ԱՐԼԷՆ ՃԵՍԻ

Ծնած է Պեւըրլի, Մասաչուսէթս, մեծցած՝ Սան Լուիս Օպիսփօ, Գալիֆորնիա։ Ներկայիս կ՚ապրի Լոս Անճելըս, ուր UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ PhDի կը հետեւի՝ կեդրոնանալով միջնադարեան շրջանին վրայ։

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

Ընկեր մը ունիմ որ շատ տարօրինակ է։ Ամէն մարդու որ հանդիպի նոր ես մը կը ներկայացնէ։ Չեմ ըսեր որ միշտ իր ուզածը այն է՝ կրնայ ըլլալ որ իսկապէս փոխուած ըլլայ եւ կարելի չըլլայ հին եսը ներկայացնել՝ այն որ եղած է բայց այլեւս չէ։ Սակայն շատ անգամ երբ մարդու մը հանդիպի կը ստուգէ որ ներկայացուցած եսը յարմարի անոր։ Երբ փիլիսոփայի հանդիպի, կարծես շատ հետաքրքրուած ըլլայ փիլիսոփայութեամբ.

Կարդալ աւելին

Տունէս ելայ ֆրանսերէնի դասին երթալու համար երբ ժանգոտ, ծիրանագոյն հեծիկէս տեսայ որ բակին մէջ պզտիկ Պենիթոն կը տանէիր փոքր, կարմիր կառքովդ։
Մօտեցայ եւ ետեւդ կանգնած ըսի. «Պուէնոս տիաս, Գարմէն»։
Արագ մը դարձար, ժպտեցար ու գրեթէ պոռալով ըսիր. «Կը յուսայի կոր որ շուտով քեզի պիտի տեսնէի»։

Կարդալ աւելին

 Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։

Կարդալ աւելին

 Պիտի գրես, պիտի գրես, եւ անպայման խելացի բան մը դուրս պիտի բերես։
 Անկարելի է որ այդքան գիրքեր կարդալէն ետք, այդքան դասախօսութիւններ լսելէն ետք, այնչափ տեղեկութիւն կլլելէն ետք ըսելիք խելացի բան մը չունենաս։
 Միտքը՝ կղզի մը անիրականութեան ծովու մէջ. յոյս մը, որ բան մը կայ իրմէ դուրս. վստահութիւն մը, որ երբ քար կը տեսնուի, քար կայ։

Կարդալ աւելին

ՇՐՋԱՆԱԿ Ա   անգղ Մեհենագիր Ա ծնունդ առանց այլեւայլի կը ծնիս դուն զիս լուսանցքին կ’արձանագրուիմ հակող նախկին հրաշագործ Գիրիդ ձգտող դէպի այլուր չգոյ աղաղակող օ Բուրգ անհաս Աշտանակ գերբնական պաշարէ պարուրէ պատէ մանրագիրս ըստ քու պատկերիդ ու նմանութեան 𓃀 Ոտք Մեհենագիր Բ հրամցուածը կաթ է շիշը՝ որդին հոգին սուրբ՝ կթողը իսկ դուն ես կթուողը օ հայր բանաւոր ինքզինքդ տալով բերկրութեամբ խմողին ստինքդ ուռած բաբախող կը հրաւիրէ ծծող շրթունքիս գոչիւն ի հպում առ աս աղմկողը մօտեցուր աս հեռաւորը ի կուրծք անդր […]

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ