Յակոբ կիւլլիւճեան

10 ՀԱՐՑՈՒՄ ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆԷՆ ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՃԵԱՆԻՆ

ԼԵԶՈՒՆ Է ՈՐ ՊԷՏՔ Է ՄԵԶ ՊԱՀԷ ՈՒ ՄԱՐԴ ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԵՆԱՅ ՀՊԱՐՏ ԶԳԱԼ ԻՆՔ ԻՐՄՈ՛Վ, ԱՅԴ ԼԵԶՈՒՈՎ ԻՐ ԱՐՏԱԴՐԱԾՈ՛Վ

Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր  ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերուն բարդ բառամթերքով եւ յղացքներով հարուստ նման գրութիւն չկար մեր մօտ։ Այս գրութեան ընթերցումէն ետք փորձեցի հետեւիլ Կիւլլիւճեանի մտածումին եւ գործին, ճիգ մը որ կը շարունակուի։  
    Կիւլլիւճեանի մտածումը, իր բարդ բայց յստակ գործը համադասութիւնն է համաշխարհային եւ Սփիւռքահայ արդի կեանքի մարզերէն ոչ-պատահականօրէն քաղուած այժմէական նիւթերու եւ հարցերու – համակարգիչի ստեղծած Նոր Աշխարհը, Նարեկը, բանաւոր եւ գրաւոր լեզուներու դասաւանդութեան հարցեր, Պըլտեանի բազմաթիւ նուաճումները, ոչ-տիրական լեզուներու ապագան, Սարաֆեանի վաստակին յղացքները տարբերութեան եւ ինքնութեան մասին եւն.։ Այո, արդի Նարեկ, ու ոչ միայն արդի՝ այլ ապրող Սարաֆեան մը։ Բարդ, հարուստ եւ բոլորովին ինքնուրոյն այս վաստակը վերստին խուզարկելու եւ ընկալելու առիթ մը ընծայուեցաւ ինծի երբ Բագինի հարցազրուցային այս ձեռնարկը ստանձնեցի։ 


Խնդրեմ կենսագրէ, գոնէ նշէ այն պարտադիր եւ ընտրուած ճամբորդութիւնները՝ Լիբանանէն Արժանթին, ապա Միացեալ Նահանգներ, որոնք կազմեցին քեզ։ Ո՞ր ուղիները, հանդիպումները, ուսումնական եւ այլ փորձառութիւնները, հարուածներն ու փորձութիւնները կարեւոր դեր մը ունեցան Յակոբ Կիւլլիւճեանի թրծումին, ձեւաւորման, սարքումին մէջ։ 

ԶԻՍ կազմաւորելու ճամբուն վրայ առաջին պարտադիր ճամբորդութիւնը ծնունդէս շատ առաջ պատահած է. կէս դար առաջ։ Հայրս Սիսէն մեկնած է Ատանա, Մերսին, ու անկէ նաւով՝ Պէյրութ։ Զիս դրոշմած է իր յիշողութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս Կիլիկիայէն հեռացող ֆրանսական նաւուն վրայ հազարաւոր ժողովուրդը դարձած էր դէպի ցամաք, ու հեռացող նաւուն հետ երգած՝ «երբ որ բացուին դռներն յուսոյ՝ … ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»։ Ատիկա ինծի համար աղէտը վերածած է անձնական փորձառութեան, ոչ թէ քարոզչութեան կամ քաղաքականացման մը հակազդեցութեան։ 
    Յետոյ՝ երկու փամփուշտահար ծնողներով Արժանթին գաղթ տասնհինգ տարեկանիս, աչքս ետ, բայց նաեւ չնաշխարհիկ մթնոլորտի մը ծանօթացում։ Ամենէն կարեւորը ասիկա չէր սակայն, ոչ ալ Միացեալ Նահանգներ փոխադրութիւնս չափահաս դառնալէս ետք՝ 2001ին։ Ամենէն կազմաւորիչը, գոնէ ենթակայական իմ հայեացքովս, համալսարանական ուսմանս աւարտին Եւրոպա ու Հայաստան քառամսեայ ուղեւորութեանս ընթացքին ամիս մը Վենետիկի ծանօթացումս էր։ Աշխարհայեացք փոխող բան մը եղաւ ինծի համար. տեսաբանութիւն կարդալէն առաջ էր որ հո՛ն սորվեցայ՝ գեղեցկութիւնը կարելի է ստեղծել, դիզել, խճողել՝ առանց որեւէ նպատակի բացի գեղեցկութենէն, անդին՝ բնականաբար հետապնդուող այլեւայլ շահերէ։

[…] գեղեցկութիւնը կարելի է ստեղծել, դիզել,
խճողել՝ առանց որեւէ նպատակի բացի գեղեցկութենէն,
անդին՝ բնականաբար հետապնդուող այլեւայլ շահերէ։

    Հոն է որ գտայ զարմանքը որպէս մարդ էակի թերեւս առանցքային հաճոյքը. զարմանք տեսածիդ դիմաց, ըմբռնածիդ դիմաց, նոյնիսկ զարմանք՝ զարմանքը փորձընկալելու կարողութեանդ եւ կարելիութեանդ դիմաց։ Այդ ալ եղաւ առանցքը մասնագիտութեան փոփոխութիւններու, գրողներու գործերը արժեւորելու, նոյնիսկ անոնց հետ հարազատութիւն մը զգալու՝ երբ այդ նոյն զարմանքը գտնէի իրենց իսկ գրական նայուածքին մէջ, ինչ որ հաւանաբար գլխաւոր կապս է Պըլտեանի գործին։


ՔԱՆԻ  մը ասպարէզի մէջ աշխատած ես։ Անոնց մէջ զարգացուցած ես հմտութիւններ՝ գրականութեան, լեզուաբանութեան, համակարգիչներու, ապա նաեւ
պիզնէսի, գրաբարի, մշակութային վերլուծումի մասին։ Ի՞նչը լքել ստիպուած ես, ի՞նչը ձեւով մը պահած, մէկտեղած, եւ այս վերջինները ինչպէ՞ս լծած ես գործի, ներկայի ու մօտ ապագայի աշխատանքներուդ մէջ։ 

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ պատասխան մը պիտի տամ։ Գրեթէ ամեն ինչ ընելու, յաջողցնելու սեւեռում ունեցեր եմ միշտ. անդիմադրելի մարտահրաւէր է կարծես որեւէ գործընթացի նուաճման կամ հմտութեան մղումը։ Ինչ որ օրհնութիւն եւ չարիք կը սեպեմ։ Մասնագիտացումի դէմ դաւող բան մը, բայց միաժամանակ կեանքի տարբեր երեսներով զարմանալու, հիանալու, զանոնք ընդգրկելու փափաք մը։ Գրականութիւնը սակայն եղած է միշտ ներկայ, մանկութենէն երազածս, ու ատիկա է որ գրպանի ողջախոհութեամբ ստիպուեր եմ «լքել», մասնագիտացման առումով՝ համալսարանական կազմաւորման տարիներուս, նոր վերադառնալու համար անոր երկու տասնամեակ ետք։
    Ամէն պարագայի՝ կը խորհիմ թէ առաջին ուսումներուս մէջ ծանր կշիռք ունեցած տնտեսագիտական, վիճակագրական, ընկերաբանական եւ օրէնսգիտական խորացումները պատճառ կ՚ըլլան որ տարբեր հայեացքով դիտեմ գրական երկերը կամ գրական «շուկան». անոնց է որ կը պարտիմ դէպի կիրառական լեզուաբանական կալուած բերած կարգ մը առաջադրութիւններս, ինչպիսին են լեզուի վճռական զանգուածի (critical mass) եւ անկիւնադարձային րոպէի (tipping point) կեդրոնական գաղափարները, կամ զուգալեզուութեան (diglossia) վերլուծման մէջ խորշաւորման (compartmentalization) յղացքի շեշտումը, որ կու գայ շուկայավարական (marketing) տեսութիւններու ազդեցութենէն։ Նոյնիսկ Սարաֆեանի գործին մէջ քաոսի եւ ստեղծագործութեան առնչութեան եւ սփիւռքային ինքնութեան շեմային (liminal) ըմբռնում դիտող վերլուծումս կու գայ ընկերաբանական դրոյթներէ։ Շեմային փուլի կառուցազուրկ վիճակի ընձեռած բեղունութեան՝ այսինքն քաոսի դրականութեան իր պնդումին մասին ընթերցումս եւս դիտած եմ տեղեկաբանութենէն (ատկէ առաջ ջերմուժականութեան՝ thermodynamicsի նշանաւոր օրէնքէն) սերած անորոշութեան կամ անկանխատեսելիութեան (entropy) յղացքի պրիսմակէն։ Վարչագիտական, յատկապէս որոշման կամ խաղի տեսութեան հետ շփումին հետքերն են ահա, որ թափանցած են գրական ընկալումներուս։ Հակառակն ալ ճիշդ է. գրական ու փիլիսոփայական նայուածքը մեծապէս հարստացուցած է ատենին՝ կազմակերպական կամ տեղեկարհեստագիտական (IT) խորհրդատուութեան գործունէութիւնս։

 

ԲԱԶՄԱԹԻՒ նշանակալից աշխատանքներէդ մէկն է առանցքային դերդ ԻՒՆԵՍՔՈյի արեւմտահայերէնի իբր վտանգուած լեզու ճանաչման հարցի պարագային։ Կրնա՞ս ամփոփել թէ ինչպէս գնահատեցիր իրավիճակը, եւ ի՞նչ ձեւով դուն ու թերեւս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը մօտեցում ընտրեցիք այդ ճանաչումին հետեւող գործունէութեան համար։ 

ԵԹԷ չեմ սխալիր, 2008ի դեկտեմբերին է որ տեղեկագիր մը յանձնեցի ԻՒՆԵՍՔՈյին՝ արեւմտահայերէնի ընդհանուր վիճակին արժեւորումը կատարելով ըստ ԻՒՆԵՍՔՈյի լեզուի վտանգուածութեան մասին մասնագիտական փաստաթուղթի դատանիշերուն՝ միջսերնդային լեզուական փոխանցում, խօսողներու բացարձակ թիւ եւ ընդհանուր բնակչութեան մէջ համեմատութիւն, լեզուական տիրոյթներու գործածութեան տեղաշարժ, նոր տիրոյթներու եւ հաղորդամիջոցներու հակազդեցութիւն, լեզուի ուսուցման եւ գրաճանաչութեան համար նիւթերու առկայութիւն, կառավարական եւ հաստատութենական լեզուական քաղաքականութիւններ եւ կեցուածքներ՝ ներառեալ պաշտօնական իրավիճակ եւ գործածութիւն, համայնքի անդամներու կեցուածքները իրենց սեփական լեզուին հանդէպ, եւ ի վերջոյ՝ լեզուի առնչութեամբ փաստագրական գրականութեան առկայութիւն։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ուսումնասիրեցի հայախօս բնակչութիւնը բաժնելով հինգ ենթախումբի՝ մերձարեւելեան, եւրոպական, լատինամերիկեան, իսկ ԱՄՆի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ համայնքները՝ երկու ճիւղաւորումով. 70ականները կանխող գաղթականները եւ միւս կողմէ յետ-70ական գաղթականութիւնը, որ յատկապէս լիբանանեան պատերազմէն ետք բոլորովին տարբեր յատկանիշներով համայնքներ կազմած էր։
    Այս վերլուծման արժեւորումով, հինգ ենթախումբերէն իւրաքանչիւրը վտանգուածութեան տարբեր աստիճաններ կը պարզէր վերոյիշեալ ինը դատանիշերէն ամէն մէկուն պարագային, այսինքն 45 տարբեր «նիշեր» կային։ ԻՒՆԵՍՔՈն 2010ին է որ բոլորը միախառնելով որոշեց վտանգուածութեան հինգ աստիճաններէն միջին աստիճանը տալ արեւմտահայերէնին՝ «որոշապէս վտանգուած», ինչ որ գլխաւորաբար վերը յիշած ենթախումբերէս հինգերորդին՝ արեւմտեան յետ-70ական գաղութներու վիճակին կը համապատասխանէր, մինչ եւրոպականն ու լատինամերիկեանը մօտաւորապէս չորրորդ՝ «խստօրէն վտանգուած»ի յատկանիշները կը պարզէին, իսկ արեւմտեան նախորդ գաղթականութիւնը մեծ մասամբ կը մտնէր հինգերորդ՝ «ճգնաժամային վտանգուածութեան» դասակարգումին մէջ։ Մերձարեւելեանները, համաձայն վերի դատանիշերուն, առաջին («ապահով») եւ երկրորդ («խոցելի») դասակարգերէն յատկանիշներ ունէին։

[…] լեզուն է որ պէտք է մեզ պահէ ու մարդ պէտք է
կարենայ հպարտ զգալ ինք իրմո՛վ, այդ լեզուով
իր արտադրածո՛վ։ 

    Հաւանական է, որ երկրորդ եւ երրորդ՝ ժողովրդագրական դատանիշերը որոշադրած ըլլան վերջնական դասակարգումը, որովհետեւ հինգ ենթախումբերէն չորսին ու դարձեալ բացարձակ թիւի մօտ 80 առ հարիւրին մօտ տիրական էին երրորդին յատուկ («որոշապէս վտանգուած») կամ աւելի վատթար յատկանիշներ, իսկ առաջին երկու դասակարգումներուն համապատասխանող ենթախումբը 20-25 առ հարիւր կը կազմէր, անշուշտ միշտ մօտաւոր՝ յարաբերական թիւերով, տրուած ըլլալով վիճակագրական տուեալներու աղքատութիւնը։
    Յաջորդ տարիներուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Ռազմիկ Փանոսեանը նշանակեց որպէս հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն։ Չեմ չափազանցեր ըսելով, որ ատիկա հիմնական՝ անկիւնադարձային հետեւանքներ ունեցաւ արեւմտահայերէնի հետագայ պաշտպանութեան առումով, որովհետեւ բացայայտ է, որ վերջին տասնամեակին այդ (օտար) հաստատութիւնն է գլխաւոր նեցուկը մեր լեզուին՝ կանխազդիչ (proactive) գործունէութեամբ, բազմակողմանի ծրագրերով եւ մեր չարչարուած բառով՝ նպատակասլաց աշխատանքով. մեղք որ այս եզրի «աժանացումը» զեղչած է անկէ այստեղ ուզած իմաստս՝ laser-focused-ը, անշեղ, «լազերային» կեդրոնացումը այդ նպատակին վրայ, որ դժբախտաբար բացակայ է մեր ազգային եւ մշակութային հաստատութիւններու տեսլականներուն մէջ՝ անկախ հոս ու հոն պլպլացող փոքրաթիւ եւ փոքրածաւալ նախաձեռնութիւններէ (երբեմն՝ «չուզելով», «բան մը» ըրած ըլլալու եւ յայտարարելու համար)։

[…] լեզուն «ապասրբացնել», չվախնալով զայն գործածելէ
(գործի ածելէ՝ փոխանակ անով զբաղիլը տաժանակիր գործի վերածելու)։

    Ճիգերս որոշ չափով միաւորած եմ «Կիւլպէնկեան»ի հետ, գործակցելով իրենց հետ ու վայելելով իրենց նեցուկը կարգ մը կարեւոր ծրագիրներուս, ինչպէս օրինակ Ստեղծարար գրաճանաչութեան դասընթացք-աշխատանոցներու շարքը UCLA-ի մէջ, ուր տեղածին անձեր արտադրած են ցարդ բազմահարիւր կտոր ստեղծագործութիւններ հայերէնով։


ԿԸ
գրես եւ համալսարանի մէջ հայերէն լեզու կը դասաւանդես, նաեւ հայերէն գրել, անսովոր արդիւնքներով։ Ձեւաւորած ես creative literacy, ստեղծագործ գրաճանաչումի յղացքն ու կիրառումը։ Խնդրեմ մանրամասնէ։

«ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ գրաճանաչում» կոչածիս մօտեցումը որոշ չափով կը շրջէ լեզուի աւանդական ուսումնառութեան ընթացքը։ Փոխանակ նախ կատարելագործելու լեզուի ձեռքբերումը ու յետոյ զայն գործարկելու, շեշտը կը դրուի լեզուով ինքզինք «իրագործելու»՝ ատով կատարուած (նոյնիսկ թերի) ստեղծագործութիւններով հպարտ զգալու, եւ այդ փորձառութեան ներշնչումով՝ անկասելի մղումով վերադառնալու, լեզուի պտուղները համտեսելու եւ անոր հետ յարաբերելու. գիրքեր կարդալու եւ շարունակ գրաւոր կերպով արտայայտուելու, ու այդ գործընթացին մէջ հետզհետէ տիրապետելու լեզուի կանոններուն։  
    Հիմնաւորուած է գործակալութեան դերի շրջման վրայ։ Մեզի սորվեցուցած են որ պէտք է լեզուն պահենք ու հպարտ ըլլանք այդ լեզուի գոյութեամբ՝ կարծես որպէս արտաքին առարկայ մը. իսկ վերը նշած մօտեցումս կը պնդէ, որ լեզուն է որ պէտք է մեզ պահէ ու մարդ պէտք է կարենայ հպարտ զգալ ինք իրմո՛վ, այդ լեզուով իր արտադրածո՛վ։
    Կ՚ենթադրէ դադրիլ լեզուին վերաբերելէ որպէս սրբազան իր, սրբատուփի մէջ պահուած, որ պիտի նշանակէր միայն որոշ «տաղաւար»ներու անոր մօտենալ, օրհներգել, ու ետ՝ գործիդ նայիլ։ Լեզուի աւանդական ուսուցումն ալ ատոր հետեւած կրնայ ըլլալ, այսինքն անվերջանալի դասաւանդում անոր «ծէսերուն»՝ քերականութեան, ուղղագրութեան, բնաւ չհասնելով անոր գործածութեան (անգամ լիբանանահայ երկրորդական աւարտած մարդոց պատճառելով լատինատառ իմակել կամ բջիջային պատգամ գրել, խուսափելու համար սխալներէ)։ Ուրեմն լեզուն «ապասրբացնել», չվախնալով զայն գործածելէ (գործի ածելէ՝ փոխանակ անով զբաղիլը տաժանակիր գործի վերածելու)։

 […] անհատին ծառայելու համար` լեզուն պէտք է
վերաբերի անհատի ամբողջ աշխարհին.

    Այսինքն՝ դիմել լեզուին ո՛չ թէ որպէս պարտականութիւն, այլ ընտրելով զայն, որ կը պատահի երբ անհատական կարիքը կ՚ունենաս ատոր։ Իսկ ընտրութիւնը կը պատահի սիրելով, ու սիրելու համար պէտք է կարդալ որակաւոր գրականութիւն, այլ ոչ բացառաբար պարտականութեան եւ «հայեցիութեան» մղող քարոզներ։ Հպարտութիւնը գրեթէ կրնաս  շօշափել երբ այս ուսանողները կարդան բարդագոյն, խրթին, սակայն խելացի գրութիւններ, ինչ որ առնչութիւն մը կը հաստատէ մտաւորական կամ գեղագիտական այդ փորձառութեան եւ անոր տանող գործիքին՝ հայերէնին միջեւ, առանց վախնալու «դեռ այդ մակարդակը չունին» անպտուղ զգուշացումէն։ Հետաքրքրական է, որ մեր ուսումնասիրած հեղինակներուն մեծ մասը բոլորովին անծանօթ անուններ են տասը տարիէն աւելի հայերէնի ուսումնառութիւն կատարած ուսանողներու. Պըլտեան, Սարաֆեան, Նարեկացի, Օշական եւ այլն։ Նոյնպէս, թարգմանաբար, օտար գրողներ, որպէսզի խորանայ այն գաղափարը, թէ հայերէնը ամբողջ աշխարհին հետ յարաբերելու կամ զայն ըսելու եւ ընկալելու լեզու է։
    (Զուարճալի օրինակ մըն է շուրջ տասնհինգամեայ սովորութիւնս ամէն տարի նոյեմբերին՝ առտուան ժամը 5ին իմանալ գրականութեան Նոպէլեան նոր մրցանակակիրին անունը, ժամը 8էն առաջ հատուած մը գտնել անկէ, թարգմանել հայերէնի, ու նոյն օրը ժամը 11ի դասընթացքիս մէջ բաժնել, կարդալ, վերլուծել. շատ աւելի առաջ, քան այդ նոյն ուսանողները թերեւս ընեն ատիկա անգլերէնի կամ համեմատական գրականութեան դասընթացքներուն)։ Պատգամը այն է, որ հայերէնը կարիքը չունի միւսներուն ետեւէն երթալու, ո՛չ թէ յիսուն կամ ութսուն տարի ուշ, այլ նոյնիսկ՝ շաբաթ մը։

[…] լեզուն մեծ հօր «աֆերիմ»էն աւելի՝ ենթակայի ներքին
հրճուանքով է որ պիտի դառնայ կենսունակ։


    Միւս կողմէ, անհատին ծառայելու համար` լեզուն պէտք է վերաբերի անհատի ամբողջ աշխարհին. եթէ ուսանողը վարժուած է հայերէնով արտայայտուելու միայն ցեղասպանութեան եւ Արարատի մասին, կը նշանակէ որ մնացեալ տիրոյթներու մէջ լեզուն մեռած է իրեն համար, ու այդ տիրոյթներուն մէջ (սիրային, սեռային, փիլիսոփայական, մահու եւ կենաց եւ այլն ու այլն) ան չի կրնար ինքզինք իրագործել հայերէնով։ Ուսանողին միտքը բաժնուած է խորշերու, եւ այդ խորշերէն միայն մէկ քանին է որ հայերէնին կը պատկանին (անցեալը, պապերը, ծէսերը)։ Ուրեմն հիմնական մասն է ծրագրին՝ ուսանողներու լեզուական ապախորշաւորումը, հրաւիրելով աշխարհը որ մուտք գործէ հայերէնի խորշերուն մէջ։ Ուշագրաւ է, նոյնիսկ ապշեցուցիչ՝ դիտել իրենց փորձագրութիւնները կամ ստեղծագործութիւնները կարդացող ու լսող ուսանողներու դէմքի արտայայտութիւնները, երբ կ՚անդրադառնան որ կեանքի կամ լոյսի կամ եսի կամ գեղեցկութեան մասին կաղացող հայերէնով անգամ կը փիլիսոփայեն, յանկարծ ընդհատելով ու ըսելով՝ «այս բաները անգլերէնով անգամ չեմ ըսած», կամ՝ «չէի գիտեր որ ասոնք հայերէնով ալ կարելի է ըսել»։ Հոն է որ կը պատահի լեզուի իւրացումը։ Իւրացնողը ընդհանրապէս կը սիրահարի լեզուին, ու ատկէ ետք արդէն ինքն է ընթերցում ու քերականութիւն փնտռողն ու կատարելագործողը։ Մէկ խօսքով, լեզուն մեծ հօր «աֆերիմ»էն աւելի՝ ենթակայի ներքին հրճուանքով է որ պիտի դառնայ կենսունակ։
    Գործնական շարժառիթներով է որ սկսած էի ատենին այսպիսի փորձարկումներ կատարել։ Մեր դասընթացքները 10 շաբաթ կը տեւեն միայն, եւ ուրեմն արդիւնաւէտութեան հարց մը կայ. ինչպէ՞ս այդ կարճ միջոցին նոր մօտեցում մը որդեգրել տալ՝ տասը տարի ուսումնառութենէ անցած անձի մը, այնպէս մը որ կարենայ անկախ կերպով շարունակել՝ ուրիշ դասընթացքի մը եւս չհետեւելու պարագային։
    Կան «քիչ մը հայերէն սորվինք»ով կամ «ուղղագրութիւնս կ՚ուզեմ բարելաւել» ըսելով եկողներ։ Զարմանալի է, որ բացարձակ պապանձում կը տիրէ երբ հարցնեմ՝ «երբ ոչ մէկ գիրք կարդացած ես, ու գիրք կամ յօդուած գրելու նպատակ չունիս, ինչո՞ւ կ՚ուզես բարելաւել ուղղագրութիւնդ»։ Որովհետեւ այդ բարոյական պարտքն է որ իրենց ներշնչուած է տարիներով, առանց բո՛ւն նպատակին՝ լեզուով սպառող կամ արտադրող ըլլալու ձգտումին։ Կայ նաեւ նորախօսներու պարագան. անոնք լեզուին՝ այդ լեզուով տրուող գրականութեան սիրահարելով զայն կ՚որդեգրեն հայերէնի կատարեալ անգիտութենէն սկսելով, անոր կը փարին նպատակի գիտակցութեամբ։ Շատեր կը ստեղծագործեն, երբեմն հատորի ծաւալով։ Նախ կարծեցի՝ հրաշքի պէս բան մըն է, որ եղաւ. բայց երբ երկրորդը, հինգերորդն ու յաջորդները կու գան, կը նշանակէ որ այս երեւոյթներուն տեսաբանական բացատրութիւններ կարելի էր գտնել, ու աշխատեցայ նոր տեսութիւններ առաջադրելու նպատակով։ 


ՀԱՅ մշակոյթի եւ յատկապէս գրականութեան ընդարձակ տարածքին մասին գրած ես, ընդգրկելով Սարաֆեանն ու Վեհանոյշ Թեքեանը, Նարեկացին ու Պըլտեանը, եւն.։ Անշուշտ իւրաքանչիւր գրող ու
թեքսթ իրեն յատուկ մօտեցում կը պահանջէ, բայց ամէն մեկնաբան անխուսափելիօրէն ունի նաեւ գիտակցօրէն կամ անգիտակցօրէն ի զօրու, աւելի ընդհանուր ենթադրեալներ եւ կանխակարծիքներ, (հայ) թէ օտար գրականութեան ու մշակոյթի մասին։ Անոնք ընթերցում կը ձեւաւորեն եւ փոխադարձաբար յատուկ թեքսթերու մեկնաբանութիւնը կը վերափոխէ գիտակից ու անգիտակից մօտեցումները։ Խնդրեմ խօսէ քննադատական եւ տեսական մօտեցումներուդ եղաշրջման մասին, ըլլայ հայկական, սպանագիր կամ անկլօ-սաքսոն գրականութեան ոլորտներու մասին, տրուած ըլլալով որ գրած ես վերջինի էպոս Beowulf-ի մասին։

ՈՐՊԷՍ իրաւ սփիւռքահայ, ես ալ մեծցեր եմ գրականութիւնը դիտելով ազգայինի, տոհմայինի, աղէտի ենթարկուած անձի հաւաքական իտէալներէն մեկնելով։ Մանկութեանս նոյնիսկ Իլիականին շարժումներուն մէջ պատկերացնելով կամ երազելով հայն ու հայերը։ Յետոյ բախտը ունեցայ հեռանալու, ինչ որ ի վերջոյ մօտեցում ենթադրեց՝ հեռուէն ու հեռուի օտարներով կրցայ աւելի լաւ ճանչնալ այն, որ կը կարծէի գիտնալ, ու փոխուեցան անշուշտ մերիններուն համեմատական արժեւորումները։ Ատիկա չէր պատահած տակաւին գոնէ մինչեւ 18 տարեկան հասակս, այսինքն Արժանթին գաղթելէս երեք տարի ետք իսկ, քանի որ կը յիշեմ՝ այն ատեն է որ առաջին անգամ կարդացի Գրիգոր Պըլտեանէն քանի մը էջ, ու մէկ կողմ դրի ըսելով՝ «աս մարդը կա՛մ գրել չի գիտեր, կամ ալ վրաս կը խնդայ կոր»։ Ասիկա կու գայ անձէ մը, որ արդէն իսկ անյագօրէն կարդացած էր հարիւրաւոր (թերեւս հազարաւոր) հայերէն գիրքեր, ներառեալ Աճառեանի Լիակատար քերականութեան Ա. հատորը ու այլազան պիտանի ու անպէտք բաներ։   
    Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Պըլտեանը բարձրացաւ բարձրագոյն պատուանդաններուս վրայ։ Անկիւնադարձային ոչինչ կը յիշեմ։ Կը խորհիմ, թէ կանուխ համալսարանական ընթերցումներս՝ յատկապէս մարդկային ուսմանց վերաբերող, քննական մտածողութիւն մշակեցին հետզհետէ։ Հայագիտական գրականութիւնը շարունակեր էի կարդալ գրեթէ առանց ընդմիջումներու, սակայն բաւական ուշ սկսայ տեսաբանական երկերով զբաղիլ, գրական, փիլիսոփայական եւ այլ կրթանքներէ, անշուշտ սպաներէնով եւ անգլերէնով։ Անկէ ետք բնական բան մը եղաւ չտեսի պէս՝ Պըլտեան, Նշանեան գնահատել, Թեքեանի արդէն ծանօթ գեղեցիկ բառերուն ետեւ նորարար մտածումներ գտնել, Սարաֆեանի մէջ ի վերջոյ «օտարահայ»ու ինքնութեանս հայրենակից մը ու մխիթարութիւն գտնել։ Նարեկացին հասկնալ կարծեր էի, նոյնիսկ կէսը թարգմաներ սպաներէնի, երբ դոկտորականիս համար հարիւրաւոր հատորներէ ետք ան ուրիշ պատկերով ու խորքով պարզուեցաւ դէմս, լուսաւորուած կապադովկիացի Հայրերէն, նորպղատոնականներէն ու միստիքներէն՝ արաբ ու անգլիացի, հոլանտացի, գերմանացի, սպանացի, բայց նաեւ Պաթայէն, յետկառուցողական մտածողութեան մշակողներէն, Լիոթարէն ու Տեռիտայէն եւ նոյնիսկ Պաթլըրէն։ Այդ լուսաւորումը ծառայեց Նարեկին մէջ գտնելու այնպիսի մտածումներ, որ իր գրչակից միստիքներէն ոչ ոք հաւանաբար փորձած ըլլար։

[…] Նարեկացին […] է որ մտքիս մէջ կը յածի երբ
կը մտածեմ գրութեան միջոցաւ, գրութեան ընդմէջէն,
գրութեամբ իսկ բանաստեղծի աստուածացման
ձգտումին մասին, որ Վարուժանի հիմնական մղումն է
ու ստուարաթիւ քերթուածներու նիւթը։

    Տեսական մօտեցումներու ամենէն խորունկ բնաշրջութիւնները երբեմն հեղինակի մը ամբողջական գործէն կախեալ չեն ըլլար, այլ թերեւս փոքր մեկնաբանութենէ մը, որ քեզ յանկարծ լուսաբանելով՝ տարիներ ամբողջ կը պայմանաւորէ ժամանակակից կեանքի հասկացողութիւնդ։ Այդպիսին եղած է Տըլէօզի վերլուծումը զօրութենականութեան (virtualité) մասին, որմէ մեկնած եմ, կարճ խելքովս, հասկնալու ներկայ աշխարհը՝ իր համաշխարհայնացումով, արհեստագիտութեան ազդեցութեամբ, ընթերցման ու թեքսթի յեղաշրջումով, նոյնիսկ ընկերային յարաբերութիւններու անսպասելի զարգացումներով։

 

ԿԱ՞Յ հայ կամ ոչ հայ գրագէտ մը, կամ յատուկ թեքսթ մը, կամ քննադատական յղացք մը, տեսութիւն մը, որուն հանդէպ հիացումդ ու անոր հետ երկարատեւ գօտեմարտութիւնդ ձեւաւորած են մօտեցումդ տարբեր գրութիւններու, մշակոյթներու, մանր ու մեծ հարցերու մասին։ Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս։ Նարեկացիի հետ ներգրաւումդ եղած է արդի՞ւնք, թէ՞ դրդապատճառ։ Եթէ կ՚ուզես համեմատական օրինակ մը, Յակոբ Օշականի ընթերցումը Մարկ Նշանեանի կողմէ, կամ Հէկէլի հետ Մարքսի մաքառումի պարագան։

ԺՊԻՏ՝ ես ոչ Նշանեանին, ոչ ալ Մարքսին հետ համեմատութիւն ընելու պիտի ժպրհիմ։ Հարցումին մասամբ պատասխանեցի նախորդին մէջ Տըլէօզէն անկիւնադարձային լուսաւորումովս։ Իսկ երկարատեւ կապը կամ գօտեմարտութիւնը Նարեկացիին հետ է։ 
    Քիչ թէ շատ Նարեկ տեսած ու լսած պատանիի մը համար միշտ կը մնար անոր «փակ» տողերը բանալու հրամայականը։ Անգրագէտ մէկը անգամ անմիջապէս պիտի հմայուէր անոր ձայներով։ Ըսի քիչ առաջ, որ անոր կէսը անգամ թարգմաներ էի սպաներէնի. չըսի, որ յետոյ ստիպուեր էի ատիկա թափելու աղբաման, երբ ընթերցումներուս խորացումով հասկցեր էի իրմէ բան հասկցած չըլլալս։ Օրինակ՝ այդ մարդը շատ խելացի կը թուէր նոյն բաները կրկնած ըլլալու համար, ու առկայ բացատրութիւնները չէին բաւարարեր զիս։ Համոզուեցայ, ի վերջոյ, որ հաւանաբար կարելի չէր իր գրութեան մէջ հոմանիշներ գտնել, բան մը, որ խուսափեր էր թարգմանիչներու մեծամասնութեան ուշադրութենէն։ Իր բառերու իւրաքանչիւր տարբերակին ետեւ կայ վստահաբար յղում մը աստուածաբանական կամ փիլիսոփայական դարաւոր վիճարկումի մը, որ՝ օրինակ, Նազիանզացի մը կամ Նիւսացի մը մանրամասն կարդալէ ետք կը լուսաբանուի, կամ թերեւս դարեր ետք գրուած Ռոյզբրոէքի համեմատութենէն ետք յանկարծ կը յայտնուի իբրեւ նոր յղացք։ Թարգմանիչներ «լուսեղէն»ը վերածեր են «լուսաւոր»ի, երբ մէկը աստուածային բնութիւն կը նշէ (Գրիգորի կեդրոնական թիրախը), միւսը՝ մարդկային։ «Լուսասահման»ն ալ եղեր է լուսաւոր, երբ երկար որոնումէ ետք կ՚անդրադառնաս՝ Աստուծոյ մարդեղութեան վայրը խորհրդանշող արգանդին կ՚ակնարկէ, նոյնպէս կեդրոնական յղացք՝ մարդեղութեան հակառակ ուղղութեամբ ընթացք կայացնել փորձող բանաստեղծին համար։
    Անշուշտ Նարեկացին պիտի ձեւաւորէր ապագայ մօտեցումներս։ Ինքն է որ մտքիս մէջ կը յածի երբ կը մտածեմ գրութեան միջոցաւ, գրութեան ընդմէջէն, գրութեամբ իսկ բանաստեղծի աստուածացման ձգտումին մասին, որ Վարուժանի հիմնական մղումն է ու ստուարաթիւ քերթուածներու նիւթը։ Տեռիտան միայն նորօրեայ բառամթերք կը գումարէ ատոր վրայ երբ կը քննարկէ արեւաքերթողական (heliopoetics) կոչածը։ Չես կրնար ատկէ խուսափիլ երբ փորձես տարբերութիւնը հասկնալ Վարուժանի «Բեգաս»ին եւ Սարաֆեանի «Հրահաւ»ուն, ու այսպէս շարունակ։

 

1999ին շատ հետաքրքրական յօդուած մը հրատարակեցիր Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին մէջ, «Ցանցակերպ հաղորդակցութիւն, սփիւռք եւ մշակոյթ» խորագրով, հեռատես, նաեւ բառակերտ գրութիւն մը։ Տառացիօրէն թարգմանելով անգլերէնէն, խնդրեմ վերայցելէ (revisit) զայն ու ըսէ թէ ինչպէս կը գնահատես ցանցայինին ներկայ դերը համահայկական ոլորտին մէջ։ Յատկապէս (բայց ոչ միայն) կը խնդրեմ վերարժեւորել վերլուծումդ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համազարգացման, co-evolutionի մասին։

ՀՈՆ առաջարկեր ու փաստարկեր էի «կարծական, կարծականութիւն, կարծականացում» եզրերը virtual/-ity/-izationի համար։ Այնքան պինդգլուխ չեմ՝ քսանհինգ տարի ոչ ոքի կողմէ որդեգրուելէն ետք (մի՞թէ չկարդացուելէ ետք), ատով շարունակելու, այնպէս որ վերադարձեր եմ դասական «զօրութենական»ին (որ ըստ իս մասամբ կը շփոթուի potential/-ity-ի որոշ երանգներու հետ), կամ նաեւ «կարողական»ին։ Այստեղ առժամաբար պիտի վերակենդանացնեմ կարծականը։ 
    Յօդուածը գրուած էր 1998ին, երբ դեռ ոչ Google կար, ոչ ձեռքի համակարգիչ/բջիջային ու կիրառաշարեր (apps), ոչ YouTube, ոչ ալ առցանց հանդիպումներու կարելիութիւն։ Այնտեղ նախատեսուած կարողականութիւններէն շատերը իրականացած են։ Անոնց կարգին, ժխտականներէն՝ կ՚ըսէի թէ տեղեկատուութեան դէմ պետական արգելքները անկարելի դառնալով՝ պիտի յանգէին ապատեղեկութեան ողողումի, որ այսօր տիրական թեմա է, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ։ Դրականներէն՝ միջնորդութեան չքացումը որոշ չափով իրականացած է (թերթեր, մշակութային փոխանակումներ, Ամազոն, պլոկ, Ինսթակրամ եւ այլն). պանդխտութեան կարծականացումը մասամբ միայն իրագործուած է. մարդ կայ որուն մէկ ոտքը Հայաստան է, միւսը Ամերիկա կամ այլուր։
    Կ՚ըսէի թէ «խնդրական վիճակի՝ ապահողայնացման «ընթերցումը» կամ ապախնդրականացումը կամ լուծումը իրակերտման միջոցաւ կը յանգի ստեղծագործութեան, այսինքն կարծական (virtual) տարածքի վրայ վերահողայնացման»։ Այդ կարելիութիւնը սփիւռքի պարագային փոքր չափով միայն իրագործուած է, որովհետեւ 25 տարի առաջուան այն հաստատումը թէ հոլովոյթը «կարծական չսփիւռքուածութեան» կրնայ առաջնորդել, չէր նախատեսեր որ՝ այո, հակառակ սփիւռքի կարծական «փոքրացում»ին եւ Հայաստանի հետ հեռաւորութեան շեշտակի նուազումին, միւս ազգերուն ալ աշխարհատարած սփիւռքումը մեր վրայ խաչաձեւող հետեւանքներ պիտի ունենար. ձեւով մը մեզ կղզիացուցեր էի այդ հետեւանքէն։ Այսինքն, երբ մէկ կողմէ սփիւռքը յարաբերաբար կը լուծարուի որպէս աշխարհագրական հեռաւորութեամբ վայր(եր) ու կը շեշտուի կարծրականացած սփիւռքը, միւս կողմէ՝ ընտրողութեան համատարած մղումով, հայն ալ պիտի ընկերանար միւս ազգերու սփիւռքումին, դիմելով այլուր՝ Հայաստանէն եւ աւանդական սփիւռքներէն։
    Ցանցայինը համահայկական ոլորտի մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի համազարգացման կարողականութիւնները, հետզհետէ աւելի տարողունակ կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ, որոնցմէ տակաւին փոքր մէկ մասը միայն կ՚օգտագործուի։ Ծանրագոյն խնդիրը, իմ կարծիքով, սփիւռքի «փոքրացում»ին դիմաց Հայաստանի բնակչութեան կողմէ աշխարհի փոքրացման ընկալումն է, որ հայաստանցիին համար կ՚ենթադրէ ոչ միայն երեք միլիոն հայերէ՝ այլ միլիառաւոր մարդոց շուկայի կողմէ սպառումի կարելիութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ աշխարհագրականօրէն այդ վայրերուն մօտենալու ձգտումը։ YouTubeի մէջ, օրինակ, կարեւոր թիւ կը կազմեն հայաստանցի երգչուհիներ, որոնք գրեթէ զուտ ցանցային միջոցներով միլիոնաւոր ունկնդիրներ գրաւած են, տարբեր լեզուներով, ու յետոյ փորձած մօտենալ անոնց՝ տեղափոխուելով Փարիզ, Հռոմ կամ այլուր։ Նոյնը՝ արուեստի, գիտութեան, առեւտուրի կամ ճարտարարուեստի այլ բնագաւառներու մէջ։
    Հարկ է վերամտածել այն, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ ի՞նչ ձեւով կարելի է խորշ մը (niche) գտնել ու զարգացնել, որպէսզի տեղական մշակոյթ մը պահպանելիութեամբ (sustainability) օժտուի եւ տնտեսական ու ժողովրդագրական գետնի վրայ կարենայ մրցիլ դուրսի՝ յաւելեալ յաջողութեան, բարգաւաճութեան, համբաւի հրաւէրին հետ։ Տրամաբանական է որոշ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական մակարդակի վրայ այս տիպի մտասեւեռումը՝ թէեւ շատ անգամ գործնականի անցումը թէական ըլլայ. այնուամենայնիւ՝ նկատի առնելով համաշխարհային մակարդակով կարծականացումի ամենակուլ մղումը, դժուար թէ ատիկա բաւարար ըլլայ. այսօր գերզարգացած Իսրայէլէն անգամ տասնեակ հազարաւոր արտագաղթողներ կան, շատերը մեր թաղին մէջ, որոնք այդ յաւելեալ-ը կը փնտռեն։
    Անգամ մը եւս՝ լուծումին երկրորդ թեւը պիտի ըլլայ սփիւռքը եւս գօտեպնդել, փոխանակ զայն լքելու, որպէսզիկարենայ ընդունիլ հաւանական —որքան ալ ակամայ— արտահոսքեր։ 1999ի յօդուածով կ՚ըսէի՝ եթէ աշխարհը կը դիմէ դէպի «բազմաթիւ ու բազմազգ սփիւռքներու եւ զիրար խաչաձեւող մշակութային համայնքներու ցանց մը», այդ կացութեան մէջ հայ սփիւռքի «դերը պէտք է ըլլայ վեթերանի իր փորձառութիւնը արժեցնել», մանաւանդ որ—աւելցնեմ այսօր— այդ կացութիւնը՝ հակառակ մեր լաւագոյն ու դեռ չգործադրած ճիգերուն, հաւանաբար աւելի եւս տկարացնէ Հայաստանը։ Ուժեղ սփիւռք մը այդ պարագային գլխաւոր երաշխիքը պիտի ըլլար անոր ու այս մշակոյթին։

 

ԱՆՑԵԱԼԻՆ, չեմ յիշեր ո՞ր թուականին, արտայայտուած ես ո՛չ միայն լեզուի եւ գրականութեան առանցքային դերերու մասին, այլ նաեւ համայնքային կառոյցներու, օրինակ երբ սպաներէն կը գրէիր առաջարկ մը համայնքային հաստատութիւններու ռազմավարական դերին մասին (Propuesta para un estudio estratégico de las instituciones comunitarias armenias)։ Այս հարցերը կը մնան հրատապ, սակայն ներկայիս մեր «կառոյցներ» հասկացողութիւնը պարտաւոր է ընդգրկել ո՛չ միայն կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ ու Բարեգործական, այլ նաեւ երկակենցաղ հիմնարկներ, յատկապէս համալսարաններու հայագիտական ամպիոնները, ապա նաեւ անկախ մշակութային ու քաղաքական կառոյցներ, – անգլիալեզու եւ հայալեզու մամուլ, բազմալեզու մետիաներ, այլազան մարզերու մէջ գործողներ, օրինակ «Զօրեան» հիմնարկը, Armenian Assemblyն, Մասաչուսէցի NAASRը, եւ բազմաթիւ ուրիշներ ուր տարբեր տեսակի աշխատանքներ կը տարուին։ Կը նշեմ Armenian Museum of America, Armenian Cultural Foundation, Project SAVE Armenian Photography Archives, Եւրոպայի «Յուշամատեան»ը եւ այլն։ Ասոնք եւ ուրիշներ մեր բազմակենցաղ առօրեան կը կերտեն։ Ինչպէ՞ս պէտք է մօտենանք անոնց ուսումնասիրման, վերլուծումին, օգտակար քննադատութեան։

ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ուսումս ունէր վարչագիտական կեդրոնացում, կազմակերպական տեսութիւններու ուսումնասիրութեամբ։ Անկէ ի վեր է որ աչքս ծակելու չափ զիս սկսած է տպաւորել եւ խուճապի մատնել սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու մեծամասնութեան հիմնական խնդիրը, որ ըստ իս տեսլականի պակասն է։ Կազմակերպական տեսութեան մէջ տեսլականը կը ճշդէ, թէ ո՞ւր կ՚երթայ այդ շարժումը, ոչ թէ լոկ դէպի՝ այլ մինչեւ ո՞ւր պիտի ընթանայ կազմակերպութիւնը. այսինքն վերջնական նպատակը որուն համար կազմուած է։ Այդ տեսլականին կը համապատասխանէ ռազմավարութիւնը (strategy), ըստ որուն կարելի է յստակ դարձնել թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասնիլ տուեալ այդ վերջնակէտին, ի՞նչ ձեւերով։ Այդ ձեւերն է որ կը կազմեն մարտավարութիւնները, որոնց գումարը՝ յաջողութեան պարագային, պիտի իրագործէ տեսլականը։ 
    Այդ տեսլականն է, որմէ՝ հազուադէպ բացառութիւններով, զուրկ ենք։ Տեսլականը երազանք չի կրնար ըլլալ, այսինքն պէտք է ունենայ յարաբերաբար չափելի, անուանելի, շօշափելի ապագայի մը ընթացքին իրագործելի արդիւնքներ։ Իսկ եթէ իրագործելիութիւնը անորոշ ժամանակով յետաձգուած ըլլալ կը թուի (ինչպէս օրինակ միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանը), հարկ է միջանկեալ չափելի եւ իրագործելի տեսլականներ ճշդել, որպէսզի կազմակերպութեան շարժանիւները դառնան արդիւնաւէտ, գիտակից ուղղութեամբ։ Տեսլականի պղտոր կամ լպրծուն բնոյթ ունենալու կամ գաղափարախօսական իտէալով սահմանափակուելու պարագային, բնական հետեւանքը այն պիտի ըլլայ, որ «ուր»ին փոխարէն պիտի մնայ միայն «ինչպէս»ը, որ չ՚արտօներ արդիւնաւէտութիւնը չափել։ Յստակ օրինակ մըն է դպրոցներու պարագան, ուր տեսլականը ընդհանրապէս կ՚ամփոփուի «ոգի» կամ «հայեցիութիւն» եզրերով, փոխանակ սահմանելու՝ օրինակ, այսքան համեմատութեամբ ուսանողներ հասցնել որոնք կարդացած ըլլան (կարդալու ճարտարութիւնը եւ փորձառութիւնը ստացած ըլլան) այսինչ քանակով ու որակով հայերէն գիրքեր, կամ այսքան համեմատութեամբ կարողական սպառողներ կազմել հայերէն մամուլի եւ գիրքերու, կամ այսինչ քանակութեամբ կարողական գրողներ պատրաստել հայերէն գրականութիւնը երկարաձգելու համար (սպառողներ ու արտադրողներ արտադրելէ դուրս ի՞նչ օգտակարութիւն ունի դպրոցը. սակայն այս վերջինը իմ անձնական համոզումս է)։  Ինչպէ՞ս չափել ոգի ըսուածը։ Վերոյիշեալ վերացական տեսլականները շատ անգամ փախուստ մըն է որ կը պարտկեն հաշուետուութենէն, կամ ալ ապագայի անյոյս ընկալումի մը դիմաց մեքենական զբաղումներով (այսինքն «ինչպէս»ով) անկէ խոյս տալու ձեւ մը։
    «Յուշամատեան»ը օրինակ մըն է յստակ տեսլականի, որուն իրագործման կը դիմէ արագ թէ դանդաղ՝ սակայն յստակ քայլերով։ Խնդիրը այն է, որ դէպի անցեալ նայող կամ անցեալը որպէս առարկայ ունեցող տեսլականներն են որ ընդհանրապէս յստակ կը բանաձեւուին, իսկ միւսները՝ ներկան ու ապագան կազմաւորողները, որոնցմէ գլխաւորները դպրոցներն են կամ դպրոցատիպ ակումբները (երիտասարդականներ), կը տառապին վերի թերիէն։ 

 

ԻՆՉՊԷՍ համայնքային կառոյցներու, նմանապէս հանրային ոլորտի (public sphere) մասին մեր հաւաքական մտածումը դեռ կը մնայ խակ, անտեսուած։ Թուայնացուած մետիաներու աշխարհին մէջ գրականութիւն եւ գրութիւն կը գոյակցին աւելի մտերմօրէն քան անցեալին կը գոյակցէին հայ մամուլի եւ պարբերաթերթերու մէջ։ Դիմատետրին մէջ յատկապէս։ Ինչպէ՞ս պէտք է մտածենք անոնց մասին եւ ինչպէ՞ս գործենք իբր պատասխանատու մտաւորականներ։

ԹՈՒԱՅԻՆ հաղորդամիջոցներու աշխարհը բնականաբար աւանդական հրատարակութիւններէն տարբեր յատկանիշներ պիտի պարզէր։ Ատիկա այլազան տիպի պատճառներ ունի, որոնցմէ՝ հարցումիդ բնոյթը նկատելով, պիտի յիշեմ միայն մէկը։ Ծանօթ է, որ թուային հաղորդամիջոցներու մեծ մասին տիրական աղբիւրը եւ ամենէն ազդեցիկ՝ թերեւս սկզբնական դերակատարը ամերիկեան կողմն է, ի տարբերութիւն աւանդական գրականութեան, ուր այլ մտածողութիւնները մեծ աւանդ եւ ազդեցութիւն ունեցած են։ Իսկ ամերիկեանը վերջերս «պատասխանատու մտաւորական» հասկացութեան համար ունի իր ըմբռնումը, որ ակադեմական շրջանակներէն մեկնելով՝ շատ անգամ բռնանալու սաստկութեամբ կը պարտադրուի առցանց լեզուին վրայ, միայն որոշ բնագաւառներ արժանացնելով այդ սահմանափակօրէն ընկալեալ արդարամտութեան պտուղներուն (սեռային եւ սեռատեսակային, հակասեմականութիւն, իսլամավախութիւն), իսկ ուրիշներ՝ ներառեալ հայկական մտահոգութիւնները (որոնց կարգին մե՛ր անհատական՝ զոհի հայեացքէն իսլամավախութիւնը), անտեսուածներու շարքին դասելով։ Գրականութիւնն ալ, «պատասխանատու մտաւորական»ի կոչին դիմաց, շատ աւելի թափանցիկ կը դառնայ լեզուն եւ մտածումը կաշկանդող այս երեւոյթներուն առջեւ, ինչ որ թուայինի հասողութեան շնորհիւ կը տարածուի աշխարհով մէկ։    
    Այս կացութեան մէջ հայ մտաւորականներն անգամ, երբ խօսին համայնքէն դուրս եղող շուկային, կը փորձեն յարմարիլ այդ լեզուին ու կանոններուն, շատ անգամ թերեւս հակասելով ներհամայնքային (կամ ներլեզուական՝ հայերէնով արտայայտուած) մտահոգութիւններուն, վախերուն եւ իրաւունքներուն։ Լուծում մը չունիմ ասոր դիմաց, քանի որ ասպարէզին վնասող յանդգնութիւն ենթադրող կեցուածքներն են միայն որոնք կրնան ճշմարտութեան որոնումը կատարել։ Օրինակ՝ հաղորդամիջոցներու կողմէ նոյնատիպ աղէտներու դիմաց խտրականութեան մատնանշումը (որ քեզ նշաւակ կրնայ դարձնել ցեղապաշտական ամբաստանութիւններու), կամ օսմանեան եւ թրքական հակահայութեան եւ հայու յատուկ իսլամավախութեան առնչութիւնները (այսօր՝ բացարձակ թապու), կամ «արեւելեան Անատոլիա» արտառոց սահմանումը լքելու վախերը՝ ի դիմաց ցեղակեդրոն որակուելու վտանգին կամ «յառաջդիմական» (որ յարակարծօրէն նաեւ կայսերական յատկանիշներ ունի) ընտրանիէն լուսանցքայնացուելու վտանգին։
    Ինչ կը վերաբերի զուտ ներլեզուական պարագաներու, այնքան ալ վստահ չեմ թէ մեծ տարբերութիւն մը ունի այժմու գրականութեան եւ գրութեան խառնակեցութիւնը՝ օրինակի համար նախեղեռնեան Պոլսոյ (կամ նոյնիսկ Թիֆլիսի) մամուլին եւ նոյնիսկ գրքային արտադրութեանց մէջ դրսեւորուածէն։
    Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը այսօր։ Անձնապէս՝ հանգիստ պիտի ձգէի թուային հարթակի վրայ եղած խառնիճաղանճը, որովհետեւ քաոսը ի բնէ ստեղծարար է, ու անկէ շատ անգամ գեղեցիկ ու անսպասելի բաներ կրնան ծնիլ։ Միւս կողմէ սակայն, պիտի գուրգուրայի աւանդական տպագիր հրատարակութիւններու շարունակականութեան վրայ, այնտեղ առիթ ընծայելով մեր հասկցած ձեւով գրականի ու գրութեան զանազանութեան, միաժամանակ դրդելով անոնց պտուղներու թորումը, թափանցումը, կամ՝ աւելի ճիշդը, յորդ ներծորումը դէպի առցանց հաղորդամիջոցներ։

 

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ տեսակցութիւններ երբեմն կը փակենք սա հարցումով – ո՞րն է այն հարցումը որուն պատասխանելու առիթ կը յուսայիք ունենալ այս հարցազրոյցի ընթացքին, սակայն մենք չառաջարկեցինք զայն։ Օրինակ, հայաստանեան ոլորտին մէջ գործունէութեանդ մասին բաւականաչափ չհարցադրեցինք թերեւս։ Խնդրեմ դուն հաստատէ զլացուած հարցումը ու պատասխանէ անոր։

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆՍ դաշտը ընդհանրապէս Հայաստանը չէ, այլ սփիւռքը՝ յատկապէս անոր այն սերունդը, որուն հետ կը բաժնեմ հիմնական յատկանիշ մը, որն է պատանի տարիքին լքած ըլլալ Մերձաւոր Արեւելքը եւ հաստատուած ըլլալ Արեւմուտք։
    Ուրեմն խնդրուած «պատասխանը» պիտի ակնարկէ այն կարեւոր երեւոյթին, որ այս «սերունդ»ն է, որ ճիշդ խօսելու համար պէտք է կոչենք «խաւ», իր անդամներու բաւական տարբեր տարիքներով։ Այս խաւի անդամները բախտը ունեցած են կազմաւորուելու հայախօս եւ աւանդական մտածողութիւն ու զգայնութիւն ունեցող համայնքներու մէջ, ձեւով մը՝ ինքնութեամբ յորդող «հողի» մը վրայ։ Այսինքն իրենց պէտք չկայ սորվեցնելու թէ ի՞նչ են տարրերը «հայ» ըլլալու այն գիտակցութեան, որ այդ ժողովուրդը ընդհանրապէս կը բաժնէ։ Բախտին միւս երեսն ալ այն է, որ փոխանակ քարանալու այդ աւանդական աշխարհայեացքին մէջ, իրենց կազմաւորման տարիքը չլրացած է որ անոնք անցած են Արեւմուտք՝ հակոտնեայ կամ տարբեր աշխարհընկալումներ ունեցող վայրեր, ուր ստացած են համալսարանական ուսում։ Ուրեմն իտէալ կացութեան մը մէջ կը գտնուին՝ քննական մտածողութեան առարկայ դարձնելու երկու աշխարհները, միաժամանակ ունենալով գիտելիքները թէ՛ «հող»ին (լեզու, զգայնութիւններ), եւ թէ՛ ժամանակակից, ապակեթոյացած, այլին հետ առերեսուող տիրական ընկերութիւններուն։ Դիպուած չէ, որ այս խաւին կը պատկանին նորարար գործիչներու եւ մտածողներու մեծամասնութիւնը, որ առիթը ունի մէկը եւ միւսը կամրջելու եւ հաւասարակշռուած՝ դուրսն ու ներսը հաշտեցնող համադրոյթներ առաջադրելու։ Տարբեր սերունդներու վրայ կ՚երկարի՝ Գրիգոր Պըլտեանէն Ռազմիկ Փանոսեան, Խաչիկ Թէօլէօլեանէն Սեպուհ Ասլանեան ու Դալար Շահինեան, Սալբի Ղազարեանէն Շուշան Կարապետեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ։
    Էականը այն է, որ այս խաւն է որ լաւագոյն դիրքի վրայ կը գտնուի լուծում(ներ) գտնելու այն նոր սփիւռքին, որ արմատապէս տարբեր՝ մեծամասնօրէն Արեւմուտքի մէջ պիտի զարգանայ։ Եթէ անիկա չօգտագործէ այս խաւի ներկայացուցած առաւելութիւնը, դժուար թէ գոյատեւէ որպէս նախորդի շարունակականութիւն, այլ թերեւս կազմէ այլատիպ, նոր բան մը, կամ՝ չքանայ։ Լուծում մը տալու կարողութեան ատակ «վերջին սերունդը» ըլլալու գիտակցութիւնն է, օրինակ, որ կը մղէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ծրագիրներու ետին կեցող Ռ. Փանոսեանի գաղափարները. նոյն խուճապն է որ զիս կը դրդէ տոնքիշոթային թուող նպատակներու հետապնդման՝ արեւմտածին անձերէ հայ գեղարուեստական գրականութիւն ստեղծողներու սերունդ մը կազմելու քիչ մը ցնորական ծրագրին։ Նախ բացառութեան պէս մէկ հոգի, երկու։ Հոսանքի վերածուելու կարելիութիւնը սակայն կարծէք շօշափելի է, քանի մը թեկնածուներով ու ըստ երեւոյթին անոնց թիկունք ըլլալու կոչուած կառոյցներու սաղմնաւորումով. անշուշտ՝ ո՛վ զարմանք, «հայապահպանում» հոլովող կառոյցներէ դուրս։ Յուսանք վարակիչ ըլլայ այնտեղ եւս։ Վարակումներէն մէկը արդէն շօշափելի դարձաւ վերջերս, ստեղծումովը «Արփի» ոչ-շահաւէտ հրատարակչութեան, որ պիտի հրապարակէ պատանի եւ երիտասարդ (ամէն տարիքի) ընթերցողներու ուղղուած հատորներ, պայմանաւ որ անոնք ըլլան անտիպ ու բնագիրը ստեղծուած ըլլայ արեւմտահայերէնով. փորձ պիտի ըլլայ հետեւիլ ամերիկեան հրատարակչական կարգ մը մեթոտներու, ինչ կը վերաբերի մեր մէջ չլսուած՝ հեղինակի ե՛ւ խմբագրի վարձատրութեան եւս։ Գաղափարը յղացողն ու գործը ղեկավարողը՝ Արփի Գրիգորեան եւս կը պատկանի վերոյիշեալ խաւին։

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 3