Yeni Hayat
Սկիզբը կարծեցի «թէ գիրքը կրնար ըլլալ սենեակիս մէջ ամէն կողմ թիզուած թուղթերու «թերթերու եւ այլ գոյքերու կոյտին մէջ: Բայց հոն չէ: Զայն յանձնարարած էր անծանօթ մը «որուն հանդիպեցայ «երբ կը վերադառնայի ճամբորդութենէ մը: Պատահական հանդիպում մըն էր օդակայանի սրճարանին մէջ «ուր երկուքս գաւաթի մը շուրջ խօսակցելու սկսանք» մինչ իւրաքանչիւրս կը սպասէր իր թռիչքին:
– Օր մը գիրք մը կարդացի, եւ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ…
Այսպէս սկսաւ մեր խօսակցութիւնը:
Հետաքրքրուած հարցուցի, թէ ի՛նչ գիրք էր… պատասխանեց, որ խորագիրը չէր յիշեր, ոչ ալ հեղինակին անունը, բայց ամբողջ գիրքը, իւրաքանչիւր էջ, իւրաքանչիւր տող իր մտքին մէջն էր, այնքան որ խոր եղած էր գիրքին թողած ազդեցութիւնը: Թելադրեց անպայման կարդալ եւ ստիպուեցաւ շտապ մեկնիլ, երբ իր անունը տուին բարձրախօսէն՝ յայտարարելով, որ թռիչքը արդէն ճամբայ պիտի ելլէր:
Իմ թռիչքս աւելի ուշ էր, ուստի ուղղուեցայ օդակայանի փոքր գրախանութը՝ աչքէ անցընելու համար գիրքերը: Անոնցմէ մէկուն առաջին նախադասութիւնը անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց. «Օր մը գիրք մը կարդացի, եւ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ»։ Շարունակեցի ընթերցումը եւ առաջին գլուխը իր աւարտին հասցուցած էի, երբ անունս լսեցի բարձրախօսէն: Մտածեցի գիրքը գնել, բայց հրաժարեցայ, երբ անդրադարձայ, որ եթէ վճարելու համար շարքի կենայի, կրնայի թռիչքս փախցնել: Ամէն պարագայի, հիմա որ խորագիրը գիտէի կրնայի գիրքը գնել: Որքան կը յիշեմ խորագիրը տեղ մը արձանագրեցի:
Թռիչքի ամբողջ տեւողութեան գիրքին առաջին գլխու տողերը մտքիս մէջն էին եւ կը զգայի, որ կեանքս պիտի փոխուէր գիրքին ընթերցումը ամբողջացնելէս ետք: Այդ մտածումը սկիզբը մեծ բաւարարութիւն պատճառեց: Սակայն, ամէն անգամ որ կ’աւարտէր առաջին գլուխը եւ ստիպողաբար կը վերադառնայի առաջին տողին՝ «Օր մը գիրք մը կարդացի, եւ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ», կը զգայի, թէ որքան անհամբեր կը դառնայի մնացածը կարդալու։ Այնքան որ երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց գիրքը գնելու ցանկութիւնս վերածուած էր անձկութեան:
Դէպի տուն ճամբուս վրայ կանգ առի գրախանութ մը: Սակայն երբ «գիրք մը կը փնտռեմ» դիմումիս վրայ վաճառորդը հարցուց խորագիրը կամ հեղինակը, անդրադարձայ, որ մոռցած էի: Փորձեցի բացատրել, թէ գիրք մըն էր, որուն ընթերցումը կեանք փոխելու յատկանիշը ունի, ըսի նոյնիսկ, որ գիրքը կը սկսի այսպէս՝ «Օր մը գիրք մը կարդացի, եւ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ», սակայն տեղի տուի վաճառորդին հարցական դէմքին դիմաց:
Քաղաքի բոլոր մեծ ու փոքր գրախանութները ապարդիւն այցելելէս յետոյ, երբ երեկոյեան տուն մտայ, համոզուած էի որ գիրքը ունէի, սենեակիս թուղթերու, թերթերու եւ այլ գիրքերու կոյտին մէջ տեղ մը ըլլալու էր:
Սենեակիս թուղթերու, թերթերու եւ այլ գիրքերու կոյտը բազմիցս աչքէ անցուցած եմ: Այցելած եմ գրախանութներ, խօսած եմ գրականագէտներու հետ, համացանցով ամէն կարելի փնտռտուքի նախաձեռնած եմ: Կեանքս փոխուած է: Անձկութիւնս դժոխք է: Գիրքը չեմ գտներ: Չեմ յիշեր խորագիրը: Չեմ յաջողիր ընթերցումը շարունակել առաջին գլուխէն անդին: Ընթերցո՛ղ, դուն որ այս տողերը կարդալով վկայ եղար անձկութեանս, թերեւս կարեկցիս յուսահատ վիճակիս: Կրնաս քթիդ տակէն քմծիծաղիլ յիմարութեանս վրայ, բայց խնդրեմ օգնէ՛ կեանքս փոխելու: Օրինակ մը չունի՞ս փոխ տաս: Գիրքին խորագի՞րը: Գիտեմ, տեղ մը արձանագրած եմ…
Saint Marketing
Գրախանութ մը կը ծանուցէր. «Աստուծոյ շնորհքով գիրքեր կը ծախենք»: Կարելի է հասկնալ, որ վաճառորդը Աստուծոյ շնորհիւ գիրքեր կը ծախէր: Կամ՝ շնորհքով գիրքեր Աստուծոյ կը ծախէր: Կամ ալ՝ կը ծախէր գիրքեր, որոնք Աստուծոյ շնորհքով օժտուած էին։
Ընթերցողին իրաւունքներէն՝ ի հետեւում Daniel Pennac-ի յայտարարած ընթերցողի անժամանցելի իրաւունքներուն.
Ընթերցող իրաւունք ունիս կարդալու որեւէ գրութիւն (5-րդ իրաւունք), ներառեալ այս մէկը:
Copy Right
Կ’ընդունիմ, ոճրագործ գիրքը իմս չէ: Գաղափարը փոխ առած եմ Vila Mata-էն, որ իր կարգին ներշնչուած է Unanumo-էն: Բայց այդ գիրքը ոչ ոք գրած է: Ես առի նախաձեռնութիւնը, հեղինակային իրաւունքը իմս է: Պատմութեան միտքն բանին-անիծեալ գիրք մը, որուն ընթերցումը բաւարար է մահ պատճառելու համար-պահած եմ, բայց, կը հասկնաք, իմ ոճով յատուկ կենդանութիւն տուի անոր: Գիրքը իրական է հիմա, լոկ գաղափար չէ, կեանքի կոչուած է, եւ իր գոյութիւնը, ստեղծագործական ամբողջ ճիգս կ’արդարացնէ: Առաջին անգամ զայն տուի մօտիկ ընկերոջս, որպէսզի կարդայ եւ իր կարծիքը տայ: Երկու օր յետոյ խանդավառ հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ անպայման պէտք էր տպէի, մեծ աղմուկ կրնար հանել: Աւելցուց, որ այդ քայլին արդէն դիմած էր եւ ուղարկած հանրածանօթ հրատարակիչի մը, այն վստահութեամբ, որ ես առարկութիւն պիտի չունենայի, ընդհակառակը շնորհակալ պիտի ըլլայի: Կարդացածէն բան մը չէր հասկցած, բայց արդէն ուշ էր, ըստ երեւոյթին: Փորձեցի հրատարակիչը կասեցնել, հեռաձայնեցի անոր բայց ինքն ալ խանդավառ շնորհաւորեց ձիրքս, ըսաւ, որ գուցէ ճակատագիրն է, որ ուզած է, որ բնագիրը յանձնած ըլլայի բարեկամի մը, որ իրեն ծանօթ էր, որպէսզի հասնէր իր նպատակին: Այս է պատմելիքս, պարոն ոստիկանապետ, երկու զոհերուն մասին: Կը ցաւիմ իրենց պատահածին համար, բայց պէտք է հրճուիք այն իրողութեամբ, որ բնագիրը տպագրուելու չհասաւ: Կարդացիք արդէն գիրքը: Եթէ տակաւին բնագիր վիճակի մէջ երեք զոհ խլած է, կ’երեւակայէք եթէ մէյ մը տասնեակ հազարներով տպուէր, պեսթ-սելլըր ըլլար եւ վերահրատարակուէր, հասնէր միլիոնաւոր ընթերցողներու, ի՛նչ եղեռնագործութիւն պիտի կատարուէր…
–Ինչպէ՞ս թէ երեք զոհ: Միայն երկուքի խօսք կայ գիրքին մէջ…
Ոստիկանապետը, անակնկալի եկած, ինծի նայեցաւ: Այո՛, ընթերցող, ճիշդ կռահեցիր, Երրորդ զոհը ոստիկանապետն է: Թէ ինչպէս իր անուշադրութեան մէկ պահուն յաջողեցայ զայն սպաննել՝ գիրքին երրորդ գլուխն է, որ, արդէն կ’անդրադառնաս, գրելու ընթացքի մէջ եմ: Ի դէպ, չորրորդ գլուխ մըն ալ պիտի ունենայ: Հետաքրքրուա՞ծ ես: Կ’ուզե՞ս, գիրքը քեզի տամ կարդայ, մանրամասնութիւնները իմացիր: Արդէն այլեւս այլ ընտրանք չունիս…
Երազին իրականութիւնը
Վերջին պատերազմը, առաջինին նման, սկսաւ երազի մը համար: Մարդիկ զիրար սպաննեցին՝ հաւատալով, որ իրենք կը մեռնին, բայց երազը կ’ապրի անմահ: Իրաւունք ունէին: Ես մարդոց երազը վերապրեցայ: Աւաղ սակայն, մարդ չկայ այլեւս իրականութիւնս ըսեմ՝ իմանայ. երազ չէի ես, այլ՝ մղձաւանջ: