10 ՀԱՐՑՈՒՄ
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻՆ

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԼԵԶՈՒՆ ՈՒՆԻ

Վահէ Պէրպէրեան (Լուսանկար՝ Պերճ Արապեանի)

Վահէին իմ առաջին պատկերս 1970ականներուն Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին մէջ, երկար մազերով, Վ. Սէթեան տպարանը աշխատող հիփփի մըն է, որ Զօհրապ Եագուպեանին հետ Գիքորի բեմականացման մէջ պեզազ Արթինին դերը կը խաղար: Յետոյ Ասպարէզին մէջ սինեմայի մասին իր գրութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի: Նամակներ Զաաթարէն լոյս տեսաւ 1996ին, Յանուն Հօր և Որդւոյ՝ 1999ին… Այդ տարի կրկին հանդիպեցանք Հայաստան (ուրիշ ո՞ւր պիտի ըլլար…), Վահէն արդէն բեմադրիչ էր, նկարիչ եւ գրող, եւ որպէս այդպիսին ան սփիւռքահայ առանձին երեւոյթ է։

Ինչպէ՞ս կրնաս վերլուծական ակնարկով մը ամփոփ կերպով ներկայացնել այս եռակի արուեստագէտի զարգացումդ իր բեկումնային պահերով։

Կարծեմ այսօր ուր որ եմ, կամ աւելի ճիշդը ինչ որ եմ, այդ յիշածներուդ բնական զարգացումին հետեւանքն է։ Շատ փոքր տարիքէս երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, գրականութիւնն ու դերասանութիւնը հմայած են զիս եւ միշտ դժուարութիւն ունեցած եմ մէկուն կամ միւսին յանձնուելու: Հայրս միշտ կ’ըսէր որ այդ սիրածներէդ մէկը պիտի զատես եւ կեդրոնանաս, այլապէս ո՛չ մէկուն մէջ ալ պիտի յաջողիս վարպետ դառնալ: Ատոր համար ալ երաժշտութիւնը զոհեցի, բայց տարիներ ետք անդրադարձայ որ բնաւ պէտք չունէի ինքզինքս չարչարելու որպէսզի մէկը կամ միւսը զատեմ, որովհետեւ այնպէս մը չէր որ թէ ՛ ատաղձագործ կ՚ուզէի ըլլալ, թէ՛ բժիշկ եւ թէ՛ օդաչու: Վերջին հաշուով, բոլորն ալ արուեստի տարբեր երեսներն էին եւ ուշ կամ կանուխ տեղ մը կը նոյնանային: Ինծի համար բոլոր արուեստներուս մէջէն ամենէն աւելի աշխատանք պահանջողը ինքզինքս ստեղծելը եւ վերաստեղծելը եղած է միշտ: Օսքար Ուայլտը հոյակապ խօսք մը ունի՝ «ես իմ հանճարս կեանքիս մէջ դրած եմ, ինչ որ արուեստիս մէջ դրած եմ միայն տաղանդս է»: Այս խօսքը միշտ ալ մխտած է զիս որ ամենէն աւելի ես իմ վրաս աշխատիմ:

Ամէն արուեստ կեանք է ինքնին եւ ինքնիրմով առաջին հերթին: Բայց նաեւ փնտռտուք է: Քու պարագայիդ ինչպէ՞ս կը սահմանես/ներկայացնես այդ փնտռտուքը քու կեանքիդ զարգացման ենթակայական ոլորտին մէջ:

Դժուար հարցում է, որովհետեւ չեմ գիտեր թէ ըրած արուեստներուս մէջ որքանը փնտռտուքի արդիւնքի է, որքանը այդ փնտռտուքէն գտածս բաժնելու եւ որքանը պարզապէս արդիւնք է այն իրողութեան որ այսքան տարի վերջ փախուստ չունիմ, պիտի ստեղծեմ, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ ուզեմ ուրիշ բան ընել, չեմ կրնար: Հաւանաբար սկզբնական տարիներուս այս ամբարտաւանութիւնը ունէի որ արուեստովս մարդոց պիտի դաստիարակեմ, կամ աշխարհը փոխեմ, բայց հիմա կարծեմ Ֆելլինիին հասած եզրակացութեան հասած եմ: Արուեստագէտին հարցնել թէ ինչո՞ւ կը ստեղծագործէ, կը նմանի հաւուն հարցնել թէ ինչո՞ւ հաւկիթ կ՚ածէ: Բայց անշուշտ եթէ փորձեմ հարցումիդ պատասխանը պատկերով մը տալ՝ պատկերը հաւանաբար այս է՝ կեանքի աղբակոյտին մէջ, ձեռքերս սոթտած բաներ կը փնտռեմ, եւ գտածս թեթեւ մը կը ցօղուեմ եւ շուրջիններուս ցոյց կու տամ:

Վահէ Պէրպէրեան (Լուսանկար՝ Արմէն Քէշիշեանի)


Ա
րուեստի ստեղծագործութիւնը նաեւ նպատակ է ինքնին եւ ինքնիրմով: Այդուհանդերձ, սփիւռքեան գոյավիճակի մէջ արուեստը ձգտած է հաւաքական նպատակի մը, որ, համաձայն Սփիւռքի դասական յարացոյցին, եղած է ազգային ինքնութեան կորուստին մտահալածանքը և հայրենադարձութեան փրկչական ենթադրութիւնը: Բայց քու արուեստդ ծաղկեցաւ յետ- անկախութիւն ժամանակաշրջանին, որ նաև այդ յարացոյցին տագնապի ծննդոցն է: Հետեւաբար, ենթակայականէն անդին հաւաքական ի՞նչ ենթադրեալի հիման վրայ զարգացած է ստեղծագործութիւնդ — եթէ նման ենթադրեալ մը նկատի ունեցած ես անշուշտ:

Անկեղծ ըլլալու համար, որքան ալ փորձած եմ քարոզչութիւն չընել եւ կարելի եղածին չափ հեռու մնալ յորդորական մթնոլորտէն, միշտ տեղ մը հասած եմ ուր, շուրջս նայելով, անդրադարձած եմ որ քիչ մը ուսուցողական ճամբայ բռնած եմ: Ատոր անդրադառնալուս պէս, անմիջապէս փորձած եմ ետ դառնալ, կամ ճամբաս շեղել: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ ատիկա դիւրին չէ եղած, որովհետեւ երբեմն պարզապէս նիւթիդ կամ կերպարներուդ հայկականութիւնը կամ նոյնիսկ հայերէն լեզուով գրելդ արդէն որոշ յորդորականութիւն մը կը պարտադրէ։ Վերջին հաշուով, այն կերպարները որ ստեղծած են, որոշումներ պէտք է առնեն, եւ կ’ուզես որ խելքը գլուխ, հայկականութեան հետ յարիր ընթացող որոշումներ առնեն:

Ի՞նչ տինամիքով իրարու հետ առընչուած եւ փոխազդած են թատրոնը, նկարչութիւնն ու գրականութիւնը գեղարուեստական ստեղծագործութեանդ մէջ: Որեւէ մարզ ունեցա՞ծ է առաջնահերթային նախապատուութիւն, կամ, այլ խօսքով, եղա՞ծ է որոշիչ կամ մեկնակէտային:

Ինչպէս կ’ըսէի, շատ պզտիկ տարիքէս արդէն ինծի համար անկարելի էր այդ արուեստներէն մէկուն կամ միւսին առաջնահերթութիւն տալը: Ամէն մէկ արուեստի մարզ տարբեր պահանջ մը գոհացուցած է: Կարծեմ միշտ մէջս սքիզոֆրէնիք բան մը եղած ըլլալու է: Մէկ Վահէն թատրոնի լոյսերը, ժողովուրդը, ծափահարութիւնը կը փնտռէ, միւս Վահէն իր աշխատանոցին առանձնութիւնը, լռութիւնը կամ թուղթ-մատիտը: Տարօրինակը այն է, որ յաճախ երբ արուեստանոցիս մէջ եմ, թատրոնի իրարանցումը կը կարօտնամ, իսկ երբ ժողովուրդին մէջ եմ՝ տանս առանձնութիւնը: Բայց ինչպէս ըսի, նախապատուութեան հարց գրեթէ չկայ: Բոլորն ալ իմ պզտիկներս են, բոլորն ալ հաւասարապէս կը սիրեմ, եւ այդ վայրկեանին որուն որ աւելի կարօտնամ անոր հետ ժամանակ կ՚անցնեմ:

Նամակներ Զաաթարէն առաջին գրական գործդ է որ կը հրատարակուի: Նիւթը դիպուկ է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու իր յստակ առնչութեամբ: Գրական փորձեր ունի՞ս հրատարակուած ատկէ առաջ: «Զաաթար» երեւակայական վայրը չի կրնար Լիբանանը չյիշեցնել. «մանայիշ»ը որ հայացուցած ենք որպէս «զախթարով հաց», բայց նաև Թէլ Զաաթար… Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այդ նիւթը որպէս առաջին գրական ստեղծագործութիւնդ:

Նամակներ Զաաթարէն վէպէն առաջ առաւելաբար թատրոն գրած եմ: Վարդագոյն փիղը հրատարակուած էր, ուրիշ գործեր բեմադրուած էին, անտիպ երկու վէպեր ունէի, մէկը հայերէն, միւսը անգլերէն, բայց Զաաթարը առաջին հրատարակուած վէպս էր եւ պէտք է ըսել, թէ հաւանաբար քիչ մը աճապարանքով հրատարակած եմ: Գիտես, երբ երիտասարդ ես, անհամբերութիւն մը կ’ըլլայ մէջդ: Անցեալները երբ Audio-bookի համար կարդալու սկսայ, անդրադարձայ որ որոշ մասեր կան որ քիչ մը աւելի աշխատանք պէտք ունէին, թէ՛ լեզուի եւ թէ՛ մտքերու յստակացման առումով: Հակառակ ատոր, գործը կը սիրեմ, որովհետեւ շատ օրկանիք ձեւով մէջտեղ եկաւ եւ լաւ կառոյց ունի: Այդ տարիներուն AIM թերթը հայերէն գրական բաժին մը սկսած էր հրատարակել, եւ ես թերթօնի պէս, ամէն թիւի մէջ նամակ մը կը գրէի Զաաթարէն: Քաղցկեղէն նոր հրաշքով ազատած էի, եւ Զաաթար ապաստանած նամակներ կը գրէի: Հոյակապ փախուստ մըն էր իմ վիճակիս մէջ գտնուող մէկու մը համար, որ ժամանակին մեծ մասը հիւանդանոցը կամ տունը, անկողնին գամուած կ’անցնէր: Ճիշդ ես, վէպը լիբանանեան զաաթարի զօրաւոր հոտ ունի, որովհետեւ Լիբանանը շատոնց ձգած ըլլալով հանդերձ հոգիով դեռ հոն էի, եւ վէպը առաջին լուրջ փորձս էր Լիբանանէն ամբողջովին հեռանալու:

Յետոյ եկաւ Յանուն հօրը, որ բարեկամ մը ըսաւ՝ իր նիւթի համարձակութեամբ առանձնայատուկ է: Աւանդական հայ հայրը, անոր թաքնուած եյանկարծ յայտնաբերուող սեռային գրգիռն ու «ամօթ»ը, հօր ժառանգութիւնը՝ գրադարանը, հայերէն գիրքերը… Ինքզինքդ որպէս սփիւռքահայ տղամարդ կը տեսնե՞ս հոն: Հարցումը նաեւ կը կարեւորեմ, որովհետեւ վէպի վերջաւորութեան որդին կը նոյնանայ հօր կերպարին հետ։ Սփիւռքահայ տղամարդու ճակատագի՞ր…

Զաաթարը երբ հրատարակուեցաւ, Վահէ Օշականին հետ օր մը նստած կը զրուցէինք, ինծի ըսաւ թէ՝ «Վահէ, ֆրանսացիները կ’ըսեն որ ամէն մարդ իր մէջը մէկ հատ գիրք ունի, գրողը երկրորդ գրքէն յայտնի կ’ընէ»։ Ըրածը մարտահրաւէրի պէս բան մըն էր, եւ Վահէն այնքան կը սիրէի եւ կը յարգէի, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու սկսայ Յանուն Հօրին վրայ աշխատիլ, որովհետեւ մտքիս մէջ արդէն յստակ էր պատմութիւնը։ Յանուն Հօրը որքան որ հեռու է ինքնակենսագրութիւն ըլլալէ, նոյնքան ալ մօտ է իմ կերպարիս, որովհետեւ մէջը թատրոն կայ, Լոս Անճելըսի մէջ կը պատահի, հայրը գրքի խենթ, էջերու մէջ կորսուած մարդ մըն է, եւ աղջիկը ձեւով մը սուրբ հոգին է։ Եւ այո, վէպը գրած ատենս արդէն յստակ էր որ տղան հօրը շարունակութիւնը պիտի ըլլայ։ Իր հօր նոր մոտէլը, քիչ մը աւելի երիտասարդ տեսակը, որ որքան ալ գիրքերէն փախի վերջ ի վերջոյ պիտի չկարենայ հօրը ժառանգութենէն փախիլ։ Ասոր ճակատագիր կարելի՞ է ըսել։ Հաւանաբար։

Յանուն Հօրը նաեւ զուտ Սփիւռք է այն իմաստով որ, ի տարբերութիւն Նամակներուն, հայրենիքը չկայ հոն: Բայց Սփիւռքը իր ամբողջութեան մէջ որպէս ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան ժառանգորդ, որպէս աշխարհագրական տարածութիւն եւ որպէս համահայկական իրականութեան մէջ վարքի, բարքի եւ առօրեան ապրելու բազմազանութիւն՝ ներկայ է բեմական գործիդ մէջ: Միայն զուարճալին չէ անոնց քաշողականութիւնը, այլ՝ Միջին Արեւելքէն աշխարհագրականօրէն արեւմտականացող Սփիւռքը դիտելու, ընկալելու, ուսումնասիրելու ստեղծագործ կարողութիւնդ: Ինչպէ՞ս եղաւ այդ:

Սիրեցի «Միջին Արեւելքէն աշխարհագրականօրէն արեւմտականացող Սփիւռքը դիտելու» բաժինը, որովհետեւ ուղղակիօրէն իմ կեանքիս բնական ընթացքին մաս կը կազմէ եւ Յանուն Հօրը առաջին արեւմտականացած գործն է։ Նախապէս գրած բոլոր կտորներս ալ ֆիզիքապէս Արեւմուտքի մէջ ապրող բայց հոգեպէս տակաւին Արեւելք ապրողի արտադրութիւններ էին, ինչպէս օրինակ՝ Վարդագոյն փիղը եւ Աւազախրումը: Իսկ երբ մենախօսութիւններուս սկսայ, արդէն արեւմուտքցին էր ընդհանուր պատկերը դիտողը եւ նօթեր առնողը: Պէտք է խոստովանիմ, որ յաճախ մտածած եմ, որ արդեօք ի՞նչ տեսակ մէկը պիտի ըլլար Միջին Արեւելք մնացած Վահէն եւ ի՞նչ պիտի զգայի եթէ տարիներ ետք, օր մը Լիբանանի մէջ իրեն հանդիպէի։ Ասիկա լաւ նիւթ կ’ըլլայ զարգացնելու:

He Who Lives by Love 30 Acrylic on paper 2010 (Գործ՝ Վահէ Պէրպէրեանի)

Բեմական գործունէութեանդ ու գրականութեանդ մասին խօսելով չեմ կրնար չանդրադառնալ անոնց հասարակաց առաջին յայտարարին՝ լեզուն, Սփիւռքի լեզուն, արեւմտահայերէնը: Բեմին վրայ այդ լեզուն ամէնօրեայ խօսակցական լեզուի հարազատութիւնը ունի, որքան ալ որ անոր օտարացումը յստակ է ոչ-հայերէն բառերու օգտագործումով: Սակայն, վէպերուդ մէջ արեւմտահայերէնը մշակուած է, բայց կը պահէ իր հարազատութիւնը: Առօրեայ խօսակցութեան եւ գրական մշակումի մէջ տարուբերող արեւմտահայերէնի ապագան, եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով գրողի ու ընթերցողի ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնես:

Մատդ վէրքին վրայ դրիր: Ասիկա սփիւռքահայ գրողին, կամ գոնէ իմ ամենէն մեծ ցաւս է: Ինչպէ՞ս կրնաս հայերէն գրել եւ հարազատ հնչել, մանաւանդ երկխօսութեան պարագային, երբ մեր խօսակցական լեզուին կարեւոր մէկ մասը Սփիւռքի մէջ, օտար բառեր են: Եթէ Ամերիկայի մէջ կ՚ապրիս անգլերէն են, եթէ Լիբանան կ՚ապրիս՝ արաբերէն, եթէ Թուրքիա ես՝ թրքերէն, եւայլն: Այն վայրկեանին որ լեզուն մաքրելու փորձ ընես, արդէն հարազատութեան մուխը կը մարես: Այնպէս որ յաճախ ստիպուած ես ստեղծած կերպարներդ այլակերպել, որպէսզի իրենց խօսած լեզուն աւելի համոզիչ ըլլայ։ Սա ալ ըսեմ որ լեզուն իր յիշողութիւնը ունի, կամ պէտք է ըսեմ՝ յիշողութիւնը իր լեզուն ունի: Եթէ դուն այսօր Լիբանանի մէջ պատահած դէպք մը պիտի պատմես, նոյնքան դժուարութիւն պիտի չունենաս հարազատութիւնը պահելու, որքան պիտի ունենայիր եթէ Պուէնոս Այրէսի մէջ պատահած դէպք մը պատմէիր, որովհետեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ պատահած կերպարներէն մէկը կրնայ ըլլալ արժանթինցի է, կամ հայ է եւ հայերէն չի գիտեր խօսիլ, բայց դուն զոռով հայերէն պիտի խօսիլ տաս:

Լեզուին մասին հարցուցի նաև որովհետև յաջորդ և դեռեւս անտիպ գործդ անգլերէն է: Փո՞րձ, անխուսափելի՞, թէ՞ Կարօ Փօլատեանի ծանօթ գործին խորագրի հետեւումով՝ «կը հրաժարիմ հայերէնէ»…

Չէ, բնաւ հրաժարելու նպատակ չունիմ, բայց կարծեմ տեղ մը կու գայ որ անխուսափելի կը դառնայ ապրած երկրիդ լեզուն գործածելը, այնպէս ինչպէս Քունտերան ֆրանսերէն սկսաւ գրել, Նապոքովը՝ անգլերէն: Այս նոր վէպիս անգլերէն լեզուով ըլլալը ինծի համար դաւաճանութեան պէս բան մըն էր, բայց ուրիշ ելք չունէի, մանաւանդ որ երկար ատեն ուսումնասիրած էի ժամանակաշրջանը եւ անդրադարձած, որ հայերէն լեզուով ատոր տակէն ելլելը անկարելի պիտի ըլլայ ինծի համար:

Հայաստանը դուրս չի մնար քու շրջապտոյտներէդ: Վահէ Պէրպերեան նկարիչը, գրողն ու դերասանը ինչպէ՞ս ընկալուած են հոն: Այլ խօսքով, եւ որպէս հետեւում այս հարցումին, արեւմտարեւելահայկական փորձառութենէդ ի՞նչ դասեր քաղած ես — Հայաստան թէ Լոս Անճելըս: Մշակութային համարկումը կան «ինտեգրացիա»ն կարելի՞ է։

Ես ինքզինքս շատ բախտաւոր կը զգամ որ մեծ թիւով հայաստանցի համակիր ունիմ եւ Հայաստանի բոլոր ներկայացումներս բերնէ բերան լեցուն կ’ըլլան սփիւռքահայ եւ տեղացի հանդիսատեսներով: Ասոր համար պէտք է խոստովանիմ որ ահագին բան կը պարտիմ համացանցին: 20 տարի առաջ, երբ առաջին անգամ ելոյթ ունեցայ Հայաստանի մէջ, սարսափահար էի, որովհետեւ եկող հայաստանցիները բնաւ գաղափար չունէին որ ո՞վ եմ կամ ի՞նչ կ՚ընեմ: Եկած թեւերնին ծալած, խոժոռ դէմքերով դիմացս նստած էին որ «Հայտէ, խնդացո՛ւր մեզի նայինք»: Հիմա արդէն ամէն ինչ փոխուած է, նախ որովհետեւ եկողը արդէն ծանօթ է ինծի, իսկ եթէ ծանօթ չէ կրնայ դիւրութեամբ YouTubeի վրայ ծանօթանալ: Աւելի՛ն. հիմա իրենք շատ աւելի մօտէն ծանօթ են Սփիւռքի մշակոյթին, իսկ ես ալ իմ կարգիս, արդէն ծանօթ եմ հայաստանեան մշակոյթին եւ ինծի համար շատ աւելի դիւրին է հաղորդակցիլը: Երբ Լոս Անճելըսի մէջ կ’ապրիս, դիւրին է համոզուիլը, որ արեւմտահայ-արեւելահայ տարբերութիւնը կամաց կամաց արդէն չէզոքանալու վրայ են եւ ուշ կամ կանուխ երկուքը պիտի նոյնանան:

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 2