ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ
ԵՐԿԵՐԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒն

    Երկերու քննական հրատարակութիւններ կատարելու սովորութիւնը, շատ մը այլ բաներու շարքին, գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցեր ենք Սփիւռքի մէջ, թէեւ ժամանակին աւելի շատ նման աշխատութիւններ կը կատարուէին եկեղեցական ոլորտին մէջ, առաւելապէս սահմանափակուած՝ մեր մատենագրական երկերուն։ Հին շրջանի կողքին, արդի գրականութեան պարագային նման գործ մնացած է Հայաստանին, արդէն իսկ խորհրդային ժամանակաշրջանէն, ու ընդհանրապէս՝ պաշտօնական հաստատութիւններու ծիրին մէջ (Գիտութիւններու Ակադեմիա, Երեւանի պետական համալսարան, Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան, Մատենադարան, Ս. էջմիածին…)։     
     Գուրգէն Մահարիի երկերու լիակատար ժողովածուն՝ տասնհինգ հատորով, որոնցմէ տասը արդէն լոյս տեսած է 2014-2016-ին, վերջին տարիներու պատկառելի երեւոյթ մըն է հայ գրականութեան, ինչպէս նաեւ գրահրատարակչութեան մարզին մէջ։ Պատճառը այն է, որ այս աշխատանքը պաշտօնական կամ ակադեմական ծագում չունի, այլ կը բխի անոնց լուսանցքէն։ Գրագէտին որդին՝ Գրիգոր Աճէմեան, ձեռնարկած է նման աշխատանքի մը, որուն արմատները թաղուած են խորհրդային ժամանակաշրջանին մէջ, երբ ան որոշած է լքել գիտական ասպարէզը ու անցնիլ գրականութեան ոլորտ, հօր կէս թաղուած, կէս լռեցուած ժառանգութիւնը վերբերելու, անցեալ դարու գրական շղթային մէջ Մահարի օղակը վերականգնելու համար։ Իր կենդանութեան օրօք, Մահարի տեսած էր հինգ հատորով ծրագրուած երկերու ժողովածուի մը առաջին երկու հատորները (1966 1967), բայց յաջորդ հատորները լոյս տեսած էին յետմահու. երրորդն ու չորրորդը՝ յաջորդաբար 1975-ին եւ 1979-ին, իսկ վերջին հատորը՝ 1989-ին, հեղինակին մահէն քսան տարի ետք։ Բանիմաց ընթերցողը գիտէ, թէ խորհրդային տարիներուն հրատարակչական բարքերն ու գաղափարական սեղմումները ինչպիսի՞ հարցեր կը յառաջացնէին թէ՛ հեղինակի մը՝ ողջ կամ մեռած, եւ թէ՛ ընթերցողներուն։ Այս հինգհատորեակին 23-ամեայ հրատարակութեան ոդիսականը ցայտուն օրինակներէն մէկն է, որ մնացած է որպէս տխուր ժառանգ այդ օրերէն։ Ներկայ լիակատար ժողովածուն, ընդգրկելով անոր նիւթերը, նաեւ այդ ժառանգին մէջ թափանցած «ժամանակի շունչը»՝ ներքին կամ արտաքին գրաքննութեան արդիւնքը բացայայտած է իր բոլոր երեսակներով։
     Եթէ ընթերցողը յօժարի քով-քովի դնել խորհրդային հինգ հատորները եւ յետխորհրդային ցարդ լոյս տեսած տասհատորեակը, արդէն միայն բովանդակութեան իմաստով պիտի տեսնէ, թէ քանակական ու որակական ի՞նչ հիմնական տարբերութիւն գոյութիւն ունի։ Ալ չենք խօսիր այն փաստին մասին, որ Գր. Աճէմեան ո՛չ միայն ձեռնարկած է իր հօր հրատարակած կամ անտիպ մնացած իւրաքանչիւր միաւոր լոյս աշխարհ հանելու եւ ի մի բերելու շնորհակալ գործին, ինչ որ ինքնին մեծածաւալ աշխատանք մըն է, այլ մանրակրկիտ ծանօթագրութեան, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ փաստալից ու շահեկան բովանդակութեամբ օժտուած ուսումնասիրութիւններ՝ իւրաքանչիւր հատորի վերջաւորութեան։
     Դիտել տանք նաեւ, որ Աճէմեանի աշխատանքը՝ հօրենական վաստակը ամփոփելու, միաժամանակ հօր յիշատակին խունկ ծխել չէ, այսպէս ասած՝ որդիական «պաշտամունքային» մեկնակէտով, այլեւ՝ գիտական լուրջ աշխատանք, որ կրնար ստորագրուիլ ուրիշ անունով, եւ ընթերցողը պիտի չիմանար, որ նման գործ Գրիգոր Մահարիի որդին իրագործած է։ Առարկայական այս մօտեցումը, արդարեւ, առանձին շեշտադրութեան արժանի է։
     Ընթերցողը պիտի նշմարէ, որ այս տասնհինգ հատորներուն ետին ո՛չ պետական պատուէր կայ, ո՛չ հաստատութենական կամ անհատական հովանաւորութիւն, այլ պարզապէս Ի. Դարու հայ գրականութեան կարեւոր անունի մը գրական ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ, պատշաճ մակարդակով եւ վայել կատարելութեամբ ԻԱ. դարու նոր ընթերցողին բերելու կամեցողութիւնը։ Այդ ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է նշել, որ Գրիգոր Աճէմեանի 40ամեայ տքնաջան, ամբողջ խմբագրական կազմ մը փոխարինող աշխատանքին արգասիքը, թերեւս չ՚արժանանար լոյսի գալու, եթէ չգտնուէր հրատարակչատուն մը, յանձին «Անտարես»ի, որ ստանձնէր այսպիսի ծաւալուն ծրագրի մը հայրութիւնը ընել այսքան կարճ ժամանակամիջոցին։ Խորհրդային օրերու 23 տարի տեւած հինգ հատորներուն դիմաց՝ 3 տարիէն տասը հատոր, ի հաշիւ գալիքներուն, որոնց հրատարակութիւնը նախատեսուած է 2017-ի ընթացքին։

     Այս շարքը իսկական աշխատասիրութեան նմոյշ մըն է՝ բառիս բուն իմաստով, արժանի հայաստանեան թերեւս քիչ մը մաշած դարձուածքին՝ «գիտական սխրանք»։

     Աշխատասիրողին որպէս վարձատրութիւն, կը մնայ միայն, որ ժողովածուին բուն հասցէատէրը՝ ընթերցողը, տէր կանգնի անոր։

ԾԶ, ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 1

նախորդ
ԳԱՐՄԷՆ