Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը բաւէ» (5 յունուար 1946, թիւ 95) եւ յաջորդող մէկ քանի յօդուածները «քիչ մը աղմուկ յարուցին Պոլսոյ թէ արտասահմանի մէջ», ինչպէս նշած է ան 3 դեկտեմբեր 1962ին Հր. Բալուեանին ուղղած ինքնակենսագրական նամակին մէջ (տե՛ս Զ. Պիպեռեան, «Մրջիւններու վերջալոյսը», Պոլիս, 2007, էջ 549-556)։
Այդ օրերու յօդուածներէն մէկը՝ «Վերջին ազդարարութիւն գրգռիչներուն», «Նոր լուր»ի 98-րդ թիւին մէջ, արտատպած էր Գահիրէի «Արեւ»ը՝ «Հայկական արդար զայրոյթը» խորագրով։ «Եթէ պէտք է հին հաշիւները՝ մենք ալ կրնանք բանալ։ Եթէ պէտք է համրել անցեալի իւրաքանչիւր դիակը՝ մենք ալ կրնանք համրել, որովհետեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն պէս, ու քիչ մըն ալ աւելի, համրուելիք դիակներ ունինք։ Եւ հաւանաբար նուազ բաներ չենք ունենար ըսելիք «Թասվիր»ի ու թասվիրճիներուն, որոնց նմաններն են պատասխանատուն այն միլիոնաւոր դիակներուն որոնք կը նեխին ասդին, անդին։ … Այլեւս կարող չենք հանդուրժելու այսքան նախատինքի՝ անարժան արարածներու կողմէ։ Ինչպէս ամէն ժողովուրդ, մենք ալ գիտենք մեր պատիւով ապրիլ, եւ իրաւունք ունինք մեր պատիւովը ապրելու։ Ամէն ինչ չափ մը ունի»։ Այս տողերը՝ գրուած 1940ական թուականներու Թուրքիոյ պայմաններուն մէջ, աւելի քան կ՚արդարացնէին թերթին կողմէ Պիպեռեանին տրուած «խիզախ» մակդիրը։
Քանի մը ամիս անց, յունիսին, «Արեւ» կը հաղորդէր, թէ ձերբակալուած ու բանտարկուած է «Նոր լուր»ի «խիզախ խմբագիր» Զաւէն Պիպեռեանը՝ «իր ծանօթ յօդուածներ»ուն պատճառով։ Արդարեւ, այդ շրջանին սփիւռքն ու սովետական ձայնասփիւռը կը խօսէին Պիպեռեանի մասին, ինչպէս կը նշէ նոյնինքն լրագրողը, կեանքի վերջին տարիներուն ֆրանսերէնով գրառած «Քանզի կեանքը պայքարիլ էր ու սիրաբանիլ» ինքնակենսագրականին մէջ, որ վերջերս լոյս տեսաւ «Արաս» հրատարակչատունէն։
Միջոց մը բանտարկուած մնալէ ետք, զինուորական դատարանին կողմէ կը դատուի եւ մամլոյ յանցանքներու ներումէն օգտուելով ազատ կ՚արձակուի։ Ծանր տարիներ էին Թուրքիոյ մէջ եւ Զաւէն Պիպեռեանի նման արդարամիտ ու իրաւապահանջ մտաւորականներուն համար երկրին պայմանները սկսած էին անտանելի դառնալ։
Ինչպէս կը գրէ Բալուեանին ուղղեալ վերոյիշեալ նամակին մէջ, ոստիկանութիւնը կը հետապնդէր զինք եւ չէր արտօներ, որ աշխատիլ կարենայ որեւէ հաստատութեան մէջ:
Պիպեռեան 1948ին, 1949ի դժուար տարուան նախօրէին է որ հրաւէր ստացած էր Պէյրութէն, սակայն հետեւեալ նամակներէն կարելի կ՚ըլլայ եզրակացնել, թէ ճամբորդութեան արտօնութիւնը ուշացած է եւ այդ միջոցին իրեն խոստացուած աշխատանքին համար ալ այլ պաշտօնեայ մը գտնուած ըլլալուն՝ ան դիմած է Երուանդ Մսրլեանի օժանդակութեան։ Յամենայնդէպս, Պիպեռեանի Պէյրութ երթալը այս նամակներէն բաւական մը վերջ, հաւանաբար 1949ի յունիս ամիսէն ետք ըլլալու է, քանի որ ան բանտէն արձակուած էր 22 յունիսին։
«Մօտաւորապէս երեքուկէս տարի մնացի Լիբանան: Սա նշանաւոր Սփիւռքէն ես ալ ճաշակեցի փսխելու աստիճան: Քաղաքական լուրերու խմբագիր եղայ «Զարթօնք»ի, «Արարատ»ի գրական կիրակնօրեաները պատրաստեցի միջոց մը, chef de chantier եղայ, դատարկապորտ եղայ, մեր ինքնակոչ գիտնականներէն մէկուն անընթեռնելի եւ անըմբռնելի «Հայոց Պատմութիւն»ը շարեցի իբրեւ ե՛ս ալ ինքնակոչ գրաշար: Վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան թէ Սփիւռքը բաւական շահագործած էր իսթանպուլցի մը եւս – այն Սփիւռքը որ cordialement կ՚ատէ ստամպոլցին – , ու 1953ի աշնան առանց ցաւի, առանց ափսոսանքի վերադարձայ ծննդավայրս, ուր գոնէ ոչ ոք կրնար զիս անօթի ձգել կամ փողոց նետել իբրեւ անպաշտպան օտարական: Չէ, Սփիւռքին ոչ ազգային խաչագողները հաւնած էի, ոչ ազգային յելուզակները, ոչ ազգային դաւաճանները, ոչ ալ ազգային ստրուկները: Grandiloquenceը եւ chauvinismeն ալ ներհակ էին իմ ստացած դաստիարակութեանս ու խառնուածքիս», ինչպէս կը գրէ ան Հրանդ Բալուեանին ուղղեալ
վերոյիշեալ նամակին մէջ։
Պիպեռեան Պէյրութ կեցութիւնը կը նկատէ կամաւոր աքսորականի շրջան մը՝ հեռու իր երկրէն եւ բոլոր սիրելիներէն. Պէյրութի երեքուկէս տարին տանելի դարձած էր ծովուն շնորհիւ, զոր շատ կը սիրէր։
Պոլսահայ արձակագրի (առհասարակ այդ շրջանին Պոլիսէն Պէյրութ մեկնած մտաւորականներու) պէյրութեան շրջանը առանձին ուսումնասիրութեան մը նիւթ կրնայ դառնալ. Պիպեռեան իր ինքնակենսագրականին մէջ կը նշէ, թէ հոն սկսած էր գրել «Երբ բուրգին մէջ չեն» խորագրով քառահատոր վէպ մը, որու երեք հատորը միայն ամբողջացած էր։ Դժբախտաբար, վէպը կորսուած է։ «Ծովը» պատմուածքներու հաւաքածոյին մէջ (Պոլիս, 1961) կան քանի մը պատմուածքներ, որոնց թատերաբեմը Պէյրութն է, կերպարները՝ պէյրութցիներ։
Զաւէն Պիպեռեանի եւ իր նման որպէս կամաւոր աքսորական Պոլիսէն Պէյրութ գացած մտաւորականներու՝ սփիւռքի այս համեմատաբար նոր գաղթօճախին բերած նպաստին մասին ուշագրաւ վկայութիւն մը ունի գրող Սարգիս Վահագն (ծն. 1927, Պէյրութ)։
«Արեւելք» կայքին տուած 5 յուլիս 2018 թուակիր հարցազրոյցին մէջ, Վահագն, խօսելով Պէյրութի գրական կեանքին ու իր սերունդի ձեւաւորման մասին՝ կ՚ըսէ, թէ Պոլսոյ սերունդը մեծ ազդեցութիւն ունեցած էր իրենց վրայ։ Ի շարս քանի մը անձերու, ան կու տայ նաեւ Զաւէն Պիպեռեանի անունը։ «Այս խումբը «Գրական շրջանակ»ին ջնարակը եղաւ, Եւրոպան բերաւ մեզի՝ եւրոպական գրականութիւնը»: Վահագնի վկայութեամբ Պոլիսէն եկած մտաւորականները գրական շրջանակէն ներս ծանօթ էին «Արեւելքի տղաք» անունով։
Քանի մը տող ալ Երուանդ Մսրլեանի (Պիպեռեան գրած է՝ Մսրլըեան) մասին, որու կենսագրութիւնը կը մարմնաւորէ անձ մը, որուն սրտի հանգստութեամբ կրնար դիմել վտարանդի լրագրողը եւ օժանդակութիւն ստանալ։ Ըստ Գառնիկ Ստեփանեանի «Կենսագրական բառարան»ին, ծնած էր Պոլիս, 1886ին (ըստ Թէոդիկի՝ 1888ին), Քանտիլ լի թաղը։ Հայրը ցկեանս բերդարգելութեան դատապարտուած անձ մըն էր՝ քաղաքական յանցանքի մը պատճառով, եւ աքսորի ղրկուած էր Տրիպոլիս։ Կառավարութիւնը Երուանդն ալ կ՚ուղարկէ հօրը քով։ Ան Տրիպոլսոյ մէջ կը յաճախէ Ֆռերներու դպրոցը։ Հայրը երբ կը փախչի աքսորէն, Երուանդ Պոլիս կը բերուի եւ ազատ կ՚արձակուի երաշխաւորութեամբ։ 1902ին գրաշարութեան կը սկսի։ Յեղափոխական խնդիրի մը առթիւ ոստիկանութեան կողմէ կը հետապնդուի եւ կը փախչի Գահիրէ, ուր կը միանայ հօրը։ Մսրլեան Գահիրէի մէջ կ՚աշխատի Journal du Caire-ի տպարանը, մինչեւ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը, 1908ին։ Այդ թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Գաբրիէլ Յովհաննիսեանի հետ կը ստանձնէ «Մանզումէի էֆքեար»ի գրաշարական գործը, ապա 16-օրեայ «Օրագիր»ը, պրակ առ պրակ կը հրատարակէ Թշուառները։ Պոլսոյ մէջ գիրքի մը պրակով տարածման գործը իրենցմով սկսած էր։ Միշտ Յովհաննիսեանի հետ կը հիմնէ «Կիւթէմպէրկ» տպարանն ու համանուն մատենաշարը՝ հրատարակելով Երեք հրացանակիրները, Իննսուն երեքը, Ծերենցի գործերը եւլն.։ Առաջին աշխարհամարտի նախօրէին կրկին կը մեկնի Եգիպտոս, Գահիրէի մէջ տպարան մը կը հիմնէ ու կը հրատարակէ «Խարաշօ» երգիծաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ երեք թիւ միայն։ 1918ին կը հիմնէ «Ոսկետառ» տպարանը, 1919ին՝ «Սաւառնակ» շաբաթական երգիծաթերթը, զոր կը հրատարակէ մինչեւ իր մահը, 1971 թուականը։
Հետեւեալ նամակները Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան ու արուեստի թանգարանին մէջ կը պահուին, Երուանդ Մսրլեանի թողօնի թիւ 146 թղթապանակին մէջ։
* * *
Պոլիս, 25 / 3 / 1949
Սիրելի ընկեր Ե. Մսրլըեան,
Թէեւ 8 յունուար թուակիրիս պատասխան չեմ ստացած ցարդ, կը յուսամ սակայն թէ դարձեալ առողջական կամ կարեւոր պատճառ մը չէ ձեր լռութեան շարժառիթը, եւ այս նամակը կը գրեմ աւետիս մը տալու համար։
Ճամբորդութեան արտօնութիւնը ստացայ։ Կը կարծեմ որ հաստատ է այս անգամ։ Հրամանը ընդհ. դատախազութենէն տրուած է իմ մէկ խիստ աղերսագրիս վրայ։ Ուստի վերստին ձեռնարկած եմ անցագիրի եւ վիզէի գործողութիւններուն։ Ես հոս ոեւէ կերպով ճար ճարակ պիտի ընեմ, մեկնումի գումար մը պիտի ապահովեմ։ Անցագիրս միշտ Պէյրութի համար է, եւ մտադիր եմ հոն երթալ, որովհետեւ աւելի մօտ է եւ աւելի աժան՝ ամէն ծախքը։
Բայց հոն ոեւէ մէկու չեմ կրնար յոյս կապել։ Մեր բարեկամները, որոնք յանձնառու եղած էին ինծի եւ կնոջս գործ ապահովել, քանի մը ամիս առաջ գրեցին որ բնականաբար կարող չէին այսքան երկար ատեն սպասելու ինծի եւ ուրիշ մէկը կոչած էին ինծի խոստացուած պաշտօնին։ Այս պայմաններու մէջ, այնպէս կ՚երեւի որ առաջին օրերս կատարելապէս աննեցուկ պիտի անցնին հոն։ Ձենէ կը խնդրեմ որ ինծի հաղորդէիք վստահելի բարեկամի մը անունը եւ հասցէն, որուն կարենամ դիմել ոեւէ դիւրութեան, ոեւէ գործ կարգադրելու համար։ Կը խնդրեմ մանաւանդ որ նամակս առնելնուդ պէս խիստ փութով պատասխանէք, որովհետեւ անցագիրիս պայմանաժամը վերջ կը գտնէ մայիս 26ին, որով ստիպուած եմ աճապարել ու մեկնիլ մէկ-մէկուկէս ամիսէն։
Եթէ չէք կրնար ոեւէ աջակցութիւն ապահովել ինծի Պէյրութի մէջ, ատ ալ գրեցէք անմիջապէս, որպէսզի ըստ այնմ խորհիմ եւ միջոցներ ձեռք առնեմ։ Բայց վստահ եմ որ ձեր անձնական բարեկամութիւնները կարող են ինծի թիկունք ընծայելու առաջին օրերուն, մինչեւ որ ինքնաբաւ դառնամ ու զբաղում մը ունենամ։
Ամբողջ յոյսս ձեր աջակցութեան եւ յանձնարարութիւններուն վրայ է, սիրելի ընկ. Մսրլըեան։ Վստահ եմ որ ի դերեւ չպիտի հանէք յոյսս։
Դարձեալ կ՚աղաչեմ, խիստ փութով պատասխանեցէք սոյն նամակիս։
Անձկանօք կը սպասեմ։
Ձերդ անկեղծօրէն՝
Զաւէն Պիպեռեան
*
Պոլիս, 7 / 4 / 949
Սիրելի ընկեր Ե. Մսրլըեան,
Ստացայ ձեր 31 / 3 թուակիրը, որ խիստ ուրախացուց զիս։ Աւօն[1]Խօսքը հաւանաբար կը վերաբերի պոլսահայ մտաւորական ու հանրային գործիչ Աւետիս Ալիքսանեանին (Պոլիս, 1910-1984, Փարիզ)։ վերջերս դժուարութիւններ ունեցեր է բնակութեան արտօնութեան համար։ Մաղթենք որ մինչեւ հիմա կարգադրուած ըլլայ։
Ուրախ եղայ կարդալով որ հոտ ալ հայ համայնքը անբասիր եւ օրինակելի է, եւ կը վայելէ երկրին ու կառավարութեան համակրութիւնը։ Հայերը եւ Արաբները արդէն միշտ մօտ եղած են իրարու, հասկցած են զիրար, որովհետեւ բախտակից եղած են յաճախ։ Արդէն այսօր կրօնքը դադրած է պառակտումի եւ թշնամութեան ազդակ մը ըլլալէ՝ ժողովուրդներու միջեւ։
Շնորհակալութիւն՝ ձեր նուէրի մասին բարեկամական բաղձանքներուն։ Ձեր այդ զգացումը բաւ է եւ լաւագոյն նուէրը ինծի պէս մեկուսացած մարդու մը։ Չարաչար աշխատանքով կը յաջողիմ իմ եւ կնոջս ապրուստը ճարել։ Այժմ ամբողջ աշխատանքս, ջանքերս կը ձգտին նիւթական կարելիութիւններ ապահովելու՝ մօտալուտ ուղեւորութեան համար։ Ինծի շատ հրճուանք առթեց այս պարագան թէ զիրար պիտի կարենանք տեսնել Անթիլիասի մէջ։ Անշուշտ ես ձենէ առաջ պիտի հասնիմ Լիբանան, որովհետեւ մայիս 26ին կ՚աւարտի անցագրիս պայմանաժամը, եւ պէտք է մեկնիմ առառաւելն ամիսէ մը։ Պէյրութէն կը գրեմ ձեզի, կը տեղեկացնեմ հասցէս։ Ու երբ հոն միանանք ու… մէկ քանի հատ կոնծենք գլուխ գլխի, ես շուտով կը համոզեմ ձեզ թէ մարդ պէտք չէ երբեք յուսահատի նոյնիսկ երբ 61 տարեկան է եւ նոյնիսկ երբ թրօմպօլ[2]Թրօմպօլ ֆրանսերէնով կը նշանակէ գլուխ։ ունի կռնակը շալկած… Մինչ այդ, առողջութիւն եւ զուարթ տրամադրութիւն կը մաղթեմ լաւագոյն օրերու համար։
Յարգանքներս Տիկինին՝ ինձմէ եւ կնոջմէս։
Ձերդ եղբայրաբար՝
Զաւէն Պիպեռեան