– Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին բազկաթոռի մը վրայ նստած գիրք կը կարդայ, յաճախ լսած է ամուսնոյն բարկացկոտ արտայայտութիւնները։ Ատոմ յաճախ կը սրդողի, երբ հանգամանքները չեն պահպանուիր, երբ հարցեր կը ցցուին եւ կ՚անտեսուին ուրիշներու կողմէ։ Բայց այս պահուս ան սովորականէն աւելի ջղագրգիռ կը թուի կնոջ, որ պահ մը մտահոգուելէ ետք կը վերադառնայ իր գիրքին։
– Շուկան այս պատուհասով ողողուած է հիմա։ Մարդիկ անմեղօրէն կը գնեն այս տուփը, առանց անդրադառնալու՝ թէ ի՛նչ կը գնեն, – կը շարունակէ Ատոմ։
– Վստահաբար շատեր գիտնալով կը գնեն։
– Ատ աւելի վտանգաւոր է։ Ատիկա կը նշանակէ, որ արդէն համաձայնութիւն սկսած է գոյանալ։
– Լաւ, բայց ի՞նչ կրնանք ընել։ Ես ալ մտահոգ եմ, որ այս ընթացքով ամէն տեղ պիտի տարածուի ասիկա։
– Պէտք է շուկայէն ձեւով մը վերցնել, անհետացնել։ Մեռցնել, եթէ կ՚ուզես։
– Հա, բայց ինչպէ՞ս։
– Քանի մը ձեւ կայ։ Օրինակ՝ կրնանք բոլորը գնել եւ թափել։
– Բայց շուտով նորը կը պատրաստուի եւ կը դրուի շուկայի վրայ։ Յետոյ, ես այդքան դրամ ալ չունիմ։ Դուն ունի՞ս։
– Քանի մը ձեւ կայ ըսի։ Ուրիշ բան մը որ կրնանք ընել՝ կրնանք ցոյց կազմակերպել խանութին դիմաց եւ շարժում ստեղծել ատոր դէմ։
Կնոջ ուշադրութիւնը լրիւ գրաւած է հիմա ամուսինը։ Ան գլուխը վեր կ՚առնէ իր կարդացած գիրքէն եւ կը հարցնէ.
– Ի՞նչ շարժում կը ստեղծես կոր։
– Վերջերս շուկայ իջած եւ բաւականաչափ ծախուող գաղափարի մը դէմ։ Մարդիկ այդ չըլլալիք գաղափարը առած, գեղեցիկ տուփերու մէջ դրած՝ կը ծախեն անգիտակ մարդոց։ Եւ երթալէն ա՛լ աւելի կը տարածուի այդ գաղափարը։
– Կ՚երեւի մարդոց ուզածն է ատիկա։
– Մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզեն։ Կը գնեն ինչ որ համոզես իրենց, որ լաւն է։
– է հա՛, բայց ատ շարժումը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ստեղծենք,— կ՚ըսէ Ատոմին ընկերը։ — Գիտե՞ս քանի խանութ կը ծախէ կոր արդէն ատ գաղափարը։ Մինչեւ մէկ խանութէն միւսին անցնինք՝ արդէն մնացած խանութները ծախած եւ տարածած կ՚ըլլան միւս բոլոր տուփերը։
– Տէ, լաւ։ Դեռ ուրիշ ձեւեր կան։
– Ըսէ նայինք։
– Աս մէկը քիչ մը խորամանկ է։ Դուն թերեւս չհաւնիս,— կ՚ըսէ Ատոմ, ակնոցներուն վրայէն կնոջ նայելով։
– Առաջին անգամը պիտի չըլլայ։ Ոչ ալ ատիկա պիտի կեցնէ քեզ,— կ՚ըսէ կինը։
– է, ի՞նչ է աս խորամանկ ձեւը,– կ՚ըսէ Ատոմին ընկերը անհամբեր։
– Նոյն տուփէն մենք ալ շինել կու տանք, բայց միայն երեւութապէս նոյնը. իսկութեան մէջ գաղափարին խեղաթիւրուած տարբերակը կը ստեղծենք եւ կը դնենք տուփին մէջ ։
– Այսինքն՝ թունաւորուած տեսակը,– կինը կ՚ըսէ՝ նայելով Ատոմին ընկերոջը։ — Դուն համաձա՞յն ես ասոր։
– Նայինք ի՛նչ է Ատոմին ըսածը։ Ե ս համաձայն եմ, որ այս տուփը վերցուի շուկայէն։ Այս կամ այն ձեւով պէտք է մեռցնել այս գաղափարը։
– Ըսել կ՚ուզէք ժողովուրդը խաբելու գնով կ՚ուզէք անհետացնել ձեր չհաւնած գաղափարը։ – Ատոմին կինը կը գոցէ գիրքը զուսպ բարկութեամբ, եւ հարցաքննիչի նման աչքերը կը սեւեռէ ամուսնոյն վրայ։
– Հապա ի՞նչ։ Երբ մարդիկ մեր տարբերակը գնեն եւ տեսնեն, թէ ակնկալուած արդիւնքը չի տար այդ գաղափարը, իրենք զիրենք խաբուած կը զգան, եւ գաղափարին շուրջ ստեղծուած հետաքրքութիւնը հետզհետէ կը պակսի ու շուտով կը մեռնի։
– Այս ի՛նչ յանդգնութիւն։ Գիտէք, չէ՞, որ ձեր այս մօտեցումին անունը ֆաշ–
– Ատոմ,– կ՚ընդմիջէ ընկերը,– քիչ մը շատ չարամիտ չէ՞ աս մօտեցումդ։
– Ինչո՞ւ չարամիտ ըլլայ։ Այդ տուփը ի՛նքը չարիք կը տարածէ, ո՛չ ես։ Եւ հաճիս, ֆաշիզմ մի՛ կոչեր մեր մօտեցումը,— կ՚ըսէ Ատոմ դառնալով կնոջ։ – Մենք ոչինչ կը պարտադրենք մարդոց։ Պարզապէս կ՚օգնենք, որ ճիշդ քայլերը առնեն։
– Անշուշտ դո՛ւք էք որոշողը, թէ ի՛նչ են ճիշդ քայլերը։
– Լա՛ւ,– կրկին կ՚ընդմիջէ ընկերը։ – Ըսենք, որ ընդունեցանք այս «խորամանկ» մօտեցումդ։ Ի՞նչ ախտով պիտի վարակենք այս գաղափարը եւ յետոյ ինչպէ՞ս պիտի վարպետօրէն ծածկենք կատարուածը, որ մարդիկ չանդրադառնան եւ գնեն մեր կեղծուած տուփերը։
– Մասնագէտներ կը վարձենք, գաղափարին մէջ դարձուածք մը կը դնեն, որ մարդոց աչքերէն կը վրիպի, բայց ճիշդ ժամանակին իր վնասը կը հասցնէ գաղափարը լաւ մը աղաւաղելով։
– Հնարամիտ է,– կ՚ըսէ կինը,– մինչեւ որ ուրիշ մըն ալ քո՛ւ գաղափարդ աղաւաղէ նոյնքան եւ աւելի գեղեցիկ տուփի մէջ զետեղուած իր գաղափարով։
– Հոգս չէ, այնքան ատեն որ այդ մէկը քաշուած է շուկայէն։ Իմ նպատակս զայն ջախջախել է, ոչ թէ անպայման նոր գաղափար մը մէջտեղ բերել։ Ըստ իս, ատիկա գոյութիւն ունենալու իրաւունք չունի։ Այդքա՛ն։ Մնացեալը ժամանակը կ’որոշէ։
– Բայց դուք երկուքդ իսկապէս գիտէ՞ք այդ տուփի լրիւ բովանդակութիւնը, իր ամբողջ մանրամասնութեամբ եւ բացատրականներով,– կը հարցնէ կինը։
– Ես շատ լաւ գիտեմ, – կ՚ըսէ Ատոմ եւ կը հեռանայ երկուքէն։
– Ես այդքան լաւ չեմ գիտեր,– կ՚ըսէ ընկերը։ – Քու ըսածներէդ դատելով կ՚ենթադրեմ, որ լաւ բան մը չէ մէջինը։ Բայց լաւ կ՚ըլլար մէյ մը նայէինք, թէ մէջը ճիշդ ի՞ն չ կայ։
– Հիմա ըսածներո՞ւս սկսար կասկածիլ։
– Չէ, բայց սխալ բան մը չկայ աչքերովս տեսնել ուզելուս մէջ։
– Հարցում մը կնոջս կողմէ եւ դուն արդէն սկսար վստահութիւնդ կորսնցնել իմ վրաս։
– Չէ, ճանըմ։ Հետաքրքրութիւնս արթնցաւ։ Նայիմ մէյ մը ի՞նչ կ՚ըսէ կոր այս գաղափարը։
– Դուն ե՞րբ պիտի դադրիս սա «կոր»ը գործածելէ։
– Երբե՛ք։ Ինչո՞ւ պիտի դադրիմ եղեր։
Ատոմին կինը կը նկատէ ամուսնոյն քունքերուն վրայ յայտնուող երակները, կը զգայ՝ որ պէտք չէ աւելի հրահրուի հարցը, բայց ինք ալ անհանգստացած, որ Ատոմ իր ընկերը կը նախատէ, կ՚ըսէ.
– Հազիւ քեզմէ տարբեր կարծիք մը յայտնեց՝ յարձակողականի անցար։ Այս ի՞նչ անհանդուրժողութիւն է։ Ընկերդ է վերջապէս, եւ ընկերդ կամ ոչ՝ իր կարծիքը ունենալու իրաւունք ունի։
Ատոմ պահ մը կը լռէ, կը զսպէ ներքին մղումը լեզուին ծայրը հասած կծու հակահարուածը արտասանելու եւ երկար շունչ մը առնելէ ետք կ՚ըսէ.
– «Կոր»ը թրքերէնէն կու գայ եւ գաւառական կը հնչէ։
– Նախ եւ առաջ թրքերէնէն չի գար,– կ՚ըսէ ընկերը՝ Ատոմին կնոջ պաշտպանողականէն խրախուսուած։ – Եթէ քիչ մը թրքերէն գիտնայիր, կը գիտնայիր, որ բային այդ ժամանակը որ «կոր»ը կը բնորոշէ՝ ուրիշ ձեւով կ՚արտայայտուի թրքերէնին մէջ։ Եւ երկրորդ, լեզուն ժողովուրդէն կը ծնի, պահանջքին համաձայն։ Արեւմտահայը պէտքը զգացած է յստակացնելու գործողութեան այդ ժամանակին նուրբ տարբերութիւնը պարզ ներկայէն, բային վրայ աւելցնելով «կոր»ը։
«Լաւ, – կը մտածէ Ատոմ։ Խաղանք այս խաղը, որ հանդարտի մեր ընկերը։ Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ կրնայ ըսել, որ փոխէ կարծիքս, երբ ես չեմ ուզեր փոխել ինք ինչ ալ ըսէ»։
– Ըսել կ՚ուզես, որ օրինակ՝ «կ՚երթամ կոր»ը աւելի՞ կամ տարբե՞ր բան կ՚ըսէ, քան «կ՚երթամ»ը,– կը հարցնէ Ատոմ։
– Անշո՛ւշտ։ «Կ՚երթամ»ը «ես ընդհանրապէս կ՚երթամ» իմաստով կարելի է հասկնալ։ Օրինակ՝ «Ես դպրոց կ՚երթամ», այսինքն՝ ես ուսանող եմ եւ դպրոց կ՚երթամ ընդհանրապէս։ Բայց երբ կ՚ըսես՝ «Ես դպրոց կ՚երթամ կոր», յստակ է, որ ըսել կ՚ուզես՝ թէ հիմա, ա՛յս վայրկեանիս դէպի դպրոց կ՚ուղղուիս կոր։ Արեւելահայերէնը կը զանազանէ այս երկու իմաստները «կը գնամ» եւ «գնում եմ» երկու ձեւերը գործածելով։ Մենք չենք կրնար արտայայտել իմաստային այս նրբութիւնը առանց «կոր»ի գործածութեան։
– Հիմա դուն ալ այս գաղափա՞րը պիտի սկսիս ծախել,– կ՚ըսէ Ատոմ հեգնական, չկարենալով վիճարկել ընկերոջ փաստարկներուն դէմ։
– Ինչո՛ւ չէ։ Վստահ եմ գնող կ՚ըլլայ։
– Ես առաջին յաճախորդդ կ՚ըլլամ,– կ՚ըսէ Ատոմին կինը ժպտելով։
– Չեմ զարմանար,— Ատոմ կը մռթմռթայ քիթին տակէն։
– Լսեցի այդ անհեթեթութիւնը,– կ՚ըսէ կինը։ – Ցաւալի է, որ տրամաբանական փաստարկն անգամ չի թափանցեր պարիսպէդ ներս, որ կարենաս գոնէ մէկ անգամ ընդունիլ ուրիշին կարծիքը։
– Լաւ հիմա, չկռուինք,– ընկերը կը փորձէ կասեցնել վէճը։ – Ես երթամ եւ այդ տուփէն հատ մը գնեմ, որ լաւ մը ուսումնասիրեմ։
– Վազ անցիր։ Ատոր մասին ի՛նչ որ կ՚ուզես գիտնալ ես քեզի կ՚ըսեմ,– կ՚ըսէ Ատոմ։
– «Վազ»ը թրքերէն է, եւ «վազ անցիր»ը թրքերէնէն առնուած է,– կինը ցած ձայնով եւ հանդարտ կը մատնանշէ։
– Հիմա երկուքդ իմ դէ՞մս անցաք։
– Չէ, այդպէս չէ։ Կրնանք վիճաբանիլ քեզի հետ առանց քու դէմդ ըլլալու։
– Այդպէս է, այդպէս։ Քիչ առաջ ինք ինծի համաձայն էր, որ այդ տուփերը պէտք է վերցուին մէջտեղէն, որ անոնց բովանդակութիւնը վնասակար է։ Իսկ հիմա՝ քու մէկ հարցադրումովդ՝ հետաքրքրութիւնը շարժած է եւ կ՚ուզէ նոյնիսկ գնել հատ մը եւ «նայիլ, թէ ճիշդ ի՞նչ կայ մէջը»։ Դուն ալ զիս կը խայտառակես թրքերէն բառ մը գործածած ըլլալուս պատճառաւ։
– Խայտառակե՞լ։ Դուն «կոր»ը չուզեցիր որ գործածուի, որովհետեւ թրքերէն է ըսիր, հակառակ անոր որ այդ չէ իրականութիւնը, եւ մէկ վայրկեան ետք՝ թրքերէն բառ գործածեցիր։ Չեմ հասկնար. դուն կրնաս թրքերէն բառ գործածել, բայց ո՞չ ուրիշը։
– Ձգենք այս նիւթը, խնդրեմ,– կը միջամտէ Ատոմին ընկերը։ – Ես երթամ եւ հատ մը այդ տուփէն գնեմ հոս բերեմ, որ մէկ անգամ ընդմիշտ լաւապէս քննարկենք այդ գաղափարը։ Պէտք է գիտնանք ինչի՞ դէմ կը պայքարինք։
– Ես քննարկելու պէտք չունիմ,– կ՚ըսէ Ատոմ։ – Դուք երկուքդ լաւ մը սերտեցէք։ Տեսնենք ձեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այդ ահռելի գաղափարը։
– Օ՜, անոր մեր վրայ ունենալիք ազդեցութենէն կը վախնաս,– կ՚ըսէ կինը։ – Բայց դուն կը փորձես մեր վրայ ազդել քո՛ւ գաղափարներովդ։
– Ո՛չ, եթէ համաձայն չէք իմ գաղափարներուս։ Ես ձեզի ոչինչ կը պարտադրեմ։
– Ուրեմն ո՞ւր մնացին «խորամանկ» ձեւերդ ուրիշին գաղափարները բնաջնջելու։
Ատոմին ընկերը կը սկսի անհանգստանալ այր եւ կնոջ միջեւ հետզհետէ ահագնացող վիճաբանութենէն։
– Ես կ՚երթամ կոր,– կ՚ըսէ եւ կը մեկնի։
Ատոմ կը նստի բազկաթոռին։ Ընելիք ուրիշ բան չգտնելով՝ կնոջ կարդացած գիրքը կը վերցնէ եւ կը փորձէ կարդալ։ Ո՞ւր էր նիւթը եւ ուր հասաւ, կը մտածէ։ Ինչո՞ւ կնոջ ներկայութեան բացաւ այս նիւթը, երբ շատ լաւ գիտէր, որ կինը դիպուկ խօսքերով պիտի ցնցէր իր դիրքը հարցին նկատմամբ։ Այդ մտածումը զինք աւելի կը գրգռէ եւ արագ-արագ գիրքին էջերը կը դարձնէ, առանց որեւէ տող կարդալու։ Ծխելը դադրելէն ի վեր այսքան անհանդարտ չէր զգացած։ Ինչքա՜ն փրկարար պիտի ըլլար հիմա հատ մը վարելն ու մուխին մէջ ինքզինք կորսնցնելը։ Հատ մը վառէ՞ր արդեօք։ Սիկարէթ մնացե՞ր էր տան մէջ։
Կինը հեռուէն կը հետեւի ամուսնոյն ջղագրգիռ շարժումներուն։ Կը ցաւի տեսնելով զինք այդ վիճակին մէջ, սակայն կարեկցութեան եւ հպարտութեան միջեւ տատանելով, կը մնայ անշարժ։ Բուռն վիճաբանութենէ ետք անախորժ կացութիւնը մեղմելու իր պատրաստակամութիւնը Ատոմ տկարութիւն համարած է միշտ։ Զինք հանգստացնելու համար տեղի տալը հիմա իր հպարտութեան զիջումը պիտի ըլլար միայն, առանց օգնելու, որ Ատոմ անդրադառնար իր ազնիւ քայլին։ Չափահաս մարդ է ինք, թող ինքզինք հանգստացնէ այս անգամ, կը մտածէ կինը եւ խոհանոց կ՚ուղղուի։
– Սուրճ կ՚ուզե՞ս,– կը հարցնէ։
– Հա, լաւ կ՚ըլլայ։
Կինը նիւթը փակուած կը նկատէ եւ սուրճի պատրաստութեան կը սկսի։
– Ճիշդ չէ, որ ես կ՚ուզեմ իմ գաղափարներս պարտադրել,– նիւթը կը վերսկսի Ատոմ, կարծես ինքզինք համոզելու համար։
– Բայց այդ տպաւորութիւնը կը ձգես։
– Ես պարզապէս կը պայքարիմ սխալ Գաղափարին դէմ, գլխագիր։ Ատիկա ինչպէ՞ս իմ գաղափարս պարտադրել կ՚ըլլայ։
– Երբ ամէն գնով, նոյնիսկ մարդիկ խաբելու գնով, կը փորձես ուրիշին գաղափարը բնաջնջել, դուն քուկդ պարտադրած կ՚ըլլաս։
– Բայց ես նոր գաղափարով մը չեմ գար, որ ըսես, թէ ես իմս կը պարտադրեմ։ Ես պարզապէս կը փորձեմ մարդիկ հեռու պահել վնասակար գաղափարներէ։
– Անշո՛ւշտ որ դուն ալ գաղափարով մը կու գաս։ Քու գաղափարդ ճիշդ այն է, որ միւսին գաղափարը «վնասակար» կը դատես։ Եւ ա՛յդ կեցուածքդ է, որ կ՚ուզես ուրիշն ալ ընդունի։
– Բայց ի՞նչ կայ սխալ ատոր մէջ։ Ես համոզում մը ունիմ եւ այդ համոզումով կ՚ուզեմ վարակել շուրջիններս։ Ո՛չ առաջինն եմ, եւ ո՛չ ալ վերջինը, որ իր գաղափարները ուզէ տարածել։
– Ճիշդ ես. ատոր մէջ սխալ բան չկայ։ Բայց երբ դուն անհանդուրժող կեցուածք ցուցաբերես ուրիշին գաղափարին հանդէպ, ակնկալէ, որ ուրիշն ալ քու գաղափարիդ հանդէպ անհանդուրժողական ըլլայ։
– Թող աւելի զօրաւորը յաղթէ, ուրեմն։
– Չեմ կարծեր, թէ յաղթելու եւ պարտուելու հարց կայ հոս,– կ՚ըսէ կինը, սուրճը գաւաթներուն մէջ լեցնելով։ – Գաղափարները չեն մեռնիր։ Հեղուկի նման կը սահին ամենափոքր ճեղքէն ներս եւ կը տարածուին, անկախ զանոնք կասեցնելու փորձերէն։
Ատոմին ընկերը ներս կը մտնէ ձեռքը գեղեցիկ տուփ մը։ Կ ը դնէ զայն սեղանին վրայ եւ դիմացը կը նստի, առանց զայն բանալու։
– Բանանք պրպտե՞նք,– կը հարցնէ Ատոմին կինը։
– Նախ սուրճերնիս խմենք,– կը պատասխանէ Ատոմին ընկերը։
Սուրճը կը խմուի, գաւաթները կը վերցուին, դեռ Ատոմին ընկերը տուփին դիմաց լուռ նստած կը մնայ։
– Ինչո՞ւ բերիր եթէ պիտի չբանաս,– կը հարցնէ յանկարծ Ատոմ։
– Պիտի բանամ, բայց չեմ ուզեր, որ դուն նեղանաս։ Քեզի դէմ հակառակութիւն չունիմ։ Իմս պարզ հետաքրքրութիւն է։
– «…ամենափոքր ճեղքէն ներս կը սահին…», – կը մրմնջէ Ատոմի կինը։
– Պատմեմ ի՛նչ տեսայ խանութին մէջ,– կը շարունակէ ընկերը։– Նախ՝ խանութ թափած էին երիտասարդէն մինչեւ ծերը, եւ սոված մարդու պէս՝ տուփը բանալով մէջինը կը չափէին-չափչփէին։ Զգալի էր պահանջքը նոր գաղափարի։ Վստահ որ այս ապրանքին հեղինակները լաւ գիտցած են, թէ ի՛նչ է մարդոց փնտռածը։ Տեսնես քանի տարբեր տեսակները կային այս տուփին։ Փոքր չափէն մինչեւ բաւական մեծը եւ բոլորն ալ տարբեր-տարբեր գոյներով։ Դեռ հատ մըն ալ կար, շատ գեղեցիկ զարդարուած տուփով՝ որ ցուցափեղկի մէջ կղպուած դրուած էր, եւ որ միայն պահակին ընկերակցութեամբ խանութին ետեւի սենեակին մէջ կրնայիր բանալ եւ քննել։ Այդ տուփին մէջ, ըստ ծանուցումին, գաղափարը իր ամբողջ մանրամասնութեամբ եւ նոյնիսկ ուրիշ տեղ չբացայայտուած, բացառիկ բաժիններով տրուած է։ Բայց ինծի համար շատ սուղ էր ատիկա, եւ ես այս մէկը առի։
– Միւսներուն հետ բաղդատած՝ ասիկա ո՞ր չափն է,– կը հարցնէ Ատոմին կինը։
– Ամենափոքրն է։ Մտածեցի, որ ամենէն ապահովը կ՚ըլլայ այս մէկը,– կը պատասխանէ ընկերը, նայելով Ատոմին կողմը։
– Բա՛ց, վերջանանք,– հրամայելու պէս կ՚ըսէ Ատոմ։
– Լա՛ւ, լա՛ւ, կը բանամ։
Եւ տուփը կը բացուի։
Ատոմ կը հեռանայ եւ կ՚երթայ կը կանգնի պատուհանին առջեւ, մինչ կինը կը մօտենայ տուփին։
Տուփէն դուրս կը բերուի բովանդակութիւնը։ Կը փռուի սեղանին վրայ եւ անոր պարփակած գաղափարը բաժին առ բաժին կը յայտնուի իր երանգներով։ Ատոմին ընկերն ու կինը խոր հետաքրքրութեամբ կ՚ուսումնասիրեն նորայայտ գաղափարը եւ մերթ ընդ մերթ գնահատումի արտայայտութիւններ կ՚արձակեն։ Կը փորձեն Ատոմն ալ քաշել իրենց խանդավառութեան մէջ, բայց չեն յաջողիր։ Ատոմ անդրդուելի կը մնայ եւ չի հեռանար պատուհանէն, այլ՝ հայեացքը ուղղած պատուհանէն դուրս, լուռ կը հետեւի պարտէզի ծառերուն աշնանային տերեւաթափին։
Գաղափարին ուժականութիւնը տպաւորած է ընկերն ու կինը։ Բայց ոչ ոք կ՚ուզէ կրկին բորբոքել վէճը՝ հարցադրելով Ատոմին դիրքը գաղափարին դէմ։ Վէճը աւարտած է։ Կողմերը վար դրած են իրենց զէնքերը եւ վէրքերը լզելու ժամը հասած է։
Կինը կը մօտենայ Ատոմին եւ ձեռքը կը բռնէ քնքշօրէն։
– Օդը սկսաւ փոխուիլ արդէն,– կ՚ըսէ, ինք ալ պատուհանէն դուրս նայելով։ – Երթամ պատշգամին թաղարները ներս բերեմ, որ հովէն չվնասուին։
Կարգ մը հակումներ անյաղթահարելի են։ Կ ը նմանին պարի մը, որ ինքզինք կը ստեղծէ, կը նորոգէ, նուագուող եղանակին համաձայն։
Ատոմ կը սեղմէ կնոջ ձեռքը եւ դանդաղօրէն ազատ կ՚արձակէ զայն։
Մինչ Ատոմի կինը կը հեռանայ սենեակէն, ընկերը գաղափարը վերստին կը զետեղէ տուփին մէջ, կը գոցէ կափարիչը եւ կը կարդայ տուփին ետեւը գտնուող գրութիւնը։ Յանկարծ բացագանչութիւն մը կ՚արձակէ եւ աչքերը սառած կը դառնայ Ատոմին։
– Գաղափարին հեղինակներու ցանկին մէջ քու անունդ ալ կայ, Ատո՛մ։
Ատոմ ընկերոջ կը պատասխանէ առանց հայեացքը դարձնելու պատուհանէն.
– Աւրեցին, ձգեցին, ընկեր։ Այս չէր իմ ուզածս։
Երբ չեն մեռնիր պատմուածքներու անտիպ շարքէն