ԼԱԶԵԱՆ ԵՆՈՎՔ

Ծնած է, մեծցած ու տեւաբար կը բնակի Համացանցին մէջ։ Զինք ճանչցող հատուկենտ անձերը կը վարանին պնդելու որ իրենց տեսած մարդը իրապէս Ենովք Լազեանն էր։ Կը սիրէ մայրամուտը, մթնշաղն ու աղի պանիրը։ Քաֆքայի որոշ գործերը թարգմանած ըլլալ կը կարծէ. սպասենք ու նայինք՝ այդպէ՞ս է արդեօք։ Կը գրէ առաւելաբար մատիտով կամ թաց մելանով։ 

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

1867-1936։ Իտալացի թատերագիր, բանաստեղծ ու արձակագիր: ԺԹ. դարու բնապաշտ, թշուառութեան վրայ ողբացող գրականութենէն (Զոլայէն Տոսթոյեւսքի ու Տիքընզէն մինչեւ Զօհրապ) զատուելով՝ գրական հաւատամք մը մշակած է Umorismo անունով: Իր հերոսներուն չի մեղքնար ու ոչ ալ ընթերցողին ափսոսանքին կը յանձնէ, այլ թշուառութեան եւ յուսաբեկութեան մէջ զաւեշտալին կը փնտռէ, կը գտնէ ու ցաւագին…

Կարդալ աւելին

Նստելիք տեղ մը գտնուեցաւ բարեբախտաբար: Շոգեկառքը սպառնալից արագութեամբ կը լեցուէր, ու եթէ քաղաքավար մնայի եւ աջ ու ձախ չհրէի՝ ամբողջ ճամբորդութիւնս յոտնկայս պիտի անցնէր:
     Դիմացս կեռասի պէս կլոր ու կարմիր շուրթերով տիկին մը նստած էր՝ սեփ-սեւ գանգուրներու թաւուտին մէջ շողացող ադամանդէ գինդերով: Քովը…

Կարդալ աւելին

Աշնան անձրեւոտ օր մը հայրս ինծի նայեցաւ մտահոգ ու ըսաւ.
– Մոռցանք քեզ դպրոց դնել։
Սիրտս փլաւ։ Զիս տեղ մը պիտի դնեն։ Կարծես առարկայ մը ըլլայի։
– Ամբո՞ղջ օրուան համար,- հարցուցի առանց դժգոհութիւնս յայտնի ընելու։
– Մինչեւ կէսօր։
 Հետեւեալ առտու հայրս տարաւ զիս

Կարդալ աւելին

­Ծա­նօթ ըն­տա­նիք մըն ե­նք։ Ըն­տա­նիք ը­սե­լով մեծ մայրս նկա­տի ու­նիմ ու հա­մեստ ան­ձս։ Եր­կու­քով կը բնա­կինք գլ­խա­ւոր պո­ղո­տայէն խիտ պու­րա­կով մը բաժ­նո­ւած եւ հո­ղին ամ­րօ­րէն խրո­ւած հաս­տորմ տու­նին մէջ։
     ­Մեծ մայրս բարձ­րա­հա­սակ ո­սկ­րուտ կին մըն է՝ լա­չա­կին տա­կէն ճակ­տին վրայ գա­հա­վի­ժող հի­նայո­ւած ա­ռատ մա­զե­րով։ Իր ձայնն իշ­խող է ու եր­բեմն չոր, սա­կայն շատ ան­գամ փա­ղա­քուշ…

Կարդալ աւելին

Հանդարտ ու ննջաւէտ մեր թաղին մէջ քիչ փոփոխութիւն կը կատարուի: Բնակիչ­ները գլխանց կը բարեւեն զիրար եւ երբե՜մն միայն խօսքի կը բռնուին: Վաղեմի դրացիներս արդէն իսկ շատ չենք գիտեր իրարու մասին, ուր մնաց վարձակալնե­րը, որոնք աննշմար կը յայտնուին եւ նոյն չափ աննշմար կ’անհետին: Մեզ իրարու կապողը ցրուիչներն են: Ցրուիչը մարդկութեան մասնաւոր տեսակն է՝ օդերեւութաբանօրէն եւ հոգեբանօրէն: Կը տոկայ թէ՛ ձիւն-անձրեւին, թէ՛ ամրան տապին ու կիզիչ արեւուն: Եւ օդի դժնդակ պայմաններուն տակ իսկ կը մնայ մարդամօտ ու սր­տաբաց: Օր մը նոր ցրուիչ […]

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ