Յակոբ կիւլլիւճեան

ԲԱՌԵՐՈՒ, ՄՏԱԾՈՒՄԻ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՐՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ մասնագէտներու մօտ, այլ մէկ ձեռքի վրայ համրուող անուններու ցանկի մը մէջ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն բանաստեղծները։ Անոնցմէ է Վեհանոյշ Թեքեան։ Իր քերթողական արուեստին, բառերուն, ընթերցողին պատճառած զգայութիւններուն եւ վայելքին ու ի վերջոյ գեղագիտական յատկանիշներուն վրայ կեդրոնանալը պէտք չէ զեղչէ հիմնական այն երեւոյթը, որ այնտեղ արտակարգօրէն ներկայ են նորարար (ինչպէս տիրական լեզուով հիմա կ՚ըսեն՝ «սնտուկէն դուրս») մտածումը, հոսանքին ամբողջովին հակառակ ու հիմնաւորուած կեցուածքները եւ անոնց պատճառաբանութիւնը, եւ ընդհանրապէս միտքի փնտռտուքը։
     Երբ փոքր էի, կարդացեր էի Վեհանոյշ Թեքեանի Կապոյտ Ապրիլը իր յարաբերաբար աւելի դիւրամատչելի տողերով, ապա Ոստրէն, որմէ բացի բառերու իմաստէն եւ քերթուածներու առինքնող, արտակարգ կշռոյթէն, քիչ մը եւս նուազ բան հասկցեր էի յղացքային առումով։ Անկէ ետք անմիջապէս կարդացի Կիզակէտը, որուն միտք բանին դեռ աւելի հեռու մնաց ինձմէ այդ տարիքին, դեռ պատանութեան չհասած, բայց եւ այնպէս կը յիշեմ զայն քանի մը անգամ կարդացած ըլ լալս, այսօրուան յետահայեաց դատումով՝ հաւանաբար թօթափելու համար մինչեւ այդ ատեն ըրած ընթերցումներուս արդէն յոգնած լեզուն, վայելելու բառերու նորանշանակ գործածութիւնը, պատկերներու խիզախութիւնը եւ շարահիւսութեան թարմ, նորովի շունչը (ինչ որ չի նշանակեր թէ այն ատեն այդ բաները կրնայի սահմանել անկախ անոնց զգայարաններուս վրայ բանեցուցած հմայքէն)։ Մինչեւ այսօր ալ, երբ այլեւս ենթադրաբար շատ աւելի բան կ՚ըմբռնեմ հոն երգուած տողերէն, այդ հատորը կը մնայ Թեքեանէն նախասիրածս։
     Գրականութեան մօտ եղող անձեր հեղինակի մը տարբեր գործերուն կը ծանօթանան եթէ ոչ օրը օրին, այլ գոնէ տարիներու կամ տասնամեակներու վրայ երկարող ժամանակամիջոցի մը ընթացքին։ Տարբեր փորձառութիւն է սակայն վերադառնալ անոնց քիչ մը աւելի խելահաս տարիքով ու հմտութեամբ, բան մը որ կրնայ այլազան տիպի արդիւնքներ ունենալ։ Կարգ մը հեղինակներու պարագային այդ փորձը կրնայ զղջումի տանիլ ընթերցողը, երբ նախապէս փառաւորուած անուն մը, որուն քերթողական մեղեդին տասնամեակներով կը յամենար ընթերցողի մտքին մէջ, կարծէք կը սահի իր պատուանդանէն վար ու կ՚անցնի մոռացութեան։ Ուրիշ գրողներու պարագային կրնայ պատահիլ, որ ինչքան ալ դրական ու հիացական տպաւորութիւն կրած ըլ լար ընթերցողը ժամանակի ընթացքին, դարձեալ անակնկալի գայ հոն եղած գաղափարներու նախապէս չնկատուած կշիռքին ու գրական լուծումներու գեղեցկութեան դիմաց։ Վեհանոյշ Թեքեանի վերընթերցումս այս երկրորդ դասին կը պատկանի։ Գիտէի, թէ Ի. դարու երկրորդ կէսի սփիւռքահայ գրականութեան տիրական երկու-երեք անուններէն մէկն էր իր գեղեցիկ գրիչով, եզակի բառապաշարով եւ արտայայտչականութեամբ, սակայն թերեւս ամբողջովին չէի արժեւորած եօթանասունէն ինիսունականներուն հրապարակ եկած իր գործերուն մէջ տեղ գտած փիլիսոփայական կայծերը, մտաւորական խորութիւնը, սփիւռքահայու, գրողի ու մարդու տագնապները պատկերելու նորարար ձեւերու առանձնայատկութիւնը, կնոջ խնդիրները գեղագիտացնելու վարպետութիւնն ու այդ խնդրի հիմնական (ու շուկայի վրայ գրեթէ մենաւոր) տեղը իր գործին մէջ։ Այդ պատճառով ալ, այս գրութեամբ պիտի փորձեմ ժամանակագրական, հետեւողական, թէեւ պարտադրաբար մասնակի ու արագ ընթերցում մը կատարել իր երկերուն. վերընթերցում ու հետեւաբար վերընկալում մը, վերստին քաղում մը։

Թեքեանի գրականութիւնը ոչ միայն
հայերէն, այլ նաեւ հայ ու սփիւռքահայ
ըլլալու վիճակին մասին է, այդ
վիճակին մէջ զգացուածներն ու
չխօսուածները բիւրեղացնող։

     Թեքեանի գրականութիւնը ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ հայ ու սփիւռքահայ ըլլալու վիճակին մասին է, այդ վիճակին մէջ զգացուածներն ու չխօսուածները բիւրեղացնող։ Ան կը պատկանի այն փոքրամասնութեան, որ ըմբռնած է կամ կը
յայտնատեսէ թէ ի՛նչն է կորիզը անոր, որ հայ ժամանակակից ինքնութիւն կը կոչենք, եւ որ մեծխօսիկ «մե՜նք ենք»ներէն շատ անդին՝ կը կայանայ գեղեցիկը ընկալելու, ապրելու եւ փոխանցելու ձեւի մը մէջ, եւ կը մարմնաւորուի այդ գեղեցիկը
արտայայտելու գլխաւոր եղանակին՝ լեզուով կատարուած ստեղծագործութեամբ։
     Կը խօսինք երկար շարք մը հատորներու մասին, որոնք մէջտեղ բերուած են արտակարգ ժուժկալութեամբ. գրողը մտասեւեռում դարձուցած է խնայել կրկնութիւնները ընթերցողին եւ գլխաւորաբար իր իսկ եզակիօրէն պահանջկոտ ականջին։ Չտալ լոկ էջեր աւելցնելու համար։ Չստեղծել եթէ ատիկա նորութիւն մը պիտի չըսէ, կամ նոր ձեւով մը պիտի չըսէ. այսինքն հաւատարիմ մնալ բանաստեղծութեան բնութեան, բան, լոյս, լոկոս ստեղծելու առաքելութեան, որ անշուշտ չէ, ինչպէս գիտնալու ենք, ոտանաւոր ըսուածը գրելը։

Կապոյտ Ապրիլի մէջ քսանամեայ
հեղինակը մէկտեղած է ոչ միայն
պատանեկան սէրերու շուրջ հիւսուած
կտորներ, այլեւ քանիներ (օրինակ՝
«Եւ ի՛մ դիմանկարը»), որոնք սփիւռքի
համար բնորոշ ժամանակաշրջան մը
կը խտացնեն։

     Այնուամենայնիւ, ժուժկալութեամբ հանդերձ, հակառակ մայրութեան ու յարակից զբաղումներու եւ մտատանջութիւններու բերած ծանրաբեռնումներուն, գրողը ընթերցողին առջեւ դրած է տասներեք հատոր, որոնցմէ երեքը իր կողմէ խմբագրուած հատընտիրներ են, վերադասաւորուած բովանդակութեամբ եւ աւելի շեշտուած կիզակէտով։ Անոնք կ՚երկարին 1969էն մինչեւ օրերս։ Չորսը արձակ գրութիւններ են. պատմուածքներ, պատումներ, ինչպէս նաեւ՛ վերլուծական ու մշակութային քննադատութեան կտորներ։
     Առաջին գիրքը յատկանշականօրէն լոյս կը տեսնէ 1968-69ին, այսինքն 1918էն այսօր երկարող հարիւրամեակի ճիշդ մէջտեղը. իր ետին յիսուն տարի, իր առջեւ յիսուն տարի։ Կապոյտ Ապրիլի մէջ քսանամեայ հեղինակը մէկտեղած է ոչ միայն պատանեկան սէրերու շուրջ հիւսուած կտորներ, այլեւ քանիներ (օրինակ՝ «…Եւ ի՛մ դիմանկարը»), որոնք սփիւռքի համար բնորոշ ժամանակաշրջան մը կը խտացնեն։
     Հրապարակ եկող հատորը կը բացուի տասնութ տարեկանին գրուած բարեւով, ուր բանաստեղծական ձայնի փնտռտուքը տակաւին կրնայ յուշել պատանի գրողին ընթերցումներուն շունչը, ծանօթ դասականներէն մինչեւ այդ
ժամանակի տիրական ոճերը՝ սեւակներն ու շիրազները.

………
Չեմ գիտեր խօսքս իմաստուն ուղե՞րձ
թէ պարզ մէկ շո՛ւնչն է խենթ պարմանութեան…
–Ծլէք, ծաղիկներ, ու բոյրը բերէք,
բի՜լ ու արփաւէտ իմ կեանքի գարնան.
Եւ թող ձեր բոյրով, անո՜յշ, կենսաշո՜ղ,
յորդի՛ն դեռ գալիք երգերս բոլոր…[1]«Ապրիլ», Կապոյտ Ապրիլ, 10։

     Ոստրէի մէջ (1974) բանաստեղծական արուեստը, ոճը կը զարգանան. առաջին գիրքի կարգ մը տողերու մէջ ժամանակակից ազդեցութիւններ յիշեցնող դարձուածքները այստեղ կ՚անհետին, ձայնը կը զօրանայ, քերթողական հնարքները կը բազմանան առանց պոռալու կամ նոյնիսկ իրենց գոյութիւնը բռնազբօսիկ կերպով զգացնելու։ Կը տեսնուի բաղաձայնոյթներու բացառիկ տողանցք, բոլորագրաւ կշռոյթ։ Դեռ աւելի կը խտանան, թռիչք կ՚առնեն պատկերները («Ովկիանոսը կ՚ոռնայ ոստրէի բարակ պատերէն խլաթակ գիշերուան մէջ». «վանքեր կան մերկ բադերու նազանքով»

Ոստրէի մէջ Թեքեան անհատը կը դնէ
որպէս հայրենիքի կորիզ. «երկիրս» է
որ «տխուր է» իմ հոն չըլլալուս։

     Սփիւռքի երազն ու տագնապը կ՚արտայայտուին շրջուած սահմանումով մը, «իմ երկիրս տխուր է քանի որ ես այդտեղ չեմ», որ ունի Գրիգոր Պըլտեանի 2005ին կատարած միւս շրջումին բնոյթը։[2]Տե՛ս «Անժողովուրդ լեզու», Մանտրաներ (Երեւան, 2006), 599-618։ Այդ քերթուածէն՝[3]Կ՚ըսեմ քերթուածը ինք, եթէ ոչ բացայայտօրէն հեղինակը, քանի որ այդ բանաստեղծութիւնը հակազդեցութիւն մըն էր այդ … Continue reading «Անժողովուրդ լեզու»էն ընկալելի է այն, որ լեզուն կը ստանձնուի որպէս կորիզ, ու թէ ժողովուրդն է կորսուողը, ոչ թէ լեզուն. Ոստրէի մէջ Թեքեան անհատը կը դնէ որպէս հայրենիքի կորիզ. «երկիրս» է որ «տխուր է» իմ հոն չըլ լալուս։ Բաներ որոնք հիմա կը կարդանք ու այն տպաւորութիւնը կը թողուն որ այսօրուան համար գրուած ըլլային։ «Մանկապարտէզի տետրակներուն մէջ թռչուն մըն ալ կայ մէկ թեւով թռչող. հորիզոնիդ օմեկան եմ, կարօտս մի՛ լքեր, երկիր»։[4]«Քանի որ ես այդտեղ չեմ», Ոստրէ, 25։ Նոյն բանը, այսինքն ես եմ երկրի հորիզոնին օմեկան, ոչ թէ հակառակը, որ ֆեթիշացումի կը տանի. ես՝ ստեղծողը, երկիրը կայացնողը, զայն կատարողը։ «Կարօտս մի՛ լքեր երկիր»ը այսօր կարելի է փոխարինել «լեզուս մի՛ լքեր, երկիր» կոչով. մի՛ կայէնանար, ձեռք տուր ինծի, ստանձնէ՛ զիս։
     Հատորի մէջ կը սկսինք գտնել աստուածաշնչական միջգրութենականութիւն, առանց օտարոտի շեշտի։ Քերթողը կ՚առնէ, կը տանի ընթերցողը իր հետ թեւածելու եւ մտնելու համար լեզուի ծերպերուն մէջ։ Գիտակից է շուրջի գրականութեան վիճակին։ Կ՚ըսէ. «Ինչ որ գայ պիտի՝ խարխլեր է արդէն, ինչ որ եկեր է կրկնութիւն է խոր»։ Նմանատիպ գանգատ մըն է որ իր սերնդակիցը Պըլտեան կը բիւրեղացնէր նոյն օրերուն Հակաքերթուածի մէջ ամեն ինչ քակել-խախտելու փորձով, բայց որ լաւագոյնս կարելի է հասկնալ հետագային «Նամակ»ի մէջ իր բացատրած կէտերով։[5]Տե՛ս Գրիգոր Պըլտեան, «Նամակ Հակաքերթուածի մասին» (ուղղուած Մ. Նշանեանի), ԿԱՄ հանդէս վերլուծական, Ե (2002), 211-230։ Թեքեան, որու բանաստեղծութեան հիմնական մէկ մասը կը վերաբերի ստեղծագործ անհատի տագնապին, աւելի ուշ կ՚աւելցնէ. «Մանուշակագոյն թիթեռնիկ / արուեստական երգի սահմանները լքէ / ճեղքեր եւ ճիչեր կան հորիզոնին վրայ / երթանք փակենք շրթները անոնց»։[6]«Սաղմոս ձիւնահամ զեփիւռի», Ոստրէ, 89։ Երկու հատոր ետք նոյն քննադատութիւնը կը տեսնենք ժամանակակից գրականութեան մասին. «Խաբեպատիր ու պատրալիր ճամբաներ, եւ հունախոյզ ճամբորդ՝ քալեցի այդ փողոցներէն։ Պահ մը լսեցի ոսկորներու շխրտոցը, տեսայ գրականութիւն մը որուն բանալիները ժանգ կապած էին, որովհետեւ վաղուց չէին գործածուած»։[7]«Նշանագիր XIV», Նշանագիր, 90-91։
     Յաջորդ գիրքը՝ Ճեղքուած մանրանկար (1977) Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին շուրջ հիւսուած պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է, բայց որ գրեթէ իր ամբողջութեան մէջ չի դադրիր բանաստեղծական արձակ ըլլալէ, այնքան ուժեղ է քերթողական թափը։ Գործը արուեստով եւ մտածումով կը ստանձնէ ներկան գրելու աշխատանքը, մատնանշելով ընկերային անարդարութեան, իգական սեռի անիրաւուածութեան, պատերազմի անհեթեթութեան եւ համայնքի կազմալուծման ցաւերը։ Յատկանշական է, օրինակ, «Էութիւն» պատմուածքը, ուր միջինարեւելեան հայ գրականութեան համար անծանօթ հարազատութիւն մը կայ շրջակայքը տագնապեցնող խնդիրներուն, ըլլա՛յ ատիկա պաղեստինեան հարցը թէ կին արարածի անհաւասար ցաւը։

Ճեղքուած մանրանկարը … արուեստով
եւ մտածումով կը ստանձնէ ներկան
գրելու աշխատանքը, մատնանշելով
ընկերային անարդարութեան, իգական
սեռի անիրաւուածութեան,
պատերազմի անհեթեթութեան եւ
համայնքի կազմալուծման ցաւերը։

    1978ին կը հասնի բանաստեղծական հատոր մը եւս՝ Կիզակէտ, որ անոր յաջորդող Նշանագիրին եւ Բազմածուփ աշխարհին հետ չեմ դադրիր վերընթերցելէ երեք, չորս ու աւելի անգամ։ Գրական ծրագիրը յստակ է, ու գրելու մասին է, ինչպէս միշտ. կը սկսի «Կազմալուծում եւ հոգեկայան»ի տողերով. «Մեռած ձայներու ոստայններէն /ստուերս ճամբորդող սերմի նման / կը տեղաւորուի / … բառերու վրայ»,[8]«Կազմալուծում եւ հոգեկայան», Կիզակէտ, 9։ յետոյ՝ «Դի՛ր ծունկերուս մէջ որ շնչէ էակը»։[9]Նոյն, 12։ Գրողը լեզուին ու լոյսին կ՚ըսէ. «Բերած եմ քեզի ամբողջութիւնս / երազ մը, լոյս մը, եւ բառերու մէջ / կիզանուտ կեանք մը»,[10]Նոյն, 19։ եւ ատիկա կ՚ընէ «շրթներս օծած ամենածեր երազներով եւ բառերով ամենաերիտասարդ»։[11]Նոյն, 24։ Խօսակցութիւն մըն է լեզուին հետ կամ անոր, որ պիտի կոչէի ստեղծարար ուժ, Լոյս. Նարեկի Բ. Բանին նման, ուր քերթելու ձեռնարկած բանաստեղծը կ՚աղաչէ որ չըլլայ թէ իր գրութիւնն «ամպէ, ու ոչ անձրեւէ», Թեքեան կը հայցէ. «Դուն զիս մի տանջեր լռածնութեամբ, մենք պատանի չենք / երազներուս մէջ ձմեռնային վարդերու հունտեր / կը ծնէի քեզի համար».[12]Նոյն, 25։ ապա կասկածը, վախը ստեղծողի, լեզուի ու ընթերցողի միջեւ յառաջանալիք տագնապին, աղէտին, որ կը նախազգայ. «Կարելի հունտերը օր մը կը հիննան / եւ ծլարձակումը անկարելի կ՚ըլլայ / կարելի ոսկեգոյն երգերը / սառած թիթեռնիկներ կը դառնան / կարելի օր մը հայելին կը փշրուի / եւ աչքեր չ՚ունենար»։ Հայելին՝ արուեստի, վերկայացման այդ խորհրդանիշը։ Գրողը գիտէ իր կատարածը. «Երկինքին վրայ ապակի ուլունքներ կան ես այդ ուլունքներուն վրայ հատ մըն ալ կ՚աւելցնեմ որո՞ւն է այս ուլունքը մի՞ւսը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի մենք բոլորս արծաթէ ուլունքներ կը շարենք գիշերներու շրթներուն յետոյ կ՚իջնենք կ՚իյնանք մեր տառապանքին յատակը…»։ Վախը, «մեր չարձակած ճիչերուն» եւ «խեղդուող լուսէ ձայնին» վախը միշտ ներկայ է։ Ստեղծելը առաքելութիւն է, մտասեւեռում։
     Կոչումը յստակ է գրողին համար. կոչումէն անդին՝ հրահանգ մը։ Պղատոնեան քարանձաւէն ներշնչուող լոյսի ու ստուերներու կառուցման տողերուն մէջ կը հանդիպինք վերջնագրի մը որ ինքզինքին կ՚ուղղէ. «Կամ ձայնդ բե՛ր այստեղ / կամ չքացի՛ր աչքէս»,[13]«Բառէ մոլորակներ», Կիզակէտ, 49։ այսինքն գրէ՛ լոկոսը, որուն համար յետոյ պիտի ըսէ. «Ու այդ մեծ ու այրի Բանի կեանքին համար / ծփանքս կապոյտ վիհերուն տուի»։[14]Նոյն, 51։Ինչո՞ւ սակայն. «Կրնայի ոսկի քաղաքին մէջ վարդագոյն կոթողներ / բարձրացնել, յետոյ ծննդատու ճիւղի նման/ երակներս պարզել դէպի աշունը. / բայց ես մարդերու քարայրին մէջ խոռոչ մը շինեցի / ուր ծալապատիկ նստած՝ բառերու մէջ / լոյսե՜ր, ստուերնե՜ր կը տեղաւորեմ»։[15]«Հոգեկայան», 23։

«Մոխիրէ ծառը»… հիմնականին մէջ …
սփիւռքի բանաստեղծի մը
խօսակցութիւնն է, առերեսումը,
նոյնիսկ ճակատումը Աղէտին հետ.
զայն խօսելու փորձէն աւելի՝ անով,
անոր ներկայութեամբ խօսելու փորձ
է, լեզուն անապատէն փրկելու, զայն
կայացնելու այդօր, ի վերջոյ։

     Գրողին, ընկալուող հեղինակին ու գրութեան միջեւ եռակողմանի շփոթը, մրցակցութիւնը, իրար հալածելու եւ իրարմէ փախուստ տալու հարցը տարբեր գրողներու մտահոգութիւնը եղած է, ու ատիկա Թեքեանի մօտ կանուխ է որ կ՚արտայայտուի բազմաթիւ առիթներով. «փախայ / փախայ / փախայ / (…) իմ մաքրութիւնս գինիով արբի / եւ նորութեանս շտեմարանը հրկիզուի / վախցայ»։ Բանաստեղծը կը նոյնանայ իր ստեղծածին, ու միաժամանակ փախուստ կու տայ անկէ, յիշեցնելով Պորխէսի ծանօթ գրութեան տողերը, ուր գրողը իր անուան տէր հեղինակին հետ տեւաբար գոյացող շփոթը կը փորձէ փարատել շարունակ փախչելով։[16]Հմմտ. Խորխէ Լուիս Պորխէս, «Պորխէսն ու ես». «Այսպէս, կեանքս փախուստ մըն է եւ ամէն ինչ կը կորսնցնեմ ու ամէն ինչ … Continue reading Թեքեան կ՚ըսէ. «Շոգենաւերը այրելո՛վ կ՚անցնիմ / եւ գովազդները պատռելով կ՚անցնիմ. … Ստուերս ու ես ձուլուած ենք այնքան / որ հիմա կարծես ստուերս միայն մինա՜կ կը փախի…»։[17]«Բառէ մոլորակներ», 57։
     Նշանագիր հատորը լոյս կը տեսնէ 1987ին, ու անհրաժեշտ ընթերցում պէտք է նկատուի գրողը ճանչնալ ուզողին համար։ Այստեղ կը գտնուին իր ամենազգայուն ու ամենէն խորը թափանցել փորձող քերթուածները, ինչպէս նաեւ քննադատութիւն որ կը տարածուի գրականութենէն ընկերային եւ ինքնութենական հարցեր, ներառեալ քննադատական վերընթերցում մը սփիւռքահայ կնոջ կերպարին ու անոր ընկալման։
     Գիրքը կը սկսի «Մոխիրէ ծառ» ծաւալուն քերթուածով։ Ատենին որոշ անձեր փորձած են համեմատել զայն Սեւակի Անլռելի զանգակատունի եթէ ոչ ձեւաչափին, այլ գոնէ նպատակին հետ ինչ կը վերաբերի Եղեռնի ոգեկոչման։ Խոնարհ կարծիքովս, սակայն, «Մոխիրէ ծառը» կը գտնուի այլ հարթակի վրայ. ունի ռեքուիեմայինը, այո, այնուհանդերձ հիմնականին մէջ անիկա սփիւռքի բանաստեղծի մը խօսակցութիւնն է, առերեսումը, նոյնիսկ ճակատումը Աղէտին հետ. զայն խօսելու փորձէն աւելի՝ անով, անոր ներկայութեամբ խօսելու փորձ է, լեզուն անապատէն փրկելու, զայն կայացնելու այդօր, ի վերջոյ։ Քերթուածը կը փորձէ խօսիլ ո՛չ թէ տասնհինգեան Աղէտը, այլ այն, որ ատոր հետեւանքով մեզ՝ այսինքն լեզուն մխրճած է երեւութաբար անելային վիճակի մէջ, եւ որմէ միայն քիչեր փորձը կ՚ընեն դուրս գալու, նախ զայն հասկնալով, փորձելով խօսիլ անասելին, լեզուին բերելով բո՛ւն աղէտը որ լեզուինն է, խօսելով անապատը։
Ստեղծագործական, մտաւոր, լեզուական այս անապատի յղացքին բազմիցս կը հանդիպինք բանալի հատուածներու մէջ, ոչ միայն Թեքեանի, այլեւ Պըլտեանի տարբեր գործերու երկայնքին։ Այդ իմաստով ալ ան թերեւս լաւագոյններէն է որ գրուած ըլ լայ նիւթին մասին, դժբախտաբար յարաբերաբար դուրս շրջանառութենէ ինչպէս մեր լաւագոյն գիրքերը, քանի որ անոնց տողերը չեն նպատակադրեր անճարակօրէն պոռալ արարատ ու ճանաչում. գիրքեր են որոնք փոխանակ հոգեհանգստեան ծէսի՝ կը դիտեն, կը մտածեն եւ ուղի կը բանան։
     Այդ շրջարկին մէջ է որ բանաստեղծը կը յանդիմանէ. «Փորձէ որ ծնանիս / ինչ ամուլ արգանդդ բռներ կեցեր ես»։[18]«Մոխիրէ ծառ», Նշանագիր, 29։ Գրութիւնը չի խօսիր ոճիրներու մասին, այլ լեզուին ու ստեղծագործ կենդանութեան հարցին, երբ կ՚ակնարկէ ոսկորներուն, հողին ամլութեան, լեզուի ու մտածումի ամլութեան, հատուած լեզուին։

Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր էր լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի հասնելու
սահմանաւոր վայրիս վայրերը անսահման
անդրադարձայ որ լեզուս հատուած էր…[19]Նոյն, 30։

     Յաւիտենական սիրահարը սիրոյ նոյն առարկային է որ կը խօսի, երբ իր մարմինն ու մորթը կը հիւսէ, կը կազմէ «բառերու ասեղով», դառնալու համար կորսուած բառերուն եւ խեղդուած ձայներուն գիւտարար սիրուհին.

Քու յիշած ձեւերովդ չէ որ գրեցի այբուբենիս տառերը խրթին
Գրեցի ինչպէս երեւացին ինծի
Բառերու ասեղը մերկ մորթիս վրայ կարելէ ետք երկար
կանգնեցայ ըսի՝ գեղեցկուհիդ չեմ
սիրուհի՜դ եմ ես
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ ձայներս խեղդուած[20]Նոյն, 30։

     Անապատի առնչութեամբ մտածումի մասնակի, բայց ուշագրաւ հանգիտութիւն կայ Թեքեանի եւ վերը յիշուած «Անժողովուրդ լեզու»ի միջեւ, որոնք աղէտը քերթողաբար ընկալելու աշխատանքը բիւրեղացնող յաջողագոյն երկերէն պէտք է նկատել, եւ որոնք տակաւին կը սպասեն հանգամանաւոր եւ, ինչո՞ւ չէ, համեմատական վերլուծման։ Նոսրացող արիւն ու կենսունակութիւն, ու ապա՝ «մի կախուիր քղանցքէս      չեմ կրնար բուժել քեզ»։

Ականջներդ պիտի ցաւին բայց յանցաւոր չեմ
Հասունցած կարծրացած մթապատ
փշածաղիկին հիւթը դրի աչքերուս
ինչի որ դպայ՝ Անապատին մէջ ինկաւ
Անապատը խելագար մայր՝ գրկեր էր քեզ
Մինչդեռ իր բազուկներէն խլուեր էի հեռու
արիւնատուութեամբ կը տառապէի
Աս ինչ վայր է
ինչի որ հպիմ պատգամ մը կ՚արձակէ
Կ՚ուզէր որ ինքզինքս թաղէի մահուան երգերուդ մէջ
ամէն անգամ որ երգերդ մտիկ ըրի՝ նոսրացաւ արիւնս
Մի կախուիր քղանցքէս չեմ կրնար բուժել քեզ

     Հատորին մէջ աւելի ուշ՝ «Նշանագիր XIX»ին եւ XXIին մէջ կ՚ընդլայնուի աղէտին լեզուամերժ, լեզուն անկարող դարձնող որակի բացայայտումը, որմէ եւ «անանուանելիին» նկարագրութեան ձեռնարկողին յանդգնութեան նոյնիսկ
լրբութիւն թելադրող անզգայութիւնը։

     Լեզուն իր լոյսը ունէր որ անոնց չէր հասներ. Ո՞վ պիտի տեսնէր, որո՞ւ նայուածքը պիտի բռնէր լոյսը այն սանձարձակ սահմանին մէջ որ Արտասահման կը կոչուէր. հակառակ որ իր բնակավայրը ծնած մէկ օրէն հոն էր՝ իր լեզուն խօսողները իսկ եւ ամենէն առաջ անո՛նք զինք չէին հասկնար։ … Ո՛ր ժամուն, ի՛նչ տրամադրութեամբ ալ նայէր անոնց աչքերուն՝ ճերմակի վրայ սեւ դրուած կը գտնէր Աղէտը — կարեւոր չէր որ մէկը — ինք Աղէտը կը տեսնէր, սեւ կարծր սպառազինող եւ աշխարհին անհաղորդ բանի մը պէս։[21]«Նշանագիր XXI», Նշանագիր, 133։

Յետոյ՝ ո՛վ պիտի ժպրհի նկարագրել Անանուանելին։[22]«Լուսազարթնում (Նշանագիր XIX)», 101։

     «Մոխիրէ ծառ»ի յատկապէս վերջին էջերը կը սահմանեն սփիւռքը ու զայն երգելէ անդին կը նշեն անոր ընելիքը եւ ըսելիքը։ Հոն անգամ մը եւս կը սահմանուի «հայրենիքը», շեշտը խլելով հողէն ու սահմաններէն. այդ տողերուն մէջ հայրենիքը խօսք է, որովհետեւ անարձանագրելի խօսքերը գրողը զայն պէտք է «շալկէ ու քրտնաթաթախ տեղ հասցնէ» իբրեւ «պատկանելիութեան զտաթուղթէն անցած հեղանիւթ»։

Չփորագրուող խօսքեր կան զորս շալկելու
եւ քրտնաթաթախ տեղ հասցընելու սահմանուած ենք
Հայրենիքը պատկանելիութեանդ զտաթուղթէն անցած այդ հեղանիւթն է
հոգիիդ ամանակին մէջ՝ հնաւանդ պատարագի ընթացքին[23]Նշանագիր, 54։

     Նախորդ հատորներու մէջ սփիւռքի գրականութեան արժեւորումներէն ու քննադատութենէն ետք, Նշանագիրի մէջ Թեքեանի ձայնը հետզհետէ աւելի տագնապալի կը դառնայ, նոյնիսկ ցասումնալից, խարազանող։ Սփիւռքի գրականութիւնը «աւեր չէ», այլ ինքնանպատակ. իր իսկ «սեփական մարմնէ բխած…հող» պէտք է անոր, փոխանակ «փափկերգակ գրողներու բառերու ժապաւէններուն»։

Որո՛ւն պէտք են փափկերգակ գրողներու բառերու ժապաւէնները
… Սեփական մարմնէ բխած արե՛ւ եւ հո՛ղ պէտք է
որ մեր տագնապի յայտարար նշանները ձեւէ
որպէսզի մեր գրադարաններու մէջ շարուած գիրքերը
չդիտեն մեզ իբրեւ յանցագործներ
Ոչ Սփիւռքի գրականութիւնը աւեր չէ շէնք չէ
բե՛րդ է զգաստ եւ ինքնանպատակ[24]«Նշանագիր XXI», 133։

     Կը կքի ստեղծարար կորովը, այլ խօսքով գրականութեան ու լեզուի կենսունակութիւնը, որ կը դառնայ պահեստի դարան, պահածոյ ապրանք, ինքն իր սահմանափակումը միայն արտայայտող։

Մեծ ուժ մը նսեմացուցած է իրը, ծառ մը որ չ՚արտայայտեր, այլ միայն կը
ցուցադրէ ոչ թէ իր ոյժն ու կարողութիւնը, այլ՝ իր սահմանափակումը։
Ներողութի՜ւն, հայ մշակոյթ, բայց բան մը կայ որ կը մեռնի կոր…[25]«Նշանագիր XIV», 82։

     Ի՞նչ պիտի ընէ ստեղծողը. ո՛չ թէ փնտռել, նկարագրել ու արտագրել դիւցազներգութիւն, այլ կատարողական (performative) գրութիւնով զայն արտադրել. «Չորոնել դիւցազներգութիւնը, չորոնել։ Ոչ մէկ երաշխիք որ քարանձաւը բացուի եւ Մհերը գտնենք այդտեղ։ Վերջնականօրէն դուրս գալ միթի պարունակէն եւ մտնել վիթխարի աչքիդ անթարթ կէտին մէջ։ Այնտեղ Մհերը՝ իր սաղմէն դուրս քաշել»։[26]«Ընթացք ծանրաքայլ», Նշանագիր, 121։ Այսինքն կազմել նոր պատում, հերոսը՝ աշխարհը փոխողը, փրկողը արտաբերել եւ արտադրել մեր իսկ նայուածքով։ Ստեղծումը, փրկութիւնը, Մհերը՝ գրողի նայուածքին իսկ մէջ։

Նշանագիրի մէջ Թեքեանի ձայնը
հետզհետէ աւելի տագնապալի կը
դառնայ, նոյնիսկ ցասումնալից,
խարազանող։ Սփիւռքի
գրականութիւնը «աւեր չէ», այլ
ինքնանպատակ. իր իսկ «սեփական
մարմնէ բխած …հող» պէտք է անոր,
փոխանակ «փափկերգակ գրողներու
բառերու ժապաւէններուն»։

     Գրողը չի դադրիր մտածելէ գրելու եւ ստեղծումի մասին։ Ստեղծագործ պահը, «պայթուցիկ եւ ամենախոր, հաճոյքը յանձնումի անըմբռնելի, անդիմադրելի, անպաշտպան եւ անտուն», կը նկարագրուի գեղագիտութեան մէջ վսեմի աւանդական ստորոգելիներով. վիհը, ճանաչումէ ասդին մնացող որակը, ցաւին հաճոյքը, բայց նաեւ անոր դարմանէն, այդ ցաւի կորուսումէն սարսափը.

Կացութիւն մը կայ որ ճանչնալէ եւ գիտնալէ անդին է, եւ այնտեղ խորխո-
րատ է եւ ձայնդ մէկը չի լսեր։ Բայց այդ կացութեան մէջ ձայնդ այնքան
զօրաւոր եւ համապարփակ կ՚ըլ լայ որ կը լեցնէ տիեզերքդ, կամ ինչ որ
քեզմէ կը հոսի դէպի ուրիշ տարածութիւններ։ Եւ բանի մը տենչանքը,
անձկոյթը չես զգար բացի վերստին վերստին այն բանին որ անուն չունի։
Այնտեղ կը խարանես եւ կը վիրակապես ինքնութիւնդ, եւ ցաւդ հաճոյք
կը պատճառէ քեզի եւ դարմանումը՝ սարսափ։ Պէտք է զգաս արիւնը
մարմնէդ դուրս հոսող, եթէ շնորհուած է քեզի ստեղծագործելու կարե-
լիութիւնը։[27]«Նշանագիր XXI», 132-133։

     Իսկ ստեղծումի գործընթացին ապրումը կը նկարագրուի հետեւեալ ձեւով։ Նիկողոս Սարաֆեանէն ետք քիչեր հայ գրականութիւնը հանդիպադրած են այս տիպի խոկումներու եւ պրպտած այս կարիքները.

Անյիշելի պարտք մը ունիմ որ պէտք է անվերջօրէն հատուցանեմ, իր
մէջէն անցընելով բարձրութիւնները կիրքի եւ զրկանքի խորութիւնները։
Անկէ ետք է որ կ՚արթննայ ստեղծագործ երջանկութիւնը եւ հոգիս կը
պտուտքի երաժշտութեամբ մը որ ոչ ոք պիտի լսէ։ Անշուշտ ոչ ոք պիտի
լսէ։ Բացարձակ անտարբերութեամբ կը փետտէ ճամբան, կը փետտէ
մարդերը իրենց տեղերէն եւ երթեւեկ մը կը ստեղծէ իրեն համար։ Ոչ մէկ
երաշխիք կու տայ, ոչ մէկ վերջաւորութիւն։ Ինչ տարօրինակ է վստահու-
թիւնդ. կը բաւէ որ ոտքդ դնես անոր ծայրը եւ վստահ ես որ ելքը պիտի
գտնես, պիտի հասնիս։ Ճամբան անվերջութիւնն է։ Ինքզինք չի զսպեր,
կը պայթի, կը բողոքէ, կը լքէ։ Կնոջ մը պէս։ Ընդհանուրին մէջ կ՚անանձ-
նականացնէ, յետոյ քեզ անհունօրէն ինքնախոյզ դարձնելու։[28]«Նշանագիր XIV», 90։

     1993ին կու գայ վեցերորդ հատորը՝ Բազմածուփ աշխարհ, երկու բաժիններու վրայ տարածուած բանաստեղծութիւններով։ Այստեղ ոճը որոշ չափով կը դիմէ արձակին։ Ֆեմինիզմի եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, բախումներու, տագնապներու արձագանգը, որ Նշանագիրի մէջ արդէն սկսած էր, հատորի առաջին բաժնին մէջ կը վերածուի առանցքային թեմայի։ Ապահարզան, երազներու դիմաց պատրանաթափութիւն, անձկութիւն, մատղաշ թէ չափահաս կին զոհերու փորձառութեան գրականացում առանց բարկաճայթ ճառերու, այլ միայն վերկայացումով։ Me tooի օրերուն հոն կը գտնենք քառորդ դար առաջ գրուած դիպուկ քերթութիւն.

Դիւրին է խօսիլ տանջանքի մասին դժուարը լռելն է
եւ մանաւանդ՝ չգիտնալ ցաւիդ անունը
չգիտնալ թէ որքան բորբոքուն են կոպերդ
բրտութեան համը չքացե՞ր էր նախաճաշիդ
Բարձ ունի՞ս ո՜ւր պիտի դնես գլխուդ մէջ սողացող կրակը
…Դժուարը՝ չճանչցած կեանքի եռուզերը,
կաթոգնիլ փափուկ ափի մը բայց գտնուիլ կարծրութեան մէջ Տան
ուր զօրաւորը կը հարուածէ տկարին
Դժուարը՝ դպրոցական պայուսակիդ հետ
բանալ իրականութիւնը այն կիներուն որոնց հոգին փճացած է
երկարօրէն համտեսուած նուաստացման դժոխքին մէջ
Անոնք ալ տեղ մը փոքրիկ աղջնակներ են
ալ մտածելու շարժելու անկարող[29]«Վեցամեայ Լիզային», Բազմածուփ աշխարհ, 36։

     Ո՞ւր է այս բուռն տողերուն ժամանակակից գնահատումը հայագիտութեան մէջ նորոյթ այլ անհրաժեշտ ֆեմինիստ վերլուծաբանութեան բարեկամներու կողմէ, որ ի տես այդ հարցի մասին հայ գրական յարաբերական երաշտին, կ՚աճապարեն տօնակատարել կամ փառաբանել դոյզն իսկ արտայայտութիւններ, հազիւ թէ որսացուած հարիւրամեայ (կամ աւելի) էջերու մէջ, այն ալ նախընտրաբար թարգմանովի (երբեմն դիւրին է հայ գրականութեան, ընկերաբանութեան ու մարդաբանութեան մասին խօսիլ առանց հայերէն գրութիւններ ալ կարդալու ժամանակը յատկացնելու չափ ստորանալու)։

Ֆեմինիզմի եւ սեռատեսակային (gender)
հարցերու, բախումներու,
տագնապներու արձագանգը … կը
վերածուի առանցքային թեմայի։
Ապահարզան, երազներու դիմաց
պատրանաթափութիւն, անձկութիւն,
մատղաշ թէ չափահաս կին զոհերու
փորձառութեան գրականացում
առանց բարկաճայթ ճառերու, այլ
միայն վերկայացումով։

     Ի դէպ, ժամանակն է որ դադրինք «կին գրող» կոչելէ կին գրողները. արդեօք միւսները «այր գրո՞ղ» կ՚անուանուին։ Ինչո՞ւ Վեհանոյշ Թեքեան — միւս բոլոր կիներուն նման — պիտի ըլ լայ «շնորհալի գրող», նոյնիսկ երբ ամենախիստ, սաստիկ, ապտակիչ տողերը կարելի է գտնել իր մօտ։ Ժամանակն է որ դադրինք նաեւ գլխաւորաբար կին ըլլալուն համար փնտռել ու ֆեթիշացնել Զապէլ Եսայեաններ, որոնք ունին իրենց սեփական գրակա՛ն արժանիքը, որ շատ անգամ չի կարդացուիր իսկ ջատագովներու թէ երկրպագուներու կողմէ երբ նկատի կ՚առնեն միայն գրողի իգութիւնը. ու դարձեալ ինչո՞ւ երթալ հարիւր տարի ետ երբ մեզմէ սոսկ կը պահանջուի ժամանակակից գիրքերը բանալ ու բարեբախտաբար հանդիպիլ ըմբոշխնելի գրականութեան։ Թեքեան առանց բառերը ծամելու կը բողոքէ. «Հայ ըլլալուս կին ըլլալուս՝ ստիպուա՞ծ եմ / պատառ պատառ երազները քաղցրացնել։[30]«Տարիներու ընթացքին», Բազմածուփ աշխարհ, 24։
     Գիրքի երկրորդ, «Թոյն անմահութեան» բաժինը առանձինն դասընթացքի մը նիւթ կրնայ հայթայթել, նորէն բանաստեղծութեան, լեզուի, անապատի, քարանձաւի, լոյսի, քայքայման մասին իր մտորումներով։ Խորհրդածութիւն արարումի եւ իր բառերով այբուբենի առեղծանումի ու վերեղծանումի շուրջ։ Ինչպէ՞ս «վերեղծանել», վերծանել ստեղծելով «մեր հին լեզուն հաշմաձեռն», որուն գրող ձեռքը անպտուղ է դարձած։

մենք որ լեզուի սենեակներուն մէջ կ՚ապրինք
հիանալի խենթերու համախմբում ենք
մահուան համաճարակէն եթէ վախնանք
երգ մը կը շինենք ու կը խցկենք
մեր լայնաբերան տխրութիւններուն մէջ
………
Տեղ մը պէտք է անձրեւախառն քամին խօսի
եւ բառերը շնորհաձիր շողերու պէս
մարմնի՜ս ծուծի՜ս պէտք է մտնեն
ու մարմինս իր տունէն ներս պէտք է մտնէ[31]«Մտաբախում», Բազմածուփ աշխարհ, 74-75։

     Այս երկրորդ մասի յիսունի չափ էջերու մէջ տրուողը պատում մըն է բանաստեղծի երկունքին, անցած ուղիին, ձգտումներուն, պայքարին, հիասթափութիւններուն եւ արբշռանքին մասին։ Վերնագիրներէն մէկ քանին՝ «Տաճարացում», «Միակեցութիւն», «Ասք երկիւղի եւ արարման», «Լուսաշթում», «Թոյն անմահութեան» տարտամօրէն կը յիշեցնեն Ահարոնի Մագաղաթներ հատորի (1937) «տաղաշրջան»ները, քերթողի ստեղծագործական գրեթէ կրօնական ուղիին մասին, թէեւ իրենց ըսածով ու ըսած ձեւով շատ հեռու են անոնցմէ, այսինքն 1914ի Մեհեանի գաղափարներուն ուշացած շարունակումէն։ Այստեղ Թեքեանի լեզուն միաժամանակ ողբ է եւ կը դիւցազներգէ անվարժ ընթերցողին համար դժուար, սակայն գերագոյն լարմամբ արտաբերուած առնչութիւններով, ուր գրիչը խելացնոր թափ կը ստանայ, նորակազմ եզրեր կը ցայտեն պայթուցիկի պէս աջ ու ձախ, եւ մտածումը կը զօրէ, կը զարնէ բառերուն, պատկերներուն։ Ո՞վ պիտի ընկալէ, ո՞վ պիտի հասկնայ ա՛յնքան պրկում եւ սաստկութիւն ծորող «երկիւղի ալիքներն ու արարման ճառագայթներ»ը։

Տոհմածառ պատմուածքներու
հաւաքածոն … Կապն է
գերդաստանին, մեծ հօր գծած
տոհմածառին ու ատոր ընդմէջէն մեծ
հօր լռութեան կնիքով դրոշմուած
ներկայի մը, դէպի ապագայ
հեռարձակումի մը

     1997ին տպուած յաջորդ գիրքը Տոհմածառ պատմուածքներու եւ այլ արձակ կտորներու հաւաքածոն է։ Աւելի զաւեշտական նոթերով, տեւաբար դիպուկ խայթերով, սակայն նաեւ միշտ բանաստեղծական, կշռութաւոր, հայերէնի այդ անսահմանելի, անորոշելի բոյրով, հէքիաթային շեշտով։ Կապն է գերդաստանին, մեծ հօր գծած տոհմածառին ու ատոր ընդմէջէն մեծ հօր լռութեան կնիքով դրոշմուած ներկայի մը, դէպի ապագայ հեռարձակումի մը. Սփիւռքի պատմութիւն մը մանկապատանեկան ու չափահաս տարիքի ընտանեկան փորձառութիւններով տրուած։
     Նախորդ գիրքերուն մէջ ուրուագծուող հիասթափութիւնը պոռթկումի կը հասնի յաջորդ քերթողական հատորին մէջ՝ Սնունդ եւ անդունդ (2000, թէեւ գրուած իննսունականներու սկիզբը)։ Կասկածը կը շեշտուի, մայր որոնելու, հայր ու տուն փնտռելու ոգորումը, հողը ոտքին տակէն սահած ըլլալու գիտակցութիւնը, եւ նոյն ատեն չըսուող, բայց թելադրուող գիտակցութիւնը իր ըրածին, մատուցածին եզակիութեան, նաեւ՝ անապատի յաղթանակին, կեանքին ու երազներուն անոր երախին մէջ կորսուելու զգայութեան։ Տողերը իրենց քաղցրութեան մէջ սարսափելի են, փաստ որ անոնց մասին խօսող չկայ գրեթէ.

մինչ Անապատին ուրուականը կը դեգերէր
բոլոր պատմութիւններուն մէջ,
կ՚ուզէի պատմութիւնս աւազներէն դուրս քաշել։
………
Յետոյ վարժուեցայ խօսիլ մութին մէջէն
ժամանակի ու տարածութեան, ու ծերացայ։
Գրեցի. անդադար գրեցի, որպէսզի լոյսը վառած մնայ,
որքան մեծցաւ լոյսը՝ այնքան ծանրացաւ մոխիրը
ու ծածկեց լեզո՜ւս։
Հիմա անձայնութիւն է,
մեռելներու խլրտուք
ու ողջերու անդորրութիւն մահասարսուռ։
Պիտի չհասկնա՜ս անձայնութեան այս ահը,
ոգեղէնի շանթահար թաւալքը Խաղաղականի կողին,
ծաւալումը անձայնութեան։[32]«Քաղցրութիւն», Սնունդ եւ անդունդ, 107-111։

     Ամայութեան մէջ առանձին մնացած գրողը կը շարունակէ. «Բազմուղի ու խաչակերպ ձայներէս ետք, / աղի մայրիներու ջերմոցներէ ետք / անձայնութեա՜ն այս ոլորտը / պիտի չհասկնաս», «ո՛չ թէ համրութիւնը, / այլ՝ անձայնութի՛ւնը, … ո՛չ թէ ձայնի չգոյութիւնը, / այլ՝ զրկանքը ձայնի՜…»։ Անյուսութիւնը, անագորոյն անապատէն սոսկումը սակայն կը վերածուի աղաչանքի, աղօթքի. «Բարձրացո՛ւր զիս աչքերուդ, / որ պարապին մէջ ձեռքդ մինակ չմնայ, / որ անձայնութեան / այս մահագոյժ անդունդին / հեղեղ մը լո՜յս ծնանիմ»։

Նախորդ գիրքերուն մէջ
ուրուագծուող հիասթափութիւնը
պոռթկումի կը հասնի յաջորդ
քերթողական հատորին մէջ՝ Սնունդ
եւ անդունդ

     Նոյնատիպ, թէեւ աւելի մաղթանալից խօսքեր կան նոյն հատորի այլ էջերու մէջ. գրողին ու լեզուի հարսին անհատնում ձգտումը բառերն ու կեանքը զուգաւորելու, ժամանակին մէջ երկարող խօսքեր հիւսելու. «Աշխարհը եղկումեղկ սրինգի մէջ սեղմուի, / ու բառերը զգան իրենց զօրութիւնը / մեր մահերը զգան իրենց կեանքը, / եւ աշնան խարտեաշ ծառերը / դարերու համար հիւսեն պսակներ», մեծարենցեան շունչով աւարտելու՝ «բերէի, / արշալոյսի ծիծղուն ափեր, / տառը՝ գետի, / գիրքը բուրգի վերածէի, / եւ հայ լեզուի խոզակին մէջ / մետաքս մետաքս սէր հիւսէի», ու դեռ «բերէի, / լուսնաշեր գիշերներ, / պտղապայծառ ամրան հովեր, / անհատնելի՜ քերթուածներ / որոնց փարչէն մեղրը կաթէր / օղակ օղակ»։[33]«Ջրվէժներ», Սնունդ եւ անդունդ, 60։
     2015ին լոյս կը տեսնեն քերթողական Աղօթքներ ուռկաններու մէջ եւ արձակ ու հրապարակագրական գրութիւններու Խօսող լերան պատմութիւնը հատորները։ Առաջինին մէջ կը շարունակուին նախորդ թեմաները, նոր գաղափարներով, նոյնիսկ նորոգուած լեզուով, բայց որոնք արժեւորելու համար լաւագոյն է ծանօթ ըլլալ նախորդ գիրքերէն եկող տրամասութեան եւ մտահոգութիւններուն։ Ոճը աստիճանաբար կը մեղմանայ ու աւելի լաւատես երանգ կ՚ընդունի, որոշ չափով յուսադրելով ընթերցողը թէ նոր երկեր կրնան յաջորդել։

Սիրահարը անապատին մէջ

Ըսեր էի թէ նստայ ու Վեհանոյշ Թեքեանի բոլոր գիրքերը վերընթերցեցի ծայրէ ծայր, ժամանակագրական կարգով, յիշելով թէ ո՛ր տարիքին եւ ո՛ր
տարիներուն գրուած են, շրջարկային եւ անձնական ի՛նչ պայմաններու մէջ։ Երբ բոլորը միասին կը կարդացուին կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, համապատկերին մէջ կը նկատուի բան մը որ հաւանաբար նոյնինքն հեղինակը գիտակցօրէն նշմարած չըլ լայ, քանի որ մեր առջեւ կը կազմաւորուին անոր թերեւս ենթագիտակիցէն ծնունդ առած եւ էջերու ընդերքէն ընթացող անտեսանելի թելերը. անոնք, որ կը միացնեն առաջին էջերը վերջիններուն, անդին անցնելով յիսուն եւ աւելի տարիներու բերած լեզուական ու ոճական փոփոխութիւններէն, արտայայտչաձեւի ու բովանդակութեան եւ նոյնիսկ թեմայի բնական զարգացումներէն։
     Ընթերցումներէն նկատած առաջին կէտս, նախ քիչ մը տարակոյսով, այն էր որ սիրահարի բանաստեղծութիւն է գրեթէ իր ամբողջ վաստակը։ Սխալ չհասկցուիմ։ Մարդ կրնայ սիրել ու գրել տղու մը մասին, աղջկայ մը մասին։ Ու այդպէս ալ կը սկսի Վեհանոյշ Թեքեան, Կապոյտ Ապրիլի մէջ բանաստեղծութեան մասին գրելուն զուգահեռ գրելով պատանեկան սէրերու շուրջ։ Երկրորդ հատորին մէջ սակայն կապոյտ ապրիլն ու այդ սէրերը տակաւ կը կոչուին հանգստեան, ու սիրահարութեան երգերը կ՚ուղղուին այլուր։
     Սկզբնական թերահաւատութիւնս փարատած էր արդէն քանի մը հատոր ետք, երբ փորձեցի համեմատել Հրագիր հատընտիրը (2000) հոն մէջբերուած գիրքերու բովանդակութեան հետ։ Ի՞նչն էր որ փոխուած էր. զեղչուած էին, օրինակ՝ Ոստրէէն սիրային այն քերթուածները որոնք արդէն իսկ սկիզբէն յայտնապէս կը խօսէին անձերու հանդէպ սիրահարական զգացումներու մասին. մնացեր էր մեծամասնութիւն մը որ ըստ երեւոյթին կ՚ակնարկէր վերացական, բառային, գրութենական, գեղագիտական, լեզուական պարունակով էութեան մը սիրահարութեան։
     Սէր մըն է որ մշտապէս ներկայ է եւ որուն գիտակցութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ.

Երբ Աստուած հրամայեց
որ լոյս ըլ լայ յաւելեալ
մեր սէրը եղաւ
Առաւօտները ցօղաթարմ էին
Ան ոսկեցուպը կռթնեցուց թզենիին
եւ հողմաբախ կոճղի մը վրայ նստած
տարբաղադրեց լոյսն իր խաւարէն,
ըսաւ որ լոյսը – հոգին կեանքի –
անբաժանելի է
յետոյ կանգնեցաւ անտառներու մութ հովերուն ներքեւ
ստուարախիտ մօրուքը տատանելով
յայտարարեց որ մեր սէրը անբաժանելի է
Այսպէս ըսաւ Աստուած,
ալ ի՛նչ կրնանք ընել։[34]«Երբ ձեռքերուդ վրայ տրտմութեան հինա կայ», Կիզակէտ, 75։

     Սէր խօսող իր քերթուածները կը միտին գլխաւորաբար բանի մը, որ չ՚անուանուիր իր տողերուն մէջ, բայց որ կը զգանք, թէ էութիւն մըն է որ կապուած է լեզուին, հայերէնին, ու դարերու բովին մէջ անով ստեղծուած գեղեցիկին, նաեւ անով ստեղծելու բաղձանքին, անոր մէջ ապրելու, անով օծուելու, անով սնանելու, անով արբենալու, անոր հետ նոյնիսկ անկողին երթալու ցանկութեան։ Գրողը անոր հետ ընդելուզուած զայն իսկ կ՚երազէ անոր ընդմէջէն։ Առարկայ ու գործիք միաժամանակ։ Սիրահարութիւն մըն է ստեղծագործութեան։ Իր քերթողութեան մեծ մասը այդ է որ կ՚երգէ. իր բառերով՝ կ՚երազէ։ Տեղ մը կ՚ըսէ. «Զարմանալի է Մեսրոպ Մաշտոցը, ամէն հրաշքի պէս։ … Ես կը հարցնէի Վարդապետին՝ ինչո՞ւ մէջս դրիր գերագոյն սէրդ ու ղրկեցիր այդքան հեռու, անջրդի, կիզահար անապատին մէջ ուր բառերը երազ են եւ գիշերները՝ մահաբորան»։[35]«Ճանապարհ», Նշանագիր, 96։

Սէր խօսող իր քերթուածները կը
միտին գլխաւորաբար բանի մը, որ
չ՚անուանուիր իր տողերուն մէջ, բայց
որ կը զգանք, թէ էութիւն մըն է որ
կապուած է լեզուին, հայերէնին, ու
դարերու բովին մէջ անով ստեղծուած
գեղեցիկին, նաեւ անով ստեղծելու
բաղձանքին, անոր մէջ ապրելու, անով
օծուելու, անով սնանելու, անով
արբենալու, անոր հետ նոյնիսկ
անկողին երթալու ցանկութեան։

     Սէրն ու սիրահարութիւնը միայն յայտարարութիւն չեն, այլեւ պարտաւորութիւնս, որ դուն՝ լեզուին պատկանողդ, ընթերցողդ, գրութիւնս բանալով «քիչ մը լոյս, քիչ մը կիրք ու հեւք, եւ քիչ մը թախիծ ու պատրանք զգաս»,[36]Նոյն, 67։ որովհետեւ «հացագործի տրտում / տաք աղջկայ նման / թարմ բառերս ծախեմ / ու տա՜մ պիտի քեզի, / եւ պիտի թողում / որ հետզհետէ զիս ամբողջացնող կերպերս ճանչնաս»։ Կերպերը տակաւ «կ՚ամբողջացնեն զիս», քանի քերթուածներն են որ կը կատարեն գրողը։
     Կ՚ակնարկեմ Երգ Երգոցը յիշեցնող սիրոյ մը,[37]Հայ գրասէրներ, թագմանիչներ եւ նոյնիսկ երգիչներ ստէպ շփոթած են աստուածային թէ ոչ՝ «վերիրական», ստեղծագործ … Continue reading քանի որ խորհրդազգած (mystical) սիրոյ նման, ասիկա եւս կ՚ուղղուէր դէպի լոյս, զայն նուաճելու, իրը ընելու, բայց նաեւ անոր պատկանելու եւ անոր հետ միաձուլուելու, անոր մէջ այրելո՞ւ թէ անոր մէջ ու անով կայանալու վերջնագոյն փափաքով։ Մնալ լեզուին մէջ, ըլլալ լեզուին համար ու անով։ Խորհրդազգած տեսանողներու օրինակով ալ, բանաստեղծը իր տողերուն մէջ կը զոհուի թիթեռնիկին պէս լոյսին, բոցին միացած ատեն։ Գիտէ որ ատիկա պիտի պատահի, բայց նուիրուած է անոր. քերթողը իր բանաստեղծական զգայնութեան եւ ստեղծագործական թափին ամբողջութիւնը զոհաբերած է այդ սէրին։ Չափազանցութիւն պիտի չըլլար ըսել ուրեմն, որ Վեհանոյշ Թեքեան կուսանոց մտնող այն վանական միանձնուհին է, որ փեսային՝ լեզուին ու լոյսին կը նուիրէ իր հարսնութիւնը։ Իր խօսքերը, բեմի ու ընկերային միջավայրի մէջ իր արտայայտութիւնները, զրոյցները ատիկա է որ կը դրսեւորեն։ Կէս դար ետք դեռ նոյն հարսն է, ամբողջանուէր սիրահարը այբուբենով մարմնաւորուած լուսեղէն այդ ուժին։
     Բանաստեղծ-սիրահարին վէճն ու սիրաբանութիւնը լեզուին ու ստեղծարար էութեան հետ կը տանին անելի. «Հոն ուր վարդերը կը մեղեդիանան / դուն լուսապատկեր սիրահարն ես / հոս առտուան դէմ բացուած շուշանին / սիրտդ թողած ես / մարմինդ չկա՜յ», ճարահատ հարցնելու համար. «Ի՛նչ կ՚ուզես ինձմէ / շուշանին վրայ լոյս չվառեցի՛»։[38]«Կազմալուծում եւ հոգեկայան», Կիզակէտ, 32-33։ Հետաքրքրական է, որ սիրուհիին կողմէ սիրոյ առարկային ուղղուած հարցումը տառացիօրէն, թերեւս անգիտակցօրէն կը կրկնէ սպանացի մեծագոյն բանաստեղծներէն եւ ուշ միջնադարու ամենէն ակնառու միստիքներէն Թերեզա Աւիլացիի[39]Սրբուհի Թերեզա (1515-1582) կը նկատուի սպանագիր բանաստեղծութեան եւ միաժամանակ խորհրդազգած շարժումի գագաթներէն, … Continue reading բառերը երբ Թեքեան երիցս կը պնդէ. «Ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ», «ինձմէ ի՛նչ կ՚ուզես»։ Հարցումը կը նշէ ինքզինք սիրոյ առարկային յանձնելու, բայց նաեւ անոր բանտարկեալն ըլ լալու գիտակցութիւնը. ազատում չկայ լեզուէն եւ բառերով կայանալու յարաժամ փորձէն, քանի որ ենթական ինքզինք կ՚ընկալէ որպէս այդ սիրոյն յօժար գերին։

Վեհանոյշ Թեքեանի գրականութեան
ամենաբնորոշ յատկանիշներէն են
անարատ կշռոյթը, անձանձրոյթ
ընթեռնելիութիւնը, ձայնի,
գաղափարներու եւ պատկերներու
սակաւագիւտ ինքնատպութիւնը …
բայց նաեւ անզիջող ցասումը լեզուի
բեղմնաւորութիւնը վտանգողներուն
եւ լեզուն ու լեզուի մշակները
լուսանցքայնացնող մշակութային
գործիչներու դէմ։

     Միստիք փորձառութեան յիշատակումս այլաբանութիւն կամ նոյնիսկ փոխաբերութիւն մը նշելու դիտաւորութիւնը չունի։ Նման այն խորհրդազգած-
ներուն (mystics), որոնք կը միտէին միանալ գլխագիր Լոյսին, Վեհանոյշ Թեքեան եւս կ՚ապրի խորհրդական փորձառութիւն մը (mystical experience) գիրերուն, լեզուին եւ բանաստեղծութեան հետ։ Իրը սակայն զուգահեռ մը ունի այդ փորձառութիւնը գերազանցօրէն ապրած ու արտադրած Նարեկացիին, որուն նման ինք եւս կը յայտարարէ՝ «մատենացայ»,[40]«Քաղցրութիւն», Սնունդ եւ անդունդ, 111։ այսինքն վերածուեցայ, նոյնացայ լեզուին հետ, միաձուլուեցայ անոր։ Այդպէս ալ է, որովհետեւ քերթողն ու իր ստեղծագործութիւնը այստեղ կը նոյնանան գրեթէ մէկ ու միակ, հեւ ի հեւ երկարող, ցաւող, ծիծաղող, յուսացող, յուսախաբուող, յուսահատող, այնուհանդերձ յարատեւող երկի մը մէջ։
     Այդ ընդհանրական գիրքին Բաները, գլուխները օղակ առ օղակ շղթան կը կազմեն ողբերգութեան մատեանի մը։ Թեթեւօրէն չեմ գործածեր «ողբերգութիւն» եզրը, ոչ ալ ատով կ՚ակնարկեմ ողբի ու կոծի երգերու։ Կ՚ակնարկեմ անոր դասական, հին յունական իմաստին, ուր ողբերգութեան հերոսը, հակառակ աստուածներու կողմէ նախասահմանուած ի՛ր իսկ մահու գիտակցութեան, կը կանգնէր, կը պայքարէր, ինքզինք կ՚ապրեցնէր մահուան ընդմէջէն յաղթանակ կորզելով պարտութենէն (ի դէպ, դասական ողբերգութիւնը յաղթանակի երգ է իր իսկութեան մէջ. մարդկային արժանապատուութեան հաստատում, ստոյգ պարտութեան դիմաց ուժի կամեցողութիւն, մարդու աստուածայնութեան ստանձնում անյեղլի ծառացումով, ստեղծելու տեւական փորձով)։
     Պարտութիւնը չէ՞ այսօր լեզուին պարտադրուող կացութիւնը, որ կու գայ թէ՛ միջավայրէն, թէ՛ լեզուին իսկ զաւակներէն, զայն սնուցելու եւ աճեցնելու, կենսաւորելու կոչուած համայնքային ղեկավարութեան կողմէ անոր անտեսումէն, անոր ֆեթիշացումով եւ անոր ամուլ, անպտուղ ու ծիսամոլ կոթողացումով։ Բանաստեղծը, բացի վարուժանեան զոհի դերին ստանձնումէն, այսինքն մերկանալով հրապարակ գալու, ինքզինք խորանին, զոհասեղանին վրայ դնելու որոշումէն, ոչ-տիրական (ու անտէր ու աներկիր) լեզուի մը պարագային նաեւ պիտի ըլլայ ողբերգական հերոս մը. եթէ մեռնելու իսկ սահմանուած ըլլայ, ի՛նք պիտի խօսի իր մահը, որպէսզի ատով նոր կեանք մը յառաջ բերէ, որովհետեւ լեզուն կ՚ապրի խօսքով։ Վեհանոյշ Թեքեանը այդ ողբերգական հերոսն է, որ ունի յամառութիւնը դեռ հաւատալու եւ խօսելու, նոյնիսկ երբ գիտէ ու կը դիտէ մահը։
     Լեզուի նահանջին մասին իր տագնապը կը տեսնենք արդէն կանուխ գործերուն մէջ։ Իսկ յետոյ, Խօսող լերան պատմութիւնի մէջ պիտի ըսէ՝ գրողները «կ՚աշխատին որ լեզուն գերի չդառնայ սփիւռքեան կացութեան, ի՛նքը պահանջատէր դառնայ։… Պէտք է դիմադրէ լեզուն։ … Ես մայրն եմ մայրենի լեզուիս. ես է որ ապաստան պիտի տամ իրեն եւ իր գոյութիւնը պիտի պաշտպանէ զիս անորոշութենէ»։[41]«Ահազանգ ու պատարագ», (2004, 2015), Խօսող լերան պատմութիւնը, 183-184։ (Ի դէպ, գրողին համար «մայրենի լեզուին մայրը» ըլլալու կոչումը կը ստանձնուի նաեւ տառացիօրէն, յղացքի ընդհանուր գաղափարէն անդին. Թեքեանի բառաստեղծական վաստակը հազուագիւտ համեմատութիւններ միայն ունի հայ գրականութեան մէջ, ուր կը հետեւի գլխաւորաբար Նարեկացիի եւ Սիամանթոյի ճաշակին, հեռու մնալով անմարսելի արտադրութիւններէ)։
     Վերի հատուածը կը խօսի ինքնաստեղծումի մասին, որ է ինքնութեան փնտռտուք եւ կազմաւորում, ոչ թէ ընկալում պատկերի մը որուն գերին դառնայ
մարդ։ Ո՞րն է խօսող լեռը. իր մօտ արարատը լեզուն է, լեզուով ստեղծուողը, փոխանցուողը, ըմբոշխնուողը. լեռը ուրեմն կ՚ականահարուի իր սեփական բնակիչներուն կողմէ. կը փոշիանայ, կը վերածուի յուշարձանի, յիշատակի, սրբազան մասունքի, շատ յարգելի սակայն մեռեալ բանի մը։ Կ՚ըսէ՝ (իրաւ) գրողները «պանծալի անցեալը չերգեցին, այլ ներկան՝ իր սեւով ու մուրով»։[42]Խօսող լերան պատմութիւնը, 192։
     Թանգարանի յիշեալ պատկերին մէջ երկար կը յածի Թեքեան, հոն «լռութիւն կ՚ըլլայ / եւ մահուան տեսիլք / եւ կեանքի ցնորք», բայց «թանգարանիս մէջ ամէն կողմ դուն ես … ձայներ կը խուժեն / ուժգին աւելի / աւելի կապող եւ անբռնելի / լոյսերը կը վառեմ / բառերո՛ւ լոյսեր», քանի որ «պահ մը մեռած ես / պահ մը կենդանի… / այստեղ ամբողջ ես ու գեղեցկութեան կերպար ես անզոյգ / այստեղ հաշմանդամ ու արիւնլուայ / անբառ ու անլուր շղթայուածի պէս», որ չի խօսիր ու չի լսուիր, հակառակ որ «անհունութեան մտածումն իսկ ես»։

Փակեր եմ դուռը
այս թանգարանի մշտնջենական բնակիչն եմ ես
թանգարանիս մէջ միմիայն դուն կաս որովհետեւ
դուն ոչ անցեալ ես
ոչ ներկայ եւ ոչ
ապառնի ունիս
դուն այն լոյսն ես որ ստեղծուեցաւ Ըլլալ բային հետ
Դուն մշտահոլով խաւարիս ձայնն ես։[43]Տե՛ս ծանօթագրութիւն թիւ 38։

     Վեհանոյշ Թեքեանի գրականութեան ամենաբնորոշ յատկանիշներէն են անարատ կշռոյթը, անձանձրոյթ ընթեռնելիութիւնը, ձայնի, գաղափարներու եւ պատկերներու սակաւագիւտ ինքնատպութիւնը (որուն մասին կարելի է կարծիք կազմել սոսկ քերթուածներու վերնագիրները կարդալով), բայց նաեւ անզիջող ցասումը լեզուի բեղմնաւորութիւնը վտանգողներուն եւ լեզուն ու լեզուի մշակները լուսանցքայնացնող մշակութային գործիչներու դէմ։ Արեւմտահայերէնով շղթայազերծուած ստեղծագործական թափը այդ լեզուի գեղեցկութեան բարձրագոյն կատարներէն կը քալէ, զայն հարստացնելով, անոր արտայայտչականութեան կարծես կատարելութիւնը ապացուցել փորձելով, այնուհանդերձ առանց մոռնալու զանազանել կեղեւը միջուկէն. «Հաւատա բառերու՝ եթէ լուսեղ հոգի ունին / մի հմայուիր անոնց շքեղ հանդերձանքէն»։ [44]Նշանագիր, 53։
     Մեծ բանաստեղծները ներքնապէս գիտեն որ իսկական բանաստեղծ են, թերեւս նոյնիսկ «մեծ», եթէ զեղչենք այդ մաշած, աժանցած որակաւորումի ընթացիկ իմաստը։ Թեքեան չ՚ըսեր, բայց իր միտքերը կը թուին գալ այդպիսի գիտակցութենէ, որ ստիպողաբար պատասխանատուութեան ծանրութիւնով մը օժտած է նախադասութիւնները ու վեհացուցած՝ ըսուածները։
     Թէ՛ գրողը, եւ թէ՛ լեզուն փորձած ու յաջողած են լրացնել կէս դար առաջ կատարուած հռչակումի պէս խոստումը. «Պարզ արձագանգ չեմ, լեզուակն եմ
զանգի, խօսքն եմ ինքնաբուխ, ձա՜յն եմ վերջապէս»։[45]«Եւ իմ դիմանկարը», Կապոյտ Ապրիլ, 91։
     Առանց լրջօրէն կարդալու գրականութեան մասին կարծիք կազմելը ընթացիկ երեւոյթ է գոնէ մեր լեզուին մէջ։ Հարկ է կարդալ Վեհանոյշ Թեքեանի գործը, ուր տասնամեակներ առաջ գրուած կարգ մը յղացքներ մատչելի դարձած ըլլան թերեւս այսօր միայն, որոշ գաղափարներու տարածումէն եւ հանրայնացումէն ետք։ Բառերով կամ յանգերով թուղթ մրոտողներէն շատեր մինչեւ վերջերս մերժեր էին Սարաֆեանն ու Պըլտեանը, վստահաբար ընդունելով կարդալ սակայն Թեքեանի գեղասահ տողերէն անոնք միայն, որ քնարերգական օրօրի իրենց կարիքը պիտի գոհացնէին, ընթերցումի իրենց աշխատանքին մէջ շրջանցելով անշուշտ մտածումը, փիլիսոփայութիւնը, իմաստի նորութիւնը, բողոքը, ի վերջոյ՝ այժմէականութիւնը։ Անոնց, եւ միւս կողմէ ժամանակակից (այսինքն «դուրս»ն ու այսօրուան տեսութիւնները ներծծած) շատ մտաւորականներու դեռ կը պակսի Թեքեանի գործին կարեւորագոյն մասին ընթերցումը, մեղեդիին եւ գեղատեսիլ բառերուն տակ պահուած աղաղակող իմաստին հետ առերեսումը, անոր ընկալումը։

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 3 – 4

References
1 «Ապրիլ», Կապոյտ Ապրիլ, 10։
2 Տե՛ս «Անժողովուրդ լեզու», Մանտրաներ (Երեւան, 2006), 599-618։
3 Կ՚ըսեմ քերթուածը ինք, եթէ ոչ բացայայտօրէն հեղինակը, քանի որ այդ բանաստեղծութիւնը հակազդեցութիւն մըն էր այդ թուականներուն ամերիկեան նախաձեռնութեամբ Եղեռնի շուրջ հայ-թրքական «մասնագիտական» բանակցութիւններուն. այդ ժողովասեղանին կը պակսէր լեզու մը, աթոռ մը զբաղեցնելիք այլ չքացած ժողովուրդը։ Ըստ ընթերցողի ընկալման, քերթուածը դիւրաւ կարելի է կարդալ նաեւ որպէս Աղէտի վերջին զոհին՝ լեզուին ու անոր ժողովուրդին միջեւ յառաջացող ժամանակակից հոլովոյթին վերաբերող գրութիւն։
4 «Քանի որ ես այդտեղ չեմ», Ոստրէ, 25։
5 Տե՛ս Գրիգոր Պըլտեան, «Նամակ Հակաքերթուածի մասին» (ուղղուած Մ. Նշանեանի), ԿԱՄ հանդէս վերլուծական, Ե (2002), 211-230։
6 «Սաղմոս ձիւնահամ զեփիւռի», Ոստրէ, 89։
7 «Նշանագիր XIV», Նշանագիր, 90-91։
8 «Կազմալուծում եւ հոգեկայան», Կիզակէտ, 9։
9 Նոյն, 12։
10 Նոյն, 19։
11 Նոյն, 24։
12 Նոյն, 25։
13 «Բառէ մոլորակներ», Կիզակէտ, 49։
14 Նոյն, 51։
15 «Հոգեկայան», 23։
16 Հմմտ. Խորխէ Լուիս Պորխէս, «Պորխէսն ու ես». «Այսպէս, կեանքս փախուստ մըն է եւ ամէն ինչ
կը կորսնցնեմ ու ամէն ինչ մոռացութեանն է, կամ միւսին» (El hacedor, 1960)։
17 «Բառէ մոլորակներ», 57։
18 «Մոխիրէ ծառ», Նշանագիր, 29։
19, 20 Նոյն, 30։
21 «Նշանագիր XXI», Նշանագիր, 133։
22 «Լուսազարթնում (Նշանագիր XIX)», 101։
23 Նշանագիր, 54։
24 «Նշանագիր XXI», 133։
25 «Նշանագիր XIV», 82։
26 «Ընթացք ծանրաքայլ», Նշանագիր, 121։
27 «Նշանագիր XXI», 132-133։
28 «Նշանագիր XIV», 90։
29 «Վեցամեայ Լիզային», Բազմածուփ աշխարհ, 36։
30 «Տարիներու ընթացքին», Բազմածուփ աշխարհ, 24։
31 «Մտաբախում», Բազմածուփ աշխարհ, 74-75։
32 «Քաղցրութիւն», Սնունդ եւ անդունդ, 107-111։
33 «Ջրվէժներ», Սնունդ եւ անդունդ, 60։
34 «Երբ ձեռքերուդ վրայ տրտմութեան հինա կայ», Կիզակէտ, 75։
35 «Ճանապարհ», Նշանագիր, 96։
36 Նոյն, 67։
37 Հայ գրասէրներ, թագմանիչներ եւ նոյնիսկ երգիչներ ստէպ շփոթած են աստուածային թէ ոչ՝ «վերիրական», ստեղծագործ լոյսին դիմող խորհրդազգած սիրոյ երգերը սովորական սիրահարութեան հետ, սկսելով դեռ միջնադարեան գրողներու արտադրութիւններէն։ Առաքել Սիւնեցիի (1350-1425), Պաղտասար Դպիրի (1683-1768) կամ Վեհանոյշ Թեքեանի սիրակեդրոն քերթուածները օրինակներ միայն ըլլալու են այս երեւոյթին։
38 «Կազմալուծում եւ հոգեկայան», Կիզակէտ, 32-33։
39 Սրբուհի Թերեզա (1515-1582) կը նկատուի սպանագիր բանաստեղծութեան եւ միաժամանակ խորհրդազգած շարժումի գագաթներէն, ինչպէս նաեւ Նարեկացիի խմբակից մը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հռչակած 36 «տիեզերական վարդապետներու» շարքին մէջ։ Իր քերթուածները կը խօսին անմատոյց Լոյսին միանալու փորձառութեան եւ այդ փորձառութիւնը կրկնելու իղձին մասին։ Թերեզայի ամենէն ծանօթ քերթուածներէն մէկն է «Քուկդ եմ», ուր ան սիրահարին՝ Քրիստոսի տասներկու անգամ կը հարցնէ՝ «ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ». «…Քեզի այժմ սէր կ՚երգեմ, / … ըսէ՛. ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ե՞րբ. / ըսէ՛, քաղցր սէր, ըսէ՛, / ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ»։
40 «Քաղցրութիւն», Սնունդ եւ անդունդ, 111։
41 «Ահազանգ ու պատարագ», (2004, 2015), Խօսող լերան պատմութիւնը, 183-184։
42 Խօսող լերան պատմութիւնը, 192։
43 Տե՛ս ծանօթագրութիւն թիւ 38։
44 Նշանագիր, 53։
45 «Եւ իմ դիմանկարը», Կապոյտ Ապրիլ, 91։