Այնքա՜ն խօսեցայ, անքա՜ն աղօթեցի որ վերջապէս յայտնուեցաւ Աստուած. «Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս», ըսաւ։
«Մեզի խոստացած էք որ մահուընէ ետք աստեղերը պիտի գանք։ Բայց մենք կեանքը կը սիրենք։ Նոյին պէս իննը հարիւր տարի պիտի չապրինք։ Շատ-շատ հարիւր տարի սահմանած էք մեզի։ Հարիւրը ընդունուած սահմանն է, քիչեր կ՚անցնին սահմանը, բայց մեծամասնութիւնը կամայ-ակամայ մինչ այդ անդենականի ճամբուն մէջ կ՚իյնայ։ Ի՛նչ կ՚ըլլար եթէ այսքան աղէտ, ու արհաւիրք, հիւանդութիւն ու ողբ չսփռէիք մարդկութեան վրայ։ Եթէ հաւատանք որ Դուք էք տիեզերքի արարիչը, տէրն ու տիրակալը, եւ առանց Ձեր արտօնութեան «տերեւ մը իսկ չշարժիր», ահա եկեր եմ հասկնալու Թագաժահրին գոյութիւնը մեր կենսախայտ կեանքին մէջ։ Ունինք չունինք մարմին մը եւ հոգի մը ունինք։ Այս համաճարակը մեր մարմնին խերը կ՚անիծէ, հոգին ալ մեր սիրելիներուն կը յանձնէ որպէսզի կսկծան եւ անոր հանգի՜ստը աղերսեն»։
«Ճակատագի՜ր», մռմռաց։
«Մահկանացուներուս համար «Ճակատագիր»ը Երջանկագիրի գոնէ շուքը թող ունենայ։ Կեանքը այնքան կարճ է, տառապանքը՝ այսքան մեծ»։
«Ես մարդ արարածին Ազատ Կամք տուած եմ»։
Ազատ Կամքին տուփը դիմացի ապառաժին վրան էր, ամուր փակած։ Ազատութիւնը կաշկանդուած էր Ազատ Կամքին։ Քաշեցի քաշքշեցի տեղէն հանեցի, ամուր բռնած գացի հրեշտակներուն քով։ Անոնց բարակ շրթներուն երկայն ժպիտներ գծուեցան, երախտապարտ էին որ զիրենք միշտ անաղարտ լոյսի տակ ներկայացուցած էի։
Հրեշտակներուն հետ նստայ խորհրդակցութեան։
Առաջին,— ըսի,— Գաբրիէլը եթէ հրեշտակապետ է՝ կը նշանակէ թէ իրեն օգնականներ ալ կան, որոնց գործը թերեւս մահանալիքներուն ցանկը պատրաստելն է։ Այդ մահասարսուռ հրեշտակին թեւերը կտրեցէք, գիշեր-ցերեկ տունէ տուն թող չթռի։ Մարդիկ իր սարսափազդու թափանցիկ պատմուճանը տեսածնուն պէս կը մեռնին։ Գաբրիէլը զանգուածային ոճրագործ համարելու՝ ցկեանս բանտարկելու էք։ Մարդկութիւնը այլեւս չ’ուզեր երկինքներէն մահաբեր բաներու հանդիպիլ։
«Իսկ չէ՞ք գիտեր թէ ներկայիս կ՚ապրի՛ք արդէն զանգուածային մահասփիւռութեան մէջ , ա՛յս երկրին մէջ իսկ», ըսաւ անոնց ամենէն տարեցը։
«Ի՜նչ «այս երկիր», այս պահուն ամբո՜ղջ մոլորակն է մահաշունչ», գլուխը տարուբերեց ուրիշ մը, որուն ձայնէն յայտնի էր թէ վիճաբանիլ կը սիրէ։
Հրեշտակները թռչելու փափաք չունէին այլեւս, քիչ մը մարդոց ի՛նչ եղածը հասկնալ կ՚ուզէին, թեւերնին վար իջեցուցած քով քովի նստան։
«Մեզմէ անոնք որ պատերազմ տարագրութիւն սրիկայութիւն տեսած են,—բացատրեցի,— Այո՛, զուլում տեսնողներս ճակատագրապաշտ դարձած ենք, կրնանք չիյնալ խոռոչներու մէջ, տարբեր դիրք ճշդել։ Բայց այդ դիրքին ճիշդ առջեւը կ՚անցնի երեք ամիսէ աշխարհը ահ ու սարսափի մատնած աներեւոյթ, անագորոյն գերզօրութիւն մը։ Թագ ունի՝ սակայն կը սպաննէ, յանցաւորը ինք է՝ քեզ կը դատապարտէ։ Դէմք չունի՝ կը սարսափեցնէ։ Ծանրութիւն չունի՝ մարմին կը քարացնէ։ Ինքը սանձարձակ կ՚ապրի՝ քեզ անկողնին կը քամէ։ Ձեռք չունի՝ քթածակերէդ կը մտնէ, կոկորդդ կայարան կարծելով կը նստի յետոյ կ՚իջնէ խռչափողիդ աստիճանէն մինչեւ թոք եւ անոնցմէ ալ անդին կը մագլցի կը սուզուի, կենդանիներուն ամենէն համբերատարը նկատուող ընգղայի պէս (octopus) նենգ ու անշարժ կը սպասէ, որպէսզի մէկէն ի մէկ թունաժետ փակի։ Աչք չունի՝ քեզ տեսլահար կ՚ընէ, ինքը համր՝ մարդոց հառաչել, լացնել կու տայ։ Հեռու չի կրնար թռիլ, բայց ձեւը գտեր է, թոքիդ խորերէն խերդ կ՚անիծէ։ Ձեռք չունի՝ խեղդամահ կ՚ընէ։ Մէկ խօսքով մայրերնիս կը լացնէ»։
— Յայտնի է որ բարկացա՜ծ է, շա՜տ պիտի խօսի,— ըսաւ նարնջագոյն աչքերով հրեշտակը եւ հեռացաւ:
«Մենք հպարտ էինք, որ մարդու պէս կ’ապրէինք։ Ուրախ ըլլալու տօներ հնարած էինք, իրարու կ՚օգնէինք։ Արցունքը մեզի կը պահէինք, ժպիտը կը բաշխէինք։ Ոմանք կը խողխողէին, կը յափշտակէին, կը ստէին, կը բամբասէին, ուրիշներու կեանքը դժոխքի կը վերածէին։ Կը բռնաբարէին ու աւար կը դիզէին։ Անհանդուրժող ու նենգ էին, իրենց նման չեղողներուն կեանքը կը խլէին։ Ամբողջ ցեղ մը ոչնչացնել կը ծրագրէին։ Մենապետութիւն կ’ուզէին, կ’աքսորէին ու կը գնդակահարէին։ Ուրիշ երկիրներու սահմանները կը յափշտակէին։ Խելագար մոլուցքով, քրքջալով Քաղաքակրթութիւնը կը փճացնէին։ Համոզուած էին Անարդարութի՛ւնն է արդարը։ Իրենց շահերուն ընչաքաղց՝ ուրիշներուն տագնապը կարեւոր չէր»։
«Ուրեմն Հայր Աստուծոյ պատիժն է այս համաճարակը», ճարահատ գլուխը տարուբերեց դեղին աչքերով հրեշտակը։
«Պատիժը յանցաւո՛րը պէտք է կրէ։ Ժահրը չի զանազաներ. աներեւոյթ ոստայնները լարած իր մահացու ցանցին մէջ կը քաշէ մեծագոյն ճարտարութեամբ։ Ոմանք կրնան մազապուրծ ազատիլ. ոմանք ցաւագին կը մեռնին։
Այո, կան միլիոններ, որ մարդկային վեհութիւն չունին, բայց անոր դիմաց՝ պիլիոններ որ մարդկայնապաշտ են, սրտի հզօրութեամբ ու ճակտի քրտինքով կ՚ապրին։ Մէկ կեանք ունինք բազմապիսի տառապանքներով»։
«Ինչո՞ւ կ՚ուզէք ապրիլ այսպէս. ի գին ամէն բանի»։
«Որովհետեւ Կեանքի միլիոնաւոր շերտերէն մէկը, քանի մը հարիւրը, կամ ամբողջութիւնը կը սիրենք։ Մենք կեանք կ՚ըսենք՝ ամբողջութիւն կը հասկնանք, իրագործում կը հասկնանք, անհասանելիին անըմբռնելիին մատչելու կարողութիւն կը հասկնանք։ Սէր ու խայտանք ու նուիրում կը հասկնանք։ Կեանքէն մեծ ըլլալու, յաւելեալ լոյս ընծայելու պատասխանատուութիւն կը հասկնանք։
Գաղափարապաշտ ենք՝ մինչեւ վերջին շունչը կը պայքարինք։
Անօթի կը մնանք եւ արուեստ ու գիտութիւն կը ստեղծենք։ Կրակը յատակէն կը փչենք, հռթիռը կ՚արձակենք ուրիշ մոլորակներ, կը նկարենք հմայիչ գոյներով — մեծ յոյս ունիք որ անտեղերը շնչող հոգիներ կան։ Բանէ մը չենք ընկրկիր, ովկիանոսին յատակը կը խուզարկենք։ Գիշակեր գազանները մենք չենք ստեղծած, բայց կը պաշտպանենք։ Միլիոնաւոր դարեր առաջ ապրած կենդանիներն ու բրածոները, քարանձաւներուն մէջի նկարները, ու մեր նախահայրերուն շինածները մանրակրկիտ կ՚ուսումնասիրենք»։
«Ի՞նչ հարկ կայ միլիոնաւոր դարեր առաջ ապրած արարածները ուսումնասիրելու», հարցուց մուգ կապոյտ աչքերովը։
«Գիտութի՛ւն։ Միտքը կ՚ուզէ ըմբռնել ամէն երեւոյթ որ գոյութիւն ունի։ Ճիշդ է, կան բնազանցական երեւոյթներ։ Միայն խորանալով եւ հասկնալով է որ կը յաղթահարենք անճանաչելին, անհասկնալին, անսահմանութիւնը, երկիւղը, վտանգը։ Ութ անգամ Հիմալայեան լեռը բարձրացած լեռնագնացի մը հարցուցած են «ի՛նչը կը մղէ քեզ, մահուան գնով իսկ, բարձրանալ այս ահաւոր լեռը», պատասխանած է «Քանի որ կա՛յ» (Because it’s there!)։ Պէտք է գիտութիւնը ունենանք մեր տեսածին, չտեսածին։ Երկրագունդին ինչո՛ւ գոյութիւն ունենալը ինչպէս այսպէս ըլլալը։ Մեծ Պայթի՞ւն մը եղաւ, աստղաբեկո՞ր մը ուղղութիւնը շուարեցաւ, ջուրերը սահմանները ընդարձակեցին, ցամաքը բաժնեցին բաժնեցին։ Կապոյտը առատ, կանաչը յուռթի։ Ծիածաններ, ծիածաններ ամէն կողմ։ Բայց մենք տեղերնիս տիտիկ ընողը չենք։
Անթարքթիքա կ՚երթանք ուր լման վեց ամիս ցերեկ է, վեց ամիս գիշեր. եւ որովհետեւ այս կացութիւնը կրնայ հոգեկան խախտում յառաջացնել՝ հոգեբոյժներ կը տանինք մեր հետ։ Անպայման պէտք է խորաչափենք սառցակոյտերը. նկարենք թափանցիկ ձուկերը. հասկնանք քանի միլիոն տարի տեւած է սառցալեռներու կուտակումը. ո՛ւր կը քնանան ճերմակ արջերը։ Որեւէ երեւոյթի կ՚ընկերակցի՝ ինչպէս ինչու որքա՛ն ժամանակ է-ի պրպտումը։
Միլիոնաւոր հետախուզական կեդրոններ, տարրալուծարաններ ունինք, ուր հիւանդութիւններու համար դեղ ու դարման կը պատրաստենք։ Բարեգործ ենք, ո՛ւր աղէտ կայ, կը հասնինք։ Կրօններուն տեսակ-տեսակը ստեղծած ենք։ Բաբելոնի լեզուները բան մը չէին մեր գործածած լեզուներուն, բարբառներուն հետ բաղդատած։ Իսկ ինչ որ կ՚ընենք ու կ՚իրագործենք, եւ կամ սրբագրել կ՚ուզենք՝ կը հրատարակե՜նք ու կը հրատարակենք. որքան հրատարակենք՝ այնքան ծառ կը տնկենք։ Մարդկային կացինը, բնութեան լափլիզող կրակի երախը՝ կ՚ածխացնեն անտառները, ծառը նորէն կը յայտնուի։ Կենաց Ծառ է»։
«Բայց ձեր գաւաթին կէ՛սը լեցուն է միայն, միւս կէսը պարապ է». այս անգամ վարդագոյն աչքերով հրեշտակը խօսեցաւ։
«Գտած եմ ձեւը,— պատասխանեցի ինքնավստահ,— այդ պարապ մասը կը կտրեմ կը նետեմ։ Թանկագին ադամանդին՝ արժեզուրկ ապակին չի դիմանար»։
«Բայց ինչպէ՞ս կրնաք դիմադրել բնութեա՛ն աղէտներուն», շարունակեց կանաչ աչքերը չփչփացնող հրեշտակը։
«Բնութիւնը մեր կեանքի զարդն է, կը զուգենք կը զարդարենք. ինչ կայ չկայ բնութեան մէջ՝ կը հետաքրքրուինք։ Բարձր սար է՝ կը մագլցինք, կիրճ է՝անվեհեր կը քալենք, օդապարիկներուն մէջ արծիւ կը դառնանք։ Վերնոլորտը ապշեցուցած ենք մեր սրընթաց օդանաւներով, հակառակ որ բարձրաթռիչ թռչունները կրնան տապալել զանոնք։ Մինչեւ իսկ ջրվէժներէն տակառով սահիլ գիտենք։ Ինչ որ անկարելի կը թուի՝ անպայման պիտի յաղթահարենք, մեր կեանքի գնով իսկ։
Հիմա մեր մղձաւանջը աշխարհի մարմինը եւ կենսոլորտը մաքրելն է։ Կանաչապատում. օդը պիտի առողջացնենք, հողը մեր թափած աղտերով այլեւս պիտի չծանրացնենք։ Մեր զաւակներուն աւելի լաւ ու ապահով աշխարհ մը պիտի կտակենք»։
«Այնքան պատասխանատուութիւն ունիք, գիշեր-ցերեկ աշխարհը երանելի տեղ մը դարձուցեր էք, երբ մենք միա՜յն կը թեւածենք ու կ՚երգենք», յայտնեցին մեղմ մանիշակագոյն զոյգ մը աչքեր։
«Բայց դուք անո՛ր համար ստեղծուած էք։ Մեր երեւակայութիւնը կը գեղեցկացնէք. խորաններուն, թանգարաններուն թեթեւութիւն կը բերէք։ Միայն թէ Գաբրիէլին հարցը լուծեցէք»։
«Ըսէք, խնդրեմ, մեր ապրելու հզօր տաղանդին դէմ ինչո՞ւ մահասփիւռ վոհմակներ կան։ Կեանքին իմաստ, մինչեւ իսկ մահուան խորհուրդ տուող մարդկութեան գլխուն ինչո՞ւ կան բնութեան աղէտները՝ երկրաշարժ, սունամի ու կայծակ, հրաբուխ ու հողմամրրիկ, համաճարակ, դժոխքի կրակներուն մէջ ապրելու վախ, ան ալ՝ յաւիտեան։
Հիմա աշխարհին միւս անկիւնը մարդիկ պժգալի առնէտի (որ արդէն համաճարակներու պատճառ եղած է, երբ իրենք հինգ հազար տարիէ բանտարկուեր էին իրենց երկիր-ամրոցին մէջ), եւ բուի եւ օձի միս կերեր են, ուսումնասիրեր են. անոնք ալ անսահման վրիժառու՝ աշխարհակալ բանակներու ժահրեր հաներ են։ Չինացիները հարցը պարտկեր են ենթադրաբար, զայրացած խելագար մանրէները մարդկութիւնը փճացնելու համար վրիժառու կատաղանքով, սուսի՜կ-փուսիկ երկրէ երկիր սպրդած՝ համայն մարդկութեան վլվլուկ ու ողբ բարձրացնել կու տան։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ասիկա մեծ բան մը չէ, ֆլու է, ըսաւ, Զատիկին եկեղեցիները պէտք է լեցուին, հերիք է տունը նստին գործատէրերը, պաշտօնեաները, ուսումնական մարդիկը, պէտք է աշխատին. պէտք է կեանքը բնականոն դառնայ երեք շաբաթէն»։ Իր խորհրդատուները աղէտին ահաւորութիւնը բացայայտեցին, սահմռկեցուցիչ ըլլալը նկարագրեցին, մտիկ չըրա՛ւ, մինչեւ որ անդրադարձաւ թէ ժողովուրդին խելացի, կշռադատող մասը բարկացած է իր դէմ, մանաւանդ՝ կրնայ չվերընտրուիլ։ Հնարքը մէկ երկվայրկեանի մէջ լեզուէն դուրս թռաւ— «Ամէն մանրէ կ՚անհետի, ըսաւ, եթէ մարդիկ տան հականեխիչ քիմիական նիւթերը սրսկեն իրենց մարմիններուն մէջ. թոքերը կը մաքրուին. վերջացաւ գնաց»։
Միւս կողմէ՝ գիտնականներ գիշերը ցերեկին խառնած թագաժահրին գլուխը ճզմեն պիտի, բայց մինչեւ որ աժդահան սպաննելու յատուկ զէնքը գիտնան ու պատրաստե՜ն։
Մեր տուներուն մէջ պարտադիր փակուած, վախով-դողով ինչպիսի կսկիծ, միաժամանակ աննկուն կամք կը տեսնենք։ Առողջապահութեան ծիրը որդեգրողներու, ինչպէս նաեւ կամաւոր բանակներու ժամանակի խտութիւնն ու անմնացորդ նուիրումը կը բազմանայ սուլող վիրակառքերու հետ։ Մարդկային կեանքը փրկելու անձկութիւնը ոյժ ու կորով եւ անքնութիւն կուտայ։ Յուզում ու արցունք կը հեղեղուի: Ճամբաները մէ՛կ տեղ միայն կը հասցնեն՝ հիւանդանոց։ Մինչ այդ՝ բնակիչներ իրենց պատշգամներէն, հրշէջներ չորս կողմէն վառվռող կարմիր լոյսերով, ամէն առաւօտ եւ իրիկուն ճշդուած ժամու մը միահամուռ ծափահարութիւններով, թմբուկներով ու փողերով կ՚ողջունեն հիւանդներուն լաւացնելու համար մարտնչող բժշկական ամբողջ համակարգը։ Միլիոնաւոր անկողինններու, հարիւր հազարաւոր դագաղներու գոյութիւնը մեր ոսկորները չի՞ սառեցներ։ Իսկ մեր նահանգապետները՝ անհրաժեշտ սարքերը ապահովելու, եւ քաղաքացիները իրատես դարձնելու կողքին, նաեւ աննկուն յամառութեամբ «ամէնքս միասի՛ն պիտի յաղթահարենք» կը կրկնեն ամէն օր հեռատեսիլի կայաններէն։ Սիրելի՛ հրեշտակներ, դուք այդքան բարձրերէն ինչպէ՞ս պիտի գիտնայիք այս բոլորը. Կեանքի ու Մահուան միջեւ մեր արհաւիրքի կողքին՝ մեր սրտադող ու սրտազօր պայքա՛րը»։
«Բայց ինչպէ՞ս կը յայտնուին թագաժահրին նշանները», սրճագոյն աչքերով հրեշտակը կ՚ուզէր համաճարակի ծալքերը բանալ։
«Օհօ՜, անվերջանալի ախտանշաններ են. նախ կան երեք սարսափազդու սուրհանդակները.— ջերմութիւն հազ եւ շնչառութեան նեղութեան։ Օժանդակները՝ գլխացաւ, կոկորդի ցաւ, սիրտխառնուք, փորհարութիւն, մկանային ցաւ, կոտրտուք, շրթունքը կրնայ կապտիլ, աչքը կրնայ դեղնիլ։
Հերիք չէ մեր առօրեայ վախը, ամէն օր ուրիշ նշան մըն ալ կ՚աւելնայ ժահրը բնութագրող։ Ոտքի եղունգը կրնայ կապոյտնալ կ՚ըսէին երէկ, այսօր կ՚ըսեն՝ որ չէ՛ կը դեղնի, ստիպուած ոտքերդ կը զննես ճիշդ պատուհանի լոյսին տակ։ Քիչ մնաց պիտի ըսեն՝ եթէ մազերդ սկսած են շատ արագ երկարիլ կամ տարօրինակօրէն սպիտակ դառնալ՝ վայրըս ունիս. եթէ պանան ուտելու մեծ ախորժակ ունիս՝ վայրըս ունիս, եթէ այս օրերուն քարթուններ դիտել կը նախընտրես՝ վայրըսը մէջդ է, եթէ կը մտածես տունդ ծախել երթալ՝ ինչո՞ւ պիտի ընէիր եթէ վայրըս չունենայիր։ Նեղուած՝ օր ցերեկով տանդ բոլոր լոյսերը վառել ուզես՝ վայրըսը հասած է։ Այն օրը որ հեռատեսիլէն լուրերը մտիկ չես կրնար ընել կը նշանակէ արդէն վայրըսը հաստատուած է մէջդ եւ քեզ փոխադրած՝ հիւանդանոց։
Ուշ գիշերին կ՚անդրադառնաս թէ ծանօթներուդ մեծ մասը կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս՝ առձեռն հեռախօսի կամ խելախօսի վրայ է — քաղաքական հարցեր կը վերլուծեն, Հայաստանի իշխանաւորներուն գործունէութիւնը մէկ նժարէն միւսը կը փոխադրեն. իսկ հայ եկեղեցին միշտ պատնէշի վրայ՝ պատարագ կը մատուցանէ, կը քարոզէ, կը յորդորէ, ծայրէ ծայր դատարկ նստարաններու դիմաց, կամ ալ իրենց սեփական տուներու պաշտպանութեան տակ։ Գիր-գրականութեան, նկարչութեան, երաժշտութեան ու այլ արուեստներու հետ աղերս ունեցողներ կը ներկայանան, կը ներկայացուին։ Բառերու սահմանումները կ՚ընդարձակուին: Ամենէն ճոխը ուտեստեղէնի նկարներն ու բաղադրատոմսերն են, բերնիդ ջուրերը կը հոսեցնեն՝ իրենք փակած կը մնան պաստառին վրայ։ Փոքր քոյրս արդար համբաւի տիրացած է այդ մարզէն ներս։ Կարծիք յայտնողներու փաղանգներ կան, «ես ալ հոս եմ» ըսել կ՚ուզեն։ Տարեդարձ է՝ շնորհաւորէ ուրախացուր. թոռնիկի նկա՞ր է,— իմս ալ ներառեալ,— «աման սիրե՜մ» ըսէ, շարժուն նկարիկ մը ղրկէ։ Արագընթաց զարգացողը սակայն երգիծական գիծն է. դարմանարար է երբ երգիծանք մը կամ նկար մը կայ։ Լայք կ՚ընես կը գնահատես:
Իմ հինգ հարիւր բարեկամներու ցանկիս մէջ հերո՛սը՝ իննիսուներկուամեայ ներհուն մտաւորական Թաթուլ Սոնենց Փափազեանն է. ամէն օր արուեստով յորդուն իր գեղանկարները կը դնէ, կամ ինքնակամ բարձրաճաշակ թարգմանութիւն բանաստեղծութիւններու, ատենը մէյ մը ալ՝ իր բանաստեղծութիւնները։ Կը զարմանաս ու կը հիանաս։
Կայ նաեւ Կարօ Արմէնեանը, տնտեսագէտ ու բանաստեղծ, դաշնակցական ու հայածուծ. իր երիվարաքայլ բանաստեղծութիւններով, մեր ժողովուրդի հին արժեքները ներկայացնելու բծախնդրութեամբ, քաղաքական վերլուծումներով ու բարեբեր լուծումներու առաջարկներով — անոնք Նիւ Եորք Թայմզի մէջ պէտք է հրատարակուէին, մեր ժողովրդական պաստառներուն, թուղթերուն վրայ կը յայտնուին։
Հին ու նոր ծանօթներ որոնց տասնամեակներէ ի վեր չէիր հանդիպած, դիմատետրին վրայ այցելութեան կու գան, տաքուկ-տաքուկ կը խօսինք։
Մինչ այդ վայրկեանը վայրկեանին ուշադրութեան կը հրաւիրեն պաստառին վրայ ելած կարեւոր եւ անկարեւոր լուրերը։ Կողոպուտը շատցած է. թմրեցուցիչ ծախողները ետեւ ետեւի կը ձերբակալուին, ծերերը հոյլ հոյլ կը մահանան, դատարկ պողոտաներու մէջ արկածները դադար չունին։ Թուաքանակը կայ Նիւ Ճըրզիի իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ վարակուողներուն եւ մահացողներուն։ Մեր Փարամըսը երկրորդ ամենէն շատ հարուածուածն է։ Դուրս չելլե՜ս՝ ժահրը հետդ ներս կը մտնէ։
Դեռ՝ պաստառին վրայ բանէ-բամպակէ լուր չունեցող, իրենց ոչխարը առաջ քշողներն ալ կան։ Եէնքիզ մոմ գնէ երկու շիշ ՝ երրորդը ձրի է։ Կենդանի որդեգրեցէք, ամիսը միայն քսան տոլար է. մինչ այդ շունը ողորմելի կը նայի քեզի։ Մեր վաճառատան մէջ պատահած չէ որ հագուստեղէնի վրայ քսան առ հարիւր զեղչ ըլլայ. առաքումը՝ ձրի։ Եթէ դուրս պիտի ելլէք՝ ահազանգող սուլիչ մը ունեցէք։ Բժիշկներուն դարմանատուներէն հականեխիչներ, բերանակապեր, ձեռնոց ալքոլով պատրաստուած օճառներ, քիմիական թաց թաշկինակներ, բոլո՛րը անհետացած են։ Կ՚ուզես Ամազոնէն գնել կը նշեն թէ հազիւ երկու ամիսէն կը հասնի. նախապատուութիւն կը տրուի հիւանդանոցներուն։ Երկու ամիսէն ես ո՜ւր կ՚ըլլամ արդեօք։ Բայց աշնան նորէն պիտի գայ եղեր սա խայտառակը. ապսպրեմ ապահովեմ, ինչ կ՚ըլլայ չըլլար։ Ամազոնը կը գրէ՝ պարապ-սարապ բաներ մի գնէք, մարդ չունինք որ ձեզի հասցնէ զանոնք։ Նոր բառ մը կը շրջի ու կը շրջի՝ էսընշըլ «հարկաւոր»։ Եթէ էսընշըլ չէ՝ տունը կեցիր, եթէ էսընշըլ ես հիւանդները բուժելու, հիւանդանոցները մաքրելու, բեռնակառքով փոխադրութիւններ կատարելու, ապահովութիւն ստեղծելու՝ հրամմէ դուրս ել, վախդ՝ ներս պահէ։
Հնարամիտ բժիշկները ձեւը գտած են հիւանդը քննելու — թէլէմէտ։ Էփը կը բանաս, քանի մը հարցումի կը պատասխանես եւ պաստառին վրայ փրկարար բժիշկիդ դէմքը կ՚երեւայ, հարցազրոյցը կը սկսի. գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ Քովիտ19ի փորձանքը հասա՞ծ է մարմնիդ, թէ՞ ոչ։ Դեղագիրի համար դեղարան մտնելու կամ դրամատուն մտնելու պէտք չունիս – անոնց պզտիկ պատուհանէն առուտուրը տեղի կ՚ունենայ։
«Աս ի՜նչ կենսաձեւ է։ Մենք ունէինք չունէիք՝ Սատանայ մը ունէինք. զայն ալ երկիր ղրկեցինք», խօսեցաւ մեղրագոյն աչքերովը։
«Իսկ մենք անոր կողքին՝ ունինք նաեւ մեր հաւատքի՛ աղբիւրը։ Ամբողջ ժողովուրդը որո՛ւն կը հաւատայ գիտնալու համար ժահրին մանրամասնութիւնները՝ Տոքթոր ֆաուզիի՛ն։ ՄՆ-ու մեծագոյն համաճարակագէտն է քառասուն տարիէ ի վեր, ժողովուրդին վստահութիւնը լիուլի շահած է. ո՛չ կը սարսափեցնէ, ո՛չ կը մխիթարէ։ Հին դարերէն ի վեր համաճարակներուն պատմութիւնը գիտէ։ Կ՚ըսէ թէ այս մէկը տարբեր է խորհրդաւոր է եւ ամենակուլ ծալքեր ունի. մինչեւ 200,000 կրնայ մահանալ մեր երկրին մէջ — դեռ գագաթ մը կայ, հոն պիտի բարձրանայ. ահա սկսաւ կատար բարձրանալ իր զոհերով, կը տեսնէ՞ք, կամաց կամաց կատարէն կ՚իջնէ, հիմա հարթակն է բայց միշտ անակնկալներ կ՚ըլլան. պատրաստ ըլլալու ենք։ Ինչի՞ն պատրաստ չենք որ։
Անշուշտ եթէ մեր Նախագահը տնտնացած չըլլար, զոհերուն թիւը շատ նուազ կ՚ըլլար։ Տաքթոր Ֆաուզին Նախագահին տգիտութեան խերը անիծեց իր դիւանագիտութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։ Պատրաստ ըլլալու ենք, կը կրկնէ։ Կը զգուշացնէ թէ վայրըսը աշնան դարձեալ պիտի արշաւէ ամեհի թափով։
Վերջը եկած է անոնց որ կը գտնուին խոցելիներու խումբին մէջ. կը սկսիս մտածել՝ երթալու պիտի երթա՜մ՝ այս հերթի՞ն երթամ թէ ոչ յոյսիս սանձը բռնած ապրիմ եւ աշնան հերթին տապալիմ։ Փոքրիկ յոյսով մը կը հարցնէ հաղորդավարը՝ «Շիճուկը պիտի հասնի գալ փետրուարին, կրնա՞յ նաեւ յունուարին ըլլալ այդ գիւտը»։ Երեք բաներ պէտք է ճշդուին, անկէ ետք վստահ կրնանք ըլլալ, կ՚ըսէ գիտնականը։
Մեզմէ ո՞վ կեանքի ընթացքին այսպիսի սաստիկ անձկութեամբ չէ փափաքած որ տասը ամիսը տասը օրուայ պէս անցնի՝ ներարկուինք, «ահա հախէդ եկայ» ըսենք թագաժահրին ու դարձեալ դառնանք կեանքի գահաժառանգ»։
Գանգրահեր հրեշտակները գլուխնին վար կախեցին երկար պահ մը, աշարժ, խոհաթաթախ. ապա դանդաղ դուրս եկաւ տարեց հրեշտակը իր խումբէն, բաւական մօտեցաւ ինծի ու կայնեցաւ դէմս։
Եւ խօսեցաւ հրեշտակը կանաչ աչքերը կեդրոնացնելով վրաս. «Հաւատք Յոյս Սէր — Հաւատք՝ աստուածային ոյժի ու ներգործումի, մեր պատմական ժամանակի էութեան։ Յոյս՝ հաւատքի լեռներն ու սիրոյ հանքերը պահպանելու։ Քաոսի մէջ տապլտկելու եւ լոյսը դուրս քաշելու։ Այսպիսով մարդկութեան երթը ապահովելով Լոյսի՛ մէջ։ Սէրը լոյս է։
Այս երեքն ալ դաւանած էք հազարամեակներէ ի վեր։ Պէտք է կառչիք անոնց, եթէ փրկուիլ կ’ուզէք»։
«Ուրեմն ա՞ս է Ազատ Կամքը»։
«Ուրիշ փրկութիւն չկայ, տուփը ձեռքերուդ մէջ է»։