Երբ աւարտի ամէն ինչ
եւ սկսիս անիմաստ ու յարատեւ թափառումներուդ
ամայութեան մէջ մահուան ժամանակներուն,
մոռացումը պիտի գայ
եւ սրբէ
համատարած լռութեան հետ նոյնացնէ
յիշողութիւնդ բոլոր՝
դէպքերը նախ,
դէմքերը, վայրերը ապա,
եւ վերջապէս
նաեւ
ժամանակը:
Այն ատեն պիտի իմանաս
գիտակցութեան որպէս վերջին յուշ
որ բառեր չկան ա՛լ
եւ լեզուն որով գրեցի քեզի
աստ հանգչի անկենդան
կը փտի:
4-01-2013
Ատելութեամբ լեցուն գիշերն ահա
կը հասնի:
Փրկեա՛ զմեզ
սիրոյ սուտէն
եւ մարդկային կեղծիքէն
տո՛ւր մեզ արեան խնճոյքներ
եւ վառէ՛ ատելութեան խարոյկներ անմար
որ արգիլեն
առաւօտը լուսոյ
եւ յաւերժեն խաւարը
որ, ի զո՜ւր, անիծեցինք
եւ յետոյ կորսնցուցինք
հոգեկան խաբկանքի
եւ բանականութեան փտանքին մէջ
մոլորած:
17-10-2001
Երբ անունդ կը մոռնամ
քայլերս կ՚ուղղուին հոն
ուր սէրս խոստովանեցայ քեզի
եւ դուն
լքեցիր ինձ:
21-12-2014
Երբ տարփանքի կրքով բոցավառ
յիշես զիս
մոռցիր անտանելի թեթեւութիւնը սիրոյ ամէն խոստումի:
Զղջալու ժամանակ չկայ,
մերկացի՛ր
կատաղի հեշտանք մը քեզ կը կանչէ:
Ապագայի երազներ մի՛ փնտռեր
անցեալի մէջ որ չկայ,
յանձնուէ կիրքէդ ծնող դողին:
Եւ պեղէ մարմինդ այնքան անգութ որքան բախումն է ցանկութեան
երբ կը հանդիպինք:
Լսէ՛ քանդուող տիեզերքին դղրդիւնը ահաւոր
տեղացող ռումբերուն պայթումը
քանդուող քաղաքներ
եւ կեանքը ամբողջ որ կը լռէ
երբ ճիչդ արձակես
մահէն ալ հզօր:
Դեռ աչքերս փակ են
բայց հայեացքդ արդէն կը զգամ,
արդէն քեզ կրկին կը ցանկամ:
17-10-2001
ԾԹ. Տարի, 2020 թիւ 1