ՍՈՒ­ՓԸՐ ՀԵ­ՐՈՍ­ՆԵ­ՐՈՒ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԸ

«­Հե­րոս ըլ­լա­լու հա­մար մի­նակ պի­տի ըլ­լաս»։ Այս­պէս կը բա­ցո­ւի Քրիս­տի­ան Բա­տի­կե­ա­նի «­Սու­փըր հե­րոս­նե­րը կը մեռ­նին ամ­րան» խո­րագ­րո­ւած հա­տո­րը։  Ու­շագ­րաւ վեր­նա­գիր մըն է, ո­րով ար­դէն կ՚ո­րո­շադ­րո­ւի նիւ­թին լա­րու­մը. սու­փըր հե­րոս­նե­րը՝ հա­կա­ռակ կար­ծո­ւա­ծին՝ կը մեռ­նին, գու­ցէ պէտք է մեռ­նին ո­րոշ ե­ղա­նա­կի մը։ Ա­սոր վրայ կը բար­դո­ւի յա­ւե­լե­ալ նշում մը  գիր­քին սկիզ­բը դրո­ւած ո­ւր կ՚ը­սո­ւի՝ «ա­մա­ռը պէտք չէ այս­քան եր­կա­րէր»։ Հա­տո­րին ե­օթ գրու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն պի­տի յայտ­նո­ւին պա­տա­նե­կու­թե­ան լե­ղի ու քաղցր ապ­րում­նե­րու շա­րան մը, ո­ւր մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն պի­տի դառ­նան սու­փըր հե­րոս­նե­րը։ Ի­՞նչ գործ ու­նին սա­կայն սու­փըր հե­րոս­նե­րը եր­կա­րաձ­գո­ւող ամ­րան կամ պա­տա­նե­կու­թե­ան հետ։ Նախ սա­կայն՝ ին­չո՞ւ սու­փըր հե­րոս­ներ եզ­րը։
     Ա­ռա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թե­ամբ պի­տի ը­սո­ւէր՝ ին­չո՞ւ ոչ գեր հե­րոս­ներ։  Տար­բե­րու­թիւն մը կա՞յ։ Հար­ցը չի վե­րա­բե­րիր այն­քան թարգ­մա­նու­թե­ան, որ­քան ա­ռա­ջի­նով ե­կող հա­մա­գի­րին։ Սու­փըր հե­րոս­նե­րու աշ­խար­հը պատ­կե­րային գրա­կա­նու­թե­ան ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խարհ մըն է, ո­ւր 1930ա­կան­նե­րէն սկ­սե­ալ կ՚ե­րե­ւին պէս­պէս զգեստ­ներ հա­գած ու ար­տա­ռոց ու­ժե­րով օժ­տո­ւած նախ տղա­մար­դիկ՝ ա­պա նաեւ կի­ներ։ Ա­նոնք ը­նդ­հան­րա­պէս կը գոր­ծեն բա­րի ը­նդ չար ու­ժե­րու տրա­մա­բա­նու­թե­ամբ բա­նող աշ­խար­հի մը մէջ ո­ւր մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն կը յա­ջո­ղին ա­ռաջ­քը առ­նել զան­գո­ւա­ծային ա­ղէտ­ներ դա­ւող սու­փըր չա­րա­գործ­նե­րու ճի­ւա­ղային սադ­րանք­նե­րուն։ Գի­ծի եւ գի­րի յա­տուկ խառ­նուրդ մը, որ կը բո­ցա­վա­ռի  պա­տա­նի­նե­րու պատ­շաճ ե­րե­ւա­կա­յու­թե­ամբ ու տա­րի­նե­րու եր­կայն­քին կը ներգ­րա­ւէ ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն խաւ մը։ Ա­ռա­ջին տաս­նա­մե­ակ­նե­րու ծաղ­կու­մին ու ա­զա­տու­թե­ան կը յա­ջոր­դեն գրաքն­նու­թե­ան ան­ցուկ տա­րի­ներ, ե­րբ այդ ժա­ման­ցային գրա­կա­նու­թիւ­նը կը մե­ղադ­րո­ւի են­թադ­րե­ալ վատ ազ­դե­ցու­թե­ամբ տղոց վրայ։ Ա­սով հան­դերձ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան կը շա­րու­նա­կէ տա­րա­ծո­ւիլ ժո­ղովր­դային մշա­կոյ­թի զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րուն մէջ հաս­նե­լով մին­չեւ հո­լի­վու­տե­ան ֆիլ­մաշ­խարհ, ո­ւր գտած ան­հա­մե­մատ յա­ջո­ղու­թիւ­նը զայն կը դարձ­նէ ժո­ղովր­դային հա­սա­րա­կաց մշա­կոյ­թի սիւ­նե­րէն մէ­կը։ Այն­պէս որ այդ եզ­րը կ՚ընդգր­կէ ի­նք­նա­փակ ո­լորտ մը, ի­նքն իր օ­րէնք­նե­րով ու տրա­մա­բա­նու­թե­ամբ բա­նող, ո­ւր ի մի կու գան ներ­քին հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ, ան­գիր օ­րէնք­ներ եւ ը­նդ­հան­րա­պէս ու­րոյն հա­մա­կար­գեր պար­փա­կող տի­ե­զերք մը։ Սու­փըր հե­րոս ա­նո­ւա­նու­մը յս­տա­կօ­րէն կ՚ուղ­ղո­ւի այդ հաս­տա­տո­ւած ո­լոր­տին։­
     Այս­տեղ սու­փըր հե­րոս­նե­րը թուղ­թէ ըն­կեր­ներն են գրու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րեւ­ցող զա­նա­զան պա­տա­նի­նե­րուն։ Գրու­թիւն­նե­րը թէ­եւ կը կար­դա­ցո­ւին ա­ռան­ձին,- կեր­պար­ներն ու պա­տա­հար­նե­րը ան­կախ են մէ­կը միւ­սէն,- գիր­քը սա­կայն ու­նի ձե­ւա­կան ու խոր­քային մի­ու­թիւն մը։ Ե­օթ գլուխ­նե­րը կը կրեն քո­միք­սի Մար­վըլ հրա­տա­րակ­չա­տան տի­ե­զեր­քին պատ­կա­նող ե­օթ սու­փըր հե­րոս­նե­րու կամ խմ­բակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­նուն­ներ։ Ա­սոնց­մէ ո­մանք ա­ռն­չու­թիւն­ներ ու­նին նաեւ ի­րար մէջ. օ­րի­նակ Սթիվ Ռա­ճըրզ ի­մա՛ Captain America եւ Պա­քի Պառնզ ի­մա՛ Winter Soldier գոր­ծա­կից­ներ են, նախ ա­ռաջ­նորդ – հե­տե­ւորդ դրու­թե­ամբ, ա­պա ան­ջատ, ը­նդ ո­րում ա­տեն մը ե­րկ­րոր­դը պի­տի վերց­նէ ա­ռա­ջի­նին՝ Captain America-ի դե­րը, կամ Black Widow, Thor եւ Captain America, ո­րոնք մի­աս­նա­բար կը կռո­ւին Avengers խմ­բակ­ցու­թե­ան դրօ­շին ներ­քոյ, ե­ւայլն։ Մար­վըլ Քո­միք­սի մր­ցա­կից հրա­տա­րակ­չա­տու­նը պատ­մա­կա­նա­բար ե­ղած է Տի­Սի Քո­միք­սը, ա­մէն մէ­կը պա­հե­լով իր սու­փըր հե­րոս­նե­րու փա­ղանգն ու հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րը, ո­րոնք ը­նդ­հան­րա­պէս կը խու­սա­փին դա­ւա­ճա­նե­լէ մէ­կուն կամ միւ­սին տի­ե­զերք­նե­րուն։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին պատ­մու­թե­ան մէջ պա­տա­նին, որ դպ­րոց փո­խած ըլ­լա­լով կ՚ու­զէ նոր դպ­րո­ցին մէջ ըն­կեր­ներ ու­նե­նալ ու ըն­դու­նո­ւիլ ա­նոնց կող­մէ, կը ձե­ւաց­նէ սի­րել Batman-ը կամ չհա­կադ­րո­ւիլ Superman-ը սի­րող տղուն, սա­կայն նոյն ա­տեն խօս­քը ո­ւղ­ղե­լով իր սու­փըր հե­րո­սին՝ Captain Americaին՝ կ՚ը­սէ. «ա­սի­կա գոր­ծին հա­մար է, հա­ւա­տա՛, սանկ թէ նանկ դուն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր ես, Սթի՛վ»։ Այս ա­մէ­նը ան­շուշտ հա­ւա­նա­բար ա­ռա­ջին ան­գամ է որ մուտք կը գոր­ծեն ի­բր կեր­պար եւ ի­բր տի­ե­զերք հայ գի­րե­րու աշ­խար­հէն ներս։ Ա­սի­կա ան­շուշտ իբ­րեւ շր­ջարկ կամ լրա­ցու­ցիչ։
     ­Գիր­քին մի­ու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր սու­փըր հե­րոս­նե­րու ներ­կա­յու­թե­ամբ, այլ կը հիւ­սո­ւի պա­տա­նե­կու­թե­ան խար­խա­փում­նե­րու ը­նդ­հա­նուր բնա­նիւ­թով՝ որ­պէս յետ­նա­պատ­կեր։ Պատ­մո­ւա­ծը ման­րա­վէ­պեր են այս կամ այն պա­տա­նե­կան դրո­ւա­գէն, ո­ւր յա­ճախ կայ ներ­կա­յու­թիւ­նը զա­նա­զան ըն­կեր­նե­րու, ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րու, սի­րե­լի նէ­նէ­ի մը։ Պատ­մո­ւա­ծէն ա­ւե­լի սա­կայն հե­տաքրք­րա­կա­նը ա­նոր զա­նա­զան հոս­քե­րուն ի­րար ա­ռն­չու­մի կերպն է։ Բա­տի­կե­ան առ այդ ի գործ կը դնէ պա­տու­մի զա­նա­զան հնարք­ներ, յա­ճախ գոր­ծող որ­պէս ան­ջատ բայց մէջ ը­նդ մէջ հիւ­սո­ւող թե­լեր, ա­կն­կա­լե­լով որ ըն­թեր­ցո­ղը ըն­թեր­ցու­մին ի­սկ ը­նդ­մէ­ջէն գտ­նէ ու կա­պէ զա­նոնք ի­րա­րու. խոս­տո­վա­նա­կան պա­տում, օ­րագ­րային ար­ձակ, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կում, ե­րկ­խօ­սու­թիւն, ե­ւայլն։ Տա­կա­ւին կան մոխ­րա­գոյն տա­ռե­րով ու ներս քա­շո­ւած լու­սանց­քային պար­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­ւր կը հիւ­սո­ւին այս կամ այն սու­փըր հե­րո­սի կե­ան­քէն դրո­ւագ­ներ, սկան­տի­նա­ւե­ան դիւ­ցազ­ներ­գու­թե­ան գիր­քէ մը մտ­նող ո­տա­նա­ւոր թարգ­մա­նու­թիւն­ներ, կամ օ­րա­թեր­թէ մը առ­նո­ւած օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Այս ա­մէ­նը ըն­թեր­ցո­ղը կը տա­նին տե­ղէ տեղ ու ժա­մա­նա­կէ ժա­մա­նակ ո­ւր  ի­րա­կանն ու ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նը կը մի­ա­ձու­լո­ւին ի­րա­րու, հա­րա­զատ պատ­կեր մը տա­լով պա­տա­նու­թե­ան եզ­րին տա­տա­նող կեր­պար­նե­րու մտաշ­խար­հէն ու հո­գե­բա­նու­թե­նէն։ Սու­փըր հե­րոս­նե­րը պէտք է մեռ­նին որ ա­նոնք դուրս գան պա­տա­նու­թե­ան ա­ռօ­րե­այ խռովք­նե­րէն ու ան­ցնին յա­ջորդ հանգ­րո­ւան։ Ա­մա­ռը սա­կայն կ՚եր­կա­րի։
     ­Հե­րոս ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է մի­նակ ըլ­լալ կը գրէ Բա­տի­կե­ան։ Պէտք է նաեւ ցաւ ու­նե­նալ։ «Ա­ռանց ա­տոր չըլ­լար»։  Այս­պէս է որ գիր­քին պա­տա­նի­նե­րը նոյ­նա­նա­լու եզ­րեր կը գտ­նեն ի­րենց սու­փըր հե­րոս­նե­րուն հետ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ալ ի­րենց նման մի­նակ են յա­ճախ,  ըն­կե­րային շր­ջա­նակ­նե­րու ե­զերք­նե­րուն թա­փա­ռող։  Ա­նոնց մի­ջամ­տու­թիւ­նը ի­րա­կան կե­ան­քէն ներս ը­նդ­հան­րա­պէս չ՚անց­նիր թուղ­թէ հե­րո­սի սահ­ման­նե­րը, սա­կայն կը զգանք որ պա­տա­նի­նե­րուն կա­պը ա­նոնց հետ ի­րա­կան է։ Սու­փըր հե­րոս­նե­րը ե­րե­ւա­կա­յա­կան ըն­կեր­ներ չեն՝ հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով՝ այլ լրա­ցու­ցիչ ներ­կա­յու­թիւն­ներ՝ կա­ցու­թիւն մը, դժո­ւա­րու­թիւն մը կամ չժա­մա­նող սի­րոյ կս­կիծ մը մեղ­մաց­նող։ Ա­նոնց մի­ջո­ցով այդ վի­ճակ­նե­րը ա­ւե­լի ցայ­տուն կը դառ­նան ու տե­սա­նե­լի, կար­ծես կեր­պար­նե­րուն ու սու­փըր հե­րոս­նե­րուն կե­ան­քե­րը զու­գա­հեռ աշ­խարհ­նե­րու մէջ ըն­թա­նա­լով հան­դերձ գաղ­տա­գո­ղի խա­չա­ձե­ւէ­ին զի­րար ե­րե­ւա­կա­յա­կան հպու­մով մը, ա­պա կր­կին բաժ­նո­ւե­լու հա­մար։ Գրու­թիւն­նե­րուն բուն գե­ղեց­կու­թիւ­նը հոն­կէ ե­կող ա­զա­տու­թիւնն է ու պա­տա­նե­կան աշ­խար­հին առ­թող ան­մի­ջա­կան յու­զու­մը։ Ա­նոնց աչ­քե­րով կը դի­տենք պա­տա­հար­նե­րը, սա­կայն տղա­քը մի­ա­միտ չեն։ Կը տես­նեն շր­ջա­պա­տի սու­տերն ու տգե­ղու­թիւն­նե­րը, մի­ա­ժա­մա­նակ սա­կայն ա­զատ են այն­պէս ի­նչ­պէս պա­տա­նե­կու­թե­նէն ե­րի­տա­սար­դու­թիւն ան­ցնող­նե­րը կր­նան ըլ­լալ ա­զատ։  Չա­րամ­տու­թիւն­նե­րը, գժ­տու­թիւն­նե­րը, պատ­կա­նե­լու եւ ըն­դու­նո­ւե­լու կա­րիք­նե­րը կան սկիզ­բէն։ Ա­նոնց վրայ կ՚ա­ւել­նան ծաղ­կող սե­ռա­կա­նու­թիւնն ու ա­նոր վե­րի­վայ­րում­նե­րը, ա­ռանց սա­կայն հասց­նե­լու հա­սուն սի­րով ե­կող բա­ւա­րա­րու­թե­ան։ Ճամ­բայ ու­նին ա­նոնք կտ­րե­լիք տա­կա­ւին։
     ­Պա­տա­նի­նե­րու աշ­խար­հը 1980ա­կան­նե­րու Պո­լիսն է։ Այս մէ­կը կա­տա­րե­ալ նո­րու­թիւնն է գիր­քին, ո­րով մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի նոր ե­րկ­րի մը խոս­տու­մը կար­ծես։ Կը թա­փա­ռինք տղոց քա­ղա­քին ու ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ վերջ ի վեր­ջոյ ան­դրա­դառ­նա­լու հա­մար որ պա­տա­նե­կու­թիւ­նը ի­նք­նին եր­կիր մըն է, որ ա­մէն տեղ նոյնն է։ Ա­հա այդ ե­րկ­րին մէջ է որ կը բնա­կին նաեւ սու­փըր հե­րոս­նե­րը։ Բա­տի­կե­ա­նի ար­ձա­կը ձե­ւով մը այդ ե­րկ­րին լե­զուն է որ կը փնտ­ռէ ե­րբ բազ­մա­թիւ ձե­ւե­րով կը մօ­տե­նայ խօս­քին ու ա­նոր բա­ցա­յայտ­ման կեր­պին։ Ժուժ­կալ ար­ձակ մըն է ի­րը, եր­բեմն ան­կիւ­նա­ւոր ու զար­տու­ղի, կտ­րա­տո­ւող շեշ­տե­րով բայց միշտ հա­րա­զատ։ Հա­րա­զատ պատ­մո­ւա­ծին։ Զար­տու­ղու­թիւ­նը ան­շուշտ ոճ է, թէ­եւ կը խոր­հինք որ մանր հպում մը կր­նար՝ ա­ռանց դպ­նա­լու ո­ճին՝ զայն կա­տա­րե­լա­գոր­ծել։ Ա­մե­նայն­դէպս դրա­կան կեր­պով կա­րե­լի է ը­սել որ ան մղոն­նե­րով հե­ռու է մի­ա­մա­կար­դակ այն աշ­խար­հա­բա­րէն, որ կը տո­ղան­ցէր իբ­րեւ ար­ձակ եւ ո­ւր ը­նդ­հան­րա­պէս մաք­րա­մո­լու­թիւնն ե­ղած էր կար­ծես բուն մտա­հո­գու­թիւ­նը քան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ջիղն ու զգա­ցո­ղու­թե­ան ծա­ւա­լու­մը, այդ ալ ան­շուշտ այդ լե­զո­ւին լաւ օ­րե­րուն։ Բա­տի­կե­ան այս­տեղ կա­տա­րե­լա­պէս հան­գիստ է իր մարմ­նին մէջ եւ ա­տի­կա կ՚ե­րե­ւի լե­զո­ւին ի­սկ մէջ։ Ի­րա­կա­նու­թե­ան մէջ լե­զուն ու պա­տում­նե­րը կը կազ­մեն մի­ու­թիւն մը, որ գիր­քին կու տայ իր գլ­խա­ւոր դրոշ­մը, պի­տի ը­սէ­ինք punchը։ Մէկ շուն­չով կը կար­դա­ցո­ւի, սա­կայն մէկ­դի դնե­լէ ե­տք  կ՚անդ­րա­դառ­նաք, որ կը շա­րու­նա­կէք վե­րա­դառ­նալ ա­նոր է­ջե­րուն։ Պա­տում­նե­րուն մէջ ի գործ դրո­ւած կա­ռու­ցային աշ­խա­տան­քին ար­դիւնքն է ա­սի­կա, հե­տե­ւանք պատ­մո­ւա­ծը կտ­րա­տե­լու ու շեր­տա­ւո­րե­լու ա­նոր կեր­պին, եւ որ կը լա­րէ այդ պա­հան­ջը ի­նչ­պէս նաեւ լե­զուն վե­րագտ­նե­լու հա­ճոյ­քը։  Տա­րօ­րի­նակ չէ որ գիր­քին ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը սպա­ռած ըլ­լայ ու հրա­պա­րա­կի վրայ ըլ­լայ ար­դէն ե­րկ­րորդ տպագ­րու­թիւն մը։ Այս ալ նո­րու­թիւն ա­հա­ւա­սիկ։ Եւ ա­սի­կա Ե­րե­ւա­նի մէջ, ո­ւր կան տա­կա­ւին մար­դիկ, որ կը դա­ւա­նին չհասկ­նալ այս լե­զուն։ Ըն­թեր­ցող խա­ւին հա­մար ը­ստ ե­րե­ւոյ­թին այդ մէ­կը ար­գելք չէ, գու­ցէ նաեւ իբ­րեւ տա­րաշ­խար­հիկ ու­նի գրա­ւիչ հան­գա­մանք մը։ Ա­սի­կա ան­շուշտ  մա­սամբ որ­պէս բա­ցատ­րու­թիւն։ Փաստ է որ գիր­քը կր­ցած է հաս­նիլ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թե­ան մը ճա­շա­կին՝ ան­կախ բայց նաեւ շնոր­հիւ լե­զո­ւին։ Փաստ նաեւ որ գիր­քե­րը կը ստեղ­ծեն ի­րենց ըն­թեր­ցող­նե­րը։ Ոչ թէ մի­այն ո­րով­հե­տեւ Բա­տի­կե­ա­նի գիր­քը թարմ շունչ կը բե­րէ մեր ի­րա­կա­նու­թե­ան բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ ան­խտիր, ալ նաեւ ո­րով, ի­նչ­պէս Բա­տի­կե­ան վեր­ջին է­ջին վրայ կը գրէ՝ խօս­քը դնե­լով սու­փըր հե­րո­սի մը բեր­նին մէջ, մի­ա­ժա­մա­նակ տա­լով ա­նոր ա­ղո­ւոր ու բազ­մի­մաստ կս­միթ մը.
     «­Հե­րոս ըլ­լա­լու հա­մար պատ­րաստ պի­տի ըլ­լաս օր մը մոռ­ցո­ւիլ։ Եւ ե­րբ տղան մեծ­նայ, պի­տի հե­ռա­նաս։ Այդ­պէս է միշտ։ Ալ պէտք է հե­ռա­նամ։ Հի­մա ար­դէն քու ժա­մա­նակդ է, ձե՛ր ժա­մա­նա­կը։ Հի­մա դո՛ւք կու գաք։ Հոն­կէ ո­ւր ձեզ ձգե­ցին, ո­ւր ձեզ դա­ւա­ճա­նե­ցին, ո­ւր չհա­ւա­տա­ցին թէ կր­նայիք ըլ­լալ։ Բայց կայիք ու կաք, դուք՝ սէր­սէ­րի­ներդ Պոլ­սոյ ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն։
     ­Կու գաք կոր։»

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 1