Ճեսի Արլէն

ԳԱՐՄԷՆ

Տունէս ելայ ֆրանսերէնի դասին երթալու համար երբ ժանգոտ, ծիրանագոյն հեծիկէս տեսայ որ բակին մէջ պզտիկ Պենիթոն կը տանէիր փոքր, կարմիր կառքովդ։ Մօտեցայ եւ ետեւդ կանգնած ըսի. «Պուէնոս տիաս, Գարմէն»։
     Արագ մը դարձար, ժպտեցար ու գրեթէ պոռալով ըսիր. «Կը յուսայի կոր որ շուտով քեզի պիտի տեսնէի»։
     — Շատոնց է, չէ՞։
     Փոխանակ պատասխանելու, կառքիդ կոթը ձգելով դէպի մօտիկ ծաղկաւոր թուփը վազեցիր, որմէ մարգարտածաղիկ մը փրցուցիր եւ տուիր ինծի. ոչ՝ է՛ն շքեղ ծաղիկը, բայց բաւական աղուոր՝ յարկաբաժինի չյարդարուած բակի մը համար. գանձ մը իրապէս։ Շնորհակալութիւն յայտնելէն ետք շապիկիս գրպանը պիտի դնէի, բայց ծաղիկը ցողուն չունենալուն պատճառով միակ յարմար տեղը տաբատիս գրպանն էր։
     Պենիթօ անհասկնալի բան մը ըսաւ երկու տարեկանի սպաներէն-անգլերէն խառն իր լեզուով, որ ինծի իմ ֆրանսերէն նախադասութիւններս յիշեցուց։ Թարգմանեցիր բացատրելով որ Պենիթոն կ՚ուզէր բակին միւս կողմը տարուիլ, եւ թէ արդեօք կ՚ուզէի՞ հետերնիդ գալ։ Քեզ տեսած ատեն արդէն կ՚ուշանայի, այնպէս որ «պէտք է երթամ» ըսի։ Երկու ձեռքովդ չսանտրուած սեփ-սեւ մազդ ճակատէդ վեր մղեցիր եւ հինգուկէս տարեկանի աչքերովդ պիշ-պիշ նայելով ինծի հարցուցիր. «Ե՞րբ պիտի խաղանք նորէն»։ Սիրած խաղդ լաւ կը յիշեմ. ես ու դուն՝ էրիկ-կնիկ, իսկ Պենիթօ՝ մեր տղան։
     — Յուսամ շուտով, — ըսի։
     — Յուսամ շա՛տ շուտով։ Կիրակի կ՚ըլլա՞յ։
     Վստահ չեմ թէ շաբթուայ օրերը գիտէիր, որովհետեւ նախորդ անգամ որ խաղալու համար ժամադրուած էինք՝ Կիրակի ժամը մէկին, ըսած էիր. «Ժամերը եւ օրերը չեմ գիտեր. ատիկա ճաշէն առա՞ջ, թէ՞ յետոյ է»։
     — Հա, Կիրակի կ՚ըլլայ, ճանըմ։ Ցը՛։
     — Ցըըը՛։
     Հեռանալուս՝ Պենիթոյի «ահ Տիիօօօ»-ն ականջիս հասաւ։ Ետ նայեցայ որ զինք կը տանէիր փոքր, կարմ իր կառքովդ փողոցէն անդին բան մը մատնանշելով եւ խանդավառութեամբ խօսելով, մինչ Պենիթօ առանց մտիկ ընելու թրթռացող մեղու մը կը դիտէր։
     Ճամբուն վրայ տուած ծաղիկդ կը փորձէի հեծիկիս լոյսին կպցնել, բայց առանց ցողունի չէր մնար, ուրեմն ետ՝ գրպանս դրի։ Իմիններուս նայող աչքերդ կը յիշէի. երանի միտքերդ կարդալ կարենայի…։ Մինչ հովը երեսիս կը փչէր, միտքս եկան՝ Սա իրիկունն ըլլայի ես, լի երգովը թռչուններուն, մարդերուն, ու տարրերուն աղաղակովը տրոփուն…։
     Գրպանէս ծաղիկդ նորէն առի ափիս մէջ բռնելով։ Սոքէլ պողոտայի զառիվարը իջնելուս՝ ափս բացի եւ առանց ետ նայելու երեւակայեցի թէ ինչպէս հովը ծաղիկդ պիտի բարձրացնէր սահող երկվայրկեան մը՝ գետին իյնալէն առաջ։

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 1