Նախաձեռնութիւններու բարեդէպ, թէեւ քիչ մը անսպասելի դասաւորումով մը, 2017-ին հայ (աւելի յատուկ՝ արեւմտա-սփիւռքահայ) գրականութիւնն ու հրատարակութիւնը կը թուին, կը խոստանան տեղադրուիլ Զաւէն Պիպեռեանի անուան տակ։
Արդարեւ, արդէն երեք տասնամեակ առաջ կեանքէ հեռացած պոլսահայ հեղինակէն, իր օրին չափով մը լուսանցքային, թէեւ հրատարակուած ու բաւական ճանչցուած, յետ մահու մրցանակի արժանացած, եւ դեռ վերջերս վերահրատարակուած,- այս տարի կը նախատեսուի վերահրատարակումը երկու յաջորդական գործերու, «Արաս» հրատարակչատան ջանասէր ու արդիւնաւէտ մամուլով։
Անկուտի Սիրահարներ վէպը, այժմ արդէն լոյս տեսած է, իսկ պատմուածքներու Ծովը ժողովածուն անոր կը հետեւի անմիջապէս, ճիշդ այս օրերուն, մինչ հանրութեան կը հասնի «Բագին»ի ներկայ թիւը։
Ստորեւ, «Բագին», իբրեւ նախաճաշակ, կը հրատարակէ այս երկրորդ հատորի պատմուածքներէն մէկը։ Յաջորդ էջերուն մէջ ալ տեղ կու տանք հատորը փակող վերլուծումի մը՝ ստորագրած Յարութիւն Քիւրքճեանէն։
Դէմի պարտէզին միակ արմաւենին սեւցաւ երկինքին վրայ։ Քեսապցի Լեւոնը սուլիչի շղթան պլորեց ցուցամատին շուրջ, երգ մը մռլտալով ակնարկ մը նետեց դիմացի դերձակատան պատշգամին։
— Գիշեր բարի,— ըսաւ ուսթա Կիրակոսը։
Երեք ճեպելցի բանուորներ «խաթըրքում» ըսին գացին։
— Մաասելամի, պատասխանեց քեսապցի Լեւոնը բոլորին։
ժամը վեցուկէսը կ՚անցնէր։
— Ճամմալը ո՞ւր է, — հարցուց վերակացու Թորգոմը մեղմաձայն։
Հսկիչ Լեւոնը գլխովը ցոյց տուաւ խարտիշահեր երիտասարդ մը, որ ելեկտրական լոյսին տակ թիով մը կը մաքրէր գետինը, ուր պեթոն շաղուած էր ամբողջ օրը։ Հակառակ որ իրիկուան խոնաւ զովութիւնը կը զգացնէր Դեկտեմբերը, հալէպցի Ճամմալին սեւցած շապիկը մոմլաթի պէս փակած էր մորթին, կաղապարելով կռնակին, ուսերուն եւ բազուկներուն գեղեցիկ մկանները։ Քրտինքը կը կաթկը թէր ամէն կողմէն։ Մազերը հողի եւ կրաղիւսի փոշիով խմորուած, կարծրացած էին։ Վերակացու Թորգոմը պահ մը դիտեց անոր հզօր թեւերը, աթլեթի կուրծքը՝ որ կը տեսնուէր չկոճկուած շապիկին բացուածքէն, գլուխը օրօրեց.
— Հոյակապ տղայ է։ Երեք հոգի կ’արժէ։
Քեսապցի Լեւոնը ծամածռութիւն մը ըրաւ։ Չէր սիրեր, որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի զօրաւոր, աւելի ապատայ նկատուէր։
— Այսօր կէսօրին ես նորէն գացի մարդուն,— փսփսաց։
— Ի՞նչ ըսաւ։
— Շարունակեցէք կ՚ըսէ կոր։ Հոն է կ՚ըսէ կոր։
Քմծիծաղ մը ունեցաւ Թորգոմ.
— Դուն կը հաւատա՞ս կոր խօսքին։
— Ի՞նչ կ՚ըսես դուն, ես կը ճանչնամ մարդը։ Այս գործին վարպետն է։ Ըսածները չելա՞ն մինչեւ հիմա։ Նկուղին ծակէն երեք մեթր դէպի հիւսիս չըսա՞ւ։ ճեղք մը չըսա՞ւ։
— Քարի մը տակ ալ ըսաւ. քարին տակէն հող ելաւ…
— Այդ քարը չէր զաար։
Ճամմալը կը մօտենար հեւալով։ Կապոյտ—մոխրագոյն աչքերը արտակարգ եւ խորհրդաւոր կերպով կը փայլէին։
— Պիթթի,[1]Վերջացաւ, (ծ. խ., թրք.)։ ուսթա,— ըսաւ բարձրաձայն, յետոյ ցած ձայնով արաբերէն աւելցուց.
— Տասնմէկի՞ն…
— Տասնմէկի’ն։
Ճամմալ գլխովը հաստատական նշան մը ըրաւ, չորս կողմը տենդոտ ակնարկ մը նետեց գաղտագողի, թեւերը տարտամօրէն դէպի երկինք բարձրացուց, «Եա՛ Ալահ» ըսաւ ու հեռացաւ հապճեպով։
Վերակացուն դիտեց կարմիր բոցը, որ կը գալարուէր քսան մեթր հեռու՝ մուտքի խրճիթին առջեւ, գիշերապահ Յակոբ աղային վառած կրակին վերեւ։
— Ի՞նչ պիտի ըսես ծերուկին։
— ճարը պիտի գտնենք։
— Կնիկ պիտի բերենք ըսէ։
— Շատ ըսինք։ Ամէն գիշեր կնիկ բերել կ՚ըլլա՞յ։
Ակռաները սեղմեց.
— Կը կասկածի կոր։ Դուք բան մը կ՚եփէք կոր, ըսաւ ինծի։
— Հարկաւ կը կասկածի։ Տասն անգամ հեռացուցինք շանթիէէն։ Հոգ մ՚ըներ, չըլլայ նէ բերանը կը գոցենք։
— Ես ուրիշ ձեւով ալ կրնամ գոցել անոր բերանը։
— Ո՛չ, յիմարութիւն չ՚ուզեր…
Թորգոմին աչքերը մտատանջութեամբ լեցուեցան.
— Դուն նորէն կնիկի պատմութիւնը ըսէ։ Գոհ թող ըլլայ, որ տունը կ՚երթայ, մին չեւ առտու տաքուկ անկողինին մէջ կը քնանայ։ Փոխանակ դուրսը հսկելու գիշեր ուան ցուրտին։
— Մինչեւ հիմա գոհ էր։ Բայց հիմա, կը կասկածի կոր…
Հովը բերաւ սմբուկին հոտը։ Յակոբ աղան իրիկուան ճաշը կը պատրաստէր կրակին վրայ։
— Ես ճաշի կ՚երթամ կոր, — ըսաւ Թորգոմ։ Ջանա՛ ճամբել Յակոբ աղան։
Նոր թափուած պեթոն սիւնին տախտակէ յենակներուն վրայէն անցաւ, քամի ոնի դռնէն փողոց ելաւ։ Դէմի դերձակատան պատշգամին վրայ, կարուհի աղջիկ մը մազերը կը սանտրէր մէկ ձեռքով, երազկոտ։ Թորգոմ վեր նայեցաւ, աղջիկը վար նայեցաւ։ Թորգոմ ցատկեց Ռաս—Պէյրութի հանրակառքը, որ երկաթեղէնի որոտընդոստ ժխորով մը կը դառնար Քոլեժ տը լա Սալի անկիւնէն՝ դէպի Պուրճ։
* * *
Շանթիէին պահապան շունը անգամ մը հաչեց, յետոյ կաղկանձեց ու Թորգոմին ձեռքերը լիզեց։
— Դուռին առջեւ դիր, թող հսկէ, ըսաւ Թորգոմ։
Յետոյ երկու հատ փիլ հանեց գրպանէն, Լեւոնին երկարեց։
— Ասոնք պահեստի առի։ Վեց—եօթը ժամուան լոյս ունինք։
— Լաւ ըրիր, — պատասխանեց Լեւոն ցած, բայց տենդոտ ձայնով մը։
— Այս գիշեր պէտք է վերջնական արդիւնք մը առնենք։ Կամ ժխտական, կամ դրական։ Ալթափելտուր պեթոնը, ըսաւ այսօր ճարտարապետը։ Աւելի չեմ կրնար խաղցնել։ Երեք շաբաթ է կ՚երերցնեմ կոր գործը։
— Այս գիշեր կը հասնինք։ Սինչեւ լոյս կ՚աշխատինք։
— Ճամմալը եկա՞ւ։
— Վարն է։
Վերակացուն խարխափելով անցաւ ատաղձագործներուն թեզկեահներուն, երկաթեղէնի կոյտերուն, կրաղիւսի պարկերուն եւ տախտակներու մէջտեղէն։ Մութ էր։ Քիչ մնաց պիտի գլորէր հողակոյտէ մը վար։ Անքնութեան վերագրեց անճարակութիւնը։ Երեք շաբաթէ է վեր կատարեալ քուն չկար։ Օրական տասը ժամ՝ ոտքի վրայ յոգնեցուցիչ աշխատանքէ մը յետոյ, միայն չորս-հինգ ժամ քուն։ Հապա՞ Ճամմալը։ Տասը ժամ պեթոն շաղուել կամ հող փորել, եւ գիշերն ալ ժամերով բահ ու բրիչ շարժել անքուն…
— Հազըր,[2]Պատրաստ է… (թրք., ծ. խ.)։ ուսթա։
Ճամմալն էր, անշարժ։ Սիկարեթին կրակը կը փթթէր խաւարին մէջ։
— Լա՛ւ։ Լեւոնը հիմա կը բերէ լոյսը։ Նայէ՛, Ճամմալ, այս գիշեր լրացնելու ենք։
— Եա՛ Ալլահ, — բացագանչեց Ճամմալ այնքան սրտանց, որ Թորգոմ ա՛լ չկրցաւ ջղայնանալ անոր ճակատագրապաշտութեան։
Լեւոն ժամանեց, փոսին եզերքը ծունկ չոքեց, ձեռքի ելեկտրական լամբարը դէ— պի ներս ուղղեց.
— Եալլա։
Ափովը լուսամփոփ կը կազմէր լամբարին շուրջ, որպէսզի դուրսէն՝ փողոցէն կամ շուրջի տուներէն պատահական աչք մը չնշմարէր խորհրդաւոր լոյսը կէս գխ շերին։ Ճամմալ ցատկեց փոսին մէջ, որ ետեւի կողմը՝ ամբողջ շինութեան դաշտը պատող միակտուր ժայռին մէջ բնական ճեղք մըն էր հողով ու քարով լեցուն։ Հա— զիւ երեք մեթր հեռու այն ծակէն, որ կը բացուէր հնադարեայ նկուղի մը վրայ։ Նկու— ղին մէջ բան մը չէր գտնուած, բայց ժայռին մէջ դագաղի մեծութեամբ փորուած գերեզմանները, դաշտին չորս անկիւններէն գտնուած թանկարժէք խճանկարնե— րը յուզումի էին մատնած քեսապցի Լեւոնը։ Հին աղօթավայր մը կամ գերեզմա— նատուն մըն է, ըսած էր մարդը։
— Եալլա’,— կրկնեց Լեւոն։
— Պիսմիլլահ,— ըսաւ Ճամմալ ափերուն մէջ թքնելով։
Տասը վայրկեանէն դուրս նետեց նախորդ օրերուն հողերը, զորս փոսին մէջ կը լեցնէին ամէն գիշեր, աշխատանքը դադրեցնելու ատեն, որպէսզի յաջորդ առաւօտ մէկուն ուշադրութիւնը չգրաւէր եւ կասկած չարթնցնէր դատարկ փոսը։ Չփորուած կարծր հողը երեւան ելաւ։ Ճամմալ դուրս ելաւ ճեղքէն, ջուր թափեց, որպէսզի հողը կակուղնար եւ դիւրին փորուէր։ Յետոյ կրկին ցատկեց ներս, ոտքերը ցեխին մէջ թաթխուեցան։ Թորգոմ մեքենաբար կը խաղար հին հռովմէական դրամանիշով մը, որ գտնուած էր շէնքին հիմերը փորուած ատեն։
— Ի՞նչ կ՚անէք էդտիղ։
Քեսապցի Լեւոնը ընդոստ վեր ցատկեց։ Ելեկտրական լոյսը գիշերապահին դէմքին փակաւ։ Խորամանկ արտայայտութիւն մը ունէր Յակոբ աղա։ Թորգոմ ձեռքովը բռնեց Լեւոնին սրունքը, տեղը գամեց զայն՝ վախնալով, որ անխոհեմութիւն մը կը գործէր։ Անփոյթ հեգնանքով մը պատասխանեց.
— Ասոնք գանձ կը փնտռեն կոր։ Խելացիին մէկը դրամ կայ ըսեր է…
Ճամմալ կը շարունակէր աշխատիլ մութին մէջ։ Թորգոմ Լեւոնին հեւքը լսեց։
— Եկուր, կոկոզ ըրէ, Յակոբ աղա, — ըսաւ քաղցր ձայնով։
Յետոյ աւելցուց քմծիծաղով մը.
— Գա՜նձ պիտի գտնանք։
Թորգոմին թեթեւ ու բնական շեշտը լաւ ազդեցութիւն գործած էր Յակոբ աղային վրայ։ Տքալով չոքեց Թորգոմին քով, մեղմ քրքիջ մը արձակեց։
— Օսկի կտնիլը ղոլա՞յ է, աղբե՛ր։ Ամէն մարդ կը փնտռի։
Լռեց ու անշարժ մնաց՝ ծունկերը ծնօտին տակ, ձեռքերը միացած՝ ոտքերուն շուրջ, գլուխը թաղուած վերարկուին օձիքին մէջ։
Ուշադրութիւնը արդէն վերստին կեդրոնացած էր աշխատանքին վրայ։ Փոսը, որուն եզերքները մէկ մեթրէ աւելի բացութիւն ունէին, երթալով կը նեղնար դէպի վար։ Ճամմալ մինչեւ կուրծքը թաղուած էր հիմա։ Քանի՛ վար կ՚իջնէր, այնքան կը դժուարանար փորելը։ Սիջոց չկար բրիչը վերցնելու՝ ուժ առնելու համար։
— Կարճ կոթով բրիչ մը պէտք է, — խորհրդածեց քեսապցի Լեւոն։
— Այո՛, — հաստատեց Ճամմալ։
Լեւոն խոյացաւ ելեկտրական լոյսով։ Խաւարի մէջ մնացին։
— Այս իրիկուն պիտի վերջացնենք, հէ՞։
— Եա՛ Ալլահ, խավաճա Թորգոմ։
— Բայց շատ պիտի յոգնիս։ Սենք ալ հերթով կը փորենք։
— Ձեր գործը չէ աս, խավաճա Թորգոմ։ Ես չեմ յոգնիր։
Կեանքիս մէջ չեմ յոգնիր։
— Վառէ։
Ճամմալ խարխափելով ձերբակալեց սիկարեթը։ Դէմքը, լուցկիի բոցին վերեւ, առասպելական շուքերով կենդանացաւ։ Յուզումն ու ոգեւորութիւնը եռանդ կու տային իրեն։
— Պէտք չէ շատ խանդավառուինք, Ճամմալ։ Թերեւս բան մը չ՚ելլեր։
— Ինշալլահ կ՚ելլէ։
Յակոբ աղա հեգնական «հը՛հ» մը արձակեց առանց ամենափոքր շարժում մը ընելու։
— Եթէ ելլէ, մէկ երրորդը քուկդ է։
— Մալեշ, խավաճա Թորգոմ։
Դրամ չեմ ուզեր ես։ Ինծի աղջիկ մը պիտի առնես։
Այսչափ։
— Աղուոր աղջիկ մը, հէ՞։ Դեղի՞ն թէ սեւ։
— Մալեշ, խավաճա Թորգոմ, մալեշ։ Ամէնը մէկ է։ Պիտի առնես, չէ՞։ Ինծի պիտի կարգես։
— Անշուշտ։
Թորգոմ կը ժպտէր։ Սիկարեթին պարբերաբար արծարծուող կրակին լոյսով կը նշմարէր Ճամմալին լայնաբաց բիբերը, կծկուող շրթները՝ որոնց շուրջ քրտինքի կաթիլները չէին ցամքեր։ Գիտէր, թէ Ճամմալ կը տենչար ամուսնանալ, բայց թէ չէր կրնար, քանի որ դրամ չունէր։ Գանձի պատմութիւնը մէջտեղ ելլելուն պէս, Ճամմալ իրար անցած, աղաչած էր, գիշերային աշխատանքը ի՛նք կատարելու համար։ Բաժին չեմ ուզեր՝ ըսած էր։ Բան մը չեմ ուզեր։ Սիայն աղջիկ մը կ՚առնես ինծի…
— Ըսել է առանց դրամի չես կրնար աղջիկ առնել։
— Հազար ոսկի պէտք է, խավաճա Թորգոմ։ Քանի տարի է բահ ու բրիչ կը շարժեմ, դեռ չկրցայ հաւաքել։ Ի՞նչպէս հաւաքեմ։ Ապրիլ պէտք է։
— Ահռելի բան է հայրերուն իրենց աղջիկը ծախելը։
— Ապրիլ պէտք է, խավաճա Թորգոմ։ Մեր մօտ շատ կին կ՚առնեն։ Հարուստները հազարը կու տան, տասնվեց տարեկան աղջիկը կ՚առնեն։ Երբ քսանը անցնի, նոր մը կ՚առնեն տասնվեց տարեկան…
Ձայնը կարծրացաւ։
— Անոնք կ՚առնեն, մենք մէկ հատն ալ չենք գտներ։
— Դրամ չունեցողը չ՚ա՞մուսնանար, Ճամմալ։
— Կ՚ամուսնանայ, խայօ, այրի կամ լքուած կնոջ մը հետ։ Ես աղջիկ կ՚ուզեմ, խավաճա Թորգոմ։ Երիտասարդ եմ ես։ Իրաւունքս չէ՞։ Խռֆած էմիրները յիսուն հատ աղջիկ կը գնեն կոր, մէկ հատը իմ իրաւունքս չէ՞։ Ես աղջիկ կ՚ուզեմ կոր, աղուոր, անուշ աղջիկ մը… Երիտասարդ եմ, խավաճա Թորգոմ, երիտասարդ…
Զօրաւոր կամք մը, ըմբոստ կամք մը կը պրկէր շեշտը։ Պահ մը լռութիւն տիրեց։
— Քըս սըխթու աքրո՛ւթ,— մրմնջեց ակռաներուն մէջէն։
Թորգոմ չհարցուց, թէ որո՛ւ հասցէին էր այդ հայհոյանքը։ Սիրտը սեղմուեցաւ միայն։ Պիտի տար, անպայմա՛ն պիտի տար գանձին մէկ երրորդը, եթէ գանձ գտնուէր։ Ինչ որ չէր հաւատար շատ։ Ոչ միայն մէկ երրորդը պիտի տար, այլ աղջը կան դրամն ալ ինք պիտի վճարէր, հարսնիքին ծախքն ալ ինք պիտի ընէր։
Լեւոն վերադարձած էր։ Կարճ կոթով բրիչը հրաշք կը գործէր Ճամմալի ձեռ քերուն մէջ։
Յանկարծ կանգ առաւ։
— Շուֆ,— փսփսաց։ — Եա Ալլահ։
Ուշադրութեամբ, գուրգուրանքով, բրիչին ծայրը զարկաւ գետին։ Չոր ձայն մը կ՚ելլէր թիով քերեց գետինը տենդագին։ Ցեխին տակէն նշմարուեցաւ սպիտակ քար մը։ Ճամմալ բրիչը իջեցուց քարին։ Նոյն ձայնը։ Գլուխը վերցուց ընդոստ, Թորգոմին նայեցաւ։ Շրթները կը դողային յուզումէն։ Աչքերը անհուն ուրախութեամբ մը, անպատում յոյսով մը եւ յուսախաբութեան վախով կը փայլէին ծանր հիւանդի մը աչքերուն պէս։ Յակոբ աղային դէմքէն հեգնական ժպիտը անհետացաւ։ Քիչ մը աւելի մօտեցաւ դէպի փոսին եզերքը։ Լամբարը բռնող Լեւոնին դէմքը կատարեալ խաւարի մէջ էր պարուրուած։
— Մաքրէ քարը,— մրմռաց Յակոբ աղա։
— Մարմար է… Տակը պարապ է… Ձայնին նայէ, տակը պարապ է…
Տակը պարապ էր թերեւս, բայց մարմար չէր։ Քանի մը բրիչի հարուածով ճա— թեցաւ մէջտեղէն։
— Պարապ է տակը,— կրկնեց Ճամմալ կարկամած։
Բոլոր մկանները պրկուած էին։ Գերմարդկային ուժ մը կը ճառագայթէր իր բովանդակ էութենէն։ «Եա՛ Ալլահ, Եա՛ Ալլահ», կը կրկնէր շարունակ։
— էդ քարը չ՚ելլեր էդկի,— մրմնջեց Յակոբ աղա, որ հետզհետէ կը շահագրգռուէր։
Քեսապցի Լեւոնին խռպոտ ձայնը հնչեց։
— Չ՚ելլե՜ր մը… չ՚ելլե՜ր մը…
Ճամմալին հրամայեց.
— Ջարդուփշուր ըրէ՛։
Թորգոմ ծռեցաւ, բռնեց Ճամմալին ուսէն.
— Կեցի՛ր։
Ոգեւորութիւնը կը խլացնէր հալէպցին։
— Կեցի՛ր,— կրկնեց Թորգոմ աւելի ուժգին։
— Ի՜նչ պիտի կենայ։ Թող փշրէ, կտոր—կտոր հանէ։
— Կեցէ՛ք, եղբայր։ Խելքերնիդ մի՛ կորսնցնէք։ Պաղարիւնո՛վ։
Լոյսը առաւ Լեւոնէն, փոսին վրայ հակեցաւ, քննեց յատակը։ Ճամմալ քիթէն կը հեւար, մերթ գետին, մերթ Թորգոմին կը նայէր անձկագին։
— Նախ մաքրէ նայինք սա քարը։ Թող ամբողջովին մէջտեղ ելլէ։
— Ինչո՞ւ ատեն կորսնցնենք…
— Դուն լռէ՛։ Ըսածս ըրէ, ճամմա՛լ։
Լեւոն ակռաները սեղմեց, լռեց։ Միշտ բնազդական վախ մը, ակնածանք մը զգացած էր Թորգոմի նկատմամբ։ Ճամմալ հապճեպով սկսաւ մաքրել գետինը։ Բայց ինչքան ալ քերթէր, ձեռքերով սրբէր, կպչուն ցեխը մեծ մասամբ կը ծածկէր քա րը։
— Ջուր բեր, — ըսաւ Թորգոմ Լեւոնին։
Ջուրը վերէն վար թափեցին, քարին ճերմակութիւնը տարածուեցաւ։
— Ամբողջ փոսին յատակը կը ծածկէ կոր։
— Մասնաւոր դրուած, յղկուած քար է։
Սպիտակ քարը կ՚երկարէր մինչեւ ճեղքին սահմանները։ Սիայն հիւսիսի կող մը քսան սանթիմի չափ մաս մը հող էր։ ճեղքը կը նեղնար այդ կողմը, ժայռերը իրարու կը միանային սուրի մը ձեւով։ Քարը այդ սուրին մէջ չէր մտած։ Լեւոն չէր կրնար տեղը կենալ։
— Քարին տակը չըսա՞ւ մը, հը՞, չըսա՞ւ մը…
Թորգոմ ձեռքովը լռեցուց զայն։
— Ճամմալ, այդտեղի հողը հանէ, քարին եզերքը երեւան թող ելլէ։
— Կտոր կտոր ընեմ քարը, խավաճա Թորգոմ…
— Ե՛տքը։ Հիմա մաքրէ այնտեղը։ Մանելա կը խոթենք տակէն։
Գաղափարը տրամաբանական թուեցաւ բոլորին։ Երեք գլուխ փոսին վըայ հակած, անթարթ կը հետեւէին Ճամմալին շարժումներուն։
— Դեղի՞ն կ՚ուզես, թէ սեւ,— ծիծաղեցաւ Թորգոմ զսպելու համար յուզումը, որ առաջին անգամ ըլլալով ծայր կու տար սրտին մէջ՝ երկչոտ յոյսի մը ձեւով։
Ճամմալ գլուխը ուժգնօրէն ցնցեց առանց աշխատանքը ընդհատելու։
— Դեղի՛ն, սե՛ւ, ճերմա՛կ… ամէնը մէկ է, խավաճա Թորգոմ… Հէյ Ալլահ, սէ՛ն պիլիր…
Ճամմալին հեւքը եւ բրիչի հարուածները լսուեցան միայն, լռութեան մէջ։ Թորգոմ կը ջանար զսպել սրտին տրոփիւնը։ Ընդունած էր օգնել Լեւոնին, նկատելով, որ բան մը չէր կորսնցներ։ Շանթիէին պետը ըլլալով, կարող էր յապաղեցնել պե— թոն թափելը դաշտին այդ մասին վրայ։ Բայց հիմա կը զգար, թէ ընդհանուր յուզումը իրեն ալ կը փոխանցուէր ակամայ։ Ի վերջոյ, երբեք անկարելի չէր նկատած, թէեւ լրջօրէն ալ չէր առած խնդիրը։ Կախարդութիւն չէր եղածը։ Լեւոն կ՚ըսէր, թէ մարդը մասնաւոր գործիքներով քննած էր դաշտին հողը։ Այո, կրնար ըլլալ…
— Քանի՞ է ժամը։
— Մէկը կ՚անցնի։ Ճամմալ կանգնեցաւ սպառած։
— Մանելա՛ն…
Լեւոն փոսին մէջ երկարեց երկաթէ հաստ ձողը։ Ճամմալ ջանաց քարին տակ հրել զայն։ Անկարելի էր։ ժայռին պատը արգելք կ՚ըլլար, որ պառկեցնէր երկաթը եւ քարին ու հողին միջեւ սահեցնէր։
— Կեցիր,— ըսաւ Թորգոմդ ուժդ մի սպառեր։ Չ՚ըլլար այդ կողմէն։ Քարը կոտրէ, ծակ մը բաց մէջտեղէն, հո՛ն խոթէ մանելան։
Ճամմալ հնազանդեցաւ։ Ձեռքերը կը դողային կատարած ճիգէն։ Սինչ միւսները կը սարսռային գիշերուան ցօղին տակ, ինք այնքան քրտնած էր որ ամբողջովին թրջուած, մորթին էր փակած շապիկը։ Քաջալերուելու համար, մանելան ալ քանի մը անգամ զարկաւ քարին զանազան կողմերը. պարապ էր տակը անկասկած։
— Մասնաւոր դրուած, հիւսուած քար մըն է աս^ կ՚ըսէր Լեւոն։ Տաշուած քար մըն է։
— Այո, յղկուած է։
— Ա՛ս է քարը։
— Նայինք…
Թորգոմի աչքերուն առջեւ ոսկեզօծ տեսիլներ կը պարէին։ Ակնթարթի մը մէջ կրնար փոխուիլամբողջ կեանքը, եւ ուրիշներու կեանքն ալ։ Արդէն կ՚երեւակայէր, թէ ոսկի կը սփռէր լիաբուռն, ուզողին… Յակոբ աղա հաստ վերարկուին օձիքը մին չեւ ականջները վերցուցած, ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած օրերէն մնացած զինուորական գլխանոցը ճակտին վրայ քաշած, փոսին մէջ կը նայէր եւ չէր խօսեր։
Երկար վայրկեաններ սահեցան։ Ճամմալ վերջապէս յաջողեցաւ մեծցնել ծակը, զոր բրիչով յառաջացուցած էր քարին մէջ։ Մանելան մխեց ծակին, ամբողջ ծանրութեամբը ճնշեց կոթին վրայ։ Քարէն կտոր մը զատուեցաւ։ Ոչ մէկը կը շնչէր։ Ճամմալ բրիչը զարկաւ ծակին մէջ։ Հող կար։
— Մեծցուր ծակը։
Բրիչը կտոր—կտոր ըրաւ միակտուր քարը։ Բայց հազարումէկ դժուարութեամբ կարելի կ՚ըլլար տեղէն շարժել կտորուանքները։ Տակը հող էր, մոխրագոյն հող մը, որուն փակած էր քարը, հիւսուած պատի մը նման։
— Կի՛ր է,— ըսաւ Լեւոն։
— Խարճ[3]Շաղախ (թրք., ծ. խ.)։ է,— ըսաւ Յակոբ աղա։
Թորգոմ ձայնեց.
— Կը բաւէ, Ճամմալ, ձգէ քարը։ Հիմա հողը փորէ։ Նայինք ի՞նչ կայ տակը։ Պարապ տեղը չաշխատինք։
Ճամմալ, որ քարին տակ ոչ թէ հող, այլ կուժ մը կամ սնտուկ մը կ՚ակնկալէր, շրթները սեղմած էր։ Բրիչը զարկաւ առանց պատասխանելու։ Չորրորդ հարուածին կանգ առաւ, ուշադրութեան երեք փոքր հարուած եւս իջեցուց։
Նո՛յն չոր ձայնը։
— Նորէ՛ն քար կայ։
Լեւոն գոչեց.
— Ա՛լ կասկած չկար։ Իրարու վրայ քար հիւսեր են։ Զա՛րկ, զա՛րկ…
Թորգոմ նոյնքան խանդավառ չէր։ Չէր ուզեր ըլլալ։ Կը ջանար միտքով, տրա֊ մաբանութեամբ գործել, անձնատուր չըլլալ երեւակայութեան ու զգացումներուն։ Բայց մարդ յիմար ըլլալու էր վըայ-վըայի, կանոնաւոր կերպով քարեր դնելու, շաղախով ամրացնելու համար, եթէ տակը բան մը չգտնուէր։
— Երկրորդ քարն ալ հանելու ենք, տա՛կն է,— կը շարժտկէր Լեւոն։
— Եթէ՞ նորէն քար ելլէ։
— Անո՛ր տակն է ըսել է։
Ելեկտրական լոյսը տկարացած էր։ Փոխեցին փիլը։ Թորգոմ մէկ կողմ քաշեց Լեւոնը.
— Նայէ՛։ Ես շատ յոյս չունիմ, բայց եթէ բան մը ելլէ, կրնայ ըլլալ որ Ճամմալը… Սքանչելի տղայ է, բայց տգէտ է, տգիտութիւնը շատ բան ընել կու տայ մարդուս… Կրնայ ըլլալ որ յանկարծ շլանայ, խանդավառուի տեսածէն, պահ մը խելքը դառ նայ… Կը հասկնա՞ս ըսածս։
Քեսապցի Լեւոնը մէկ կողմէ լոյսը կը բռնէր փոսին մէջ, միւս կողմէ կը ջանար ըմբռնել Թորգոմին խօսքերը։
— Եթէ աւելի ուզէ, խնդիր չհանես։ Ինչ որ ուզէ՛ տանք։ Պէտք չէ աղմուկ ելլէ ու իմացուի։
Քեսապցի Լեւոնը հասկցած էր վերջապէս։ Կզակը սեղմեց, ակռաները կճրտացուց, կանաչ աչքերը խփեց։ Թորգոմ, որ վարժուած էր խաւարին, գէշ արտայայտութիւն մը նշմարեց անոր ոսկրուտ, նեղ դէմքին վրայ։
— Ի՜նչ ըսիր…
Անլսելի քմծիծաղ մը ունեցաւ Լեւոն։
— Հելէ ատանկ բան մը ընէ… գիտե՞ս ինչ կ՚ընեմ…
Մատովը երկաթէ ձողը ցոյց տուաւ գետինը։
— Գլխուն իջածիս պէս այս փոսին մէջ կը թաղեմ, վրան ալ պեթոն կը թափեմ։ Հը՜ըը…
Աչքերը կատուի աչքերու պէս կը փայլէին։ Գլուխը կը շարժէր սպառնալից։ Թորգոմ գարշանք եւ անձկութիւն զգաց։
— Չէ՛, ատանկ բան չպիտի ընես։ Յիմար ես դուն։ Ա՛յն ատեն հապը կը կլլես։
— Հը՜ըը…— կը շարունակէր Լեւոն կատաղօրէն։
— Ես իմ բաժինէս կու տամ ուզածը։ Խնդիր չպիտի հանես, իմացա՞ր…
Լեւոն գլուխը կը շարժէր տակաւին։ Վայրագ բան մը կար դէմքին վրայ։
— Իմացա՞ր։ Չէր պատասխաներ։
— Պատմութիւն չեմ ուզեր։ Կռիւ չկայ։ Կը հասկնա՞ս կոր։
Լեւոն կը լռէր։ Քովնտի ակնարկ մը նետեց Յակոբ աղային, որ չէր լսած իրենց փսփսուքը, կրկին կոկոզ ըրաւ փոսին եզերքը։ Թորգոմին սիրտը կը ճմլուէր հիմա։ Ահռելի անհանգստութիւն մը կը քարանար կուրծքին մէջ։ Ոտքի՝ վերէն դիտեց փոսը, Լեւոնը, Յակոբ աղան, Ճամմալին կորացած հուժկու կռնակը, ելեկտրական լոյսին կլոր հետքը հողին վրայ։ Շուրջը նայեցաւ։ Ոչ մէկ լոյս կար շրջակայքը։ Ոչ մէկ ձայն՝ բացի բրիչին խուլ աղմուկէն, որ կշռութաւոր յամառութեամբ մը կը մեծնար։ Վերը՝ միջերկրականեան, աստեղազարդ կապոյտը։ Վարը՝ փոսը։ Գերեզմանի պէս։ «… Փոսին մէջ կը թաղեմ, վրան ալ պեթոն կը թափեմ…»։ Ինչո՞ւ չընէր։ Խենթ էր։ Ֆրանսական բանակին մէջ զինուոր եղած, մա՛րդ սպաննած էր, մա՛րդ… Կը պաշտէր դրամը, որովհետեւ կը պաշտէր կինը, օղին, մեծաղայութիւնը։ Թոր գոմ երբեք չէր սիրած Լեւոնը, բայց հիմա ամբողջ սրտովը ուժգնօրէն կ՚ատէր, արդէն ոճրագործ կը տեսնէր զայն։ Տեսիլներ կը պարէին աչքերուն առջեւ։ Մղձաւանջը գրեթէ կը նիւթականանար երեւակայութեանը մէջ։ Լեւոն բրիչ մը կը վերցնէր գետնէն, կ՚իջեցնէր Ճամմալին այդ հրաշալիօրէն գեղեցիկ կռնակին. բրիչը կը մխուէր մկաններուն մէջ՝ ինչպէս կը մխուի հողին։ Ճամմալը կ՚իյնար, սիրոյ կարօտը զարմացած աչքերուն մէջ։ Առանց միանալու աղուոր, անուշ աղջկան մը հետ։ Իր բազմամեայ երազները գրկած։ Վրան՝ Յակոբ աղային դիակը՝ գլուխը ջախջախուած։ Վրան՝ թերեւս ինք։ Վրան՝ պեթոնը։…
Պեթո՛նը, պեթո՛նը…
Աշխարհի բոլոր գանձերը չեն արժեր Ճամմալ մը։ Պեթո՛նը…Ճամմալին հարսնի՞քը, թէ յուղարկաւորութիւնը… Փրկարա՛ր պեթոնը… Կ՚ատէր գանձն ալ, ոսկին ալ։ Պեթո՛նը… պեթո՛նը… պեթո՛նը…
— Հասկցուեցաւ, այս գիշեր չպիտի կրնանք լրացնել։ Վաղուան պիտի մնայ։
Սարսափ մը կը համակէր զինք. եթէ յանկարծ գանձը երեւան ելլէր բրիչին տակ… Լեւոնին դիմագիծերը անշարժացած էին։
— Վա՛ղը, վա՛ղը։ ժամը երեքուկէս եղաւ։ Ձգէ՛ ալ Ճամմալ։
Ձգե՞լ։ Երազնե՞րը։
Հարուած մը։ Հարուած մը եւս։ Նորէ՛ն հող։ Նորէն քար։ Բայց եթէ յանկարծ…
— Ձգէ՛, Ճամմալ, վա՛ղը…
Վա՛ղը… վա՛ղը… վա՛ղը…
Պեթո՛նը…
Փրկարա՛ր պեթոնը…
* * *
Յաջորդ օր, ճեպելցի բանուորները, Թորգոմին հրամանով, պեթոնով լեցուցին ճեղքը։
Թերեւս գանձ մը կար պեթոնին տակ։
Բայց դիակ չկար։
1952