Գրող
Վահէ Պէրպէրեան

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ՓԻՂԸ*

(ՀԱՏՈՒԱԾ)

ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐ

(Յաջորդ օրն է։ Ներկայացումը սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ կը լսուի մեղմ երաժշտութիւն։ Ցոլակ բեմ կը բարձրանայ ու խօսքը ժողովուրդին ուղղելով, թուղթի կտորէ մը կը կարդայ։)

Ցոլակ
— Սիրելի ներկաներ,
Ներողամիտ եղէք քանի մը վայրկեան ուշացումին համար։ Մինչեւ հիմա, տակաւին վերջնականապէս որոշած չէինք, որ թատերախաղը այսօր բեմ պիտի հանենք կամ ոչ։ Ինչպէս վստահ եմ, որ գիտէք, մեր թատերախումբը քանի մը ամիս շարունակ քաղաքական այս ամէնէն աննպաստ պայմաններուն մէջ, ռումբերու տակ փորձ ըրած է, այսօր բեմ հանելու համար այս ներկայացումը։ Սակայն քաղաքական այս վերջին իրադարձութիւնները շուարումի մատնեցին մեզ։ Միութիւնս սկիզբը մտադրեց յետաձգել ներկայացումը, սակայն տղոց տրամադրութիւնները շօշափելէ ետք, որոշեցինք ներկայացնել թատերախաղը։ Ինչպէս արդէն գիտէք, մեր յաջորդ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Շաբաթ, միւս օրը՝ Կիրակի եւ յաջորդաբար ամէն Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի օրերը, եթէ անշուշտ պարագաները ներեն։ Կը յուսանք որ վարչապետին հրաժարիլը նոր տագնապներու առիթ չտայ, կեանքը գտնէ իր բնականոն ընթացքը եւ մեր պատուական տղաքը՝ թատրոնի խենթերը, շարունակեն իրենց նուիրումի աշխատանքը։ Շնորհակալութիւն։ (Կ’իջնէ բեմէն վար)։

(Վարագոյրը կը բացուի երաժշտութեամբ։ Բեմը պարապ է։ Միայն հաստ տախտակներէ շինուած տոկուն կախաղան մը կայ բեմին վրայ եւ պարանին տակ դրուած է աթոռ մը։ Ռուբէն եւ Վաչէ արագօրէն ներս կը մտնեն ու կ’ուղղուին դէպի բեմին առջեւի մասը)։

Ռուբէն (ժողովուրդին ակնարկելով)
Հոս են։ Քեզի ըսի որ հոս կ’ըլլան։
Վաչէ
—Անհաւատալի է։ Այսպէս կը նստին կը դիտե՞ն։
Ռուբէն
— Այո։ Երբեմն կը խնդան, երբեմն կը ձանձրանան, երբեմն ցած, շատ ցած ձայնով իրարու հետ կը խօսին, ոտք ոտքի վրայ կը դնեն, յետոյ ոտքերը կը փոխեն, բայց ընդհանրապէս այսպէս կը նստին ու կը սպասեն։
Վաչէ
—Իրապէս զարմանալի է։ Կրնա՞մ նկարել։
Ռուբէն
—Անշուշտ։
Վաչէ (Ժողովուրդին)
 Կրնա՞մ ձեզի նկարել։
Ռուբէն
—Ընդհանրապէս չեն պատասխաներ։

(Վաչէ կը սկսի լուսանկարել)։

Ռուբէն
—Երբեմն արարողութենէն երկու-երեք ժամ առաջ կու գան, դուրսը կը նստին, կը սպասեն դռներուն բացուելուն, որպէսզի լաւ նստարաններ ապահովեն։ Երբ ամբաստանեալը ներս բերուի, յանկարծ քար լռութիւն կը տիրէ։ Երբ դահիճը ամբաստանեալին յանցանքները կը կարդայ, սրահին մէջ կամաց-կամաց պրկուած մթնոլորտ մը կը սկսի տիրել, յետոյ կը սկսին կատղիլ, կը պոռան, կը հայհոյեն, երբեմն ամբաստանեալին վրայ կը թքնեն, լոլիկ կը նետեն, մինչեւ որ պարանը ամբաստանեալին վզին անցնի։ Յետոյ բոլորը միասին «մահ, մահ, մահ, մահ» կը սկսին մրթմրթալ։ Նախ շշուկի պէս կը սկսի, յետոյ վարակիչ կը դառնայ, մինչեւ որ բոլորը, գրեթէ նոյն ձայնով, նոյն ոճով կը սկսին մահապատիժին գործադրութիւնը պահանջել։ Երբ աթոռը ամբաստանեալին ոտքերուն տակէն կը քաշուի, դարձեալ քար լռութիւն կը տիրէ։ Բոլորը հեւ ի հեւ կը սպասեն մահապատիժին վերջին ցնցումներուն։ Յետոյ ծափահարելու կը սկսին, կամաց կամաց ոտքի կ’ելլեն եւ խումբ-խումբ կ’երթան։ Լաւ, կը բաւէ՛ նկարես։
Վաչէ
—Յուզուա՞ծ ես։
Ռուբէն
—Անշուշտ (Պայթիւն)։
Վաչէ
—Պայթումները նորէն սկսան։ Յուսամ կը յետաձգեն մահապատիժը։
Ռուբէն
—Չեմ կարծեր։
Վաչէ
—Պայթումները նորէն սկսան։ Յուսամ կը յետաձգեն մահապատիժը։
Ռուբէն
—Չեմ կարծեր։

(Կը լսուի փողերով լեցուն երաժշտութեան ձայն։ Ներս կը մտնէ Աբօ, դահիճի տարազով, հետը բերելով Սիմոնը, որուն ձեռքերը ետեւ կապուած են։ Կը լսուի ծափահարութիւն եւ աղմուկ։ Երբ աղմուկը կը դադրի, Աբօ կը բանայ թուղթի կտոր մը եւ կը սկսի կարդալ։)

Աբօ
—Ժողովուրդ,
Մահապարտը, որ այսօր ձեր աչքերուն առջեւ պիտի ստանայ իր արժանի պատիժը, ամբաստանուած է՝
Պետութիւնը վարկաբեկել փորձելու,
Պետութեան դէմ խափանարարական արարքներ ծրագրելու հակա-ընկերային քարոզչական աշխատանք տարած ըլլալու եւ հակաբարոյական կեցուածքի մէջ գտնուելու յանցանքով։ Արդ, ան զանազան առիթով մերժած է կլլել իր դեղահատները։ Իր ազդեցութիւնը գործածած է համոզելու համար իր շուրջինները, որ չընդառաջեն զօրակոչին։ Քարոզած է սեռային սանձարձակութիւն եւ նոյնիսկ խրախճանք մը կազմակերպած է նախագահին վախճանած գիշերը։ Մերժած է սեւ փողկապ կապել, եւ վերջապէս, յայտարարած է, թէ ինք հարստանալու եւ իր շուրջիններուն հետ մրցակցութեան մէջ մտնելու նպատակ չունի։ Նման անձ մը, անբաղձալի մակաբոյծ մըն է մեր ընկերութեան համար եւ վստահ ենք, որ ժողովուրդը միաձայնութեամբ ու մեծ հաճոյքով պիտի վաւերացնէ ամբաստանեալին մահապատիժը։ (Պայթիւն)։

(Կը լսուի ծափահարութիւն, աղմուկ եւ աղաղակ) Ամբաստանեա՛լ, վերջին խնդրանք մը ունի՞ս։

Սիմոն
— Կ’ուզեմ Թոմասսօ Ալպինոնիի Ատաճիոն մտիկ ընել։ Լուսինը կ’ուզեմ։ Արեւը կ’ուզեմ։ Վերջին անգամ կնոջ մը վիզը համբուրել կ’ուզեմ։ Ջութակ նուագել սորվիլ կ’ուզեմ։ Կ’ուզեմ յղի ըլլալ։ Կ’ուզեմ 25 հատ պզտիկ բերել։ Մարիամ Աստուածածնին կուրծքին պտուկը համբուրել կ’ուզեմ։
Աբօ
— Լռէ՛, կը բաւէ։
Սիմոն
— Կ’ուզեմ ձանձրանալ…
Աբօ (Պարանը Սիմոնին վզին անցնելով)
— Կը բաւէ։
Սիմոն
—Խօսիլ կ’ուզեմ։ Կ’ուզեմ շարունակել։

(Կը լսուի ժողովուրդին դժգոհ ձայներն ու սուլոցները։ Կը լսուի «մահ, մահ, մահ, մահ» կանչը, որ երթալէն կը բարձրանայ։ Սիմոն կը շարունակէ, բայց ձայնը կը խեղդուի։ Աբօ արագ հարուածով մը կը հրէ աթոռը ու Սիմոն կը կախուի։ Քար լռութիւն։ Սիմոն քանի մը երկվայրկեան կը ցնցուի, յետոյ կ’անշարժանայ։ Մինչ այդ Վաչէ կը շարունակէ նկարել։ Յանկարծ աղիողորմ ճիչ մը արձակելով բեմ կը մտնէ Նինա ու կը վազէ Սիմոնին վրայ։ Կը գրկէ ոտքերը, կու լայ, կը հեկեկայ)։

Աբօ (Ժողովուրդին)
Հաւատացէք, որ ես իմ առօրեայ կեանքիս մէջ ճանճ մ’ալ չեմ կրնար սպաննել։ Քալած ատենս զգոյշ կ’ըլլամ, որ միջատի վրայ չկոխեմ։ Բայց… մարդ ըսուածը որքան պատասխանատուութեան տակ մտնէ, այդքան զիջումներ կատարելու պարտաւորուած կ’ըլլայ։ Սկիզբը ես իբրեւ հիւանդապահ բանտին մէջ գործ գտայ. յետոյ ամուսնացայ, երկու մանչ զաւակ ունեցայ, երկուորեակ, ստիպուած քիչ մը աւելի լաւ վճարող գործ մը փնտռեցի։ Այդ շրջանին բանտապահներուն ամսականը աւելի էր, բանտապահ ըլլալու համար դիմում ըրի, ընդունեցին։ Երկու տարի ետք, ինծի այս պաշտօնը առաջարկեցին, ես ալ, բաւական մտածելէ ետք տեսայ որ աւելի խելքի պառկելիք է, ելայ այս գործը առի։ Իրականութեան մէջ ըրածս զիջումի հետ կապ չունի։ Վճարումը այդքան մեծ բան չէ, բայց առնուազն հոգեկան գոհացում մը կայ, որ դժուար է ամէն տեղ գտնելը։ Դիւրին գործ չէ։ Երբ նոր սկսայ, երազիս մէջ ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ կը կախէի։ Գիշեր ցերեկ կը մտածէի մահապարտին վերջին ցաւերը մեղմացնելու համար նոր ձեւեր գտնելու մասին։ Ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ ժողովուրդին ծառայութիւն մըն է մատուցածս։ Չէք կրնար երեւակայել, թէ ինչ զգացում մը կ’արթննայ մէջս, երբ ժողովուրդին խանդավառութիւնը կը տեսնեմ։ Հոս, ես դերասանապետն եմ։ Այլեւս զոհին եւ իր պարագաներուն մասին չեմ մտածեր։ Դերս լաւագոյն ձեւով խաղալու մասին կը մտածեմ։ Տղաքս այնքան հպարտ են ինձմով, որ կ’երազեն մեծնալէ ետք գործս ընել։ Տունը՝ պզտիկ խաղալիքէ կախաղաններ շինած են եւ գիշեր ցերեկ ատով կը խաղան։ (Պայթիւն)։
Վստահ եմ որ շատեր արգահատելի կը գտնեն գործս, բայց համոզուած եմ, որ օրինաւոր կերպով մարդ սպաննելուն մէջ սխալ բան չկայ։ Վերջի վերջոյ, Աստուած մեր բոլորին մահապատիժը կը գործադրէ, բայց բոլորս ալ կը պաշտենք զինք։ (Պայթիւն)։

(Աբօ կախաղանէն կը հանէ Սիմոնը ու կը պառկեցնէ գետին։ Նինա Սիմոնը գրկած կը մնայ)։

Աբօ (Վաչէին)
— Լաւ նկարներ նկարեցի՞ր։
Վաչէ
—Բաւական (զօրաւոր պայթիւն)։

(Աբօ եւ Վաչէ խօսակցելով դուրս կ’ելլեն։ Կը տիրէ ծանր լռութիւն)։

Սիմոն
—Հօրաքրոջս խոհանոցի սրճագոյն գոգնոցը կ’ուզեմ։ Վարչապետին ինքնաշարժին վրայ հասունցած լոլիկ նետող ցուցարարը կ’ուզեմ ըլլալ… (Մինչ այդ Նինա քրքջալու կը սկսի)։ Մայրս կ’ուզեմ։ (Պայթիւն։ Սիմոն կը սկսի շարժիլ) Վերջին անգամ մայրս կ’ուզեմ տեսնել…(Սիմոն կը շարունակէ մրթմրթալ, կը բաժնուի Նինայէն եւ լոյսերը հետզհետէ կը մարին։ Երբ դարձեալ լոյսերը կը վառին, Սիմոն կախաղանէն կախուած օրօրոցին վրայ նստած կ’օրօրուի։ Կը լսուի պայթիւններ, երաժշտութիւն։ Ռուբէն կանգնած է բեմին ետեւի կողմը)։
Սիմոն
—Անկարելի է Ալֆոնս։ Անկարելի է։ Աննպատակ ապրող մարդ չկայ աշխարհի վրայ։ Ամէն մարդ նպատակ մը ունի։ Իրականացնելիք երազ մը ունի, կամ առնուազն յոյս ունի, որ փափաքը ուշ կամ կանուխ պիտի իրականանայ։ Համաձայն չե՞ս։

(Ռուբէն չի պատասխաներ։ Կը լսուի պայթիւն մը եւ բեմին ետեւի վարագոյրը կ’իյնայ, մէջտեղ հանելով Մասիսը։ Շուարած մթնոլորտ մը կը տիրէ բեմին վրայ։ Խորէն սրահին մէջէն վազելով կը մտնէ եւ Ցոլակին՝ որ ժողովուրդին մէջ նստած է, քանի մը խօսք կ’ընէ։ Ռուբէն կռնակը ժողովուրդին դարձուցած մէկու մը հետ կը խօսի, որ քուլիսներուն ետեւն է։ Աբօ բեմ կը մտնէ։ Ցոլակ եւ Խորէն բեմ կ’ելլեն, ցած ձայնով բոլորը կը փսփսան, մինչ այդ, Սիմոն իր դերը կը փորձէ շարունակել։ Ցոլակ վերջապէս կը կանգնի ժողովուրդին առջեւ ու խօսք կ’առնէ)։

Ցոլակ
—Ներողամիտ եղէք այս ընդհատումին համար, բայց կարծեմ ստիպուած պիտի ըլլանք ներկայացումը յետաձգելու, ըստ երեւոյթին, քաղաքական վիճակը վատթարացած է եւ զինադադարը ջնջուած։ Խուճապի մասնաւոր պատճառ չկայ, բայց պէտք է ըսեմ, որ հայկական հիւանդանոցին վրայ ռումբ մը ինկած է եւ քանի մը հոգի վիրաւորուած են։ Կը խնդրենք որ առանց խուճապի մատնուելու ձեր տուները երթաք եւ կը խոստանանք որ ձեր տոմսերը այլ ներկայացումի մը ի զօրու պիտի ըլլան։ Միայն կը խնդրենք որ ձեզմէ անոնք որ արիւն կրնան տալ, դուրսը՝ անցքին մէջ սպասեն, որովհետեւ հիւանդանոցը արիւնի պէտք ունի։ Խնդրեմ նկատի առէք այս հարցը, որովհետեւ վստահ եմ, որ ձեր արիւնով կրնաք կեանքեր փրկել։ Երթաք բարի։ Շնորհակալութիւն։

(ՎԵՐՋ)

* Վարդագոյն փիղը Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած թատերախաղն է, երկու արարով։ Առաջին անգամ ներկայացուած է 1986ին, «Փորձառական թատրոն»ին կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ։ Որպէս հրատարակութիւն լոյս տեսած է 1987ին, Լոս Անճելըսի մէջ։

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 2

Your email address will not be published. Required fields are marked *