Բանաստեղծութիւն
Անահիտ Սարգիսեան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

* * *
աչքերը դէպի
կապոյտը երկինքին
ամբողջ ուժով
կը քաշէ
երկար ու հաստ պարանը
կապոյտէն կախուած
եւ ահա
թեթեւ փետուրի մը նման
կը բարձրանայ
զինք վեր քաշող պարանին հետ
դէպի կապոյտը երկնային

պահ մը
կ’անշարժանայ հոն վերը
մէջը պատկերին
ապա
պատռելով պատկերը
ետ կը սահի դէպի վար
իր հետը բերելով
պատառ մը
կապոյտէն երկնային

ծունկերը ծալած
ոտքերը գետնին
կ’անշարժանայ
եւ ահա
կը սլանայ կրկին
զսպանակի նման
ու կրկնուող
իր թռիչքներուն հետ
կը ղօղանջէ
զանգը հսկայ

շաբթուան եօթներորդ օրն է
զոր
հանգստեան օր հռչակեց
ինքը`
Արարիչը

երկնային օրուան
սպասուած պահն է
երբ պարոն միսաք
դրախտին դռները կը թակէ
եկեղեցիին հսկայ զանգին
լեզուակէն կախուած

կիրակի օրուան
նեղ
փայլուն կօշիկներուս մէջը
պատանդ պահուած
միակ փէշիս մէջ
բանտուած
յանցագործ հրեշտակի մը նման
կը դիտեմ պատկերը
հմայուած
հրապուրուած

— սոյն փորձութեան
ինչպէս դիմանաս —

եւ ահա
կը սայթաքիս
փորձութեան կը մատնուիս
ու երկար պարանին պոչը բռնած
կը թռչիս վեր
պարոն միսաքին ետեւէն
թռչող թռուցիկին
նախշուն պոչը դարձած

կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
Արարիչին

երկար մօրուքէն կախուած
պարոն միսաքը
եւ մենք`
քանի մը երեխաներ
արգիլուած գօտին
ոտնակոխած

կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
մինչ կը ղօղանջէ
հսկայ զանգը
եկեղեցիին

պարոն միսաք
դուռ մըն էր բացուող
դէպի ծով բարիք
ու մնաց
այդպիսին
նոյնիսկ
երբ զոհեց
քսանամեայ
իր կրտսեր որդին
այն պատերազմին
ուր արիւնը
երկար տարիներ
հոսեցաւ
նեղ երակներուն մէջը
այս ափ մը երկրին

սեւեր հագաւ
որդեկորոյս
տիկին փրլանթ
ու մնաց սեւերուն մէջ
մինչեւ այն երեք կէտերը կախման
ուր կը հասնի
յիշողութիւնս պատանութեան
մինչ պարոն միսաք

աչքերը միշտ
դէպի կապոյտը երկինքին
երկար ու հաստ պարանին
ամուր կառչած
շարունակեց ճօճել
հսկայ զանգը
այն անցեալին

անհետացան
հաստ ու երկար
պարանները երկնային
սակայն
կը շարունակենք
օրօրուիլ
մենք`
ես ու դուն
եւ ան
մէկ վեր
մէկ վար
անդադար
փորձելով
փրցնել
բրդուճ մը
կապոյտ երազէն
փարատած

ԾԹ. տարի, 2020 թիւ 1

Your email address will not be published. Required fields are marked *