Մամռակալած պատի պէս
Գանկս ամուր կը փակուի
Կատաղութեանս բոլոր շարժումներուն դէմ տկար…։
Գրակալիս մէջ յանկարծ
Կորիզային հիւլէները կը պայթին,
Մինչ արուեստի անհաշիւ թափուր ճիչեր կը ճեղքեն
Ներբաններս յոգնաբեկ։
Անուրջներու արանքին մէջ կը մխայ
Մահճակալս խարխլած,
Ուր կը կտրեմ մեղքերուս բազկերակը չարչարուած,
Զոր կը յանձնեմ Մաքրութեան
Հմայական ջուրերուն…։
Խիզախութեան վառ ժպիտը հոգիիս՛
Ես կը սպասեմ իմ մահուան,
Որ վերստին արարուիմ
Լոգանքին մէջ խենթութեան…։