ՄԱՆՈՒԿ 

Բնութեան մշտանորոգ այլ յաւիտենական գեղեցկութիւնները դարպասող արուեստագէտ ու բանաստեղծ հոգիներ կը գտնուին ամէն ժամանակներու մէջ: Բայց քիչեր անոնցմէ ի վերուստ շնորհուած կ’ունենան ստեղծագործող այն տաղանդը, որով կարենան «բռնել» գեղեցկութեան մասնիկը կեանքի խորհուրդէն՝ արուեստի անեղծանելի պարունակով փոխադրելու համար գալիքին: Այդ սակաւ ընտրեալներէն է ՄԱՆՈԻԿ։ 


    Կեանքի վրայ բացուած զմայլահար աչք մըն է, զուարթ լոյսերու եւ տրտում ստուերներու կախարդանքին սիրահար բացառիկ գգայարան մը: Կը բաւէ որ երկնքի կապոյտ փեռեկտում մը մեծնայ անձրեւաթոր ամպերու թխութեան մէջ, դալար ճիւղ մը փթիթներ կապէ սարսռուն, հովի թեւերուն տակ վայրենակոծ համանուագի, գունափարթամ երանգապնակի վերածուի ծովը. ու ալ Մանուկը չես գտներ իր աշխատանոցին մէջ: Կը մոռնայ առօրեայ կարիք, կեանքի հաշիւ։ Ինք ու նկարահան մեքենան լերան մը կողին են արդէն  ամայի դաշտի մը արահետին վրայ , ծառի մը ստուերին տակ։ Քաջ որսորդի մը պէս, որ ամենայն գգուշաւորութեամբ ու վարպետութեամբ կը հետապնդէ իր երէն՝ Մանուկ լուռ ու անթարթ կը հետեւի լոյսերէ բռնկած թափառական ամպերուն, կամ կ’որոնէ գարունը ամբողջութեամբ յատկանշող ծաղկափթիթ ոստը։ Կրնայ ժամերով նստիլ սեպ ժայռի մը գլխին, հորիզոնին դէմ, սպասելով բարեբաստիկ այն վայրկեանին, երբ լոյսն ու ստուերը ներդաշնակելով իրենց խազը, վաղանցիկ րոպէի մը համար, պիտի գծեն հորիզոնի պաստառին վրայ բնութեան հմայիչ խորհուրդներէն մին։ Մանուկ սեղմած է արդէն նկարահան մեքենային կոճակը եւ կորզած, ձգած է յաւիտենական գեղեցկութենէն մասնիկ մը՝ թակարդը:
    Այսպէս է որ ծառերու կանաչ ստուերներէն հոսող գետակի մը ջուրերը բիւրեղեայ խորհուրդի մը մէջ կը շողափայլին, մայրիներու ճիւղերուն հանգչող ձիւնը չնաշխարհիկ աղաւնիներու երամներ կը կազմէ աշնան մոխրագոյն երկնքէ մը վար սպրդող ճառագայթներու խուրձ մը ոսկեշող ափսէներ կր ցանէ ծովու մակերեսին։ Մաքրատենչ, պայծառացոլ սիրտ մը կը տրոփէ անոնց ներդաշնակութեան մէջ: Ու ահա այսպէս է որ բնութիւնը երկրորդ անգամ կը գեղեցկանայ եւ նոր յաւերժութեան մը մէջ կը մտնէ Մանուկի լուսանկարներով: 

    Մանուկ լուսանկարած է ցարդ լոյսի ու գիծի հեքիաթային երկիրը՝ Լիբանանը: Փիւնիկեան այս դարաւոր ծովափին մէկ պատմական անկիւնը ոսկեզօծող վերջալոյսի շողերուն տակ թողլքուած հնամենի պարիսպի մը եւ նաւակներու առթած տրտմանոյշ ու խորունկ պահը յաւերժացնող շքեղ լուսանկարով մըն է որ Մանուկ, Միւնիխի Միջազգային վերջին ցուցահանդէսին, շահեցաւ առաջին մրցանակը, 77 ազգերու վրայ այդ մեծ պատիւին արժանացնելով իր սիրելի երկիրը: Ինչ որ առած էր Լիբանանէն՝ վերադարձուցած էր անոր ամենաբարձր տոկոսով։ Այս անգամ՝ նուիրագործեց արդէն իր երախտագիտութիւնը: Եւ վստահ ենք որ կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել իր սէրը։ 
    Բայց կը մաղթենք որ դուրս գայ մերթ ընդ մերթ այս սահմաններէն։ Աշխարհի վրայ կան ուրիշ գեղեցիկ վայրեր ալ, որոնք կը սպասեն արուեստագէտի շունչին, վերապրելու համար ուրիշ կեանք մը: Մանուկի լինելութեան հասած ու նոր կարելիութիւններու խոստումով բեռնաւոր արուեստը կրնայ նուաճել նոր գեղեցկութիւններ: Ձեռքի մոգական մեքենան այն հզօր զէնքն է որ զինք կրնայ դարձնել աշխարհակալ։ 

(Թիւ 1, 1962)

յաջորդ
ԼՈԳԱՆՔ