Զարթօնք (Ա. Բ. Գ. Եւ Դ. հատորներ)

Զարթօնք (Ա. Բ. Գ. Եւ Դ. հատորներ)

ՄԱԼԽԱՍ

Խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան
Պէյրութ – 2019
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն

Մալխասի այս գլուխ-գործոցը հարազատ վիպականացումն է հայ ազատագրական-յեղափոխական պայքարի մէկ կարեւոր ժամանակաշրջանին (1903-1918)։ Վէպին գլխաւոր միջավայրերը կը հանդիսանան՝ Կովկասը, Պարսկաստանը եւ Վասպուրականը։
Առաջին հատորին մէջ վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Վարդան, կ’ահաբեկէ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատար մը եւ կը դառնայ փախստական։ Ան սիրահարած է Սոնիային հետ, սակայն նախամեծար կը նկատէ Երկիր անցնիլ։
Կ’անցնի Վասպուրական եւ կը գործէ Լեւոն անունով։
Երկրորդ հատորին մէջ, Լեւոն (Վարդան) Վասպուրականի մէջ կը կատարէ հրաշալի աշխատանք, դառնալով շրջանի հայ յեղափոխական շարժման կազմակերպական ոգին։ Սոնիա ժամանակաւորապէս կը հաստատուի Վասպուրական ու կը գործակցի Լեւոնի հետ առանց ճանչնալու անոր իսկական անձնաւորութիւնը։
Երրորդ հատորին մէջ, Թրքական Սահմանադրութեան հռչակման օրերուն, վէպի հերոսներէն՝ Առիւծ Գեւօ, Թոփալ Սատանայի գործակցութեամբ (երկուքն ալ Լեւոնի գործակիցները), կը վերատիրանայ իր պապենական կալուածներուն։ Լեւոն անցած է Եւրոպա՝ ուսումը շարունակելու ու հոն պատահմամբ կը հանդիպի Սոնիային։
Չորրորդ հատորին մէջ, Լեւոն կը թափառի Տերսիմ ի մէջ, ապա կ’անցնի Հայաստան։ Կը մ իանայ իր ընկերներուն, որոնք կը գտնուին Սարդարապատ։ Հոն կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին։