Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան միլիոնաւոր բջիջներուն զարնուելով ու մարմնին քարայրը պեղելով ան ընթերցողին կու տայ բանաստեղծութեամբ զգալու եւ մտածելու վայելքը եւ ապրելու ակնթարթի մը մէջ կորսուող կեանքի ամենամտերիմ պահերուն անուշութիւնը ու խորհելու խորհուրդներու խորիմաստ ու քաոսային լինելութեան մասին։
Հաւանաբար, բանաստեղծին մաքուր, անբռնազբօսիկ տողերն են որոնք կը ներշնչեն ընթերցողը եւ կը մղեն զինք որ սիրահարի բանաստեղծելու արուեստին։ Վերջիվերջոյ ի՞նչ կը փնտռենք գրականութեան մէջ։ Լեզո՞ւ, մի՞տք, մարմի՞ն…գուցէ այն բոլորը որոնք ժամանակին եւ վայրին մէջ մեզ հաստատուն կը դարձնեն եւ կը համոզեն որ «անզօրութեան կծկում»ներուն դիմաց կարելի է նորէն «մոլեգնօրէն բռնկիլ», «չքայքայուիլ» «չփտիլ» ու «կուլ չերթալ մռայլօրէն սադուռնական ընդերքին»։ Արմենեան կը յաջողի մարմինն ու արիւնը բանաստեղծութեան վայրի անսահմանութեան վերածելու եւ ընթերցողին տալու մտքի թելերով գրականութեան մէջ առհաւութեան տարածքներ բանալու կարելիութիւնը։
Ես այն մարդն եմ
որ այժմ խուլ՝
կարօտն ունի իր ճիչերուն
ու կը սոսկայ լռութենէն
ինքնիր մարմնէն
ու կը ոռնայ
լեղապատառ
իր սոսկումէն
Այս տողերով կը բացուի ձեր Մարմին եւ արիւն բանաստեղծական առաջին հատորը, որ լոյս տեսած է 1970ին, Պէյրութ, Ահեկանի մատենաշարէն։ Կը մէջբերեմ, առնուազն ինծի համար, այս շատ տպաւորիչ եւ ներշնչող տողերը, հարցնելու թէ այսօր ի՞նչ փոխուած է խուլ, իր ճիչերուն կարօտով, լռութենէն սոսկացող եւ սոսկումէն լեղապատառ բանաստեղծին մէջ։
Նախ խոստովանիմ, որ աւելի քան կէս դարու հեռաւորութենէն խօսող այս փոխաբերութիւնը այսօր կը կարդամ որոշ զուարթամտութեամբ եւ իրականութիւններու անխուսափելի անդրադարձո՛վ։ Այդ օրերուն, ես չունէի մղձաւանջը լսողութեան կորուստին եւ շատ հեռու էի գիտակցելէ զգայարաններու իսկական կշիռին մարդ արարածի կեանքին մէջ։ Այսօր գիտեմ, թէ անոնք ինծի չեն պատկանիր…Անոնք տրուած են ինծի ժամանակաւոր կարգադրութեամբ, ինչպէս կեանքը…Քու յառաջացած տարիներուդ գիւտերն են ասոնք։ Այն իսկ գիւտե՛ըը՝ որոնց իսկութիւնը կը բացայայտուի կորուստին մէջ։
Լռութիւններ կան, որոնք աւելի հզօր են քան կենդանի խօսքը, որ պէտք է ապաւինի բառերու յայտնագործութեան, որոնք միշտ չէ որ կատարեալ են։ Այս լռութիւնները չեն, որ վախցուցած են զիս։ Զիս կը վախցնէ այն միւս լռութիւնը՝ որ վախճանն է ապրումին. այն՝ որ ներքին բանտն է. ներքին ամայութի՛ւնը։ Հոն մարդը վերջ կը գտնէ։ Ես այդ սարսափը միշտ ունեցած եմ, քանի որ կեանքը լայն չափերով մեր հակակշռէն դուրս կը գտնուի եւ աղէտը – ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային – կրնայ գալ որեւէ ձեւով եւ որեւէ ժամանակ եւ լռութեան դատապարտել մարդը։ Մեր խնդիրն է հնոցը վառ պահել ամէն գնով։ Եթէ յաջողինք, կը նշանակէ, թէ յոյս կայ բանին համար որ էր ի սկզբանէ, բայց որ պէտք է վերածնի մարդու որդիի մտաւոր երկունքէն…
Այս առումով, կը զգամ, որ իմ գիտակցութեան մէջ փոխուած է մէկ շատ կարեւոր հանգամանք։ Փոխուած է իմ մէջ ժամանակի զգացողութի՛ւնը…Երիտասարդ քերթողը կ՚ապրի ժամանակ ունեցողի – թէկուզ պատրանային – պերճանքով։ Կ՚ապրի անփոյթ եւ «ազատ»։ Կ՚ապրի դրախտի կանոններով։ Ապառիկ ժամանակով ապրելու գիտակցութիւնը կու գայ աւելի ետք եւ նոր իմաստ կու տայ ստեղծագործական արարքին։ Ան իր անվիճելի կնիքը կը դնէ տիեզերքի հետ մեր համակեցութեան բոլոր եզրերուն վրայ։
Ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը ծնին ձեր բանաստեղծութիւնները։ Կամքի ո՞ւժն է որ կը մղէ ձեզ երկար տարիներ փարելու բանաստեղծական արուեստին, կամ՝ երեւակայութիւնը, միտքը… մէկ խօսքով ինչո՞ւ բանաստեղծութիւն կը գրէք։
Ինչո՞ւ կը գրեմ եւ ինչո՞ւ բանաստեղծութիւն։ Ամբողջ կեանքի մը փորձով եկած եմ այն եզրակացութեան, որ ԲԱՆ ստեղծելու արարքը, իր էութեան մէջ, խղճի խնդիր է։ Այսինքն՝ յանձնառութեա՛ն։ Բայց յանձնառութիւն հանդէպ որո՞ւն։ Յաղագս ի՞նչ բանի…Հոս հարցերը կը բարդանան։ Կարելի է պատասխաններ յօրինել, բայց ի վերջոյ բոլոր բացատրութիւններն ալ կը մնան մակերեսին վրայ։ Լուսահոգի Որբունին կ՚ըսէր՝ «Ես չեմ, որ կը գրեմ. գիրն է, որ ինքզինքը կը գրէ…» Փորձած եմ զինքը տանիլ այս խորհրդաւոր բառերէն անդին եւ ան ի վերջոյ վերադարձած է նոյն բանաձեւին։
Բանաստեղծութիւնը տարօրինակ գոյավիճակ մըն է։ Երբ վերջին տողը կը գրեմ եւ վերջին բառը իր թիրախը կը գտնէ, ուրախութեան անխոստովանելի պահ մըն է այդ պահը։ Բայց նաեւ այդ պահուն իսկ կը զգամ ահռելիօրէն պարպուած։ Ինծի կը թուի, որ վերջին վկայութիւնը դրած եմ պատին եւ դադրած եմ ըլլալէ։ Ինքնայատուկը, որ ծնած էր մէջէս – եւ ապրեցաւ ակնթարթի մը խենթութեամբ – եւ հաւատաց ինքզինքին, հաւատաց իր ուժին, զիս ապրեցուց իր մոգականութեամբ եւ յանկարծ անյայտացաւ։ Յանկարծ չկա՛յ։ Մեռա՞ւ, թէ՞ յարութիւն առաւ…Եւ ո՞ւր է իր կայարանը անհասկնալի այս տիեզերքին մէջ։
Քերթողական արարքին երկսայրաբանութիւնը (dilemma) ես կը հասկնամ հետեւեալ բարդութեամբ։ Երբ խոհը կը կուտակուի մէջս եւ վերստին կը սկսիմ գրել, գիտեմ, թէ իմ ընթացիկ իրականութենէս անդին գտնուող ուրիշ մըն է, որուն պահ մը շնորհուած է երանութիւնը իր/իմ իսկական ինքնութիւնը ըլլալու…Այդ ուրիշը ես եմ այդ պահուն։ Տեղի ունեցած է մոգական միաձուլում երկու եսերու միջեւ ծնունդ տալով նոր ամբողջի մը եւ այդ նոր եսը կը գտնուի ալիքին գագաթը եւ ալիքին ուժին միախառնուած…Ասիկա պա՛հ մըն է միայն՝ որմէ սակայն պէտք չէ խաբուիլ։ Պէտք չէ շփանալ։ Բայց մանաւանդ ՝ յաւակնիլ բանաստեղծի աշխարհական կոչումին։ Դուն մտար էութեան սահմաններէն ներս վերին արտօնութեամբ։ Պահ մը արտօնուեցա՛ր։ Մի յաւակնիր ոտքիդ տեղ շինել…Այդ տեղերը Աստուծոյ բնակարանն են։ Դուն արտօնուեցար այցելելու։ Դուն հիւր էիր…
Ո՞ր գրողները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ձեր վրայ եւ ժամանակի ընթացքին փոխուա՞ծ են այդ անունները։
Ազդեցութեան խնդիրը դժուար է դատել։ Բնական է, որ ամէն գրող, իր կեանքի այլ գործօններու կողքին, նաեւ կը կազմաւորուի իր սրտին հարազատ գրականութեամբ եւ այդ գրականութիւնը ստեղծող գրագէտներու ոգեղէն հաղորդութեամբ։ Իմ կեանքիս մէջ, մեծ տեղ ունեցած են Սասնայ Ծռերու մեր դիւցազնավէպը, Խորենացին, Հոմերոսը, Տանթէն, Շէյքսպիրը, Պօտլէռը, Քազանծաքիսը, Շանթը, Կոստան Զարեանը, հօրս եւ մօրս հոգեմօտ խորհրդածութիւնները կեանքի ամէնօրեայ կնճիռներուն մասին։ Բայց նաեւ Մեծարենցը, Վարուժանը, Սիամանթոն, Թումանեանը, Տէրեանը։ Այսինքն յաճախ բնազդներով – եւ աւելի շատ՝ յայտնատեսութեամբ (intuition) – փնտռուած հոգեսնունդը, որ գրականութիւն կը կոչուի։ Յաճախ երբ կը կարդամ ինծի սիրելի էջեր, այն տպաւորութեան տակն եմ, որ ե՛ս կամ հոն…Եղած եմ քերթողին հետ, երբ կը ծնէր տողը։ Ընթերցանութեան այս տեսակն է, որ կը հարստացնէ քեզ իր ներքին աւիշներով, որոնք կը մտնեն քու երակներէդ ներս եւ կը խմորուին քու քերթողական ինքնութեանդ հետ։
Կրնամ յիշել այստեղ այն հեղինակները, որոնք այսօր «օրակարգ»իս վրայ են։
Տեղի սակաւութեան պատճառով, մեր տան գրադարանները բեռնաւորուած են գրքերու երկշարք եւ յաճախ եռաշարք դիզուածքով։ Acid testը, այս պարագային, կը կայանայ այն փաստին մէջ, թէ որո՞նք են առաջին շարքին վրայ տեղ գրաւող գրքերդ…
Խօսելով հայ բանաստեղծութեան մասին միայն, այսօր ես կը փնտռեմ Նարեկացին, Մեծարենցը, Վարուժանը, Սիամանթոն, Տէրեանը, Չարենցը, Զահրատը, Սարաֆեանը։ Անշուշտ կայ երկրորդ շարք մը, որուն մաս կը կազմեն բազմաթիւ սիրելի եւ նուիրական անուններ Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն։ Կան նաեւ անոնք, որոնց հետ իմ կապս ամէնօրեայ է եւ որոնց հետ ամէնօրեայ խօսքով կը բաժնեմ բանաստեղծութեան մեր հոգեւոր տարածքը։ Անհունօրէն կ՚ուրախանամ, երբ յանկարծ գրչի հոգեկիցներէս մէկնումէկը հանճարեղ տող մը կը դնէ թուղթին։ Ես ինքզինքս կը գտնեմ հոգեծնունդի այդ հրաշազան արարքին մէջ։
Պէտք է աւելցնեմ, որ իմ սերունդս – եւ մեզ նախորդող սերո՛ւնդը – անցաւ Վահան Թէքէեանի դպրոցէն։ Կը յիշեմ շատ խոստումնալից անուններ, որոնք կրկնեցին թէքէեանական տողը եւ չկրցան ձերբազատիլ անոր հմայքէն։ Նոյնն էր պարագան Յակոբ Օշականի՝ արձակագիրներու դաշտին մէջ։ Ես գրեցի իմ առաջին հրատարակուած բանաստեղծութիւններս իմ համալսարանական ուսման տարիներուն, երբ եկած էի Ամերիկա ուսանելու։ Եւ այդ կէտին վրայ իմ աշխարհս յետպատերազմեան համաշխարհային քերթողական շարժումն էր եւ յատկապէս Նիւ Եորքի ստեղծագործական կաթսան։ Իմ կարծիքով, այդ մեծ աշխարհին հետ մեր ընդհանրութեան առաջին յայտարարը հաստատողը Վահէ Օշականը եղաւ։ Աւելի քան իր նախորդը՝ Սարաֆեա՛նը։ Ես ճանչցեր էի Վահէն դեռ Պէյրութ գտնուած շրջանիս, բայց մեր իսկական փոխ-հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ երկուքս ալ կ՚ապրէինք այս բազմազգ եւ անազգ ովկիանոսի բարդ կենսոլորտին մէջ։
Իմ յիշողութեանս մէջ ձեր անունը, որպէս երիտասարդ գրող, կապուած է Ահեկանին եւ Բագինին։ Գրականութեամբ հետաքրքրուած մեր սերունդը հմայքով կը նայի ձեր սերունդի գրողներուն եւ այդ տարիներուն Պէյրութի գրական շրջանակներուն եւ անոնց ունեցած աշխոյժ կեանքին։ Ի՞նչ յուշ կամ հետաքրքրական դէպք կ՚ուզէք պատմել մեզի այդ օրերէն։
Թէ՛ Բագինի եւ թէ՛ Ահեկանի հիմնադրման տարիներուն, ես արդէն կը գտնուէի Պէյրութի մեր կայքէն հեռու։ Ինչպէս գիտէք, Բագինը լոյս տեսաւ 1962ին, իսկ Ահեկանը՝ 1966ին։ Ասոնք իմ ուսանողութեան տարիներն էին ԱՄՆի մէջ։ Յետագային, ասպարէզիս բերմամբ, իմ ճամբորդութիւններս յաճախ հնարաւորութիւն ընձեռեցին հանդիպելու Պէյրութ եւ գտնելու ընկերներս եւ ըլլալու մեր գրական խօսքի օճախներու մտերմութեան մէջ։ Յատկապէս Ահեկանի հրատարակութեան շրջանին կը յիշեմ մասնակցած ըլլալ խումբի քանի մը ժողովներուն եւ քննարկումներուն։ Այդ հանդիպումները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենային Գրիգոր Շահինեանի տան մէջ, Գրիգորին եւ սիրելի Արաքսիին ջերմ հիւրընկալութեամբ։ Բացի այդ պարագայական պատեհութիւններէն, իմ կապս մեր երկու հանդէսներուն հետ եղած է հեռակայ, բայց հետեւողական։
Յո՛ւշ մը։ Սիրո՛վ։ Պատմեմ վերոյիշեալ երկու հանդէսներու հրատարակութեան նախորդ հանդիսացող Պօղոս Սնապեանի համարձակ մէկ նախաձեռնութեան մասին, որ կը թուի սրբուած ըլլալ մեր հաւաքական յիշողութենէն։
Խօսքս կը վերաբերի Պօղոսի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Միջնաբերդ գրական տարեգրքի հրատարակութեան։ Իմ գրքերուս ներկայ դիզուածքին մէջ, ես չկրցայ գտնել Միջնաբերդի երկու հատորները. հետեւաբար կ՚ապաւինիմ իմ յիշողութեան՝ տարեգրքի մեկնարկի այդ յիշատակելի պահը վերականգնելու ճիգիս մէջ։
Կարծեմ 1956ն էր։ Այդ շրջանին, Պէյրութի գրական բեմերն էին Անդրանիկ Ծառուկեանի Նայիրի շաբաթաթերթը, Համազգայինի Ակօսը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան նոր ճամբայ ելած Շիրակ գրական ամսագիրը Զարեհ Մելքոնեանի խմբագրութեամբ։ Երեքն ալ, այդ կէտին վրայ, անբաւարար էին գրական կեանքի առաջնորդողներ հանդիսանալու։ Այդ օրերուն էր, որ Պօղոսը խորհրդակցութեան հրաւիրեց զիս եւ իմ ճեմարանական ընկերս՝ Սերոբ Երէցեանը, եւ պարզեց գրական տարեգիրք մը հրատարակելու իր գաղափարը։
Մեզի համար դեռ նոր էր գաղափարը եւ ուշադրութեամբ կը լսէինք Պօղոսին խանդավառ եւ պոռթկուն բացատրութիւնները։ Ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէր, թէ ինչպիսի՞ն էր ըլլալու այս – դեռ չստեղծուա՛ծ… – նոր բեմը եւ թէ իրապէս ո՞ւր էր հասնելու ան…Պարզ էր, որ «բերդ»ը արդէն կառուցուած էր Պօղոսին – միշտ անհանդա՛րտ – երեւակայութեան մէջ եւ ան շատ աւելի մեծ էր իր յղացքով, քան անոր տարեգրքային նախաքայլը, որուն աշխատանքներուն մասնակցելու կը կանչուէինք ես եւ Սերոբը։ Նախաձեռնութիւնը – բնականաբար – չունէր պիւտճէ եւ բացարձակապէս զուրկ էր բոլոր տարրական արտադրողական հնարաւորութիւններէն, բայց այդ բոլորը…մանրմասնութի՜ւն էին Պօղոսի յաղթարշաւին առջեւ։ Անոնք արգելք մը չէին, որ Պօղոսը համարձակէր…երազել եւ մեզ ալ վարակէր իր հսկայ ոգեւորութեամբ։ Պէյրութի մեր տաքուկ ածուին մէջ միշտ գտնուած են հայ գրքին լուռ պաշտամունքովը ապրող առեւտրական աշխարհի մարդիկը եւ Պօղոսը գիտէր վարակել նաեւ զանոնք…Պիւտճէն մէջտեղ եկաւ, երբ արդէն մենք Պօղոսի առաջնորդութեամբ եւ ոտքով-ձեռքով լծուած էինք աշխատանքի։
Այդ գործի բովին մէջն էր, որ Պօղոսը առաջարկեց ինծի կարդալ եւ գրախօսել Վահէ Օշականի նոր լոյս տեսած Պատուհանը… «Ուրիշ բանաստեղծութիւն է», ըսաւ, «կարդա՛ եւ յետոյ կը խօսինք»։ Ինք կարդացեր էր եւ գրքին էջերը լեցուցեր՝ իր ընդգծումներով, նշումներով։ Գիրքը արդէն իսկ յոգնած էր անցած ըլլալով Պօղոսին «հարցաքննութիւն»ներէն։ Շուտով պիտի անդրադառնայի, որ ատկէ աւելի խօսուն խորագիր մը չէր կրնար ընտրած ըլլալ Վահէն գէթ ինծի համար այդ օրերուն…Վահէին գիրքը իսկական պատուհան մըն էր նոր բանաստեղծութեան մը վրայ բացուող։ Աշխարհընկալման նոր փորձառութի՛ւն մը։ Կը կարդայի մտքի վերիվայրումներով։ Հոն կար յափշտակութիւն, զարմանք, ընդվզում, կասկած…Յաճախ կրկին ու կրկին կը կարդայի Վահէին տողերը եւ՝ բարձրաձա՛յն։ Ես գրախօսեցի Պատուհանը՝ տող առ տող հարցադրելով ինքզինքս։ Կը զգայի գրքի տողերուն տագնապահար անհանգստութիւնը։ Այսօր կրնամ ըսել – եւ ըսած եմ Վահէին –, որ ես Պատուհանով սկիզբ առնող քերթողական նոր տողը սկսայ իսկապէս իմս ընել, երբ մտեր էի Արեւմուտքի անծայրածիր առանձնութեան մէջ։
Երկար տարիներ ապրելով Ուաշինկթըն, կրնա՞ք ըսել որ ազդուած էք ամերիկեան մշակոյթէն կամ գրականութենէն։ Ինչպէ՞ս։
Քաղաքակրթական հսկայ աւազանի մը կեանքին մաս կազմելով, կարելի չէ խուսափիլ անոր բազմազան եւ ամէնօրեայ պատուաստներէն։ Իմ եւ Վրէժուհիին միասնական փորձառութիւնը բնականօրէն մեզ կապած է մեզ շրջապատող կենցաղային իրականութեան։ Մեր չորս զաւակներէն երեքը ծնած են Ամերիկայի մէջ։ Վերջինը՝ Լոնտոն։ Մեր ութ թոռները ծնած են ու կ՚ապրին հոս։ Ասոնք ուժեղ գործօններ են մարդուս ստեղծագործական կեանքին վրայ։ Նաեւ գոյութիւն ունի ամերիկեան կեանքէն թափանցող լեզուամտածողութիւնը։ Այս իրականութիւնը կարելի չէ եւ պէտք չէ ուրանալ։
Բայց կայ միւս երեսը մեր կեանքին։ Մենք ի յառաջագունէ մերժած ենք այլասերման ընթացիկ կերպարը։ Մենք մերժած ենք զիջիլ մեր ինքնութիւնը մեզ շրջապատող մեծ մշակոյթին։ Մենք ճիգ ըրած ենք սորվելու Արեւմուտքի մեծ մշակոյթէն առանց զայն մերժելու։ Մենք՝ ինքներս գիտակցաբար գծած ենք սահմանը Փաւստոսի յիշած «հայկական հող»ին եւ «պարսկական հող»ին միջեւ։ Եւ ասիկա երբեք հեշտ չէ եղած։ Եղած է ամէնօրեայ մղձաւանջ մը, որուն նայած ենք որպէս մարտահրաւէրի։ Տարիներ շարունակ, մեր ճաշասենեակը եղած է դպրոց մեր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան համար։
Միւս կողմէ, մենք մերժած ենք ազգային կէթթոյի գաղափարը։ Մերժած ենք մեկուսացումը։ Մենք փախուստ չենք տուած ամերիկեան մշակոյթի յառաջացող լաւային առջեւէն։ Մենք՝ ինքներս եղած ենք յարձակող, քննարկող, ընտրող՝ մեծ մշակոյթէն մեզի եկող արժէքային ճնշումներուն դիմաց։ Հաւատացած ենք Սփիւռքի մեր աճելավայրերու զօրութեան եւ մեր բաժինը վերցուցած ենք ընդհանրական պայքարին մէջ։
Ի՞նչ է այս բոլորին հանրագումարը մարդուս ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Այո, իմ բանաստեղծութիւնս, առաջին հերթին, պատասխան մըն է տրուած մեզ հոգեպէս արիւնաքամ ընող աքսորին, որ կ՚ապրի մեր մէջ որպէս յիշողութիւն։ Ես կ՚ապրիմ ազատագրման կռիւին մէջ։ Ասիկա մեր ազգային կացութիւնն է։ Ան մանաւանդ Սփիւռքի կացութիւնն է։ Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ ան ընդհանրական մարդո՛ւն կացութիւնն է, որ կ՚ապրի ինքզինքէն առեւանգուած…Իմ առաջին գիրքս գրուած է Նիւ Եորքի մէջ եւ անքակտելի մասն է այդ դժոխքին։ Աւելի վերջ, գործած ըլլալով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի քաղաքական ներքին բաւիղներուն մէջ, իմ քերթողական մտածողութեան մաս կազմած են կեանքի այն բնազդները, որոնց պէտք ունի մարդը իր ճամբան գտնելու համար։
Բայց նաեւ – ինչպէս բոլոր իմ գրչակիցները Սփիւռքի մէջ – ես մտքով ապրած եմ ու կ՚ապրիմ բոլոր այն տեղերը, ուր մեր էութեան շշուկներն են եւ յատկապէս՝ մեր հայրենի երկրի դեռ չյայտնաբերուած կածանները։ Շատ լայն է մեր հոգեկան կեցավայրը, քանի որ մեր հաւաքական նստուածքը համաշխարհային է այսօր։ Բայց նաեւ նեղ է մեր կեցավայրը, քանի որ ան յաճախ կը սահմանափակուի հայութեան մանրաշխարհով։ Հարցո՛ւմ. ո՞ւր կ՚ապրի Սփիւռքի բանաստեղծը…Շատ բարդ խնդիր մըն է ասիկա։ Կ՚արժէ գրել այս մասին։ Այդ հարցումին պատասխանով կրնայ նաեւ բացայայտուիլ Սփիւռքի գաղտնիքը։
Գրողներու հետ կատարուած հարցազրոյցներ կարդալը կամ ունկնդրելը սիրելի ժամանցներէս մէկն է։ Վերջերս, զանազան գրական ցանցերու վրայ կը հանդիպիմ աշխոյժ քննարկումներու «գրականութիւն եւ քաղաքականութիւն» թեմային շուրջ: Անշուշտ թեման նոր չէ, սակայն գրելը որպէս «քաղաքական աքթ» կամ գրելը որպէս «պատմութեան արխիւագրում» դարձեալ լայն տեղ կը գրաւէ գրողներու քննարկումներու ծիրէն ներս: Անշուշտ խօսքը գեղարուեստական գրականութեան մասին է։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին։ Արդեօ՞ք ձեզի համար գրելը «քաղաքական աքթ» մըն է։
Այն չափով, որ քաղաքական աքթը կը ճգնի լուծել մարդուն գոյութենական խնդիրները, կարելի չէ ուրանալ անոր տեղը ստեղծագործութեան մէջ։ «Քաղաքականութի՛ւն», կ՚ըսէ Կոստան Զարեանի հերոսը Բանկօօպին մէջ, «այո՛, բայց Արիստոտէլեա՛ն իմաստով…»։ Այսինքն երբ անհատն ու համայնքը իրենց առջեւ դրած են Սոկրատի «ճիշդ ապրելու» յանձնառութիւնը։ Երբ համայնքի գոյատեւումը կապուած է ո՛չ միայն անոր ֆիզիքական պահանջներու գոհացման, այլ նաեւ – այլ մանաւա՛նդ – անոր բարոյական կեանքի որակին։ Երբ համայնքը կը հաւատայ, թէ ունի բարոյական ուժը մարդուն ներքին կեանքի հակասութիւնները հաւասարակշռելու եւ ի վերջոյ հարթելու։
Բայց կարեւոր է չշփոթել գեղարուեստը հրապարակագրութեան հետ։ Այն, ինչ որ կը պահանջուէր գեղարուեստագէտներէն խորհրդային կարգերու տակ, անարգանք էր գրողին կամ արուեստագէտին ստեղծագործական առաքելութեան։ Հակառակ այդ կաշկանդումներուն, բանաստեղծութիւնը յաղթանակող դուրս եկաւ։ Ան յաղթանակեց, քանի որ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ կասեցնել քերթողական ներշնչման ազատ ընթացքը։ Ոչ իսկ մահուա՛ն ուժը։ Վկա՛յ՝ Դուրեանն ու Մեծարենցը։ Վկա՛յ՝ Վարուժանը՝ որ շարունակեց ստեղծագործել գերութեան մէջ մինչեւ իր մահուան օրը։
Եւ սակայն պէտք չէ խախտել մէկ ոսկեայ պայման։ Բանաստեղծը պիտի խօսի ու գործէ բանաստեղծութեան զինարանով, երբ ծնունդ կու տայ իր քերթողական տողին։ Կարելի չէ դաւել այս կանոնին։
Պաղեստինցի ժամանակակից գրողներու գործերը կարդալով, օրինակ՝ Նաժուան Տարուիշի, կ՚անդրադառնամ որ անոնք հետամուտ են ո՛չ թէ ուղղակի իրենց քաղաքական դատը ներկայացնելու կամ անպայման խօսելու կորսուած երկրի մը մասին, այլ կեդրոնանալու իրենց սփիւռքեան ինքնութեան վրայ, որուն մէջ անուղղակիօրէն կամ ուղղակիօրէն կը մտնեն հողային հարցերը եւ այլն։ Ինչ կը խորհիք, արդեօք սփիւռքեան մեր այսօրուան գրականութիւնը կ՚արտայայտէ՞ սփիւռքեան ինքնութեան խնդիրները։ Եթէ այո, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։ Եթէ ոչ, դարձեալ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։
Նաժուան Տարուիշէն շարք մը բանաստեղծութիւններ կարդացած եմ եւ յատուկ ըմբոշխնումով։ Բայց կը ցաւիմ, որ մօտէն ծանօթ չեմ պաղեստինեան գրականութեան։ Պաղեստինցի ընկերներու հետ իմ խօսակցութիւններս տարիներու ընթացքին զիս համոզած են, որ պաղեստինցի մարդը հետզհետէ կը մտնէ հայ մարդու գոյութենական կացութեան մէջ։ Տարագրութիւնը ժամանակաւոր վիճակ չէ այլեւս։ Ան գոյավիճակ է իր ներքին հոգեբանական պահանջատիրութեամբ, որուն հետ պիտի ապրի տարագրութեան մէջ ծնած սերունդը։ Ապրիլ ժառանգութեա՞մբ, թէ…ապրի՛լ։ Ինչպէ՞ս կը կողմնորոշուի անիրաւուած անհատը ինքնիր կացութեան հետ դէմ յանդիման։
Սփիւռքի մեր գրականութիւնը ծանր հարուածներ կրեց։ Քանի որ Սփիւռքի քաղաքական հողը ենթարկուեցաւ մէկէ աւելի վերիվայրումներու։ Սփիւռքը նոր սկսած էր ձեւաւորուիլ որպէս ինքնուրոյն անհատականութիւն, երբ մէկը միւսին ետեւէն մարիլ սկսան հայրենամերձ Սփիւռքի օճախները։ Գրականութիւնը, որ իր նոր հողը կը փնտռէր, կրկին եղաւ արմատախիլ եւ «ապաստանեցաւ» Արեւմուտքի ոստաններու ապահովութեան։ Եւ, անշուշտ, պէտք է ընդգծել գրական կեանքով ապրող մարդուն աստիճանական փոշիացումը ամէնուրեք։
Այսօր ունինք երկու գրականութիւն Սփիւռքի մէջ։ Առաջինը «հին խօսք»ն է, որ իր դիեցումը ստացած է հայրենամերձ Սփիւռքի օճախներէն եւ կը յամառի մնալ պատնէշին վրայ։ Երկրորդը «նոր խօսք»ն է, որ անիշխանական ծիլեր կ՚արձակէ ամէն կողմէ…Հարցո՛ւմ. Սփիւռքի մեր գրականութիւնը կ՚արտայայտէ՞ սփիւռքեան ինքնութեան խնդիրները։ Ես կը ջանամ հեռու մնալ ընդհանրացումներէ։ Այնուամենայնիւ հարցումը շատ տեղին է։ Պիտի ըսեմ, որ մեր ինքնութեան խնդիրները (որպէս տարերային նստուածք) ներկայ են Սփիւռքի գրականութեան մէջ, բայց գրական բեմը շատ հեռու է այդ տագնապին հրաբխային խառնարանը ըլլալէ։ Թերեւս այն պատճառով, որ Սփիւռքը ազդու գրական բեմ չունի այլեւս…(Բագինը միակ կենդանի մարտկոցն է այսօր)։ Կը համարձակիմ ըսելու, որ տարողունակ գրական բեմ Հայաստանն ալ չունի ներկայիս։ Մենք ունինք Լա Մանչայի մարդուն նմանները աշխարհի հրապարակներուն վրայ, որոնք ունին խենթութիւնը ճակատելու հողմաղացներուն դէմ։ Կա՞յ գիրք մը, որուն մէջ Սփիւռքի մարդը կրնայ գտնել իր լուսաբանութիւնը։ Կան քանի մը գրքեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Վստահ եմ, որ ուրիշներ եւս պիտի ծնին։ Այդ մէկը չի նշանակեր, որ ինքնաբերաբար տեղի պիտի ունենայ catharsisը հայ մարդու կեանքին մէջ։ Մաքրազտումի գործօնները շատ թոյլ են եւ պարագայական։
Սփիւռքի մարդը ներկայիս կը գտնուի անհեթեթ իրականութեան մը մէջ։ Ան հազիւ սկսած էր ի մի բերել իր ծննդավայրը, իր բնակավայրը եւ իր հայրենավայրը մէկ նախադասութեան մէջ, երբ ինքզինք գտաւ պարտեալի դիրքին մէջ։ Ան յանկարծ պարտուած է եւ վերստին հայրենազրկուած՝ այն իսկ թշնամիէն, որ կազմակերպած էր իր ցեղասպանութիւնը դար մը առաջ։ Ան նաեւ դաշունահարուած է աշխարհակարգի ուժերէն եւ առաջին հերթին՝ Ռուսաստանէն։ Սփիւռքը, որ յեղափոխական իրականութիւն մըն էր պատմութեան վճիռը հերքող, յանկարծ հարցականի տակ է որպէս ինքնութեան զէնք։ Այս բոլորէն կը հետեւի այն, որ գրագէտն է, որ պիտի բանայ ճամբան այս հոգեբանական անելէն դուրս գալու։ Այն ինչ, որ գրած ենք ցարդ, կը պատկանի անցեալին։ Սփիւռքի մեծ խնդիրները մեր առջեւն են դեռ։
Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռքի մէջ գրող ըլլալը։
Կարծեմ պատասխանեցի այս հարցումին նախորդ հարցումի շրջանակներուն մէջ։
Գրողը ընկերային բազմապաշտօն ներկայութիւն մըն է Սփիւռքի մէջ, ինչպէս ընտանիքի հայրն ու մայրը, ինչպէս քահանան. ինչպէս ուսուցիչը, ինչպէս խմբագիրը, ինչպէս քաղաքական գործիչը։ Ան ընդհանրապէս կ՚ապրի քաղաքական կեանքով։ Բայց որպէսզի ան մտնէ իր իսկական առաքելութեան մէջ, ան նաեւ պէտք է ապրի իր ստեղծագործական կեանքի բացարձակ առանձնութեան մէջ։ Առանձի՛ն։ Մեր լեզուի ամենէն խորհրդաւոր բառերէն մէկն է ասիկա։ Ինքն իր անձին հետ։ Ստեղծագործական ներուժը բազմութիւն չի սիրեր։ Հասարակութիւնը պիտի գիտնայ յարգել քերթողական ներուժին այդ սրբազան իրաւունքը։ Պիտի գիտնայ բանաստեղծին մէջ փնտռել իր հոգեւոր կեանքի լուսաբանութիւնը։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է Սփիւռքին համար, քանի որ գոյութենական կռուին առաջնագիծը իր հոգիէն կ՚անցնի։
Վերջապէս կայ նաեւ մնայուն իրականութիւն մը։ Բանաստեղծը կ՚ապրի օտարման մէջ նոյնիսկ երբ իր հայրենի հողը ունի որպէս ենթահող։ Այս ցնցիչ իրավիճակը ամենէն աւելի հայ բանաստեղծն է, որ կը դիմագրաւէ այսօր։ Հետեւաբար հայ քերթողը մեծ պատգամ մը ունի տալիք մարդկութեան։ Բանաստեղծը մնայուն բնակիչն է օտարման։ Ան միշտ կ՚ապրի Սփիւռքին մէջ։ Ան ճակատագրուած է Սփիւռքին եւ կը կռուի այդ ճակատագրին դէմ։ Ան Ոդիսեւսն է, որ կը ճգնի վերադառնալ տուն…
Գրողը լեզու ստեղծող է, լեզու պահող չէ, համաձա՞յն էք։ Ինչո՞ւ։
«Գրող»ը շատ ընդհանրական իմաստ մը ունի եւ, սկզբունքով, կ՚ընդգրկէ նաեւ լեզուին պահապանները։ Կարծեմ մենք պէտք է մասնաւորենք մեր խօսքը արուեստագէտ գրողի առաքելութեան։ Մեր լեզուն մեր ինքնութեան բանալին է։ Հարստութի՛ւն մը՝ որ միայն կ՚աճի, եթէ անոր տէրերը ապրին անոր մէջ։ Լեզուն կը մեռնի, երբ լեզուատէրը կը մեռնի լեզուին մէջ։ Բանաստեղծին կապը լեզուին հետ կենսական է եւ ճակատագրական։ Բանաստեղծին պատգամը կրնայ միայն տեղաւորուիլ այն լեզուին մէջ, որ կը ձեւաւորուի բանաստեղծի դարբնոցին մէջ։ Բառերը նոյնն են. քերականական կանոնները նոյնն են, բայց տողը կ՚ապրի բառիմաստներէն եւ կանոններէն անդին. այսինքն ՝ նոր իմաստներով ու նոր կենսականութեամբ։ Իւրաքանչիւր բանաստեղծ ինքնիր լեզուին դարբինն է։ Իսկ լեզուն կ՚ապրի ու կը պահպանէ ինքզինք, երբ ան ամէն օր նոր կեանք կ՚առնէ բանաստեղծութեան աւիշով։ Բանաստեղծը այդ շարունակական վերակենդանացման հոլովոյթին առաքեալն է։ Իսկ լեզուի որակին տիրութիւն ընող բազմաթիւ հաստատութիւններ պիտի ունենայ հասարակութիւնը։
Կարօ Արմենեանը ե՞րբ պիտի հրատարակէ բանաստեղծութեան իր նոր հատորը։
Կարօ Արմենեանը մեղաւոր է մեղանչումի մէկէ աւելի յօդուածներով։ Եւ կ՚ապրի այն յոյսով, որ մօտ ապագային պիտի կարողանայ քաւել գէթ այս մէկ մեղքը։ Երախտապարտ եմ յիշեցման համար։
Մարտ 23, 2021
Ուաշինկթըն
Կ. ՏԱՐԻ, 2021 ԹԻՒ 1