Ե.
Տուրեանի հետեւելով, նախարարները իրենց դաւադրութեան աշխատանքը կը մշակէին խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ։ Դաւաճանութեան հետքերը ծածկելու համար, Տուրեան սկսած էր նոյնիսկ կեղծ ժողովներ գումարել «էշ նահատակներով»:
Տուրեան հետեւեալ ձեւով կը գործէր. իր բարեկամին՝ «Պրոֆեսորին» տունը, ժողովներ կը կազմակերպէր որոնց հաւանական դաւադիրներ կը հրաւիրուէին թաքուն միջոցներով, երկար ժամանակ իրենց հետ կապը սերտած ըլլալէ ետք, վստահութիւն ներշնչելու համար տիրող սարսափի պայմաններուն մէջ։ Ով որ հրաւէրը ընդունէր, անգիտակցաբար՝ սեփական ձեռքով իր մահկանացուն կնքած կ՚ըլլար։ Ժողովէն ետք, Տուրեանն ու Պրոֆեսորը՝ մէկը միւսէն առանձին, ենթադրեալ դաւաճաններուն անունները կը փոխանցէին գաղտնի սպասարկութեան։ Այսպէսով, Տուրեան կրցած էր ծխամպ ստեղծել, Մուրատեանին դէմ իր իսկական ծրագիրը ծածկելու համար։
Պապիկի նման մարդ էր Պրոֆեսորը ու բերիաշէնցիներու կողմէ սիրուած։ Զինք մօտէն ճանչցողները, սակայն, տարբեր ձեւով տրամադրուած էին իրեն հանդէպ։ Ամէն օր կայարան կ՚երթար Մոսկուայէն գնացք սպասելով, որքան ալ կէս դարէ աւելի անցած ըլլար, որ Սովետական Միութեան մայրաքաղաքին հետ երկաթուղային կապ չկար։ Բերիաշէնի մասին 2010ին Ակսել Ագեանի յայտնաբերուած զեկոյցէն այս հատուածը այստեղ յիշենք.
Պրոֆեսորը, արեւմտեան ոճի տարազ հագած, ամէն օր կու գար կէսօրուան ատեններուն եւ ժամերով կը սպասէր գնացքի մը գալուն ոտքի վրայ, հաստ ակնոցներուն ետեւէն լեռնաշղթայով փակուած հորիզոնը ուսումնասիրելով: — Պրոֆեսոր, էսօր է՛լ գնացքի չենք սպասում, Մոսկուայից լուր չենք ստացել,— կ’ըսէին իրեն կայարանին պաշտօնեաները եւ բանուորները:
Օրեր առաջ, Ասքանազ ըսած էր Ակսելին, որ Պրոֆեսորը հիւլէական ֆիզիկոս էր, առաջին սերունդէն, որ Բերիաշէն փոխադրուած էր սկզբնական շրջանին, Մոսկուայի հրահանգով: Այդ սերունդէն միակն էր, որ մնացած էր: Միւսները երկրաշարժէն քանի մը տարի ետք սաստիկ մաքրագործումներուն շրջանին անհետացած էին: Ուրիշներ, անոնք որոնք դէմ էին Բերիայի պատկերը Ստալինի ձախին տեղաւորելու տեսակէտին, սպաննուած էին «Դիմանկարներու Հակամարտութեան» ժամանակ:
Երկաթուղիի կայարանը միշտ քանի մը հոգի կ’ըլլար, որոնք տարինէրէ ի վեր կը սպասէին, որ Մոսկուայի գնացքը գայ: Քանի մը ծերեր կը սպասէին պատերազմի գացած զաւակներու կամ ամուսիններու վերադարձին: Կէս դարէ աւելի էր, որ երթեւեկութիւն չէր եղած այս կայարանին մէջ, բայց չէին հաշտուեր այս կացութեան հետ: Մինչեւ 1953ի երկրաշարժը, այս գաղտնի երկաթուղիի ճիւղը կ’օգտագործուէր գիտնականներու եւ հանքերու արտադրութեան փոխադրութեան համար:
Կ’ըսէին թէ Պրոֆեսորը քառասունականներուն աշխատակցած էր Սախարովի եւ Կուրչատովի հետ: Թէեւ ինքը ճամբորդներուն մէջ չէր Մոսկուայի ուղղութեամբ, ելլող առաջին գնացքի օրը անհամբեր կը սպասէր:
Պրոֆեսորը կայարանին մօտ կ’ապրէր: Ամենատես կոյրերու պէս, առանց սայթաքելու մութ փողոցներուն մէջէն հասան Պրոֆեսորին տունը: Երբ օղին սկսած էր առատութեամբ հոսիլ, ներկաները Ակսելին ըրին նոյն հարցումները՝ ի՞նչ տարի էր, եթէ Պերիան Ստալինը սպաննած էր, եթէ Միացեալ Նահանգներ կենցաղը շատ տարբեր էր կամ եթէ երբեք պանան կերած էր: Մէկը կը պնդէր, որ մինչեւ հիմա սովետական գիտութիւնը այնքան յառաջդիմած ըլլալու էր, որ հնարաւոր դարձած էր մարդոց կեանքը երկարել մինչեւ 200 կամ նոյնիսկ 300 տարի, եւ որ հաւանաբար Ստալինը թաքնուած էր Կոմունիստական Կուսակցութեան կողմէ, որ թշնամիներէն պահպանուի: Մէկը քիթին տակէն ըսաւ, որ այս մարդուն այլեւս օղի չհրամցնէին, եւ քանի մը հոգի մը խնդաց, բայց ուսուցիչներէն մէկը ըսաւ.
— Իմ պապիկի գիւղում շատ էին երկարակեաց մարդիկ, նա էլ 90ը անց է մահացել, առանց բժիշկի կամ ներկայիս հնարաւորութիւնների, ոնց չլինի որ Սովետը, իր բոլոր գիտնականներով եւ միջոցներով, դա կրկնապատկի, դա ինձ շատ հնարաւոր մի բան է թւում:
Ուրիշներ յայտնեցին այն կարծիքը, թէ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմ եղած էր, եւ որ թերեւս Բերիաշէնէն դուրս գտնուող աշխարհը քանդուած էր, կամ ալ հիւանդագին մարդոցմով բնակուած էր հիւլէական ապականումի հետեւանքով.
— Մեր խոպանցիների նման,— ըսաւ գինով մը (խոպանցի կ’ըսէին ուրանի հանքի կողքին ապրող գիւղացիներուն, որոնց մէջ մեծ թիւով այլանդակներ կային։) — Արտաքին աշխարհի օդը թունաւորուած է:
Մեծամասնութիւնը սակայն լռելեայն կը կասկածէր այս իրողութեան ճշմարտութեան վրայ, բայց միւս կողմէ անուղղակի կերպով հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ, եթէ իսկապէս արտաքին աշխարհը բնականօրէն կը շարունակուէր, Բերիաշէնը խզուած մնացած էր անկէ:
— Ո՞նց մեզ դեռ չեն գտել,— հարցուց ցած ձայնով ուսուցիչ մը Ակսելին, որ մատնիչներու սարսափէն լռութեամբ կը հետեւէր գերիրապաշտ խօսակցութեան:
Բերիաշէնի բոլոր ձայնասփիւռները հանրային տեղեր էին — գործարաններու մէջ, հիւանդանոցներու մէջ, դպրոցներու եւ բանտի միջանցքները — եւ ձայնասփիւռի անհատական սեփականութիւնը արգիլուած էր: Շատեր ունէին, սակայն, գաղտնի, նախապատմական ձայնասփիւռներ, որոնք անօգուտ էին, որովհետեւ բնակարանները ելեկտրական հոսանք չունէին, ռազմական խնայողութեան համար: Այդ գիշեր, Պրոֆեսորը արդիական ռատիօ մը ցոյց տուաւ, որուն միւս ներկաները հիացումով կը նայէին:
— Սա բոլոր գիտութիւնների աղբիւրն է, բայց դրա կարիքը չունենք, — ըսաւ: — Ի՞նչ պիտի փոխուի, որ իմանանք ի՞նչ տարի է կամ եթէ Միկոյեանը ողջ է թէ ոչ, դա ո՞ւմ է ծառայելու: Պրոֆեսորը պնդեց, որ Բերիաշէնը հայութեան ուժի գաղտնիքը գտած էր: — Մենք դարերով հպարտանում էինք, որ պատմութեան առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք եղել եւ ես հարց եմ տալիս՝ դա ի՞նչ օգուտ էր. Աստծոյ հայերէն աղօթում էինք, բայց Աստուած հայ չէր: Եւ աւելցուց՝ — 1918ի անկախութիւնը մեզ սով բերեց եւ ռուսների գիրկը հրեց, եւ նրանք մեզ ի՞նչ արեցին, Արեւմտեան Հայաստանը եւ Ղարաբաղը թուրքերին տուեցին:
Ներկաները վախով կը նայէին իրարու:
— Այսքան ժամանակ անկախ հայկական իշխանութիւն դարերով չենք ունեցել,— ըսաւ Պրոֆեսորը, խանդավառուած: — Բայց մի՛ յուսահատուէք, չի կարող յաւերժապէս այսպէս լինի, մի օր մեզ գտնելու են:
Ուրիշ ներկաներ սկսած էին նեղանալ եւ անհանգիստ կ՚առաջարկէին, որ մեկնին։
— Պրոֆեսոր, շարժուենք, գնացքը շուտով գնալու է,— ըսաւ թուաբանութեան ուսուցիչը:
— Ոչինչ, շչակ պիտի հնչեցնեն, երբ պատրաստ լինի մեկնելու, կը հասնենք հինգ րոպէից, մենք այստեղ կարեւոր խօսակցութիւն ենք վարում: Դուք երբեւէ ձեզ հարց չէ՞ք տուել, թէ մեր ելեկտրականութիւնը ո՞րտեղից է գալիս: Իրօք շատ քիչ ունենք, բայց կառավարական տանը լոյս է լինում, դա ո՞նց է մեզ հասնում, երբեք չէ՞ք մտածել:
«Ճիշդ է», մտածեց Ակսել, «Բերիաշէն ելեկտրատականութիւն չ’արտադրեր՝ ուրկէ՞ կու գայ»: Դիմացի գրադարանի մոմի լոյսին տակ, տեսաւ լուսանկար մը, ուր Պրոֆեսորը, երիտասարդ ու նիհարակազմ, Միկոյեանի եւ ուրիշ մէկուն կողքին կեցած էր:
Կայարանին շչակը լսեցին եւ բոլորը ոտքի ելան, որ փողոց վազեն:
— Արսէն, Գրիգոր, Ասքանազ, Ակսել, Վալոդ, Բաբգէն, շնորհակալ եմ որ իմ տունը այցելեցիք,— ըսաւ Պրոֆեսորը:
Միւսները լռութեամբ ելան փողոց, բայց Ակսել չհասկցաւ թէ ինչո՞ւ տրամադրութիւնը յանկարծ դառնացաւ: Մոմերու բոցի տկար լոյսին տակ տեսաւ Պրոֆեսորի հաստ ակնոցներուն ետեւ դեղին, գայլի աչքերը:
— Ո՞նց ես կարծում փրկուել է, երբ բոլոր պաշտօնակիցներին մաքրել են,— ըսաւ ուսուցիչներէն մէկը Ակսելին: — Նա է բոլորին մատնել, ուզում էր հասկացնել, որ մեր բոլորին անունները յիշում է:
Բոլորն ալ գիտէին, որ Պրոֆեսորը մատնիչ էր, բայց Տուրեանի ներկայութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէր՝ Բերիաշէնի հին եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն էր։ Տուրեան եւ միւս երկու իսկական դաւադիրները (Օ. եւ Ս.) այս ժողովներու ընթացքին երբեք իրենց բերանը չէին բանար։ Մուրատեանի եւ ոստիկանութեան հետ համաձայնուած գործողութիւն մըն էր, հաւանական հակառակորդներ թակարդի մէջ ձգելու համար։
Այս ժողովներէն անմիջապէս ետք, Տուրեան եւ իր երկու ընկերակիցները միւս մասնակիցները կը մատնէին, ինչ որ վաւերացուած կ՚ըլլար Պրոֆեսորի ամբաստանութիւններով։ Պրոֆեսորը, սակայն, սկսած էր կասկածիլ, որ իրմէ գաղտնի, իսկական դաւադրութիւն մը տեղի կ՚ունենար, եւ որ զինք կ՚օգտագործէին իբրեւ խամաճիկ։
Վերջին ժողովին, երբ բոլորը սեղան նստեցան, Պրոֆեսորը իւրաքանչիւրը անունով ու մականունով ողջունեց։ «Գրիգոր Դաւթեան, յայտնի բժիշկ Պօղոս Դաւթեանի արժանաւոր զաւակ, փա՜ռք քո նուիրեալ ընտանիքին… Վիգէն Պարգեւեան, քո գրիչը միշտ բեղուն լինի…»։ Մեղրանոյշ թամատայութեան նպատակը յստակ էր՝ ամբողջ այս բանաստեղծութիւնը առ ի տեղեկութեան համար էր, որ բոլորին կրնար եւ պիտի մատնէր եւ որ եթէ անոնց մէջ մատնիչ կար, կառավարութեան ականջին հասնէր իր հաւատարմութիւնը։
* * * * *
Այդ ժողովին նոյն գիշերը, ինչպէս ամէն Երեքշաբթի գիշեր գարնան ժամանակ, Գրիգոր Դաւթեան կը հանդիպէր իր կնոջ՝ Սաթենիկին, ու միասին կ՚երթային Հրասարի վանքի տակ գտնուող պարտէզը, ուր կը նստէին բարտիներու շշուկին տակ, լռութեան պահ մը բաժնելու, լռութիւն՝ որ նոյնիսկ եթէ անպայման ուրախութեան համազօր չէր, գոնէ տխրութիւնը կը ծածկէր։ Երբ Սաթենիկ ընկճուած կը զգար, սովորութիւն ունէր քանի մը տուն բանաստեղծութիւն արտասանել։ Այդ գիշեր, Գրիգոր եւ Սաթենիկ նկատած էին, որ իրենցմէ ոչ հեռու մէկը նստած կը ծխէր բայց անլուսին գիշերուան մութին մէջ չկրցան նշմարել թէ ո՛վ էր։
Այդ մարդը մօտեցաւ հարցնելու Գրիգորին, թէ սիկառ ունէ՞ր։ Չունէր։
— Ո՞նց չունես։
— Չունեմ…
— Բա քո հարեւանին հետ քո ունեցածը բաժնել չես ուզում… էս քո կինը շատ սիրուն է, միթէ է՞դ էլ չես բաժանի…
Ու կնոջ ձեռք նետեց։ Գրիգոր մարդուն վիզէն բռնեց եւ բռունցքը բարձրացուցած էր, երբ մէկը սուլեց ու մօտեցաւ։ Գաղտնի ոստիկան էր։
— Էս ի՞նչ է պատահում էստեղ։
— Այս բարեկամը չի ուզում մի հատ սիկառ տալ ինձ, ասում է թէ Մուրատեանը մեզ քաղցից ուզում է սպաննել…
— Ես տենց բան չեմ ասել։
— Սո՛ւտ է, սո՛ւտ,— մրմրաց Սաթենիկ, սարսափած։ — Էս բարեկամը գուցէ սխալ է հասկացել…
Ոստիկանը Գրիգորի ու իր կնոջ անձնաթուղթերը ուզեց։
— Ուրեմն տե՞նց, բարեկամ… Մուրատեանը մեզ քա՞ղց է պատճառում…
— Տենց բան չեմ ասել, սո՛ւտ է ասում էս հարբած մարդը…
— Միթէ դուք ստում էք,— պատասխանեց ոստիկանը։ — Այստեղ ի՞նչ էք անում էս ժամերին։
— Բերիաշէնում ժամ չկայ,— պատասխանեց Դաւթեան։
— Ո՞նց չի լինում, ըսաւ ոստիկանը։ Ինչո՞ւ կառավարութեան պաշտպանութեան որոշումները քննադատում էք։
— Չեմ քննադատել։
— Բա ի՞նչ էր այդ հարցականը, եթէ ոչ ծածուկ ամբաստանութիւն կամ լկտիութիւն, Բերիայի իմաստութիւնը ծիծաղի առարկա՞յ էք դարձնում։
— Ո՞վ ինչ ըսաւ Բերիայի մասին, պարզապէս հաստատեցի կառավարական քաղաքականութիւնը։
—Դու ո՞վ ես Բերիայի անունը տալու համար։
— Ես Բերիայի անունը չեմ տուել։
— Բա ի՞նչ ես անում… Ու ասա, մի պահ առաջ դու Պրոֆեսորի տանը չէի՞ր։ Ի՞նչ հարցեր էք արծարծել։ Ասա՛ բարեկամ…
Դաւթեան դեղնեցաւ։ Սաթենիկ վախէն սկսաւ լալ։
— Այս հարցը լուծենք, խնդրում եմ, կինս…,— ըսաւ Գրիգոր թել մը ձայնով, այլեւս դողալով։
— Կինդ մոռացիր, ըսաւ ոստիկանը։ — Այս հարցը լուծելու ենք։ Իմ հետն ես գալու, ըսաւ ոստիկանը։
Այդ պահուն, մինչ Սաթենիկ լացը կը փորձէր խեղդել, փոքրիկ բոց մը լուսաւորեց մատնիչին նիհար դէմքը, իր բարակ շէկ պեխերը եւ ջուրի գոյն աչքերը։
— Բա՜, եկ տես որ լուցկի ունէի էլի,— ըսաւ մատնիչը բարձր ծիծաղով մը։ Գրիգոր կնոջ մօտենալ անգամ չփորձեց վախէն քալելով ոստիկանին առջեւ, որ իրեն հետեւելով առանց ձերբակալելու ոստիկանատուն տարաւ, մինչ Սաթենիկ սարսափահար մութին մէջ նստած ցած ձայնով վախէն կու լար ու կու լար։ Գրիգոր դաւաճանութեան համար դատապարտուեցաւ եւ շաբաթ մը ետք կախեցին Կեդրոնական Բանտի ներքին բակին մէջ։
Յաջորդ առտու Պրոֆեսորը թունաւորուած գտան, սրահին մէջ ինկած։ Կառավարութիւնը հարցը լուծեց՝ թունաւորումը նախորդ գիշեր Պրոֆեսորի կողմէ մատնուած ու ձերբակալուած դաւադրական ժողովին մասնակիցներուն վերագրելով։ Բայց իրականութեան մէջ, այդ գիշեր Ս.ն թունաւորած էր Պրոֆեսորին տարած կոնեակի շիշը։ Պրոֆեսորը կոնեակը երբեք չէր բաժներ եւ Ս. գիտէր, որ միշտ բաժակ մը կը խմէր այս ժողովներէն ետք, ջիղերը հանդարտեցնելու համար նախքան ոստիկանատուն երթալը մատնութեան։ Դաւադիրները համձայնած էին, որ Պրոֆեսորին մահը պիտի նշէր յեղաշրջումին սկիզբը Մուրատեանի դէմ։ Բայց Օրջոնիկիձէ գործարանին խռովութիւնները եւ Աբեղեանի սպանութիւնը անակնկալ մը եղան դաւադիր նախարարներուն համար։
* * * * *
Օրջոնիկիձէ գործարանի միջադէպերէն անկախ, գրեթէ նոյն պահուն, քանի մը փողոց անդին, կառավարական շէնքը շրջապատուած էր դաւադիրներու բանակին կողմէ։ Մուրատեան՝ իր հաւատարիմ մատնիչներէն մէկուն թելադրութեամբ, ճիշդ ատենին նահանջելով դէպի Շահումեան հրաձգային զօրաբաժնի խարիսխը, որ դաւադրութեան չէր միացած՝ քանի մը վայրկեանի տարբերութեամբ յաջողեցաւ փրկուիլ: Խոպան գետի ափին գտնուող զօրանոցին մէջ շարուած էին քաղաքին յիսուն հրասայլերը, որոնք անգործածելի կը համարուէին։
Անոր համար, Տուրեան եւ միւս դաւադիր նախարարները անակնկալի եկան, երբ իմացան, որ հրասայլերու շարասիւն մը կը յառաջանար քաղաքը շրջանցող մայրուղիէն դէպի կառավարական տուն։ «Անկարելի է՝ այդ ժանգոտած կառքերը շուտուանից փճացած լինելու էին, ո՞նց են աշխատացրել», կ՚ըսէր ու կը կրկնէր Տուրեան։ Անոր կողքին, Շահումեան զօրաբաժնի գունդերը սկսան արշաւի գործողութիւն, շրջանաձեւ դիրքեր գրաւելով, յեղաշրջումին ուժերը ճզմելու համար։ Թէեւ դաւադիր նախարարներուն չորս զօրաբաժին միացած էր, միայն թեթեւ հրետանիով զինուած էին. Կալաշնիկով հրացաններէն դուրս միայն օժտուած էին երկու թնդանօթով եւ խրամային հրասանդ մը, որ օգտակարութիւն բերաւ կռուի երկրորդ հանգրուանին, երբ դաւադիր նախարարներուն ուժերը քաշուեցան կառավարական տունէն։
Առանց ընդդիմութիւն գտնելու, Տ-34 թանկերու թափօրը շարուեցաւ կառավարական պալատին առջեւ, հրանօթները շէնքին ուղղուած։ Վեց թանկ ալ շարուեցաւ հակառակ ուղղութեամբ, յետսապահ դիրք բռնելով դէպի քաղաք։
Գրեթէ նոյն ատեն, Օրջոնիկիձէ գործարանին հիւսիսային կողմը հրդեհ սկսած էր։ Շահումեան զօրաբաժնի հրամանատար Գուրգէն Շահմելիքեանին հետ խորհրդակցելէ ետք, Մուրատեան որոշած էր, որ անյարմար պիտի ըլլար երկրորդ ճակատ բանալ բանուոր ապստամբներուն դէմ։ Զօրավար Շահմելիքեան ըսած էր, թէ իր զինուորները պարտիզանական մարտավարութեան հմուտ չէին։ «Դա Ստալինգրադի նման մի գործողություն է լինելու», համարած էր զինուորականը ու զգուշացուցած, որ թերեւս նախընտրելի ըլլար քաղաքական լուծում գտնել ժողովրդային դժգոհութեան։
Ուժերու մեծ անհամեմատութեան նկատումով, Տուրեան իր զինուորներուն հրամայած էր, որ ընդդիմութիւն չցուցաբերէն։
Յանկարծ մեծ պայթում մը կառավարական պալատի արեւմտեան կողմը շէնքը շրջապատող Մուրատեանական բանակը անակնկալի բերաւ։ Մուխին ու աղմուկին ընդմէջէն հարիւր հոգինոց շարասիւն մը ճամբայ բացաւ, գնդացիրի կրակով իրենց կողքին պաշտպանութեան վահան մը ստեղծելով եւ Շահումեան զօրաբաժնի ճակատի մէջտեղէն նահանջելով դէպի Օրջոնիկիձէ գործարան։ Դաւադիր նախարարները ընդառաջած էին բանուոր ապստամբներուն միանալու խորհուրդին, որ Տուրեան տուած էր։ Եթէ յանձնուէին, պնդած էր Տուրեան, Մուրատեանը դաւադիրներուն «Բերիաշէնի ամենաբարձր բարդիներից կախելու է»։ Իսկոյն, Մուրատեան կոչ ըրած էր դաւադիրներուն, որ անձնատուր ըլլային, Մոսկուայի մէջ աքսորի խոստումով։ Միայն մէկ դաւադիր պատրաստակամութիւն յայտնած էր առաջարկը ընդունելու, թէեւ ինքն ալ գիտէր, որ կէս դարէ աւելի էր, որ Բերիաշէնը աշխարհէն կտրուած էր։ Բայց վախէն տարուած, մարդը կ՚ուզէր հաւատալ. «Գնացքի փապուղին եթէ բանալ տայ կ՚անցնենք Երեւան ու Թիֆլիսի վրայով կը բարձրանանք Մոսկուա»։ Տուրեան իր ատրճանակը աջ կողէն քաշեց եւ մարդուն ճակտին կրակեց։ «Սրան այստեղ թողնենք», ըսաւ, սպաննուածին շապիկին վրայ գլխագիրներով գրելով. «Սա է դաւաճաններին ու վախկոտներին ճակատագիրը»։
Փախուստի գործողութեան ընթացքին, դաւադիր ուժերու զինուորներուն մեծ մասը սպաննուեցաւ։ Վիրաւորները, որ պալատին դիմաց Լենին հրապարակի վրայ ինկած էին, մեռան Շահումեան զօրաբաժնի հրետանիի կրակին տակ, որ կրակէ անձրեւի պէս Բերիաշէնի կեդրոնին վրայ տեղաց մինչեւ մահուան բացարձակ լռութիւնը տիրեց։
Ընդամէնը յեղաշրջումը տեւած էր մօտաւորապէս տասներկու ժամ։ Արեւամուտը չէր սկսած, երբ Մուրատեան ետ իր գրասենեակը մտաւ։ Խառնարան էր. պետական փաստաթուղթեր գետինը ցրուած էին, որոնցմէ մաս մը այրած էին աթոռներու եւ ուրիշ իրերու կողքին խարոյկի մը մէջ, որ սրահին մէջտեղը վառած էին։ Լենինի, Բերիայի եւ Ստալինի պատկերները պատռտած էին։ Բերիայի նկարին աչքերը փորած էին։ Եւ քարուքանդ եղող քաղաքի ղեկավարին առաջին հրահանգը եղաւ Սովետական եռեակին դիմանկարները ետ իրենց տեղերը կախել իրենց օրինաւոր հերթականութեամբ՝ Ստալինը մէջտեղը, Լենինը՝ աջին, իսկ Բերիան՝ ձախին։
Զ.
Օրջոնիկիձէ գործարանի հարաւային բաժինը ապստամբ բանուորները յաջողած էին պաշտպանել մեղմ հակայարձակումի փորձէ մը, որ Մուրատեանին հաւատարիմ Շահումեան զօրաբաժնի ուժերը ըրած էին թեթեւ հրետանիով, ինչ որ հաւանաբար թշնամի դիրքերու ուսումնասիրութեան գործողութիւն մըն էր. բանակը պարզապէս կ՚ուզէր ապստամբներուն տեղակայումն ու քանակական տուեալները ստուգել։
Մինչ մուրատեանական ուժերը զբաղած էին նախարարներուն յեղաշրջումը ճնշելով, Օրջոնիկիձէ գործարանի ապստամբները դիմադրութեան աշխատանքներու ձեռնարկեցին։ Կարելի չէ բացարձակ վստահութեամբ հաստատել, թէ կանխամտածուած ծրագիր կար թէ ոչ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ Մարտիրոս Շահինեանի կողմէ Աբեղեանին դէմ յարձակումը վայրկեանական, ինքնաբուխ որոշում մը եղած ըլլայ։ Վերապրելու կորովը զինք մղած էր նման յանդուգն քայլ առնելու, քանի որ ան, իբրեւ Հինգերորդ Բաժնի բանուոր-տնօրէն եւ մասնաւոր նիւթերու պատասխանատու (այսինքն՝ ռազմական կարեւորութիւն ունեցող) գիտէր, որ այդ օրը Աբեղեան եկած էր բոլորը մահապատիժի դատապարտելու համար։ Ու Շահինեանի գործընկերները այդ մտավախութիւնը կը բաժնէին։
Շահինեան գործարանի կառատան մէջ շարուած աւրուած տրամվայները եւ աւտոբուսները շէնքին հարաւային մասը հիւսիսայինէն բաժնող բակին մէջ շարել տուաւ, ամրութիւններու յանպատրաստից համալիր մը ստեղծելով։ Երկրորդ փուլի մը ընթացքին, գործարանը շրջապատող փողոցներն ալ պաշարեց, հսկայ հանրակառքերը շարելով գլխաւոր դարպասէն մինչեւ դիմացը գտնուող դպրոցին մուտքը։ Այստեղ երրորդ շարք մը տրամվայներ շարել տուաւ, այսպէսով հանրակառքերուն միջեւ ներքին միջանցքներ ստեղծելով, խրամի համազօր արժէք ունեցող, ուր Մոլոտով ռումբերով եւ բոցարձակներով զինուած բանուորներ պահուըտած էին։ Շահինեան կիներու եւ երեխաներու խումբ մըն ալ նշանակեց սնունդի եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւններ մատուցելու համար։ Այդ օրերուն բերիաշէնցիներուն միակ կերակուրը սոխ եւ գետնախնձոր էր։
Տուրեան եւ իր զօրքին վերապրողները Օրջոնիկիձէ գործարանի հիւսիսային բաժնին մէջ պաշարուեցան, կառավարական պալատէն մօտաւորապէս երկու քիլոմեթր անդին։ Հսկայական ճարտարարուեստական համալիր մըն էր, ուր երկայն միջանցքներ մութ ու բարձր առաստաղներով սենեակներ կը տանէին, անծայրածիր լաբիւրինթոսի վերածելով։ Պարտիզանական կռիւի համար իտէալ կառոյց մըն էր, պաշտպանութեան դիրքերը ամրացնելու յարմարութիւններով, որեւէ յարձակողական ուժի համար հզօր ծուղակի վերածելով։
Անզէն յառաջապահ խումբի մը գլխուն եւ սպիտակ դրօշ պարզելով, գործարանին մէջ Զաւէն Տուրեան մօտեցաւ Մարտիրոս Շահինեանի հանրակառքերով կազմուած ափյափոյ շինուած պատնէշը, ուժեր միացնելու առաջարկով։
«Պատահում է, որ ձեզ պէս մարդիկն էլ, որ դաժան ու բիրտ մի իշխանութեան սերունդներով են ծառայել, կարող են հերոսանալ», ըսած էր Շահինեան, ընդունելով Տուրեանի աջակցելու առաջարկը։ Փորձառու զօրավար էր եւ իր բանակի կարգին զինամթերք ալ բերած էր։ «Կեանքում մի շիտակ ու մեծ բան են անում ու անմահանում պատմութեան էջերում… Ո՞վ գիտի ինչպիսի մարդ էր Հայկ Նահապետը կամ Վարդան Մամիկոնեանը, կամ Զօրավար Անդրանիկը, որ Երեւանը անգամ ուզել է ռմբակոծել» ըսաւ Շահինեան։ «Դէ եկուր տես, որ նա մեր մեծագոյն հերոսներից է»։
Տուրեանի ուժերը կրցած էին փրկել խրամային հրասանդը կառավարական պալատի շրջափակումը ճեղքած պահուն։ Այդ հրասանդի օգնութեամբ, դաւադիր նախարարներուն բանակի եւ ապստամբ բանուորներու միացեալ ուժերը կրցան մէկ շաբաթով պաշտպանել Օրջոնիկիձէ գործարանի հարաւային կողմը։ Կառավարութեան զօրամասերը Շահինեանի տրամվայներով եւ աւտոբուսներով կազմած պարիսպը սկիզբը հեգնական ոգիով «Մաժինոյի գիծ» կը կոչէին, բայց շաբաթ մը կատաղի պաշտպանութենէ ետք, յարգանքով սկսած էին «Մարտիրոսի գիծ» անուանել զայն։
Պատերազմական պարէնի սակաւութեան պատճառաւ, ըմբոստները քաշուեցան դէպի Խոպան։ Իրենց վերջին դիրքը եղաւ Ակոբովի Տունը, երեք յարկանի ապարանք մը, ուր Տուրեան եւ Շահինեան, շուրջ քառասուն ըմբոստ զինուորներով եւ կամաւորներով միասին կառավարական բանակի յարձակումները զսպեցին երեք օր, մինչեւ որ Տուրեան, Վարդանեան անունով իր զինուորներէն մէկը եւ Օ. կրցան անցնիլ դէպի Հրասարի վանք եւ այնտեղէն Արտաշէսեան քարայրներ։ Փախուստի ծրագիրը դրական աւարտի տանելու համար, սակայն, Տուրեան պէտք ունէր Ակսել Ագեանի օգնութեան, միակ Բերիաշէնի բնակիչը, որ արտաքին աշխարհէն եկած էր։
Բայց Ագեան կը գտնուէր կառավարութեան իշխանութեան տակ մնացած Բերիաշէնի բաժնին մէջ։ Յատուկ գործողութիւններու համար մարզուած Տուրեանի զինուորներէն խմբակ մը յաջողեցաւ Մուրատեանական պաշտապանութեան գիծերէն ներթափանցել եւ Ագեանն ու իր կինը փոխադրել Ակոբովի Տուն։ Տուրեանի մարդիկը Ագեանին տան մէջ գտան Արտաշէսեան քարայրներուն ուղեցոյցը՝ A Guide to King Artaxes Cave System։
Ագեան այլեւս չէր փափաքեր վերադառնալ արտաքին աշխարհ։ Իր փախուստի փորձին ընթացքին, չորս տարի առաջ, ծծմբային թթուով արկածի հետեւանքով կուրցած էր եւ առանց Տիանայի տեղ չէր կրնար երթալ։ Ծնողքն ալ մահացած էր եւ ընտանեկան կապեր չունէր որպէսզի զինք Միացեալ Նահանգներ փոխադրէին։
Տուրեան ուսումնասիրեց Արտաշէսեան քարայրներուն ուղեցոյցը։ Կամաց-կամաց, յիշեց ցամաքային ականներուն գաղտնի քարտէսները, զորս Բերիաշէնի առաջին օրերուն՝ 1940-ականներուն, իր մեծ հօր կողմէ ղեկավարած ուժեր տեղադրած էին։ Մանկութեան յաճախ այնտեղ կ՚երթար զարմիկներուն հետ խաղալու, Հրասարի վանքի կողքին գտնուող ջրամբարին անմիջապէս ետեւի կողմը։
Ակոբովի Տան մէջ, ապստամբները գտած էին Բերիաշէնի պետական տպարանէն տուփ մը, լեցուն չբացուած գիրքերով՝ Աւետարան ըստ Բեմարլենի, մոռցուած ձախողութիւն մը մարքսիստ-լենինիստ Արդի Կտակարան մը գրելու, զոր հետապնդած էր նախորդ կառավարութիւնը։ Արդի Կտակարան՝ Աւետարան ըստ Բեմարլենին, գրած էր Մարքսիստ-Լենինիստ Մատերալիստական Գիտութիւնների Ինստիտուտի փիլիսոփաներու եւ ֆիզիկոսներու խումբ մը, Պարգեւ Տիրատուրեանի գլխաւորութեամբ։
Այս գիրքերէն էջեր պատռելէ ետք, սոխի կեղեւներ եռացուցին ու կարմիր մելան պատրաստեցին, եւ ապա այդ էջերով ձեռագիր թռուցիկներ կազմեցին, ժողովուրդին դիմելով, որ միանար ապստամբներուն։ Ստորեւ կ՚ընդօրինակենք անոնց կոչը, որ միայն կրնայ պատրաստուած ըլլալ Ագեանի տուած տեղեկութիւններուն շնորհիւ, եւ հատուածներ Աւետարան ըստ Բեմարլենէն.
Բերիաշենի ժողովուրդը կես դարից ավելի ապրել ե խավարում յեվ թշվառ պայմաններում դաժան բռնապետության տակ։
Բերիաշենի Ազատագրության Միացյալ Բանակը կոչ է անում մեր բոլոր հայրենակիցներին մեր մղած պայքարին միանալու։
Խորհրդային Միությունը փլուզվեց 1991 թվին։
Ստալինը մահացել է 1953 թ. մարտի 5-ին։
Բերիան գնդակահարվել ե իբր դավաճան 1953 թ. դեկտեմբերի 23ին։
Հիրոշիմայի ու Նագասակու պայթումներից հետո ոչ մի ուրիշ միջուկային ռմբակոծում տեղի չի ունեցել։
Հայ ժողովուրդը հսկա աղետ ե անցկացրել 1915 թվին թուրքի ձեռքից վոր կոտորեց Արեւմտյան Հայաստանի վողջ բնակչությանը, որի զոհ գնացին մեկ ու կես միլիոն հայրենակիցներ Մեծ Եղեռնին։
Աշխարհի մեծ մասը այսոր ազատ ե։
Կոմունիստական պետությունները կործանվել են։
Մեծ թվով տեխնիկական առաջադիմություններ նշել ե մարդկությունը Մեծ Հայրենական Պատերազմից հետո։
Ազատություն։ Ճշմարտություն։ Արդարություն։
Բերիաշենցիք՝
Բերիաշենի Ազատագրության Միացյալ Բանակը այսորվանից պայքարելու ե մեր ժողովրդի ազատության համար։ Մեր պայքարը միայն դադրեցնելու ենք երբ տապալենք Իգոր Մուրատյանին եւ նրա բռնապետական կառավարությանն ու վերամիանանք Ազատ ու Անկախ Հայաստանին ու համայն աշխարհին։
Կեցցե՛ Բերիաշենի Ազատ Ժողովուրդը
Կեցցե՛ Հայաստան
Կեցցե՛ Հայ Ժողովուրդը
Բերիաշենի Ազատագրության Միացյալ Բանակ
Բերիաշէնի Ազատագրութեան Բանակը Բեմարլենի Աւետարանի թուղթերով կրկնագիրներ պատրաստեց, թուղթերը փշուր-փշուր ընելով, ջուրով խառնելով եւ խմորը թուղթին մէկ կողմը փռելով։ Միւս կողին վրայ, կոչը ձեռագիր գրուեցաւ։ Թերթին միւս կողմը տակաւին կը մնային տպուած Աւետարանին էջերը, զորս կ՚ընդօրինակենք իրենց պատմագրական արժէքին համար։ Ակոբովի Տան մէջ գտնուած օրինակները հաւանաբար ցրուած չէին, որովհետեւ մուրճ եւ մանգաղի զինանշանը հակառակ տպուած էր, վրիպումի հետեւանքով։ Հաւանաբար այդ սխալին համար մեզի անծանօթ տպագրիչը շատ ծանր գին վճարեց, թերեւս նոյնիսկ իր կեանքով։ Հակառակ տպուած մուրճ եւ մանգաղը, որ թռուցիկներուն ետեւի կողմի, կեղծ Աւետարանի իւրաքանչիւր էջին վրայ տպուած էր, ապստամբներուն անպաշտօն զինանշանը դարձաւ։ Այդ ժամանակ, կարճատեւ փորձ մը եղած էր առաջին շրջանի Աբեղեանական խեղագրութիւնը վերահաստատելու, զոր Մուրատեան կասեցուցած էր երբ 1968ին իշխանութեան գլուխ անցած էր։
Միայն քանի մը տասնեակ թռուցիկ կրցան պատրաստել ու Շահինեանի փոքր զաւակը՝ ութը տարեկան Մելիքը, ղրկեցին որ քաղաքին մէջ բաժնէր, մութ գիշերին, շէնքերու դռներուն առջեւ ձգելով։ Երեխան յաջողած էր ապահով կերպով ռազմական դիրքերը կտրել ու Ակոբովի Տունը վերադառնալ, ուր ապստամբները յաջողեցան երեք օր դիմադրել թշնամիին, որ իր կենդանի ուժով եւ սպառազինութեամբ մեծ համեմատութեամբ կը գերազանցէր Բերիաշէնի Ազատագրութեան Միացեալ Բանակը։
Ստորեւ կուտանք մեզի հասած հատուածներ «Աւետարան ըստ Բեմարլենի» էջերէն։
(Շար.2)
Կարդալ Շար.3 այստեղ
ԾԹ. Տարի, 2020 Թիւ 2