բառը, վարժւում է դրան. ապա նոր, հայերէն բառը նրան սովորեցնելը, ետ վարժեցնելը դժուար է. երբեմն «անհնար»։[9]Վարդգէս Պետրոսեան, «Գրական թերթ», 19 Նոյեմբեր 1982։ 

 

* * *

 

    Կրնայ առարկուիլ, որ օտարաբանութիւնները նորութիւն չեն մեր կեանքին մէջ. անոնք գոյութիւն ունէին ցարական եւ յատկապէս խորհրդային վարչակարգի օրերուն։ Արդարեւ, այդ ատեն, օտարամուտ բառերը կը փոխադրուէին գլխաւորաբար ռուսերէնէն, որ, իր կարգին, կ՚առնէր եւրոպական լեզուներէն։ Այո՛, այն ատեն ալ մտահոգիչ հարց էր ասիկա հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ մտաւորականներու համար, որոնք զանազան ձեւերով իրենց բողոքը կը ներկայացնէին այս հարցին բարւոք լուծում տալու նպատակով։ Այդ օրերուն, եթէ հարցը կը մնար հարց, կը պատճառաբանուէր, որ Հայաստանը անկախ չէ, ազատ չէ եւ ամէն բան կախեալ է Մոսկուայէն։ Հիմա՞…
    Փալանդուզեան կը յայտնէ, թէ մեր լեզուին վրայ կը շարունակէ տիրապետող մնալ ռուսերէնի ազդեցութիւնը։ Այնուամենայնիւ, «արագօրէն իրենց տարածքն են նուաճում նաեւ անգլերէնը, ֆրանսերէնն ու իսպաներէնը»։[10]Փալանդուզեան, անդ, էջ 3։ Այսօր ի՞նչ պատճառաբանութիւն պիտի գտնենք արդարացնելու այս բոլորը։ Չէ՞ որ այլեւս ազատութիւն եւ անկախութիւն ունինք։ Չէ՞ որ խորհրդային արգելքները չկան այլեւս։ Համաշխարհայնացո՞ւմը, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ազդեցութի՞ւնը։
    Վերջին ժամանակներուն լեզուական հարցերու մէջ շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը, որ լեզուն հայրենիք է. այսինքն, հայ լեզուն Հայաստան է։ Ինչպէ՞ս կարելի է հայերէնը, տառ եւ բառ, հայրենիք նկատել, երբ շուրջ հինգ հազար օտար բառ, այդ ալ միայն վերանկախացման տարիներուն, ներմուծուած են մեր լեզուին մէջ։
     Ինչ որ կը նշանակէ, թէ՝ մերօրեայ պայմաններուն տակ, օտար բառերու յարաճուն եւ անհամեմատ գործածութիւնը աւեչի քան մտահոգիչ եւ հրատապ հարց է, որ կը տանի ապահովաբար մշակութային ձուլումի։ Եւ ճիշդ ատոր համար է, որ՝
     հայերէնը աչքի լոյսի պէս պէտք է պահպանենք եւ անխաթար փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն [11]Նոյն տեղ։։

 

* * *

     Եթէ ազգ-պետութիւն ենք – եւ ե՛նք – այն ատեն մեր կրթական, մշակութային եւ գիտական մարզերուն մէջ պէտք է մշակենք որոշ օրէնքներու վրայ հիմնաւորուած լեզու մը, որ յաջողի մէկ կողմէ քայլ պահել ժամանակի նորութիւններուն – առանց ստրուկը դառնալու ատոնց – եւ միւս կողմէ չոտնակոխէ ազգային արժէքները։
     Այս է թելադրանքը ազգային գաղափարախօսութեան։

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 3

ԿԲ. Տարի, 2023 թիւ 1

References
1 Հրաչուհի Փալանղուզեան, Գործնական բառացանկ օտարամուտ բառերի հայերէն համարժէքներ, Երեւան, էտիթ Պրինտ տպարան, 2013, էջ 5։
2 Նոյն տեղ, էջ 3։ Նաեւ՝ Աւետիք Աւետիսեան, Հայերէնում գործածուող օտար բառերի բառարան, Երեւան, Անտարես հրատարակչատուն, 2014, էջ 3
3 Աւետիսեան, նոյն տեղ, էջ 2։
4 Փալանդուզեան, անդ, էջ 4։
5 Ստեփանոս Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, հատոր առաջին, Ա-Ե, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, հրատարակութիւն Սեւան մատենաշարին, թիւ 2, տպարան Սեւան, 1955, էջ [Գ]
6 Սիքայէլ Վարանդեան, Հոսանքներ, հրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, ժընեւ, 1910, XX-XXXVI:
7 Նոյն տեղ , էջ XXXV։
8, 11 Նոյն տեղ։
9 Վարդգէս Պետրոսեան, «Գրական թերթ», 19 Նոյեմբեր 1982։
10 Փալանդուզեան, անդ, էջ 3։