Զգայութեան մատները դողդոջ
Եղինջի նման դէմքիս կը հպին …։
Պահն է արարման,
Այլ սերմեր չկա՜ն.
Արգանդը սիրոյ, գուրգուրանքին հրակէզ
Զնտան է միայն,
Ուր արցունքով ոռոգուած
Մշոյ դաշտերը կ՚այրին…։
Ո՞վ պիտի սանձէ ժայթքումը ժահրին,
Որ այսքան տարի աւեր կը գործէ
Մեր տեսադաշտին սահմաններէն ներս.
Թող պատարագի բիլ հոսանքին մէջ
Խնձորեսկի տուներուն տանիքները թեւածեն
Զերթ միջնադարեան տաղերգուներուն
Լարերը ալուան…։
Ինչպէ՞ս, օ՜, ինչպէ՞ս
Կրեմ մարմնիս մէջ այսքան դիակներ,
Որ արքայութեան դռներուն աոջեւ կը նեխին այսպէս,
Մինչ յարալէզները, օ՜, իրե՛նց կարգին, կը թունաւորուին
Եւ մարմինս ողջ կը փոխակերպեն մռայլ դամբանի –.: