Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈՂՈՎ (Ա)

Կարճ, աւելի կարճ եւ մանր պատմուածքներ

Երկար ճամբայ

     Գիշերը «կօշիկներս հագայ մտայ անկողին» եւ քնացայ։
     Առտուն քալելէն յոգնած արթնցայ։

 

Benetton I-H.I.V. positive

     Պենեթոնի ամենէն համարձակ ծանուցում-որմազդներէն մարդիկ կը յիշեն այն մէկը, ուր H.I.V. positive դաջուածքով մերկ կուրծքեր ու զիստեր կը ցուցադրուին։
     Նուազ ծանօթ է այդ ծանուցումը իրականութեան վերածելու դաջուածքի ձեռնարկութեան մը մտայղացումը ամառնային արձակուրդներու նախօրեակին։
     Նախաձեռնութիւնը մեծ յաջողութեան արժանացաւ, եւ այդ ամառ ծովափին ցուցադրուած կիսամերկ մարմիններուն վրայ Պենեթոնեան յայտարարութիւնը հպարտօրէն ցուցադրուեցաւ։
     Արձակուրդներէն յետոյ, աշնանային առաջին պաղերուն հետ, մամուլը անդրադառնալու սկսաւ բնակչութեան մէջ H.I.V. positive պարագաներու ահազանգային յաւելման մասին։

 

Beոetton II – Պալքաններ

     Պենեթոնի միւս յաջողակ ծանուցումը Պալքաններու պատերազմին սպաննուած զինեալի մը արագահարուածի գնդակներով ծակծկած ու արիւնոտ մէկ շապիկը ցոյց կու տար։
     Կանխատեսելիօրէն այդ եղանակին նորոյթ եղան ծակծկած շապիկները։
     Նախ աշխարհահռչակ դերձակներ զանոնք կը պատրաստէին, ապա Պալքաններէն յատուկ ժամանած արհեստավարժ արձակազէններ զանոնք կը ծակծկէին։ Յետոյ ցուցադրութեան կը դրուէին եւ կը վաճառուէին։

 

Ուտելու հաճոյքը

     Վիճակահանութեան գերագոյն պարգեւը շահելէ յետոյ իրականութեան վերածեց այն, ինչ շատոնց ծրագրած էր. ապրիլ ուտելու համար։
     Կեանքը կերուխումի առօրեայ հաճոյքի վերածելու նախանձախնդիր բախտի ու պատահականութեան ոչինչ ձգեց եւ իւրաքանչիւր կերակուր օրեր, շաբաթներ եւ մինչեւ իսկ ամիսներ առաջ ծրագրեց։
     Երբ սպառեցաւ համաշխարհային կերակրացանկը, կարգը եկաւ իր տեսակին։
     Զարգացող երկիրներէն մարդկային որոշ օրգաններու ձեռքբերումը դժուար չեղաւ։ Խնդիրը բարդացաւ, երբ կարգը հասաւ թոքի, ուղեղի ու սրտի նման օրգաններու ճաշատեսակներուն։ Բայց Marc Lévi-ի Et si c’etait vrai վէպէն ներշնչուած անոր լուծումն ալ գտաւ՝ մահաքունի մէջ գտնուողներու առեւանգումով։
     Ոստիկանութիւնը ի վերջոյ զինք ձերբակալեց։
     Դատախազին համար դժուար չեղաւ դատական ատեանը համոզել, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուի։
     Մեռաւ բանտախուցին մէջ հացադուլի հետեւանքով։

 

Անծանօթ

     Կան մրցանակակիր հեղինակներ, որոնք միջազգային համբաւ կը վայելեն։ Ուրիշներ, Պեսթ-Սելըր գրողներ, ընթերցողներու լայն շրջանակ մը ունին։ Բազմաթիւ են նաեւ անոնք, որոնք հրատարակած են արդէն ու կը ձգտին ըլլալ հանրածանօթ, Պեսթ-Սելըր գրող, եւ, ինչո՞ւ չէ, կ՚երազեն օր մը շահիլ իրենց համբաւ ապահովող գրական որեւէ մրցանակ։
     Այս քանի մը տողը գրելով սակայն, ես կը մտածեմ միւսներուն մասին, թիւով շատ, աւելի քան արդէն հրատարակուած ոեւէ հեղինակ, Պեսթ-Սելըր գրող կամ հռչակաւոր գրիչ, փաստօրէն անհատնում բանակ մը, անոնք, որոնք օրուան որեւէ պահու հիւանդագին կը փնտռեն թուղթի կտոր մը կամ համակարգիչի պաստառը կը ճերմկցնեն՝ իրենց անհանգստաց նող քանի մը տողին կեանք տալու համար, թէկուզ եւ չսիրեն ինչ որ կը գրեն, յետոյ գբածնին լքեն, մոռացութեան տան զայն թէկուզ եւ գրելու պահուն թքած ունենան ամէն ընթերցողի վրայ, թքած ունենան իրենք իրենց վրայ ալ՝ որպէս վկայ, միակը, գրելու այս խելագարութեան։
     Ընթերցո՛ղ, դուն, որ, շնորհակալ եմ, կը կարդաս այս քանի մը տողը, գիտես որ ես այդ յիմարներէն չեմ։

 

Infinite Loop

     Ինչ որ պիտի պատմեմ չի կրնար երբեք իր աւարտին հասնիլ։ Սկիզբ իսկ չէր կրնար ունենալ, եթէ օր մը բարեկամս տունս չգար, եւ դիմացս նստելէ յետոյ չսկսէր պատմել.
     – Ինչ որ պիտի պատմեմ չի կրնար երբեք իր աւարտին հասնիլ։ Սկիզբ իսկ չէր կրնար ունենալ, եթէ օր մը բարեկամս յանկարծ տունս չգար, եւ դիմացս նստելէ յետոյ չսկսէր պատմել.
     – Ինչ որ պիտի պատմեմ չի կրնար երբեք իր աւարտին հասնիլ։ Սկիզբ իսկ չէր կրնար ունենալ, եթէ օր մը բարեկամս յանկարծ տունս չգար, եւ դիմացս նստելէ յետոյ չսկսէր պատմել,
     – Ինչ որ պիտի պատմեմ չի կրնար երբեք իր աւարտին հասնիլ։ Սկիզբ իսկ չէր կրնար ունենալ, եթէ օր մը բարեկամս յանկարծ տունս չգար, եւ դիմացս նստելէ յետոյ չսկսէր պատմել,
     – Ինչ որ պիտի պատմեմ…

 

Աստուծոյ ղրկածը

     Թոնի Նափոլէոնի միջին կարողութեամբ մաֆիոզ մըն էր։
     Այդ առաւօտ, քաղաքի կեդրոնամասին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ նստած կը սպասէր իր տղոց՝ գիշերային ընթացիկ արշաւէ վերադարձին։ Սինչ այդ, հեռատեսիլէն կը հետեւէր օրուան գլխաւոր լուրին, տարիներէ ի վեր փնտռուած խիստ վտանգաւոր ահաբեկիչ մը վերջապէս ձերբակալուած էր։ Ահաբեկիչը, կ՚ըսէր լուրերու հաղորդավարը, «կը ծրագրէր լայնածաւալ գործողութեան մը, ենթադրաբար զանգուածային քանդումի…»
     – Պո’սս… յանկարծ գրասենեակէն ներս մտաւ անոր տղոցմէն մէկը։ Չես հաւատար, ամբողջ քամիոն մը… Աստուած ղրկեց։ Բոզի զաւակ արաբ մըն էր վարորդը։
Լաւ մը տուինք իրեն ալ, հաւատքին ալ…
     – Ի՞նչ կը փոխադրէր։
     – Դուրսը փողոցն է։ Չնայեցանք դեռ։ Դուն ինքդ տես…
     Թոնի Նափոլէոնի երբեք չիմացաւ, թէ ինչ ապրանք շուկայ պիտի հանէր։ Պայթումին ալիքը փոշիացուց զինք, իր տղաքը, գրասենեակը, փողոցը, թաղը, քաղաքր…

 

Ամայի տիեզերք

     Արիզոնայի անապատին մէջ, Կրահամ լերան գագաթին, ծովու մակարդակէն երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ զետեղուած աշխարհի ամենէն մեծ աստղադիտարանին մէջ գիտութեան ու աղօթքի նուիրուած ամբողջ կեանք մը անցընելէ յետոյ, Հայր ճիորճիօ թոշակի անցնելէ առաջ հրատարակեց իր ուսումնասիրութիւններու եզրակացութիւնը, որ պարզապէս կը հաստատէր, որ տիեզերքը ամայի է, եւ աշխարհ մոլորակէն զատ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կեանքի հետք կայ, կամ կրնայ ըլլալ։ Միեւնոյն ժամանակ ան ձգեց նաեւ եկեղեցականի իր կարգը, որովհետեւ, ինչպէս Պապին գրած նամակին մէջ ան կը բացատրէր, չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս Աստուած, համաձայն Սուրբ Գիրքին, վերջինը մարդը ստեղծած էր եւ անոր նուիրած՝ իր վեց օրերու հրաշալի ստեղծագործութիւնները։

 

Այբենգիմ պապուկը

     Մանուկ տակաւին, հօր գրադարանը խորհրդաւոր քաշողութիւն մը ունէր իրեն համար։ Օր մը հոն տեսաւ ձեռքը փետուր մը բռնած ու պատին վրայ տարօրինակ նշաններ գծող մօրուքաւոր մարդու մը նկարը։ «Այբենգիմ պապուկն է», ըսաւ հայրը՝ պատասխանելով իր հարցումին թէ ո՞վ էր ան։ «Այս բոլոր գիրքերը իրեն կը պարտինք»։ Մանկապարտէզին մէջ իմացաւ, որ Այբենգիմ պապուկին անունը Մեսրոպ Մաշտոց էր, եւ անոր էր որ օր մը, երբ նախակրթարան կ՚երթար այլեւս, լուռ խոստովանեցաւ, որ կ՚ուզէր գրող ըլլալ։ «Անօթի կը մնաս», ըսաւ իրեն ազգականներէն մէկը՝ գլուխը շարժելով, երբ ընտանեկան հաւաքի մը ընթացքին, չէր գիտեր ինչպէս, բացայայտեց ապագայի իր իղձը։ Աւելի ուշ, դպրոցին մէջ սորվեցաւ, որ հայ գրողները կը ծնէին Թիֆլիս կամ Պոլիս եւ կը մեռնէին թոքախտէ։ Կարդաց, որ Ռաֆայէլ Պատկանեան Րաֆֆիի մահուան գոյժը տալով ըսած էր, թէ վիպասանին տան մէջ մաքուր շապիկ չէին գտած որ հագցնէին մեռելին, իսկ Ցակոբ Պարոնեան, ինչպէս իր բոլոր կենսագրութիւներուն մէջ կը նշուէր, ամբողջ կեանքին մէջ սնանելու համար գրպանը կտոր մը հաց եւ սոխ ունեցած էր։ Տարիներ անցած են։ Ննջարանի պահարանին մէջ մաքուր շապիկները չեն պակսիր, սոխ չ՚ուտեր, եւ առողջապահական լաւ ապահովագրութիւն մը ունի։ Գրող չէ, բայց ատենը մէյ մը կը գրէ։ Այբենգիմ պապուկին համար։

 

Արեւմտահայերէն

     Այն, ինչ որ պիտի փորձեմ պատմել, իրական չէ։ Ըսել կ՚ուզեմ գրականութիւն չէ։ Ե ս ինքս գրող չեմ եղած երբեք։ Ոչ ալ կը հասկնամ այն լեզուն, որով կ’արտայայտուիմ։ Օր մը, անկարելի է ճիշդ թուականը յիշել, մտայ Տտօօոճ Լւքե համացանցային կայքէջը, ուր խաղի համար, որոշեցի գրողի կերպար մը ստեղծել։ Առիթը տրուեցաւ լեզու մը ընտրելու եւ պատահաբար ընտրեցի այս մէկը։ Չէի գիտեր անշուշտ, թէ յետոյ ինչ պիտի ընէի, բայց որոշեցի հետեւիլիրադարձութիւններու տրամաբանութեան առանց շատ հասկնալ փորձելու։ Ի վերջոյ անծանօթ լեզուով գրող մը ըլլալը խաղ էր միայն։ Չեմ գիտեր ինչպէս բայց այս երկրորդ կեանքս վերապ-րեցաւ համաշխարհային պատերազմին, որ, համաձայն ինծի հասած տեղեկութիւններուն, մարդուն տեսակը բնաջնջեց երկրագունդի երեսին, բայց պահեց իրերը։ Վստահ եմ, որ ես ինքս ալ չեմ վերապրած։ Իրենք իրենց մասին նոյն կարծիքին են բոլոր անոնք, որոնց կը հանդիպիմ, կը ծանօթանամ եւ կը մոռնամ, մինչ կը շարունակեմ գրել։ Ուրիշ բան չեմ կբնար ընել արդէն։ Դատապարտուած եմ յաւերժօրէն գրելու։ Չեմ գիտեր եթէ ուշադրութիւն կ՚ընէք, երբ ինծի կը նայիք գրած ժամանակս։ Կը տեսնէ՞ք դէմքիս վրայի քմծիծաղը, որ, պարզ է, յաւերժացած է, որովհետեւ գբեթէ բնազդաբար գծագրուեցաւ, երբ որոշեցի այս լեզուով գրել։ Յիշելու կարողութիւն չունիմ անշուշտ յաւերժութեան մէջ, բայց քմծիծաղիս պատճառը գիտեմ. այս լեզուն ընտրեցի, որովհետեւ շարքին էր այն լեզուներուն, որոնք դատապարտուած էին կորսուելու։

 

Waiting for Godot

     Ռումբը ինկաւ, հոսանքը անջատուեցաւ, վերելակը կանգ առաւ ուր որ կը գտնուէր՝ տասներորդ եւ իններորդ յարկերուն միջեւ։ Չիմացաւ, որ պատերազմը
սկսած էր։
     Տասնհինգ տարի յետոյ, շրջանի վերաշինութեան ծրագիրներուն մէջ էր շէնքին փլուզումը։ Շինարարները վերելակին մէջ գտան յատակին նստած դիրքին վրայ արդէն կմախքացած դիակ մը։
     Չիմացան, որ հոսանքի վերադարձին կը սպասէր։

 

Կենաց աղբանոց

     Գործարանի փակումէն յետոյ շրջակայ արուարձանը թշուառացաւ։ Չեռնար կատէրերը լքեցին գործարանի համալիրը, յիշատակ թողեցին գործազրկութիւնը եւ թափօններու պատճառած միջավայրին ապականումը։ Արուարձանի բնակիչները նախ գանգատեցան գարշահոտութենէն, յետոյ վարժուեցան անոր. այնքան մտահոգ էին իրենց սովածութեամբ, որ օդի նեխումը դարձաւ բնական։ Շուտով անդրադարձան որ լքուած գործարանը իրենց փրկութիւնը պիտի ըլլար. քաղաքէն եկող աղբահաւաք փոխադբակառքերը սկսան լքուած գործարանին մէջ պարպել իրեց բեռը։ Արշալոյսին, երբ փոխադբակառքերը արդէն հեռացած կ՚ըլլան, արուարձանի բնակիչները աղբակոյտին մէջն են։ Արդէն չեն յիշեր եւ ոչ մէկ օր երբ իրենց սեղանը չեն կբցած լեցնել ուտելիքի աւելցուքներով՝ փտտած կանաչեղէն, պտուղ, հոտած միս, ոսկորի կտորներ, ճաշի մնացորդներ, ըմպելիք, մինչեւ իսկ թարմ միս այն օրերուն, երբ մօտակայ հիւանդանոցէն վիրահատուած մարմնի մասեր կը թափեն նախկին գործարանին մէջ։

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 2