Վեհանոյշ Թեքեան
Վեհանոյշ Թեքեան

Մեծ քաղաքին պզտի՜կ աղջիկը
Ան ոտքեր չունի
Ուրիշներուն պէս թևեր չունի ան
Ան կը քնանայ ծերացած քրտնած կամուրջներու տակ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկը
Երկու ծակ ունի ժիր աչքերու տեղ
Որ սենեակները անլոյս կը տեսնէ
Եւ բոլոր դռներն անկուղպ եւ փտուկ
Որ գրատունին գոյն-գոյն կողքերը միայն կը տեսնէ
Եւ մայթին վրայ ծախու ծաղիկէն
հատ մը կը գողնայ խենթ ուրախութեամբ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկները
որոնք ժամ չունին
Ցերեկները ցանկապատեր կը կրծեն
Իսկ գիշերները իրենց ձիւթահամ շրթները
կ’երթեւեկեն ծխամորճներու մէջ
Որոնք օր մը, օ՜ր մը միայն – մարդ էակին զարմանալի
թուելու չափ – ումպ մը զուտ սէր կը մուրան
Ոսկի աղջիկներ որոնց մարմինի գինին
կը փխի արիւնի՛ նման
Որոնք անլի ձուկերու պէս լուռ ու մունջ
կը խարկուին արնաթոր ափերու միջեւ
Եւ դեռ կը սարսռա՜ն աղի լոյսերու ներքեւ
Մե՜ծ որովայնով պզտիկ աղջիկները
Որոնք հսկայ և խորունկ ձորեր կը տեսնեն
երազներու մէջ
Որոնց փակչող ափերը երկար շիշեր կը ճզմեն
երազներու մէջ
Որոնք առնական կուրծք մը կը գտնեն իրենց գլխուն
տակ՝ երազներո՛ւ մէջ
Որոնք համբուրել գիտեն ամենաանջիղ ափերը անգամ
Որոնք կը գգուեն ամենաաղքատ մարմինը անգամ
Որոնք ունկ կու տան ամենահիւանդ մտքերուն անգամ
Եւ կը բարեւեն իրենցմէ խրտչող

շուներո՛ւն անգամ
Որոնց փոքրի՜կ սրտերուն վրայ
Հարիւր անկայան գիշերներ կ’եռան
հազար ժանգոտած բուխերիկներ կան
և հարիւր հազար աղօթք և անէծք
սէր և հայհոյա՜նք
Որոնց երգերը շոգիի նման անգոյն և տաք են
Որոնց աչքերը ջթուող կուտի պէս շուտով կը լռեն
Որոնց թևերը անթէններու չափ յոգնած բայց բա՜ց են
Որոնց գլուխները ոլորուած պարաններու մէջ
կը թափահարուին
Եւ դեղնածոր արշալոյսներ
կը սահին այդ թափահարումէն
Եւ վիժած կայծակներ՝ այդ արշալոյսէն
Եւ արծաթ ու ծուխ՝ այդ վիժումներէն
Պզտի՜կ աղջիկները մեծ քաղաքներ են

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 3-4

Your email address will not be published. Required fields are marked *

նախորդ
ԼԵԶՈՒՆԵՐ
յաջորդ
ԳԱՆՁԸ