Խառն թեքնիք՝ թուղթի վրայ
Խառն թեքնիք՝ թուղթի վրայ

ԱՆԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

     «Մանկութիւնս մեծ մասամբ մութ սենեակ մըն է, ելեկտրականութիւնը փոխարինող մոմ մը, ռումբերու պայթումներուն բարձր ձայները եւ մեծերու իրարանցումը», կը խոստովանի արուեստագիտուհի Անի Քիւրքճեան։ Պատկեր մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն գրեթէ երեսուն տարի անց շատերուս մտքերուն մէջ կը շարունակէ արթնցնել մութ ժամանակներ։ Դէպքերը առարկայական գետնի վրայ վերջ կը գտնեն, տարիները կ՚անցնին, առօրեայի անցուդարձները կը փոխուին, սակայն մեր մտքերուն ու մարմիններուն մէջ նստուածք յառաջացուցած դէպքերը միշտ չէ որ կ՚անհետանան։ Դուրսի ռմբակոծումները վերջ կը գտնեն, սահմռկած քաղաքին ամայացած փողոցները կրկին եռուզեռով կը լեցուին, մինչ ներքին փլուզումները կը շարունակեն տարածուիլ մարմնին զանազան անկիւնները, փորձելով դուրս գալ ու ձեւ գտնել։ Գերզգայնութիւնն ու խանգարումը յաճախ մէկը միւսին առաջնորդող ճանապարհներ ունին։ Արուեստագէտը յաճախ իր մարմնին իսկ մէջ կը մէկտեղէ ներքին ու արտաքին բախումները, փորձելով ձայն եւ արտայայտութիւն տալ անոնց ստեղծած թոհուբոհին։ Արդիւնքը երբեմն ապշեցուցիչ աստիճանի ցնցիչ կ՚ըլլայ, անսպասելի, եւ ակամայ հանդիսատեսը կը մղէ հարց տալու թէ՝ ուրկէ՞ եւ ի՞նչ բաւիղներէ կը բխի ստեղծագործական ցանկութիւնը։ Անի Քիւրքճեանի պաստառները այս տեսակի իրականութեան մը առջեւ է որ կը դնեն մեզ։

Գոյներու հանդարտ կերպարանքին տակ զգալի է մրմունջի ու կոտտացող ցաւի խորունկ երկարաձգում մը, բան մը որուն կարծես մատով կարելի է դպնալ, այնքան որ այդ պաստառները լուռ կը պարփակեն պոռթկացող, սակայն անձայն ճիչ մը։

Խառն թեքնիք՝ թուղթի վրայ
Խառն թեքնիք՝ թուղթի վրայ

     Երեւութաբար մեղմ ու մարած գոյներու շղարշի մը տակ, սահուն մակերեսներով, կը յայտնուին պայթուցիկ պոռթկում ու բրտութիւն ներփակող տեսարաններ այնպէս մը, որ անկարելի է անտարբեր մնալ անոնց առջեւ։ Լայն ու միակտուր մարմիններու վրայ փոքր ու խախտած դիրքերով գլուխներ, համեմատաբար չափազանց փոքր ձեռքեր ու առնանդամներ, երկար մազեր պարաններու պէս պլլուած մարմիններու շուրջ, համբուրելու դիրքով լայն բացուած խոշոր ու խածան բերաններ, մարմինները ծակող գամեր, բարակ ճեղքերով աչքեր, այլուրային նայուածքներու ետեւ պահուըտած կաթիլ մը արցունք։ Կարելի չէ այդ պաստառները տեսնելէ ետք հանել զանոնք մտքի հորիզոնէն։ Անոնց գոյներու հանդարտ կերպարանքին տակ զգալի է մրմունջի ու կոտտացող ցաւի խորունկ երկարաձգում մը, բան մը որուն կարծես մատով կարելի է դպնալ, այնքան որ այդ պաստառները լուռ կը պարփակեն պոռթկացող, սակայն անձայն ճիչ մը։

     «Չեմ գիտեր ուրկէ կու գան անոնք», կ՚ըսէ Քիւրքճեան։ Խօսքը կը վերաբերի պաստառներուն, արուեստագէտի վրձինին տակ կերպարանք ստացող կերպարներուն ու բնանիւթերուն։ Քիւրքճեանի պարագային՝ տասնհինգ տարուան առօրեայ կերպով ապրուած պատերազմի արհաւիրքին պիտի աւելնար նաեւ հօր սպանութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ երբ ան տասներկու տարեկան պարմանուհի է։ «Պուրճ Համուտի ջարդը», կը գրեն յաջորդ օրը թերթերը խոշոր գիրերով առաջին էջերուն վրայ։ Գողերը օր ցերեկով սպանած էին հայրն ու չորս պաշտօնեաները, ապա խոյս տուած մեծ արժողութեամբ գոհարեղէններով։ Քիւրքճեան թերթին մէջ կը տեսնէ հօր դիակին նկարը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, կ՚ըսէ ան, կեանքս այդ ցնցումէն, անոր պատճառած խոցէն վերապրելու ընթացք մը եղած է ու կը շարունակէ ըսելով որ արուեստը հոնկէ կը ծնի։

Քիւրքճեանի գործին մէջ պատերազմը ընդյատակեայ ներկայութիւն մըն է, գուցէ գետին մը։

     Ապրուած դէպքին յառաջացուցած ցնցումը անչափելի է։ Անմիջական հետեւանքները զայրոյթն ու անկարողութեան զգացումը կ՚ըլլան, որոնք սակայն կը մնան անլոյծ ու կը կուտակուին մտքի ու մարմնի ծալքերուն խորերը։ Կեանքը կը շարունակուի ու կը կարծենք որ ցաւերն ու ցնցումները կը մոռնանք, մինչեւ որ օր մը անոնք մակերես կ՚ելլեն ու հաշուեյարդար կը պահանջեն։ Քիւրքճեան ատոր է որ կ՚ակնարկէ։ Տարիներ պիտի առնէ մինչեւ որ այդ ամէնուն ընթացք տալու, ձեւի ու հունի բերելու գործընթացի մը կարելիութիւնը երեւի, երբ ան ներքին պէտքէ մը մեկնելով կ՚արձանագրուի նկարչական դասընթացքի մը ու շուտով կը հասկնայ թէ ինչ պէտք է ընէ։

Պաստառներուն գոյները անդորրութիւն մը կը թելադրեն։ Այդ արտաքին մաշկին տակ սակայն հսկայական ցաւ ու զայրոյթ մը կ՚եռայ ու կը փրփրի։ Միսը ծակող ցաւ մը։ Վկայ սրածայր գործիքները։ Խախտած գլուխներն ու մարմինները ներքին ահաւոր վիճակի մը վկաներն են։

     Դիւրին որոշում մը չէ, մեր միջավայրին մէջ, մանաւանդ իբրեւ կին, հասուն տարիքի, ամէն բան ձգել ետին, հակառակ շրջապատին ու զինք սիրողներու բոլոր արգելքներուն ու յորդորներուն, նետուիլ արուեստի ասպարէզ, առանց գիտնալու թէ ուր պիտի առաջնորդէ այդ ճամբան։ Մղումը որքան զօրաւոր կերպով ներքին տեղէ մը պէտք է գայ որ մարդ կարենայ ուժ ու կամք հաւաքել հոսանքին դէմ թիավարելու։

Աքրիլիք՝ տախտակի վրայ, 2012
Աքրիլիք՝ տախտակի վրայ, 2012

      Հարուածը, թէեւ հետեւանք է զազրելի ոճիրի մը, արուեստագիտուհիին համար կը կապուի տասնհինգ տարուան ամլացնող պատերազմին։ Անոր մթնոլորտին մէջ է որ ամբողջ երկրի մը ժողովուրդը կը փորձէ կեանքին տալ բնականոն երեւոյթ, ապրիլ օրէ օր, որուն աւարտին, կ՚ըսէ ան, կը կարծէի թէ կեանքը այդ էր։ Պատերազմի աւարտին է հաւանաբար որ բուն հարցերը կը սկսին, երբ մարդիկ կ՚անդրադառնան որ վերապրումէն անդին կեանք մը կայ, որմէ կտրուած եղած են այդքան տարի, եւ հիմա ստիպուած են ոչ թէ միայն վէրքերը ձեւով մը փակել ու սփոփել, այլ վազել հասնիլ կեանքին, փորձելով ապրիլ իսկապէս բնականոն կեանք մը։ Պատերազմները կրնան դադրիլ մէկ օրուան մէջ, սակայն տասնը հինգ տարուան վէրքերը շատ աւելի ժամանակ կ՚ուզեն սպիանալու համար։ Ֆիզիկական ուժ հաւաքելէ անդին բան մը անհրաժեշտ է, եղածը հասկնալ փորձելու, իմաստ տալու, անոր հետ ճակատելու, ընդունելու ու հաշտուելու, եւ այս բոլորը անհատական փորձառութիւններէն երկարելով մինչեւ հաւաքականը։ Գիտենք որ Լիբանանի պարագային, որոշ փորձերէ դուրս, պատահածը պարզապէս լռութեան մատնուեցաւ, որովհետեւ նախընտրելի նկատուեցաւ մոռնալ պատահածը, կարծես պատերազմը ժամանակաւոր խանգարում մը եղած ըլլար, ելեկտրական հոսանքի առժամեայ խանգարումի մը նման, որուն վերահաստատումով ամէն բան կը մոռցուի ու կեանքը կը շարունակուի։ Որոշ իմաստութիւն մը կայ անշուշտ ատոր մէջ։ Կեանքը պէտք է շարունակուի։ Սակայն գիտենք նաեւ որ չլուծուած հարցերը, գոնէ անձնական մակարդակի վրայ ապրուած խոցերը, այդքան դիւրին չեն մոռցուիր ու կրնան խանգարումի տանիլ եթէ չլուծուին։

     Քիւրքճեան կ՚ըսէ թէ ինք ալ պատրաստ եղած է պատերազմի աւարտին բոլորին նման մոռնալու անցած օրերը, լռելու ներքին փորձառութիւնը ու մտնելու կեանքին մէջ, այդ ուղղութեամբ քայլեր առած, ուսանած ու գործի ասպարէզ մտած։ Սակայն, պակաս մնացող բանի մը զգացողութիւնը աւելի մեծ եղած է քան յարաբերաբար բնականոն դարձած, քաղքենի ու չափով մը մակերեսային կեանքի մը հրապոյրը։ Պատահական կերպով յայտնուած նկարչութեան դասընթացքը հրապուրած է զինք ու այդ օրուընէ սկսեալ ետեւ չէ նայած։ «Վեց ամիս չանցած սիրահարած էի նկարչութեան», կ՚ըսէ ան։ Կը յաջորդեն անշուշտ նկարչութեան համալսարանական ուսման արձանագրութիւնն ու աւարտումը, սակայն այդ ատեն, կ՚ըսէ ան, դադրեցայ գծելէ։ Կարծեցի վերջ գտաւ։ Նկարչութեան պատմութիւնը, նկարչական ձեւային փնտռտուքներն ու փորձերը ամլութեան կը մատնեն զինք։  Ներքին փորձառութենէն արտաքին աշխարհ կապը կը պակսի։ Կարծես լռութեան արգելքը հոս ալ գլուխ կը ցցէ ու թոյլ չի տար որ մարմինը արտայայտէ ինքզինք։  Քիւրքճեան կը շարունակէ ուսումը յաջորդաբար հոգեբանութեան ու աստուածաբանութեան ճիւղերուն մէջ։ Լուծումը կը յայտնուի երբ հոգեբանական հաստատութենէ մը ներս կատարած ուսումնական փորձառական շրջանի մը ընթացքին կը տեսնէ թէ հիւանդները ինչ ազատութեամբ է որ կը նկարեն։ Անոնց նկարչութիւնը լիուլի տարուած է ներքին զգացածը արտայայտելու մղումով։ Հոս է, այդ ազատութեան ստանձնումով ու գրաւումով, որ արուեստագիտուհիին մօտ վերջապէս կարելիութիւնը կ՚երեւի անհատական արուեստի մը կիրառման ու ան կրկին կը սկսի նկարել։ Այդպէս է որ կամաց-կամաց կը յայտնուին պաստառները իրենց իւրայատուկ աշխարհով։

Տխեղծութիւնը, երբ կը քաշքշուի, ծիծաղի կ՚առաջնորդէ։ Սառն սակայն կարեկից ծիծաղ մը, երբ դիտողը կամաց-կամաց կը սկսի անդրադառնալ համայնական կացութեան մը անհեթեթութեան, երբ կը սկսի ինքզինք ու իր շրջապատը տեսնել այդ բոլորին մէջ։

     Քիւրքճեանի գործին մէջ պատերազմը ընդյատակեայ ներկայութիւն մըն է, գուցէ գետին մը։ Կան տեղտեղ զէնքեր ու դանակներ։ Յայտնուողները կերպարներ են, տխեղծութեան շղարշի մը տակ ու երեւութաբար խաղաղ թուացող միջոցներու մէջ։ Պաստառներուն գոյները անդորրութիւն մը կը թելադրեն։ Այդ արտաքին մաշկին տակ սակայն հսկայական ցաւ ու զայրոյթ մը կ՚եռայ ու կը փրփրի։ Միսը ծակող ցաւ մը։ Վկայ սրածայր գործիքները։ Խախտած գլուխներն ու մարմինները ներքին ահաւոր վիճակի մը վկաներն են։ Յուսաբեկութեան ու ցասումի վիճակ մը։ Համատարած անյուսութեան։ Սակայն, այդ խախտումները նաեւ դուռ կը բանան ծիծաղելիին, ինչպէս կը խոստովանի նկարչուհին։ Տխեղծութիւնը, երբ կը քաշքշուի, ծիծաղի կ՚առաջնորդէ։ Սառն սակայն կարեկից ծիծաղ մը, երբ դիտողը կամաց-կամաց կը սկսի անդրադառնալ համայնական կացութեան մը անհեթեթութեան, երբ կը սկսի ինքզինք ու իր շրջապատը տեսնել այդ բոլորին մէջ։ Պատերազմը, անոր անբացատրելի սկիզբն ու աւարտը, մանաւանդ տասնհինգ տարուան վրայ գումարուած հազարաւոր զոհերն ու ողբերգութեան անձնական դրուագներն ու խոցերը, բոլորիս մէջ տեղ մը կը շարունակեն ընդյատակեայ իրենց գոյութիւնը։ Ո՞վ անմասն մնացած է անոր այս կամ այն հետեւանքէն՝ նուազ կամ աւելի։ Ով չէ՞ ապրած անոր պատճառած զանազան տեսակի խանգարումները իր իսկ կեանքին մէջ, մնացողներէն մինչեւ աշխարհին ծայրերը մեկնածները։ Պատերազմը ամէն տեղ է ու փախուստ չկայ անոր ողբերգութենէն։ Բան մը, որ սակայն կը մոռնանք, գիտակից կամ անգիտակից կերպով, չըսելու համար կը լռենք զայն քաղաքական հաշիւներով։ Քիւրքճեանի պաստառներուն երեւութական հանդարտութիւնը այդ լռութեան ու մոռացումին կը նմանի, որ սակայն անմիջապէս արդէն կը խզուի մակերեսը պատռող ճիչով։ Ճիչն է, որ թէեւ լռեցուած, սակայն համատարած է։ Բոլորիս մէջ տեղ մը խորունկ պառկած բեկումի ու յուսալքութեան ճիչը։ Եւ այդ ճիչը յատուկ չէ միայն լիբանանեան արհաւիրքը ապրածներու փորձառութեան, այլ մարդկութեան ընդհանրական ճակատագիրն է։ Զարմանալի չէ, որ Քիւրքճեանի պաստառներուն մէջ մարդիկ իրենք զիրենք տեսնեն ուր ալ գտնուին, ինչ փորձառութենէ ալ գան։ Լիացումի ու զեխութեան երազներով տոգորուած մարդկութեան մը խորերը լռեցուած ճիչը կը յայտնուի այդ պաստառներուն ետին, որովհետեւ այդ բոլորը կու գայ հոգեկան սպանութիւններու գինով, որոնք կը կատարուին անգիտակից կերպով։ Սակայն հոն է, հոգեկան աշխարհի մութ ջուրերուն մէջ, ուր խանգարումները կը կուտակուին։ Այս պաստառները դիտողի խորքին է որ կ՚ուղղուին, հոն ամուր փակուած հեղեղման դռներու։ Անոնց ուժը նկարչուհիին ներքին փորձառութեան խորքերէն կու գայ, սակայն կ՚անցնի անոր կեանքի ընթացքէն, հետաքրքրութիւններէն, պրպտումներէն, մտքէն, ու ձեւ կը գտնէ անոր վրձինին տակ։ Փասթէլներ ու աքրիլիք ներկեր։

Էրոսը այս պաստառներուն մէջ խաղի մակարդակ մը կը նշէ կարծես, որ ցաւը կը միացնէ կեանքին, ցաւին ներկայութիւնը տեսանելի կը դարձնէ կեանքին մէջ։ Խոցեալին կու տայ հեշտանքի ինքնուրոյն արտայայտութիւն։

     Քիւրքճեանի պաստառներուն մէջ նաեւ կ՚եռեւեփի յաճախ զարտուղի սեռայնութիւն մը։ Զարմանալի չէ ասիկա։ Մարմիններու տխեղծութեան շարունակութիւնն է ան։ Բայց ինչպէս այդ չափազանցութիւնները յաճախ ծիծաղի միջոցով չքմեղանքի ու շրջանցումի կ՚առաջնորդեն, սեռականութիւնն ալ այստեղ, էրոսը, այս մարմինները մատչելի կը դարձնէ, անոնց կեանքին մէջ ըլլալը կը յուշէ։ Խոցեալները, թէկուզ տարբեր, իրենց մարմինները նուազ լիութեամբ ապրողներ չեն։ «Էրոսը անձամբ եկաւ դուռս թակելու գիշեր մը` ինքնուրոյն, առանց հրաւէրի: Ես զայն գտայ դրանս շեմին` սարսափելիօրէն խոցուած, աղտեղի, վշտահար, լեզուն` կապ եւ ահադող», կը նշէ ան գեղեցիկ գրութեան մը մէջ։ Էրոսը այս պաստառներուն մէջ խաղի մակարդակ մը կը նշէ կարծես, որ ցաւը կը միացնէ կեանքին, ցաւին ներկայութիւնը տեսանելի կը դարձնէ կեանքին մէջ։ Խոցեալին կու տայ հեշտանքի ինքնուրոյն արտայայտութիւն։ Էրոսը ներկայ է նաեւ ճաշակումի յաճախ կրկնուող բնաբանով։ Ենթակաները պագնելու փոխարէն զիրար կը խածնեն, կամ իրենք զիրենք կ՚ուտեն։ Ձեռքեր, գլուխներ կը յայտնուին բերաններու մէջ կամ սեռային տարածքներու վրայ։ Այս պաստառները նաեւ կեանքի յաղթանակը կը նշեն ներքին սատանաներու վրայ, որոնց մէջէն արուեստագէտը խորունկ չարչրկումի մը աստիճանական յաղթահարումով լոյսին կը հանէ երեւակայական հարուստ աշխարհ մը։ Իւրայատուկ արուեստը մը, որ կարողութիւնը ունի դիտողին ակնարկը դարձնելու ինքն իր մէջ, կամաց-կամաց պատռելով կեանքի քաղքենի շղարշին բնականոնութեան պատրանքը։ Քիւրքճեանի արուեստը ճիչ մըն է այդ պատրանքին դէմ, եւ իբր այդ ազատագրող հանգամանք մը կը պարունակէ։

Օգտագործուած աղբիւրներ

  1. On Art and Aesthetics, Օգոստոս 28, 2018, https://onartandaesthetics.com/2018/08/22/ my-childhood-is-mostly-a-dark-room-a-candle-replacing-electricity-loud-bomb-sounds- adults-in-panic-annie-kurkdjian/
  2. Art in Beirut – painter Annie Kurkdjian, https://www.youtube.com/watch?v=ROntqV7sM7Y
  3. Annie Kurkdjian Interview – Lamasat Future TV 2013, https://www.youtube.com/watch?v=J8oCXrrFgFM
  4. Անի Քիւրքճեան, Էրոսն ու ես, Ինքնագիր գրական հանդէս 15/5/2018, https://inknagir. org/?p=8371
  5. Նկարչուհիին կայքէջը՝ http://www.anniekurkdjian.com

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 2

նախորդ
MNEMOSYNE