Ճեսի Արլէն

ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐ ԵՒ ԳՐԵԼՈՒ ՄՂՈՒՄԸ ՔՐԻՍՏԻԱՆ ԲԱՏԻԿԵԱՆԻ ՄԵՏԱՂԷ ԵՐԱԶՆԵՐ ՎԷՊԻՆ ՄԷՋ

Մենք սերունդ ենք՝ մեր առասպելին մէջ մոլորած,
շուարած ու անհեթեթ, սիրոյ պոչը բռնած…

— Լէտի Կակա

ԾԱՆՕԹ. Սոյն հետազօտութիւնը գրելու ընթացքին փորձեցի, որքան որ կարելի էր, պատմութեան մանրամասնութիւնները չբացայայտել։ Դժբախտաբար, շատ յաջողութիւն չունեցայ։ Ընթերցողը թող գուշակէ։

ՄՈՒՏՔ

     Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։ Ուրեմն՝ երբ որոշեցի գրել, կրնայի քանի մը տարբեր ուղղութիւններով ընթանալ։ Կրնայի գիրքի լեզուին մասին գրել՝ անոր հաճելի բնոյթը, սահուն, բնական, իրական, վայելուչ, ոչ կեղծուած այլ կենդանի ու ապրող անոր արեւմտահայերէնը։ Այո, կրնայի արեւմտահայերէնի մասին գրել, անոր վտանգուած վիճակը, եւ ինչ նպաստներ կը բերէ այս գիրքը, արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակի մէջ ըլլալու լոյսին տակ ի՛նչ նշանակութիւն ունի այս վէպը. կրնայի ժամանակի մասին գրել, ինչպէս հեղինակը արուեստական ու յատուկ ձեւով կը խաղայ ժամանակի հետ պատմութիւնը պատմելով (օր մը մէկը պէտք է գրէ ատոր մասին). կրնայի ընթերցախումբին մասին գրել, այն, որուն անդամները՝ տարբեր-տարբեր երկիրներէ եկած երիտասարդ սփիւռքահայեր հաւաքուեցան Ֆրանսայի մէջ (Փարիզ մի՛ պատկերացնէք՝ էշուն սատկած տեղ մըն էր). ուրեմն կրնայի պատմել ինչպէս այդ էշու սատկած գիւղին մէջ արեւու տակ կը հաւաքուէինք, գիրքը բարձրաձայն կը կարդայինք միասին, ինչպէս հերթական գլուխներ կարդալու ընթացքին, մտասեւեռած մտիկ կ՚ընէին, կը խնդային, մեծարանքով կը լռէին, խորունկ կը շնչէին, ինչպէս ամէն գլուխ վերջանալէ ետք գիրքը կը գոցէին, ձեռքերը կը բռնէին գուրգուրանքով, երբեմն կը գրկէին, իրարու կը նայէին ապշանքով, կը վարանէին խօսելու որ ընթերցումի ձգած դիւթանքը չկտրուի. կրնայի նաեւ հեղինակին մասին գրել՝ անոր կենսագրութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը. կրնայի մէկ ժամ վէպը գովաբանել. կամ ալ կրնայի մէկ տողով պոռալ. «Հոսկէ գացէ՛ք, գիրքը գտէ՛ք, գնեցէ՛ք, կարդացէ՛ք» ու վերջ։

Վէպը իմ սերունդիս մասին է։ … նկատի չունիմ Աղէտէն ետք
քանիերորդ սերունդ ըլլալս, թէեւ այդ ալ կարեւոր է, այլ աւելի
լայն հասկացողութեամբ՝ հազարամեակի (millenial) սերունդը։

     Բայց այդ բոլորը անշուշտ պիտի չընեմ հոս։ Գովաբանելէ անդին բանի մը կը ձգտիմ։ Լուրջ ուսումնասիրութիւն մը։ Քանի որ ըստ իս, վէպը արժանի է ատոր, թէեւ առայժմ, որքան գիտեմ, տակաւին անոր չէ ենթարկուած (այո, անշուշտ վէպը միայն տարի մըն է, որ լոյս տեսած է)։ 

 

ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

     Վէպը իմ սերունդիս մասին է։ Պիտի ըսէի՝ իմ սերունդիս համա՛ր ալ վէպ մըն է։ Սերունդս ըսելով, գլխաւորաբար նկատի չունիմ Աղէտէն ետք քանիերորդ սերունդ ըլլալս, թէեւ այդ ալ կարեւոր է, այլ աւելի լայն հասկացողութեամբ՝ հազարամեակի (millenial) սերունդը։ Հազարամեակի սերունդին կը պատկանին անոնք որոնց ծնունդը 1981-էն 1996 եղած է, այսինքն որոնց տարիքը ներկայիս (2019 թուական) 22-էն 38 է։ Այս սերունդը չափահաս կը դառնայ 21րդ դարու առաջին տարիներուն, այն տարիները, երբ համացանցը կը թափանցէ ամէն վայր, երբ ընկերային հաղորդամիջոցները կը ծագին։
     Այս սերունդը կը սահմանուի տարբեր յատկանիշերով։ Հոս ճիշդ տեղը չէ անշուշտ անոնցմէ ամէն մէկուն մէջ խորանալու։ Չգիտցողը կրնայ փնտռել ու կարդալ այդ մասին, բայց կ՚ենթադրեմ, որ շատերը արդէն ծանօթ են։ Այդուհանդերձ իմ ընթերցումիս համար ամենէն կարեւոր յատկանիշերը պէտք է բացատրեմ, որ ըսելիքս հասկցուի։ Իմ նպատակիս համար, ուրեմն, յարաբերութիւններու ոլորտին վերաբերող յատկանիշերը կարեւոր են. յարաբերութիւն ըսելով, պէտք է մէջը հաշուենք սիրոյ, ընկերութեան, ընտանիքի, այսինքն՝ լայն իմաստով ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները։
     Յարաբերութիւններու յատկանիշերը հասկնալու համար, նախ պէտք է յիշատակել որ այս սերունդին արժէքները կը կեդրոնանան անհատին վրայ, այսինքն՝ անհատն է որ իմաստ կու տայ արժէքներուն, ինչպէս որ փոխադարձաբար արժէքները միայն իմաստ կ՚առնեն երբ որ անհատին կը վերաբերին։ Ասիկա անշուշտ ի տարբերութիւն ժամանակի կամ աշխարհի մէջ այլ ընկերութիւններու աւելի աւանդական ու աւանդապաշտ սերունդներու արժէքներուն, որոնք կը կեդրոնանան համայնքին վրայ, կարեւոր չէ այդ համայնքը ինչ ըլլայ՝ ազգ, ընտանիք, պետութիւն, ընկերութիւն, կրօնք, կախեալ ժամանակէն եւ շրջարկէն։ Հոն անհատը կը ծառայէ համայնքին։
     Հիմա, եթէ համայնքին վրայ կեդրոնացած արժէքները անձնուիրութիւն, անձնազոհութիւն, անձնուրացութիւն կը բարձրացնեն, անհատին վրայ կեդրոնացած արժէքները բոլորովին կը մերժեն ատիկա։ Փոխարէնը՝ կը բարձրացնեն անհատը, եւ ուրեմն՝ անձնասիրութիւն, անձի իղձերու եւ երազներու հետապնդումը, կատարումն ու իրագործումը։ Համայնքը եթէ կարեւորութիւն ունենայ, այդ կարեւորութիւնը կը գտնուի միայն անհատին ծառայելու անոր կարողութեան մէջ։

… այս սերունդին արժէքները կը կեդրոնանան անհատին վրայ,
այսինքն՝ անհատն է որ իմաստ կու տայ արժէքներուն, ինչպէս որ
փոխադարձաբար արժէքները միայն իմաստ կ՚առնեն երբ որ անհատին
կը վերաբերին։

     Ուրեմն մէկ կողմը ունինք անձը կամ անհատը, միւսը կողմը՝ համայնքը։
     Ուրիշ կարեւոր հակոտնեայ եզրեր պիտի ներմուծեմ հոս։ Մէկ կողմը՝ վիրթուալը, անիրականը, երազայինն ու պատրանքայինը, միւսը՝ իրականը, իրականութիւնը։ Այս սերունդը կը քաջալերուի երազել, բաղձալ, իղձեր ունենալ եւ անոնց ետեւէն վազել մինչեւ որ կատարուին։ Այս սերունդին յաճախ կը խոստացուին անիրապաշտ խոստումներ զորս անկարելի է իրագործել՝ ինչ որ ուզես ըլլալ կրնաս ըլլալ. ինչ որ ուզես ընել կրնաս ընել. ինչ որ ուզես կրնաս…։ Աւելի՛ն. այս սերունդին կը տրուին արհեստագիտական միջոցներ, որոնցմով աւելի դիւրին կ՚ըլլայ ըլլալ ինչ որ ուզես վիրթուալ իրականութեան մէջ։ Հոս նկատի ունիմ անշուշտ Facebook, Instagram, Tinder եւ նմանները, եւ անոնց վրայ մշակուած փրոֆայլներ, յարաբերութիւններ եւ այլն, որոնք ճշգրտօրէն երբեք չեն ցոլացներ իրականութիւնը այնպէս ինչպէս որ է։ Ուրեմն իրականութիւնը կը սկսի այս սերունդը յուսախաբ ընել՝ բաղդատմամբ վիրթուալ աշխարհին հետ. այո, այս սերունդը իրականութենէն յուսախաբ կ՚ըլլայ։  Յաճախ կը նախընտրէ վիրթուալը, անիրականը։

Չիրականացած իղձերէն ու երազներէն է որ յաճախ, բայց ոչ միշտ,
կը բխի սերունդին բնորոշ ուրիշ յատկանիշ մը՝ ընկճուածութիւնը

     Չիրականացած իղձերէն ու երազներէն է որ յաճախ, բայց ոչ միշտ, կը բխի սերունդին բնորոշ ուրիշ յատկանիշ մը՝ ընկճուածութիւնը (կամ ինչ որ վէպի պատմողը կը կոչէ «տէբրէսիոն»)։ Իրականութիւնը անշուշտ երբեք չէ այնպէս, ինչպէս որ անհատը զայն երազեր է, բաղձացեր է։ Եւ ուրեմն ընկճուածութեան հետ մշտական պայքար մը ունին այս սերունդի շատ մը երիտասարդներ։ Այս սերունդը չի գոհանար անկատարէն, այսինքն՝ իրականութենէն ։ Կը նախընտրէ իր երազները, հոգ չէ որ այդ երազները ըլլան պատրանքներ։
     Այս բոլորը ինչպէ՞ս կ՚ազդէ յարաբերութիւններուն՝ սիրոյ կամ ընկերութեան։ Եթէ միասին բերէք անկարելի երազներ ու պատրանքներ, կատարելապաշտութիւն եւ անձնասիրութիւն, դժուար չէ նախատեսել որ յարաբերութիւնները ծայրայե՛ղ որակ մը պիտի ունենան։ Պէտք է յիշենք նաեւ որ համայնքէն անջատուած ըլլալու պատճառով, յարաբերութիւնները այն սահմանները չունին, որոնք կը դրուին աւանդական յարաբերութիւններուն շուրջ ընտանիքի կամ ընկերութեան կողմէ. անոնք չկան հոս։
     Ուրեմն հազարամեակի սերունդի երիտասարդներու պարագային, յաճախ յարաբերութիւնները ծայրայեղ ուժգնութիւն (intensity) ու մտերմութիւն ունին եւ կարճ տեւողութիւն, քանի որ սպասումները անիրապաշտ են եւ յանձնառութիւնը (commitment)՝ շատ թոյլ։ Յաճախ երկար ժամանակ չ՚անցնիր մինչեւ որ մէկը կ՚անդրադառնայ որ այս յարաբերութիւնը, այս անձը այնպէս չէ ինչպէս որ սպասուեր է, ինչպէս որ երեւակայեր է, եւ կամ ինչպէս որ ինքզինքը ներկայացուցեր է յարաբերութեան սկիզբը կամ Instagram-ով, Tinder-ով։ Հետեւաբար, յարաբերութիւնները յաճախ կը փարատին նոյնքան արագ, որքան որ կը մտերմանան։
     Յաճախ կը պատահի որ մէկը այլեւս չուզէ յարաբերութեան մէջ ըլլալ եւ ուրեմն յանկարծ կ՚անհետանայ։ Հազարամեակի երիտասարդները յատուկ անուն տուած են այս երեւոյթին՝ «ghosting» («ուրուականացում,» «անհետացում,» «փարատում» )։ Մէկը կ՚անհետանայ։ Յարաբերութիւնը անակնկալօրէն կը վերջանայ, կարծես առանց բուն պատճառ մը ունենալու։ Մէկը յանկարծ այլեւս չ՚ուզեր, ալ գոհացում չի ստանար յարաբերութենէն։ Ու վերջ։ Յարաբերութիւն կտրող կամ վերջացնող ուրիշ պատճառներ կան անշուշտ այսօրուան աշխարհի պայմաններուն տակ. մէկը կը փոխադրուի ուրիշ քաղաք, երկիր, եւ այլն։

… հազարամեակի սերունդի երիտասարդներուն պարագային, յաճախ
յարաբերութիւնները ծայրայեղ ուժգնութիւն
(intensity) ու մտերմութիւն
ունին եւ կարճ տեւողութիւն, քանի որ սպասումները անիրապաշտ են եւ
յանձնառութիւնը (commitment)՝ շատ թոյլ։

          Ուրեմն դրոյթս այն է, որ յարաբերութիւնները, ինչպէս որ փորձարկուած են համայնքէ անջատուած այս սերունդին անհատներու կողմէ, այսինքն՝ անոնց ծայրայեղ ուժգնութիւնն ու մտերմութիւնը, առաւել՝ կարճ տեւողութիւնը, յիշողութեան, յիշատակելու եւ իմաստ տալու խնդիր մը կը բարձրացնէ։ Յարաբերութիւն վերջանալէ ետք կը մնաս միայն անոր հետքերուն հետ, հետքերը՝ յարաբերութեան մը կամ անձի մը, որ փարատեր է, անհետացեր է։ Ուրիշ մէկը չկայ որուն հետ կարենաս բաժնել, յիշատակել ատիկա, քանի որ համայնքէն անջատուած ես։ Ուրեմն պիտի գրես իմաստ տալու այդ սաստիկ փորձառութեան, յարաբերութեան, որուն հետքերը միայն մնացեր են. գրելով պիտի փորձես եթերայինը վերածել մշտականութեան՝ յաւերժացնելու, անմահացնելու համար այն որ արդէն անցեր գացեր է։

 

ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

     Վէպը կը կեդրոնանայ գլխաւոր երեք կերպարներու կեանքերուն՝ իրենց ընկերութեան, սէրերու եւ անշուշտ նաեւ խնդիրներու շուրջ։ Անոնք Փարիզ ապրող ու համալսարան յաճախող ուսանողներ են՝ 21 տարեկան (էջ 23), որոնք միասին կ՚ապրին Փարիզի կեդրոնը։ Յարկաբաժինը, ի դէպ, կը գտնուի Վիվիէն անունով թաղամասին մէջ (այսինքն՝ 2րդ arrondissement), 4 Սեպտեմբերի եւ Ռիշէլէօ փողոցներուն անկիւնը (էջ 10, 12), եթէ ճիշդ տեղն ու հասցէն կը հետաքրքրեն ձեզ։
     Կերպարները հազարամեակի սերունդի ծայրայեղ որոշ յատկանիշեր կը մարմնաւորեն։ Գլխաւոր կերպարը անշուշտ պատմողն է, որ շատ հարազատ ու մտերիմ ձայնով պատմութիւնը կը պատմէ մեծ մասամբ առաջին դէմքով (երբեմն ալ երկրորդով ու երրորդով)։ Իր անունը չի տրուիր երբեք։ Պոլսեցի հայ է, մեծցած է Պոլիս, նոյն տունը ապրելով իր մօր, մեծ քրոջ եւ նէնէին հետ։ Հայրը ինքնաշարժի արկածով մահացած է շատ փոքր տարիքին (հայրն անգամ չի յիշեր)։ Կրթաթոշակով կու գայ Փարիզ համալսարան երթալու համար։ Կրթաթոշակն ու մօր ղրկած դրամը շատ արագ սպառելով, ստիպուած կ՚ըլլայ պնակ լուալու գործ ստանձնել (էջ 25-27)։
     Ամբողջ կեանքի ընթացքին մնայուն ընկճուածութենէ տառապած է։ Անձնասպանութեան քանի մը փորձ ըրած է։ Անդրադարձած է, որ ընկճուածութենէ տառապելու պատճառաւ պէտք չէ սիրահարի, որ ընկճուածութիւնը չսաստկանայ.

Երբոր մանկութենէդ ի վեր մնայուն տէբրէսիոնէ կը տառապիս, պէտք չէ որ սիրահարիս երբեք։ Ինքզինքիդ հետ հաշտ-համերաշխ կ՚ապրիս կոր, երանութեամբ մը կը մտմտաս անխուսափելի մահուան քաղցրութեան շուրջ, մամային տունը չեղած ատեն բաղնիքին մէջ ածելիով ինքզինքդ կը պատռտես, արիւնովդ աղուոր աղուոր նախշեր գծելով ծունկերուդ, ամէն բան հրաշալի է ու մէկէն՝ իշթէ, բռնուեցա՜ր. սիրահարեր ես ու քաքի մէջ ես։ Ու ստիպուած ես երազներդ շտկռտել (էջ 82)։

     Մէջբերումը կու տայ ընկճուածութեան քանի մը բնորոշ յատկանիշեր՝ առանձնութիւնը, ուրիշներու հետ վարուելու անկարողութիւնը, մահուան մասին յաճախանքն ու երբեմն իտէալականացումը, ածելիով ինքզինքը պատռտելը, այսինքն՝ ինքն իր դէմ կատարուած մարմնական վնասը որ կը թեթեւցնէ ներքին զգացումներու ցաւը։ Սակայն, անոր ընկճուածութեան բուն պատճառը երբեք չի տրուիր վէպին մէջ։ Հաւանաբար պարզ ու միակ պատճառ չկայ՝ ինչպէս կը պատահի շատ մը պարագաներու։ Մօտ 12 տարեկանին սկսած է լրջօրէն տառապիլ ատկէ։ Այս հատուածը կը շեշտէ անոր անդրադարձումը, որ ընկճուածութեան պատճառաւ լաւ չէ որ սիրահարի, թերեւս որովհետեւ երազներու եւ սպասումներու յուսախաբութեան չի կրնար դիմանալ։ Ուրեմն առայժմ մերժած է յարաբերութեան մէջ մտնելը։ Բայց վէպին ընթացքին ասոր լուծումը կը գտնէ, որուն պիտի անդրադառնամ յետոյ։ Աւելցնեմ,  որ անոր սեռային ուղղութիւնը յստակ չէ։ Կը մերժէ սահմանումներ եւ կարծես դիտմամբ կ՚ընդդիմանայ դասաւորումներու։ Կ՚ուզէ ըլլալ ինչ որ է։ Որո՞ւ հոգը…

Անհատը կը հեռանայ համայնքէն որ կարենայ առանձնանալ,
իր երազները հետապնդել։ Համայնքէն կ՚անջատուի անհատ
դառնալու համար։

     Անոր մտերիմ  ընկերները, որոնց հետ կ՚ապրի Մարին եւ Անտրէն են։ Անտրէն քիչ մը տխմար մէկն է, միւսները կը ծաղրեն զինք այդ պատճառով,  համալսարան ընդունուած է ֆութպոլ խաղալու համար (էջ 45)։  Ֆութպոլի աստղ էր, որ վերջը ստիպուած եղաւ ֆութպոլը ձգելու, որովհետեւ Մարիի եւ պատմողին հետ բարեկամ ըլլալէ ետք սկսած է չափէն աւելի ծխել (էջ 46)։ Անտրէ նորվեկիացի է, չորս տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած է Փարիզ (42)։ Կը փորձէ համալսարանի գաղթական ուսանողական ամէն մէկ խումբի անդամ դառնալ, բայց միշտ կը մերժուի (42-43)։ Անտրէ սիրոյ յարաբերութիւններու մէջ այնպիսի ծայրայեղութիւն ունի, որ արագ-արագ կը սիրահարի աղջկան մը, «խելայեղ կիրքով լեցուած յարաբերութիւններ կը սկսին» (19), բայց քիչ ետք կը հանդիպի ուրիշ անուշիկ աղջկան մը եւ «յանուն իսկական ու ամենազօր նոր սիրոյն» (19) առաջինը կը ձգէ, ու աւելի ուշ նոյն բանը կը պատահի ուրիշի մը հետ։ Սովորաբար անոր յարաբերութիւնները շաբաթէ մը աւելի չեն տեւեր, ու ապա շրջանակը նորէն կը սկսի։

Վէպը ընկերութեան աւանդական արժէքները
կ՚ապակառուցէ առաջին իսկ էջերէն։

     Երրորդը Մարին է։ Առաջին տարուան քննութիւններ չյանձնելու պատճառաւ երկու տարիէ ի վեր համալսարան չէ գացած, թէեւ պաշտօնապէս տակաւին ուսանող է  (42)։ Կ՚աշխատի նոյն սրճարանին մէջ ուր պատմողը պնակ լուալու գործ կը գտնէ ու այդպէս է որ ընկերացած են։ Մարին ֆրանսուհի մըն է։ Անոր ծագումին մասին խօսելով, պատմողը կ՚ըսէ. «Օվերնիական այն պզտիկ գիւղաքաղաքը, ուր ինք եղաւ. ուրկէ եկաւ։ Ուր պիտի չվերադառնայ երբեք (16)»։
     Յատկանշական է որ ամէն մէկ կերպար հեռու կ՚ապրի իր ծննդավայրէն եւ բնաւ վերադառնալու միտք չունի։ Անտրէ Նորվեկիոյ մէջ իր ծնած քաղաքի անունն անգամ չի կրնար յիշել։ Համայնքէն ու արմատներէն խզում մըն է որ կ՚ապրի։ Անհատը կը հեռանայ համայնքէն որ կարենայ առանձնանալ, իր երազները հետապնդել։ Համայնքէն կ՚անջատուի անհատ դառնալու համար։
     Միւսներուն պէս, Մարին ալ սիրոյ խնդիրներ ունի։ Ան ալ ընկճուածութենէ կը տառապի եւ անձնասպանութեան փորձ կ՚ընէ։ Ըստ իրեն, «մնայուն սէրը եւ գրեթէ բոլոր խնդիրներուն մշտական աղբիւրը» Լուքա անունով մէկն է՝ անոր նախկին ընկերը (պոյֆրէնտը) (31)։ Լուքա յաճախ կը դաւաճանէր Մարիին, որ միշտ զինք կը ներէր։ Այդպիսի հոլովոյթի մը մէջ բռնուեր է՝ ըստ պատմողին «միացում-դաւաճանութիւն-խելագարութիւն-բաժանում-միացում-խելագարութիւն (32)», մինչեւ որ  Մարի վերջակէտ դրեր է Լուքայի հետ յարաբերութիւններուն եւ «անկէ ետք կը սկսի — ու տակաւին կը շարունակուի — իսկական ու կատարեալ հիսթէրիին շրջանը (32)։» Սակայն, Մարի բնաւ վստահելի պատմող մը չէ (ինչպէս գիրքի պատմողն ալ), եւ վէպի ընթացքին կը գիտնանք, որ անոր սիրոյ  հանդէպ ունեցած խնդիրներուն բուն պատճառը ուրիշ է։
     Ահաւասիկ վէպին կերպարները եւ ամփոփ ձեւով՝ անոնց  սիրոյ հանդէպ ունեցած խնդիրները, որոնք հազարամեակի սերունդի երիտասարդներու բնորոշ խնդիրները կը ցոլացնեն։

 

ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

     Կ՚ուզեմ հիմա անդրադառնալ անոնց ընկերութեան եւ ընդհանրապէս ընկերութեան թեմային։ Վէպը ընկերութեան աւանդական արժէքները կ՚ապակառուցէ առաջին իսկ էջերէն։ Ընկեր գտնելու գործընթացին մասին խօսելով, պատմողը կ՚ըսէ.

Ո՛վ ինչ կ՚ուզէ թող ըսէ, ընկեր մը չես ընտրեր, պարզապէս ստիպուած ես հանդուրժել անոր որ համաձայն է քեզի հանդուրժելու։ Յոռի շրջանակ մը, որմէ չես ազատիր (9)։

     Ընկերներդ այն մարդիկն են, որոնք կրնան քեզ հանդուրժել, քեզ եւ ինքնա-սիրութիւնդ։ Ընկերութեան վերաբերող ապակառուցումը կը շարունակուի, երբ պատմողը Մարիի մասին կը խօսի.

Մարի 21 տարեկան է, թէեւ երբ խօսի, բաներ մը կը պատմէ իր կեանքին մասին, որոնք ապրելու համար առնուազն յիսուն տարիի պէտք ունէր։ Չեմ միջամտեր, կը ձգեմ ուզածը ըսէ, աւելի ու աւելի խրելով իր պատրանքներու ու յօրինուած աշխարհին մէջ. թող խօսի, նալլէ՛թ։ Արդէն լաւ ընկեր ըլլալը այդ չէ՞։ Թէեւ կարծեմ տեղ մը կարդացի որ լաւ ընկերը անպայման ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ միշտ, որչափ որ ալ ցաւոտ ըլլայ այդ ճշմարտութիւնը։ Բայց այդ պարագային ինք ալ ուրեմն լաւ ընկեր չէ, քանի երբոր ե՛ս խորասուզուիմ իմ սուտերուս լաբիւրինթոսը, երբեք չ՚ըսեր՝ ա՛լ կը բաւէ, մի՛ յօրիներ։
   Մէկ խօսքով՝ իրար գտած ենք։ Անշուշտ պիտի հարցնէք՝ իսկ ատիկա դժուար չէ՞։ Բայց երբ երկու ընկեր միթոման են եւ օրէ օր աւելի ու աւելի կը կորսնցնեն կապը իրական աշխարհին հետ, ատիկա պարզապէս դժուար չէ, շատ աւելի գէշ բան մըն է (10)։

     Հոս պէտք է նշմարել  հետեւեալը։ Ընկերութեան յարաբերութեան մէջ ճշմարտութիւնն ու իրականութիւնը մէկդի ձգուած են։ Անոնց տեղը կը գրաւեն «պատրանքներ» ու «յօրինուած աշխարհը»։ Ի տարբերութիւն աւանդական լաւ ընկեր ըլլալու սահմանումին, այսինքն՝ ան որ ճշմարտութիւնը միշտ կ՚ըսէ որքան որ ցաւոտ ըլլայ, հոս լաւ ընկերը այն մէկն է, որ կը ձգէ, որ իր ընկերը խորասուզուի պատրանքներուն ու յօրինուած աշխարհին մէջ, որովհետեւ պատրանքներն ու երազները նախընտրելի են ճշմարտութենէն եւ իրականութենէն։

Ընկերներդ այն մարդիկն են, որոնք կրնան քեզ
հանդուրժել, քեզ եւ ինքնասիրութիւնդ։

     Այս առնչութեամբ, անոնց միթոման բնոյթը կարեւոր է։ Ի միջի այլոց, կը գիտնանք հոս, երկրորդ իսկ էջէն, որ պատմողը վստահելի պատմող մը չէ, ինչպէս որ Մարին ալ չէ։ Վէպի ընթացքին կ՚իմանանք թէ այս կերպարները մեզմէ եւ իրարմէ որքա՛ն կը պահեն, կը ծածկեն։ Թէ՛ Մարին, թէ՛ Անտրէն եւ թէ՛ պատմողը։ Այս ալ, անշուշտ, հազարամեակի սերունդի յատկանիշ մըն է, թերեւս ըսենք՝ կարելիութիւն մը, առաւելութիւն մը, եթէ չենք ուզեր ժխտական երանգ տալ. ինքզինք ներկայացնել  ուզած ձեւով, քանի որ այնպիսի վայրերու մէջ կ՚ապրին ուր իրենց անցեալը գիտցող մէկը չկայ որ ճշմարտութիւնը բացայայտէ։ Այսպիսով, կերպարները իրենք զիրենք անընդհատ կը յօրինեն, իրական աշխարհի հետ կապը աւելի ու աւելի կորսնցնելով։ Իսկ լաւ ընկեր ըլլալը կը նշանակէ ընկերդ ձգել այս գործընթացին մէջ, այսինքն՝ իրականութիւնը չյիշեցնել։
     Ուրիշ կարեւոր տուեալներ կրնանք նշմարել երբ որ պատմողը իրենց երրորդ ընկերը՝ Անտրէ կը ներկայացնէ անմիջապէս ետք.

Անտրէն մեր երրորդ ընկերն է, եւ հաւանաբար բնաւ պիտի չզարմանաք, եթէ ըսեմ որ ան ալ հոգեբոյժի պէտք ունի։
  Անտրէն ու Մարին կրնային միասին ըլլալ, եթէ այդչափ ինքնասիրահարած չըլլային։ Յաճախ կը խորհիմ թէ Մարի ո՛րչափ մինակ է եւ թէ ո՛րչափ իտէալական զոյգ կրնար կազմել Անտրէին հետ, անշուշտ եթէ համատեղ անձնասպանութիւնը, որ անխուսափելի պիտի ըլլար այդ պարագային, կարելի ըլլար իտէալական համարել։ Պարզապէս Մարի անչափ կը սիրէ ինքզինք ու չի կրնար հանդուրժել Անտրէին ալ անչափ ինքզինք սիրելուն։ Մնացի ես, բայց ես ալ անչափ կը սիրեմ ինքզինքս։ Ասանկ ալ կ՚ապրինք մեր ընդհանուր յարկաբաժնին մէջ, ինքզինքնիս սիրելով (10)։

     Հատուածը շատ ծիծաղաշարժ է եւ մեկնաբանութիւնը գրեթէ աւելորդ կը թուի։ Շատ յստակ կը տեսնենք լաւ ընկեր կամ սիրական ըլլալու աւանդական արժէքներու շրջումը։ Մարդիկ այնքան ինքնասիրահարած են, որ անկարող են միւսը սիրել։ Ինչ որ, ի դէպ, յաճախ կը պատահի հազարամեակի սերունդի երիտասարդներու պարագային։
     Անշուշտ, պէտք չէ կարծել, որ այդ իրողութիւնը (որ իւրաքանչիւրը ինքնասիրահար է) կը նշանակէ որ իրարու լաւ ընկեր չեն ըլլար։ Ընդհակառակը՝ շատ դժուար պահեր միասին կ՚անցընեն, եւ շատ դժուար պարագաներու մէջ իրարու կ՚օգնեն՝ օրուան սովորական խնդիրներէն ու յուսահատութենէն մինչեւ անձնասպանութեան փորձեր։ Խորքին մէջ, վէպը կը թուի անոնց ընկերութեան մասին ըլլալ։

 

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՊԱՏՄՈՂԻ ՍԻՐՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

          Կ՚ուզեմ այստեղ վերադառնալ պատմողի սիրային յարաբերութեան հանդէպ խնդիրներուն։ Յիշենք,  որ պատմողը ըսաւ, թէ ընկճուածութեան պատճառաւ սիրոյ յարաբերութիւններէ դիտմամբ կը խուսափի։ Բայց նշեցի որ վէպի ընթացքին որոշ լուծում մը կը գտնէ։ Ուրեմն ի՞նչ է ատիկա։
     Մարիի օրինակին հետեւելով, ինքն ալ Tinder-ի ծրագիրը կ՚իջեցնէ ու փրոֆայլ կը ստեղծէ, թէեւ բոլորովին վստահ չէ իր ընելիքին (89)։ Կը սկսի մարդոց հետ պատգամներ փոխանակել, մինչեւ որ առաջարկեն հանդիպիլ։ Երբ որ ատիկա կ՚ընեն, անմիջապէս «ցտեսութիւն» կը գրէ ու պլոք կ՚ընէ զանոնք (90)։ Բայց յետոյ կ՚անդրադառնայ բանի մը։ Երկար մեջբերեմ.

Եւ առտու պիտի արթննամ որ տարօրինակ զգացումով մը, որ գիշերը ամբողջ ուժով վրաս յարձակելու փոխարէն, տէբրէսիոնը քիչիկ մը նահանջած է։ Արդեօ՞ք գիշերուան կէս ժամնոց ֆլիրթս կրնար դեր ունենալ հոս։ Փորձելու համար նորէն Tinder-ը պիտի բանամ ու մէկ ուրիշին հետ խօսելու սկսիմ։ Անշուշտ, հանդիպելու առաջարկը շատ պիտի չուշանայ, եւ այս մէկն ալ նախորդի ճակատագրին պիտի հետեւի։
   Եւ իրիկունը մէկէն պիտի անդրադառնամ որ հրաշալի տրամադրութիւն մը իջած է վրաս, եւ տէբրէսիոնը կարօտով մը զիս կը դիտէ ա՛լ աւելի հեռուէն, քան առտուն։ Ու վերջապէս պիտի հասկնամ որ, ահա՛ւասիկ, գտած եմ մէջիս անհագ մարդուկը այսչափ տարիներ չարչարած ծարաւը յագեցնելու միջոցը։
   Հետագայ ամբողջ շաբաթը առցանց ֆլիրթերու սարդոստայնին մէջ եմ. բայց շաբթուան վերջաւորութեան աւելի ու աւելի հեռացող տէբրէսիոնը յանկարծ պիտի կենայ, մէկ օր, երկու, եւ ետ մօտենալու սկսի։ ԱՆշուշտ երբ յուսահատական վիճակի մէջ ես ու կը տեսնես՝ ի՛նչպէս օրէ օր, քար առ քար կառուցած պատրանքային աշխարհդ կամացուկ կը փլի կոր աչքերուդ առջեւը, մէկէն տխմար որոշումներ առնելու պիտի սկսիս, տափակ յոյսով մը թէ տակաւին ուշ չէ, եւ ամէն բան պիտի կարենաս շտկել։
   Անքուն գիշերէ մը ետք կը կարծես թէ գտած ես լուծումը. այս պզտիկ ֆլիրթերը միայն մէջիդ մարդուկը կը գրգռեն, առանց բաւարարելու, եւ ուրեմն տեւական յարաբերութեան մը պէտք ունիս։ Հետեւաբար, անանկ մէկը գտնելու ես, որ ոչ միայն Փարիզէն, Ֆրանսայէ՛ն ալ, բովանդակ Եւրոպայէ՛ն ալ դուրս ըլլայ — Զիմպապուէն իտէալական է —, որուն հետ ուզածիդ չափ կրնաս սէր խաղալ, առանց օր մը չէ օր մը հանդիպելու վախի (90)։

     Ուրեմն փոխանակ իրական յարաբերութեան մը՝ վիրթուալ յարաբերութիւն։ Գտնուած լուծումը այն է, որ պայմանները պէտք է այնպէս յարմարին, որ յարաբերութիւնը վիրթուալ մնայ, իրական չդառնայ։ Այդպէս պիտի կարենայ զգացական խանդավառութիւն ու գոհացում փորձընկալել առանց իրական յարաբերութեան յուսախաբութիւնը։ Ինքնուրոյն լուծում, որ միայն կրնայ գտնուիլ հազարամեակի սերունդի երիտասարդի մը կողմէ։
     Ուրեմն ի՞նչ կը պատահի։ Մոնթրէալ ապրող ֆրանսախօս մէկը կը գտնէ, որ պատահմամբ վերջերս ծանր բաժանում ունեցեր է եւ կ՚ըսէ, թէ պատրաստ չէ նոր յարաբերութիւններու, ինչ որ շատ յարմար է պատմողին (93)։ Կը սկսին պատգամներ գրել իրարու, պատմողը շատ արագ կը սկսի իր կեանքին, ընկերներուն, եւ ընտանինքին մասին պատմել։ Շուտով խոր մտերմութիւն կը սկսի ու կը վերածուի սիրոյ յարաբերութեան պէս բանի մը, որ պատմողին ուշադրութիւնը ամբողջովին կը գրաւէ։ Կը կորսուի վիրթուալ իր նոր սիրոյ մէջ։ Մէջբերում.

Եւ մէկէն կը դադրիս հոս հոն երթալէ, համալսարանին մէջ ամբողջ օրը ուշք ու միտքդ հեռաձայնիդ է, ու գործին տեղը աւելի շատ մէսաժ կը գրես, քան պնակ կը լուաս, ու ընկերներդ մէկէն կ՚անդրադառնան որ կը կորսնցնեն կոր քեզ, բայց չեն կրնար հասկնալ թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ կոր (94-95)։

     Այնքան կը խորասուզուի, այնքան կը նահանջէ իրական աշխարհէն ու իր շրջապատին մէջ գտնուող մարդոցմէն ու կեանքէն, որ անոր ընկերները մտահոգուելով վերջապէս կը միջամտեն։ Բայց միջամտելէ ետք շատ չի փոխուիր, բացի անկէ որ կը փորձէ պատգամներու հաղորդումը  ծածկել իր ընկերներէն։ Թերեւս կրնաք գուշակել ինչ կը պատահի յետոյ։
     Մոնթրէալ ապրող տղան, որուն անունը Ճոնաթան է, որ ընդունուած էր Մեծն Բրիտանիա գտնուող համալսարան մը իր ուսումը շարունակելու համար (99), որոշած է ուսումը շարունակել  Փարիզ (101)։ Որոշումը անակնկալի պէս  կը յայտնէ պատմողին, կարծելով որ  իբրեւ լաւ լուր պիտի ընդունի։ Սակայն,  ըստ պատմողին, Ճոնաթանը այս որոշումով ամէն ինչ աւրած է, քանի որ որոշած է վիրթուալ յարաբերութիւնը վերածել իրականին։
     Եւ կարծես ձեւով մը իրաւունք ունի։ Քանի որ երկար ժամանակ չ՚անցնիր մինչեւ որ յարաբերութիւնը փլի։ Երբեք չի կրնար ըլլալ այն ինչ որ էր վիրթուալ աշխարհին մէջ։ Վերջապէս կը բաժնուին, թէեւ բաժանումին բուն պատճառը բացէ ի բաց չի տրուիր։ Պատմողը բաժանումը բացատրելով կ՚ըսէ. «Անանկ…պարզապէս… այլեւս իմաստ չկար…» (147)։ Խոր մտերմութիւն, ուժգնութիւն, մտասեւեռում, յաճախանք…ու վերջ… պարզապէս այդպէս կը վերջանայ։ Այլեւս իմաստ չկայ։
     Եւ այլեւս զիրար չեն տեսներ երբեք։
     Գրքի վերջաւորութեան տպաւորութիւնը ունինք նաեւ որ Անտրէի, Մարիի եւ պատմողին միջեւ մտերիմ ընկերութիւնը փոխուեր է։ Յայտնի է, որ պատմութիւնը գրուելու ժամանակ, արդէն ընկերները հեռացեր են իրարմէ անյայտ պատճառով։

 

ԳՐԵԼՈՒ ՄՂՈՒՄԸ

     Ուրեմն կը մնանք հարցումին դէմ յանդիման։
     Ընկերութիւն մը, սէր մը՝ ուժգին, մտերիմ, ծայրայեղ, անցեր-գացեր, կարծես փարատեր է ու մինակ կը մնաս անոր ձգած հետքերուն հետ, որոնք կը ծանրանան մէջդ։
     Ի՞նչ կ՚ընես։

Մնայուն ու վերջնական ընկերդ, փորձընկալումդ
իմաստ տալո միակ միջոցը՝ դուն քեզի հետ կը նստիս։
Ու գրելով իմաստ կու տաս անոր։

     Ինչպէ՞ս իմաստ կու տաս անցածին, մէջդ այրողին։ Հոգեբոյժին ատենը շատոնց փախցուցեր ես, նոր ընկերներու կամ սէրերու հետ այդ մասին խօսիլը չի բաւեր, մանաւանդ որ ընկերներդ այնքան ինքնասէր են որ անկարող են քեզի մտիկ ընել (լաւ ընկեր ըլլալու էական յատկանիշը)… եւ ո՛չ միայն բաւարար չէ այդ մասին խօսիլը, այլ զայն կը նսեմացնէ։ Խօսքով չես կրնար անոր ծայրայեղ  ուժգնութիւնը գրաւել։ Խօսքով չես կրնար զայն փոխանցել ուրիշին, ոչ ալ քեզի։ Վեց ժամ ո՞վ լուռ պիտի նստի քեզի մտիկ ընելու։
     Ուրեմն գիրին կը դառնաս։ Մնայուն ու վերջնական ընկերդ, փորձընկալումդ իմաստ տալու միակ միջոցը՝ դուն քեզի հետ կը նստիս։ Ու գրելով իմաստ կու տաս անոր։
     Գիրով է որ կը կարողանաս անցածը վերստին ստեղծել, վերակենդանացնել ու անմահացնել՝ յարատեւութիւն շնորհելով անոր, որպէսզի միշտ կարենաս վերադառնալ։ Որ յետոյ միշտ ներկայ ըլլայ քեզի համար։
     Ներկայ բայց ո՛չ ծանր։
     Մէջէդ հաներ ու զատեր ես։ Թուղթի վրայ դնելը քեզ ազատեր է անոր ծանրութենէն, ծանրութիւնը որ վերածուեր է գիրի, գրութեան, գիրքի թեթեւութեան։

ԾԹ. տարի, թիւ 1

 

նախորդ
ՎԵՀԱՆՈՅՇ