Գրիգոր Պըլտեան

Լեզու յարալէզ

     Հատուածային պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի գրեմ այստեղ։
     Սորված եմ բազմաթիւ լեզուներ եւ մոռցեր եմ մի քանին։ Մէջս բան մը մոռցեր է զանոնք։ Չեմ գիտեր ե՞րբ։ Կը պատահի որ հանդիպիմ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, քանի մը նախադասութեան, նոյնիսկ քանի մը բառի։ Կը ճանչնամ զանոնք, կրնամ յիշել սա կամ նա բառի առթիւ կամ դարձուածքի, ի՛նչը, ո՛ւրը, ինչպէ՛սը։ Անոնց ոգեկոչած պայմաններն ու պահերը չեն որ զիս հիմա կը գրաւեն, դէմքը՝ որուն համար սորվեր եմ մին, նպատակը՝ որ թելադրեր է մէկ ուրիշը, եւ ամէն անգամուն ջանքը՝ մտերմութեան մը, հարազատութեան մը պատրանքին ի խնդիր։ Անդրադարձը նաեւ, որ սա կամ նա դարձուածքը չունին իրենց համարժէք իմ լեզուիս մէջ, ինչ որ կը կոչեն մայրենի լեզուիս։
     Այդ բացակայութիւնը երբեմն կը փորձեմ բառնալ տառացի թարգմանութեամբ կամ նորաբանութեամբ, մանաւանդ երբ ատիկա կը վերաբերի նիւթեղէնի կալուածին, գործիքին, թեքնիքին։ Կրնամ մէկը փոխարինել միւսով, ինչպէս մարդ իր պէտք ունեցած ապրանքը կը ներածէ, նախքան ատոր նմանը արտադրելը, երբեմն ալ երբեք չի մտածեր արտադրելու մասին, պարզապէս կ՚իւրացնէ։ Հակումն ունիմ յօրինելու եզրի մը դիմաց ուրիշ մը, մէկուն տեղ այլ մը դնելով, նմանութեանց ընդհանուր կազմածը կը բանեցնեմ, որոշ չափով ստիպուած եմ կատարելու առաջին փորձառութիւն մը երբ մէկը կանգնեցաւ բանի մը դիմաց, ձեռքը երկարեց ու ձայնեց, զայն փոխարինեց անունով, եւ նոյն ատեն կրկնելու ինչ որ եղած կամ կոչուած է ուրիշ լեզուով մը։
     Այսպէս կը փոխադրուիմ այլուր։ Կարծես կը սփռուիմ, կը տարածուիմ, կը լայննամ ու կը ծաւալիմ։ Կը կծկուիմ նաեւ, կը պզտկնամ, գրեթէ կը լքեմ ես զիս այս դրսութեան։ Կը պատռուիմ, կը բաժնուիմ երկուքի, երկուքներու։ Կը պատռտուիմ բայց կը միանամ նոյն ատեն պատռուածքով։ Կարծես թէ մէկ անունով, անունի մը յօրինումով մաս կը կազմեմ աշխարհի հրաշքին, այնպէս ինչպէս երբեք մաս չէի կազմած անոր, զիս չէի գտած դէմ յանդիման անոր ներկայութեան։
     Բացակայութիւն բառի, բայց բերրի բացակայութիւն։
     Իրին եւ հնարաւոր բառերու կալուածին միջեւ կը վարանի մտմտուքը, ունկնդիր ձայնին, բարեհնչիւնութեան, առոգանութեան, ճշգրտութեան, կարծես
թէ ոչ թէ բառ մը պէտք է յօրինել այլ լեզուն, որուն մէջ իսկական տեղաշարժ մը ակամայ տեղի պիտի ունենայ։ Եւ որովհետեւ նրբին հաւասարակշռութիւն մըն է կատարուելիքը, նոր, ստեղծուող բառին հրճուանքը, սքանչացումը, խրախութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէին, իր մէջ կը կրէ անձկութեան բաժին մը, կրօնական պակուցումի մը նմանող վախ մը։
     Յաճախ, ուրիշ լեզուի մը բառերը կը թուին աւելի գեղեցիկ, աւելի հմայիչ, աւելի երաժշտական, ինչպէս կ՚ըսեն մարդիկ երբ լեզու մը չեն գիտեր, կարող չեն նշանակութիւններ հասկնալու այլ կը լսեն միայն հնչիւններ ու ռիթմ, եւ այդ պարագային բոլոր լեզուներն ալ օժտուած՝ բնական դաշնաւորութեամբ՝ կը վերածուին երաժշտութեան։
     Երբ կը սորվիմ ուրիշ լեզու մը, անոր բառերը ոչ միայն կը լսուին, կ՚արտասանուին, այլեւ կը տեսնուին, նշանագիրի մը պէս թանձրութիւն մը կ՚ունենան եւ անոնց ձեւերը, անոնց հնչիւնները կարծես կը պատճէնեն իրենց նշանակածը, կը դառնան պատկեր։ Իսկ երբ աւելի կը թափանցեմ անոնց մէջ, յաճախ այդ ուրիշ լեզուի արմատները կը թուին աւելի խորունկ, աւելի նշանակալից ու խորհրդաւոր, այնքան երեւի ես իմ լեզուս գռեհկացուցած եմ, մաշեցուցած, սպառած, քանզի զայն վերածած եմ գործիքի։
     Պատրանք մը չէ՞ ասիկա, միւս լեզուին այս կարծեցեալ խորութիւնը, որովհետեւ առանձնացուցած եմ բառ մը, բառին մէջ արմատը, ջնջելով անոր բոլոր կապերը համակարգին հետ, մարդոց, աշխարհին, որ անոնք կը կոչեն ի հարկէ։ Նոյնիսկ հասարակաց գետին մը կը գտնեմ, որ գուցէ մարդկային հնագոյն յատակ մը կը յուշէ, նախնական լեզուի մը, նախալեզուի մէկ նմոյշը, ինչպէս կտոր մը հող, որուն վրայէն անցեր են նախամարդն ու պրոնզի մարդը, յետոյ մենք, որ պիտի բնաւ չնկատենք զէնքի վերածուած նախկին խիճը, ատեն մը դանակի դեր կատարած կզակը. ապա կրկին լեզուները, իրենց գլխու պտոյտ տուող հնչիւնային այլազան կարգերով, որոնց իմացումը զիս աւելի խորէն կը մօտեցնէ անոր, որ եղեր է իմս (աս ալ խօսելու ձեւ մըն է, քանի որ լեզուն որո՞ւն կը պատկանի որ պատկանէր ինծի)։
    Բազմաթիւ լեզուներու գիտութիւնը կը խթանէ երեւակայութիւնս կամ տարբեր լեզուներով կ՚անդրադառնամ իմ լեզուիս ճոխութեան կամ աղքատութեան, տարբերութիւններուն, նմանութիւններուն, պարապներուն ու պակասներուն։
     Օտար լեզուով կը ճանչնանք մեր լեզուն։
     Մեր լեզուն կը ճանչնանք այդ երկխօսութեամբ, այդ տրամախօսութեամբ որով պահ մը ես զիս կը տրամադրեմ, կը յանձնեմ միւսին, կարծես թէ մէկէն եւ տառացի կերպով ըսուած՝ կը բացակայիմ ես ինձմէ, կը տանիմ ես զիս իմ բացերս։
     Մեր լեզուն կը սկսինք սիրել երբ կ՚օտարանայ։ Անոր օտարացումը մեզ կը դիւթէ կամ կը զգլխէ։ Սակայն այլեւս չենք փարիր անոր։
     Ինչ որ գիտենք, պարզապէս, միայն ու միայն տուեալօրէն գիտենք, կը ճանչնանք կամ աւելի ճիշդ՝ կը վերաճանչնանք, ոչ թէ նորէն, ոչ թէ կրկին անգամ, այլ առաջին ու գուցէ վերջին անգամ ըլլալով, կը թափանցենք անոր տեսակ մը դանդաղ ու նրբին սահանքով, որ չենք նկատեր, եւ կամ յանկարծակի սլացքով, քանի որ մեր լեզուն, ինչ որ «մեր» կոչեցի, կը յայտնուի մէկէն իբրեւ հարուած մը, ապտակ մը կամ շոյանք մը. պզտիկ, շատ փոքր տարբերութեամբ մը, որ սակայն կը փոխէ ամէն բան։
     Եւ ինչպէ՜ս չըսել, ինչո՞ւ չըսել երջանկութիւնը երբ իմ լեզուիս բառերը կը հնչեն տարբեր շեշտով, երախայի մը բերնին մէջ, որ կը հեգէ եւ ակամայ կը տարբաղադրէ ընկալեալ ամբողջները, կ՚աղաւաղէ, կ՚աղարտէ, կը զեղծէ կամ անսպասելի հարուած մը կու տայ բաղաձայնի մը, զայն կը խառնէ ուրիշի մը, մօտաւոր հնչիւն մը ստեղծելով, կը թոթովէ այդ ամեհի լեռնակոյտին առջեւ, որուն ի հարկէ չ՚անդրադառնար, կը մանկացնէ բառերը, այդ նուազագոյն արարքները, աւելի ճիշդ այդ նախագոյն գործողութիւնները, եւ իմ գիտցած բաղադրութիւններս պահ մը կը յայտնուին իրենք իրենց մէջ, կը թրթռան տարբեր կշռոյթով, կը թուին աւելի ծանր, աւելի թեթեւ, աւելի մթին կամ աւելի լուսաւոր, խորունկ ինչպէս սպիտակ մակերես մը։ Թռչնային այդ բարբառը կը թուի պահ մը կը յօրինէ լեզուն, զայն կը տանի իր բխման կէտին, այն նախագոյն րոպէին երբ տակաւին բաները իրեր չէին աչքին դիմաց, երբ բառերը բացագանչութիւններ էին, հիացման կամ սարսափի ոչ թէ վիճակներ այլ արարքներ, գործողութիւններ նորայայտ կեանքի մը զօրընթացի երկայնքին։
     Օտար լեզուով ճանչնալը կը թուի խորհրդաւոր գործողութիւն մը այնքան ատեն որ հասու չենք ըլլար տարբերութեան, աւելի ճիշդ՝ այլութեան ճանաչողական զօրութեան։ Հարցը նուազ կը վերաբերի բաղդատութեան մակարդակին որքան լեզուի մը սահմաններուն, այսինքն՝ անոր գործունէութեան դաշտին, կերպին, մտածման հնարաւորութիւններուն, տեսողութեան, զգացողութեան։ Մէկ լեզուին տիրապետումը գուցէ լքումն է միւսին, սակայն լքումը ընկալումն է լքուածին, ոչ իբրեւ կորուստ մը, այլ իբրեւ պակաս մը։ Երբ մեզի կը պակսի լեզուն, այն ատեն մենք մեզ կը զգանք գուցէ աղքատացած, զրկուած, սակայն նոյն ատեն գիտութիւն մը կը նուաճենք։ Գիտնալ կը նշանակէ, ի միջի այլոց, գետին մը գտնել։ Բայց թէ լեզուն վիհ մըն է իր կարգին, ահա այն ինչ որուն չենք անդրադառնար բնաւ։
     Լեզուներու մրցակցութիւնը ոչ թէ կ՚արգիլէ այլ թոյլ կու տայ որ իմ լեզուս նաեւ «յառաջդիմէ» ու զարգանայ, այնքան ատեն որ զայն կը պահեմ ասպարէզի մէջ եւ անով կը կոչեմ աշխարհը։ Եւ ամէն լեզու կը դիմէ այդ կոչումին, ներքնապէս այդ երկխօսութեան։
     Որքան լեզու գիտես, այնքան մարդ ես, կ՚ըսեն։ Անկասկած, ապահովաբար։ Բայց թէ ինչպէ՞ս կը գոյակցին այս տարբեր մարդերը, այսինքն՝ ինքնութիւնները, ասիկա այնքան ալ բացայայտ չէ։ Ինչպէս օրինակ մարդկայի՞նն ու աստուածայինը Քրիստոսի մէջ։ Ասիկա կը նշէ պարզապէս, գուցէ միայն, որ մեր ինքնութիւնը միաձոյլ գոյացութիւն մը չէ, հաւանաբար խախուտ, անհուն տարբերութիւններով, նրբութիւններով, հատումներով ու հերձերով կազմուած, կազմակերպուած ամբողջ մըն է, սա կամ նա չափով գիտակցօրէն կամ ակամայ մշակուած, համարկուած, ստանձնուած, տեսակ մը առաւել կամ նուազ շքեղ պատում, որուն կնճիռը կը մնայ ամէնէն տպաւորիչը, քանի որ կը յայտնուի թելի մը պէս լեզուին վրայ։
     Երբ մարդ մի քանի լեզու կը սորվի, նոյնիսկ եթէ կը մոռնայ անոնցմէ մի քանին, այլեւս կը դադրի ֆեթիշացնելէ, փալ լոսականացնելէ զայն, անոր հանդէպ նախապաշարումներ չի սնուցաներ (իբր թէ լեզուս ըլլար աշխարհի ամէնէն գեղեցիկը, ամէնէն ճշգրիտը, ամէնէն… եւայլն, բոլոր ածականները թոյլատրելի են), չի պահուըտիր անոր քողին ներքեւ, չի վստահիր անոր, չի զգար ինքզինք ապահով, ինչ որ է ֆեթիշին դերը։ Այլ գծելով անոր սահմանները, ազատ որոշումով մը կը տրուի անոր։ Այստեղ չէ՞ արդեօք գաղտնիքը խաղին. անոր հետ կրնանք խաղալ―գուցէ շուն-կատու―երբ կը դառնան անոր մտերի՛մ օտարը։
     Երբ մարդ մի քանի լեզու կը սորվի, քիչ մը կը մոռնայ իրը, կը հեռանայ իր մարմնէն, նոյնիսկ կը լքէ զայն, կարծելով երբեմն որ լեզուն ալ զինք լքեց կամ մոռցաւ. սակայն այդ կազմաւորուած, գրեթէ կատարելապէս տիրապետուած մոռացումին մէջէն յանկարծ յուզում մը, անակնկալ ապշանք մը կամ զզուանք մը կը մոռնան մոռացումը եւ կը սկսինք կակազել, կը փնտռենք բառերը շեշտով մը որ իրենցը չէ, եւ կը տարածուի մեր մարմնին վրայ ախտանշաններու կազմածի մը պէս զօրութիւնը նշանին, անոր որ երբեմն կը կոչուէր խարանի հրաշք։ Եւ այն ատեն կը յայտնուի մեր մարմինը վերստին, մեր մարմինը որ կ՚ուզէ լսուիլ։
     Կրկնակ լեզու. մէկը կը սնանի միւսէն, փոխնիփոխ, մէկը կը հակադրուի միւսին, կը համարկուի անով, կը համակուի։ Սկիզբէն երկուք ենք։ Այն պահուն երբ կ՚երկնուինք, այն ձրի պահուն երկի մը պէս կը յայտնուինք, կը տրամադրուինք երկրորդի մը։
     Ուրիշ լեզու մը սորվելու վարժութիւնը յարմարութիւն մը կ՚ենթադրէ, աւելի ճիշդ տրամադրութիւն մը ըստ որուն չեմ բնակիր լեզուիս մէջ, որ աւելի անցման կայք մըն է այլեւս ահագնացող գետ մը կամարող կամուրջ մը քան թէ բնակավայր մը։ Որքան ալ վերադառնամ լեզուիս, զայն չեմ կրնար գտնել ինչպէս որ էր, նման աղէտէ մը վերապրողներուն երբ կը գտնեն իրենց տունը, իրենց պարտէզը, իրենց աթոռն ու սեղանը, որոնք բոլորն ալ կը թուին քողարկուած անջնջելի եւ թանձր ապակիով մը. ինչպէս երազներուն մէջ կը լսենք բառեր որ երբեք չենք կրնար մենք մեր կարգին արտասանել, քանի որ կոտորակուած ենք։ Ո՛չ ոք կրնայ յիշել այն րոպէն, երբ լեզուի ելաւ, թոթովեց, ձայն ու բացագանչութիւն հոլովելէ, խառնելէ, ճիչը վանկի վերածելէ ետք մէկէն, բացարձակ արարքով մը՝ բացուեցաւ։ Արդէն լեզուն կը բացուի երբ երախան կը քալէ ի բարբառ, կու գայ, լեզուի կ՚ել լէ, կը կանգնի, կ՚ընդառաջէ անոր, կը կառչի անոր անտեսանելի շղթային, կը կլանուի անով, մինչդեռ նոյն ատեն լեզուն է որ իր արդէն վաղագոյն բնակութիւնը կը նշէ միայն։ Որովհետեւ լեզուն միշտ կար, ականջին, աչքին ու բերնին միջեւ, տեսակ մը իբրեւ ներքին ու համայնական տարածք։ Իսկ այդ րոպէն, երբ դէպքը եղաւ, չես կրնար երեւակայել, յօրինել անգամ, եթէ չըլլար կողմնակի ձայնը, պատմողը (պատումին դերն ալ աս չէ՞, ըսել ինչ որ չես կրնար ըսել, յիշել ներյայտն ու նախայայտը, արտայայտել տեղ ու դիրք, ժամանակ ու գործողութիւն, որ եղեր են քեզմէ անկախ, քու մէջդ, մէջ-շուրջդ), երկրորդը, որ մայրդ է, քոյրդ, հանիդ կամ մէկը, մինչեւ հիմա այդ եզակի ու վճռական պահը թելադրողը, երբ վերջ մը եւ սկիզբ մը դրուեցաւ համրութեանդ, հատում մը եղաւ, նման, շա՛տ նման այն վարանող, սրունքներու, ոտքերու վրայ տատանող շարժումին, որ մէկէն մարմինը կը տանի դէպի ուղղահայեացի նուաճումը։ Ոտքի ելաւ, կը բացագանչեն մայրերը, խօսքի կ՚ել լէ կոր, կ՚ըսենք, զարմացկոտ ու հիացական։ Այդպէս է որ լեզուն կը յառաջանայ քայլ առ քայլ, կը շրջի, կը նստի, կ՚իյնայ, տիտիկ կ՚ընէ ոռին վրայ։ Ամէն խօսքի կը կրկնենք այդ առաջին խօսքի արարքը առանց գիտնալու, անկէ է որ կը վերապրինք. մեր հիմը։ Եւ ուրեմն անոր է, որ կը ջանանք վերադառնալ ի զուր, այդ նոյնին որմէ տարագրուեր ենք, երբ կը գրենք ու կը սեւեռենք անկրկնելին, քանի հոն յայտնաբերեցինք, ինչ որ երբեք չենք կրնար յիշել―քանզի ատով կը տեսնենք միշտ, կը զգանք―աշխարհի բացութիւնը։
     Հարազա՛տ, մօրենակա՜ն, գգուալից ինչպէս ստինքը ուրկէ տրուեցաւ կենսասնունդը, սկզբնային հեղուկը որ հոսեցաւ մեր բերնէն, շրթներէն, յետոյ մեզ լիացուց, աճեցուց՝ եւ ամէն հնչիւնի հետ զայն կրկնեցինք, որոճացինք, իր ամբողջութեամբ, ըմբոշխնեցինք, ասոնք եւ դեռ ուրիշ շատ մը յատկանշումներ կը ջանան անտեսել հատումը եւ անկէ բխող երկրորդ մակարդակը, ըսենք պարտադիր արձակումը, ուր կը յօրինուի երկրորդ լեզուն, ան որ պիտի կանգնեցնէ մեզ միջոցին մէջ եւ որուն ուղղահայեացին համար անհրաժեշտ են այլեւս բոլոր միւս լեզուները։
     Լքել ծննդեան լեզուն գուցէ զոհողութիւն մըն է, որդեգրել ուրիշ մը՝ գուցէ նոյնպէս զուրկ չէ մեծութենէ, այսինքն՝ ունի իր պարգեւներն ու արժանիքները. իսկ հաւատարիմ մնալ առաջին լեզուի մը որ ծննդեանը եղաւ ակամայ տարբեր բա՞ն է ուրիշ լեզու մը իրեն պատշաճեցնելէն։ Հոս ո՛չ մէկ մեծութիւն։ Հոս ո՛չ մէկ հրճուանք աշխարհի առաջին օրը սկսելու։ Հոս պարզապէս կամքը չմեռցնելու
մեռելները որ կան լեզուին տակ։
     Երբեք, ոչ մէկ տեղ անհրաժեշտ է մոռնալ մայրը, պահպանելու համար լեզուն. կը բաւէ միայն նշանակել շեղագիծ հատումը մօրմէն որ լեզուն կը կամրջէ։
     Չենք ուզեր անդրադառնալ որ մայրը կը կրէ իր մէջ այրը, ինչպէս հայրը, բոլոր այրերը, որով սկիզբը, եթէ որեւէ սկիզբ անհրաժեշտ է, կայ միայն ընդմիջոց մը, անջրպետ մը, ընդմէջ մը. այդ ընդմիջութեան մէջ կը կազմաւորուինք հետզհետէ, անով կը սորվինք զգայարանքներու լեզուն, երեւակայութեան լեզուն, մտքի լեզուն, տեսակ մը ընդհանրացեալ խաւաւորում, ձայնակշռութային տեղում, ուր կը մշակեմ զգալու, մտածելու, հասկնալու կերպեր եւ ուրկէ սաղմուած ինքնութիւնս կը զանցէ ինքն իր փականքը դէպի անինքնութիւն։
     Ո՛չ մայրենի, ոչ ալ բոլորովին հայրենի՝ լեզուս, այլ շրջադարձէ մը եկող որ հեռաւորութիւն եւ աքսոր կը կտրէ կ՚անցնի, կը ժամանէ դէպի զիս։ Կարծես թէ հեռաւորութիւնն անհրաժեշտ ըլլար մտերմութեան…անոր հետ։ Բայց հեռաւորութիւնը, ներքին ճեղքը պիտի ըսեմ, անհրաժեշտ է մտերմութեան, անշուշտ, ինչպէս սէր կոչուածին։ Եթէ տարբերութիւնը չըլլար ինչպէ՞ս պիտի սիրէինք իրար։
     Լեզուատել մէկը պատիժներուն ամէնէն խօսունն էր, նախնական օրերուն անշուշտ (բայց նախնականութիւնը միշտ կը բանի տեղ մը մոլորակիս վրայ) որ կը ջանայ զոհը վերադարձնել անասնութեան կամ կը ձգտի այդ բացարձակին, ոչ թէ միայն խեղելով, այլ անդամահատելով, առանց անցնելու ոճիրին սահմանը։ Եւ սակայն լեզուատը երբեք չի դադրիր պատկանելէ լեզուի տարածքին։ Իր այդ խարանով իսկ լեզուատը աւելի քան «առաջ» խօսողն է, յար եւ նման անոր որ պակուցումի, սոսկումի պահուն թոթովութենէն կ՚անցնի մէկէն կատարեալ պապանձումին։
     Երբ կ՚ուսուցանես, երբ կը դասաւանդես լեզու մը, ինչպէս որ կը պատահի երբեմն ինծի, ի պաշտօնէ, լեզուին փորձը կ՚ընես։ Ուսուցման թերեւս հաճոյքներէն ամէնէն մեծը լսելի դարձնել է լեզուն այնպէս ինչպէս կը յօրինուի ան, ինչպէս կը ղեկավարուի, ինչպէս կը տարբերակուի, կը դառնայ ինքզինք այն միւս մէկին հետ, որ բարբառն է կամ օտար լեզուն։ Եւ այն ատեն լեզուն կը դադրի անմիջական ըլլալէ (անմիջականի առասպելը…), ինքնաբուխ, մեզամօտ, սովորական, հասարակ տեղիք եւ կը դառնայ ինչ որ է, ինչ որ միշտ պիտի ըլլայ, դժուար ու բարդ, ուսելի, մշտապէս սովորելի, ախորժելի, վարժելի, նոյն ատեն անտիրապետելի։ Չեմ գիտեր ինչու ուսանելուն արմատը ուսը չէ (եղեր), երբ այնքան դիւթիչ կը թուի մարմնին այդ մասը, բազուկին, կռնակին եւ գլխուն միջեւ։ Ուս ընել, ուս տալ, ուս ուսի, ուս ընդ անութ, ոչ միայն զարգանալ է մարմնով, այլեւ աճիլ, կռթնիլ ուրիշին՝ գիտութեան, ուսմունքին, մեծնալ շարժումով մը որ ձեռքն ու միտքը կ՚առնչէ իրարու, կը կրթէ եւ որուն մէջէն կ՚անցնի լեզուն։
     Այնքան մօտիկ, այնքան մօտ՝ մարմնին, գրեթէ մորթ, որուն կը հպիմ բայց որ չի դադրիր իր առեղծուածը պահպանելէ կամ պարզելէ։ Լեզուով կը հաղորդուիմ առեղծուածին, գրեթէ երկխօսութեան մէջ կը մտնեմ անոր հետ, բայց չեմ կրնար քակտել զայն։ Ասոր համար գուցէ լեզուն ի յայտ կը բերէ առեղծուածը որ կայ իմ մէջս իսկ։ Ինչ որ գիտութիւն է լեզուի,― բանութիւն, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ միմիայն մեկնաբանութիւն այդ առեղծուածին։
     Ընծայ, անխառն պարգեւ, երախտիք, աւանդ՝ անկասկած, լեզուն կտակն է, ուր կը թուի ամէն բան գրուած սկիզբէն, միայն թէ բոլոր տառերը, բոլոր նշանագիրերը կը մնան անընթեռնելի։ Որոշ չափով բանաստեղծութիւնը կը կարդայ առեղծուածային լեզու մը, որ կրնանք կոչել անգիր։
     Լեզուն կը սորվին, ինչպէս կանգնիլը, քալելը, լողալը։ Նոյնիսկ երբ կը տրուի, ―կը թուի թէ կը տրուի տեսակ մը ձրի տուչութեամբ―զայն կը կազմաւորենք, այն պահուն երբ կը կազմաւորուինք անով, անով կ՚անինքնանանք երբ կը կարծենք գտնել մեր ինքնութիւնը։ Լեզուն ուրիշներն են։ Եւ հոն, այդ դէպի ուրիշը գացող տրամադրութեան մէջ սորվողը կը կրկնէ եւ յանկարծակի ոստումով մը կը սկսի օր մը յեղաստեղծել, յօրինել, ըսել կ՚ուզեմ յայտնաբերել երկրորդ լեզու մը, լեզուարկեալ լեզու մը, որ տունն է ոչ ոքի, ոչ իսկ էութեան կամ հասարակութեան, ոչ իսկ ինքն իր։
     Հազար անգամ ոտնակոխուած, կոխկռտուած, տափակցած, տափնուած գետինն է ան, չորցած, ճեղքռտած, մաշած, զուրկ ամէն կանաչէ, ամուլ, պատերազմէ մը ետք մնացած դաշտ, ուր ամէն մէկ հետք կը կրէ իր վրայ կնիքը բազմաթիւ հետքերու, քիչ թէ շատ անորոշելի, տարտղնուած, բլուրները, ձորերը, դարափները, գիծերը սահած, եւ ամէն մէկ բառ միլիոնաւոր անգամներ գործածուած, կրկնուած են, ձեւազեղծուած կամ պանծացուած, եւ ինծի կը մնայ միայն այդ բառերուն միջեւ գծել ճարտարապետական կամ քարտիսագրական նոր յարաբերութիւններ, ուշադիր՝ բառերը անջատող անհրաժեշտ պարապներուն, յօդերուն, կամուրջներուն, այն նեղ ու խորունկ ստուերի շերտին ի խնդիր որ կը տանի տեղ մը, հոն ուր կը կազմուի նշանակութիւնը, քանի որ նշանակութիւնը բառերուն մէջ չէ, իմաստ չէ, այլ իմաստներու հոծոյթներ, ասոնց անտիպ խաղը, ասոնց անդրադարձովը բոլոր նախկին կուտակումներուն վրայ բառերուն, բառարանին, ասոնց հակադարձովը նորէն զգայակերպիս, մտածելակերպիս։
     Լեզուն տեղի կ՚ունենայ խօսքով կարծես գար իր բարձրաւանդակային քաոսէն դէպի ակնթարթային գոյութիւն, որ թող կոչեմ դէպք։ Խօսքը չի յօրիներ
լեզուն, չի բաւեր ըսել նաեւ որ միայն տեղ կու տայ անոր, քանի որ խօսքը հիւրընկալում մըն է աւելի քան բնակարան մը, ապա քանի որ լեզուն կայ որեւէ տեղէ առաջ։ Լեզուին տեղի ունենալը կը նշէ կրկնումի արարք մը, միայն թէ ոչինչ կը կրկնուի այնտեղ, ոչ սա, ոչ նա, այլ լեզուն, ան, կը հաստատուի իբրեւ ինչ որ չկար, չէր իր տեղը, իր տեղը որ խօսքն ըլլալու է, ինչ որ ապառնի մըն է ինծի համար, հորիզոն մը որուն կը դիմեմ, կը զանցեմ հնչիւնները, կը մոռնամ բառերը, միացեր եմ ձայնին, ձայնն եմ, որ խօսքը կ՚արձանագրէ լեզուին մէջ, զայն կը վերադարձնէ հոն ուր երբեք չէ եղած, հոն ուր իր տեղը չէ։
     Երբեմն գրութիւն մը քանի մը բառ է, քանի մը հնչիւն պիտի ըսէի, մէջբերուած, հատուած լեզուէն, բնորոշող ոճ մը, այսինքն՝ լեզուն լսելու կերպ մը, շեշտ մը, դրոշմ մը, անոր ազդելու կամ հակազդելու արարք մը։
     Լեզուն կը լսենք նոյնիսկ երբ կը մտմտանք ու կը մենախօսենք։
     Տարագրուած լեզու. այդպէս չէ՞ ամէն լեզու, երբ կը գրուի եւ կ՚ենթարկուի օրէնքի մը ուրիշ, որ պիտի կոչեմ դրսութեան օրէնքը, քանի որ իմ խօսածս, ինչ ալ ըլլայ անոր ներքին թէ արտաքին հանգամանքը, կը պատկանի տարածութեան մը, որ հասարակաց ներս մը կը կազմէ, հասարակաց տեղիք մը։
Ոչ բնիկներ, ոչ օտարականներ՝ բոլորն ալ լեզուական գաղթողներ։
     Սակայն կան բառեր, մտքեր կամ գաղափարներ որոնք կը վրիպին։ Կը կազմեն անփակելի բացեր։ Արդեօք լեզուն անո՞նց շուրջ յօրինուեր է, կամ այդ բացե՞րն են որ կը կազմաւորեն զայն։ Լեզուները չեն համաձեւուիր։ Ամէն մէկը կը պատասխանէ փորձառութեան մը կամ կը կազմէ փորձառութիւն մը ինքնին աշխարհէն եւ աշխարհով։ Մտքի, եթէ ոչ ծուլութիւն, գոնէ թուլութիւն է մտածել անասելիին կամ հիներու անճառելիի մասին, որ կը փակցնենք այն բանին որուն համար բառ չենք գտներ մեր տրամադրութեան տակ։
     Լեզուն արձագանգն է աշխարհին բայց նաեւ արձագանգի խուցը անասելիին, որ կը թելադրէ միայն ու միայն լեզուին անաւարտ ըլլալու հանգամանքը։ Ո՛չ կատարեալ, այլ՝ անաւարտ։ Լեզուի մը հնարաւորութիւնները մէկ անգամէն կատարելի չեն, կատարուած չեն բնաւ, անոնք մշտապէս կը բազմանան, չեն փակեր զայն երբեք, ընդլայնելով անոր հորիզոնը կը ձգեն զայն անաւարտ։
     Ինչպէս բնութիւնը, այնպէս ալ լեզուն չի սիրեր պարապը։ Լռութիւնը լեզուին պարապը չէ, այլ փակագիծը (այս մասին այլուր), որով նշանակէտ մըն է լեզուին մէջ։ Լեզուին համար պարապը այնտեղ է ուր կարելի է շնչել, հեւքը, հունչը, դադարը։
     Իմ կարգիս կ՚առաջարկեմ լեզուին ծննդաբանական առասպելը՝ Բաբելոնը, ուր ծնայ իր հետ։ Միշտ ուրիշ լեզուներու հետ, եւ գաղթեցի դէպի լեզուս։ Հայկ մը` «անճոռնի» Բելի մը դէմ։ Յանուն ցամաքամասի՞ մը։ Վայրի՞ մը։ Բնակ երկրի՞ մը։ Անդադար նուաճելի, յամենայն դէպս։ Սակայն Բաբելոնը նուազ խառնաշփոթութեան առասպելն է որքան չմշակուած տարբերութիւններուն եւ լեզուն պէտք ունի այդ Բաբելոնին եթէ կ՚ուզէ ըլլալ ինքզինք, իր անինքնութեան մէջ։ Քանի որ լեզուն ո՛չ այս է ո՛չ այն, թէ՛ այս է թէ՛ այն, բոլոր լեզուները անջատ իրենց ներքին տարբերակումներով։
     Դուն ու ես հնարաւոր ենք միայն երրորդով՝ անով, որ քեզի եւ ինծի կ՚ընծայէ փոխթափանցման, իրերահաղորդման բացուածք։ Ան մեզ չի միացներ, մեզի տեղ կու տայ։ Որքան ալ մեր տեղը լեզուին մէջ ըլլայ, նոյնքան ալ անկէ դուրս ենք, տեսակ մը երկփեղկումի վրայ։
     Թերեւս միայն մէկ լեզուով կարելի է գրել։ Սակայն բոլոր միւս լեզուներուն զօրութենական ներկայութիւնը ականջիս չի՞ բանիր արդեօք այդ կարծեցեալ մէկութիւնը, որ վերակազմեալ մէկութիւն մըն է, աւելի ճիշդ՝ վերացուած միատարրութիւն մը, ուր պահ մը ժամանակը, հոլովոյթը, գործողութիւնը կը թուին ջնջուած։ Լեզուին մէկութիւնը նման է Եսին։ Պատումի մը կերպն ունի, կազմակերպուած նոյն տիպով։
     Որքան շատ լեզուներ սորվեցայ այնքան գուցէ մօտեցայ մահուան, ամէն մէկը անոր դիմակն ու դէմքը նոյն ատեն։ Որքան մոռցայ անոնցմէ մի քանի այնքան հիւրընկալեցի ձայնը։ Հիմնական եւ անսրբագրելի անդաշնութեան մը՝ յայտնարար։ Ձայնը գուցէ այն է որ կը մնայ երբ բոլոր բառերը կը չքանան, անլսելի, անդէմ, խուլ, ծովու մը նման որ կը պսպղայ, կը տեղատուէ ապակիի ետին։
     Որպէսզի լեզուն մը դառնայ գրական, անհրաժեշտ չէ որ ան նախապէս եղած ըլլայ «մայրենի լեզու»։ «Մայրենի լեզուն» անգամ գրելու համար հարկ է զայն ստեղծել, նորէն։ Այդ տառապանքին կամ տաժանքին միշտ չէ որ պատրաստ ենք տոկալու։ Ասոր համար գուցէ կը բաւարարուինք… արտայայտելով մենք մեզ եւ այն ատեն որեւէ լեզու կը դառնայ միջոց, քանի որ կարեւորը… արտայայտելն է։ Սակայն ի՜նչ ախտ։
     Լեզուին մէջ անունները կը կոչեն սա կամ նա, նշաններն են առնչումի մը որ միայն շարահիւսութիւնը կը պարզէ։ Եթէ անունները բանաստեղծութիւն նկատենք, շարահիւսութիւնը ատոր արձակն է։ Ասոր համար ինչ որ կը կոչենք բանաստեղծութիւն եւ արձակ միաշաղախուած են ու կը պահպանեն իրենց տարբերութիւնները, քիչ մը նման առասպելին երկու բնութիւններուն, միաւորուած եւ անշփոթելի։
     Բանաստեղծութիւնն է, բանաստեղծական աշխատանքը, որ, երբ կը բախի անբարբառին, հարկին տակը կը գտնուի լսելու զայն, ըսելու զայն լեզուին միւս բառերով, բառերէն անդին բանադարձումներով, այսինքն՝ «հռետորութեամբ»։ Լեզուի թերին սրբագրող կամ պակասը լրացնող դեր մը չեմ վերագրեր բանաստեղծական արարքին, այլ թերեւս աւելի արմատականօրէն կամ մակերեսային կերպով անոր կը վերապահեմ լեզուն աշխատցնելու, լեզուարարելու պիտի ըսէի, գործողութիւն մը։ Բանաստեղծութիւնը ռիթմային, ճարտարապետական հոլովոյթ մըն է, առք մը, արարք մը, վէճ մը, աւելի քան վիճակ մը, պահ մը, պաշտամունքի պակուցում մը, ապշանք մը։
     Ասիկա այսպէս է, որովհետեւ գրելը կապ չունի տրամադրելի բաներուն հետ, գրելը ներկան կամ առկան չէ որ կը ձեռնէ ու ներկայացնէ, անոր կու տայ ձայն ու տեղ, կը ձայնաւորէ ու կը տեղաւորէ։ Գրելը դարձած է դէպի…, գրելը դիմեցում մըն է, գնացում մըն է առ դէմք մը, կ՚ընդառաջէ, պիտի ըսէի, անոր որ անուն չունի լեզուիս մէջ, այն լեզուին որուն մէջ կը գրեմ, կը դիմէ դէպի աներեւոյթը, որմէ կը սնանի, դէպի անթափանցը որուն կը կցուի, դէպի անդէմ մը որ կը դիմաւորէ եւ որ պիտի ի վերջոյ դիմակաւորէ։ Գրելը անասելի չի ճանչնար։ Ան կը ձգտի բերել անասելին րոպէի մը իսկ փայլատակումին մէջ։ Կը բեմադրէ անասելին, անոր անկարելիութիւնը։ Այդ է իր արդարացումը, եթէ որեւէ արդարացումի պէտք ունի, քանի որ գրելը, որքան ալ հարցական, ինչու մը չունի եւ կը մնայ անարդարանալի։ Գրելը մութին մէջ ճանապարհորդութի՞ւն մը դէպի Եմմաւուս։
     Շատ բան ըսել է այսպէս մէկէն, շատ բան սպասել արարքէ մը որ ամէնէն առաջ վարանում մը, պշնում մը կ՚երեւի, ձեռքը բառերը կը դարձնէ մէկ կողմէն միւսը, կը շօշափէ ինչպէս հին դրամներ ուր հազիւ տեսանելի խորտուբորտութիւններ ինքնակալի մը դիմանկարը կը ստուերագծեն եւ կամ խիճեր նախադարեան, որոնք կորսնցուած են իրենց իմաստը, այսինքն այլեւս նշաններ չեն մարդոց համար որ չկան, այլ միայն զարդ-առարկաներ որ երազել կու տան հեռաւոր մութին մէջ լոյսի նշոյլ մը, կռահել, ոգեկոչել անհետացած դէմք մը, որ իր ետին ձգեր է միայն փայլատակում մը խծբծուած։
     Բանաստեղծութիւնը կը բանի իբրեւ առլէզ հակած լեզուի վիրաւոր մարմնին վրայ։
     Ըսի վիրաւոր։ Այն չափով որով կը պակսի զօրութիւնը։
     Բայց զօրութիւնը այն չէ՞ որ միշտ կը պակսի։
     Արա, Արա՛։ Արարել լեզուն։ Առասպելէն դուրս արտաքսել։
     Բանաստեղծութեա՞մբ։

     Կատարեալ կամ սրբազնագոյն լեզուի մը որոնումը տարուած է պակուցիչ պատկերէն, միակ, միաստուածեան իգոնայի մը հրապոյրէն. անոր դերն է մոռնալ, զանցել մեր մահկանացութիւնը, մեր փխրունութիւնը, մեր խախուտութիւնը, որոնց յայտնարար նշանը կը կազմեն բոլոր յօդերը ոչ միայն մեր մարմնին այլեւ լեզուին։ Կատարեալ լեզուն այն մէկն է որ կատարած է իր շրջադարձը, տարած է ինքզինք մինչեւ մշտական եւ որով պէտք չունի այլեւս ժամանակին, մեծ ու փոքր մօտաւորումներուն, այսինքն՝ խօսողներուն, որ զայն կը կատարեն սակայն իր անկատարութեան մէջ։ Մենք լեզուի բանուորներս, բանաւորներս, մեր աղօթքին կամ մեր վարդապետութեան, մեր քերթուածին թէ յօդուածին մէջ կրնանք միայն ու սոսկապէս նշել մեր ծայրաքնին որոնումը, այս տեսակ մը խարխափումը ուր մեր միտքը կ՚անցնի պատկերէ պատկեր, անդադար, քանի որ միշտ պատկեր մը անհրաժեշտ է մտքին համար, ըսեր է փիլիսոփան, եւ կը յանգի ոչ մէկ կայքի։
     Ինչո՞ւ, գրեթէ ակամայ, երբ հարկ կ՚ըլլայ ճշգրիտ տարազ մը գտնել, կը դիմեմ հին լեզուին։ Արդեօք անոր համար որ ա՞ն է կշիռը, ա՞ն է չափն ու օրինաչափութիւնը։ Անշուշտ, ոչ։ Այլապէս գրած լեզուս պիտի մնար բարբառ մը միայն, անոր մէկ ենթաբարբառը։ Ինծի այնպէս կը թուի, որ հին լեզուն տեսակ մը ներքին սահմանն է նորին, ոչ նախալեզուն, անոր շատ մտերիմ օտարը, այնքա՜ն մտերիմ որ գրեթէ նոյն բառերը կ՚անցնին մէկէն միւսը։ Բայց անոր օտարութիւնը, անոր խօսուելէ-գրուելէ դադրիլը (անոր քունը) կարծես անհետ կը ջնջէ շփոթը, խառնակութիւնը իմաստի, կարծես հին լեզուն իր մահուամբ թոյլ կու տայ որ քակեմ նորը, օտարանամ ալ նորէն, թերեւս շատ աւելի արմատական կերպով քան երբ կը յղուիմ ուրիշ լեզուի մը։ Ահարկու է հին լեզուին այս մտերիմ օտարութիւնը, ամէն ինչ խախտող եւ հազիւ նկատելի, ահարկու եւ այնքան քիչ մտածուած։
     Հին լեզուն այն է որուն փոխ կու տամ ձայնս եւ որ ի պատասխան կը սկսի արձագանգել, ինչպէս հնչիւններ լաբիւրինթոսի մը մէջ կը բազմապատկեն խորութիւն ու ծաւալ, եւ ան իր կարգին ինծի փոխ կու տայ իր բառերուն, ասոնց նոյնութեան առեղծուածը։ Սակայն այս փոխատուութիւնը անաղարտ չի ձգեր ձայնս, որ կը գունաւորուի հինով, կը տոգորուի, կը թրթռայ, կը հիննայ իր կարգին, կը կատարէ անհնարին փորձը դառնալու ապայժմէ, կը կտրէ սահմանը որ կը բաժնէ մեռելները ողջերէն, ձայն անդրշիրիմային որ կը զանցէ աղէտը եղած ըլլալուն։ Որով այլեւս հին լեզուէն փոխ կ՚առնեմ բան մը. ըսենք իր վերափոխումի զօրութիւնը։
     Ինչ որ կը կոչենք հին լեզու ընդհանուր օրինավիճակն ունի, զայն կը պատկերազարդէ պիտի ըսէի. աւանդ է, տրուած, առնուած, վերջացած, ստացուող, մերժուող, ձայնովս իսկ նորոգուող, երգուող, մերթ խրթին մերթ ալ անիմաստ, կապուած միշտ ծէսի մը, արարողութեան մը, որ սրբութիւն կը բաշխէ, կը բանի անով, հեռացած, բաժնուած նոյն ատեն, ուստի անմատչելի խորապէս։ Սակայն հին լեզուն կը բերէ ինչ որ կայ լեզուին մէջ ամէնէն հին, ամէնէն նախադարեանը, անժամանակայինը, այն որ երբեք չենք մտածած եւ գուցէ չենք կրնար մտածել, ինչպէս այդ մորթը որ սահման մը կը դնէ անսահմանին առջեւ, որով չեմ գիտեր թէ այդ սահմանը կը պատկանի հոսի՞ն թէ՞ հոնին։
     Կը խօսիմ ոչ միայն անոր համար որ մահկանացում մըն եմ, հասու՝ ըսելու ոչ եւ այո, այլեւ անոր որ կը վերապրիմ։
     Պաշտամո՞ւնք մը հին, ինչպէս կ՚ըսեն, մեռեալ լեզուներու։
     Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ տեւական մարտ մը, որպէսզի ապրող լեզու դառնայ մեռեալ եւ մեռեալը ապրող, ինչ որ է, էապէս։ Այնպէս մը որ կենդանին խօսի, պատգամէ, ծիծաղի, մանաւանդ ծիծաղի, կարծես թէ արդէն մեռած ըլլար, դարձած անհպելի ինչպէս երբ անհետացածը կը վերադառնայ, ակնթարթի մը մէջ, անհետանալու համար կրկին։ Թէ՛ սրբազան, թէ՛ անսուրբ։
     Հարկ է մտնես, ամէն օր թափանցես անոնց մէջ որոնք կային նախքան աղիտալի ժամանակը, ո՛վ ուշացողդ, սորվիս, ուսանիս, ճանչնաս, դուն՝ ո՛վ անօրէնդ որ ունիս ոչինչ իբրեւ բնիկ, ոչինչ իբրեւ օրինական ժառանգ, ո՛չ առասպել, ո՛չ պաշտամունք։ Ի՞նչ բանի կրնամ քեզ նմանցնել, ծովո՞ւ, տարանցիկ ուղեւորի, թէ՞ պարզապէս ու միայն բանադարձումին որ կը կոչուի փոխաբերութիւն։
     Երբ կը գրեմ յաճախ կը լսեմ լեզուն, կը լսեմ ուրիշ լեզուներ, լեզուներու սփիւռք մը, ոչ թէ նոյն ատեն, այլ մէջընդմէջ, ինչպէս համանուագի մը ունկնդրութեան ժամանակ ամբողջը կը տիրէ այս կամ այն գործիքի նուագածին, բայց ներքին սեւեռումով կարող ենք անջատել սրինգին կամ գլարինէթին միջամտութիւնները։ Միւս լեզուները կը լսեմ իբրեւ լռութիւն, խօսուն, երբեմն թնդուն լռութիւն, այն՝ որ ասպարէզ կը բանայ լեզուիս, մանաւանդ լեզուս միւսներէն բաժնող հերձին, ուր անբարբառը կայ։ Տեսակ մը քսումի, շփումի, հանդիպում մը կանխող պահ, արարք, ծայրագոյն, սահմանային։ Այդ քսումէն կը բռնկի ոչ այնքան նշանակութիւնը, որքան լեզուն, կ՚ինքնանայ, ճշգրիտ, զգայուն, զարթուցիչ։
     Լեզուն միշտ կը խօսի զօրութենապէս ուրիշ լեզու մը։ Պէ՞տք է անոր ետին ենթադրեմ ուրիշ մը, գերլեզու մը, ենթալեզու մը, անդրլեզու մը, նախալեզու մը…հիանալի անստուգութիւնը անմիաւորին։
     Չեն համապատասխաներ իրարու կէտ առ կէտ, բայց լեզուները կը պատասխանեն իրարու, ներյայտ բեկումէն, որուն շուրջ, որուն երկայնքին, ինչպէս
ցամաքամասերը, կը կազմակերպուին անոնք։ Անոնց բացարձակ բաժանումը զանոնք պիտի սրբացնէր, երբ, ընդհակառակը, անոնք ձգտումն ունին խառնուելու, սկրթուելու իրարու։ Որքա՜ն կը սիրեմ լեզուդ բերնիս մէջ, լեզուիս վրայ, տակ ու քով կամ դէմ առ դէմ։
     Չենք համապատասխաներ երբեք մենք իրարու՝ մենք բնակիչներս անհամապատասխանութեան, չենք դաշնաւորուիր լեզուին, որուն իշխանութեան
յանձնուեր ենք։ Լեզուին անկեդրոն միապետութիւնը՝ ընդհանուր հասարակապետութեան մէջ։
     Կը դասաւանդեմ դպրոցի մը մէջ ուր կան ութսունութը լեզուներ, ապրող կամ կենդանի։ Բոլորն ալ քիչ թէ շատ վտանգուած, բոլորն ալ պահպանուած
այսպէս փակ միջոցին մէջ աւանդին։ Միւսները, անոնք որ չեն աւանդուիր` կը խօսուին։ Անկասկած, անկասկած։ Ինչ որ կը խօսուի չի վտանգուիր, կը խորհինք, պարզապէս կայ, պարզապէս չէ։ Սակայն վտանգը չէ՞ որ կ՚ապրեցնէ լեզուները։ Այդ լեզուներով ամէն օր հասու կը դառնամ վտանգին. առանց անոր ինչպէ՞ս գրել։
     Լեզուն միշտ կը խօսի ուրիշ լեզու մը եւ իր իսկական ու խոտորող զօրութիւնը հոն է որ կը բանի այնպէս որ այդ ուրիշը կը թուի տարօրէն ծանօթ։ Ոչ
թէ լեզու, այլ լեզուներ։
     Լեզուն մարմնաւորուած բանն է, այլեւս ենթակայ՝ դէպքին, դիպուածին, մտածումին, ապականութեան ու աղէտներուն։ Զգայուն մարմին՝ ուր լռութիւն մը միշտ կ՚ոգորի ու կը պահէ ինքզինք ամէն բացման ծալքէ։
     Լեզուէս լեզուդ՝ բերան, շրթներ, հպում, շօշափ, շունչ, հեւք, հեծք, կշիռ ու դադար, տուրեւառութիւն անդադար, թրթռացման ալիք, հաղորդում նախքան որեւէ հաղորդակցութիւն, նախքան որեւէ կցում, շաղաշարժում, կանչ ու ճիչ այնքան խորէն որ կը մնան լուռ ու խուլ, եւ ամէն ցանկութիւն կ՚ուզէ դառնալ ոչ թէ խօսք որ զայն աւարտէր, այլ առկախում մը խառնաշփոթ խրպոտութեան մը մէջ, ուրկէ նշանակութիւնը վանուած է, արտաքսուած է շատոնց կամ տակաւին չէ եղած այնտեղ։ Նշանակութիւնը միայն մէկ մասն է լեզուին, անկէ դուրս, անոր ցանցերէն անդին։ Նշանակութիւնը չկայ։
     Բոլոր լեզուներն ալ, զիրենք կրող, ոտքի պահող Աքիլլէսի կրունկի մը պէս, ունին իրենց անբարբառները, միշտ տարբեր իրարմէ, ինչպէս տարբեր են լեզուէ լեզու բաղաձայններու, ձայնաւորներու գոյնը, դրոշմը, լայնքը, բացուածքը, արտաբերումը։ Անբարբառը գրելուն հորիզոնն է, անոր փորձութիւնը, անոր կենարար սպառնալիքը։ Անոր աներեւակայելի ուրիշը։ Ատոր համար գուցէ գրելը հնարաւոր կը դարձնէ շնչելը, խօսիլը, սիրելն ու ըսելը։
     Լեզու յոգնակի, այն որ կը սորվիմ անդադար, կարծես պէտք ըլլար միշտ թափանցել խորութեան մը որուն գոյութեան չեմ հաւատար, բայց որ կը քաշէ
զիս իրեն, ակամայ, այն որ կը կրէ զիս ինչպէս քաղաքը հանգոյց մըն է քաղաքներու, տեսակ մը անհուն տողանցք, թաւալ մը պաստառներու, ետեւ ետեւի, ուր մարդ կը կարծէ կորսնցնել աշխարհը, որ կը թուի երեւակայական, վիպային, պատմութիւն մը՝ որ մարդը կը պատմէ մարդուն առաւել կամ նուազ բրտութեամբ. եղեր եմ բազմալեզու, բազմասեռ, բազմահայրենիք, բազմոտանի, բազմաթիւ յղումներով ձայն մը, որուն մէկ երեսը մութ է միշտ։ Այո, իսկապէս կորսնցուցեր եմ ընդմիշտ ճշմարիտը, հասնելու համար ճշմարտութեան մը, միայն ճշմարտութեան, ան ալ որքա՜ն երկդիմի։
     Ամբողջ ճամբորդութիւն մը մութին մէջ՝ հասնելու համար անունի մը, ոդիսական մը գրեթէ՝ երբ կը դիմեմ այն տեղը ուրկէ մեկներ եմ նոյն ատեն, առանց իսկապէս մեկնած ըլլալու, անուն մը որ կարծես պէտք է ստեղծէ պատրանքը թէ կար, վաւերապէս կար, եւ ես ուրիշ բան չեմ ըրած եթէ ոչ զայն յայտնաբերած կրկին, ինչպէս տող մը, քերթուած մը՝ արդիւնք տեւական մտմտուքի, որոնց աւարտին այն տպաւորութիւնը կ՚ունենամ որ ատոնք ապրեր են երկար ատեն, պտտեր, զիս դարձուցեր են իրենց բնակութեան վայրը, ամբողջ ուղեւորում մը դէպի ձայն մը, թրթռացող, կարծես ինքնածին ու անպատկեր եւ որ կը ստիպէ ինծի ականջ դնել տակաւին չեկած դէպքի մը փառքին, որ դարանակալ կը սպասէ լեզուաւորուելու համար։

                                                                                                                                                                                                                                                                     Կատարել լեզուն։

                                                                                                                                                                                                                Հատուած՝ «Ընդառաջում» անտիպ հատորէն

                                                                                                                                                                                                                                       ԾԵ. ՏԱՐԻ, 2016 ԹԻՒ 1-2

 

Վեհանոյշ Թեքեան
յաջորդ
ՍԱՂՄՈՍՔ