Զապէլ Եսայեան

ՀԼՈՒՆԵՐԸ ԵՒ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ

Վէպ պոլսական կեանքէ

Շատ դժուար է ըմբռնել թէ հայ ստրկութեան եւ ծառայութեան ջոջ ներկայացուցիչը՝ Մեսրոպեան էֆենտի ի՛նչ կը հասկնար յառաջ երթալ ըսելով, խօսք մը զոր իբր նպատակ կ՚առաջարկէր ամբողջ ցեղի մը ստրկութեան եւ հլութեան ենթարկուելուն՝ իբր գին. ինքը, օրինակի համար, յառաջ գացած մարդ մըն էր եւ Աստուա՜ծ միայն գիտէր թէ ի՛նչ զարտուղի ճամբաներէ անցնիլ հարկ եղած էր իրեն, յաճախ ինքզինքը ծածկելով, երբեմն քծնելով եւ երբեմն ալ իր տէրերուն գթութեանը ապաւինելով հասնելու համար հոն՝ ուր կը գտնուէր ու իր բնածին բոլոր ամբարտաւանութիւնը եւ ստրկութիւնը կ՚ուզէր որ ժառանգել տայ իր զաւակներուն, ստորադասեալներուն եւ նոյնիսկ իր ազգականներուն, իր ընտանիքին հեռաւոր անդամներուն։
     Այսպէս ահաւասիկ, Մեսրոպեան էֆենտի մինչ կեցած էր զարգացած նոր երիտասարդութեան ներկայացուցիչ Յակոբին դէմ անխօսուկ, մտքէն անցան բոլոր վիճակները իր սարսափներուն, իր ատելութիւններուն. եթէ Յակոբ կարենար կարդալ մանրամասնօրէն իր խօսակցին հոգիին մէջ արձանագրուածները, թերեւս ներողամիտ ըլլար անոր, զիրար հասկնային ու զիրար յարգէին եւ իրարու կապուէին ու գործակցէին՝ միացած ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան զգացումով, որ երկուքին սրտին մէջ ալ կար հաւասարապէս, առանց վիճաբանելու մանրամասնութեանց վրայ որ վերջապէս երկուքին տարբեր խառնուածքին եւ դաստիարակութեան արդիւնքն էր։ Բայց բոլորովին հակառակը պատահեցաւ անգամ մը եւս. եւ հզօրապէս զիրար ատեցին այդ երկու հայերը, որովհետեւ Ստրկութիւնը եւ Ըմբոստութիւնը չէին կրնար զիրար հասկնալ։
     Մեսրոպեան էֆենտի վերջապէս ուսերը ցնցեց եւ հեգնական նայուածքով մը վերէն վար չափեց Յակոբը, եւ իբր թէ զղջացած՝ վարժապետի կտորի մը խօսք ուղղելու կամ իր զայրոյթը յայտնելուն, ուժգին շարժումով մը կռնակը դարձուց եւ հայհոյեց.
    — Սրիկանե՜ր… ձեր գաղափարին ծառայողները սրիկաներ են միայն։
     Յակոբին դէմքը ճերմկեցաւ մեռելի պէս ու քրտինքի կաթիլներ բողբոջեցին քունքերուն վրայ յետոյ մեքենական շարժումով մը ձեռքը գրպանը տարաւ, մատները ջղաձգօրէն սեղմեցին առարկայ մը որ ամենուն աչքէն ծածկուած էր եւ որուն գոյութեան վրայ իսկ չէին կասկածեր. բայց այդ առարկային մետաղեայ ցրտութիւնը զինքը ցնցեց եւ նոյն րոպէին իսկ իր աչքերը հանդիպեցան Զարուհիին աչքերուն։
     Զարուհի, լուրջ եւ տխուր, կը նայէր հօրը եւ Յակոբին՝ փոխն ի փոխ. իր խիստ եւ պարկեշտ աղջկան հոգիին մէջ կարելի է ըսել թէ կը դատէր այդ երկու թշնամիները ու հակառակ իր ծնունդին, իր բնազդներուն ու խառնուածքին, անոր մաքուր հոգիին մէջ արդարութիւնը կատարուեցաւ. վայրկեան մը աչքերը խոնարհեցուց եւ սպասեց որ հոնկէ մեկնի, եւ երբ այս վերջինը աներեւութացաւ, ոտքի ելաւ, ինքն ալ տժգոյն եւ յուզուած, բայց չվարանեցաւ բնաւ եւ սրունքները չդեդեւեցին. իր հանդարտ եւ սովորական քայլերով Յակոբին մօտ եկաւ եւ մրմնջեց.
    — Ձեզի հետ ես կը փափաքիմ խօսիլ։
     Յակոբ հաւանութեան նշան մը ըրաւ խոնարհելով։
    — Ինծի հետ պարտէզ եկէք։
     Տիկին Մեսրոպեան սրահին մէջ չէր այդ միջոցին եւ ոչ ոք նկատեց օրիորդ Մեսրոպեանին եւ Յակոբին բացակայութիւնը։

II

     Երբ Զարուհի եւ Յակոբ պարտէզ հասան, անաստղ եւ փոթորկալից մթութիւն մը կար եւ զիրար գրեթէ չէին տեսներ բնաւ. Յակոբ հեշտանքով կը զգար մեղմ եւ շնորհալի գոյութիւնը երիտասարդ աղջկան այն թեթեւ եւ զգլխիչ բուրմունքէն որ կարծես իր ամբողջ հոգին կ՚օծէր անոր էութեամբը. յետոյ իր կատաղութեան հակազդեցութիւնը զինքը տկար ու դողրոջուն կը դարձնէր ու այս զգացումին կը միանար նաեւ արհաւիրքը այն սպաննութեան զոր կարող էր գործած ըլլալ… իր տենդագին ճակատը օդին գաղջ սեւութեանը կարկառած՝ իր մռայլ ճակատագիրը կը կարդար, որովհետեւ հոգիին խորէն ձայն մը անողոք յամառութեամբ կը կրկնէր թէ այդ սպաննութիւնը պիտի գործուէ՜ր վերջապէս։ Ատիկա գրուած էր նաեւ Մեսրոպեան էֆենտիի ամբարտաւան ճակտին վրայ։ Այդ րոպէին, աչքերը կուրացած գիշերուան մթութենէն, Յակոբ ճշմարիտ կոյրերու բնազդական եւ ներքին պայծառատեսութեան կը հասնէր, որոշապէս կը տեսնէր թէ անիկա, հայհոյող ու ստրկացող ջոջը, դատապարտուած մըն է. ո՛չ մէկ մարդկային ուժ կրնար զինքը փրկել այլեւս իր եղերական ճակատագրէն. Մեսրոպեան էֆենտիի նման մարդիկը ոճիրը իրե՛նք կը թելադրէին, կը ստեղծէին իրենց իսկ էութիւնով, իրենց իսկ վարմունքով, իրենց յաջողութենէն եւ կասկածելի դիրքէն լրբացած, այդ յիմարները իրենց արհամարհանքի առաջին ակնարկով եւ բառով իսկ կը բարաձեւէին իրենց դատապարտութիւնը… չարագուշա՛կ սերմանողներ որոնք մահուան հունձքի օրը ժամանակ իսկ չպիտի ունենային սարսափելու իրենց արարքին վրայ։
     Ու տակաւ առ տակաւ, Յակոբին խռովուած խղճմտանքին մէջէն կամքը կը պայծառանար՝ արդար եւ անողոք, զինքը փոխն ի փոխ կարծրացնելով պողպատի պէս ու հոգին լեցնելով Մահուան եւ Սիրոյ կրկնակ հեշտանքովը. ու ինչպէ՞ս կ՚ըլլար որ, երբ Զարուհի սկսաւ վերջապէս խօսիլ, այդ ձայնը արթնցուց իր մէջ միւսին յիշատակը, անոր լրբացած ստրուկ հօրը յիշատակը, եւ շփոթած աղջկան կցկտուր բառերը կը ծածկուէին, անլսելի կը դառնային։
     — Սրիկանե՜ր…
     Այս միակ բառէն խլացած, մտրակուած, Յակոբ չէր պատասխաներ օրիորդ Մեսրոպեանին։
     Վերջապէս, սակայն, գիշերին զովութիւնը զինքը հանդարտեցուց. Զարուհի կ՚ըսէր այդ միջոցին.
    — Իրա՞ւ է որ հայրս վտանգի մէջ է, միւսիւ Յակոբ, դուք գիտնալու էք ասիկա… ես վստահ եմ որ գիտնալու էք, աւելորդ է հակառակը պնդել։
     Պահ մը լռութիւն տիրեց. յետոյ Զարուհի շարունակեց։
    — Զիս շատ վիրաւորած պիտի ըլլայիք եթէ ամենադոյզն անվստահութիւն ունենայիք իմ վրաս… հայրս անիրաւ եւ խիստ էր այս գիշեր, բայց ճշմարիտ խօսք մը ըսաւ…
     Յակոբ առանց մրմունջի կը քալէր ու հետզհետէ Զարուհիին արծաթեայ եւ ջինջ ձայնը կը թափանցէր իր սրտին մէջ. իր բոլոր դառն եւ մթին զգայնութիւնները կը նօսրանային, կը փարատէին հետզհետէ… երբեմն, միայն, խարազանող բառը կայծակի պէս կ՚անցնէր իր վարանող զգացումներուն մէջէն. ու վայրկեան մը զինքը կը կարծրացնէր ատելութիւնով, հպարտութիւնով։
     Զարուհի յարեց.
    — Հայրս ըսաւ թէ այսօրուան բոլոր երիտասարդները նոյն ցաւէն վարակուած են… ե՜ս ալ երիտասարդ եմ…
    — Օրիո՛րդ, օրիո՛րդ…
    — Կ՚ուզէի ձեզի ըսել նաեւ, թէ ինչ որ ալ պատահի, թէ ինչ որ ալ ըլլան երեւոյթները… ու իմ ամենէն մերձաւորներուս համոզումները, կ՚ուզէի այս ըսել շատոնց ի վեր, հաւատացէք ինծի, թէ ես սրտով եւ հոգիով ձեզի հետ եմ բոլորովին…
    — Օրիո՛րդ, օրիո՛րդ…, կը թոթովէր Յակոբ, չկրնալով խօսիլ, կոկորդը բռնուած յուզմունքէն, շլացած ու խանդավառուած ու զգալով այն հաւասարութեան եւ եղբայրութեան շեշտը՝ Զարուհիին ձայնին մէջ՝ որուն այնքա՛ն ծարաւի էր եւ որուն ամոքիչ եւ վերանորոգող զգացումին մէջ իր բոլոր ատելութիւնները կը կակուղնային, կը հալէին, կը փճանային։
    — Մի՛ կարծէք որ թեթեւութեամբ կը խօսիմ ձեզի. երկար ատեն խորհած եմ լրջօրէն շատ բաներու վրայ… եւ ձեր վրայ ալ… երկար ատեն վարանած եմ ձեզի խօսք բանալու. որոշ բան մը չէի գիտեր ձեր վրայօք. ատիկա էր պատճառը իմ հեռացումներուս, ցրտութեանս… այս գիշեր միայն ճանչցայ ձեզի… վստահեցայ ձեր վրայ. բայց ինծի մի՛ հարցնէք, թէ ինչպէս. ատիկա անկարող եմ ըսելու։
     Ու պարտէզէն տուն վերադառնալէ առաջ Զարուհի դարձեալ վայրկեան մը տատամսելէ ետքը կեցաւ եւ հարցուց.
    — Ուրեմն հիմա պիտի ըսէ՞ք անկեղծօրէն ինծի, թէ հայրս վտանգի մէ՜ջ է՝ թէ ոչ…
    — Ի՞նչ տեսակէտով, ըսաւ Յակոբ՝ հարցումին չուզելով ուղղակի պատասխանել։
    — Այդ ցա՛նկը։
    — Ա՜հ, այդ ոչինչ… տարաձայնութիւն մըն է որ հիմ չունի… տեսակ մը անձինք, օրիո՛րդ, միշտ ինքզինքնին դատապարտուածներու շարքին մէջ կը զգան. պէտք է ըսել թէ իրենց ներքին բնազդն է որ զիրենք այդ վախին կ՚առաջնորդէ։

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 2

յաջորդ
VACUUM