առտուն կ՚երգէ ժիր հագագով
դիւցազնութիւնն այս անտառին
առտուն կ՚ապրի իր սխրանքով
դունչն իր խրած հողիդ ծալքին
կը համբուրէ թաց շրթունքով
ամէն պտուկ ամէն իգա
կը յղանայ խոհն այս հսկայ
տնտղելով խորքը վէրքիդ
առտուն կը զգայ ցաւդ տանջող
կարեկցանքով իր խանդակաթ
առտուն կու լայ ու շիթ առ շիթ
կը մերկանայ հոգւով վճիտ
առտուն փշրեց քու ապակիդ
եւ ներս խուժեց պատուհանէդ
տակնուվրայ ըրաւ հոգիդ
քեզ դուրս հրեց քու պատանքէդ
հիմա կ՚ապրիս անհրազէն
ու զրկուած պատրուակէդ
ճշմարտութեան ժամդ է կրկին
ասպանդակէ քու քէնցած ձիդ
***
Հուրերէն մ եծղի քու վերջալոյսիդ
բաշերն իր այրեց մոլեգնած այս ձին
խմ եց անյագուրդ
գաւէն խնճոյքիդ
շնչեց մինչեւ ծուծ
քամ եց մինչեւ ծուծ
Հուրերէն տարփոտ քու արշալոյսիդ
շրթունքն իր կ՚այրէ
ալեհերն այս բիրտ
կը լլկէ դողով ոխերդ մթին
կուլ կու տայ ափով
հիւթերդ խռով
Հուրերէդ լափող դուրս կը ժայթքէ մերկ
վերջին ստինքէն սնուող պատանիդ
վերջին մարտերէն խոցուած դուն զինուոր
վերջին խայծերէն շանթահարուած գիրկ
***
եթէ մտնեմ աշխարհդ մութ
մոմիս լոյսով այս ազազուն
եթէ գտնեմ կածանն այս սուրբ
որ մեզ առաւ տարաւ հեռուն
եթէ երկինքն ընեմ խորան
մարմինդ խունկ բուրէ նորէն
եթէ շնչեմ այսպէս ազատ
այսպէս մաքուր այսպէս խորէն
եթէ ըլլանք մենք վերստին
քու դրախտիդ անսուտ վկան
ջարդենք կանոնն այդ անվարան
գլենք անցնինք նախնի տողէն
եթէ յանգինք մենք այսօրուան
անմեղութեամբ անվախօրէն
հասնինք սերմին մեր ինքնութեան
անդրշիրմի այս քաոսէն
պիտի հանգչին բջիջներն իմ
պիտի ցվերջ այսպէս լռեն
մ եռնին պիտի տենչերն ամէն
ձուլուին յաւէտ անէութեան
երգն այս պիտի խօսի անզուսպ
բուժէ վէրքերն այս արիւնոտ
որոնք կ՚ապրին կեանքէն անդին
որոնք դեռ կան դեռ կը կոտտան
Արեւագալ
շողեր գիտեմ որոնք միշտ
կը զգան սարսուռը հողին
կը սողոսկին ճեղքերէն
ամբարտաւան ու կրքոտ
կը փնտռեն առտուան
գիրգ մկանունքը նորէն
կը պլլուին ճիւղն ի վեր
ներս կը մտնեն տուներէն
կոնքերը մ երկ խայտանքին
արցունքներով կը սիրեն
ու կը գերեն կը գերեն
մերկութիւնները աւշոտ
անկիւն մը կայ մեկուսի
քաշուած հեռու աշխարհէն
կահերու պինդ խոժոռէն
առանձնացած ու սգուոր
բայց գաղտնօրէն ժամադիր
առաւօտեան քու շողիդ
որ ճաղերէն ներս գալով
կը թափանցէ ուղխօրէն
կ՚անցնի հանգիստ կահերու
դարանակալ մութերէն
մատներն անոր ոսկեղէն
գիտեն հաճոյքը բոսոր
գիտեն անոյշ ճաճանչել
գիտեն անսուտ մեղանչել
պատանութեամբ ու սիրով
անհունօրէն քեզ տանջել
գիտեն գտնել տենչերուդ
կիզահամբոյրը վշտոտ
եւ հուրերով զգետնել
քու լռութիւնդ դժխեմ
արեւն այսօր կը շողայ
իմ անուղղայ ծերպերէս
հրահրելով հաճոյքիդ
կոյր բջիջները խանդոտ
գրգիռներով տատամսոտ
ու թեւերուս մերկ կանչով
կը պարուրէ մէջքդ հեզ
ու կը խմէ քեզ նորէն
հազար տարուան կարօտով
դուն վերստին կը փթթիս
գարնանային պչրանքով
դուն կը հալիս հեշտօրէն
երազի յոյլ թովչանքով
արեւն այսպէս կ՚արթննայ
իմ ներսերէս կենսարբու
յանդգնութեամբ կը գոռայ
արեւամուտն իրիկուան
ան կը հեգնէ խենթութեամբ
ու կը ձօնէ պերճութեամբ
յաղթութիւնն իր միօրեայ
արեւն այսպէս կը լողայ
իմ ներսերէս այս առտու
արեւն այսպէս կը դողայ
կեանքին առջև ահարկու
արեւն այսպէս կը պոռթկայ
իր զենիթէն հնօրեայ
գրոհիդ դէմ դնելով
իր բարութիւնը հսկայ
արեւն այսպէս կը տոկայ
սրտատրոփ բերկրանքով
ու գողունի տրտմութեամբ
անզօրութիւնը կու լայ
ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 1