Սարգիս Կիրակոսեան

ԱՔՈՒԱՄԱՐԻՆԱ 

Կու գաս դժուար՝ ինչպէս նշոյլը յոյսի։

Ով իմ ցնորք ապօրինի, գիտեմ… կու գաս
խշրտալէն ժամերու զսպանակին մէջ սառած 
եւ քեզի հետ, ընծաներու մահաբեր նաւեր, 
նաւե՜ր ատելութեան, նողկանքի։ 

Խաւար անհուն։ Մահուան բոցեր վհուկակերպ։ Ապականած
աւազներուն երազաբաշխ բռնաբարուած հորիզոն, ուր կը շնչես դուն
անշունչ դիակներու հեղուկացող, լաւայացող զառանցանքներ։ Ապրի՞լ…
ինչո՛ւ…կեանքը յամառ է հիմա եւ դուն միակ, վերջի՛ն պայմանն ես
կեանքին։

Պէտք Է ապրիլ։
Պէտք է ծնիլ գեհենին մէջ այս օտար՝ 
օտարութիւնը կեանքի, օտարութիւնը մահուան 
եւ նողկալի այլանդակումն արիւնի… 

Ծո՜վ, անցեալի դիւցազնաշունչ սիրուհի, 
երազներու, տեսիլներու կապոյտ շուշան, 
անէութեան ու մեր մահուան միջեւ ծագող ընդարձակուող
բուրումներու անմար մատեան, վարդագոյն չես, 
եւ նաեւ չեմ ես վարդերու ծովը կեանքի,
իսկ դիցուհիդ սեւազգեստ՝ 
                                 զինեալներու խրամներուն մէջ բոզացած, 
                                 — գեղեցկօրէն գեղեցկացա՛ծ աւերակ – 
մահիճներուն գարշաբոյր մանուկ դեւեր կը ծնի …  

Լոյսե՜ր, լոյսե՜ր, յոգնած լոյսեր, 
մեր օրերուն հետ սպառած ջուրերն ի վար 
սուզուող, թաղուող երազներու յոգնած խօսքեր:
Լոյսեր, նաւեր, լոյսեր, նաւեր, մահուա՜ն գիրքեր,
հիմա պղտոր, խուլ, հաշմանդամ, կոյր ու անկեանք ձեր շողերուն 
ձեր շողերուն մէջ կր ծնիմ կեանքի, լոյսի շարականներ… 
ու տակաւին՝
                       իմ իսկ մութէն,
                       իմ էութեան, մեր մթութեան խորխորատէն 
                       քարափն ի դէմ, նաւերն ի դէմ՝ 
նիզակներու պէս խոյացող ըմբոստութեան փոթորիկներ…

(Թիւ 4, 1977)

Your email address will not be published. Required fields are marked *