Միրնա Տուզճեան

ՍՆՈՒՆԴԸ ԱՆԴՈՒՆԴԻՆ ՄԷՋ*

Ընդամէնը հայելի մըն եմ
ջարդուած հայելին զիս կրող պատկերներուն
քաղաքներու պատերուն փակցուցեր եմ
զիս կրող պատկերներուն անունները բաղաձայն
բազմաձայնումը
Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր է լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի    հասնելու
սահմանաւոր վայրիս վայրերը անսահման
անդրադարձայ որ լեզուս հատուած էր
ձեռքերս զօրացած էին
ոտքերուս մէջ մահուամբ աճող որդեր կային
ողնայարս տեղ մը չունէր յենելու
Տրտմամաշ պատկերները ինձմէ դուրս հանեցի
արփեհարբած շարականներէն դուրս ելայ անդարձ
մայթերուն ինկած լուսատ հեւքի պէս
                                  ծիրանի փողին մէջէն դուրս քաշեցի
Խի՛ղճդ
ես լեցուն եմ հիմա
եւ յաւիտենական
                                                                ինչպէս ճիչը Կոմիտասի
Քու յիշած ձեւերովդ չէ որ գրեցի այբուբենիս տառերը խրթին
Գրեցի ինչպէս երեւացին ինծի
Բառերու ասեղը մերկ մորթիս վրայ կարելէ ետք երկար
կանգնեցայ ըսի՝ գեղեցկուհիդ չեմ
                                                                սիրուհի՜դ եմ ես
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ    ձայներս խեղդուած
Ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի…։[1]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Մոխիրէ ծառ», Նշանագիր. Նիւ Ճըրզի, 1987. էջ 30-31։

Ի՞նչ կը ներկայացնեն այս տողերը եթէ ոչ բառի ու բանի սքանչելիութիւնը, զօրութիւնը։ Նախ եւ առաջ գոհունակութիւն պիտի ստանանք լեզուէն, լեզու մը որ մեզ կը հրաւիրէ երեւակայելու եւ խոկալու։ Վեհանոյշ Թեքեանի քերթողութեան մէջ անթիւ են գեղարուեստական բարձրագոյն որակով տողերը, բազմազան, յաճախ անսպասելի ոճով գրուած՝ մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ ու եռուն։ Տողեր, որոնց համը ընթերցողին բերանը կը մնայ։ Պատասխաններ փնտռող քննադատը միշտ պէտք է յիշէ, որ զգուշօրէն պէտք է մօտենայ Թեքեանի բանաստեղծութիւններուն. որովհետեւ այդ գրականութիւնը կը զբաղի գրելու գործողութեամբ, ոչ թէ պատասխաններ կամ պատգամներ հաղորդելով։ Տեսլադաշտ ստեղծող է Թէքեան։
     Ուրեմն պիտի չփորձեմ վերլուծել այս մէջբերումը, որ այնքան յուզում արթնցնելու կարողութիւն ունի, այլ՝ մի քանի մանրամասնութեան վրայ կեդրոնանալով պիտի անդրադառնամ Թեքեանի ընդհանուր գրական յատկանիշներուն։ Տողերը առնուած են Նշանագիր հաւաքածոյի առաջին գործէն՝ «Մոխիրէ Ծառ» քերթուածէն։ Կարճ հատուած մըն է համեմատաբար ծաւալուն 27 էջնոց գլուխ գործոցի մը։ Այստեղ բանաստեղծութեան ես-ը կը պատկերէ աղէտային մահը,[2]Հեղինակը հարցում-պատասխանի ընթացքին յիշեց թէ այս տողերը գրած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սոսկալի … Continue reading  մտային եւ լեզուական ամլութիւնը, եւ յետոյ տեսարանէն դուրս կու գայ իբրեւ բառերու տէրը՝ գտած է կորսուած բառերդ։ Այսինքն այս գտնուած բառերը նաեւ քո՛ւ՝ ընթերցողիդ բառերն են։ Բառերու փնտռտուքը եւ միաժամանակ անոնց նուաճումը ամէնուր է։ Այս բառերով է որ հեղինակը կը կերտէ սփիւռքի լեզուն, սփիւռքեան հասկացողութիւնը, լեզուով մը որուն հայեացքը դէպի ինքզինք ուղղուած է։ Ինք իրմով կը զբաղի։ Անսպասելի բառեր քով-քովի կը բերէ, նոյն ձեւով եւս անսպասելիօրէն նիւթեր իրարու կը կապէ, եւ այս բոլորը կը նպաստեն բանաստեղծութեան բարդ կառոյցին։ Կարծես կը փափաքի որ ընթերցողը մնայ հակասութիւններու կամ ոչ բոլորովին յստակ պատկերացումներու մէջ եւ մտմտայ այդտեղ։

 

Պատասխաններ փնտռող քննադատը միշտ պէտք է յիշէ, որ զգուշօրէն պէտք է մօտենայ Թեքեանի բանաստեղծութիւններուն. որովհետեւ այդ գրականութիւնը կը զբաղի գրելու գործողութեամբ, ոչ թէ պատասխաններ կամ պատգամներ հաղորդելով։ Տեսլադաշտ ստեղծող է Թէքեան։

 

     Թեքեան այսպիսով կը մշակէ լեզուական փիլիսոփայութիւն։ Զինք կարդալով կը զգանք, կը հասկնանք լեզուի կեանքը, իր իսկ բառերով՝ իբրեւ «բաբախուն մարմին»։[3]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Արեւմտահայերէնի վերջին ճգնաժամը», Խօսող լերան պատմութիւնը. Նիւ Ճըրզի, 2015, էջ 11։ Լեզուի իր գործածութիւնը կը փաստէ թէ լեզուն ողջ է. մեզի կը մնայ որոշել թէ կ՚ուզե՞նք այդ իրողութիւնը ընդունիլ։ Եթէ լեզուն կեանքի անհրաժեշտ մասնիկն է, դժուար չէ հետեւցնել որ գրականութիւնը մարդկութիւն է եւ գրականը՝ ամենամարդկային հետամտումը։ Այս պատճառով է որ բանաստեղծութեան ես-ը՝ գիտակցելով որ իր լեզուն թէ՛ հատուած է, թէ՛ ուժգին, ինքզինք կը նկատէ իբրեւ «ուրուայնամուտ պատմութիւն»։ Ուրեմն ունինք աշխարհահայեացք մը որ կը միաձուլէ կեանքն ու գրականութիւնը։ Եւ իրօք այս միաձուլումը կայ Թեքեանի միւս գործերուն մէջ, ուր օրինակ՝ ան կը գրէ. «Մեզմէ իւրաքանչիւրը բաժնուած է եւ միացած՝ ինչպէս վէպի մասեր»։[4]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Ընտանեկան ատեան», Բազմածուփ աշխարհ. Նիւ Ճըրզի, 1993. էջ 35։ Եւ դարձեալ ուրիշ գործի մը մէջ, ուր մահամերձ անձ մը կը նկարագրէ՝ «կեանքիդ արարը պիտի լմննայ ինչպէս քարդուն»։[5]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Երբ օրը յոգնութեան կապոյտ շապիկը հանէ»,Կիզակէտ. Պէյրութ, 1978. էջ 103։

 

Բառերու փնտռտուքը եւ միաժամանակ անոնց նուաճումը ամէնուր է։ Այս բառերով է որ հեղինակը կը կերտէ սփիւռքի լեզուն, սփիւռքեան հասկացողութիւնը, լեզուով մը որուն հայեացքը դէպի ինքզինք ուղղուած է։ Ինք իրմով կը զբաղի։

 

     Թատերական, գրական կառոյցի լեզուով կեանքը եւ մարդկութիւնը նկարագրելը անշուշտ նորութիւն մը չէ։ Յետարդիական գրողները շատ կը սիրեն կեանքի եւ գրականութեան անքակտելիութիւնը ներկայացնել։ Բայց Թեքեանի մօտեցումը եզակի է, որովհետեւ կեանք-գրականութիւն միաւորումն է որ առիթ կու տայ թէ՛ ողբալու, թէ՛ անձնակերտման։ Այլ խօսքով՝ գրականութիւնն է որ մահը, Աղէտի ողբերգութիւնը եւ յիշատակը, կեանքի տագնապը եւ սփիւռքի դրութիւնը կը դարձնէ շինիչ եւ արդիւնաւէտ։ Նոյն տրամաբանութեամբ՝ ուրիշ բանաստեղծութեան մը մէջ կը գրէ յետ-մահու նամակ իր մտերիմ բարեկամին՝ Ժիրայր Պոյաճեանին, եզրակացնելով թէ միայն բանաստեղծութեան միջոցաւ կարելի է փորձել կորուստին հետ հաշտուիլ.

Միայն այս մնաց
Բանաստեղծութեան բարի ճամբան,
Որ կը փորձէ վերածել մահը՝
Լեզուի եւ լռութեան.[6]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Յետ-Մահու Նամակ Ժիրայր Պոյաճեանին», Սնունդ եւ Անդունդ. Նիւ Ճըրզի, 2000. էջ 89։

     Ետ գալով «Մոխիրէ Ծառ»ին, կ՚ուզեմ մէկ բան եւս նշել։ Բանաստեղծութիւնը առանց կէտադրութեան գրուած է, ո՛չ ստորակէտ, ո՛չ վերջակէտ, ո՛չ միջակէտ, պատնէշ չկայ բառերու հեղեղին ընդդէմ։ Բոլորը մէկ շունչ է։ Կարծես կը հետեւինք մտքի թելի մը՝ անաւարտ, կենսայորդ շարանին, որ շերտ առ շերտ կը զարգանայ։ Քերականական սահմանները քանդող հեղինակը նաեւ սահմանը նիւթ կը դարձնէ երբ կ՚ըսէ թէ կ՚աշխատի հասնիլ իրեն սահմանուած վայրին անսահման վայրերը։ Անսահման վայրեր հասնիլը կը նշանակէ ընթերցողին առջեւ նոր իմացական աշխարհներ բանալ։ Սահմանը, կամ աւելի ճիշդ՝ անսահման ըլլալը, որպէս սփիւռքի դրութիւնը ներկայացնող հիմնական փոխաբերութիւններէն մէկը, մարմնաւորուած է Թեքեանի գործերուն կառոյցին, ոճին, մտածելակերպին եւ նիւթերուն մէջ։[7]Քննադատները ընդհանրապէս չեն կրցած իմաստաւորել Թեքեանի կատարած կէտադրական զիջումները որպէս գրական … Continue reading

 

Քերականական սահմանները քանդող հեղինակը նաեւ սահմանը նիւթ կը դարձնէ երբ կ՚ըսէ թէ կ՚աշխատի հասնիլ իրեն սահմանուած վայրին անսահման վայրերը։

 

     Եւ որովհետեւ միշտ, ամէն գետնի վրայ սահմանները կը հրէ Թեքեան, իր լայնածաւալ գրական գործունէութիւնը կը ներառէ ամէն ինչ՝ ամէն նիւթ որ կարելի է երեւակայել՝ սէր, մայրութիւն, պատերազմ, կնոջ տեսակէտն ու կորովը, այրատիրութիւնը, ե՛ւ հայ ե՛ւ համաշխարհային գրականութիւնը, գրողի դրութիւնը, երիտասարդութիւնն ու ծերութիւնը, յիշատակը, հաւատքը, ընկերութիւնն ու մշակոյթը։ Եւ այս բոլորն ու աւելին կը քննարկէ թէ՛ առարկայական եւ թէ՛ վերացական մօտեցումներով ու բազմազան ոճերով։
     Օրինակ՝ Պըրքլիի ուսանողները «Հայոց Պատմութիւն» վերնագրով բանաստեղծութեան թատերական յատկութիւններէն օգտուելով զայն բեմականացուցին։ Համեմատած «Մոխիրէ Ծառ»ին, այնքա՜ն տարբեր է այս գործին ոճը՝ իր իրապաշտ յատկութիւններով, որ կարծես թէ ուրիշ հեղինակ մը գրած ըլլար։ Բայց միւս կողմէն՝ կան բոլոր յատկանիշները որոնք վարժ ենք տեսնելու Թեքեանի գործերուն մէջ. անակնկալները, լեզուի ճկունութիւնը եւ սահմաններու քննարկումը, այս անգամ սփիւռքի տարածքի, տարածուածութեան եւ ժամանակի հոսանքի իմաստով։
     Հաւանաբար այս վերնագիրը՝ «Հայոց Պատմութիւն», այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ որ նիւթը պատմական անկիւնադարձերու մասին պիտի ըլլայ, անկիւնադարձեր ուր գլխաւոր հերոսները իրենց արարքներով ժամանակը եւ ժողովուրդը կը մղեն առաջ։ Բայց ընդհակառակը՝ Թեքեանի բանաստեղծութիւնը կը նկարագրէ սփիւռքի իրականութիւնը անձնական, ընտանեկան յարաբերութիւններու ընդմէջէն։ Այստեղ ներկայացուող ընտանիքը մայրիշխանական կը թուի, այն իմաստով որ կիները՝ հօրաքոյր, զարմուհի, տալ, մեծմայր, մայր եւ հեղինակը յիշեցնող «ես» մը գլխաւոր դեր կը խաղան։ Աւելին՝ էրիկմարդոց մասին ընդհանրապէս կ՚իմանանք միայն խօսակցութիւններու ընթացքին։

 

Սահմանը, կամ աւելի ճիշդ՝ անսահման ըլլալը, որպէս սփիւռքի դրութիւնը ներկայացնող հիմնական փոխաբերութիւններէն մէկը, մարմնաւորուած է Թեքեանի գործերուն կառոյցին, ոճին, մտածելակերպին եւ նիւթերուն մէջ։

 

     Թեքեան իր ընտանիքի անդամները իբրեւ տիպար ընտրելով մեզ կը տանի Պէյրութ, Պոլիս, Պուէնոս Այրէս, Ուիսքանսըն եւ Բարամըս, Նիւ ճըրզի, ուր ինք ներկայիս կը բնակի։ Այս տիպարներու երթալ-գալերը, որոնք մաս կը կազմեն հեղինակին յիշատակներուն, որոշ չափով շփոթ կրնան ստեղծել։ Ո՞վ հօրաքոյր է, ո՞վ տալ եւ ո՞վ ուրկէ՞ եկաւ։ Ընթերցողը հազիւ թէ սկսի բոլոր տիպարները ճանչնալ, յանկարծ նոր ազգականներ կը յայտնուին։ Վերջապէս՝ յիշատակները եւ յիշելու գործողութիւնը կ՚ապացուցեն թէ որեւէ ժամանակ, որեւէ պահ իր մէջ կ՚ընդգրկէ այլ ժամանակներ։ Այսինքն՝ գործին կազմն ու ձեւը կը լրացնեն անոր բովանդակութիւնը. կը ներկայացնեն Աղէտէն ետք արտագաղթերու բազմութիւնը եւ բազմապատկումը, վրայ վրայի գալը։
     Քերթուածին պատկերաւորած ընտանեկան խճանկարին ետին նաեւ կայ մշակութային հարցադրում մը. Սփիւռքի մէջ ի՞նչ կը պատահի մշակոյթին եւ լեզուին։ Նոյնիսկ կարելի է մշակոյթը սեպել գործին հերոսը։ Իրապաշտութեան մակերեսայնութիւնը ապացուցող տեսարանի մը մէջ ձուկի նաշխով ձեռագործ մը կ՚ընդմիջէ բանաստեղութեան առօրեան՝ ան հին օրերու, հեքիաթի ձուկն է, որ պատմութիւններ ունի պատմելիք, եթէ մտիկ ընող ըլլայ։ Այս ձուկին յայտնութիւնը կը յստակացնէ թէ լեզուն ապրող, շնչող մասնիկն է սփիւռքեան իրականութեան եւ ոչ ժառանգուած «զարդ»[8]Թեքեան, Վեհանոյշ. «Հայոց Պատմութիւն», Սնունդ եւ Անդունդ.էջ 22։մը։ 
     Հետաքրքրական է թէ կէս դար՝ երկու սերունդ ետք, 21րդ դարու աշակերտներուն տպաւորութեամբ ներկայացուած  1960ական թուականներու Պէյրութը դեռ հարազատ կը թուէր։ Ուսանող մը նշեց թէ կարծես իր տան մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները արձանագրած է Թեքեան։ Յիշեցինք այն տեղերը, այն օրերը որ չէինք տեսած, բայց քերթողին երեւակայութեամբ մաս կազմեցին մեր անհատական փորձառութիւններուն։ 
     «Հայոց Պատմութիւն»ը լոյս տեսած է Սնունդ եւ Անդունդ խորագրին տակ քսաներկու այլ բանաստեղծութիւններու կողքին։ Շատեր նշած են թէ Սնունդ եւ Անդունդը Սփիւռքը իր բոլոր վերիվայրումներով կը ներկայացնէ։ Բայց հաւանաբար կ՚արժէ աւելցնել որ Թեքեան իր ընտրած վերնագրով եւ անոր գործածութեամբ կը լիցքաւորէ մեր ըմբռնումները Սփիւռքի մասին։ Այս բանաստեղծութիւններու շարքին էջերուն վրայ երբեք «սնունդ» բառը չէ գործածուած, իսկ «անդունդ»ին յաճախ կը հանդիպինք՝ ընկերներ բաժնող տարածութիւններու, մահուան եւ մթութեան դէմ յանդիման։ Ընթերցողը պիտի հետեւցնէ թէ սնունդը սահմանումի չի կարօտիր, որովհետեւ սնունդը ինք՝ բանաստեղծութիւնն է։ Թէքեան սնունդին ծնունդ կու տայ՝ յատկապէս անդունդին մէջ։

*Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն նուիրուած գրական երեկոյ մը կազմակերպած էր հեղինակին ներկայութեամբ։ Այս գրութիւնը հիմնուած է այնտեղ ներկայացուցած դասախօսութեանս վրայ, որ նաեւ մասամբ ծառայեց իբրեւ նախաբան այդ առթիւ Պըրքլիի ուսանողներու պատրաստած բեմադրութեան՝ Թեքեանի «Հայոց պատմութիւն» քերթուածին։

ԾԷ. Տարի, 2019 թիւ 3-4

 

 

References
1 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Մոխիրէ ծառ», Նշանագիր. Նիւ Ճըրզի, 1987. էջ 30-31։
2 Հեղինակը հարցում-պատասխանի ընթացքին յիշեց թէ այս տողերը գրած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սոսկալի օրերուն, երբ ռմբակոծման սպառնալիքէն ազատելու համար իր դրացիներուն հետ ապաստանած էր շէնքին մութ ստորնայարկը։
3 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Արեւմտահայերէնի վերջին ճգնաժամը», Խօսող լերան պատմութիւնը. Նիւ Ճըրզի, 2015, էջ 11։
4 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Ընտանեկան ատեան», Բազմածուփ աշխարհ. Նիւ Ճըրզի, 1993. էջ 35։
5 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Երբ օրը յոգնութեան կապոյտ շապիկը հանէ»,Կիզակէտ. Պէյրութ, 1978. էջ 103։
6 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Յետ-Մահու Նամակ Ժիրայր Պոյաճեանին», Սնունդ եւ Անդունդ. Նիւ Ճըրզի, 2000. էջ 89։
7 Քննադատները ընդհանրապէս չեն կրցած իմաստաւորել Թեքեանի կատարած կէտադրական զիջումները որպէս գրական յեղաշրջում։ Օրինակ՝ Գէորգ Քրիստինեան համոզուած է որ «Բազմածուփ Աշխարհ»ի «միակ վրիպումը կէտադրութեան անտեսումն է» («Վեհանոյշի Վեհասքանչ Խոյանքը», վերատպուած Թեքեանի Սփիւռքագիրի մէջ. Երեւան, 2017. էջ 366)։ Իսկ Երուանդ Ազատեան «Նշանագիր»ի քերթուածներու մասին կ՚եզրակացնէ. «Թեքեան հրաժարած է հայերէնի ընթացիկ կէտադրութենէն.  սակայն, շարադասութեանց յստակութիւնը, քերթողական ռիթմը, տողերու շարայարումը գրեթէ աննկատելի կը թողուն կէտադրութեան այս զանցումը։ Թէեւ տակաւին անհասկնալի կը մնայ ինծի բանաստեղծական արժէքի յաւելումը որ պիտի գար կէտադրութեան զեղչումէն»։ («Նշանագիր», վերատպուած Թեքեանի Սփիւռքագիրի մէջ. էջ 343)։
8 Թեքեան, Վեհանոյշ. «Հայոց Պատմութիւն», Սնունդ եւ Անդունդ.էջ 22։