Կեանքիդ ո՞ր հանգրուանին անդրադարձար վերջնականապէս որ գրող կ՚ուզես ըլլալ։
Փոքր տարիքէս գիտէի որ գրող կ՚ուզեմ ըլլալ։ Միաժամանակ, մեծ փափաք ունէի պէյսպոլի (Major League) գնդակ արձակող ալ ըլլալ։ Թոմ Սիվըրը կուռքս էր։ Սակայն, կանուխէն բաւական յստակ էր ինծի, որ այդ մէկը պիտի չիրականանար։

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՀԷ
Արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեան 1955ին ծնած է Պէյրութի մէջ, որպէս զաւակը ակնցի հօր ու արաբկիրցի մօր։ 1977ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր աւարտած է նաեւ իր համալսարանական կրթութիւնը՝ վկայուելով որպէս լրագրող։Սկսեալ Պէյրութէն, ուր հօրենական տունը եղած էր մտաւորականներու, յատկապէս գրական ու թատերական աշխարհէ դէմքերու, հանդիպավայր մը, Պէրպէրեան սերտօրէն հետաքրքրուած է թատրոնով։ Հեղինակած ու բեմադրած է բազմաթիւ թատերախաղեր, որոնց կարգին կարելի է թուել «Գիշերուայ այցելուն», «Աւազախրում», «Պարոն Կարպիս», «Կեանք» եւ «Վարդագոյն փիղը», որ թարգմանուած է անգլերէնի ու բեմականացուած՝ Լոնտոնի ու Էտինպրայի, ինչպէս նաեւ Սաքրամենթոյի ու Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է յունարէնի ու ներկայացուած Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ։Իբրեւ դերասան ան բեմ բարձրացած է աւելի քան երկվեցեակ մը դերերով եւ իր ձայնը լսելի է մօտ 30 շարժանկարներու մէջ, որոնց կարգին Clear and Present Danger, Patriot Games, Armageddon եւլն․։ Ան նաեւ հեղինակն է «3 շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնին, որու բեմադրիչներէն եւ դերասաններէն է նաեւ։Վահէ Պէրպէրեան հեղինակ է հետեւեալ վէպերուն՝ «Նամակներ Զաաթարէն» (1996) «Յանուն հօր եւ որդւոյ», Diary of a dead man (2021), This is not Love (2025).
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐ
(Յաջորդ օրն է։ Ներկայացումը սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ կը լսուի մեղմ երաժշտութիւն։ Ցոլակ բեմ կը բարձրանայ ու խօսքը ժողովուրդին ուղղելով, թուղթի կտորէ մը կը կարդայ։)
Ցոլակ
— Սիրելի ներկաներ,
Ներողամիտ եղէք քանի մը վայրկեան ուշացումին համար։
Գրութիւններու արխիւ