Յարութիւն Պէրպէրեան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տան պարտէզի յետնամասը

 

Տան ­պարտէզի ­յետնամասի
­ դռնակը ­բա՛ց­ ու ­լուռ­ դիտէ՛,­-
պիտի­ գտնես­ գողտրիկ­ աշխարհ­ մը ­անեղծ,
որ­ կը­ մ­նայ­ մ­իշտ­ ծածկուած ­աչքերէ:­

Պիտի ­գտնես ­յուշերուն ­մէջ­ անցեալի,
աշխարհ ­մը­ նուրբ ­ու ­մոռցուած ­երեւի,
ուր ­ամէն ­քայլ, ­ամէն­ դրուագ ­ու ­շշունջ
քեզ ­կը­ կանչէ ­նայադի­ պէս,­ անմռունչ:

Հոն ­ծաղիկներ­ կան ­դիւրաբեկ՝
հպումով­ մը­ փշրուող,
կեանքէդ­ պահեր,­ զորս ­պիտի
փափաքէիր­ մոռնալ­ կամ
վերադառնալ­ անցեալին՝
վերապրելու­ այլապէս:
Դեռ ­արիւնող ­կամ ­անթեղուած­ վէրքեր ­կան,-
ուրիշ­պահեր, ­որոնք ­արդէն
գիտակիցի ­աշխարհիդ ­մէջ
դիմագրաւման­ կը ­սպասեն,
լեզուիդ ­վրայ՝ ­բացայայտման:

Արդ,­ պարտէզի ­յետնամասի­
դռնակը­ բա՛ց
եւ­ ներս ­մտիր՝
յուզում­ներով­ սանձուած­…­­­

 

Յուշիկը

 

Տան­ յետնամասի­ պարտէզը­ փոքրիկ
Աշխարհդ ­է ­գողտրիկ:
Այնտեղ­ ահա
­ մօրդ­ բերած­ վարդենիի­ տունկերը
աճած, ­դարձած ­են ­հարսեր,
փերթերն­ անոնց­ կը­ թափին
ոտքերուդ ­տակ ­թափառիկ,
կ՚արթնցնեն­ մէջդ­ պահուած­ ապրում­ներ,
յիշատակներ­ անթեղուած
եւ­ մոռցուած ­երանգներ­:

Ի՜նչ ­հեշտին ­է, ­ինչ ­հեշտին ­է
ուղղահայեաց
կայծակի ­պէս ­փայլատակող,
մթութիններ­ լուսաւորող,
­ պահն­ այս ­խորունկ­ ու ­խտացեալ՝
իր ­լոյսին ­մէջ
ներաշխարհդ ­ջերմացնող:

 

Պարտէզը աշնան

 

Տան ­յետնամասի­ ցուրտ­ պարտէզին ­մէջ
թրջուած­ գորգը ­տերեւներուն­ ժանգ
ճիւղերուն­ ներքեւ ­հիմա­ մերկացած
ձայներ ­ու ­յուշեր­ պատսպարած ­է,
իսկ­ քու ­մտքիդ­ մէջ
կարմրալանջը ­դեռ ­հոն ­կ՚ոստոստէ
մանիշակագոյն ­ցօղուններուն ­­տակ
շաղոտ ­հուսամ­ի:
Ուրախ ­խնդուքը ­երեխաներուն
հետս­ չե՞ս ­լսեր,
որոնք­ խաղալով
­­ արքայամորի ­կախուած­ ճիւղերէն
հատապտուղներ­ հատ-հատ­ կը­ քաղեն:
Պահէ՛­ խնդուքը ­երեխաներուն
­ յիշողութեանդ­ գաղտնի ­ծալքերուն,
անհրաժեշտ ­է ­մ­իշտ ­զանոնք­ ունենալ
ձմ­եռնային ­խիստ ­­արգելափակման
կրճատ­ օրերուն:

 

Տեղումներ

 

Ձիւնը ­կը ­տեղայ ­պարտէզին ­վրայ
յուշերուս­ վրայ,
երազներուս ­եւ­ մղձաւանջներուս
թափանցիկ, ­թեթեւ, ­բիլ ­քօղին­վրայ:
Ճերմակ­ փաթիլներ ­կը ­ծածկեն­ հիմա
մ­եռած ­տերեւներ, ­բացուած­ արմատներ,­
որոնք­ կը ­կոտտան ­խոր ­վէրքերու ­պէս:
Ձիւնը­ կը ­տեղայ
հետեւողական­ կշռոյթով­ ահա,
հաւասարապէս՝­
մշտադալար ­կամ­ արդէն­ մ­երկացած
ծառերուն ­վրայ,
կարծես­ սպիտակ ­տերեւներով ­թաց
կը­ փորձէ ­ծածկել­ լերկացած ­ճիւղեր:
Հոն­ կարծես­ ճերմակ ­թռչուններ ­կ՚երգեն
­ մէկ­ անցած ­գարնան ­երգերը ­անդարձ:

­ Չաստուածութիւն ­է ­ձմ­եռը ­­յամառ,
Խուլ ­ու­ անյողդողդ, ­որ ­իր ­խստաշունչ
­ եղանակային ­ընթացքը ­գիտէ,
կարծր­ ու ­չորցած ­հողը ­կը ­թրջէ,
իսկ ­երբեմն ­ալ՝ ­կը ­սառեցնէ,
եւ ­լուռ ­կը­ ծածկէ
ինչ ­որ ­մ­ենք ­կ՚ուզենք ­մոռնալ,­ չյիշել­…

 

Ձմեռնային

 

Տան ­յետնամասի­ պարտէզը­ փոքրիկ
թաղուած ­է ­հիմա ­խորունկ­ ձիւնին ­տակ:
Վարդենիները ­անհետացած ­են
­ տարածութեան­ մէջ ­անդէմ,­ սպիտակ­–
գոյներն­ երփներանգ­
հիմա­ ալ­ չկան:
Անանուխը ­թարխունին ­հետ
կը­ ննջէ ­կարծես,
իսկ­ ծոթրինը ­իր ­հունտերը
սփռած­ կը ­սպասէ
օրերուն ­որ ­պիտի ­տաքնան
եւ­ ծլարձակեն ինչ­ որ­ հունտ ­է­ կամ­ սպասող
արմատ ­ու­ ճիւղ:­

Ուղղանկիւնաձեւ ­աշխարհն ­այս ­անկոխ
ձմ­եռնաքունի ­մէջ­ կարծես ­կ՚ուզէ
խոկալ­ առանձին ­եւ ­երկունքով ­լուռ
ինքզինք ­նորոգել:
Մորմ­ենիի­ լերկ ­ճիւղերուն­ գլուխները
ֆաքիրներու­ պէս­ կանգնած­ կը ­մատնեն
գոյատեւման ­խոր­ կամք ­մը­ անկոտրում,
իսկ ­իրենց ­ինկած ­կամ ­չհաւաքուած
խեղճ­ պտուղները
կեանքեր ­են ­կարծես ­չլիցքաւորուած:
Վարդենիներէն
չեմ ­գիտեր­ քանին
­ լուռ­ պիտի ­ճեղքեն ­սառը ­ձմեռուան
­ եւ ­գունաւորեն ­օրերը­ գալիք:­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­

Միմ­իայն ­մարդիկ,
սիրելի ­այնքան,
որոնք ­օ՜­ անդարձ ­մ­եկնած ­են ­մեզմէ,
­ ետ­ պիտի­ չգան:

ԾԷ. Տարի, 2018 Թիւ 4

Your email address will not be published. Required fields are marked *