Գէորգ Աբէլեան

ՊԷՅՐՈՒԹ (Հատուած)

90ի ձմեռ օրով, շատ կարեւոր գործի մը համար, հարկ էր Պէյրութ իջնել, այն ալ գիշերով: 
    Պէյրութ իջնելը, այն օրերուն, դիւրին գործ չէր: Ընկերոջ մը հետ, ընկերակցութեամբը Լեռնալիբանանէն պատասխանատուի մը, կ՚իջնէինք Պէյրութ՝ լեռնային շատ դժուարին ճամբէ մը: Հետաքրքիր էի. պատերազմին պատճառով կեանք առած էր այդ ճամբան, որ իր օձապտոյտ ընթացքով բնաւ հանգստաւէտ չէր: Մինչ կ՚անցնէինք Պայսուր անուն գիւղին ծայրէն, մեր ընկերակիցը դիտել տուաւ, որ դիմացէն, Սուք էլ Ղարպէն, ղաննասի վախ կար: Մտահոգիչ բան էր թերեւս, բայց եւ այնպէս կարելի չէր ետ դառնալ, ընդհակառակն՝ պէտք էր աճապարել: Շարունակեցինք ճամբան: Քիչ ետք, ահաւասիկ մեր առջեւ կը փռուէր ինքը՝ Պէյրութ քաղաքը, Միջերկրականի երբեմնի թագուհին…: Հոն, վարը, օդակայանն էր, ուր կը տիրէր մեռելային լռութիւն ու խաւար: Իսկ ինք, Պէյրութ քաղաքը, իրիկնային աղջամուղջին մէջ, հազիւ թէ կ՚ուրուագծուէր: Հատ ու կենտ լոյսեր հոս ու հոն: Որքա՜ն խեղճացած էր չքնաղ քաղաքը: Աստուա՜ծ իմ, կը նմանէր սատկած վիշապի մը: Ո՛չ, սա իմ ճանչցած Պէյրութը չէր… 
    Այդ պահուն չէի գիտեր, թէ ի՞նչ կը մտածէին ընկերակիցներս. սակայն ես մտովի ետ գացած էի. 45 տարիներ առաջ, իբրեւ մանուկ մը, առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած էի Պէյրութին, բայց տարբեր տեղէ մը, տարբեր պայմաններու մէջ: Հանդիպած էի անոր ու անդառնալիօրէն սիրահարուած… 
    1946ին, ծնողներուս հետ, դիմաւորուած էի Պէյրութի մէջ: Նոր տարիէն քանի մը օր առաջ եկած էինք հոն, մեր ազգականներուն մօտ: Պասին մէջ, որ փոխադրած էր մեզ, մայրս արթնցուցած էր զիս եւ գոչած. 
    – Ե՛լ, տղաս, տես, Պէյրութն է, հասանք: 
    Դժկամութեամբ արթնցած էի. ի՜նչ Պէյրութ, լոյսերու ծով: Լոյսե՜ր, լոյսե՛ր, զորս անկարելի էր հաշուել: Նաեւ ծովեզերեայ լոյսեր, որոնք կը տատանէին նաւերուն ու ալիքներուն հետ: Այդ ի՜նչ հրաշք էր: Կախարդական բան մըն էր այդ՝ եւ ես կախարդուած էի, հմայուած: 
    Հիմա, ուղիղ 45 տարի ետք, Մամըլթէյնէն առաջին անգամ տեսած Պէյրութս կը փնտռէի, կ՚ողբայի…: Կարելի՞ բան էր լոյսերու այդ ծովը այդպէս ցամքեցնել… Հատ ու կենտ լոյսեր աւելի չարագուշակ երեւոյթ մը կը պարզէին: Ողբալի էր իմ Պէյրութս… 

 

* * *

 

Իբրեւ մանուկ, Պէյրութը ինծի համար եղած էր եռանկիւն մը: Օթէլ Լիւքս, Աբրահամենց Ճրճիին ֆապրիքան եւ Փաշային խանութը: Մեր գիւղին մէջ, մարդիկ միշտ կը խօսէին Պէյրութի մասին, բայց խօսակցութիւնները կը դառնային այդ եռանկիւնին շուրջ: Օթէլ Լիւքսին մէջ կ՚աշխատէին քանի մը երիտասարդներ. Աբրահամենց Ճրճիին ֆապրիքին մէջ, դարձեալ, կ՚աշխատէին համագիւղացի երիտասարդներ, իսկ Փաշային խանութը՝ Փաշային խանութն էր: Սա մեր ազգականն էր. գէր մարդ մը, որ միայն մէկ հատիկ աղջիկ ունէր. ամէն ամառ գիւղ կու գար: Իր տունը կից էր մեր տան: Մայիսին իսկ, իր մշակները իր տունէն այլ տուն կը փոխադրուէին, կը մաքրէին տունը ու կը սպասէին Փաշային: Սա իրեն հետ կ՚ունենար նաեւ իր աներձագին ընտանիքը, որ աւելի բազմամարդ էր: Եւ մեր տան փակած տունին մէջ կեանք կը լեցուէր: Ամբողջ ամառը գրեթէ թռչուն որսալով կ՚անցընէր Փաշան: Թէ զէնքով եւ թէ տէխպով թռչուն կ՚որսար: Իրեն հետ որսի կ՚ելլէին գիւղին երիտասարդները…: Եւ բոլորն ալ բերանաբաց զինք մտիկ կ՚ընէին, երբ կը խօսէր Պէյրութի մասին: Շատ բան կը պատմէր, բայց ինծի համար ըմբռնելի Պէյրութը կը մնար Օթէլ Լիւքսը, Աբրահամենց Ճրճիին ֆապրիքը եւ Փաշային խանութի եռանկիւնը…    
    Ամէն անգամ, որ մէկը որոշէր Պէյրութ երթալ, ամբողջ գիւղը ոտքի կ՚ելլէր: Ճամբորդութենէն մէկ ամիս առաջ իսկ, բոլորը լուր կ՚ունենային: Պատրաստութիւնը կանուխէն կը սկսէր: Գալատուրանի ծխախոտ, ձէթ, ռուպ, չամիչ, չոր թուզ, ընկոյզ եւ բեւեկ անպայմանօրէն կը տարուէին Պէյրութ ապրող հարազատներու: Ատկէ զատ, համեմով–պանիրով հաց, ձէթով բոկեղ, բոված սիսեռ, ղաուրմա եւ հաւկիթ չտանիլ չէր ըլլար: Իւրաքանչիւր ճամբորդ, երբեմն տասնեակ մը կողովներ, մէկ–երկու քուրձ կ՚ունենար հետը: Յաճախ այդ կողովներուն մէկ մասը կ՚ըլլար դրացիներուն: Յատկապէս հաւկիթը, տունի թարմ հաւկիթ, քանի մը ընտանիքներու կողմէ կը լեցուէր զամբիւղի մը մէջ: Նախ քիչ մը յարդ, ապա շարք մը հաւկիթ, դարձեալ հաւկիթ, եւ այսպէս՝ մինչեւ որ լեցուէր մեծկակ զամբիւղը: Կողովին մէջ կը գծուէին սահմանագիծերը. չորս շարք Մեսրոպին, երեք շարք՝ «Մեր Յովհաննէս»ին, երեք շարք՝ Դանիէլին, երկու շարք՝ Խաչոյին: Սահմանները կը ճշդուէին թուղթի կտորներով: 

    Վերջին գիշերը կը տապկուէր անխուսափելի քէօֆթէն: Իսկ առաւօտուն մեծկակ կտոր մը կարագ, տերեւներով եւ թուղթերով փաթթուած, կը տեղաւորուէր տեղ մը: 
    Ամէն մարդ երանի կը կարդար Պէյրութ գացողին։
    Վերադարձին՝ անոնք կը փութային բարի գալուստի եւ կը հիւրասիրուէին Պէյրութի շաքարով: Շատ մօտիկները՝ պանանով կամ նարինջով: Պանանն ու նարինջը մեր գիւղը կը մտնէին Պէյրութէն եկողներուն միջոցաւ… 
    Իւրաքանչիւր մեկնող եւ վերադարձող նաեւ կը վարէր նամակաբաշխի պաշտօն: Ծնողներ կը գրէին իրենց պանդխտած տղոց, յայտնելու համար կարօտ, սէր, նաեւ խնդրելու դրամական օժանդակութիւն: Երիտասարդներ կը գրէին իրենց ունեցած կարօտին, դժուարութեանց եւ սիրոյն մասին: Կ՚երազէին Քեսապ վերադառնալ, թռչուն որսալ, լեռները բարձրանալ… 
    Ասոնք, եթէ գային, շուտով կը ձանձրանային եւ կը վերադառնային Պէյրութ…

 

* * *

 

– Պատերազմը վերջացաւ, կնի՛կ, մենք ալ երթանք Պէյրութ. թող տղեկնիս տեսնէ սա Պէյրութը: Դուն ալ տես: Է՜հ, ես հոն կեանք անցուցած եմ, կեա՜նք:    
    Հայրս էր: կ՚ուզէր կնոջ եւ զաւկին ցոյց տալ Պէյրութը: Հոն ունէինք մեր նշանաւոր Գարուն նէնէրը: Ասոր կրտսեր զաւակը կ՚աշխատէր Ճրճիին ֆապրիքը, իսկ փեսան՝ Օթէլ Լիւքսի նշանաւոր Յովհաննէսն էր: 
    Պատերազմը Համաշխարհային Բ. պատերազմն էր: Ես երազի պէս կը յիշեմ անգլիացի զինուորներու գիւղ մուտքը: Եկան ու անցան. իրենց տուները հասա՞ն, թէ ոչ, ո՜վ գիտէ: Գիւղին մէջ ամէն մարդ ուրախ էր, որ պատերազմը վերջացած էր: Շատ բան չէի հասկնար ես պատերազմէն, բայց ամէնուն պէս, ես ալ ուրախ էի: Յատկապէս անոր համար, որ Պէյրութ պիտի երթայի: 
    Նոր տարիէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ ծնողներս պատրաստութեան սկսած էին: Ամրան պաստեղ եւ խաղողի հիւթով ու ընկոյզով պատրաստած էին սուճուխ. ասոնց մէկ կարեւոր բաժինը մէկդի դրուած էր Պէյրութի համար: Չոր թուզին եւ չամիչին ընտիր բաժինները մէկդի դրուեցան: Նուռի թթուի քանի մը շիշեր, մէկ թիթեղ ձէթ, երկու թիթեղ ռուպ լաւ մը ապահովուեցան, որպէսզի ճամբան չթափէին: Մէկի տեղ երկու սինի տնական փախլաւա պատրաստուեցաւ: Բաւական մեծ քանակութեամբ սիսեռ եւ բեւեկ բովեց մայրս: Ղաուրման սառեցուած էր կանուխէն: Գիւղին երիտասարդները ամբողջ գիշեր մը ծխախոտ մանրած էին: Վերջին գիշերն ալ կիները հաւաքուած էին՝ քէօֆթէն տապկելու համար: 
    Յաջորդ առաւօտ կանուխ, երկու էշեր բեռցուեցան եւ գացինք կարաժ: Համագիւղացիները մեզ ճամբու դրած էին մինչեւ գիւղին ծայրը: Մինչեւ վերջին վայրկեան ըսելիքներ կային, ղրկուելիք բարեւներ, պատուէրներ եւ նամակներ: Ոմանք մինչեւ կարաժ հետեւեցան մեզի: 
    Վարորդը, Գաբրիէլ, բնաւ գոհ չմնաց. պասին տանիքին մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուեցաւ մեր զամբիւղներուն: 
    – Ի՞նչ է, եղբայր, ետ դառնալու միտք չունի՞ք՝ սա որքա՜ն բան կը տանիք հետերնիդ: Գացած տեղերնիդ անապատ չէ եա… 
    Ի՞նչ իմաստ ունէր շոֆէր Գաբրիէլին տրտռոցը: Մենք ուրիշէն ի՞նչ ունէինք պակաս: Ինծի համար Պէյրութը շուտով հասանելի տեղ մըն էր: Եթէ սա բլուրին ետին չէր, ապա միւս բլուրին ստորոտը ըլլալու էր: Սակայն օձապտոյտ ու նեղ ճամբէն կը սուրար Գաբրիէլին պասը. բլուրները իրարու կը յաջորդէին, բայց Պէյրութ ըսուածը դեռ չէր երեւեր: 
    – Ե՞րբ պիտի հասնինք Պէյրութ, մայրիկ: 
    – Կը հասնինք, տղաս, առաջ Լաթաքիա պիտի հասնինք: Լաթաքիան մեր գիւղացիներուն համար արգահատելի տեղ մըն էր. ամէն մարդ քաղաք ըսուածը կը բաղդատէր Պէյրութի հետ: Բաղդատած Պէյրութի՝ Լաթաքիան կը կոչուէր ծրտոտ քաղաք: 
    – Մամա, ե՞րբ պիտի հասնինք ծրտոտ Լաթաքիա: 
    – Շատ չմնաց, տղաս, քիչ մըն ալ համբերէ: 
    Վերջապէս հասանք Լաթաքիա: Չորս դիս կը դիտէի՝ բազմաթիւ հաւեր տեսնելու համար: Կային հաւեր, բայց ատոնք ամբողջ քաղաք մը ծրտոտ դարձնելու համար բաւարար չէին: Տարօրինակ բաներ եւս կային. ահագին մօրուքով մարդիկ, Մուխթար Պապուկին չափ տարեց, յաճախ ճերմակ մազով, հեծիկ կը քշէին: Մինչ այդ, ես միայն մէկ հեծիկ տեսած էի: Հոս քանի՜–քանի՜ հեծիկներ կային: Ինքնաշարժնե՞րը հապա, այնքան էին: Երկար ու կարմիր վարտիքով կիներ կ՚երթային ու կու գային: Լաճեր եւս հեծիկ կը քշէին. իշակառքե՛ր, ձիակառքե՜ր…: Աստուա՜ծ իմ, ո՞ւր էր սա քաղաքին ծիրտը: 
    Ձեռքէս բռնած՝ մայրս կը հետեւէր հօրս: Պանքա պիտի երթայինք: Արդէն, ճամբու տեւողութեան, հայրս քանիցս պահանջած էր վարորդէն, որ չտնտնար, որովհետեւ ինք գործ ունէր պանքան: Սա ինքնին մեծ բան էր, մինչեւ մեր Պէյրութէն վերադարձը, անկէ ետքն ալ, գիւղացիները հոլոված էին, որ Ճէմսին պանքա գացած էր: Այնքան խորհրդաւոր բան մըն էր որ պանքա ըսուածը: Հոն՝ Սարրաֆ Արթինին պանքան ինծի համար նորութիւն էր: Ներսը տաք էր, հակառակ անոր, որ բուխերիկ չկար: Խոշոր սրահին կեդրոնը երկաթէ մեծ սնտուկ մը կար, քովն ալ քիչ մը փայտ: Ուզեցի երկաթէ սնտուկին ինքնութիւնը ստուգել ձեռքերովս: Եւ ահաւասիկ պատահեցաւ տհաճելին: Մատներուս ծայրերը այրեցան: Սկիզբը չուզեցի արժանապատուութեանս կերցնել լացը: Բաւական սեղմեցի շրթներս, բայց կարելի չէր: Լացի եւ բաւական աղմկալից: Հսկայ մարդ մը, կարծեմ նոյնինքն Սարրաֆ Արթինն էր, պահ մը աչքերը վերցուց, դիտեց զիս եւ գլուխը օրօրեց: 
    Հօրս պնդումներուն նայելով, կը կարծէի, որ իր գործը պանքայէն ներս առնուազն մէկ–երկու ժամ պիտի տեւէր: Քանի մը վայրկեանէն տուին երկու խոշոր թղթադրամ եւ դուրս ելանք: Մինչ այդ բազմիցս կրկնած էր, որ Ամերիկայէն մեզի չեք մը եկած էր: Այդ չեքն ալ խորհրդաւոր նորութիւն մըն էր: Թղթիկի կտոր մըն էր, ատոր փոխարէն երկու խոշոր թղթադրամ տուին ձեռքը: Ուրախ էր հայրս. մայրս ալ: Հարիւր թղթոսկի գանձած էին դրամատունէն: Իսկ գիւղացիք եւս հիացած մնացած էին ամբողջ քանի մը ամիս: Քիչ մը հիացումով, քիչ մը ալ նախանձով իրարու կը պատմէին, որ Ճէմսին պանքայէն հարիւր ոսկի առած է եւ Պէյրութ գացած է… 
    Հազիւ պանքայէն դարձած, պասը դարձեալ ճամբայ ելաւ: Մինչ այդ, առաջին անգամ ըլլալով այնքան մեծ խանութներ կը տեսնէի: Ի՜նչ ճոխութիւն, ի՜նչ առատութիւն, Աստուա՜ծ իմ: Քեսապի մէջ կար շուկայ, բայց այդ բոլոր խանութներուն ապրանքները այստեղի մէկ խանութին ապրանքին չէին հաւասարեր: Չէ՛, իրաւունք չունէին մեր գիւղացիները «ծրտոտ Լաթաքիա» ըսելու… 
    Հիմա պասը դարձեալ ճամբայ ելաւ: Բլուրներ գրեթէ չկային. ճամբան երկար եւ ուղիղ երիզներէ կը բաղկանար: Օձապտոյտէն ազատած՝ ես ինծի հաշիւ կ՚ընէի, թէ ո՞ւր որ է, այդ երիզին ծայրը ըլլալու է մեր Պէյրութը: Կը հասնէինք երիզին ծայրը, աւելի երկար երիզի մը առջեւ գտնուելու համար: Պասը ուղղակի կը լափէր ճամբան, բայց Պէյրութ ըսուածը չէր երեւեր: 
    Հիմա ուրիշ նորութիւն մը կար. ծովը: Մեր աջին էր սա: Կապոյտ ու անսահման ծովը: Այնքան ջուր ուրկէ՞ լեցուած էր հոդ: Ես ծովուն մասին շատ բան լսած էի, բայց բնաւ տեսած չէի զայն: Ջուրի ամենամեծ մարմինը, որ տեսած էի մինչ այդ, մեր գիւղի նշանաւոր Մուխթար Պապուկին աւազանն էր: Ցեխով պատուած պատ մը, որ փոքրիկ ամբարտակի մը դերը կը կատարէր: Աս պատին ետին ջուրը կ՚ամբարուէր: Շաբաթը հազիւ մէկ անգամ կը լեցուէր սա աւազանը, որ հազիւ թէ փոքր սենեակի մը մեծութիւնը ունէր, իսկ խորութիւնը ընկերոջս Կիրակոսին ուսին հազիւ կը հասնէր: Կիրակոսին հետ խեչափառ կ՚որսայինք հոն: Աւելի ճիշդ՝ ինք կ՚որսար, ես կ՚ուրախանայի: Այդ էր իմ տեսած «ծով»ս: Իսկ հիմա՝ որքա՜ն մեծ էր մեր տեսածը: Գաբրիէլին պասը արագութեամբ կը լափէր ճամբան, բայց ծովը տակաւին չէր վերջանար: Խելքս չէր հասներ: Տակաւին աւելի անըմբռնելին կար: Մեր քերականին մէջ, առաջին տառերուն հետ կրցած էի հեգել ն–ա–ւ բառը: Նաւակի նկար մըն ալ կար հոն: Համեմատաբար դիւրին եղած էր այդ բառը հեգելը, բայց հիմա, երբ ծովուն վրայ կը տեսնէի մակոյկներ, չէի կրնար զսպել զարմանքս: 
    – Մամա, այս պասէն մեծ չե՞ն ատոնք: 
    – Այո, տղաս,– կը պատասխանէր հայրս,– մեր գիւղին չափ խոշոր նաւեր կան… 
    – Ո՞ւր են… 
    – Հոս չեն անոնք. հազիւ ովկիանոսներուն մէջ կրնան քալել… 
    Այդ բառը թէ՛ անարտասանելի եւ թէ անիմանալի բան մըն էր…: Մայրս ալ հիացած էր. իր ալ առաջին ճամբորդութիւնն էր սա: 
    – Տե՛ս, տես, հոն ուռկանով ձուկ կ՚որսան… 
    Գիտէի, որ ձուկը ծովէն կու գար: Համէն աւելի քերականիս մէջի նկարով կը ճանչնայի զայն: Հիմա տարօրինակ բան էր սա մարդոց ըրածը. առանց զէնքի, առանց կարթի ձուկ կը բռնէին…: Շատ ալ չէի հաւատար հօրս… 
    Ճամբու եզրին նորութիւնները շատ էին, գիւղեր, փոքրիկ քաղաքներ. եւ մի՛շտ ծով…: Դժուար էր այդ բոլորին խելք հասցնել: Լաւագոյնն էր քնանալը: Որքա՜ն հաճելի քնանալ մօրս գիրկին մէջ, երբ Գաբրիէլին պասը այնքան հեշտութեամբ էր կ՚օրօրէր զիս… 
    Ժամանակի գիտակցութիւն, որ այդ տարիքիս գրեթէ չունէի, լրիւ կորսուած էր: Մերթ կը բանայի աչքերս եւ հարց կու տայի.
    – Հասա՞նք… 
    – Քիչ մը եւս համբերէ, տղա՛ս, շուտով կը հասնինք: 
    Մթննալ սկսած էր, բայց տակաւին մայրս եւ հայրս առաւօտէն ի վեր կը յորոդորէին՝ «քիչ մը եւս սպասէ»: 
    – Ահաւասիկ հասանք… 
    Ես միւս բառին չսպասեցի. 
    – Պէյրո՞ւթ,– հարց տուի: 
    – Ո՛չ, տղաս, Թրիփոլի… 
    Սա ի՞նչ քաղաք էր: Ես կը սպասէի Պէյրութին: Ո՞ւր էր: Պասը կանգ առած էր: Լաճ մը, ահագին քէխկէ շալկած՝ պաս բարձրացած էր: Աս այդ քէխկէներէն կը տեսնէի մեր շուկային մէջ: Երկար Վահանին կամ Զենոբին խանութին մէջ կ՚ըլլար: Ձեղունէն կախուած կ՚ըլլար շարոց մը: Միայն հիւանդներուն համար կը գնուէր այդ հրաչալի ուտելիքէն: Իսկ թէ մինչեւ հիւանդին հասնիլը քանի՞ միս կը շորորային ձեղունէն եւ կամ քանի՞ հազար ճանճ կը թառէր ատոնց վրայ, Աստուած միայն գիտէր: Իսկ հիմա, լաճ մը շալկած էր տասնեակներով քէխկէ, տակաւին իրարու կպած, թարմ ու ախորժելի տեսքով: Հայրս, հասկնալով ախորժակս, առանց իսկ ուզելուս, առաւ հատ մը: Հիւանդ չէի եւ քէխկէ կ՚ուտէի: Միայն ես չէի, գրեթէ բոլոր ճամբորդները կ՚ուտէին: Ի՜նչ զարմանալի բան: Շոֆէր Գաբրիէլը, փոքրիկ շիշ մը օղի գրկած, բարձրացաւ ղեկին առջեւ: Բոլոր յաճախորդները սկսան տրտնջալ: 
    – Օհօ՜, ակռայի ցաւի համար է… 
    – Ասոնց ալ ակռայի ցաւը չի վերջանար… Ումպ մը օղի քաշեց գլխուն, մնացեալը նետեց աթոռին տակ: 
    – Մեզի տեղ հասցուր, յետոյ եթէ կ՚ուզես տասը շիշ խմէ… 
    Թրիփոլիի մէջ ուրիշ կարեւոր նորութիւն մը կար: Նարինջ եւ պանանի ողկոյզներ: Այնքա՜ն նարինջ, այնքա՜ն պանան… հաւատալու բան չէր: Ո՞վ կ՚ուտէր այդքան բան: Սա հրաշալիք մըն էր: Ո՛չ միայն խանութներուն մէջ, այլեւ ծառերուն վրայ նարինջ կար: Քերականիս մէջ մէկ հատ նարինջ կար. եթէ տակը գրուած չըլլար՝ դժուար թէ մարդ հասկնար ատոր ինչ ըլլալը: Իսկ այդ համով–հոտով բառը հեգելով սորվիլը ինքնին ահագին աշխատանք էր: Եւ հոս, մարդիկ, տղաք, նարինջներուն, պանաններուն քսուելով կ՚անցնէին անտարբեր: 
    Հիմա գիւղերն ու քաղաքները աւելի շատ էին: Նոյնիսկ ծովը կը ծածկէին տեսողութենէս: 
    Իւրաքանչիւր հարցիս, թէ ե՞րբ Պէյրութ պիտի հասնինք, անփոփոխ պատասխանը չէր ուշանար. «Քիչ մըն ալ համբերէ, շուտով կը հասնինք»: 
    Ծնողական հաւաստիքները այլ բան էին, Պէյրութ հասնիլը՝ այլ: Ստիպուած՝ քունի կ՚անցնէի: 
    – Ե՛լ, տղաս, թունէլը հասանք… 
    «Հասանք»ը լսելով՝ ընդոստ տեղէս ցատկեցի: Իսկապէս խաւար տեղէ մը կ՚անցնէինք: Գաբրիէլն ալ, կարգ մը յաճախորդներու փափաքին տեղի տալով, մատը դրած էր ճչակին վրայ: Շատ քալեցինք, մինչեւ որ դուրս եկանք այդ տեղէն: Մայրս հարկ տեսաւ Աստուծոյ փառք տալ. երեւի մեծ վտանգէ մը ազատած էինք: Բայց ի՞նչ վտանգ: 
    Քալեց ու քալեց Գաբրիէլնիս: Ես ընդհանրապէս քունի կ՚անցնէի: Ամէն արթննալուս հարց կու տայի, թէ ո՞ւր մնացած էր Պէյրութը: Անխուսափելի պատասխանը նոյնը կ՚ըլլար. «Կը հասնինք, տղա՛ս, կը հասնինք»: 
    Կէս քուն–կէս արթուն վիճակի մէջ լսեցի Պաթրուն, Ճիպէյլ, Ճունի: 
    Պէյրութը չէր երեւեր ու չէր երեւեր: 

(Թիւ 1,2,3 1994)

 

յաջորդ
ՄԱՆՈՒԿ