ՁԻ ՄԸ ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ

1867-1936։ Իտալացի թատերագիր, բանաստեղծ ու արձակագիր: ԺԹ. դարու բնապաշտ, թշուառութեան վրայ ողբացող գրականութենէն (Զոլայէն Տոսթոյեւսքի ու Տիքընզէն մինչեւ Զօհրապ) զատուելով՝ գրական հաւատամք մը մշակած է Umorismo անունով: Իր հերոսներուն չի մեղքնար ու ոչ ալ ընթերցողին ափսոսանքին կը յանձնէ, այլ թշուառութեան եւ յուսաբեկութեան մէջ
զաւեշտալին կը փնտռէ, կը գտնէ ու ցաւագին ժպիտ մըն ալ կը կորզէ մեզմէ:

Թարգմանիչ

     Ափրիկեան ծովուն վերեւ առկախ, ճաթռտած ապառաժներով եզերուած, ամրան արեւներէն կիզուած կաւէ այդ սարահարթը տխուր էր Սեպտեմբերին հնձուած խարկուած ծղօտով ծածկուած: Դարաւոր ձիթենի մը ու հոս-հոն քանի մը նշենի կը կենդանացնէին մեռեալ այդ բնապատկերը:

     Սակայն վճռուած էր, որ նորապսակները անցընեն հոս իրենց մեղրալուսինի առնուազն առաջին օրերը:

     Անիկա անհրաժեշտ էր փեսացուին սիրոյն:

     Ամայի հողերուն մէջ կորսուած հնամենի առանձնատան մէջ տեղի ունեցած հարսանեկան կոչունքը հրաւիրեալներուն համար տօնական չերեւցաւ։

     Ոչ մէկը կրցաւ յաղթահարել շփոթը ի տես փեսացուին արտաքինին ու մանաւանդ՝ շարժուձեւին: Հազիւ քսաննոց երիտասարդ մըն էր՝ գիրուկ, խարտեաշ ու արիւնով լեցուն դեղձի պէս նուրբ թաւիշէ երեսներով: Պզտիկ սեւ աչքերը կը պտըտէին խելակորոյս ասդին-անդին առանց ըմբռնելու շուրջը կատարուածը: Ո՛չ կ՚ուտէր, ո՛չ ալ կը խմէր, այլ երթալով կարմիր կը կտրէր, իսկ իր աչքերը հետզհետէ կը պզտիկնային ու ալ աւելի կը շողային:

     Ամէնքը գիտէին, որ խելակորոյս սէրէ մը բռնուած՝ պատանին ինչե՜ր ըսես ըրած էր, անձնասպանութիւն ալ փորձելով՝ կնութեան առնելու համար աղջիկը որ հիմա քովը նստած էր: Պերարտի հարուստ ու հնամենի գերդաստանին միակ ժառանգն ամէն բան դրած էր ընդամէնը մէկ տարի առաջ Սիկիլիա պաշտօնի կոչուած գնդապետի մը մէկ հատիկ դստեր ոտքին տակ: Սակայն եկուր ու տես որ կղզիի բնակիչներուն դէմ նախապաշարուած աննշան այդ գնդապետը պիտի զլանար իր օրհնութիւնը տալ այդ պսակին, իր աչքին լոյսը չձգելու համար հոս, վայրենիներով շրջապատուած:

     Կոչնականներու զարմանքը ի տես փեսացուին տեսքին ու ընթացքին կ՚աճէր՝ շեշտելով անոր ցայտուն հակադրութիւնը մատղաշ հարսնցուին: Դեռատի աղջնակ մըն էր տակաւին, շնորհալի, թարմ, տարաշխարհիկ, որ աշխոյժ շաղակրատանքի պոռթկում ներով վանել կը ջանար ամէն մտավախութիւն, որ թէ՛ վայելուչ էր, թէ՛ միամիտ, թէ՛ խորամանկ միանգամայն: Խորամանկ, ինչպէս երբեմ ն կ՚ըլ լան անփորձ պարմանուհիները: Պզտիկուց մօրմէ որբ մեծցած՝ իսկոյն ակներեւ կը դարձնէր որ պսակը կանխահաս էր: Որոշ պահու մը, ճաշին աւարտին, հիւրերը սառեցան ի լուր անոր մէկ բացագանչութեան՝ ուղղուած ամուսնոյն.

     – Աստուած իմ, Նինօ, ինչո՞ւ աչքերդ այդչափ կը պզտիկնան։ Ոչ, ձգէ՛ զիս, կ՚այրիմ, ձեռքերդ կ՚այրին, հայրիկ, դպի՛ր, իր ձեռքերը կ՚այրի՛ն: Չըլլայ տենդ ունիս:

     Փուշերու վրայ նստած՝ գնդապետը կը սպասէր կոչնականներու ժամ առաջ ցրուելուն: Այո, վերջ տալու համար այդ տեսարանին, որ իրեն անվայել կը թուէր: Ամէնքը վեց կառքերու մէջ տեղաւորուեցան: Մէկուն մէջ ալ՝ գնդապետը փեսային մօր հետ՝ իրեն պէս այրիացեալ: Եւ այդ կառքը՝ միւսները առջեւ ձգած՝ սկսաւ քալել կամացուկ, քանի որ նորապսակ զոյգը կ՚ուղեկցէր իրեն հետիոտն՝ փեսացուն մօրը ձեռքը բռնած, հարսը՝ հօրը, մինչեւ ճամբաբաժանը, ուրկէ հեռաւոր քաղաքը տանող մայրուղին կը սկսէր: Գնդապետը հակեցաւ դստեր գլուխը համբուրելու համար ու հազալով փեսային մրմնջեց.

     — Մնաս բարով, Նինօ:
  
     — Մնաս բարով, Իտա, — ժպտեցաւ սկեսուրը վերէն, եւ կառքը թափն առաւ՝ հասնելու յառաջ ինկած միւս կոչնականներուն:

     Նորապսակները պահիկ մը կեցած մնացին՝ նայուածքներով ուղեկցելով իրենց ծնողքը: Իրականին մէջ սակայն Իտան է միայն, որ իրենց կը հետեւէր, որովհետեւ Նինոն ոչինչ կը տեսներ ու ոչինչ կը զգար՝ աչքերը յառած կնոջը, որ միս մինակ իրեն հետ մնացած է՝ բոլորովին իրենը… Ի՞նչ կար սակայն: Կու լա՞ր:   

     — Հայրիկը…. — ըսաւ Իտա, թօթուելով հրաժեշտի թաշկինակը. — Տեսա՞ր… ինքն ալ…:

     — Դուն չլաս սակայն, Իտա…. Իմին Իտաս…. — մրմջնեց, գրեթէ փղձկելով Նինօ, փափաքելով համբուրել զինք՝ մարմինը դող ելած:

     Իտա յետ մղեց զինք.

     — Ո՛չ, ձգէ…. հաճիս….

     — Կ՚ուզեմ աչքերդ սրբել….

     — Շնորհակալ եմ, սիրելիս, ինքս սրբեմ…:

     Նինօ տնկուեր էր առջեւը՝ անձեւ, եղկելի ու կիսաբաց բերնով: Իտան աչքերը սրբեց լմնցուց ու հարցուց ամուսինին.

     — Ի՞նչ ունիս…: Ամբողջ մարմինովդ կը դողաս…: Աստուած իմ, ո՛չ, Նինօ, մի՛ կենար ասանկ առջեւս, չըլ լայ խնդամ…: Որ խնդալս բռնէ զիս՝
պիտի չթողու: Կեցի՛ր, քեզ արթնցնեմ:    

     Եւ ձեռքերը ամուսինին քունքերուն վրայ թեթեւօրէն դնելով՝ աչքերուն փչեց: Այդ հպումէն, այդ շուրթերու շունչէն՝ տղան տատանեցաւ եւ ծունկի վրայ փլաւ. կինը սակայն նեցուկ կեցաւ իրեն՝ քրքիջ մը արձակելով:

     — Փողոցին մէջտե՞ղը: Խենթեցա՞ր: Երթանք, երթանք…: Հոն նայէ, դէպի այդ պզտիկ բլուրը քալենք…: Հոնկէ թերեւս մերինները տեսնենք՝ շատ հեռացած չեն:

     Եւ ամուսինը թեւէն բռնելով ուժով ետեւէն քաշեց:

     Ամբողջ հողերը շուրջը, ուր հատ ու կենտ խոտերը չորցած էին, կը շնչէր գրեթէ հնամենի խիտ տապ մը, որ կը խառնուէր դաշտով մէկ տարտղնուած փտող թրիքի տաք հոտին եւ տակաւին չթոռմած դաղձի եւ եղեսպակի բարկ բուրմունքին:

     Խիտ ու իւղի պէս ծորուն այդ շունչը, բարկ այդ հոտերը տղա՛ն է միայն որ կ՚առնէր: Կինը տանձենիները շրջապատող խիտ ցանկապատերուն, խանձուած ծղօտի խոզաններուն քովէն վազելով, կը լսէր ինչպէս լորամարգերու դայլայլն եւ մտակորոյս լռութեան մէջէն տեղէ մը հասնող գուշակաւէտ աքլորականչը, կը զգար զինք համակող զովաբեր շունչը մօտակայ ծովուն, որ կը շարժէր յոգնաբեկ նշենիներու խանձուած ու դեղնած տերեւներն ու ձիթենիներու մոխրագոյն գանգուր սաղարթները:

     Աղջիկը արագօրէն հասաւ բլուրին գագաթը, սակայն տղան ինքզինք չէր իշխեր այլեւս, կարծես կտոր-կտոր ըլ լալով յոգնութենէն, կ՚ուզէր նստիլ ու կինն ալ նստեցնել իր քով՝ քաշելով իրանէն, սակայն Իտա ազատեցաւ.

     — Ձգէ որ առաջ աչք մը նետեմ:

     Կը սկսէր տագնապիլ ներքնապէս: Ու չէր ուզեր ատիկա ցուցնել: Վրդովուած զարտուղի այդ պահանջքներէն՝ չէր ուզեր, չէր կրնար կարծր ըլլալ, սակայն կ՚ուզէր փախչիլ, ժամ առաջ, վազել հեռանալ, աւելի հեռանալ, ցնցելով ամուսինն ու ցնցելով ինքզինք, քանի դեռ օրը իրիկուն չէր եղած:

     Իրենց կեցած տեղէն անդին կը տարածուէր անծայրածիր հարթավայր մը, համակ ծով մը հնձուած խոտին՝ տարտղնուած խանձուած բիծերով: Համապարար այդ դեղնութենէն կը ցատկէին հատ ու կենտ կապարենիներն ու մատուտակի ցցուն փունջերը: Բոլորովին հեռու, կարծես դեղին այդ ծովու հանդիպակաց ափին կ՚երեւէր գիւղական տնակի մը կտուրը՝ բարձրուղէշ սեւ թմբիներով շրջապատուած:

     Իտա փափաքեցաւ հոն երթալ ամուսինին հետ, դէպի այդ տնակը: Որչա՞փ պիտի տեւէր ճամբան: Մէկ ժամ, թերեւս քիչ մը աւելի…: Հազիւ հինգն էր ժամը: Իսկ տունը սպասաւորները տակաւին կարգի կը դնէին ամէն բան: Մութը չկոխած վերադարձած պիտի ըլլան:

     Ուզեց Նինոյին նեցուկ կենալ, ձեռքերով վե՛ր քաշել, ոտքի հանեց եւ վազեց բլուրին լանջն ի վեր, դէպի չոր ցօղուններու ծովը՝ ճկուն ու առոյգ եղնիկի պէս: Տղան, աղջկան ետեւէն հասնելու անկարող՝ աւելի ու աւելի կարմրած, քրտնած ու հեւքոտ՝ կնոջ անունը կը կանչէր փափաքելով որ իրեն ձեռքը տայ…:

     — Գէթ ձեռքդ տուր, ձե՛ռքդ, կը թաւալէր պոռչտալով:

     Եւ մէկէն անշարժ կեցաւ, ճիչ մը արձակելով։ Կինը կայնեցաւ տեսնելով իր առջեւ գռգռացող ագռաւներու սեւ ամպ մը: Այնուհետեւ ճիշդ առջեւը սատկած ձի մը գետինը փռուած էր: Սատկա՞ծ: Ոչ, սատկած չէր։ Աչքերը բաց էին: Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ աչքեր։ Կմախք մըն էր՝ ցցուած կողերով ու ոսկրուտ սրունքներով:

     Նինոն հասաւ ուժասպառ հեւալով:
     
     — Երթանք հոսկէ, իսկոյն: Ի՞նչ կը նայիս: Դառնա՛նք, դառնա՛նք տուն:
     
     — Ողջ է, նայէ, պոռաց Իտան հալող սրտով, գլուխը կը վերցնէ: Աստուած իմ, աչքերո՛ւն նայէ, Նինօ:

     — Այո, ըսաւ տղան հեւալով։ Հոս հասած են ձին հոս ձգելու…: Ձգէ, երթանք հոսկէ: Ի՞նչ միտք ունի…: Հոտը չե՞ս առներ:

     — Իսկ ագռաւնե՞րը, բացագանչեց կինը սարսափահար: Կ՚ուզես որ զինք ողջ-ողջ յօշոտե՞ն:

     — Իտա, գթութի՜ւն, – պաղատեցաւ ինք ձեռքի ափերը իրարու մօտեցուցած:

     — Նինօ, կը բաւէ, պոռաց կինը, նուաստացուցիչ այդ աղաչանքէն սրտնեղած։ Պատասխանէ՛՝ իսկ եթէ ողջ-ողջ ուտեն զի՞նք։

     — Ինչո՞ւ ինծի կ՚ըսես՝ ուտեն թէ չուտեն: Պիտի սպասեն որ…:

     — Որ հոս մեռնի անօթի ու ծարա՞ւ, աւելցուց կինը՝ կարեկցանքէն ու պժգանքէն ծամածռելով։ Որովհետեւ ծե՞ր է: Որովհետեւ գործ տեսնել չի՞ կրնար: Խեղճ կենդանի: Սարսափելի՜ է: Ի՜նչ ամօթ: Ի՞նչ սիրտ ունին այս չարագործները: Սիրտ չունի՞ս դուն հոս:

     — Ներէ, ըսաւ տղան բոլորովին փոխելով եղանակը, դուն անասունի մը համար այդչափ կարեկցանք կը զգաս…

     — Պէտք չէ՞ զգայի:

     — Սակայն զիս չե՛ս մեղքնար:

     — Դուն անասո՞ւն ես: Թերեւս սովամա՞հ կ՚ըլ լաս կամ ծարաւէն կը մեռնիս, որ քեզ անապատին մէջտեղը նետած են…: Մտիկ ըրէ, նայէ՛ այս ագռաւներուն, Նինօ, վրան կը դառնան… Ի՜նչ սարսափելի է, ամօթալի, հրէշաւոր…: Նայէ՛ խեղճ կենդանիին… Ոտքի ել լել կը փորձէ: Նինօ, կը շարժի, թերեւս տակաւին կրնայ քալել…: Նինօ, օգնէ ինծի, տեղդ տնկուած մի՛ կենար:

     — Սակայն ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ, պայթեցաւ տղան յուսահատօրէն։ Կ՚ուզես որ գետնի վրայէ՞ն քաշկռտենք, կ՚ուզես որ ուսերուս վրա՞յ առնեմ
շալկեմ: Միայն ձի կը պակսէր մեզի: Ինչպէ՞ս կ՚ուզես որ քալէ, չե՞ս տեսներ որ հոգին բերանն է:

     — Իսկ եթէ իրեն ուտելի՞ք բերենք:

     — Ու խմելիքն ալ չմոռնանք:

     — Ի՜նչ վատասիրտ ես, Նինօ, ըսաւ Իտա արցունքը աչքին:

     Եւ կինը պժգանքը յաղթահարելով հազիւ հպելով սկսաւ գգուել ձիուն գլուխը, որ ճիգով ինքզինք հողէն կտրեց՝ ծալուած ծունկերու վրայ յենլով ու պարզելով, հակառակ նուաստացուցիչ այս օրհասին՝ վիզին ու գլխուն ազնիւ գեղեցկութիւնը:

     Նինօ, թերեւս եռացող արիւնին, թերեւս ալ դառն արհամարհանքին բեռին տակ, կամ ալ վազելէն ու քրտնելէն, յանկարծ սաստիկ դող ելաւ, այնպէս որ ակռաները կափկափելու սկսան, ու ամբողջ մարմինը կը սարսռար: Բաճկոնին օձիքը տնկեց եւ ձեռքերը գրպանը թխմելով, մռայլ, յուսահատ ու կծկտած՝ գնաց քիչ մը անդին քարի մը վրայ նստելու:

     Արեւը մայր մտած էր արդէն: Առջեւէն՝ տեղէ մը կը լսուէր կառքի մը դղրդիւնը:

     Ինչո՞ւ անոր ակռաները կը կափկափէին այսպէս: Մինչ ճակատը կ՚այրէր, արիւնը երակներուն մէջ կ՚եռեւեփէր ու սիրտը ականջներուն մէջ կը բաբախէր: Անոր կը թուէր որ հեռաւոր զանգակները կը ղօղանջէին…: Ամբողջ այս տագնապը, դարանակալ կծկումները, կնոջ քմայքոտ սառնութիւնը, քիչ առաջուան վազքը, եւ հիմա այս ձին, անիծեա՛լ այս ձին…: Աստուած իմ, երա՞զ մըն էր ասիկա, մղձաւանջ մը՝ երազին ընդմէջէն, տե՞նդը…: Թերեւս աւելի չարագուշակ ախտ մը…: Ու ի՜նչ մառախուղ է: Թէ՞ աչքերն են պատուած հիմա: Ալ չէր կրնար խօսիլ, չէր կրնար պոռալ…:

     Կանչեց. Իտա՜, Իտա, սակայն ձայնը չէր ել լեր այրող կոկորդէն:

     Իսկ ո՞ւր էր Իտան: Ի՞նչ կ՚ընէր:

     Փութացած էր դէպի հեռակայ խրճիթը՝ ձիուն օգնութեան հասնիլ խնդրելով, առանց խորհելու, որ ճիշդ այդ գիւղացիներն են, որ մահամերձ ձին մինչեւ հոս քաշկռտած են:

     Տղան առանձին մնաց քարին վրայ նստած, գերի՝ զինք համակող յարաճուն տենդին, իրեն վրայ կքած, յոյզերուն հրաբուխը ներսիդին խեղդելով՝ թառած հսկայ բուի մը պէս, ու յանկարծ տեսաւ անկարելի բան մը որ ակնապիշ կը դիտէր զինք: Լուսի՛նն էր, ուրիշ աշխարհի մը ուրիշ լուսին մը, որ կը ծագէր հնձուած խոտերու դեղին ծովուն վերեւ: Եւ պղինձէ այդ ափսէին վրայ սեւ ուրուագիծ մը՝ ձիուն գլուխը, որ կը սպասէր քիչ անդին՝ վիզը ցից, մինչ ագռաւներն իրենց կռինչներով կը դառնային բարձր երկինքին մէջ:

     Երբ Իտան վերադարձաւ յուսախաբ, ստորնութենէն վրդովուած, մտամոլոր ու Նինօ՛ կանչուըռտելով, լուսինը արդէն երկինքի գագաթը ելած էր: Ձին անկենդան փռուած էր, իսկ Նինօ…: Ո՞ւր էր Նինօ: Ահ, հոս է, նոյնպէս գետինը…: Ի՞նչ կը կատարուի հոս: Վազելով մօտեցաւ ու զինք գտաւ խռկացող, երեսն ի վար, գրեթէ սեւ կտրած, ուռած կոպերը պինդ սեղմուած:

     Շուրջը նայեցաւ՝ մարելու մօտ, ձեռքէն վար ձգեց ձիուն տալիք տրցակ մը խոտը…: Նայեցաւ լուսինին, յետոյ՝ ձիուն, ետքը այդ մարդուն,
որ գետինը մերձ ի մահ փռուած էր…: Ու վերահաս ուշաթափութեան մէջէն զգացում մըն ալ խուժեց վրան, որ տեսածը իրական չէ, եւ ան վազեց դէպի վիլլան, բարձրաձայն կանչելով հայրը, հայրը որ զինք հեռու տանէր, Աստուած իմ, հեռո՜ւ խելակորոյս այդ լուսինէն, հեռո՜ւ կռինչներով գլխուն վերեւ դարձող ագռաւներէն… հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ…:

ԼՈՒԻՃԻ ՓԻՐԱՆՏԵԼԼՕ

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 2

յաջորդ
ԼԵԶՈՒՆԵՐ