Նազ Տէր Սարգիսեան

ՓՈՂՈՑԸ

Փողոցը ջերմ էր, փոշոտ, հին: Իրենց գագաթներով իրար գրկող ծառեր, որոնք տեսակ մը հրապոյր եւ խորհրդաւորութիւն ունէին ու կը պաշտպանէին փողոցէն դուրս եկող, թեթեւցած եւ բիւրեղացած հրճուանքներ մատնող անցորդները:
    Մարդիկ երկար մտածեցին անտեսուած փողոցին բարեկարգման մասին եւ իւրաքանչիւր բարենորոգում եկաւ բռնաբարելու անոր ազատութիւնը:
    Երկինքը ծածկուած էր ամպերով եւ ամրան տաքութիւնը ամպոտ երկինքին տակ խեղդող ներկայութիւն մը կը ստեղծէր:
    Մարդիկ հաւաքուած էին դիտելու անպաշտպան փողոցին դէմ սարքուած դաւը: Ծառերը՝ խրոխտ, գեղեցիկ, իրենց չքնաղ գլուխները կացինի հարուածներուն յանձնելով՝ յաջորդաբար գետին կ՚իյնային : Մանուկները կը զուարճանային գետին տապալած ծառերուն ճիւղերով, կը պաշտպանէին հոն բոյն շինող շուարած թռչունները: Ծերեր, քարերու վրայ հանգչած, կու լային իրենց անցեալի փլուզումը: Երիտասարդներ անոր երէկի թարմ տերեւներուն մէջ թաքնուած կը տեսնէին իրենց սիրոյ առաջին յոյզերը, եւ բոլորը ատելութեամբ կը դիտէին հետզհետէ մերկացող փողոցը:
    Այդ օր փողոցը կորսնցուց իր բանաստեղծականութիւնը եւ դարձաւ հասարակ, բաց, քարացած ներկայութիւն մը. իրեն հետ ցնդեցաւ նաեւ գրաւչութիւնը փողոցային երջանկութեան:

* * *

    Սենեակին բաց պատուհանին դէմ կանգնած՝ ան կը դիտէր բարձր շէնքերու մէջ խեղդուած փողոցը:  
    Արդէն տարիները մաշեցուցած էին զինք:
    Քաղաքը բարձրանալով ոտնակոխած էր փողոցը, որուն զուարթ ու թարմ դէմքը արդէն անյիշատակելի իրողութեան մը վերածուած էր: 
    Քարէ անտարբերութիւն սնուցուած էր ամէն կողմ: Ան եկած եւ բաժնած էր հոգիները: Փոքր խցիկներու վերածուած էին տարածութիւնները, առանձնացած էր ամէն ոք, առանձնացած էր ամէն զոյգ, առանձնացած էր ամէն ընտանիք, եւ քարերը բարձրանալով անմիջապէս գծած էին բաժանման սահմանները։  Եւ ո՛րքան կը բաժնուէին տարածութիւնները, ա՛յնքան մարդիկ իրարմէ, կը դառնային անջատ, ազատ, միայնակ բայց տխուր, որ հետզհետէ կը խորանար անոնց մէջ, եւ հետզհետէ առանձնութիւնը կը կաշկանդէր իրենց ազատութիւնը. անոնք սարսափած էին եւ ազատութենէն, ե՛ւ առանձնութենէն, ու ոխով ու արհամարհանքով կը դիտէին քարը, որուն վրայ կը բարձրանար ծանր ու տժգոյն քաղաքակրթութիւնը:
    Տարիներ առաջ՝ օր մը, ինք կարօտով իջած էր հոն, դիմագրաւելով իր դէմ բացուող պարզ գեղեցկութիւնը, որ կու գար ազատութեան ծոցէն բխող տաք ձայնի մը պէս, լայն հորիզոններու վրայ տարածուող անկեղծ երազներ ներշնչելով:
    Հիմա միայն քարեր կային խոշտանգուած, շնչահեղձ փողոցին վրայ, ուրկէ ինք ամէն օր բան մը կորսնցնելով կը հեռանար:
    Այսօր տարօրինակ խլրտում մը կար ենթագիտակցութեան խորը, զգայնութեան լարերուն վրայ:
    Սպասում մը կար հոն: Աճող եւ դէպի յուսահատութիւն ուղղուող սպասում մը: Ինչպէս ամէն օր, այսօր ալ մինակ էր սենեակին մէջ: Գիշերուան մթութեան ու լռութեան ափին՝ ան առանձին կը դիմագրաւէր կեանքը, որ կը թուէր ըլլալ իր վերջին օրը:
    Մօտեցաւ պատուհանին: Քաղաքէն բարձրացող ծուխը ծածկած էր երկինքը այնպէս թանձր, որ կարծես չկար երկինք, չկար գետին, ու բարձր շէնքին միջոցով փողոցը կը կապուէր երկինքին, որ միայն ծուխ էր, գորշ ծուխ, որուն մէջէն կարելի էր նշմարել տուներու աղօտ լոյսերը:
    Վարը՝ հեռուէն կը նշմարուէր պատին կռթնած ու իրար գրկած զոյգ մը: Ժամանակը ուշ էր։ Այս ժամուն հազիւ թէ գինով մը օրօրուելով քալէր ցերեկուան յոգնութենէն սպառած փողոցին մէջ: Զոյգը անշարժ կեցած էր մայթին վրայ: Մէկը յենած էր պատին, միւսը՝ ափերը ընկերոջ վրայ հանգչեցուցած՝ կը նայէր անորոշութեան:
    Եթէ ինք երկար մնար պատուհանին մօտ ու շարունակէր դիտել զոյգերը, անոնք երթալով պիտի մօտենային, պիտի նոյնանային անոնց ձեռքերը, աչքերը, մարմինները, եւ եթէ իջնէր վար, հասնէր անոնց հոգիներուն, հոն պիտի հանդիպէր իրենց առօրեայ միօրինակութենէն փախչող մարդոց:
    Հեռացաւ պատուհանէն, զարմանալով, թէ ինչու մարդիկ քարեր չէին պատեր փողոցին մէջ, իրարմով վերացած այդ զոյգին շուրջ:
   Փոշոտ սեղանին վրայ նկարներ կային, հարազատներու տժգունած նկարներ, թարմ ու մանկունակ դէմքերով զաւակներ, ժպտուն թ  ոռներ: Պատկերներուն մէջ խորանալով կը փորձէր տեսնել անոնց ներկայ կեանքը՝ փողոցներու արագութեան մէջ քաշկռտուող իրենց մարմինը, վերելակներու սլացքին մէջ վերիվայրող արշաւը, գրասենեակներու ծուխերուն մէջ պայծառանալ փորձող անոնց մտքերը, մարմիններու ջերմութեան մէջ դրսեւորուիլ փորձող սէրերը, իրենց հօր հեռաւոր ներկայութիւնը շալկող ծանր ու ցաւագին զգացումը:
    Փորձեց կապ մը ստեղծել իր զաւակներուն ու թոռներուն հետ:
    Թուղթի կտոր մը, մեքենագրուած հասցէով՝ պահարանի մը մէջ սահած:
    Հեռաձայնային արագ զանգահարում մը, ցնցող ու զիլ ձայնի ետին յաւիտենական պարապութիւն բացող այդ ձայնը:
    Փողոցի մերկացումին չափ անհրապոյր ու չոր կապեր էին անոնք, որ պիտի տանէին զինք դէպի կեանք: Ինք յագեցած էր այդ չոր կապերէն: Հիմա ապրող, մօտիկ սիրոյ մը գիրկընդխառնման կը կարօտէր, երբեմնի այն ջերմ փողոցին պէս շօշափելի դէմք մը պէտք է խլրտար իր դէմ, գունաւորուէր ժպիտով, վառ երջանկութեամբ, փայլող աչքերով ոստոստէր ու անցեալէն աւիշներ փոխանցէր իր ամլացած դէմքին:
    Բայց վայրկեանները կը սահէին ու կեանքէն իրեն կը մնար միայն սեղան մը, անկողին մը, աթոռ մը, անխօս նկարներ եւ, ընդհանուր առմամբ, այս բարձր շէնքին մէջ գտնուող սենեակը: Իսկ իր ենթակայական աշխարհին գիրկը՝ երէկի հանգրուանները, որոնք այնքան հեռու էին իր առօրեայ աշխարհէն:
    Հիմա տեսակ մը ընդհանուր յոգնութիւն մը կ՚երթեւեկէր իր տան մէջ։ Յոգնած էր առանձնութենէն, յոգնած ժամերու դանդաղ մաշումէն, յոգնած՝ յիշատակներէն, յոգնած բջիջներուն ծանրութենէն:
    Կը զգար, թէ բան մը կը մօտենար իրեն: Դրան ետին կեցած մահը պիտի թակէր իր դուռը վայրկեան մը ետք:
    Կը զգար, թէ բան մը կը խլրտար դուրսը: Շէնքին դէմքը համբուրող քամիին հետ ոստոստող մահուան բոյրը կը շրջէր շուրջը ու շունչը հետզհետէ կը տկարանար:
    Ներքին պապակ մը ժպտեցաւ իրեն: Ուզեց կենդանանալ վայրկեանի մը համար, փափաքեցաւ, որ մէկը հեռաձայնէ իրեն ու շնորհաւորէ մահուան սպասման այս պահը: Զաւակ մը, թոռնիկ մը, դրացի մը, աստիճաններուն վրայ մլաւող կատուն : Մէկը՝ որ այս տարածուն ու մարդաշատ երկրագունդէն անջատուելով գայ իր ամայի յարկը, շնչէ ջերմութեամբ եւ, ձեռքէն բռնելով՝ առաջնորդէ զինք դէպի մահուան սեմը:
    «Արդեօ՞ք երկրագունտը պարպուած է մարդոցմէ», մտածեց ու զգացում մը թաւալելով կազմաւորուեցաւ իր մէջ, մարմինէն սահելով անցաւ ձեռքերուն: Ափերը, պրկուելով՝ վերածուեցան բռունցքի: Ծնաւ ատելութիւնը, հին, երբեմնի իր ճանչցած փողոցը ոչնչացնող ձեռքերուն հանդէպ, եւ քարին հանդէպ, որ ծածկեց փողոցի փոշին: Ատելութիւնը՝ զինք բաժնող, սահմանափակող քարին հանդէպ: Իր սէրերէն, յոյզերէն, զգայնութիւններէն ծնած խոր ատելութիւն մը կը խորանար իր մէջ եւ կը կուտակուէր քարին վրայ, զոր կ՚ատէր, կ՚ատէր հոգիներու հեռաւորութիւնը, փողոցի ամայութիւնը:
    Նայեցաւ հալող իր կեանքին, որ երկվայրկեանէն կախուած կը ճօճուէր կեանքի ու մահուան անդունդներուն մէջ:
    Վայրկեան մը փակեց աչքերը, ու ահա անոնց մթութեան մէջ պատկեր մը պարզուեցաւ իր դիմաց:
    …Կարծեց, թէ ոտքի ելլելով կը զարնէր դիմացի դուռը, կը բանային, բան մը կը փսփսար անոնց, կը փոխանցէր քարին պատմութիւնը, անոր բռնազբօսիկ ներկայութիւնը, եւ տնեցիները դուրս կու գային, միասնաբար կը զարնէին մնացեալ դուռները եւ բոլորը կը հետեւէին իրարու: Բազմութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնար: Անոնք մերկ ոտքեր ունէին եւ իրենց ափերուն մէջ սեղմուած մուրճերով կը հարուածէին շէնքը: Քարերը մէկ առ մէկ կը տապալէին : Սանդուխներէն վար իջնելով անխօս, պիրկ ու խոժոռ դիմագիծերով այդ մարդիկը կը շարժէին իրենց ոտքերը դէպի վար, կը քսուէին իրարու եւ տեսակ մը աղմուկ կը լեցնէր շէնքը, ոտքերէն ծնած ու տարածուող ըմբոստ աղմուկ մը, որուն մէջ կը խորտակուէր քարին ձայնը: Վարը՝ անոնք կը շարունակէին հարուածել փողոցը, ուժգին, սրտաբուխ հարուածներով: Կ՚ուզէին խորտակել զայն: Ամէն կողմ կը տարտծուէր խլրտող ու պարող մուրճերու աղմուկը եւ քարերը մէկ առ մէկ կ՚իյնային…: Մարդոց խլրտումով ստեղծուած շփումն ու մօտեցումը գոհունակութեան զգացում մը կը բանար իր դէմքին վրայ: Բաւական յոգնած կը հեռանար աղմուկէն, մինչ ամբոխը կը շարունակէր պարել փողոցին մէջ, քարակոյտերուն վրայ… Անդին, պատանի մը, դէմքը ձեռքերուն մէջ պարփակած կը դիտէր աւերակ փողոցը…: Ծերունին մօտեցաւ պատանիին ու շնչասպառ հարցուց.
    – Ի՞նչ կ՚ընես:
    – Կը մտածեմ, – պատասխանեց պատանին անշարժ:
    – Ի՞նչ կը մտածես,- իր հետաքրքրուեցաւ մարդը, յիշելով իր սեղանին վրայ շարուած հարազատներուն նկարները:
    – Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է վերակառուցել փողոցը, ըսաւ տղան ու շարունակեց դիտել աւերակները:
    Մարդը նայեցաւ պատանիին, ապա քարին, եւ զգաց, թէ քարին մէջ մաշելով փոքր տղան պիտի հասնէր իրեն, իր առանձնութեան, իր մահուան: Զգաց, թէ հոգիին բիւրեղացումէն բխած ատելութիւնը ծնունդն էր իր ճիւղաւորուած տարիքին : Տեղ մը պիտի դառնար կեանքի շղթան, ու մարդիկ հետաքրքիր աչքերով պիտի փորձէին վերակառուցել փողոցը…
    Բացաւ աչքերը: Սենեակին մէջ էր տակաւին : Պատրանք էին աւերակ փողոցը ու պատանին: Նայեցաւ շուրջը, ամէն բան նոյնն էր: Ոտքի ելաւ, վերջնական ակնարկ մը նետեց սեղանին վրայ շարուած նկարներուն եւ, դուրս ելլելով՝ ծանր քայլերով վերջնականապէս հեռացաւ:
    Դուրսը մթութիւնը հետզհետէ կը բացուէր: Քալեց մինչեւ մօտակայ կայանը, լայնօրէն շնչեց եւ վերջին անգամ փողոցը դիտելէ ետք ուղղուեցաւ դէպի ամայի անտառը, ու ծառի մը շուքին սպասեց մահուան:

(Թիւ 9, 1978)

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

նախորդ
ԱՐԳԱՆԴ