Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ ապստամբութիւնը, որ սկսաւ մարտ 2007ին, մեր ձեռքը հասած վաւերագրութիւններուն մէջ յիշուած է «Բերիաշէնի Երկրորդ Պատերազմը» անունով։ Յուշագրութեան հեղինակը հաւանաբար նկատի առած է Մեծ Հայրենական Պատերազմը իբր առաջինը, թէեւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը որեւէ համեմատութեան եզր չունի կորսուած ու փոքր քաղաքի մը ներքին ճակատումներուն հետ։ Անշուշտ ասիկա պարզ ենթադրութիւն մըն է։ Թերեւս անկարեւոր չըլլայ, քանի որ այս բախումներուն «երկրորդ պատերազմ» որակումը կրնայ նաեւ նշանակել, որ նախորդ ապստամբութեան մը պատմութիւնը կորսուած ըլլայ։
Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, կռիւը սկսաւ քաուչուկի եւ լաստիկի Օրջոնիկիձէ պետական գործարանի հինգերորդ բաժնին մէջ, ուր յատուկ ապրանքի արտադրութիւնը կը մշակուէր։ Քաղաքին մէջ զինամթերքի եւ զինուորական բեռնակառքերու ու ինքնաշարժներու յատուկ անիւներու սակաւութիւնը սրած էր եւ ժամանակաւոր ինքնավար հանրապետութեան Փրկութեան Կոմիտէի կառավարութիւնը ամէն ձեւի միջոցներու ձեռնարկած էր ռազմական կարեւորութիւն ունեցող հում նիւթեր ճարելու համար։
Բերիաշէնի Կոմկուսի ընդհանուր քարտուղար եւ Ժամանակաւոր Հանրապետութեան նախագահ Իգոր Մուրատեանի հրահանգով, բանակը չորս ամիսէ ի վեր սկսած էր բնակարաններ խուզարկել, գրաւելով նոյնիսկ ամենաչնչին քաուչուկի մասնիկը։ Շատեր առանց կօշիկի մնացած էին: Խիստ ձմրան ցուրտ օրերուն բոպիկ մարդոց եւ պզտիկներու տեսքը ողբալի էր։ Ոմանք փողոց կ՚իջնէին իրենց ոտքերը փաթթած հաստ կերպասի կամ կաշիի կտորներով։ Մէկ խօսքով, բնակչութիւնը մատնուած էր նախապատմական պայմաններու մէջ քաշքշելու իր գոյութիւնը։ Սովի պատճառաւ այդ ձմեռ արդէն մեռեալներու թիւը բազմացած էր ու գրեթէ հասած էր Բերիաշէնի բնակչութեան մէկ քառորդին։
Բերիաշէնի քաղաքացիական կռիւի պատմութիւնը, որ այստեղ կը նկարագրենք, հիմնուած է նախկին բերիաշէնցի Պաշտպանութեան նախարար Զաւէն Տուրեանի յուշագրութեան վրայ։ Անոր մէկ լուսատիպ օրինակը անծանօթ մը ղրկած էր Մոնթրէալէն Պուէնոս Այրէս։ Ներփակ նամակը, ընթեռնելի բայց բացայայտօրէն դողացող ձեռքով գրուած, ուրիշ տուեալներ կ՚աւելցնէր խառն արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով, որոշ վրիպումներով եւ ուղղագրական սխալներով, որոնք չէին համակերպիր նոյնիսկ խորհրդային խեղագրութեան օրէնքներուն… Ստորեւ ընդօրինակած ենք նամակէն մաս մը.
Յոկտեմբեր 25, 2016
Իմացել եմ, որ ձեր հայրը Բերիաշենի մասին Ա. Ա.-ի առաջին զեկույցը տեսել եր ու մէծ հետաքրքրութեամբ կարդացի ձեր գրությունը Բերիաշենի շուրջ, որը անշուշտ միւս Ա. Ա.-ի (այսինքն՝ Ակսել Ագեանի) օրագրութեան մի ձեւ արտատպումն է։ Շատ պիտի փափաքեի հասկնալ ոնց է դա ձեր ձեռքը հասել։ Փաստօրեն անկարելի ե որ դա Բերիաշենից դուրս գար էն շրջանին։ Ու ես իմ աչքովս եմ տեսել ինչպէս նրան՝ Ակսելի օրատետրը այրել է պատերազմի ժամանակ, Ակոբովի Տան հարձակումին ընթացքին։ Փոքրիկ մի կարմիր տետրակ էր։ Ակսել անշուշտ շատ ափսոսաց երբ ասացինք որ չիկարանք փրկել։ Իմանում էք որ նա շուտվանից արդեն կուրցել էր ձախողած փախուստի միջադեպքից ետք բայց իր ընկերուհին, բուժքույր Դիանան, նրա զրուցածները կ՚արձանագեր։ Ագեանը գերի բռնուեց Հրասարի ճակատամարտի ավարտին ու Մուրատյանը գնդակահարել տվեց մյուս ապստամբների հետ։ Դիանան մահացու վերք եր ստացել Հրասարի կռիվներում Մուրատյանականների կողմից արձակված կրակոցներից։ Միայն Տուրյանը, Վարդանյանը ու ես ենք հաջողել Բերիաշենից դուրս գալ պարտութենեն վերջ…
…Ձեր ներողամտությունը խնտրում եմ յեթէ նշեմ, սակայն, որ ձեր գրության մէջ մի քանի հարցեր սխալ եք հասկացել։ Կցել եմ Ագեանի հարցաքննության սրբագրված օրինակը։ Նա իրոք ընդունել եր նրա դաշնակցական լինելը։ Մուրատյանականները պաշտոնական արխիվում կեղծ տարբերակն են մտցրել նրա վախկոտ ու ստախօս անձնավորություն ներկայացնելու համար ու այսպէս ավելի ծանր պատիժ սահմանելու համար։ Ափսոս որ մէնք չենք կարող կապ հաստատել քանի իմ ապահովության համար ուզում եմ իմ ինքնությունը թաքուն պահել, բայց այս զեկույցը գուցէ ձեզ օգնի էդ իմ ասած սխալները ուղղեք։ Գրությունը որ ձեզ եմ ուղարկում ես եմ կազմել Պաշտպանութեան նախարար եւ Բերիաշենի ազատագրության հերոս Զաւեն Տուրեանի յուշերի հիման վրա։ Ակոբովի Տան անկումէն վերջ մենք նահանջել ենք միասին դէպի Հրասարի վանք եւ էնտեղից Արտաշէս թագավորի քարայրների ընդմեջեն Զանգեզուրի բացահայտ կողմը մուտ ենք գործել։
Հարգանքներով՝
Օ.
Նամակին հեղինակը ծրարին մէջ Բերիաշէնի քաղաքի ձեռագիր ու պատկերազարդ քարտէզ մը եւ Բերիայի դիմապատկերով դրոշմաթուղթ մըն ալ ներփակած էր։ Դրոշմաթուղթին գոյնը կանաչախառն կապոյտ էր։ Վերի մասի ձախին գրուած էր ԲՍՍԺԻՀ, իսկ աջին ռուսատառ ССВАРб։ Երկու արձանագրութիւններուն միջեւ կային սովետական մուրճը եւ մանգաղը՝ փոքր աստղի մը շրջագիծին մէջ։ Արժէքը մէկ ռուբլի էր, ան ալ նշուած երկլեզու՝ 1 Ռ. եւ 1 Р.։ Կարելի չեղաւ հաստատել Օ.ի ինքնութիւնը եւ Տուրեանի ներկայ բնակավայրը կամ նոյնիսկ եթէ տակաւին ողջ է։
Ա.
Բերիաշէնի մասին առաջին ծանօթութիւնը Սփիւռքի մէջ կուգայ Հարաւային Ամերիկայէն, բայց արդէն մահացած են այն երկու անհատները, որ տեղեակ եղած էին քաղաքի գոյութեան մասին։ Օրին լուրը գաղտնի պահած էին գաղութին մէջ անտեղի տարակարծութիւն եւ գրգռութիւն չյառաջացնելու նպատակով։
Ստորեւ կ՚ընդօրինակենք հատուածներ զեկոյցէ մը, քաղուած պոլսահայ լրագրողի մը հարցազրոյցէն Պ. Հ.ին հետ, որ յայտնաբերուեցաւ 2010ին.
Երբ 1943ին սովետական կարգերը որոշեցին իրենց հիւլէական աշխատանքին մէկ մասը Վայոց Ձորի լեռնապատ գիւղակի մը մէջ մշակել, հոն մնացած էին հազիւ հինգ-վեց ընտանիք եւ մի քանի այրի պառաւներ: Նորավանքէն քիչ մը անդին երկճիւղում մը կը բացուէր, որու ձախ թեւի վերջակէտին կը գտնուէր Բերիաշէնը, ինչպէս իշխանութիւնները անուանեցին զայն, թէեւ իր գոյութիւնը ռազմական գաղտնիք մնաց եւ միայն խորհրդային զինուորական քարտէսներու վրայ նշուած էր։ Բոլոր երիտասարդ տղաքը Մեծ Հայրենական Պատերազմին ճակատ գացած էին: Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, միայն չորս կամ հինգ հոգի վերադարձած էին իրենց ծննդավայրը:
Մնացեալներէն, երեք հոգի միացան Վլասովի Ռուսաստանի Ազատագրութեան Բանակին եւ գերի բռնուեցան Կարմիր Բանակի կողմէն: Արտեօմ Մելքոնեան, 24 տարեկան, գնդակահարուեցաւ Մոսկուայի մէջ, 3 մարտ 1945ին, եւ Զաւէն Ներսէսեան, 29-ը տարեկան, կախուեցաւ Մինսկի մէջ, նոյն տարուան 11 սեպտեմբերին: Երրորդ բերիաշէնցի մը, որ Վլասովի բանակին միացած էր, Նիկոլայ Օկանէսով, Գերմանիայէն Արժանթին փախաւ Իտալիոյ վրայով եւ Պուէնոս Այրէս «Արմենիա» օրաթերթի խմբագիր Ա. Ա.-ին ըսած էր իր զանգեզուրցի ըլլալը 1950-ին կամ 1951-ին: Ըստ Ա. Ա.ի 1952-ին գրուած անտիպ յօդուածի մը, որ ես, իբր «Արմենիա»յի յաջորդ խմբագիր, առիթը ունեցայ կարդալու, Օկանէսով ըսած էր, թէ իր գիւղի` հին Չարաբերդի ներկայ անունը Բերիաշէն էր, թէ Սովետական Միութիւնը քաղաքը արտաքին աշխարհէն մեկուսացուցած էր, եւ թէ այնտեղ հիւլէական զէնքերու գաղտնի ծրագիր կը հետապնդուէր։
Լաւրենտի Բերիայի հրահանգով, Սովետական Միութեան աթոմային ռումբերու զարգացումի տնօրէնութիւնը ստորերկրեայ միջուկային փորձի պայթում մը կատարած էր: Օկանէսով պատմած էր, որ քաղաքական բանտարկեալներ ուրանի հանքի մը ճամբարին մէջ կ’աշխատէին: Ճառագայթումի եւ ապականութեան հետեւանքով քաղցկեղը տարածուած էր բնակչութեան մէջ եւ բնակիչներէն տասնեակներ մարմնային հրէշային տձեւութիւններով ծնած էին։ Ատենին «Արմենիա» օրաթերթի խմբագրական կազմը մերժեց յօդուածի ձեւով այս լուրերը տալ: Այժմ Ա.Ա.ի անտիպ ձեռագիրը կորսուած կը համարուի։ Մինչեւ իր մահը 1974ին, Օկանէսով բացարձակապէս մերժեց բացատրել աղբիւրը այս արտակարգ տեղեկութիւններուն, ապահովութեան մտահոգութիւններ պատճառաբանելով։
Եօթը տարի առաջուան զեկոյցին մէջ գրուած էր, որ ըստ բերիաշէնցի Ի. Յ. Հովսեփյանի (Ի. Ե. Յովսէփեան) պաշտօնական պատմութեան քաղաքի, Բերիաշէնի հին անունը Չարաբերդ էր (պէտք չէ շփոթել Ղարաբաղի Չարաբերդի կամ Ջրաբերդի հետ, թէեւ կարգ մը պատմաբաններ կապեր փնտռած են երկու քաղաքներուն միջեւ): Ֆիզիկոս Արկադի Շմաւոնեանի այրին ըսած էր, թէ Լէօ զեկոյց մը տուած էր Չարաբերդի մասին, որ լոյս տեսած էր գրքոյկի ձեւով 1932ին, բայց 1945-էն ետք Խորհրդային Միութեան գաղտնի գործակալութիւնը բոլոր օրինակները որ կրցած էր ձեռք բերել, գրաւած եւ այրած էր: Չարաբերդը գտնուած էր Բագրատունիներու մէկ ճիւղի իշխանութեան ենթակայ եւ երկրաշարժ մը քանդած էր ԺԳ. դարուն: Վերապրողները գիւղ մը կառուցած էին Չարաբերդի Հրասարի վանքէն ոչ հեռու: Խեղճ գիւղակը ափ մը տնակներու անանուն հաւաքածոյ մըն էր:
Մարտ 1953ին երկրաշարժ մը, որուն կեդրոնը Բերիաշէնը եղաւ, ցնցեց Զանգեզուրը. թերեւս այդ օրերուն կատարուած ստորերկրեայ աթոմային զէնքերու փորձերուն հետեւանքով։ Ֆիզիկոս Շմաւոնեանի այրիին ստացած լուրերուն համաձայն, այնքան ուժեղ եղաւ երկրաշարժը, «որ ասում են լեռները քաղաքի վրայ փլուեցին եւ քաղաքը կուլ տուեցին, թէեւ Արկադին պնդում էր թէ դա լեգենդ ա, եւ պարզապէս Ստալինը վախեցաւ նրանց փրկելուց», ճառագայթումի հետեւանքներու վախէն:
Շմաւոնեանները 1952ին փոխադրուած էին Կիեւ, բայց շատ կապեր պահած էին Բերիաշէն բնակող ֆիզիկոսներու եւ ընկերներու հետ։ Արկադի Շմաւոնեանի այրին պատմեց ամերիկահայ ազգականի մը, որ Զանգեզուրի երկրաշարժին օրը գաղտնի սպասարկութիւնը գիշերը իրենց Կիեւի բնակարանը եկաւ. «Միլիցիան տարեցին ասելու, թէ երկրաշարժ էր եղել Բերիաշէնում ու քաղաքը լրիւ անհետացել էր, որ Բերիաշէն չէր մնացել եւ ոչ ոքի ոչ մի բան չէինք ասելու»:
Չորս օր յետոյ Ստալինը մահացաւ եւ հարցը բոլորովին մոռցուեցաւ: Թրքական պետական մամուլը անդրադարձաւ երկրաշարժի մը, որ նաեւ Նախիջեւանի մէջ զգացած էին ու անպայման Երեւան ալ, բայց քանի որ թուրքն էր ըսողը, մարդ չհաւատաց: Անշուշտ այդ օրերուն խիստ գրաքննութիւն կը տիրէր Սովետական Միութեան մէջ եւ լուրերու սփռումը պետական աչալուրջ հսկողութեան տակ էր։
Բերիաշէնի մեկուսացումէն ետք, տեղւոյն համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց առժամեայ իշխանութիւն մը ստեղծել մինչեւ որ վերահաստատուէին կապերը Մոսկուայի, Երեւանի եւ արտաքին աշխարհի հետ։ Քաղաքին Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին
միաձայն որոշումով, 1 հոկտեմբեր 1953ին հռչակուեցաւ Բերիաշէնի Սոցիալիստական Սովետական Ժամանակավոր Ինքնավար Հանրապետութիւնը (ռուսերէն՝ Социалистическая Советская Временная Автономная Республика Берияшена. բոլոր պետական փաստաթուղթերը եւ վարչական նամակագրութիւնը երկլեզու էին, ու կը կրէին հանրապետութեան ռուսերէն պաշտօնական անունը եւ բովանդակութեան ամբողջական թարգմանութիւնը)։
Կոմկուսը ինքզինք նշանակեց Ազգային Փրկութեան Ժամանակաւոր Կառավարութիւն։ Երբեք «Ժամանակաւոր» բառը չվերցուց իր անուանումէն, թէեւ 1958ին սկսած էր սեփական դրամ հատել եւ դրոշմաթուղթ տպել, միայն Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս նամակագրութեան համար։ Արտասահմանի հետ յարաբերութիւնները արգիլուած էին։
Բնակչութենէն գաղտնի պահելու համար, որ արտաքին աշխարհի հետ կապերը բոլորովին խզուած էին, Քարոզչութեան նախարարութեան գաղտնի մէկ բաժանումը կեղծ նամակներու պատրաստութեամբ կը զբաղէր, սուտ պատասխաններ գրելով։ Յայտնի չէ, թէ բնակչութիւնը գիտակից էր կացութեան ծանրութեան թէ ոչ, բայց քանի որ ուրիշ հաղորդակցութեան միջոց չունէին, անկարելի էր ճշմարտութիւնը ստուգել։ Միայն յիսունհինգ հեռաձայնի գիծ եւ հեռախօս կար, բոլորն ալ կառավարական սպասարկութիւններու պատկանող։ Պաշտօնապէս նաեւ հեռագիրի գրասենեակն ալ կը գործէր, իբր թէ ամէնօրեայ կապ պահելով Մոսկուայի հետ, կեղծ հրահանգներով ու լուրերով, որ «Սովետական Բերիաշէն» օրաթերթը կը տպէր։
Ֆիզիկոս Իգոր Մուրատեան (ծն. 1943ին) Կոմկուսի կեդրոնական վարչութեան ամենաերիտասարդ անդամն էր, երբ 1968ին Ժամանակաւոր Փրկութեան Կառավարութեան նախագահին դէմ լայնածաւալ դաւադրութիւն մը կազմակերպեց ու իշխանութիւնը ձեռք բերաւ։ Յեղաշրջումը պատմութեան անցած է «Դիմանկարներու Հակամարտութիւնը» կամ «Դիրքորոշման Կռիւը» անուններով։ Հին ղեկավարութինը գրեթէ ամբողջովին ոչնչացաւ բախումներու ընթացքին։ Մուրատեան շարքերը վերակազմեց իրեն հաւատարիմ նոր սերունդով մը։
Նախագահ դառնալէ կարճ ժամանակ ետք, Մուրատեան լծուեցաւ զուտ ընկերվարական ընկերութիւն մը կերտելու աշխատանքին, այնքան անզիջող խստութեամբ, որ տեղի տուաւ ծայրայեղութիւններու։ Նոր կառավարութեան մտցուցած փոփոխութիւններէն յատկապէս մէկը միայն բաղդատելի էր իր մոլեռանդութեամբ 20-րդ դարու մեծ գաղափարախօսական եւ ընկերային աղէտներուն՝ ինչպէս Չինաստանի Մշակութային Յեղափոխութիւնը կամ Քամպոտիոյ Խմեր Ռուժին գիւղացիական համայնավարութեան փորձարկութիւնները։ Կը մէջբերենք 2010ի զեկոյցէն.
Ժամանակաւոր Փրկութեան Կառավարութեան քրէական օրէնքով, ժամանակի հաշիւը պահելը արգիլուած էր Բերիաշէնի մէջ եւ կը համարուէր պետական գաղտնիք: Այսուհանդերձ, շատ անհատներ ապօրինի ձեռագիր օրացոյցներ կը պահէին եւ թէեւ ընդհանուր համաձայնութիւն կար մօտաւոր տարուան շուրջ, իշխանութիւնը աշխոյժ քաղաքականութիւն կը վարէր, ժողովուրդը շփոթութեան մատնելու համար: Բանուորներու Միջազգային Օրը քանի մը շաբթուան կամ ամսուան միջոցով երկու անգամ կը տօնէին, եւ անմիջապէս վերջը՝ Կանանց Միջազգային Օրը, մայիս 8ին։ Իրարու ետեւէ մայիս 1-ը երկու անգամ կը նշուէր, քանի մը շաբաթ ետք Լենինի ծննդեան օրը՝ ապրիլ 22-ը, կը տօնէին, եւ ամբողջ ձմեռը կ’ըլլար «Յեղափոխական հոկտեմբերեան ամիսներ», որով կառավարութիւնը կոչ կ’ընէր բերիաշէնցիներուն ազգասիրական զոհողութեան, որ դիմագրաւեն եղանակի ցուրտին, մթերքի պակասին եւ այլ զրկանքներու: Անգամ մը, մայիս 9ի Յաղթանակի Օրուան շքերթը Կանանց Օրէն շաբաթներ ետք տեղի ունեցաւ, ո՛չ միայն մէկ անգամ, այլ երեք, եւ գաղտնի օրացոյց պահողները — որ իրենց գիտութիւնները սեւ շուկայի մէջ կը ծախէին տարեդարձներ նշող բերիաշէնցի ընտանիքներու — լուրջ շփոթի մատնուած էին:
Աշխատանքային շաբաթը անկանոն էր: Կառավարական հրահանգով, աշխատանքային կրնար ըլլալ տասը օր շարունակ. «Հաջորդ 12 օր, 12 գիշերը, հռչակվում են աշխատանքային, եւ հաջորդական 5 օր, 5 գիշերը՝ հանգստի»: Այս ժամանակաշրջանը աւարտած, թղթատարերը կը ցրուէին յաջորդ աշխատանքային օրերու ժամանակաշրջանի նոր հրահանգները: Օրուան սկիզբը կը նշուէր հակօդային յարձակումի շչակը հնչեցնելով, եւ վերջաւորութիւնը, երբ փողոցները պէտք չէր մարդ մնար, շչակի երկու կարճ սուլոցով: Երբե՛ք չկային օրերու կամ ամիսներու անունները: Միայն տարեց բնակիչները կը յիշէին օրերու եւ ամիսներու անունները: Երիտասարդներու մեծ մասը միայն քանի մը օրուան անունը գիտէր եւ մայիս, ապրիլ, դեկտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսներուն անունները կրնային անգիր յիշել, բայց վստահ չէին, թէ ո՛րն էր ճիշդ յաջորդականութիւնը։
Շատեր գաղտնի տարեդարձներ կը տօնէին, թէեւ խիստ պատիժներ նախատեսուած էին այդ յանցագործութեան համար եւ ոստիկանութիւնը անակնկալ այցելութիւններ կ’ընէր տուները, հետապնդելով այս բնոյթի հաւաքոյթները: Յաճախ ձերբակալութիւններ կ’ըլլային այդ պատճառով:
«Սովետական Բերիաշէն» եւ քաղաքին «Կարմիր Աստղ» ռատիոկայանը կը խուսափէին թուականներ, կամ ժամանակի մասին յստակ տեղեկութիւն տալէ, ինչպէս նաեւ վարչակարգի անունները յիշելէ: Միայն պաշտօնները կը ծանուցանէին, առանց անունները տալու՝ «Մեծ Ղեկավարը հայտարարեց… Արտգործ նախարարը իմպերիալիստական արշավանքը Հյուսիսային Ասիայում դատապարտել է…», եւ նման, անորոշ լեզու կը գործածուէր բանտի միջանցքի հանրային ձայնասփիւռէն սփռուած յայտարարութիւններուն մէջ: Թուականներ, երկիրներու անուններ անգամ շատ հազուագիւտ կու տային՝ «Ափրիկյան սովահար ամբոխները պահանջում են ժողովրդատնտեսական համակարգ» կարդաց անգամ մը Ագեան իր փաստաբանին ձեռքը բռնած Սովետական Բերիաշէնի առաջին էջի վրայ արձանագրուած խորագիր մը:
Նոյնիսկ, շատ քիչ անգամ կու տային Ստալինի կամ Լենինի անունները… Երբ տային, միշտ անորոշ շարածիրի մէջ կը գործածուէր, «Ստալինի հաղթանակը ֆաշիստական ուժերի դեմ ապահովել է մեր ազգի բարգավաճումը», ու անյայտ կը մնար թէ ներկայի «Մեծ Առաջնորդը», որու անունը երբեք չէին յստակացներ, Ստալինն էր կամ ոչ, ողջ էր թէ մեռած: Ագեան նախքան Արտաշէսեան քարայրներու համալիր մտնելը կը յիշէր, որ ինքնաշարժի ձայնասփիւռի ալիքը սկսած էր խանգարուիլ, խօսնակի մը յայտարարութիւնը լսելով Վիշինսկիի մէկ որոշումին մասին, որ ինքնաշարժի վարորդին շատ զարմացուցած էր։
Բ.
Վերջին վեց տարիներուն ընթացքին, որոշ փոփոխութիւններ յառաջացած էին Բերիաշէնի կեանքէն ներս։ Արդէն փողոցները շրջող օթոներու թիւը հասած էր վեցի՝ բոլորն ալ նոյնատիպ, ամերիկեան «Պակարդ» (Packard) յիշեցնող, 1940-ականներու վերջերու սեւ «Պոբեդա» (Победа) սովետական մակնիշի ինքնաշարժներ, ներառեալ մէկը ոստիկանութեան, իսկ մնացեալները յատկացուած կառավարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան։ Անկենդան հանրակառքերը եւ տրամվայները տասնեակներով փողոցներուն վրայ շարուած էին, ժանգոտած եւ կոյր՝ լոյսերը շատոնց գողցուած կարիքաւոր բնակիչներու կողմէ։
Երբեմն բերիաշէնցիք կը տեսնէին կամ կը նշմարէին Իգոր Մուրատեանը, կարմիր վարագոյրը կիսով քաշուած, սեւ ինքնաշարժներէն մէկուն ետեւի մասը բազմած: Բայց հազիւ անոր սպիտակախառն մազերը տեսնէին, դէպի վար կ’ուղղէին իրենց նայուածքը ու գլուխը կը ծռէին, գրեթէ խոնարհելով եւ սաստիկ վախով լեցուած, քանի որ ընդունուած իրողութիւն էր՝ ըստ ժողովրդային ընդհանրացած համոզումին, որ այն անձը, որուն աչքերը հանդիպէին Մուրատեանի նայուածքին, նոյն գիշեր կը ձերբակալուէր եւ կ՚անհետանար։ «Սովետական Բերիաշէն»ը անգամ չէր անդրադառնար անոնց ձերբակալութեան, ինչ որ կը նշանակէր, որ շատ աւելի ծանր պատիժներ սահմանուած էին այս յանդգնութիւնը ունեցող մեղաւորներուն, քան այլ յանցագործներու, որոնց գնդակահարուած դիակները կը յանձնուէին իւրաքանչիւրի ընտանիքին։
Պատահած էր, սակայն, որ ընտանիքներ մերժած ըլլային իրենց հարազատներուն դիակները, ինչ որ «Սովետական Բերիաշէն»ի էջերուն մէջ կը գտնէր գովասանական արձագանք, իբրեւ օրինակ բանուորային շահերու պաշտպանութեան։ Ուշագրաւ օրինակ մըն էր քոյր եւ եղբայր Մինասեաններու պարագան—Կարինէն, որ տասնմէկ տարեկան էր, եւ Յովհաննէսը՝ եօթը—որոնք չէին ընդունած իրենց սեփական ծնողքին անշունչ մարմինները։ Բոլորն ալ գիտէին, որ որբերը միջոց չունէին իրենց հայրն ու մայրը թաղելու, բայց կառավարական Քարոզչութեան նախարարութիւնը օգտուեցաւ առիթէն եւ երեխաները հերոսացուց, Կարմիր Պիոներներու պատուոյ ղեկավարներ նշանակելով զիրենք եւ կարմիր մետաքսէ թաշկինակ կապելով անոնց վիզը, վրան ոսկեթելով հիւսուած՝ մուրճ եւ մանգաղ։
Մինասեան եղբայրներուն նուիրուած արձանը անգամ շինուեցաւ: Տարիքոտ տեղացիները անշուշտ յիշեցին Պաւլիկ Մորոզովի նշանաւոր պարագան, բայց միշտ շշուկով կ՚ըսէին՝ «Մեր երեխէքը լաւն են, ծնողքը մատնող չեն»։ Կարինէն եւ Յովհաննէսը յաճախ ներկայ կ՚ըլլային իբրեւ պատուոյ հիւր պաշտօնական ձեռնարկներու, միշտ տրտում ու վախցած արտայայտութեամբ, անժպիտ, մինչեւ որ օր մը իրենք ալ անհետացան։
«Սովետական Բերիաշէն» թերթը բանուոր դասակարգի փոքրիկ հերոսներուն նուիրուած լման կողքի յօդուածով մը հրատարակեց, անոնց անհետացման համար ամբաստանելով «ֆաշիստ-դաշնակ գործակալներ», որոնք ներթափանցած էին Բերիաշէն։ Օրեր ետք մահուան դատապարտեցին Հարբած Համոն, որ իր յաւիտենական գինով վիճակին մէջ չէր անդրադարձած, որ զինք կը տանէին դէպի մահ եւ լայն ժպիտով ելած էր սեւ Պոբեդան, նոյն երջանկութեամբ, ինչպէս մանուկ մը, երբ առաջին անգամ օդանաւ կը բարձրանայ:
Շատ քիչ բերիաշէնցիներ նստած էին շարժուն, գործող ինքնաշարժի մը մէջ, քանի որ գրեթէ բոլորն ալ, որ այդ բախտը ունենային՝ Կեդրոնական Բանտ երթալու համար էր, ուրկէ շատ հազուագիւտ թիւով մարդիկ ողջ կ՚ելլէին։
Զրկումները սաստկացած էին։ Անօթութեան պատճառով մայթերուն վրայ մեռնողներու թիւը այնքան մեծցած էր, որ կառավարութիւնը զինուորներու ջոկատ մը կազմեց մարմինները ժողվելու համար, մանաւանդ ագռաւներ եւ ուրիշ գիշատիչ թռչուններ հեռու պահելու նպատակով, շարք մը տհաճ դէպքերէ ետք, որ ցնցած էին նոյնիսկ բերիաշէնցիներու կարծրացած սրտերը։ Բայց շատակեր գազանները կառավարութեան վերջին մտահոգութիւնն էին. ստալինեան — աւելի եւս՝ բերիայական — վարչակարգ մը արեան հոտէն չէր գարշեր։ Բռնապետութինները յատուկ անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերեն գողերու եւ ուրիշ ոճրագործներու հանդէպ։ Չարագործութիւնը, որքան ալ փոքր ըլլար, ծանրագոյն պատիժներու կ՚արժանանար։ Այս սաստկութեան արմատը անիշխանութեան վախն էր. նոյնիսկ մեռելի մը ունեցած-չունեցած դրամները վերցնելը սովի օրերուն կը նկատուէր թէական, բայց վտանգաւոր, սպառնալիք պետութեան կայունութեան համար։
Ամէն առաւօտ, պահակները զոյգ-զոյգ փայտէ կառքերով փողոցները կը շրջէին, նախորդ գիշեր մայթերուն վրայ փռուած՝ սովամահ ինկածները հաւաքելու։ Պահակները զինուած էին, գողութիւնները կասեցնելու համար։ Արդէն երեք-չորս հոգի սպաննած էին, երբ անոնք փորձած էին մեռելներուն հագուստները կամ ուրիշ իրեր գողնալ։ Ոստիկանութիւնը անմիջապէս կը բոպիկցնէր այն հազուագիւտ դիակները, որոնց ոտքը տակաւին կօշիկ կար։
Կառավարութիւնը սովը վերագրած էր խափանարարներու։ «Սովետական Բերիաշէն» լրագիրը ամէն օր յօդուածներ կը տպէր, ուր կ՚անդրադառնար կառավարութեան «վճռական» քայլերուն «դիվերսիայի դեմ»։ Այդ միջադէպերէն մէկուն ընթացքին, բերիաշէնցի «դիակահաւաք» (այդպէս կը կոչէին տեղացիները մարմինները հաւաքող ջոկատը) Սարգիս Աբեղեան սպաննած էր 9 տարեկան Գայիանէ Կարապետեանը, վառվռուն աղջիկ մը, որ մեռած ծերունի մարդու մը գրպանները կը խուզարկէր։ «Սովետական Բերիաշէն» դէպքը անտեսեց, բայց լուրը քաղաքին մէջ տարածուեցաւ։ Քանի մը շաբաթ առաջ, անօթութիւնը Գայանէի փոքր քրոջ կեանքը խլած էր։
Աբեղեանները Բերիաշէնի յայտնի ընտանիքներէն էին՝ համայնավար կուսակցութեան մէջ բարձր պաշտօններ վարող։ Բերիաշէնի Կոմկուսին Կեդրոնական Կոմիտէին մէկ երրորդը Աբեղեան գերդաստանէն էր։ Օրջոնիկիձէ քաուչուկի գործարանի տնօրէնը Վիտալի Աբեղեանն էր, Գայիանէն սպաննող դիակահաւաքին հօրեղբայրը։ Այդ սաստիկ թշուառութեան օրերուն, Աբեղեաններուն դէմ ատելութիւնը լարուած էր։
Սարսափի մատնուած ժողովուրդի մը համար, փոքրիկ աղջկան մը սպանութիւնը, նոյնիսկ աղքատութեան եւ սովի օրերուն, լռելեայն լարուածութիւն ստեղծած էր։
Քանի մը օր ետք, Վիտալի Աբեղեան գործարանին հինգերորդ բաժինը այցելեց։ Մահուան սպառնալիքին տակ, աշխատաւորներուն հրահանգեց արագացնել հրասայլի յատուկ անիւներուն պատրաստութիւնը։ Գործը ձախողեցնողները պիտի դատապարտուէին քրէական օրէնքի համաձայն, իբր խափանարարներ հակաֆաշիստական պաշտպանութեան։ «Ֆաշիստի լակոտներ», բանուորներուն վրայ պոռացած էր Աբեղեան։ Նիւթի որակի պակասին հետեւանքով, հինգերորդ բաժնի յատուկ ռազմական ապրանքներու պատասխանատուները չէին յաջողած բաւարար ամուր անիւներ արտադրել չորսէն մինչեւ տասը թոն կշրող զինուորական բեռնակառքերուն եւ հրասայլերուն համար։
Բոլորն ալ գիտէին, որ իրականութեան մէջ Աբեղեանի բարկութեան պատճառը արտադրութեան խնդիրները չէին։
ԳԱԶ կառքերէն մէկուն վրայ նոր տեսակի անիւները փորձած էին, բայց այնքան տկար էին, որ Խոպան չհասած, անիւները փշուր-փշուր եղած էին եւ բեռնակառքը փորի վրայ ինկած էր մայրուղիին վրայ։ Բանակը Խոպանցի գիւղացիներէն տասը էշ գրաւած էր, որպէսզի անանիւ կառքը ետ քաշէին մինչեւ Բերիաշէնի կեդրոնական զօրանոցը։ Երկու-երեք էշ սատկած էր ճամբան ծանր աշխատանքին հետեւանքով։
Խոպանցիներուն համար հոգեկան վրէժի առիթ էր։ Իրենք, որ քաշքշուքի առարկայ էին տեղացիներուն համար —«Բերիաշէնի ապարանցիները» կ՚ըսէին— կատակ սկսած էին. «Ո՞ր էշը որ ո՛չ ոտով, ո՛չ էլ մեքենայով Բերիաշէնից Խոպան չի կարող հասնէ եւ տասը էշ է սատկացնում, որ ետ դառնայ… Վիտալի Աբեղեանը»։
Մատնիչներով վխտացող քաղաքին մէջ, կատակը կառավարութեան ականջին հասած էր։ Կառավարական արտակարգ ժողովի մը ընթացքին՝ վարչականներէն մէկը կատակը պատմած էր։ Ծայրայեղ զայրացած՝ Աբեղեան պահանջած էր, որ քանի մը խոպանցի ձերբակալուի եւ ծանր պատիժի արժանանայ — «Ես իմ ձեռքովն եմ սատկացնելու նրանց, ապարանցու գլուխ խոպանցիներին», պոռթկաց — բայց Մուրատեան շատ խնդաց, երբ կատակը լսեց։ «Լաւն ա», ըսած էր, տակաւին ծիծաղելով, եւ սրահը իր մանկլաւիկներուն խնդուքին բարձր «քահ, քահ» ձայներով լեցուած էր։
Շատ բարկացած, Աբեղեան գիշերը աչք չէր փակած եւ այդ ժողովի ընթացքին ապրած խայտառակութիւնն էր բացատրութիւնը յաջորդ առտուան իր զայրոյթին, երբ գործարանին հինգերորդ բաժինը յայտնուած էր։
Առաջին անգամն էր 1960-ականներէն, որ նոր կատակ մը կը լսուէր քաղաքին մէջ։ Բոլոր մնացեալները ապարանցիի եւ Վարդանիկի հին կատակներ էին, կամ անոնց վերամշակումները, յաճախ խոպանցիները անոնց թիրախը դարձնելով։ Բայց 1968ի «Դիրքորոշման» վարչակարգի ներքին մաքրագործութիւններէն ետք (Բերիային պատկերը Լենինի աջին կամ ձախին կախելու շուրջ) նոր սարսափի շրջան մը սկսած էր, եւ անկէ ետք կատակները դադրած էին։
Այդ վարչական ժողովին ժամանակ մէկը թելադրած էր «Կարմիր Վարդանիկ» երգիծական թերթ մը տպել, ժողովուրդին ցրուելու եւ անոր լուր զայրոյթը թեթեւցնելու համար, բայց մերժուեցաւ։ Ո՛չ թուղթ կար, ո՛չ ալ մելան՝ յաւելեալ նախաձեռնութիւններու համար։ Գաղտնի ոստիկանութեան տուեալները մտահոգիչ էին եւ բոլոր անկիւններէն ընդհանուր դժգոհութեան արտայայտութիւններ կը լսուէին։ Նոյնիսկ անստոյգ խօսք կար, որ խումբ մը դիմակաւորներ փորձած էր գիշերուան ժամերուն ոստիկանապետ Գագիկ Ոսկանեանի տունը կրակի տալ։ Բերիաշէնի վարչակարգը առաջին անգամ ըլլալով գիշերները անքնութենէ կը մտատանջուէր, ո՛չ թէ վախնալով միւս պաշտօնակիցներու դաւադրութենէն, որ յաճախ մահացու կ՚ըլլար, այլ ժողովուրդի գաղտնի ատելութենէն։
Ներքին Գործերու նախարարը առաջարկեց ընտրութիւններ, իբր թէ նոր, «յառաջդիմական» թեւի թեկնածուներ ներկայացնելով, որ պիտի իջնէին «հիներ»ուն դէմ։ «Հին սերունդ»ի ձայները, սակայն, անդրադարձան, որ նախարար Բենիամին Գէորգեանի բանաձեւը վտանգաւոր էր, քանի որ Իգոր Մուրատեան կրնար զայն իբր պատրուակ օգտագործել ներքին մաքրագործումի նոր ալիք մը սկսելու համար, միաժամանակ կուսակցութեան մրցակիցները չէզոքացնելով։ Բերիաշէնի մէջ իսկական ժողովրդավարութիւն չկար։ Ընտրութիւններու արդիւնքը պիտի ըլլար այն ինչ որ Մուրատեան որոշէր։ Քաղաքը շատ փոքր էր, եւ քանի որ արտաքին աշխարհէն կտրուած էր, չէզոքացման միայն մէկ ձեւ կար։
Պահ մը լռութիւն տիրեց։ Իգոր Մուրատեան միւս ութը ժողովականներուն դէմքերը մէկ-մէկ ուսումնասիրեց եւ անոնց աչքերուն մէջ կարդաց վախ եւ դաւաճանութիւն։ Աբեղեանի մէկ աչքին մէջ վախ կը թարթէր, իսկ միւսին՝ դառնութիւն։ Եթէ Մուրատեան ձեռնարկէր ամբողջ վարչակարգը մաքրագործելու, միայն առժամեայ ներքին խաղաղութիւն պիտի շահէր ի գին ներքին յեղաշրջումի սպառնալիքին՝ իր նախարարները սպաննելու պարագային, անոնց գերդաստանները իր իշխանութեան դէմ ոտքի պիտի ելլէին, մանաւանդ՝ Պաշտպանութեան նախարար եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար Զաւէն Տուրեանը եւ իր ընտանիքը։ Բերիաշէնի ժամանակաւոր կառավարութեան հիմնադրութենէն ի վեր հոկտեմբեր 1, 1953ին, անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը եւ բանակի հրամանատարութիւնը միշտ Տուրեանի մը ձեռքը եղած էր։
Իսկապէս, դաւադիրներու անյայտ թիւ մը Տուրեանի շուրջ համախմբուած էր եւ Մուրատեանի կառավարութիւնը տապալելու ծրագիր կը մշակէր, բանակի զօրավարներու մեծ մասին աջակցութեամբ։
Նոյն առտու, որ Մուրատեանի դէմ յեղաշրջումը պիտի սկսէր, Աբեղեան՝ զայրացած ժողովին մէջ կրած խայտառակութենէն, գործարանին հինգերորդ բաժինը այցելեց թիկնապահներով եւ խումբ մը ոստիկաններով շրջապատուած։
Բանուորները անդրադարձան, որ զիրենք ձերբակալելու եկած էին՝ բեռնակառքի դէպքին կապակցութեամբ։ Յայտնի չէր, թէ իրենք իրենց մէջ համաձայնած էին կամ ոչ, բայց իրենցմէ մէկը, Մարտիրոս Շահինեան, բոցարձակը անսպասելի կերպով վառեց ու Աբեղեանին վրայ բացաւ, որ իր շապիկը կրակ առած աղաղակներու մէջ թեւերը սկսաւ թօթուել եւ միջանցքէ մը վազեց, սեւ ծուխի հսկայ պոչ մը բարձրացնելով։ Աբեղեանի թիկնապահները միւս բանուորներուն վրայ կրակեցին եւ քանի մը հատը ինկան, ինչպէս նաեւ մաքրութեան կինը, բայց Շահինեան՝ բոցարձակը ձեռքը առած, իր առջեւ կրակէ պատ մը քաշած էր, ոստիկանները փախուստի մատնելով։ Աբեղեանի այրած դիակը գտան գործարանի ներքին բակին մէջ, հինգերորդ բաժնէն երեք յարկ վար, հաւանաբար պատուհանէն նետուած ըլլալէ ետք։
(Շար.1)
Կարդալ Շար.2 այստեղ
ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 1