Բերիաշէն
ԿԻՐԱԿԻ ամրան գիշեր մը ութսուն հինգ տարի առաջ, 9 օգոստոս 1936ին, Գուրգէն Մահարի կը պատմէ, որ սեղանակիցներ Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի հետ Երեւանի «Ինտուրիստ» ճաշարանին մէջ «կոնեակ էինք խմում եւ ձմերուկով թարմացնում կոկորդներս» երբ Կարդալ աւելին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, Պարոյր Սեւակի ու Գուրգէն Մահարիի յարաբերութեան հիմնական դրուագները ծանօթ են։ Սկսած է 1947-1948ին, Մահարիի գուրգուրալից վերաբերմունքով Երեւան անցուցած 444 օրերուն՝ սիպիրեան երկու աքսորներուն միջեւ, եւ շարունակուած՝ մինչեւ կապերու խզումն (1964) (1964) ու Այրուող այգեստաններ վէպին դէմ արշաւը 1966-1967ին։ Սակայն, 1964-1967ի  իրադարձութիւններուն մասին... Կարդալ աւելին
Չորս տասնամեակէ ի վեր մեծանուն գրողին՝ Գուրգէն Մահարիի զաւակը՝ գրականագէտ Գրիգոր Աճէմեան նուիրուած է հօրը աւանդը բոլորիս ժառանգութիւնը դարձնելու մեծ գործին։ Ան սիրով ընդառաջեց հարցազրոյցի մեր հրաւէրին, հարցազրոյց, որ կը միտի ոչ միայն Մահարիի դէմքը ա՛լ աւելի պայծառացնելու, այլեւ մանաւանդ ծանօթացնելու արդէն մեծավաստակ Կարդալ աւելին
Երկերու քննական հրատարակութիւններ կատարելու սովորութիւնը, շատ մը այլ բաներու շարքին, գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցեր ենք Սփիւռքի մէջ, թէեւ ժամանակին աւելի շատ նման աշխատութիւններ կը կատարուէին եկեղեցական ոլորտին մէջ, առաւելապէս սահմանափակուած՝ մեր մատենագրական երկերուն։ Հին շրջանի կողքին, արդի գրականութեան պարագային նման Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին