ԿԻՐԱԿԻ ամրան գիշեր մը ութսուն հինգ տարի առաջ, 9 օգոստոս 1936ին, Գուրգէն Մահարի կը պատմէ, որ սեղանակիցներ Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի հետ Երեւանի «Ինտուրիստ» ճաշարանին մէջ «կոնեակ էինք խմում եւ ձմերուկով թարմացնում կոկորդներս» երբ եկան զինք ձերբակալելու։ «Ձերբակալուեցի» կ՚ըսէ, առանց բացատրելու թէ որո՞նք եկած էին եւ ինչո՞ւ զինք պիտի բանտարկէին՝ աղէտներուն պէս մեծ ու փոքր, քանդուող աշխարհներու եւ մարող աստղերու, մեր կեանքը յեղաշրջող չարաբաստիկ դէպքերուն պէս, որոնց պատճառներուն մէջ խորանալ եւ անոնց համար բացատրութիւններ փնտռել նախախնամութեան հետ հաշտ մարդուն համար ապարդիւն եւ անհեթեթ ճիգ է։
Մահարի չզարմացաւ երբ եկան զինք ձերբակալելու։ Ճիշդ ամիս մը առաջ, 9 յուլիսին, «Բերիայի սադրանքներին» զոհ գացած էր Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Աղասի Խանջեանը, ան ալ Մահարիի պէս Եղեռնի եւ Վանի հերոսամարտի վերապրող։
Քանի մը օրուան թիւրիմացութիւն կարծեց Մահարին. «Կը ստուգեն եւ բաց կը թողնեն»։ Բանտին մէջ զբօսանքի չէին հաներ։ Իրիկունները կ՚ըլլան ցերեկ առանց որեւէ նորութեան։ Առաստաղէն քիչ մը աւելի ցած պատի բացուածքէն օր մը կը նկատէ («զգացի» կ՚ըսէ), որ ամառը եղած էր աշուն։ Վերջը ձմեռ եկաւ, ապա գարուն եւ նորէն ամառ։ Այսպէս կ՚անցնի երկու տարի մինչեւ իր դատաւարութիւնը, որ կը տեւէ երեք վայրկեան։ Կը դատապարտուի տասը տարուան ազատազրկման։ «Էժան ես պրծէ», կ՚ըսէ բանտապահը։ Երբ բանտապահը զինք դէպի խուց կ՚առաջնորդէ, Մահարին պէտքարան երթալու արտօնութիւն կ՚ուզէ.
Ներս եմ մտնում։ Զուգարանը մաքուր է։ Դէմից ինձ նայում է մի ծանօթ, մռայլ անձնաւորութիւն։ Սիրտս տրոփում է։ Ես յանկարծակի եմ գալիս։ Ո՞րտեղ եմ տեսել ես նրան եւ ե՞րբ։ Այսքան ծանօթ եւ այսքան անծանօթ։ Մենք նայում ենք իրար գրեթէ անթարթ աչքերով։ Ես ժպտում եմ, նա էլ է ժպտում։ Մօտենում եմ։
Դէմը մեծ հայելի է։ Երկու տարի յետոյ եւ առաջին անգամ հանդիպում եմ ինձ… Շատ եմ փոխուել, եթէ չժպտայի, հազիւ թէ ճանաչէի այդ խոժոռ կալանաւորին։
Գրական ասպարէզի ընդմէջէն ճամբայ կտրող անձին կեանքը անպայման պայմանաւորուած կ՚ըլլայ «Ծանի՛ր զքեզ» դելփեան սկզբունքով եւ Մահարի դարձեալ կ՚անդրադառնայ այս ինքնաճանաչումի անզսպելի ամենատարրական մարմաջին՝ սեփական դէմքը տեսնելու, երբ կը հասնի սիպիրեան աքսորի ճամբար եւ կը տեսնէ յիսուն հոգինոց շարք մը. կը պարզուի, որ կալանաւոր մը փոքրիկ հայելի մը ունի, ուր բախտակիցները իրենք զիրենց կը դիտէին բանտարկութեան առաջին օրը։
«Այրուող այգեստանները միակ վէպն է, որ գրեց», կ՚ըսէ գրագէտ Մարկ Նշանեան։ «Առանց վարանումի կարելի է ըսել, որ արեւելահայերէնով գրուած մեծագոյն վէպն է, որ լոյս տեսած է Ի. դարուն եւ հաւանաբար՝ որոշ չափազանցութեամբ, որու համար վստահաբար պիտի ներուիմ, քիչ գրական գործերէն, որ հետաքրքրութեան արժանի են այս լեզուով, Երկիր Նայիրիէն (1925) եւ Գիրք ճանապարհիէն (1934) ետք, երկուքն ալ Եղիշէ Չարենցի»։
Միաժամանակ, Մահարիի վէպը կը մնայ մեծագոյն յորձանքային, խնդրայարոյց գործը արդի հայ գրականութեան մէջ, քանի որ եկաւ մերկացնելու մեր դիւցազնական ազգապատումի դերակատարները, եւ որու դէմ երեք գլխաւոր մեղադրանքները, հաւանաբար վէպը չկարդացած մեծամասնութեան մը կողմէ, կը մնան Արամ Մանուկեանի կերպարին ծաղրական եղանակը, Վանի ապստամբներուն ապահերոսացումը եւ «բարի թուրք»ին երեւոյթը։ Նշանեան՝ Աղէտի գրականութեան նուիրուած իր Writers of Disaster գրքին մէջ, կը ստանձնէ Մահարիի գրական վաստակին բացարձակ եւ անյապաղ վերականգնումը, պաշտպանելով դաժանագոյն ատեանին առջեւ՝ հարիւրամեայ վէրքերով եւ կիրքերով լարուած, գոյամարտի մատնուած ազգի մը հանրային կարծիքը։
Վկայութիւնը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ ակամայ գործողութիւն մը։ Նախախնամութեան բերումով, Մահարիի վիճակուեցաւ վկայի դերը, բառին երկու առումներով՝ իբրեւ ականատես եւ իբրեւ մարտիրոս։ Իր դանթէական ապրելու կորովը զինք նաեւ մատնեց ցկեանս կենդանի ողջակիզման ճակատագրին, օրէ օր կորսնցնելով գրական վաստակը, որ կերտած էր պատանի հասակէն Հայաստանի յետեղեռնեան որբանոցներու մէջ, եւ ընկերներէ եւ երկրպագուներէ բաղկացած շրջանակը, որ զինք լքեցին խորհրդային վարչակարգի դժգոհութենէն մղուած, եւ գրողը ինքն իր վրայ կծկուեցաւ, ընտանեկան մինակութեան նեղ պատերուն մէջ, լիթուանացի աքսորակից իր կնոջ՝ Անտոնինային հետ, որ մարմնով ներկայ էր Երեւան բայց հոգին կը սաւառնէր իր պալթեան հայրենիքը. «Գուցէ այս մասին կարիք չլինէր այսքան երկար խօսել, եթէ… Հիմա, երբ նստած եմ Երեւանում, իմ բնակարանում, իմ աշխատանոցում եւ գրում եմ իմ կեանքի համառօտ պատմութիւնը, վերոնշեալ լիտւուհին, Անտոնինան, նստած իմ դէմ կարդում է լիտուական սոխակ, բանաստեղծուհի Սոլումէյա Ներիսին, եւ նրա աչքերը թաց են»։
Դժուար չէ ենթադրել, որ թերեւս անխուսափելի ըլլար Մահարիի պէս Եղեռնի եւ ստալինիզմի վերապրողի մը համար յուշագրութեան եւ գեղարուեստական գրականութեան միատեղումը, որուն արդիւնքն է Այրուող այգեստաններ գրականացուած յուշագրութիւնը։
«Յայտնի՞ է ընթերցողին համար որ այս քարոզչական արշաւանքը ինքնին կրկնակի պատերազմ մըն է», կը հարցնէ անհամբերութեամբ Նշանեան։ Ապա կ՚աւելցնէ.
Իր գործողութիւնները կը կատարէ առհաւական թշնամիին դէմ, այն յոյսով որ աշխարհը անոր ճանչնայ իբրեւ ոճրագործ, այն ինչ որ է։ Դատարկ յոյս մըն է, որ կը ստիպէ նահատակին ապրիլ դէմ դիմաց դահիճին հետ, դէպքէն ութսուն հինգ տարի ետք։ Ասիկա կ՚ենթադրէ քարոզչական պատերազմի արտաքին երես մը։ Բայց նաեւ կայ ներքին երես մը։ Իր ամենակալութեամբ, քարոզչական պատերազմը կը ճզմէ որեւէ փորձ դէպքը հասկնալու (եւ ամէն ինչ, որ իրմէ առաջ եկած է) ազգայնական աշխարհահայացքէն դուրս, եւ այսպէս, իրականութեան մէջ, որեւէ փորձ դէպքերը հասկնալու Աղէտին շրջագիծէն ներս։ Յայտնի է, որ այս երկու երեսները, ներքին եւ արտաքին, իրարմէ կախեալ են։
Իրենց տարբեր գրական մարմնացումներով, յուշագրութիւնները յաճախ շարժուն աւազներու պէս իրենց յիշած դէմքերը կուլ կու տան, շատ անգամ հեղինակը ներառեալ։ Այս ժանրի հարազատութիւնը հաստատելու համար անմեղութեան կանխավարկածը պիտի շրջուի եւ անողոք քննադատական ոգիով է, որ ընթերցողը պիտի մօտենայ անոր, նոյն չափանիշով, որով պէտք է դատուին սրբադասումի թեկնածուները, որոնց պէտք է յանցաւոր համարել մինչեւ հակառակը փաստուի, ինչպէս կը նշէ անգլիացի գրող Ջորջ Օրուէլ «Գանդիի մասին մտորումներ» յօդուածին մէջ։ Ուստի՝ յուշագրութեան պիտի մօտենանք խիստ կասկածով, հարցաքննողի սուր դատողութեամբ, մինչ մալուխ մտանէ ընդ ծակ ասղան, քանի որ, շատ քիչերն են՝ ներառեալ ժանրի առաջին հեղինակ Սուրբ Օգոստինոս, որ իրենց յիշատակներու պարանը հանրութեան կը բանան անխտիր կերպով եւ առարկայական ոգիով, առանց հետապնդելու ինքնարդարացման նպատակ։
ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԹԱԿԱՐԴԸ
Անկարելի է, սակայն, որ պարանը անցնի ասեղի ծակէն, եւ մասամբ ստեղծագործական եղանակին հետ կապուած է Մահարիի եւ իր վէպին չարչարեալ ճակատագիրը։ Հայ գրականութեան ընկալման մէջ, նուրբ, ոչ անպայման բացայայտ, յաճախ հակում մը կը գտնենք զուտ արձակի գնահատականը տալու ընդհանրապէս իրական դէպքերու վրայ կառուցուած գեղարուեստական ստեղծագործութեան, իսկ միւս ենթաժանրերը, ինչպէս դիւթական իրապաշտութիւնը կամ արուեստագիտական արձակը՝ ինչ որ Հայաստան կը կոչուի «գիտական ֆանտաստիկա» (science fiction), ունին լուսանցքային, ուրուականի ներկայութիւն մեր գրական աշխարհէն ներս, որով ան մասամբ կը տարբերի արեւմտեան գրականութենէն։ Եթէ այս երեւոյթը ճշմարիտ է, ուրեմն «բանալիով վէպը» (roman à clef) կրնանք համարել մեր գեղարուեստական գրականութեան ամենայատկանշնական եւ հարազատ դրսեւորումը։
Գրական ստեղծագործութեան այս մօտեցումը հաւատարիմ մնացած է դասական «միմէսիս»ի կամ նմանողութեան սկզբունքին, զոր Արիստոտէլ, Պղատոնի հետեւողութեամբ բայց իր ուսուցիչէն աւելի լայնախոհութեամբ բանաձեւած է Արուեստ քերթողական (Պոէտիկա) գործին մէջ` «քերթողական կարգաւորութիւն մասանց ոչ բնականին եւ պատմականին հետեւի կարգի, այլ լաւագոյն իմն արուեստաւ ինքն քերթողն հնարի իւր կարգ՝ զօրութեան բանին եւ յուշ նպատակին յաւէտ յանկաւոր. որ է ոչ լոկ բնականին՝ այլ գեղեցիկ բնութեան նմանողութիւն, եւ խառնել զպիտանին ընդ անոյշ ՚ի հրահանգել եւ ՚ի զուարճացուցանել միանգամայն»։
Մանկութենէն մարդը ունի ներկայացումի բնազդը, «եւ այս առումով, կը տարբերի միւս կենդանիներէն` մարդը ամենէն նմանողական կենդանին է, եւ նմանողութեան միջոցաւ է, որ կը զարգացնէ իր վաղ ընկալումը, եւ նոյնքան բնական է, որ մարդիկ կ՚ախորժին նմանութիւն կրող առարկաներէ», կ՚ըսէ Արիստոտէլ իմաստութեամբ, որով կը բացատրէ Հոմերոսէն մինչեւ ներկայիս Հոլիվուդեան շարժապատկերներուն հմայքը։ Փորձառութիւնը կը փաստէ, որ կը վայելենք հարազատ պատկերները այն բաներուն, որոնց իրական տեսքը ցաւ կը պատճառէ՝ օրինակ գարշելի գազաններ եւ դիակներ… Այս է պատճառը, որ մարդիկ կը սիրեն պատկերներ դիտել, որովհետեւ անոնց նայելով է, որ կը հասկնան եւ կը մակաբերէն իւրաքանչիւր տարրի նշանակութիւնը, օրինակ՝ «այս անձը այսպէս կամ այնպէս մէկն է»։
Արձակի այս ըմբռնումը Մահարի կը բացայայտէ թերեւս անուղղակի բայց յստակ կերպով Զարզանդ Դարեանի Արծիւ Վասպուրականի (1966)՝ Մահարիի խօսքով «զարզանդելի» վէպին իր անդրադարձին մէջ. «Գրքի մէջ ո՛չ արծիւ տեսայ, ո՛չ Վասպուրական, ո՛չ Վան, ո՛չ վանեցի»։ Այս կապակցութեամբ, Մահարի իր նկատողութեան մէջ «կը խորացնէ արուեստի պահանջը», կ՚ըսէ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան. «Ես, որ մեռնեմ, Տարօնի կամ Սասունի մասին մի պատմուածք անգամ չեմ կարող գրել, ո՞նց է նա կարողացել չտեսած-չիմացած քաղաքի մասին 37 մամուլանոց վէպ թխել…։ Գրական երկի յաջողութեան առաջին պայմանն է, որ տուեալ նիւթը ոչ միայն քաջածանօթ լինի գրողին, այլեւ ապրուած»։ Ըստ Մահարիի, կ՚ըսէ Գասպարեան, «Զարզանդ Դարեանը կարող էր վէպ գրել Կոնգոյի մասին»։
Այս հանգամանքը վճռականօրէն շեշտելով, Մահարի ուրիշ առթիւ կ՚ըսէ. «Նորից եւ մի աւելորդ անգամ եկայ այն համոզման, որ գրողը պիտի գրի իր ապրած, տեսած, հասկացած կեանքի մասին եւ ոչ թէ նստի եւ մատները ծծի, թէ ինչ է՝ գրականութիւն եմ անում»։
Իրական կեանքէ առնուած դէպքերու գրականացուած պատումը գրողին համար անշուշտ վտանգներով յղի մօտեցում է, քանի որ բանալիով վէպի տիպարները, որոնք ծնունդ առած կ՚ըլլան շնչաւոր կամ ննջեցեալ անձերէ, որ տակաւին կան կամ ապրած են, ակամայ կամ ոչ ընթերցողին տպաւորութիւնը պիտի արդարացնեն անոնց մէջ տեսնելու իրապաշտ նկարագրութիւն մը գոյ կամ մահացած անհատներու, եւ պիտի վերաբերին այս կերպարներուն հետ նոյն զգացական մօտեցումով, որ պիտի ունենային իրական կեանքի մէջ, անշուշտ վրդովելով իրենց համակրանքը վայելող տիպարի մը աննպաստ պատկերացումին համար։ Ուստի, այս մտապատկերին բնական հետեւանքներէն մէկն է՝ իրականութեան մէջ միայն քայլ մը անդին, գրողը նկատել իր սարքած տիպարներուն բարեկամ կամ թշնամի, եւ այդ ծայրերու միջեւ եղող դիրքորոշման բոլոր երանգները։ Մէկ խօսքով, ընթերցողի մտքին մէջ, հեղինակը կը խօսի իր տիպարներուն ընդմէջէն եւ, ըստ կարդացողի տրամադրութիւններուն, հեղինակն ալ անոնց ճակատագիրը կը բաժնէ, մանաւանդ երբ ստեղծագործութեան ընդհանուր նիւթը խռովեալ խնդրոյ առարկայ է կամ գերխոցելի, ինչպէս Եղեռնի կամ, Մարկ Նշանեանի սահմանումով, «Աղէտի», բաց վէրքերը։ Ծայրայեղ պարագայի գրական այս գործելաոճը եւ անոր ընկալումը կրնան արտառոց կացութիւններ ստեղծել յետամնաց ընկերութիւններու մէջ, ամենէն ցայտուն օրինակը ըլլալով Էլիֆ Շաֆակ գրողի դէմ դատը Թուրքիոյ մէջ, ուր ամբաստանուած էր իր մէկ վէպին տիպարներէն մէկուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ակնարկներուն համար, սակայն նոյնիսկ թուրք դատաւորը մեղադրանքը չեղեալ համարեց, քանի որ գրական արձակի երեւակայական կերպարի մը կարելի չէ յանցանք վերագրել։
«Միայն մէկ պատմութիւն կայ, նոյնիսկ եթէ կարելի չէ Աղէտը պատմագրական մօտեցումի մը առարկայ դարձնել… Քսաներորդ դարու հայերը չեն կրցած խուսափիլ քարոզչական պատերազմէն, եւ ուրիշ ոչինչ չեն ըրած, քան կրկնել ինչ որ այդ պատերազմը իրենց թելադրած է», գրած է Նշանեան, աւելցնելով, որ «այս պատերազմի միջոցաւ է, որ անտեսած են Աղէտը եւ գերի մնացած են փաստի խօսակցութեան մէջ, զօռով փորձելով իրենց «ցեղասպանութեան» ապացոյցները ներկայացնել»։ Նշանեան կ՚եզրափակէ. «Երկուքը (հերոսացումը եւ փաստի խօսակցութիւնը) ձեռք ձեռքի կը քալեն»։
Ըստ ֆրանսահայ քննադատին, Մահարիի վէպը ուժաթափութենէ փրկութիւնը մատուցող լուծոյթ է. «Այս տկարացնող (եւ մահացու) մտասեւեռումէն ազատելու համար, նոր մօտեցում մը ստեղծելու կարիքը կար, ուրիշ ձեւ մը պատմութեան պատկանելու», կը գրէ Նշանեան։ «Մահարիի ըրածը այդ է»։
Թէեւ անպայման ընդհանուր համաձայնութիւն չկայ վէպի պատմականութեան շուրջ, այսուհանդերձ դժուար չէ նկատել, որ Այրուող այգեստաններ պատմական վէպ չէ բառին բուն առումով: «Վէպը պատմութենէն անջատ չէ», կ՚ըսէ Նշանեան։ «Պատմութիւնը տարբեր ձեւով կը գրէ, եւ պատմական նշանակութիւն չի գտներ այն նոյն կէտերուն մէջ, ուր պատմաբանները եւ գաղափարախօսները պիտի գտնէին»։
«Յիւրսն եկն, եւ իւրքն զնայ ոչ ընկալան»։ Ինչու՞ Մահարիի գլուխ գործոցը այնքան բանավէճի առարկայ կը մնայ մինչեւ օրս։
ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԹՕՆՔ
Պատմական բացատրութիւն մը կայ։ Մահարիի վէպի տպագրութիւնը անմիջապէս յաջորդեց Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցին, «ինչը Երեւանում նշուեց հուժկու ցոյցով», կ՚ըսէ գրականագէտ Գասպարեան։ «Ստալինեան, ընդհանրապէս խորհրդային վարչակարգի կողմից լռեցուած ազգային ոգին ցոյց տուեց իր ոյժը»։ Գասպարեան նաեւ կը մատնանշէ ուրիշ իրողութիւն մը, որ հրահրեց հայրենասիրութեան բուռն զգացումները Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն ներս 1966ին, նոյն տարին, երբ Այրուող այգեստանները լոյս կը տեսնէ. «Տիգրան Պետրոսեանը դարձաւ շախմատի աշխարհի չեմպիոն»։
Այսպէս, կը շարունակէ Գասպարեան, «Մահարու վէպը ընթերցողին հասցէագրուեց ազգային զարթօնքի այս բուռն ալիքի վրայ եւ դէմ առաւ հայրենասիրութեան հենց այդ ալիքին»։ Այս շրջանին, «նոր-նոր բացւում էին անցեալի վարագոյրները, եւ ամէն ինչ մի տեսակ «սուրբ ազգային» էր»։ Ուստի, «քննական վերաբերմունքն այս հոգեւոր զարթօնքի պահին հեշտ տրուող հայեացք չէր»։
Իրօք, ինքնաքննադատութեան նախապայմանները տակաւին առկայ չեն, երբ հայրենիքը շրջապատուած է ցեղասպան ոսոխով, որ ո՛չ միայն հայոց պետականութեան եւ պետութեան, այլ հայութեան թշնամին է։ Ինչպէս 2020ի քառասունչորսօրեայ պատերազմը ապացուցեց, հայերու վերաքննութեան խոշորացոյցը պատմական այս փուլին միայն կրնայ սահմանափակուիլ մարտավարական ոլորտին՝ այսինքն. բանակի բարեկարգում, սահմաններու եւ հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան ամրացում եւ, ըստ կարգին, արտաքին քաղաքականութեան վերամշակում այժմ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններուն յարմարելով։ Սակայն բազմիցս անպատիժ մնացած ցեղասպան թշնամիներու երկաթի եւ արիւնի աքցաններուն մէջտեղ մնացած ժողովուրդի մը գուցէ սակաւաթիւ զաւակներ հոգեբանական պնդութիւնը ունենան դիմանալու ներքին դեւերուն, զորս պատմական վերաքննութիւն մը կրնայ ազատ արձակել։ Յապաղեալ է անշուշտ եւ այսպէս պիտի մնայ այնքան ատեն, որ շարունակուի քաղաքակրթութիւններու բախումը, որ պարտադրուած է Հայաստանին, կամ աւելի ճիշդ, իսլամական եւ թուրք անքաղաքակրթութեան պատերազմը հայ քաղաքակրթութեան դէմ (բաւ է հետեւիլ իսլամական աշխարհի իրականութեան հասկնալու համար այդ դաւանանքին դատապարտուած եւ միաժամանակ դատապարտող երկիրներու եւ ժողովուրդներու ողբալի եւ գարշելի իրավիճակը, բայց այս հարցը, թէեւ հայերուս համար հրատապ, այսուհանդերձ այս յօդուածին շրջագիծէն դուրս կ՚ելլէ)։
Եղեռնի ամբողջական արհաւիրքը մեզի չ՚արտօներ, որ մենք ինքնաքննութեան լծուինք երբ մեր դահիճը տակաւին անպատիժ է։ Մեր թշնամին ո՛չ միայն թուրք պետութիւնն է՝ մեր թշնամին Թուրքիան է, իր պետական վարչակարգը, իր հաւաքականութիւնը, թրքութիւնը, իր հաւաքական թրքաբարոյ վարքը. հայատեացները, ցեղամոլները, ոսկեխոյզները, թալանողները, այո՛, բայց նաեւ պարզ թուրքը, անտարբեր թուրքը, իր թրքայատուկ անտարբերութեամբ, ինչպէս բնութագրած է Թովմաս Եդուարդ Լաւրէնս կամ Արաբացի Լաւրէնս, ինչպէս աւելի ծանօթ է, «անտարբեր թուրքը» (ուրիշ առթիւ կ՚անդրադառնանք Լաւրէնսի հայու բացասական նկարագրութեան)։
Թուրք զինուորական ծառայողները կ՚ընդունէին իրենց ճակատագիրը առանց առարկութեան՝ հաշտութեամբ, ըստ թուրք գիւղացիներու սովորութեան։ Ոչխարի պէս էին, չէզոք, առանց անառակութեան կամ առաքինութեան։ Եթէ իրենց մինակ ձգէին, բան չէին ըներ, կամ թերեւս ձանձրոյթով գետինը կը նստէին։ Եթէ ազնիւ ըլլալու հրաման ստանային, առանց աճապարանքի կը դառնային լաւ ընկերներ եւ կարելիին չափ ազնիւ թշնամիներ։ Եթէ հրահանգ առնէին իրենց հայրերը չարաչար նախատելու կամ իրենց մայրերը մորթելու, նոյն հանգստութեամբ այդ կ՚ընէին ինչպէս պիտի ընէին ոչինչ կամ բարի գործեր։
Մինչ այդ, կը մնանք ժողովուրդ մը, որ իր արդարութեան ծարաւը տակաւին չէ կրցած յագեցնել եւ լռեցնել իր վիրաւոր խղճերը, եւ որու միակ բաղձալի լուծումը պիտի ըլլար թշնամւոյն ոչնչացումը՝ «բզէզներու բոյնը» քանդել, իր մէջ թշնամին ճզմելով։ Ժողովուրդ մը, որ պատմական վերաքննութեան մենաշնորհը վայելելու խաղաղութեան եւ կայունութեան պայմանները ձեռք չէ բերած, երբ չարիքով շրջապատուած է։ Մեր ազգին գլխաւոր վէրքը մեր ազատագրական շարժման սխալները չէին կամ Արամին մարդկային տկարութիւնները, այլ գլխագրով Չարիքը՝ թուրքը։ Ուրիշ փոքր ժողովուրդներէ աւելի թերի չենք՝ այս դիտանկիւնէն, պելճիքացիին կամ զուիցերիացիին իմաստութիւնը պարզապէս եղած է թուրք դրացի չունենալ։
Վերջին արցախեան պատերազմը ո՛չ միայն եկաւ վերահաստատելու ոսոխին մշտական եղեռնագործ տրամադրութիւնը, այլ նաեւ փաստեց, որ ան ալ Աղէտին լուծում մը կը փնտռէ՝ Հայաստան եւ հայութիւնը ոչնչացնելով։ Երկու կրակի մէջ գտնուող ժողովուրդի մը հոգեվիճակը անշուշտ անխուսափելի կերպով խառնակ պիտի ըլլայ եւ նման իրականութիւններ ծնունդ կու տան ամբարիշտ կերպարներու, ինչպէս Մահարիի Տիգրան մօրեղբայրը, որ Միհրան Մանասէրեանի վիպականացած տիպարն է։ Նշանեանի յիշած հայութեան քարոզչական պատերազմներուն դաշտերէն հեռու տակաւին Աղէտին միակ պատճառը թուրքն է, ո՛չ թէ հայ զանգուածին անկարողութիւնը անբանելի Աղէտը մեկնելու՝ վերջին արցախեան հերոսամարտին մեր մարմնի վրայ ապրեցանք աղէտալի իրադրութեան համրացնող ոյժը, ինչ որ կը համապատասխանէ Նշանեանի Աղէտին առջեւ դէմ դիմաց կանգնելու անկարելիութեան, ինչ որ թշնամիին հոգեբանական զինամթերքին մաս կը կազմէ։ Մահարիի գրական քաջագործութիւնը բանալ է կարեվէր այդ վէրքը, այն ինչ որ մեծամասնութիւնը չի կրնար ընել։ Զապէլ Եսայեանի Աւերակներուն մէջի «փոխան յառաջաբանին» մէջ Նշանեան կը վերադառնայ նոյն նիւթին. «Գիրը, երեւակայութիւնը, ինչպէ՞ս կրնան չափուիլ Աղէտին»։ Եսայեան, կ՚աւելցնէ Նշանեան, «կ՚ուզէ Աղէտը իմաստաւորել… որովհետեւ հոն ուր իմաստը կը պակսի՝ խելագարութիւնն է որ կը սպառնայ»։
ԱՆԱՍԵԼԻՆ
Բառացի կերպով կարելի է նոյնը ըսել մահարիական Վանի մահապատումին մասին։ «Աղէտին միայն կարելի է մօտենալ անուղղակի կերպով, ուրիշ բանի մասին խօսած պահուն», կ՚ըսէ Նշանեան Աղէտի գրականութեան գրքին Մահարիի նուիրուած գլխուն մէջ։
Եւ ահա այս է Այրուող այգեստաններու պատճառած ընդվզման կարեւորութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Պաղ Պատերազմի բուռն տարիներուն, երբ առերեւոյթ դատողութեամբ Դաշնակցութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան դիրքերը անհաշտ կը թուէին, իրականութեան մէջ քաղաքական, պատմական տեսակէտները՝ հեռապատկերի անգամ շատ աւելի մօտ էին, քան կարելի պիտի ըլլար ենթադրել պարզապէս հետեւելով քարոզչական եւ մամուլի փոխ-հարուածներուն։ Ասիկա այսօր երկրորդական նշանակութիւն ունի, քանի որ անկախութենէն ետք որեւէ տարակոյս չէ մնացած որ խորհրդային բռնատիրութիւնը չէր յաջողած հայրենիքի բնակչութեան ազգային ոգին սպաննել, յետադարձ հայեացքով իր կարեւորութիւնը ունի, քանի որ այսօր եւս հայութիւնը, քառասուն չորս օրուան պատերազմէն ետք կը գտնուինք երկրորդ հակամարտութեան-երկուութեան-բեւեռացման շեմին։ Ինչպէս Այրուող այգեստաններու գլխաւոր տիպարը կը զգայ արդէն յեղափոխական խմորումներով եռացող Վանի մէջ երբ ծառէ մը ինկող գոգաւոր տերեւ մը կը տեսնէ եւ կը մտածէ, «Օձի է նման» ու ապա «խեղդուող մարդը օձին կը փաթթուի», այսօր մենք ալ կը վերապրինք Մահարիի անմահացուցած Վանի հայութեան փխրուն հոգեվիճակը, ուր մէկ հրաձգութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ առեւտրականները խանութները կը փակեն (մինչեւ յայտնի կ՚ըլլայ, որ առանձին միջադէպ է՝ հոգեբանական խանգարումէ տառապող մարդու մը առանձին արարքն էր, բայց վանեցի հայերուն մտահոգութիւնն էր, որ աւելի ծաւալուն բախումի նախաբանը ըլլար)։
Այս գծով, բանասէր Նարինէ Յովհաննիսեան կ՚ըսէ, թէ Այրուող այգեստաններու «արտասովոր նորոյթը ոչ այնքան ողբերգաերգիծական գրաոճի, որքան գրանիւթի մէջ էր, պատմութեան այդ շրջանի ենթակայական ընկալման եւ վերարժեւորման մէջ»: Եւ կը մէջբերէ Մահարիի խօսքերը գրքին առաջին հրատարակութեան մէջ. «Թող ներեն ինձ դեռ ապրող կամ մեռած կուսակցութիւնները, եթէ ես նրանց կարկառուն ներկայացուցիչների գլուխները չզարդարեցի լուսապսակով եւ ներկայացրեցի նրանց այնպէս, ինչպէս եղել են նրանք»։ Ապա Մահարի կ՚աւելցնէ. «Առարկութիւններ կարող են լինել, որ այսինչ գործին այդինչը չի մասնակցել, այլ` այնինչը, բայց չէ՞ որ գործն է կարեւորը եւ ոչ թէ այս, այդ եւ այնինչը»։
Մահարիի վիպական սկզբունքները, զորս Նշանեան վերծանած է, հետեւեալներն են. «Զրուցատրութիւնը իբրեւ մեթոտ եւ իմաստասիրութիւն, ապա հայրական աղէտին բացայայտումը եւ, վերջապէս, պատմութեան կանոնաւոր ապահերոսացումը»։ Ապա, ազգայնական ճնշման տակ, գրողը կը ստիպուի ջնջել իր հօր զոհագործական սպանութիւնը, չարափոխութիւն մը, որ իր տարողութեամբ Կոստան Զարեանի Նաւը լերան վրայ վէպի խորհրդային գրաքննութեան այլասերումը կը մտաբերէ։
Նշանեան առանձնացուցած է երեք բեւեռ, կամ «ճամբաներ» ըստ պրուստեան սահմանումին, վէպի՝ մարդապատումի, ո՛չ հերոսապատումի, կառուցուածքին մէջ.
ա. Օհաննէս Աղայի ճամբան, քաղքենի ու ագահ վանեցի առեւտրականին.
բ. Միհրան Մանասէրեանի ճամբան, փաւստեան կերպարը, զոր Նշանեան հրապուրիչ կը համարէ իր ընդգրկած հոգեբանական նրբերանգներուն շնորհիւ։ Այս տիպարը ձեւաւորուած է գրողի դաշնակցական մօրեղբօր՝ Տիգրանի հետեւողութեամբ, որ սպաննեց Մահարիին արմենական հայրը, ոճիրը կամ գուցէ արկածը, որ դրոշմեց անոր զաւկին ճակատագիրը եւ ձեւակերպեց աշխարհահայեացքը։ «Ինչո՞ւ լոյսը կը մարի» եւ ատրճանակին կապարին զոհ կ՚երթայ Մահարիի հայրը, ինչ որ կը հանդիսանայ տիեզարական պատմութեան փոխաբերական պատկեր։ Կը մտաբերենք Անգլիոյ արտագին գործոց նախարար Եդուարդ Գրէյի խօսքը երբ 1914ին, հայոց Աղէտէն տարի մը առաջ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմը կը պայթի. «Եւրոպայի մէջ բոլոր լոյսերը սկսած են մարիլ` մեր կենդանութեան դարձեալ պիտի չվառին»։
գ. Յեղափոխականները՝ Արամ, Իշխան եւ, մասամբ, Վռամեան։
Այս ոճը հնարաւորութիւնը ընծայած է, կ՚ըսէ Նշանեան, Աղէտի անբարբառելի հարցը դիմագրաւելու, քանի որ ուղղակի մօտեցումներու համար մեր իմացական ճանապարհները փակ կամ անել են, ինչպէս որոշ աստուածաբանական հոսանքներ, որ Աստուծոյ մերձեցումը միայն շեղակի ուղիներով կարելի կը նկատեն։
Նոյն ձեւով, Արամ Մանուկեանի նկատմամբ հեգնական եղանակը կը բացատրուի Մահարիի անձնական ողբերգութեան յիշատակով, բայց Նշանեան կը յիշեցնէ ու կը պնդէ, որ գրականութիւնն է, որու լուսարար օգտակարութիւնը մեր ուշադրութենէն վրիպած է։ Պատմութեան գիրք չէ։
«ԲԱՐԻ ԹՈՒՐՔԸ»
Կը մնայ անշուշտ պատուախնդիր հայերու ընդվզումը Այրուող այգեստաններու մէջ ներկայացուած մեղրածորան «բարի թուրք»ին նկատմամբ։ Միայն հայեր, որ թուրքերու հետ շփում չեն ունեցած, Մահարիի վէպին «բարի թուրք»ին կերպարը կ՚ընդունին միամտօրէն մակերեսային, առերեւոյթ կերպով։
Մեղմախօս Քամալը, սակայն, զուտ թուրքի կերպարն է, որ ազնուութեամբ խօսելով եւ գործելով իսկ իր պետութեան շահերուն կը ծառայէ, որ հայերուն գովերգը ընելէ ետք, նոյն թաւշեայ լեզուով կը յիշեցնէ, որ «թուրքերը պետութեան տէրերն են»։ Այսօր իսկ, զարգացած, կիրթ, «բարի» թուրքեր գրեթէ բառացի կերպով պիտի կրկնէին Քամալի խօսքերը. «Հայը աշխատասէր է, բայց թուրք երկրին տէրն է»։ Ինչպէս կը նշէ Ալեքսանդր Խատիսեան առաջին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Թուրքիոյ մղած 1920ի պատերազմէն ետք ոսոխին կողմէ գրաւուած Ալեքսանդրապոլի մէջ, Քեմալ Աթաթիւրքի տեղակալ «Քեազիմ Կարաբեքիր… մօտ յիսուն տարեկան մարդ մըն էր, որ բաւական ազատ կը խօսէր ֆրանսերէն եւ, ինչպէս բոլոր թուրք պաշտօնեաներն ու դիւանագէտները, արտաքուստ չափազանց սիրալիր էր»։ Այդ արգելք չէր սիրալիր Կարաբեքիրի՝ «բարի թուրքի» վարած ուժերուն Ալեքսանդրապոլի մէջ «կազմակերպած կողոպուտին», որուն ականատես եղաւ Խատիսեան. «Անոնք կը հանէին տուներէն պատուհանները, դռները, դուրս կը տանէին կահկարասիները, իրերը կը դարսէին ժողովուրդէն բռնի վերցուած սայլերու վրայ եւ շտապով կը տանէին այդ բոլորը Կարս…»։ Յիշենք, նաեւ, որ Կարաբեքիրի նոյն բանակը մօտ 10.000 հայ երիտասարդ տղաներ գերի վերցուց, որոնցմէ միայն քանի մը հարիւրը վերապրեցան եւ վերադարձան հայրենիք։
Բագինի այս յօդուածին հեղինակ նուաստս երբ 2014ի ամրան Թուրքիա հետազօտական ճամբորդութեան ժամանակ ոստիկանատուն տարուեցաւ ձերբակալուելու նպատակով, սպան շատ մեղմ ազնուութեամբ կը խօսէր հետը, թէյ հրամցնելով եւ նոյնիսկ անդրադառնալով մեր պապերուն հասարակաց ճաշերուն, մինչ պահ մը ետք ոստիկանութեան իր պաշտօնակիցին հետ կը խորհրդակցէր զինք Թուրքիոյ գաղտնի ծառայութեան (MİT) Անգարայի գրասենեակը ղրկելու մասին։
Անհեթեթ է «բարի», «չար», կամ «չէզոք» թուրքի որոնումներ հետապնդել։ Ածականէ անկախ միայն տաճիկ կայ, եւ այդ զանգուածը, մեղմախօս թէ ոչ, հայութեան թշնամի է։
Նշանեան կը փորձէ իր տեղը վերադարձնել Մահարիի Այրուող այգեստաններու գրական արժէքը՝ իբրեւ վէպ եւ իբրեւ արձակի գործ, ո՛չ պատմագրական աշխատութիւն։
Մահարիի առաջարկած գրականացուած պատմական վերաքննութիւնը չի նշանակեր, ինչպէս Շահան Շահնուր զարմանալի միամտութեամբ կ՚ըսէ իր մէկ նամակին մէջ, որ Եղեռնը ազատագրական շարժման՝ «քոմիթաճիներուն» հետեւանք եղաւ։ Մահարի պարզապէս կը ներկայացնէ իր ենթակայական պատումը դէպի Եղեռն ընթացող Վանին, բայց իր հերձակով կը կենդանահատէ կերպարները, մակերեսային երգիծանքով, որ իր ընթերցողներուն պարզած ողբերգութեան, արեան ծովուն աղի, լեղի փրփուրն է միայն։
Ասկէ կարելի չէ հետեւցնել, որ անպայման դէպքերու հետեւողականութեան բերումով Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ հետեւանք ազատագրական շարժումին։ Այո՛, սակայն, արդիւնքը այդ եղաւ։ Երբեք հասկցնել չի տար, որ Եղեռնը եղաւ հայ յեղափոխականներուն պատճառով։ Ոչ ալ պէտք ունի՝ բոլորս գիտենք, որ թուրքը այդպէս գործած պիտի ըլլար, հետեւելով իր աւանդական չարժէքներուն։ Նոյն ձեւով, Արամ Մանուկեանի վարկը մեր պատմութեան մէջ խորունկ արմատ նետած է. վէպի մը ծաղրական եղանակը կրնայ նեղացնել ընթերցողները, բայց ազգային հերոսը մեր պատմութեան մեհեանին մէջ անկործանելի պատուանդանի վրայ կանգնած է։ Գրիչ չկայ, որ կարենայ իր պատուանդանէն զինք վար առնել։
Աղէտը, որ Եղեռնի արդիւնք է եւ անկէ ծնած ու զայն ընդգրկող հսկայական եւ տակաւին ընթացիկ երեւոյթ, աշխարհը յեղաշրջած էր՝ ինչպէս մեր ներկայ յետԱրցախեան, թագավարակային օրերը։ Հայաթափ եղած Վանէն ձիով կը հեռանայ Միհրանը, դատարկ ու աւեր գիւղերու ընդմէջէն.
Նորից լռութիւն, ո՛չ, ձին դոփում է գիւղը կիսող լայն ճանապարհի վրայ։ Ո՛չ, հեռուից լսուեց կատուների սուր մլաւոց, մլաւոցը կամաց-կամաց մօտեցաւ։ Միհրանը տեսաւ, որ խրճիթների արանքից ճանապարհի վրայ նետուեց մի փոքրիկ, կաղ շուն, նրա յետեւից հասաւ վայրենացած կատուների մի խումբ, գզգզուած բրդով եւ տնկուած պոչերով քշեցին շանը ջրաղացի կողմերը։ — Պարզ է, որ կ՚ուտեն,— անցաւ Միհրանի մտքով։
Եթէ Այրուող այգեստաններուն լեզուն եւ ձեւը երգիծական են, խորքը ողբերգական է, եւ անկէ կը բխի Մարկ Նշանեանի զայրոյթը, թէ ինչպէս կրնայ ժողովուրդը ասիկա չհասկնալ, բայց մեր ուշադրութենէն չի կրնար վրիպիլ ժողովուրդի բարկութեան դրական եւ այդ օրերու յուսադրիչ երեւոյթը, այն աստիճան, որ զարմանալի է թէ ինչպէս Դաշնակցութիւնը եւ ուրիշ ազգասէր տարրեր Սփիւռքի մէջ աւելի սերտ կապեր չեն փորձած մշակել Հայաստանի խորհրդային կարգերուն եւ մշակութային գործիչներուն հետ։ Աւելի եւս, ազգայնական տարրը անկարող գտնուած է յաղթահարելու իր թունդ հակախորհրդային դիրքորոշումը, որ արգելք հանդիսացած է մարտավարական կամ նոյնիսկ ռազմավարական մօտեցումներ ձեռք բերելու մեր պատմութեան խորհրդային այն փուլին, որ թերեւս տակաւին չենք կրնար արդար կերպով արժեւորել։
ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՎԿԱՅ
«Անժամանակ» ածականը միայն կը կիրարկենք մահուան համար, բայց Մահարին, իր ժողովուրդին կողմէ չընդունուած մարգարէն, անժամանակ ապրած վկայ է։ Եւ իր հանճարի երկսայրի հնարքին շնորհիւ, Վանը ո՛չ թէ անցեալ դարձած պատմութիւն է կամ յուշ Մահարիի վէպին, ինչպէս կը նշէ Յովհաննիսեան՝ արցախցի բանասէրը, «այլ ներկայ իրողութիւն եւ շարունակուող յիշողութիւն: Այս մտայնութիւնը եզրաւորւում է վէպի վերնագրից. ոչ թէ Այրուած այգեստաններ, այլ` Այրուող այգեստաններ», միայն օգտագործելով ներկայ դերբայը։
Բայց զինք մեղադրողները առաջին քարը նետելու պատրաստ կամաւորներ էին։ Արմենակ Եղիայեան, անցեալ տարի Ազդակ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած ու 1965ին նուիրուած իր անմոռանալի «Հայրենի Յուշեր» շարքին մէջ կ՚արձանագրէ երեւանեան երեկոյի մը մասին.
Այն գիշեր, [«Բագին»ի խմբագիր Եդուարդ] Պոյաճեան վերադարձաւ սովորականէն աւելի հարբած: Շուարած էր, ինքնիր վրայ կը դառնար առանց հանդարտելու, մէջը կրակ մը կար, որ չէր մարեր, երբ մէկ ալ ձեռքը ցնցումով մը ճակտին զարկաւ՝ «ինքնաշարժին մէջ մոռցայ» ճչալով:
— Ի՞նչը,— անհանգստացայ ես՝ ցատկելով տեղէս:
— Չարենցի ձեռագիրը,— պատասխանեց՝ աւելի գրգռելով զիս:
Բնազդաբար վազեցինք փողոց, ճիշդ ի՞նչ ընելու՝ չեմ գիտեր, հանդիպեցանք գիշերապահի մը, որուն բացատրեց կացութիւնը: Գիշերապահը թելադրեց «միլիցատուն» երթալ…ոչ մէկ բան օգնեց, եւ այդ ձեռագիրը չվերադարձաւ:
Ուրեմն Անահիտ Չարենց իրեն յանձնած էր հօրը մէկ գրութիւնը, որպէսզի տպուի սփիւռքի մէջ, անշուշտ Բագինի. կարելի է պատկերացնել այն հրճուանքը, որ ան պիտի պատճառէր [Պօղոս] Սնապեանին, քիչ մը ամբողջ խմբագրական կազմին ու ընթերցողներուն, եւ անոր հետեւելիք վարկն ու պատիւը…
Ապա Եղիայեան կը նկարագրէ իրենց պանդոկի կողքի ճաշարանին մէջ հանդիպում մը Մահարիին հետ.
Մահարի ոչինչ գիտէր Պոյաճեանի մասին, որ կը ջանար այդ բացը լրացնել հերթով թուելով Պօղոս Սնապեանի անունը,— որուն պաշտօնակից էր,— Բագինը, ուր յաճախ կը գրէր, ապա թուելով գործերուն անունները եւ նման բաներ: Մահարի մինչեւ վերջ ալ չըմբռնեց,— կը կարծեմ,— թէ ի՛նչ նպատակով տեղի կ’ունենար այս հանդիպումը: Այս անորոշութիւնը փարատելու հոյակապ միջոց մը եղաւ կոնեակը…որուն շուրջ անոնք ակներեւաբար հաշտ ու համերաշխ էին՝ վսեմօրէն գերազանցելով զիրար:
Անոնք շատ խմեցին ու շատ խօսեցան:
Շատ աւելի խօսեցաւ Պոյաճեանը:
Երբ քանի մը գաւաթ արդէն գլորած էին, Պոյաճեան, քիչ մը դժուար զսպելով նախատական շեշտը, հարց տուաւ Մահարիի, թէ ինչո՛ւ աքսորէն վերադարձին դիմած էր կոմկուսին՝ վերընդունուելու համար համայնավարութեան շարքերը:
Մահարի, որ յայտնօրէն չէր ակնկալեր այսպիսի հարցում մը, անակնկալի եկաւ, ցնցուեցաւ, դէմքի մկանները նրբօրէն դողացին, վտանգ գուշակող երէի մը պէս կծկուեցաւ ինքն իր վրայ՝ քիչ մը աւելի մանրանալով, կարծես տարտամ փորձ մը ըրաւ հակադարձելու, սակայն չյաջողեցաւ, կուլ տուաւ խօսքը, որ դառն պատառի մը պէս իջաւ կոկորդէն վար՝ որկորի ակներեւ ելեւէջով մը:
Սակայն այսքանով չփակուեցաւ հարցը:
Իր գերակայութենէն խրախուսուած, չըսելու համար՝ հարբած, եւ քիչ անց, քանի մը գաւաթ եւս կուլ տալէ ետք Պոյաճեան կրկնեց իր հարցումը՝ այլեւս գրեթէ առանց սքողելու շեշտին մեղադրական հնչերանգը:
Մահարի աւելի խեղճացաւ, անհանգիստ շարժումներ ըրաւ մէկուն պէս, որ փուշի վրայ նստած է ու չի յաջողիր տեղաւորուիլ աթոռին: Հանգիստ չէի ինքս ալ. երազներուս մէկ գեղեցիկ դղեակը ահա քար առ քար ու խիճ առ խիճ կը քանդուէր շուրջս անագորոյն ու անպատասխանատու ձեռքով մը, որ չէր ուզեր զսպուիլ: Պիտի ուզէի միջամտել բանով մը ու փարատել այս մթնոլորտը, սակայն ատոր համար ո՛չ բաւարար հասունութիւնն ունէի,— ես իրենց կէս տարիքն ալ չէի,— ո՛չ ալ յարմար բառերը կը գտնէի:
Երբ քառորդ ժամ ետք ա՛լ կը բաժնուէինք, Պոյաճեան չվարանեցաւ վերջին ու վճռական հարուած մըն ալ տալու Մահարիին՝ այս անգամ առանց ծամծմելու բառերը.
— Ի՛նչ ալ ըլլար՝ պիտի չվերադառնայի՛ր այդ կազմակերպութեան…
Տարիներով Եղիայեան փորձած էր մոռացութեան տալ այս տհաճ յիշատակը.
Տարի մը անց մեռաւ Պոյաճեան, երեք տարի ետք Մահարի հետեւեցաւ անոր:
Եւ այնուհետեւ ամբողջ կարելիս ըրի,— առանց միշտ յաջողելու,— որ վանեմ այն անդոհանքը, որ Երեւանի հանդիպումը պատճառած էր ինծի: Այս յամառ փորձերս տասնամեակներ քաշքշեցի, երբեմն ունենալով յաջողած ըլլալու տարտամ պատրանքն ալ, մինչեւ… 22 փետրուար 2020, երբ ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ. այն օրը Ազդակի մէջ աչքիս զարկաւ զարմանալի յօդուած մը՝ յիշեցնելով ինծի Աբովեանի ծանօթ խօսքը, որ «եթէ ուխտդ արդար է, մատաղցու ոչխարը ոտքովը դուռդ կու գայ»:
Ուրեմն, յօդուածագիրը՝ Կարօ Մանճիկեան, կը ներկայացնէ Պօղոս Սնապեանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցը: Այստեղ Սնապեան սեւով ճերմակի վրայ բառացի կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ինք, Պոյաճեան ու Ծառուկեան հեռացած էին իրենց կուսակցութենէն եւ թէ ինչպէ՛ս «կարճ ժամանակ ետք ընկերս` համագիւղացի Պոյաճեանը, չդիմանալով դուրսի «ցուրտին», զղջումնագիր-աղերսագիր տալով` վերադարձաւ շարքերը»:
Անշուշտ, կը գրէ Եղիայեան, Պոյաճեանի չդիմացած «դուրսի ցուրտը… վստահաբար այնքան սաստիկ չէր», որքան Սիպիրինը, եւ կ՚աւելցնէ, որ, «եթէ Մահարի չվերադառնար շարքերը, որով պայմանաւորուած էին համեստ թոշակ մը եւ գործի պարագայական հրատարակութիւնը կամ վերահրատարակութիւնը, ապա ան դատապարտուած էր ստոյգ սովամահութեան՝ իր հետ դատապարտելով նաեւ մանկամարդ կինը՝ Անտոնինան, եւ խանձարուրի մանչը՝ Գուրգէն կրտսերը»։
Տարբեր շեշտաւորումներով, ամէն հայու կեանքը անխուսափելիօրէն գունաւորուած է ողբերգական երանգներով։ Չարին արմատը Եղեռնն է եւ այդ չարին արմատը՝ թուրքը (եւ իր դարերու բարեկամ քիւրտը, բայց այդ նիւթին, ինչպէս նաեւ արաբներուն դերակատարութեան Հայաստանի հազարամեայ անկման մէջ, կ՚անդրադառնանք ուրիշ առթիւ)։
ԱՆԱՌԱԿ ՀՈԳԷՈՐԴԻՆ
Քարտուղարութեան չարամիտ կեցուածքին համար Մահարին կը մեղադրէ Նայիրի Զարեանը, բայց հաւանական է, որ մեղադրանքը գրած ըլլայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար Պարոյր Սեւակը, որու Այրուող այգեստաններու անձնական օրինակին վրայ արձանագրուած են նոյն դիտողութիւնները։
Անշուշտ, արդի հայ գրականութեան ամենէն ցաւալի դէպքերէն կը մնայ Պարոյր Սեւակի թշնամական վշտացումը իր հոգեհօր՝ Մահարիի դէմ, Մարդը ափին մէջի իր գրախօսականէն ետք, որ բանագողութեան մեղադրանքի անստոյգ եւ սխալ վարկածներու տեղի տուած է։ «Մնայուն յաղթանակներ եւ ժամանակաւոր պարտութիւններ» խորագրով յօդուածը լոյս տեսաւ Գրական թերթի մէջ 24 յունուար 1964ին, Պարոյր Սեւակի 40րդ տարեդարձին օրը։ «Գունագեղ է եւ տպաւորիչ Պարոյր Սեւակ-սիրահարը, անակնկալ են եւ հարուստ նրա պատկերները, շռայլ է նա ու տաք, ներշնչուած ու ներշնչող: — «Բաց արա դուռդ, օ Սուլամի՜թա, ես քեզ չեմ փնտռել եւ պահակներից չեմ հարցրել քո հասցէն, որը ես չեմ ունեցել եւ չեմ իմացել… Մոլորուած ճանապարհորդի պէս ես հասել եմ քո դրանը եւ հիմա բախում եմ դրսից, երբ քո սիրտը ներսից է բախում, ընդունի՛ր հիւրիդ: — …Սեւ են վարսերդ, սեւՙ ճերմակ կրծքիդ չափ, որն աւելի ճերմակ է Արարատի ձիւնից, որը փրկեց Նոյին, փրկեց ինձ ու քեզ, նաեւ մեր սէրը… Քո կրծքի նման ճերմակ են քո ատամները, մի՛ ժպտա, եթէ պարկեշտ ես…» :
Աղէտալի այս օրերուն հայերս ինքնաքննադատական խորքերու մէջ ծովամոյն եղած ենք, բայց մեր յանցանքը չէ, որ պատուած ենք տաճկութեամբ։ Հակառակ լարուածութեան տարիներու հակադիր պոռթկումներուն, ընդհանրապէս մեր մշակութային եւ նոյնիսկ կուսակցական գործիչները իրենք իրենց մէջ կամուրջները բաց եւ կանգուն պահելու վեհանձնութիւնը ունեցած են՝ Մահարի դաշնակցական Համաստեղի, Արամ Հայկազի եւ Սահակ Բարսեղեանին հետ նամակցած է, ազնիւ նամակագրական կապ պահելով։
Սահակ Բարսեղեանի թոռը՝ Արամ Բարսեղեան, տրուպիս առաջին մանկութեան ընկերն է՝ նախագիտակցական շրջանէն իսկ։ Արդէն Արժանթինի մայրաքաղաքի մեր յաճախած մանկապարտէզին մէջ Արամը գիտէր, որ վանեցիէ սերած էր, եւ հպարտութեամբ ալ կը յայտարարէր՝ Մահարիի խօսքով «հեռաւոր Բուէնոս Այրէսում» իր մանկապարտէզի դասընկերոջ. Արամը, որու անունով իր ընտանիքը կը պատուէր Արամ Մանուկեանի յիշատակը։ Արամ Բարսեղեանի եւ նուաստիս հաղորդակցութեան լեզուն բացառապէս հայերէնն էր՝ բացառութիւն մը արժանթինահայ սպանախօս դպրոցական եւ գաղութային իրականութեան մէջ։ Թերեւս Մահարիի այգեստաններու տակաւին ծխացող կրակամոխիրէն մաս մը եւս մարեցաւ 1976ի մարտ ամսուն, դպրոցական տարուան երկրորդ օրը, երբ նոր անցած էինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ նախակրթարանի երկրորդ դասարանը, եւ Արամ Բարսեղեան (Վասպուրականցի, մահարիական սահմանումով) յօդուածին հեղինակիս ըսաւ, թէ այլեւս իրարու հետ հայերէն պիտի չխօսէինք եւ մեր հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլար կաստիերէն, ինչպէս ալ մնաց ցայսօր։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԵԱՆՔ
Մարկ Նշանեան կ՚ըսէ, թէ Մահարի Սոլժենիցին չէ։ Ո՛չ, չէ։ Մեծամօրուք, Միացեալ Նահանգներու Պաղ Պատերազմի ժամանակ հովանաւորած մեծ ռուս ազգայնամոլին ռուսապոռոտ պատաղ զեղումներուն փոխարէն, Մահարի մեր առջեւ պարզած է Վանի մարդկային կերպարները՝ Նշանեանի մատնանշած բեւեռային եռեակը, իրենց մերկութեամբ։
Չարենց արդէն նահատակուած էր ստալինեան մաքրագործումներուն ժամանակ։ Մահարի պատեհապա՞շտ էր։ Գուցէ՝ վերապրելու ի գին։ Կեանքը անոյշ է, ինչպէս Զապէլ Եսայեան կը վկայէ (Աւերակներուն մէջ) մէջբերելով մոլորուած վերապրողներու վկայութիւնները.
Առհասարակ, կոտորուող գիւղացիներուն մեծ ցաւը սա էր, որ չէին դիմադրած. անձնատուր ըլլալով կարծեր էին, կեանքերնին ազատել, բայց դառն փորձութիւնը ցոյց էր տուեր, թէ ազատուողներն անոնք էին, որոնք զէնքերնին ձեռքերնին մնացած էին:
— Շուարեցանք, չգիտցանք, յանկարծակիի եկանք, կեանքն անոյշ է, ամենէն տդին համար ալ կեանքն անոյշ է՜… կարծեցինք, որ պիտի խնայեն…:
Նախքան Այրուող այգեստաններու տպագրութիւնը, Մահարիի բանավէճը Բագինի խմբագիր Պօղոս Սնապեանի հետ նախապատկերեց գալիք մրրիկները։
Սնապեան վարդամատ նրբութեամբ կը մօտենայ Մահարիին Միջնաբերդի պատասխանին մէջ, յայտնի կերպով ծանր սրտով, նոյնիսկ զարմանքով Մահարիի անզուսպ գրոհին նկատմամբ, քանի գրեթէ ակամայ կերպով հռչակաւոր գրողը զինք ստիպած է պատասխանել Անդրշիրիմեան ձայներ իր գրքով։ Սնապեան հասկցած էր Մահարիի պարագան (եւ գիտենք, որ սառը, Սիպիրի եւ այլուր, կրնայ այրել)։
Հայաստանի ու հայութեան վիճակուած վերջին կէս դարու բոլոր դառնութիւններուն մասնակից մարդն է Մահարին: Ծնած է Վան ու պատմական Հայաստանի պատմական այդ մասին հրդեհումին ու բռնագրաւման ականատես եղած է ան եւ հայրենիքի չափ քաղցր իր երիտասարդութիւնը զոհ տուած է հիւսիսի ցուրտերուն: Պատանութեան թուրքին թրքութիւնը տեսաւ եւ երիտասարդութեան պոլշեւիկներու սիպերիական սահմռկեցուցիչ պարգեւները ապրեցաւ: Իր լափլիզած հայրենիքի այրող յիշատակին եւ հիւսիսի ցուրտերուն ցուրտ յաճախանքին միջեւ կեցած բազմախոց մարդն է այսօր անիկա, ներքնապէս ընկճուած եւ ստեղծագործական նախկին իր կենսունակութիւնը վրայ տուած վիրաւոր անձ մը, որ ապրող էակ մը ըլլալէ աւելի ողբերգութեան մը կենդանի յուշարձան է եւ գրող մը ըլլալէ աւելի` գրականութեան նիւթ մըն է, վէպի մը սրտառուչ հերոսը։
Ուրեմն, այո՛, հայրենի զանգուածը հոգեկան վիճակի մէջ չէր Մահարիի գրական գլուխ գործոցը ընկալելու զուտ գեղարուեստական առումով։ Սակայն, շատ աւելի կարեւոր երէս մը հասկցած էր՝ մեր պատմութեան աղէտին բուն էութիւնը՝ թուրքը, մեր պատմութեան մեծագոյն աղէտը։ Պարոյր Սեւակի յաւերժ սահմանումը ո՛չ միայն յաւերժօրէն այժմէական է, այլ նաեւ յստակ է բոլորիս համար, որ հայոց մեծագոյն թերութիւնը թուրքը իբրեւ դրացի ունենալն է՝ ցեղասպան, իսլամամոլ, օտարատեաց ժողովուրդ մը, որ վեց դարու ընթացքին այդ չարժէքներուն մէջ շաղուած է, եւ անցեալ տարուան Եղեռնի շարունակութիւն հանդիսացող պատերազմին սրեց իր դարաւոր ոճրային մարդասպանական շնորհները։
Իր 1963ին գրուած «Ինքնակենսագրական»ին վերջաւորութեան, Մահարի իր վաթսուն տարուայ կեանքին հաշուեյարդարը կ՚ընէ, որմէ կը զեղչէ վաղ մանկութեան, ըստ իրեն ոչ գիտակցական առաջին եօթը տարիները, ապա որբանոցներու մէջ եւ փողոցը անցուցած միւս եօթը տարիները եւ բանտի ու սիպիրեան ճամբարներու եւ աքսորի տարիները՝ 1936էն մինչեւ 1954։ Մահարիի հաշուով իրեն կը մնար քսանութ տարի։ Այսինքն, մինչեւ այդ պահը իր ապրած կեանքին կէսէն աւելի զրկանքի տարիներ էին։ Այս հաշիւները կ՚ամփոփէր աւելցնելով.
Սակայն եթէ այս րոպէին մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց… մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր.
— Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կ՚ուզէիր ապրել…
Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու.
— Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ապրեցի։
Ահա հայ մտքի գործիչը։ Ահա քաջութեան սահմանումը։
Օգոստոս 2021
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
–Գասպարեան, Դաւիթ, «Այգեստաններիտաք մոխիրները», Հայոց լեզու եւ գրականութիւն, թիւ 7 (94) եւ թիւ 8 (95), 2013։
–Եղիայեան, Արմենակ, «Հայրենի յուշեր», Ազդակ, 26 յունուար 2021։
–Եսայեան, Զապէլ, Աւերակներուն մէջ, Ստանպուլ, 2010։
–Թամրազեան, Հ. Ս., «Եղիշէ Չարենցի«Երկիր Նայիրի» վէպը (ծննդեան 80-ամեակի առթիւ)», Պատմա-բանասիրական հանդէս, թիւ 4, 1977:
–Մահարի Գուրգէն, «Մնայուն յաղթանակներ եւ ժամանակաւոր պարտութիւններ», Գրական թերթ, 24 յունուար 1964։
–Մահարի, Գուրգէն, Այրուող այգեստաններ, Երեւան, 1966:
–Մահարի, Գուրգէն, Երկերի ժողովածու, հատոր 2. Մանկութիւն, Երեւան, 1967։
–Յովհաննիսեան, Նարինէ, «Պատմականութիւնը եւ Գուրգէն Մահարու «Այրուող այգեստաններ» վէպը, Հորիզոն գրական, Յունիս 2021։
–Սնապեան, Պօղոս, Անդրշիրիմեան ձայներ (Պատասխան՝ Գուրգէն Մահարիի), Պէյրութ, 1960:
–Nichanian, Marc, Writers of Disaster, vol. 1: The National Revolution, London and Princeton, 2002.