ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ԿԱՅԱՆ

Մեզի համար՝ դեռ
հին շոգեկառքը,
իր կաղնեկարմիր եւ մոխրակապոյտ
բաժանմունքներով,
լուռ ճամբայ կ’ելլէ
ծովափնեայ գիծէն,
դանդաղ ընթացքով վեր կը բարձրանայ
լեռնալանջերէն,
ամէն կայանի
ճամբորդ փոխելով:

Հոն՝ գիւղացիներ, գիւղագնացներ
կը ժպտին հանգիստ
կամ կը զրուցեն:

Հանդարտ ընթացքը հին շոքեկառքին
կը թմրեցնէ բոլորն անխտիր:
Մշուշը, քիչ ետք,
լեռներէն վար պիտի սահի,
իր ուռկանին մէջ անձայն որսալով
կղմինտրագոյն շեղ տանիքները՝ գիւղերուն ցրուած
եւ պիտի ծածկէ
մոզայիքը համայնքային,
հակասական ու պայթուցիկ…

***

…Դեռ կաղնեկարմիր ու մոխրակապոյտ
բաժանմունքներով հին շոքեկառքը
այնտեղ կը սուլէ…
Անցարգել չկայ իր գնացքին դէմ:
Գիւղերը տակաւին ամայացած չեն
մարդկային շունչէն,
իսկ այս կարմիրը բոսորագոյն չէ – 
հերկուած հողին հրաւէրն է
միշտ գայթակղալի…

Ցնցուղին տակ արեւի
սարալանջերն ու գիւղերը կը հանգչին:
Կարծես ամէն ինչ գիտես.
կը փորձես խօսիլ,
կը փորձես կանխել աղէտը հիւսուող…
Սակայն լռութեան եղանակները կան,
արեան, զենումի եղանակներ եւ
բրտութեան ծէսեր…

Իսկ շոգեկառքը, ինքն իրեն համար,
տեղ մը կը սուրայ… առանց ճամբորդի:
Ահազանգի պէս ճչակը անոր
անվերջ կը սուլէ
խոպան երկրին մէջ,
փշաթելերու, աւազապարկի
կողքին երկարած
սառած աչքերով մարդոց ունկերուն…

(Թիւ 8, 1986)

Dialogue, 2006, Ink, Watercolour on Paper, 35 x 27 cm (Գործ՝ Կարէն Պետրոսեանի)
յաջորդ
ՔԱՂԱՔ