Անթալիա
2011 թուականի առաջին կիսուն, Հայաստանէն Թուրքիա այցելած 25,295 զբօսաշրջիկներէն մէկն ալ ինք եղաւ: Դժբախտաբար, 2010ին պիզնեսը թոյլ չէր տուած, որ բարեկամներու եւ թուրիստական գրասենեակներու կողմէ գովաբանուող արձակուրդներու փաթեթը ձեռք ձգէր իր 23,423 հայրենակիցներուն նման: Սակայն յաջորդ տարի, երբ բախտը բերաւ եւ Թուրքիա այցելեց,նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ այցին գինը ութ տոկոսով յաւելում մը արձանագրած էր: Խորքին մէջ գանգատելիք ոչինչ ունէր. փաթեթը շատ աւելի ճոխ ու աժան էր, քան Սեւանի ափին երկշաբաթեայ արձակուրդներու այլընտրանքը: Լա՜ւ հանգստացաւ ծովափին: Վերադարձն ալ նոյնքան հաճելի անցաւ, որովհետեւ հանգստավայրը`ուր փոխադրակառքը կանգ առաւ, շատ տպաւորեց զինք իր առաջնահերթ ու քաղաքակիրթ հիւրասիրութեամբ, պանդոկով, ճաշարանով, նոյնիսկ այն հին համմամով, ուր իրեն խորհուրդ տրուած էր անպայման այցելել, սակայն զանց առնուած էր այն յաւելեալ մանրամասնութիւնը, որ այդ համմամը դարեր շարունակ եկեղեցի եղած էր:
Smartphone
Երբ վերջին նորոյթի եւ բարձր տեխնոլոգիայով օժտուած իր բջիջայինը գնեց եւ անոր հետ վերցուց ֆիքսուած սակով ամսական փաթեթը, նուէր ստացաւ անվճար հաղորդակցութեան րոպէներու պատկառելի քանակ մը: Բջիջային հեռախօսը վերջապէս ունեցաւ: Մնաց զրուցակից գտնելը:
Jesus Christ Superstar
Forth Worth-ի պատուելին ուզեց ամենէն յեղափոխականը ըլլալ Փրկիչին խօսքը տարածելու գործին մէջ: Հաւատացեալները անակնկալի եկան, երբ եկեղեցի մտնելով տեսան Թրաշ երաժշտութեան հանրածանօթ նուագախումբ մը, որ այդ օրուան աղօթքները պիտի մեկնաբանէր: Տիրոջ փառաբանութիւնը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Եկեղեցին ու բակը լեցուեցան ելեկտրոնային կիթառներու ձայներով եւ Ալէլուիա ռաքնռոլող խանդավառ երիտասարդութեամբ: Ինչ որ պատուելիին հաշիւներուն մէջ չկար, պատարագ/նուագահանդէսէն յետոյ ամէն ինչ ջարդուփշուր ընելու սովորութիւնն էր: Պայմանագրութեան մէջ նման արգելք չէր նշուած եւ երբ համատարած հիսթերիային մէջ փորձեց միջամտել քարուքանդ եղող եկեղեցիէն բան մը փրկելու համար, հրաշքով փրկուած ելեկտրոնային կիթառներէն մէկը ուժգին թափով իր գլխուն իջաւ եւ գանկը երկուքի բաժնեց: Մեռնելէն առաջ առիթը ունեցաւ զինք սպաննողին ինքնութիւնը ճանչնալու. զոյգ մը ատելավառ աչքեր որոնք դժոխային բերկրանք մը կ’արտացոլացնէին…
Harold Camping
Երբ երրորդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ նախատեսել աշխարհի վերջը, ու իր յայտարարած օրէն ու ժամէն յետոյ ամէն մարդ շարունակեց իր ընթացիկ կեանքը, նոյն այդ գիշերը հայրը գերեզմանատունէն իր մօտ այցելութեան եկաւ.
– Ծօ էշի կտոր, յաւիտենական հանգիստս խանգարեցիր: Տեղէս չելլեմ ըսի՝ չեղաւ: Յիմա՛ր, ամբողջ կեանքիդ մէջ մէկ առաւել մէկը չկրցար լուծել, թուաբանութեան պատճառով մարդու պէս դպրոց մըն ալ չաւարտեցիր: Ուզեցիր եկեղեցի բանալ, պիրատէր ըլլալ, պիզնեսիդ օգնեցի, ըսի խելքը գլուխը եկաւ, խօսիլ գիտէ, ռատիոյի ծրագիր սկսար, մէջէն կ՚ելլէիր կոր, հանգիստ կը մեռնիմ ըսի, բերանը անօթութենէն պիտի չհոտի… Ուլան անդի աշխարհ երթալս սպասեցի՞ր որ կենէ պելայի մէջ իյնաս: Ան ալ բան չգտար աշխարհի վերջանալուն օրը եւ ժամը հաշուելու ելար…
All you can pay massage
Մերսումի որեւէ մոլիի նման գիտէ որ ո՛չ մէկուկէս ժամը, ո՛չ ալ չորս կամ վեց ձեռքերով մերսումի տարբերակները կրնան բաւարարել իր մարմնի պահանջները: Հետեւաբար, երբ մերսումի բարձրորակ spa մը կը ծանուցէ իր նոր ծառայութիւնը, որուն համաձայն մերսումի ժամը կ’որոշէր ինքը` յաճախորդը, եւ ձեռնարկութիւնը կ՚երաշխաւորէր մերսումի շարունակականութիւնը, առիթը չուզեց փախցնել:
Ինչպէս խմիչքի սիրահարներն ու կիսամասնագիտացած գինովները կ՚ընեն pub-երու night club-ներու եւ bar-երու մէջ իրենց հաշիւը բաց ձգելով, մերսումի ձեռնարկութեան մօտ բաց ձգեց դրամատնային իր խնայողութեան հաշիւը, վարկային քարտերը եւ յատուկ պայմանագիր մը ստորագրեց, որուն համաձայն ձեռնարկութիւնը յանձնառութեան տակ կը մտնէր մերսման անընդմէջ շարունակականութիւնը ապահովելու, ի հարկին մատուցելով նաեւ սնունդի հայթաթման նման ծառայութիւններ:
Յետոյ գործէն հրաժարեցաւ, ամէն ունեցածը ծախեց, եւ երջանիկ մուտք գործեց մերսման սենեակը եւ աչքերը փակելով մարմինը յանձնեց արդէն գործի անցած երկու վարժ ձեռքերու՝ այնպէս ինչպէս հոգին պիտի յանձնէր զինք դրախտ առաջնորդող հրեշտակի մը:
Թէ քանի՞ ժամ, օր, շաբաթ թէ տարի անցած է այդ էքսդազային պահէն չի գիտեր: Միայն կը յուսայ, որ հրեշտակը աւելի կանուխ ժամանէ քան հարկայինի պաշտօնեաները, որոնք պիտի գան իր արդէն կասեցուած վարկային քարտերու դիզած պարտքերու մարումը պահանջելու:
Amatoury 114
Խոր ծերութեան մէջ փորձ մը կատարեց վերադառնալու մանկութեան բոյրերուն: Երբ քթին մօտեցուցին անուշահոտին շիշը, ճմռթկուած դէմքին վրայ ուրագծուեցաւ սարսափ մը, որ ահաբեկեց բոլորը: Բնազդաբար ձեռքը գլխուն տարաւ: Թէեւ գիտէր որ մազերը շատոնց թափած էին, բայց չկրցաւ յուսահատութեան սրտաճմլիկ արտայայտութիւնը զսպել: Աչքերը յաւիտեան փակեց, վերապրելով մանկութեան սարսափի ժապաւէնը, ուր հայրը, անտեսելով իր երկար մազեր ունենալու աղաչանքը, կը ստիպէր իրեն, որ երթայ սափրիչին մօտ, գլուխը յանձնէ Հաճիին, լսէ հազարումէկ պատմութիւններ, որոնք զինք չէին հետաքրքրեր եւ արցունքները հազիւ զսպէ, անդրադառնալով թէ ինչպէս մազերը զոհ կ’երթային մկրատի անխնայ հարուածներուն ու անշունչ դիակներու նման կը փռուէին գետին՝ ներողութիւն խնդրելով իրմէ: Յետոյ, երբ կարգը գար ծոծրակի աղուամազերուն, անոնց արմատախլման սատանայական նպատակով ստեղծուած մեքենային պաղ հպումէն չուշաթափելու համար կը յիշէր աչքերուն գոցուիլը, որոնք կը բանար միայն երբ սանտրի վերջին հարուածին հետ լսէր «անուշ, նայիման»ը: Շուրջը իր թշուառ վիճակով հաճոյացող ժպիտներ էին, մինչ զինք թունաւորելու նպատակով երեսին սրսկուած աժաննոց Օ տը քոլոնի սիրտ խառնող հոտը կ’ողողէր իր էութիւնը… Հայելիին մէջ կ’երեւէր ի կիրակի առաւօտեան պատարագին համար պատրաստ մանուկին սափրուած, խնամուած, սանտրուած դէմքը, որուն անմեղութեան այնպէս ալ երբեք չհաւատաց:
“Soy el sueño de un hombre muerto” (Bruno Lazzaro)
Կ’երազէր, բայց երազը իր աւարտին չհասած յանկարծամահ եղաւ:
Նոյն երազը հիմա մղձաւանջն է բոլոր անոնց՝ որոնց քունին մէջ կը յայտնուի: Կը սպասէ որ անոնք երազը իր աւարտին հասցնեն, որպէսզի իմանայ այն ինչ որ իրեն համար ծրագրած էր իրեն ծնունդ տուած քունը:
Global Warming
Տօթը այնքան հեղձուցիչ էր այդ օր, որ շնչելու համար մասնաւոր ճիգ պէտք է ընէր:
Երեկոյեան նոր միայն թեթեւ զեփիւռ մը զգաց դէմքին: Վերջապէս քիչ մը զովանալու մտածումը ապրումի չվերածուեցաւ սակայն: Կարծես դժոխքէն փրցուած կրակէ գնդիկներ էին, որոնք դէմքին բախեցան: Դէմքը ծածկեց, բայց ձեռքերը այրեցան: Շուրջը անապատ էր, պահուըտելու տեղ չկար:
Մազերը արդէն բռնկած էին, զեփիւռը վերածուած էր խենթ քամիի եւ մոխրացած մարմնին փոշին կը խառնէ անկենդան շրջապատին:
Bartleby-եան խորհուրդ գրողներուն
Իւրաքանչիւր տաղանդաւոր գրող երբեք չի կորսնցներ նախընտրութեամբ չգրելու պատեհութիւնը:
Հեղձուցիչ
Ամառնային տեղատարափ անձրեւոտ առաւօտ մը, գործի շտապող քաղքենիներով լեցուն գնացքին մէջ, գինով դատարկապորտը ինքզինքէն ելած կը պոռայ որ պատուհան մը բանան, քանի որ անտանելի էր զինք խեղդող` նոր լոգցած, մաքրուած, օծանելիքներով թարմացած մարմիններէն եկող անմարդկային հոտը:
Exodus
Մովսէսը հաշտուած էր իր ճակատագրին հետ: Արդէն այլընտրանք չունէր: Խոստացուած երկիրը պիտի չտեսնէր: Ժողովուրդը ապահով կերպով պիտի անցնէր ծովէն անդին, բայց ինք ծովափին պիտի մնար եւ թոշակի պիտի անցնէր: Ծովը անցնելու համար ժողովուրդին վճարած տուրքէն համեստ բաժին մը իրեն մնացած էր եւ կը ծրագրէր անով արժանի հանգիստի անցնիլ: Թերեւս նոյն այդ ծովափին: Բայց ինչպէս դարեր յետոյ Mel Brooks-ը պիտի բացայայտէր, ստիպուեցաւ ծովը բանալու համար բարձրացուցած թեւերը վեր պահել, որովհետեւ երկու աւազակ իր կռնակին դրած էին իրենց զէնքերը “and keep them up” ըսելով: Երբ թեւերը վար առաւ, աւազակները կորսուած էին եւ իրենց հետ տարած իր քսակը:
Հաւանաբար մեռաւ լքուած ու աղքատ:
Քաշէ քիթէդ տուր
Համացանցին մէջ կարդաց թեմային վերաբերեալ ամէն բան որ գրուած էր, ե՛ւ բացասական, ե՛ւ դրական: Կայքէջերուն վրայ համեմատեց առաջարկուած մակնիշները, բաղդատեց գիները, թեքնիք մանրամասնութիւնները, կարդաց սպառողներու կարծիքները, գնորդներու հարցումները: Ի վերջոյ որոշեց գնելիքը՝ Aspire High-end Vaping Kit, “…a change you can taste”, ինչպէս կը համոզէր ծանուցումը: Այդպէս էր, որ ծխելու սկսաւ, առանց շատ հասկնալու թէ ինչու իրեն հարց կու տային թէ արդեօք կը փորձէր ծխելէ հրաժարի՞լ:
ԾԷ. Տարի, 2018 թիւ 4