ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԵՒ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻՆ

     Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը 2014-2018ին Մահարիի «Երկերի լիակատար ժողովածու»ին առաջին տասներեք հատորը հրատարակած է, աշխատասիրութեամբ գրագէտի որդիին՝ գրականագէտ Գրիգոր Աճեմեանի, եւ խմբագրութեամբ երիտասարդ գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեանի (Երեւան) եւ տողերս գրողին։ Տասնհինգ հատոր ընդգրկող այս հրատարակութեան վերջին երկու մեծածաւալ հատորները նուիրուած պիտի ըլլան գրագէտի նամակներուն, որոնց թիւը շուրջ 1000ի կը հասնի։ Այս հաշիւին մէջ չեն մտներ բազմաթիւ ստացուած ու ղրկուած նամակներ, որոնք վստահաբար ոչնչացուած են Մահարիի բանտարկութեան, ինչպէս եւ սիպիրեան տարիներուն։ Չյայտնաբերուած բաժինը կ՚ընդգրկէ Մահարիի կողմէ Հայաստանի, նախկին Խորհրդային Միութեան թէ Սփիւռքի տարածքին մահացած կամ տակաւին ողջ հայ եւ ոչ-հայ գրողներու գրուած նամակները, որոնց ճակատագիրը երբեմն անյայտ է։ Այլ պարագաներու, դժբախտաբար նամակները աշխատասիրողի հասողութենէն դուրս մնացած են, հակառակ կատարուած դիմումներու եւ ջանքերու։
     Գր. Աճեմեան վերջերս իր հօր ընտանեկան արխիւէն պեղած է Մահարիի գրած ու ստացած բազում նամակներ, որոնք պիտի ամբողջացնեն արդէն հրատարակութեան պատրաստ նամականին։ Այդ նորայայտ նամակներուն մաս կը կազմեն այս հրապարակումին նիւթ հանդիսացող զոյգ նամակները, զորս ան մեզի տրամադրած է վերծանումի եւ ստուգումի համար, միաժամանակ սիրայօժար կերպով թոյլ տալով անոնց հրատարակութիւնը։
     1960ական թուականներուն, Մահարի աշխոյժ կերպով թղթակցած է Սփիւռքի կարգ մը անուններու հետ։ Անոնց շարքին էր Համաստեղը (1895-1966), որ երկար տասնամեակներ արգիլուած անուն մըն էր հայրենիքի մէջ՝ կուսակցական-գաղափարախօսական յայտնի պատճառներով։ Ամերիկահայ գրագէտին հանդէպ հայրենական հետաքրքրութիւնը սկսած էր 1950ական թուականներու վերջերէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի ջանքերով՝ թէ՛ Համաստեղի Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպելու եւ թէ՛ անոր անունը ծանօթացնելու[1]Տե՛ս Համաստեղի «Աղօթարան» հատորի (Պէյրութ, 1957) գրախօսականը «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրութեան կողմէ (Էջմիածին, … Continue reading։ Յայտնի է, որ Համաստեղի այցելութիւնը երբեք իրականացած չէ՝ զուտ անձնական պատճառներով, թէեւ հրաւէրը բազմիցս կրկնուած է ու Մահարի, որ անոր հետ թղթակցած է 1963-1966ին, նոյնպէս անոր իրագործումին հանդէպ գործնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է։ Հրատարակուող նամակը այդ հարցին ալ կ՚անդրադառնայ։
     Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, գրականագէտ Մարգարիտ Խաչատրեանի հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, Համաստեղի տպագիր, մամուլի մէջ ցրուած ու անտիպ ժառանգութիւնը պարփակող բազմաթիւ հատորներ հրատարակուած են, ինչպէս նաեւ գրագէտի նամականին[2]Տե՛ս մեր գրախօսականը՝ Վարդան Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009, էջ 497-516։։ Վերջինիս մէջ ընդգրկուած են Համաստեղի նամակները Մահարիին, որոնք պահպանուած են Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին (ԳԱԹ) մէջ եւ մասամբ լոյս ընծայուած՝ թանգարանի հանգուցեալ գիտաշխատող Գոհար Ազնաւուրեանի կողմէ, թէեւ առանց ծանօթագրութիւններու։ Այս հրապարակումին որպէս լրացում՝ Գրիգոր Աճեմեան միաժամանակ լոյս ընծայած էր Համաստեղին ուղղուած Մահարիի նամակները[3]Տե՛ս «Գուրգէն Մահարու եւ Համաստեղի նամակագրութիւնը», Սովետական գրականութիւն, 8, 1983, էջ 90-98։։ Համաստեղի հրատարակուող նամակը գրուած էր Մահարիի 28 Փետրուար 1964 թուակիրին ի պատասխան[4]Անդ, էջ 93։։ Ծանօթագրութիւներուն մէջ յիշուած բոլոր մէջբերումները այդ նամակէն առնուած են։
     Համաստեղէն առաջ, 1962ին Մահարի սկսած էր թղթակցիլ Շահան Շահնուրի հետ (1903-1974) ու այս ծաւալուն նամակագրութիւնը պիտի շարունակէր մինչեւ վերջ։ Ի տարբերութիւն Համաստեղին, Մահարիի ու Շահնուրի մտերիմ կապը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ, ինչպէս գրած է վերջինիս եռահատոր նամականիի հրատարակիչը՝ Գրիգոր Քէօսէեան, ֆրանսահայ գրագէտը յանձին Մահարիի «իր հայրենաբնակ նմանակը, հարազատ հոգեղբայրը» գտած էր[5]Շահան Շահնուր, Նամականի, Բ. հատոր, կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Գրիգոր Քէօսէեան, Ուոթըրթաուն, 2004, էջ 6։։
     Սէն-Ռաֆայէլի հայկական ծերանոցի իր սենեակին մէջ փակուած Շահնուրը այդ նամակները ո՛չ միայն իր գրական ու քաղաքական խստապահանջ, երբեմն՝ անխնայ, հայեացքներուն համապարփակ ներկայացումի մը հանդիսավայրը պիտի դարձնէր, այլեւ՝ իր հոգեկան մտերիմ վիճակներուն դաշտանկար մը։ Հրատարակուող նամակին մէջ, ան աւելի շատ գտնուած է առաջին դերին մէջ։ Գրական տեսակէտներու կողքին, Մահարիի «Այրուող այգեստաններ» վէպին առիթով Շահնուր վերստին ներկայացուցած է հայ ազատագրական շարժումի եւ Մեծ Եղեռնի խիստ քննադատական ոգիով գրուած, երբեմն՝ վիճայարոյց մեկնաբանութիւններ[6]Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, կը բաւէ ըսել, թէ նամակին մէջ արծարծուած այն գաղափարը, թէ «ոչ մէկ … Continue reading, որոնց արմատները մինչեւ 1930ական թուականներու հրապարակագրական յօդուածները կ՚երթան։ Նամակը ցայտուն դրսեւորում մըն է քանի մը տարի ետք «Վաղը» գրութեան մէջ կատարուած բանաձեւումին. «Եւ իմ ընտրութիւնս կատարուած էր ի յառաջագունէ։ Այն էր՝ կարելի յառաջապահութիւն գրականութեան մէջ եւ կատարեալ պահպանողականութիւն մեր այնքա՜ն տրորուած եւ ցնցուած ազգային կեանքին, այսինքն քաղաքական-կուսակցական դիրքաւորումին մէջ[7]Շահան Շահնուր, Բաց տոմարը, Փարիզ, 1971, էջ 161-162։»։
     Իր կազմած նամականիի երկրորդ հատորին մէջ, Գր. Քէօսէեան հրատարակած էր Շահնուրի՝ Մահարիին ուղղուած ու ԳԱԹի մէջ պահպանուած բոլոր նամակները։ Անոր հասողութենէն դուրս մնացած էր ստորեւ տպուող նամակը, որ ինչ-ինչ պատճառներով ԳԱԹին յանձնուած չէր։
     Զոյգ նամակները կը հրատարակենք նոյնութեամբ, յարգելով լեզուական եւ ուղղագրական բոլոր իւրայատկութիւնները, ներառեալ՝ ապաթարցի բացակայութիւնը կամ սխալ գործածութիւնը։ Սուրանկիւն փակագիծերով նշուած են պակսող բառերու յաւելումը եւ յապաւումներու բացումը։

 

Նիւ Ճըրզի

Ա.

Մարտ 23 1964

Շատ սիրելի Մահարի,

     Զիս ծերացուցիր յանկարծ։ Մինչեւ հիմայ չէի հաւատար, որ իրաւ, «քեամիլ պապա» եղեր [եմ][8]Կ՚ակնարկէ Գուրգէն Մահարիի հետեւեալ տողին. «Եթէ իմանայի, որ ասանկ քեամիլ ու բաբա- մարդ ես, պիտի վախնայի ու պիտի … Continue reading։ Ինչ ալ ըսեմ 68 տարիներու բնակչութիւն մը կայ իր աշխարհին մէջ։ Ամէն նոր տարիին ուրախ ժպիտով մէկը կը բախէ դուռը եւ ներսինները հաճելի հիւրասիրութիւնով ներս կ[ը]նդունին։ Առայժմ այդ բնակիչները իրարու խաթր կոտրած չեն, կապրին առանց խառնակչութեան։ Ու կը յուսամ, որ տակաւին գալիք տարիներուն համար, երբ ուզեն դուռը բախել ներս մտնելու համար, կը գտնեն տեղ։
     Հիմա գանք իմ լեզուի, «ես»ի ու «դու»ի քերականութեան. իսկապէս զիս շատ նեղը «գցեցիր»։ Պատանեկութեանս օրերուն, մեր երանելի գիւղական դպրոցին մէջ, կաղլիկ էի թէ քերականութեան եւ թէ թուաբանութեան մէջ։ Իմ հոգին բնութեան կանանչին եւ երկնքին կապոյտին հետն էր։ Այժմ, կէս դար յետոյ իմ «քերականական» թերութիւնը երեսիս կու տաս։ Վայե՞լ է այդ՝ փոքր եղբօր մը, եթէ հաշուի դնենք մեր հին հայկական աւանդութիւնը։ Որպէս հին սերունդ կը տեսնեմ, որ այդ երանելի աւանդութիւններէն շատ բան փոխուած է։ Հիմայ աւելի կը հասկնամ, թէ ինչպէ՛ս 5000 տարի առաջուայ եգիպտացիները նոյն դարդը ունէին։ Ուրեմն իմ սիրելի աղբեր, մասնաւոր թերութիւն ունիմ «դու»ի եւ «դուք»ի գործածութեան մէջ։ Իմ սիրելի Սրբուհին յուսահատ ձեւով յաճախ դիտողութիւն կ’ընէ ինծի։ Եւ եկուր տես, որ Սրբուհին[9]Սրբուհի Պէկեան (1903-1966), Համաստեղի կինը։ ունի առաւելապէս պօլսական հայերէնի կրթութիւն մանաւանդ, որ աւարտած է Պօլսոյ Եսայեան[10]Բնագրին մէջ՝ այսպէս։ Էսաեան վարժարանը հիմնուած է 1895ին իբրեւ աղջկանց վարժարան եւ երկսեռ դասաւանդութեան … Continue reading վարժարանը։ Հայկական հովերով շողերով վարժարան մը՝ այն հին օրերուն։
     Ճիշդ ես, սիրելիս, այսօրուայ գործը չպէտք է ձգել վաղուայ։ «Այսօրուան»ը որ կայ զիս իր յորձանքին մէջ կը ձգէ եւ ես միամիտ կերպով կը հաւատամ, որ «վաղ»ը զիս այդ յորձանքին մէջ պիտի չձգէ։ Այնպէս որ, «վաղը» ինծի համար եղած է [աւելի] վարդագոյն քան «այսօրը»։ Գիտեմ, որ սխալ է եւ այդ՝ կրնաս վերագրել իմ «անգործնական» ըլլալու թերութեան։ Եւ այդ «վաղուան» ձգուած է իմ Հայաստան գալը եւ կուզեմ որ այդ երազը իմ կամքին հետ գործ ունենայ եւ կատարուի 70 տարեկանէս առաջ։ Գէթ կարենամ այդ երազը իրականացնել։
     Անշուշտ, պիտի ուզէի իմ երկու աղջիկ զաւակները Հայաստան ղրկել գէթ մէկ տարուայ համար[11]Այս եւ յաջորդ շեղատառ բաժինները ընդգծուած են Մահարիի կողմէ։։ Այն՝ ինծի համար շատ ծախս պիտի ըլլար եւ ես իմ բանուորի պայմաններով չպիտի կրնայի հասնիլ այդ ծախսերուն։ Արհեստով Զինկոկրաֆըր եմ – լուսափորագիր։ Աւելի քան 40 տարի է կաշխատիմ ամերիկեան օրաթերթի մը մէջ[12]Համաստեղ աշխատած է «Պոստոն Հերըլտ» օրաթերթին մէջ (հիմնուած է 1846ին, կը հրատարակուի մինչեւ օրս)։։ Երկու զաւակներս ալ ղրկեցի Լիբանան, Պէյրութի Ճեմարանը, որը հայկական կարեւոր օճախ է։ Ճեմարանը ընդունեց իմ զաւակները որպէս դպրոցի սան եւ ես անոնց ճամբու ծախսերը վճարեցի միայն 2000 տոլար։ Եւ այսօր անոնց մէկ տարուայ[13]Լորիկ Կէլէնեան «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան յաճախած է 1956-1957ին, իսկ Արմինէ Կէլէնեան՝ 1961-1962ին։ հայեցի դաստիարակութեամբ, մեր տան մէջ, իրենց անհրաժեշտ մասնակցութեամբ, ստեղծեցին հայկական ջերմ մթնոլորտ մը։ Մեր այստեղի պայմաններուն մէջ այնքան հազուագիւտ է այդ, որ ինչպէս նկատեցիր, առանձինն գոհունակութիւնով կը խօսիմ ու այդ՝ գոհունակութիւնն է նաեւ Սրբուհուն[14]Համաստեղ «Սրբուհու» ձեւը կը գործածէ իր նամակներուն մէջ՝ կանոնական «Սրբուհիի» փոխարէն։։ Ահա թէ ինչ բաներով կազմուած է մեր երջանկութիւնը։
     Առանձինն հետաքրքրութիւնով նկատեցի քու (քիչ մնաց «ձեր» ըսէի) արեւմտահայերէնը[15]Մահարի որոշ սփիւռքահայ գրագէտներու հետ (ինչպէս Համաստեղի ու Շահնուրի պարագան է) արեւմտահայերէն թղթակցած է՝ … Continue reading։ Մեղք, հազար մեղք, որ քաղաքական պայմաններ չ՚ստեղծուեցան այդ երկու լեզուները, իրար խառնելով տէր դառնալ հարուստ, գունագեղ եւ գեղեցիկ հայերէնի մը։ Լեզու մը հարստացնողները եղած են նաեւ գրականագէտները։ Նման փորձ մը չի կատարուեցաւ, գործ մը, որ շնորհալիօրէն խառնուած [sic] ըլլայ այդ երկու լեզուները։ Ու Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ընդունուած գծէ մը դուրս ձգուեցաւ։ Նո՛րէն մեղք, որ այդ գեղեցիկ արեւմտահայերէնը շատ երկար կեանք չպիտի ունենայ։ Կապուած է սփիւռքի գոյութեան հետ։ Շատ գոհ եմ, որ արեւմտահայ հեղինակներու հրատարակութիւնը Հայաստանի մէջ իր շատ բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ արեւելահայ լեզուին վրայ մասնաւորապէս բանաստեղծութիւններուն մէջ։
     Կարծեմ շատախօսութիւն ըրի։ Չե՞ս կարծեր, ջերմ բարեւներ Լորիկէն, Արմենէէն եւ Սրբուհուէն [sic] քեզի, Նինային[16]Անտոնինա Պաւլիտայտէ-Մահարի (1923-2018), Գուրգէն Մահարիի երրորդ կինը։ եւ Գուրգէնիկին[17]Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան) (1954-2007), Գուրգէն Մահարիի կրտսեր որդին։։ Մեր ջերմ բարեւները տիկին Բ. Գրիգորեանին[18]Բերսաբէ Գրիգորեան (1915-2003), Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ կուլտուրական կապի հայկական … Continue reading։ Վերջերս նորէն ստացայ գրքեր ու այնքան ուրախ եմ։

Շատ սիրով՝

ՀԱՄԱՍՏԵՂ

Յ.Գ. Կրնա՞ս երեւակայել որ «հանդերձ ընտանեօք» նկար մը չ՚գտանք որ ղրկեմ։ Կերեւի կունենանք շուտով, քեզի ղրկելու համար։

 

Բ.

9 Սեպտ[եմբեր] 1967

Սիրելիդ իմ Մահարի,

     Կը սպասէի որ քու տարեկան արձակուրդդ Վիլնոյի մէջ, ոչ միայն ամրապնդէր առողջութիւնդ, այլ զայն վերածէր քաջառողջութեան, մինչ դուն կը խօսիս նշդրակի մասին, վիրահատութեան սպառնալիքի տակ: Ես որ լա՛ւ գիտեմ թէ ի՛նչ կը նշանակէ խոյս տալ հիւանդանոցէ, փոխան ստորագրութեան, այսինքն՝ բժիշկներու «հեղինակաւոր» կարծիքին հակառակ, ես այսու պարտականութիւն կը դնեմ քու վրադ բժշկուիլ ժամ առաջ, ինչ որ շատ թեթեւ[19]Այս եւ բոլոր ընդգծում ները Շահնուրին կը պատկանին։ պարտականութիւն մըն է: Բայց ահաւասիկ երկրորդ եւ ծա՛նր պարտականութիւն մը,– զիս տեղեակ պահել առողջութեանդ բարեշրջումին, հոգ չէ թէ պարզ երկտողով մը: Նամակդ զիս մտահոգեց:
     Չեմ ճանչնար ո՛չ անձը Արամ Հայկազի[20]Արամ Հայկազ (1900-1986), ամ երիկահայ արձակագիր։ եւ ոչ ալ իր երկը: Անցեալ տարի միայն լսեցի իր գոյութիւնը, շնորհիւ Պէյրութաբնակ ուսուցիչի մը, Գ. Շահինեանի[21]Գրիգոր Շահինեան (1930-2009), լիբանանահայ մանկավարժ եւ գրադատ։, որուն Հանդիպումներուն մէջ տեղ գտած էր գր[ական] ուսումնասիրութիւն մը վերոյիշեալ գիւղագիրին նուիրուած, ուրիշ մըն ալ ինծի[22]Տե՛ս Գրիգոր Շահինեան, Հանդիպում ներ. գրադատական յօդուածներու շարք, Պէյրութ, 1966, էջ 20-74։: Ճիշդ է թէ երբեմն կը ստանամ գիրքեր, բայց անոնք յուսահատական ըլլալու չափ տկար են, իբրեւ գրականութիւն, երբ պարզապէս անընթեռնելի չեն: Վերջին չորսը որ ստացած եմ, հետեւեալներն են. Որբունի, Թեկնածուն (վէպ)[23]Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, 1967։ Յաջորդ՝ 10 Յունուար 1968ի նամակին մէջ, Շահնուր գրած է Մահարիին. «Զարեհը … Continue reading, Նարդունի, Ահա ես՝ ճանկերս դուրս (գրչապայքար)[24]Շաւարշ Նարդունի, Ահա ես ճանկերս լայն բացած, Փարիզ, 1966։, Զարէհ [sic] Մելքոնեան, Ափերս [sic] մինչեւ Անկարելի[ի]ն (բանաստեղծութիւն)[25]Զարեհ Մելքոնեան, Ափերը մինչեւ անկարելիին, Պէյրութ, 1967։, Անդրանիկ Անդրէասեան, Տարագիր երկինքի տակ (պատմուածքներ)[26]Անդրանիկ Անդրէասեան, Տարագիր երկինքի տակ, Պոստըն, 1967։: Մէկը առ՝ միւսին զարկ. կայծ չելլար…
     Արդարեւ, Նայիրի[ի][27]«Նայիրի», գրական-հասարակական շաբաթաթերթ։ Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ, լոյս տեսած է Պէյրութ, 1952-1983ին, … Continue reading պատասխանը խմբագրուած էր առողջ տրամաբանութեամբ, բայց ուշ դրուած էր հարցը չը խորացնելու[28]«Այրուող այգեստաններ»ու նուիրուած գրախօսականի («Նայիրի», 28 Մայիս, 4 Յունիս, 25 Յունիս եւ 2 Յուլիս 1967) … Continue reading: Ճարպիկ – օ՜հ որքան – Ծառուկեանի[29]Անդրանիկ Ծառուկեան (1912-1989), սուրիահայ, ապա՝ լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։ Նայիրին կասկածելի լրագիր մը կը մնայ, իր ամբողջութեանը մէջ:
     Քանի որ իմ կարծիքս կուզես «Այգեստաններուդ[30]Գուրգէն Մահարի, Այրուող այգեստաններ, Երեւան, 1966։ Վէպին դէմ ժխտական անդրադարձները, պաշտօնական կեցուածքն ու … Continue reading» հաւանական սրբագրութեան մասին, քեզի խորհուրդ կուտամ զայն պահել իր ներկայ վիճակին մէջ իր պայծառութեամբ եւ իր ստուերներով: Չը դպիլ անոր:
     Կան որ դպած են, եւ մե՛ծ յաջողութեամբ, բայց մշակութեան եւ որոնումի երկար ժամանակաշրջանէ վերջ: Ա՛յդ է եղած պարագան Marcel Proustի[31]Մարսէլ Փրուստ (1871-1922), ֆրանսացի վիպասան։, որուն յիշատակներու գիրքը, առաջին կէս յաջողութենէ վերջ (Jean Sauteuil)[32]Ժան Սանթէօյ՝ Մարսել Փրուստի անաւարտ վէպը, որ գրուած է 1896-1900ին ու հրատարակուած՝ յետմահու (1952)։ Փնտռելով … Continue reading գացած գտած է իր երկրորդ եւ փառաւոր տարազը (A la recherche du temps perdu)[33]Փնտռելով կորսուած ժամանակը՝ Մարսէլ Փրուստի հռչակաւոր վիպաշարքը, որ բաղկացած է եօթը հատորներէ, լոյս տեսած՝ … Continue reading:
     Կըմբռնեմ որ դուն փափաքիս փրկել, այսինքն՝ վերամշակել նիւթ մը որ այնքա՜ն մօտիկ է սիրտիդ: Ջանայ [sic] Այգեստաններէն քաղել եւ վերամշակել կարճ պատկեր մը, մթնոլորտ մը, տեսիլ մը, զուգախօսութիւն մը, կամ պարզապէս տիպար մը: Կարեւորը այն չէ թէ հեղինակը ի՛նչ կը դնէ իր ընթերցողին բերնին մէջ – մե՞ղր, քացախ, խնդուք թէ արտօսր: Կը բաւէ որ բերնին մէջ մնայ, վերջ ի վերջոյ, դառն մոխիրի համ, քանի որ Վանը եղաւ արիւնաշաղախ մոխիր: Այս բաները պիտի չը գրէի երբեք, եթէ չը գիտնայի թէ դուն կատարելապէս ի վիճակի ես գրութեան տալ ընդհանուր ոգի մը, ինչպէս ապացոյցը տուած ես Սեւ մարդով[34]Սիպիրեան աքսորի նիւթով Մահարիի «Սեւ մարդը» երկարաշունչ պատմուածքը լոյս տեսած է Լռութեան ձայնը հատորին մէջ … Continue reading, որ կատարեալ յաջողութիւն մըն է:
     Գալով Գրական թերթի յայտարարութեան (19 Մայիս 67)[35]«ՀՍԳ Միութեան քարտուղարութիւնում», «Գրական թերթ», 19 Մայիս 1967։ Գրողներու Միութեան քարտուղարութեան այս … Continue reading ան զիս գայթակղեցուց եւ տրտմեցուց խորապէս: Հակապատմական հաստատում մըն է ըսել, թէ թուրքը ծրագրած էր Հայոց բնաջնջումը: Ան ո՛չ իսկ ծրագրած էր Հայը իր մէջ ձուլել: Թուրքին նպատակն է եղած Հայը պահել հլու հպատակ, այսինքն՝ գլխիկոր հպատակ: Համարձակինք ըսել՝ գրաստ: Ոչ մէկ պետութիւն չը ծրագրել [sic] բնաջնջել իր հօտը:
     Թուրքը այն ատեն միայն խորհեցաւ մեզ բնաջնջել, երբ Հայուն ըմբոստութեան (rebellion) յաջորդեց ապստամբութիւնը (insu[r]rection): Ասոնք հիմնովին տարբեր բաներ են: Ըմբոստութիւնը ցիրուցան է (sporadique), անկազմակերպ, ժամանակաւոր եւ տեղական: Բոլորովին տարբեր բան է կազմակերպուած ըմբոստութիւն մը, որ ունի իր քաղաքական équipeը, իր պիւտճէն, իր ռազմամթերքը, իր դրօշակը, իր դատարանը (տէռօռ), իր մամուլը, իր մարտիկները, եւ այլն:
     Հ[այաստանի] Ս[ովետական] Գ[րողների] Միութեան Քարտուղարութիւնը, որ ուշադիր չէ իր գրչէն ելածին, հաստատելէ վերջ թէ թուրքը մեզ բնաջնջել ծրագրած էր, կ’աւելցնէ միամտաբար – «սկսեալ այն օրէն երբ Պալքանեան երկիրները սկսան ազատագրուիլ»[36]Բնագրին մէջ՝ «մանաւանդ Բալկանեան երկրների ազատագրում ից յետոյ»։: Ուրե՞մն… 90ական թուականներէն, այսինքն Հնչակ-Դաշնակի կազմաւորումէն[37]Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը հիմ նուած է 1887ին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ 1890ին։ վերջ: Ո՛չ առաջ[38]Պալքանեան երկիրներու ազատագրումը օսմանեան լուծէն սկսած է Սերպիոյ ազատագրական պայքարէն (1804-1815)։ Յունաստան … Continue reading:
     Ճշմարտութիւնը քո՛ւ քովդ է երբ կը գրես – «Բզէզներու բոյնը անտեղի կերպով խառնեցին մեր գործիչները» – (ես ալ գրած եմ ժամանակին «Գազանը գրգռեցին, երբ գազանազուսպ չէին») – եւ անոնք որ բոյնը խառնեցին եւ խառնակեցին, անոնք արեւելահայ երիտասարդ համալսարանականներ էին որ մեզ փնտռել տուին մեր շուկայիկ՝ այլ դրամապաշտ էֆէնտիները եւ ամիրաները որոնք փորձառութեամբ գիտէին թէ մինչեւ ուր կարելի է առաջ երթալ:
     Պրն. Թօփճեանը[39]Էդուարդ Թոփչեան (1911-1975), խորհրդահայ գրադատ, Հայաստանի Գրողների Միութեան գլխաւոր քարտուղար 1954-1975ին։ միթէ չէր կրնար լուսաւորել միտքը Քարտուղարութեան «ընկերներուն», որոնք գրագէտ են, անկասկած, բայց անտեղեակ կը թուին ըլլալ մարդկային հոգեբանութեան ամենահասարակ հոգեվիճակէն, երբ կը գրեն թէ Վանը դրախտ եւ եդեմ չէր: Անշո՛ւշտ թէ չէր: Բայց պէտք է գիտնալ թէ դրախտի եւ դժողքի [sic] միակեցութիւնը ընդհանուր օրէնք է կեանքի մէջ, եւ թէ՝ մարդ էակը տէր է մոռացութեան բարձր տոկոսի, բարեբախտաբար, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլար իր կեանքը: Թուրքիոյ դժողքին մէջ կար օր եւ կար ժամանակ, երբ հայը կըսէր ի խորոց սրտի – Փա՜ռք քեզ, Տէր Ա[ստուա]ծ, եւ նոյնիսկ՝ կէյ [sic] քէյֆիմ, կէլ[40]Թրքերէն (կէլ քէյֆիմ, կէլ)՝ «եկուր, երջանկութիւնս, եկուր»։: Այս տարրական ճշմարտութեան տեղեակ չէ տեղւոյդ Քարտուղարութիւնը: Միթէ իսկապէս անտեղեա՞կ է: Կը տարակուսիմ: Շան գլուխը պէտք է այլ տեղ փնտռել: Զայն փնտռէ կոյր ազգայնամոլութեան եւ ինքնահաւանութեան կողմը…

Քոյդ սիրով

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

Թուղթի չգոյութեան հետեւանքով, նամակս գրել ստիպուեցայ Aragonի[41]Լուի Արակոն (1897-1982), ֆրանսացի բանաստեղծ ու վիպագիր։ նոր վէպին (Blanche ou l’oubli)[42]Բլանշ կամ մոռացութիւնը՝ Լուի Արագոնի վերջին վէպը (1967)։ սրբագրուած փորձերուն վրայ:

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 1

References
1 Տե՛ս Համաստեղի «Աղօթարան» հատորի (Պէյրութ, 1957) գրախօսականը «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրութեան կողմէ (Էջմիածին, Մարտ 1959, էջ 60-62)։
2 Տե՛ս մեր գրախօսականը՝ Վարդան Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009, էջ 497-516։
3 Տե՛ս «Գուրգէն Մահարու եւ Համաստեղի նամակագրութիւնը», Սովետական գրականութիւն, 8, 1983, էջ 90-98։
4 Անդ, էջ 93։
5 Շահան Շահնուր, Նամականի, Բ. հատոր, կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Գրիգոր Քէօսէեան, Ուոթըրթաուն, 2004, էջ 6։
6 Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, կը բաւէ ըսել, թէ նամակին մէջ արծարծուած այն գաղափարը, թէ «ոչ մէկ պետութիւն [կը ծրագրէ] ջնջել իր հօտը», քննադատութեան չի դիմանար, ինչպէս ցոյց կու տայ նացիական Գերմանիոյ օրինակը։ Միւս կողմէ, պատմականօրէն անփաստ է յեղափոխական շարժումը նոյնացնել հայոց «ապստամբութեան» կամ «կազմակերպուած ըմբոստութեան» գաղափարին հետ՝ որպէս բնաջնջումի հիմք։
7 Շահան Շահնուր, Բաց տոմարը, Փարիզ, 1971, էջ 161-162։
8 Կ՚ակնարկէ Գուրգէն Մահարիի հետեւեալ տողին. «Եթէ իմանայի, որ ասանկ քեամիլ ու բաբա- մարդ ես, պիտի վախնայի ու պիտի չգրէի»։
9 Սրբուհի Պէկեան (1903-1966), Համաստեղի կինը։
10 Բնագրին մէջ՝ այսպէս։ Էսաեան վարժարանը հիմնուած է 1895ին իբրեւ աղջկանց վարժարան եւ երկսեռ դասաւանդութեան անցած է 1913ին։
11 Այս եւ յաջորդ շեղատառ բաժինները ընդգծուած են Մահարիի կողմէ։
12 Համաստեղ աշխատած է «Պոստոն Հերըլտ» օրաթերթին մէջ (հիմնուած է 1846ին, կը հրատարակուի մինչեւ օրս)։
13 Լորիկ Կէլէնեան «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան յաճախած է 1956-1957ին, իսկ Արմինէ Կէլէնեան՝ 1961-1962ին։
14 Համաստեղ «Սրբուհու» ձեւը կը գործածէ իր նամակներուն մէջ՝ կանոնական «Սրբուհիի» փոխարէն։
15 Մահարի որոշ սփիւռքահայ գրագէտներու հետ (ինչպէս Համաստեղի ու Շահնուրի պարագան է) արեւմտահայերէն թղթակցած է՝ խորհրդային ուղղագրութեամբ։ Իր նամակին մէջ, ան Համաստեղէն ներողութիւն խնդրած է իր «կոտրտուած արեւմտահայերէնի համար», շեշտելով, որ «այսպէս կը գրեմ ոչ թէ վախնալով, որ դու արեւելահայերէնս չես հասկանայ, այլ պարզապէս կը սիրեմ արեւմտահայերէնը»։
16 Անտոնինա Պաւլիտայտէ-Մահարի (1923-2018), Գուրգէն Մահարիի երրորդ կինը։
17 Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան) (1954-2007), Գուրգէն Մահարիի կրտսեր որդին։
18 Բերսաբէ Գրիգորեան (1915-2003), Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ կուլտուրական կապի հայկական ընկերութեան նախագահ 1958-1966ին։
19 Այս եւ բոլոր ընդգծում ները Շահնուրին կը պատկանին։
20 Արամ Հայկազ (1900-1986), ամ երիկահայ արձակագիր։
21 Գրիգոր Շահինեան (1930-2009), լիբանանահայ մանկավարժ եւ գրադատ։
22 Տե՛ս Գրիգոր Շահինեան, Հանդիպում ներ. գրադատական յօդուածներու շարք, Պէյրութ, 1966, էջ 20-74։
23 Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, 1967։ Յաջորդ՝ 10 Յունուար 1968ի նամակին մէջ, Շահնուր գրած է Մահարիին. «Զարեհը անհաւասար գրիչ մըն է։ Իր նախորդ գիրքը Եւ Եղեւ Մարդ ունէր մէկէ աւելի թանկագին կողմ եր, մինչ Թեկնածուն անընթեռնելի (…)» (Շահնուր, Նամականի, էջ 76)։
24 Շաւարշ Նարդունի, Ահա ես ճանկերս լայն բացած, Փարիզ, 1966։
25 Զարեհ Մելքոնեան, Ափերը մինչեւ անկարելիին, Պէյրութ, 1967։
26 Անդրանիկ Անդրէասեան, Տարագիր երկինքի տակ, Պոստըն, 1967։
27 «Նայիրի», գրական-հասարակական շաբաթաթերթ։ Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ, լոյս տեսած է Պէյրութ, 1952-1983ին, շարունակելով Հալէպի համանուն ամսագիրը (1941-1942, 1945-1949)։ Վերահրատարակուած է՝ Ժիրայր Նայիրիի խմբագրութեամբ, 1996-2012ին։
28 «Այրուող այգեստաններ»ու նուիրուած գրախօսականի («Նայիրի», 28 Մայիս, 4 Յունիս, 25 Յունիս եւ 2 Յուլիս 1967) վերջաւորութեան դրուած յաւելուածով, վանեցի մտաւորական Խոսրով Թիւթիւնճեան անդրադարձած էր վէպին մասին Հայաստանի Գրողներու Միութեան 19 Մայիս 1967ի յայտատարութեան։ «Նայիրի», իր կարգին, արտատպած էր յայտարարութիւնը եւ ընդարձակ ծանօթագրութիւն մը կցած՝ Թիւթիւնճեանի յաւելուածին, իր կարծիքը յայտնելով յայտարարութեան մասին (Նայիրի, 2 Յուլիս 1967)։ Տե՛ս նաեւ «Ցաւալի պարագայ մը…», «Նայիրի», 3 Սեպտեմբեր 1967։
29 Անդրանիկ Ծառուկեան (1912-1989), սուրիահայ, ապա՝ լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։
30 Գուրգէն Մահարի, Այրուող այգեստաններ, Երեւան, 1966։ Վէպին դէմ ժխտական անդրադարձները, պաշտօնական կեցուածքն ու անձնական հալածանքը Մահարին պարտադրած են գործը վերամշակել։ Այս վերամշակումը, գրաքննութեան գլանէն անցած, լոյս տեսած է յետմահու՝ գրագէտի երկերու ժողովածուի չորրորդ հատորին մէջ (1979)։ Լրամշակուած տարբերակը՝ գիտական հրատարակութեամբ, լոյս տեսած է 2004ին։ 1966ի հրատարակութիւնը եւ լրամշակուած տարբերակը ընդգրկուած են Երկերի լիակատար ժողովածուի հինգերորդ եւ վեցերորդ հատորներուն մէջ (Երեւան, 2015)։
31 Մարսէլ Փրուստ (1871-1922), ֆրանսացի վիպասան։
32 Ժան Սանթէօյ՝ Մարսել Փրուստի անաւարտ վէպը, որ գրուած է 1896-1900ին ու հրատարակուած՝ յետմահու (1952)։ Փնտռելով կորսուած ժամանակը վիպաշարքի նախընթացը կը համարուի։
33 Փնտռելով կորսուած ժամանակը՝ Մարսէլ Փրուստի հռչակաւոր վիպաշարքը, որ բաղկացած է եօթը հատորներէ, լոյս տեսած՝ 1913-1927ին։
34 Սիպիրեան աքսորի նիւթով Մահարիի «Սեւ մարդը» երկարաշունչ պատմուածքը լոյս տեսած է Լռութեան ձայնը հատորին մէջ (Երեւան, 1962) եւ արտատպուած՝ սփիւռքահայ տարբեր թերթերու մէջ։ Տե՛ս Գուրգէն Մահարի, Երկերի լիակատար ժողովածու, հատոր 8, Երեւան, 2016, էջ 99-141։
35 «ՀՍԳ Միութեան քարտուղարութիւնում», «Գրական թերթ», 19 Մայիս 1967։ Գրողներու Միութեան քարտուղարութեան այս հաղորդագրութիւնը դատապարտած է Մահարիի քաղաքական կեցուածքը իր վէպին մէջ։
36 Բնագրին մէջ՝ «մանաւանդ Բալկանեան երկրների ազատագրում ից յետոյ»։
37 Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը հիմ նուած է 1887ին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ 1890ին։
38 Պալքանեան երկիրներու ազատագրումը օսմանեան լուծէն սկսած է Սերպիոյ ազատագրական պայքարէն (1804-1815)։ Յունաստան (1830), Սերպիա (1867), Ռումանիա (1877) եւ Պուլկարիա (1878) անկախացած են յաջորդաբար։ Հետեւաբար՝ Գրողներու Միութեան յայտարարութիւնը կ՚ակնարկէր 1878ին (Պերլինի դաշնագրի ստորագրութիւն, որուն 61րդ յօդուածը նուիրագործած է Հայկական Հարցին մ իջազգայնացումը եւ հայկական նահանգներու մէջ բարենորոգում ներու իրագործման պարտադրանքը) կամ զայն կանխող շրջանին եւ ո՛չ՝ 90ական թուականներուն, ինչպէս մ եկնաբանած է Շահնուր։
39 Էդուարդ Թոփչեան (1911-1975), խորհրդահայ գրադատ, Հայաստանի Գրողների Միութեան գլխաւոր քարտուղար 1954-1975ին։
40 Թրքերէն (կէլ քէյֆիմ, կէլ)՝ «եկուր, երջանկութիւնս, եկուր»։
41 Լուի Արակոն (1897-1982), ֆրանսացի բանաստեղծ ու վիպագիր։
42 Բլանշ կամ մոռացութիւնը՝ Լուի Արագոնի վերջին վէպը (1967)։