USA PATRIOT
Ոեւէ հայրենասէր ամերիկացի ինքզինք երբեք այսքան նուաստացած չէր կրնար զգացած ըլլալ: Տակաւին երկու օր առաջ, Նիւ Եորք Թայմզ-ի 23 Յունուար 2009-ի թիւի առաջին էջին վրայ էր նկարը՝ Սպիտակ Տուն հաստատուած, սեւամորթ, Պարաք Հիւսէյն իսլամական անունով, լիպերալ եւ սոցիալիստ նախագահի մը, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի սրբազան խաչակրութեան վերջ տուող առաջին յանձնուողական արարքը կը գործէր՝ Կուանթանամոյի արգելանոցի փակման հրամանագիրը ձախ ձեռքով ստորագրելով…
Վերջին ամառը, տան մէջ, միասին
Անմոռանալի էին 2008 թուականի՝ Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսները: Պապան տունը մնաց ամբողջ ամառը: Ըսաւ, թէ որոշած է գործի չերթալ, որպէսզի մեզի հետ ըլլայ: Ոչ մէկ ամառնային արձակուրդ, այսքան ժամանակ, գրեթէ ամբողջ օրը, մեզի հետ չէր անցուցած, երբեւիցէ: Կը խաղար մեզի հետ, պտոյտի կը տանէր, պաղպաղակ կը գնէր… մէկ խօսքով կ՚ընէր այն ինչ որ ուզէինք: Այնքան ուրախ էինք, որ մեր մտքէն իսկ չանցաւ նեղուիլ որ ծովափ չգացինք: Սեպտեմբերին, արձակուրդի աւարտին, դպրոցը վերաբացուեցաւ: Վերամուտի առաջին օրը, ինչպէս ամէն տարի, պապան մեզի դպրոց տարաւ, համբուրեց, ըսաւ թէ տուն պիտի վերադառնայ, բայց գործի երթալու տրամադրութիւն չունի: Յետո՜յ իմացանք, որ ան տուն վերադարձած էր,առանձնացած էր իր գրասենեակը եւ ինքնասպան եղած: Դրամատունը, որմէ պապան գումար փոխ առած էր տունը գնելու համար, շատ շուտով մեր տունը աճուրդի դրաւ, մեր ունեցածը ծախեցինք, ատեն մը բնակեցանք մէկ սենեակնոց յարկաբաժնի մը մէջ, յետոյ պատահական պանդոկներ ապաստանեցանք, բայց, ի վերջոյ, ինչպէս կը տեսնէք, փողոցը մնացինք:
Աժան գարեջուր
2008 թուականի Յուլիսին, երկրի մէջ աճող ալքոլամոլութեամբ մտահոգ, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը որոշեց 20 տոկոսով աւելցնել pub-երուն պետական տուրքը: Միջոցառումը արագացուց pub-երու փակման հոլովոյթը։ Ըստ մամուլի տեղեկութիւններուն, սնանկացման հետեւանքով, շաբաթական դրութեամբ քառասուն pub-եր իրենց դռները վերջնականապէս փակեցին: Միջոցառումը, սակայն, հասարակութեան մէջ ալքոլամոլութեան տոկոսի նուազեցման չառաջնորդեց: Երբ pub-երը կային, գործէն ելլող բանուորը թէ պաշտօնեան, տուն վերադառնալէ առաջ, իր յաճախած pub-ը կը հանդիպէր, բաժակ մը գարեջուր կ՚առնէր, բարեկամներու հետ dart կամ babyfoot կը խաղար, ապա տուն կ՚երթար: Հիմա, բնակչութեան արդէն տասը տոկոսի հասնող անգործները սուբըրմարքէթ կ՚երթան եւ համեմատաբար աժան գինով սնտուկ մը գարեջուր կը գնեն, տուն կ՚երթան եւ առանձին կը խմեն գարեջուրը՝ մոռնալու համար, որ ամբողջ օրը անյուսօրէն աշխատանք փնտռած են, երազելով այն օրուան մասին, երբ կրկին գործէն յետոյ, յոգնած՝բայց երջանիկ, կրկին իր դռները վերաբացած ընթացիկ pub-ը մուտք պիտի գործեն:
Armenian Brandy
Տասնութամեայ ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ, քոնեաքի միակ գործարանի սեփականաշնորհումէն յետոյ ստեղծուած ձեռնարկութիւն մը կը ծանուցէ իր տակառներուն մէջ հինցած վաթսունամեայ քոնեաքի մը վաճառումը:
Հայրենիք, ընտանիք եւ Health Care
Իրաքի մէջ երկու տարի ծառայած զինուոր մը դիմած է կամաւոր կրկին ճակատ երթալու համար: Հայրենասիրական իր արարքը բացատրած է նաեւ անով, որ իր զինուորագրումը թոյլ կու տայ, որ ընտանիքը Փենթակոնին կողմէ վճարուած բժշկական խնամքի ապահովագրութիւն ունենայ: Public healthcare is a bad idea; it will kill patriotism:
Եղանակն այսօր
Լաւ կը յիշէր այն օրը, երբ բարեկամը մահացաւ: Առաւօտեան քսանհինգ աստիճան կ՚ընէր, բայց կէսօրին ջերմաստիճանը յանկարծ զերոյէն վար քսանի իջաւ: Բարեկամը բառացի սառեցաւ փողոցը:
Central do Brasil
Ընթերցող, եթէ պատահի, որ այս գրութիւնը ձեռքդ անցնի, ուշադրութիւնդ գրաւէ այնքան որ ուզես զայն կարդալ, գիտցած եղիր, որ կախարդական պահ մըն է ապրածդ: Այս բառերը ուժ ունին, տառերը կը հմայեն: Անոնց նայելով պէտք է հաւատաս, որ զանոնք առաջին գրողը աստուածային ձեռքն էր: Գիտեմ, կը քմծիծաղիս, չես հաւատար, նման անոնց, որոնք ինծի չհաւատացին երբ ըսի թէ կ՚ուզեմ գրող ըլլալ, այլ բան չընել, գրել միայն: Չհաւատացին, որ այս գիրերը ամբողջ ժողովուրդի մը կեանք կու տան, ապրելու յոյսի կը վերածուին: Չհաւատացին ու չուզեցին տպել գրածներս: Ուրեմն մեկնեցայ: Թէ ըսեմ ուր՝պիտի չհասկնաս, տեղը պիտի չիմանաս, թերեւս քարտէսին վրայ իսկ չկայ: Ես ինքս ալ այստեղին մասին չէի իմանար, եթէ այդ ֆիլմը տեսած չըլլայի: Այդ ֆիլմին հետեւողութեամբ էր, որ հասայ հոս, արեւոտ ու լուռ այս վայրը, ուր հասած օրս իսկ, ծառի մը շուքին տակ նստայ եւ գրել սկսայ: Չեմ յիշեր ե՞րբ եւ ո՞վ առաջին անգամ մօտեցաւ ինծի, երկար նայեցաւ գրածիս, յետոյ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, իրեն երկարեցի թուղթը, որ ակնածանքով առաւ եւ երկու ձեռքերով բռնած ուշադրութիւն ընելով, որ հովը զայն չծալէ, չտանի: Այդ եղաւ: Հիմա, ամէն օր կու գան քովս, մէկ մէկ, միեւնոյն ակնածանքով կը վերցնեն գրուած էջը, կը տանին: Իրենց պատմածները կը գրեմ, իրենց ցաւերը եւ ուրախութիւնները, եւ իրենք կը հաւատան այս գիրերու զօրութեան: Գրուած էջը կը տանին թալիսմանի նման: Կ՚ապրիմ անոնց սրտաբուխ նուէրներով, կը գրեմ, ուրախ եմ:
“No hay nada más miserable que la clase media”-Guillermo Saccomanno
Աղքատները, գիտենք, տգեղ կ՚ըլլան, կը հոտին, աղտոտ են եւ վատ: Գնացքին մէջ ենք, առաւօտեան, գործի կ՚երթանք քնաթաթախ, աշխատավարձի յաւելում չկայ, ամառնային արձակուրդները կը մօտենան, տրամադրութիւնները ցած են: Ներս կը մտնէ ծեր կոյրը, չսափրուած երեսով, մազերը խառն, բերնին մէջն է հարմոնիքան, եւ կը սկսի փչել անկապ ձայներ, որոնք պարտաւոր ենք լսել: Վերջ, վերջապէս, հարմոնիքան վերջին ճիչ մը կ՚արձակէ, բերանէն կը հեռանայ հետը տանելով թուքի կաթիլներ: Ծափահարութիւն կը խնդրէ, յետոյ կ՚ըսէ, թէ ինքն ալ մեր բոլորին նման առաւօտեան գործի կ՚երթար, յետոյ Աստուած պատժեց, տեսողութիւնը գնաց եւ ինչ որ աւելի վատ է՝ գործազրկուեցաւ, որուն համար ստիպուած է այսպէս վակոնէ վակոն պտտիլ, նուագել, մեր օրը շէնցնել, անոր համար ալ բարի եղէք մարդիկ քանի մը ղուրուշ տալ: Եւ կը սկսի քալել, ձեռքը գաւաթ մը կայ, ուր քանի մը մետաղէ դրամ ձայն կը հանեն, որպէսզի մարդիկ գիտնան, թէ ուր պիտի դնեն իրենց շնորհակալ ողորմութիւնը ինքնուս վարպետին: Զարմանալիօրէն քանի մը հոգի գաւաթին մէջի մետաղները կ՚աւելցնեն:
Յանկարծ, կը բացուի վակոնին այն դուռը, ուրկէ մտած էր ան, եւ որուն հակառակ ուղղութեամբ հիմա իր ոտքերը քաշ կու տայ: Երեք լակոտներ են ներս մտնողները, որոնք անձայն կը մօտենան անոր, երկուքը անկէ առաջ կ՚անցնին, դիրք կը գրաւեն, երրորդը ետեւէն կը մօտենայ, գաւաթը բռնած թեւին արմուկին կտրուկ հարուած մը կուտայ, հարուածի ազդեցութեան տակ գաւաթը եւ ձեռքը կը բարձրանան, մէջի քանի մը ղուրուշները օդը կ՚ելլեն, հոն է որ հանդէս կու գան առջեւը դիրք գրաւածները, որոնք չեն ձգեր որ դահեկանները գետին հասնին եւ արդէն կը սուրան դէպի միւս դուռը, երեքը միասին, որովհետեւ հարուածը տուողն ալ մարդուն վրայէն ցատկած է, եւ մենք կը լսենք լակոտներուն յաղթանակի քրքիջը, մարդուն յուսահատ հայհոյանքները, յետոյ նորէն հարմոնիքան, այս անգամ աւելի անտանելի…
Բան մը չենք ըներ, պատուհանէն դուրս կը նայինք, գիտենք, որ այդ մարդուն հետ մենք ալ նոյն այս քաքին մէջն ենք, գիտենք, որ զինք կ՚ատենք, որովհետեւ իր նմանները մեր՝ միջին դասակարգիս, քունը փախցնող ուրուականներն են, սարսափ պատճառող խրտուիլակներն են, որոնց նայիլ չենք ուզեր, եւ մեր աչքերը դուրսն են, երկաթուղիին ուղղութեամբ պողոտային վրայ ինքնաշարժերը կը սուրան, մենք մերը ծախած ենք, կամ տունը կը ձգենք Կիրակի օրերը պտոյտի մը երթալու համար, որովհետեւ կրնայ գողցուիլ, որովհետեւ վառելանիւթը սուղ է, կամ ամօթ կը պատճառէ, որովհետեւ տարիներէ ի վեր չենք կրնար փոխել այն, եւ ան ալ մեզի նման խուրտայի վերածուելու դատապարտուած է:
Le charme discret de la bourgeoisie
Մեթրոյին մէջ առաւօտեան բերան կը հոտի, երեկոյեան՝ քրտինք, ըսած էր:
Նստած տեղէն կը նայէր կայարան առ կայարան թխմուող մարդոց: Զզուելի չէ՞: Իրարու փակած, իրարու հոտը առնելու ստիպուած, մտքերուն մէջ իրարու հայհոյելով, բայց միշտ ժպտուն՝ «Կը ներէք», «Խնդրեմ», «Ոչինչ»…
Նախընտրեց վերադառնալ կարդացած գիրքին:
Ամերիկեան համալսարանի մը մէջ սպանդ կազմակերպած ուսանող մը համացանցին վրայ երեւցած է «Humanity is overrated» շապիկով:
Գիրքը բացաւ եւ փորձեց կեդրոնանալ ընթերցումին վրայ. «Յիսուս ըսաւ՝սիրեցէ՛ք զմիմեանս»…
VIP բազմամշակութային էթիկա
Երբ Չինաստան որոշեց տիրանալ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի երեսուն տոկոսին, միջազգային օդակայաններուն մէջ որոշուեցաւ յարգել ժողովուրդներուն աւանդութիւններն ու մշակութային իւրայատկութիւնները: Հետեւաբար, թոյլատրուեցաւ VIP սրահներուն մէջ մարմնի որեւէ խոռոչէ արձակուած կազ եւ անոր ընկերացող ձայնային յայտարարութիւնը: Սկիզբը դժուար եղաւ համակերպիլ, բայց շուտով երեւան ելաւ, որ քանակով աւելի էին անոնք, որոնք հարց չունէին իրենց անհատականութիւնը կամ ճաշի մը բաւարարութիւնը այդ ձեւով արտայայտելու քան անոնք, որոնք տակաւին կը զզուէին նման դարաւոր միջոցառումներէ: Խնդիրը, սակայն, բարդացաւ, երբ ազգային աւանդութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւնները մարդկային իրաւունքի հարց ըրին սեմիչկայի կեղեւներն ու ձմերուկի կուտերը, ի միջի այլոց, ուղղակիօրէն գետին թքնելու արարքին ընդգրկումը նոր կարգաւորման ծիրէն ներս: Հարցը աւելի բարդացաւ, երբ միջազգային իրաւունքի մասնագէտները գտան, որ կարգաւորման ծիրին ընդլայնումը կրնայ թոյլատրել մինչեւ իսկ գետին թքնելու արարողութիւնը: VIP սրահները մաքրողները սպառնացին ընդհանուր գործադուլի դիմել: Հարցը լուծուեցաւ, երբ Չինաստանի կառավարութիւնը Թի Ան Ան Մէնի վեթերաններէն ամենէն աւելի փորձառուները ուղարկեց, որպէսզի մարզեն բողոքի ցոյցեր ճնշող յատուկ ջոկատներ: ԱՄՆ-ի կառավարութիւնն ալ իր ներդրումը բերաւ ուղարկելով Homeland Security-ի պաշտօնեաներ, որոնք չինացի վեթերաններուն սորվեցուցին VIP սրահներուն մէջ ըլլալ այնքան անծանօթ, որքան որ են ամերիկացի Մարշըլները, որոնք օդանաւերուն մէջ ահաբեկիչ որսալով կը զբաղին:
Starbucks եւ սուրճ վաճառողը
Starbucks-ը իր առաջին մասնաճիւղը բացաւ հարաւային քաղաքի կեդրոնամասին մէջ: Ամէն առաւօտ, Starbucks-էն դուրս կ՚ելլեն C.E.O. պաշտօնեաներ, միջին դասակարգի ներկայացուցիչներ, իրենց սուրճի գաւաթներով: Starbucks-ի կողքին է Երրորդ կամ Չորրորդ Աշխարհի ինչ-որ երկրի մը հիւպատոսարանը, որուն առջեւ ամէն առաւօտ կանուխ գաղթականներու երկար պոչ մը կայ: Իրենց թուղթերու օրինականացման համար այդ շարքին մէջ կարգ սպասողները չեն կրնար Starbucks-էն սուրճ գնել: Կը գնեն փողոցը սուրճ վաճառողէն: Տարիներու ընթացքին այս վերջինին գործը բարգաւաճեցաւ: Գաղթականներու թիւը մասնաւորաբար աւելցած չէր: Տնտեսական ճգնաժամին հետ Starbucks-էն սուրճ գնողներուն քանակը նուազած էր:
Աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք
Յուլիս 15, 2010-ի վաղ առաւօտեան առաջին ժամերուն, երբ Արժանթինի Խորհրդարանին մէջ քուէարկութեամբ անցաւ միասեռական ամուսնութեան եւ զաւակ որդեգրելու իրաւունքի օրէնքը, Նուպար յուզուած գրկեց իր զոյգը, որուն հետ ամբողջ գիշերը արթուն մնացած էր համայնքի միւս անդամներուն հետ օրէնքի անցման զօրակցութեան ցոյցին մասնակցելով: Երկար համբոյրով մը շնորհաւորելէ յետոյ յաղթանակը, աչքէն հոսող երջանկութեան արցունքները սրբեց եւ ըսաւ.
-Վերջապէ՜ս…Այսօրը տեսնելու համար ոռերնիս պատռեցինք…