Պետրոս Հարեան

Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով,
Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն,
Կը փնտռէի փրկարար բառս բարի,
Սակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր։

Բառը ցօղ էր նախապէս՝ իջած դողին մատներուս,
Դէմքիս թեքուած ծաղիկներու ժպիտ էր այն վայրկեանի,
Թոթովանքիս շնորհուած գուրգուրանք էր պարզապէս։

Բառը ցո՜լք էր աղջկայ,
Բաժակ էր ան հրաշահիւս կակաչի,
Ապա խաչքար ճաքճքած,
Մագաղաթի ծուէն էր՝ արիւնիս մէջ թաթախուած,
Երակներս լափլիզող կրակ էր ան պատուհաս,
Եւ ջիղերուս ցանցը ցնցող հրապոյր էր էգերու,
Որդան կարմիր է եռուն,
Արեւայորդ հաւատամք էր հեթանոս,
Հնադարեան մեղեդի,
Հողի բոյր էր զգլխիչ,
Յովատակի վրինջ էր ու վարգ էր ան եղնիկի,
Նեմրութ սարի գագաթէն դէպի երկինքն սլացող
Աստուածային թռիչք էր ան ֆետաներու միածին,
Ինձմէ ձգուածզիս կանչող՝ բառը տանջանք էր գուցէ,
Կոմիտասեան խնկարկում էր խելագար,
Եւ առ Աստուած ճենճերում էր Նարեկի,
Շարականի խազերուն մէջ հոլովուող
Հոգեվառ բառն այդ մախմուր,
Հոգեհան բա՛ռն իմ անգոյ,
Որուն կարօտ՝ թափառեցայ ամէնուր,
Եւ անձնատուր եսի մթին ծալքերուն՝
Ես դիմեցի աստղերուն եւ փողոցի լամբերուն

Բայց ի վերջոյ,
Անցնող ամէն վայրկեանին դէմ,
Մեռնող մէն մի բջիջիս հետ,
Հասունացման դառնակսկիծ րոպէին,
Ես զգացի ու հասկցայ վերջապէս,
Համոզուեցայ արդարեւ,
Թէ չգրուած իմ բառն էր ան ահարկու,
Որ թունաւոր նետի պէս
Կ՛երթեւեկէր մարմնիս մէջ

(Թիւ 10, 1986)

նախորդ
ԼՈԳԱՆՔ
յաջորդ
ԱՐԳԱՆԴ