ՏՈԿԱԼԻ՞Ք Է ՈՐ ՏՈԿԱՍ

Նստելիք տեղ մը գտնուեցաւ բարեբախտաբար: Շոգեկառքը սպառնալից արագութեամբ կը լեցուէր, ու եթէ քաղաքավար մնայի եւ աջ ու ձախ չհրէի՝ ամբողջ ճամբորդութիւնս յոտնկայս պիտի անցնէր:
     Դիմացս կեռասի պէս կլոր ու կարմիր շուրթերով տիկին մը նստած էր՝ սեփ-սեւ գանգուրներու թաւուտին մէջ շողացող ադամանդէ գինդերով: Քովը զաւակն էր՝ շուքի մէջ հասակ նետած վտիտ տունկի պէս տժգոյն ու երկչոտ պատանի մը:
     — Պիտի երթամ, կ’ըսէր մօրը, տղաքը հոն պիտի ըլլան ամէնքը, ինչպէ՞ս կրնամ բացակայիլ:
     — Ուրիշ առիթով մը, կ’առարկէր մայրը շինծու մեղմութեամբ, սակայն ակռաներուն մէջէն: Համբերութիւնը հատնելու վրայ էր:
     — Չեմ ուզեր յիմար այդ նշանտուքը տօնել ու շաբաթ կիրակի մը ամբողջ ազգականներուդ հետ անցընել: Չեմ ճանչնար զիրենք:
     — Չե՞ս ճանչնար, կ‘ըսես: Ուրեմն լաւ առիթ մըն է որ երեսնին տեսնես, ծանօթութիւնը հաստատես: Քու տարիքիդ տղաք պիտի գան: Քու ընկերներէդ ինչո՞վ պակաս են որ:
     — Պիտի չգա՛մ հետերնիդ, վճռականութեամբ կ’ըսէր պատանին ու գրպանէն հեռաձայնը հանելով ու կոճակ մը կոխելով՝ իսկոյն զրոյցի կը բռնուէր:
     — Ժամը եօթնին տեղը հասած կ‘ըլլամ: Զիս կ’առնէ՞ք կայարանէն:
     Այդ պահուն կը կատարուի բան մը, որ եթէ ինծի պատմուէր՝ պիտի չհաւատայի երբեք:
     Մայրը ձեռքին վարժ շարժումով մը աքցանի պէս բռնեց որդիին թեւը, ճիշդ հեռաձայնը բռնող մէկը, իսկ միւս ձեռքով ուսին մէջ կարծես թաքնուած պտուտակ մը դարձնելով թեւը  մարմինէն զատեց ու արմուկէն ծալելով՝ նստարանին տակ եղած պայուսակին մէջ դրաւ:
     — Նորէ՞ն սկսար, ճուաց պատանին:
     — Ես խօսքիս տէրն եմ, մռլտաց մայրը դէպի պատուհանը դառնալով:
     — Պիտի իջնեմ յաջորդ կայարանին իսկ, տո՛ւր մէյ մը թեւս, ըսաւ պատանին ոտքի ցատկելով:
     — Ատոր դէմ ալ ճարը կայ, հանդարտօրէն ըսաւ կինը եւ երկու-երեք կտրուկ շարժումով պատանիին սրունքները անջատեց մարմինէն:

     Զարմանքէն, բարկութենէն ու նողկանքէս անշարժացած՝ նշմարեցի սակայն որ անդամները օժտուած էին ակներեւաբար մարդու ձեռքով շինուած յօդուածներով ու պտուտակներով:
     Սրունքները՝ թեւէն աւելի խոշոր ըլլալով՝ նստարանին տակի պայուսակին մէջ պիտի չտեղաւորուէին, ուստի տիկինը ոտքի ելլելով, գլխու վերեւի՝ բեռի համար նախատեսուած վանդակին մէջ դրաւ զանոնք:

     Շարունակաբար քրքիջներ պայթեցնող գինով երկսեռ խումբ մը քիչ անդին մէկէն լռեց սահմռկած:
     Զգացի որ ստամոքսս կը դառնայ: Ոտքի ցատկեցի ու դէպի ելքը վազեցի տատանելով:
     Հոն, դուռի հարթակին հասած կանգ առի՝ ճակատս պաղուկ ապակիին յեցած:
     Քանի մը վայրկեան մնացի հոն՝ վարէն խուժող ալիքը զսպելու համար ու փորձելով համոզել ինքզինքս որ տեսածս երազ մըն է, ուրիշ ոչինչ:
    Զիս սթափեցնողը ականջիս հասած երիտասարդ գինովներուն քրքիջն էր: Ուրեմն երազ էր: Կոթտող սրունքներուս վրայ տեղս վերադարձայ:
    Տիկինն առաջուան պէս նստած էր տեղը: Զաւկին քիչ առաջ գրաւած տեղը պարապ էր սակայն:
     Յաջորդ պահուն տեսածս կրկին ոտքի հանեց ստամոքսս: Պատանիին գլուխը տիկնոջ գոգն էր: Մեռած գլուխ մը չէր սակայն: Վասն զի կը խօսէր անձայն, ատելավառ նայուածքներ կը տեղար մօր վրայ, կը ծամածռէր:
     Գինով երիտասարդներէն մէկը մօտենալով մեր նստարանին դիմեց կնոջը.
     — Եթէ հսկիչները գան, կրնա՞ք մեզ ալ նոյն ձեւով քակել ու տեղ մը թաքցնել: Տոմսակ չունինք:
     Անագորոյն մայրը սեղմեց կեռասէ իր շուրթերն ու ոչինչ պատասխանեց: Պատանիին գլուխը կը շարունակէր անիծել նշանտուքն ու չճանչցած ազգականները: Մայրը կը սաստէր զինք ատենէ ատեն, սակայն կ’երեւէր, որ քիչ առաջուան խստութիւնը տեղի տուած էր:
     Կէս ժամ ետք շոգեկառքը թեթեւօրէն սահեցաւ մեծ քաղաքի կայարանին կամարներուն տակ:
    Կինը ժողվտեց իր բեռն ու քալեց դէպի կառքին դուռը: Գինովներէն մէկն ու մէկը նոյնիսկ օգնեց շալկել պայուսակ մը, որու մէջէն կ’երեւէր թեւ մը ու կօշիկով ոտք մը:
     Ունեցած-չունեցածը ձեռքով հրուելիք կառքի մը վրայ բեռնելով տիկինը սկսաւ ճեղքել բազմութիւնը: Կառամատոյցին ծայրը երեք ոստիկաններ կը սպասէին իրեն: Ուղեւորներէն մէկը լուր տուած ըլլալու էր հաւանաբար:
     Քովերնէն անցնելով լսեցի որ ոստիկաններէն մին «մարմնոյն վնաս պատճառել»էն կը խօսէր կամ նման բաներէ:
     Քիչ անդին կեցայ հետեւելու համար խօսակցութեան:
     Մայրը կատարելապէս հանդարտ էր: Ոստիկաններն էին, որ շփոթ ու անճրկած՝ ոճրադատ օրէնքին յօդուածները կը վկայակոչէին տեղի ու անտեղի:

     Կինը ձանձրացաւ վերջապէս:
     — Հապա կը փափաքիք որ տղան քրոջը պէս անպատկա՞ռ մեծնայ: Զաւակ որ չունիք. ինծի տղայ մեծցնե՞լ կը սորվեցնէք: Ցուցնե՞մ ձեզի աղջիկս: Ցուցնե՞մ: Հրամմեցէ՛ք:
     Ու գրպանէն մոխրագոյն գունդ մը հանելով շուրթերուն տարաւ: Ոստիկանները տարակուսած կը դիտէին կատարուածը:
     Տիկինն սկսաւ ուժով ուռեցնել գունդը որ խոշորնալով սկսաւ ձեւ առնել, շուտով օժտուելով գլուխով մը, իրանով ու անդամներով:
     Պահիկ մը ետք խրտուիլակը կենդանացաւ՝ վերածուելով գռեհկօրէն շպարուած ու գիսախռիւ պարմանուհիի մը:
     Չես գիտեր ուրկէ՝ մատերուն միջեւ վառող գլանիկ մը յայտնուեցաւ, զոր աղջիկը քաշեց լիաթոք ու ծուխի ամպ մը արձակեց բերանը բաց կեցող ոստիկաններուն երեսին:
     — Կայարանէն ներս արտօնուած չէ…, մրմջնեց ոստիկաններէն մին, սակայն գործընկերները զինք թեւէն քաշելով՝ սկսան գողեգող հեռանալ երբեմն կանգ առնելով, դառնալով ու ապշութեամբ դիտելով կեռասի պէս շուրթերով կինը:
     Որ այդ պահուն զաւկին մարմինը կրկին կազմելով զբաղած՝ իր ներկայ գտնուելիք նշանտուքին մասին կը խորհէր անկասկած:

 

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 1

Your email address will not be published. Required fields are marked *