լեռ կամսար
Լեռ Կամսար - Մարդը գործին մէջէն

ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ — ՄԱՐԴ ՄԸ, ԳՈՐԾ ՄԸ

(ՅԱՂԱԳՍ ՎԱՐՈՒՑ ՄԵԾԱՑ)

Ամիսներ առաջ, Բագին արձագանգեց «Արաս»ի մէկ նոր հրատարակութեան՝ Լեռ Կամսար – Մարդը գործին մէջէն հատընտիր հատորին: Տպաւորիչ իր ծաւալով (մօտ 500 էջ), արտաքին ներկայացումով եւ Աքսորականի գաղտնի օրագիր ենթատիտղոսով, հատորը ճոխացուած է նաեւ «Յաւելուած»ով մը, ուր տեղ կը գրաւեն ուսումնասիրա-կան ծաւալուն ակնարկ մը եւ յարակից այլ նիւթեր: Հատորի ներածական էջը, խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեանի գրիչով, կը բերէ ու կը շեշտէ այնքան ուշագրաւ փաստեր, որ Բագին հարկ համարեց զրոյցով մը հարցապնդել նախաձեռնողները՝ խմբագիր եւ հրատարակիչ («Արաս»էն՝ Սեւան Տէյիրմենճեան

ԲԱԳԻՆ.— Հատորի սկիզբը՝ կը շեշտէք հրատարակութեան մասնայատուկ բնոյթը, ձեւով մը՝ արտասովոր, համեմատած ընթացիկ «Հատընտիր»ի մը պատկերացումին: Կը նշէք Լեռ Կամսարի վաստակին անբաւարար ճանաչումը, կեանքի դժուարութիւնները, գործի պահպանումին եւ հրատարակումին պայմանները…: Ասո՞նք կը հիմնաւորեն ձեր նախաձեռնութիւնը եւ արժեւորումը—խմբագիրի եւ հրատարակիչի տեսանկիւններէն…

Յ.Ք.— Ինչ կը վերաբերի հատորի պատկերացման, կամ անոր նախնական դրդումին, ատիկա ինծի կու գայ բաւական հեռուէն: 90ական տարիներուն, հանդիպեր եմ Լեռ Կամսարէն առաջին էջերու, որոնք կը զանցէին խորհրդային ժամանակներու գրաքննուած իր հրատարակութիւնները (Ոզնիի մէջ, ապա նաեւ պէյրութեան հրատարակութեան մը մէջ՝ «Շիրակ» հրատարակչատունէն): Յիշեմ նաեւ շատ աւելի հին՝ արտատպում մը, 30ականներու Երգիծական ժողովածուի մը մէջ, հրատարակուած Համազգայինի տպարանէն. Չարենցի այլանդակ «նորարարական» էջերը ձաղկող յանդուգն «ֆելիետոն» մը՝ «Իշաբար շարուած ողորմի»ն: Արդէն անսովոր, արժէքաւոր խառնուածքի մը փաստերը…
    Իսկ 2000ական առաջին տասնամեակին, իրարու ետեւէ կը հասնէին Լեռի հարազատներուն՝ Աշոտ որդիին եւ թոռնուհի Վանուհիին կողմէ պահպանուած, խմբագրուած եւ յաջորդաբար հրատարակուած հատորներ: Գլխաւորաբար՝ մասեր իր օրագիրէն, որ արդէն վաստակին կորիզն է: Ինծի համար հիմնական դրդիչ է եղած այդ հատորներէն ցոլացող երգիծաբանի անկրկնելի տաղանդը՝ յենուած մարդկային բացառիկ որակի մը վրայ:
    Մօտէն ուսումնասիրելով Լեռ Կամսարի այս վաստակը, միանգամայն մէջս ծնաւ լուրջ Հատընտիրի մը գաղափարը: Երկրորդական, բայց ոչ անկարեւոր դրդիչ եղաւ դեռ հրատարակուող հատորներէն ընտրելագոյն նիւթեր վերցնելու եւ դասաւորուած հրատարակելու միտքը: Առանց մոռնալու պարտքը՝ Լեռ Կամսարը դասակա՛ն ուղղագրութեամբ հրատարակելու…
    Հիմնական էր տակաւին՝ հրատարակչական շրջանակի մը ապահովումը: Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը, գաղափարակից-հաղորդակից ընկերս՝ Սեւան Տէյիրմենճեանը, որ նոյնպիսի հետաքրքրութիւն եւ արժեւորում ունէր Լեռ Կամսարի կերպարին եւ գործին, կը գտնուէր «Արաս»ի հայկական բաժինի պատասխանատու դիրքի վրայ: Արդէն, «Արաս» եւս, իբր հրատարակչատուն, բնականաբար ունէր եւ ունի իր ընտրանքները, առաջնահերթութիւնները, որոնց մասին…

Ս.Տ.— Հանրութեան մօտ, արդէն շատոնց կրկնուող անուններու գերութեան յանձնուած ըլլալու տպաւորութիւնը ստեղծող մեր գրականութեան՝ Լեռ Կամսարի նման նոր անունի մը ընծայումը հրատարակչատան մը համար որոշ համարձակութիւն մը կը պահանջէր անկասկած։ Հեղինակին անծանօթ ըլլալը սուրին մէկ ծայրն էր, անծանօթ հեղինակի մը հմայքն ու ձգողականութիւնը՝ միւսը։ Բարեբախտաբար, երկրորդը աւելի կը բանի քան առաջինը եւ հետաքրքիրներ կը սկսին կարդալ, ուրիշներ ճանչնալ գրի չարքաշ ու անխոնջ այս սպասաւորին գրականութիւնը։
    Լեռ Կամսարի նկատմամբ մեր՝ ժամանակակիցներուս պարտքը շատ է. որպէս վանեցի՝ ան օր մը չէ օր մը ա՛նպայման պէտք է հրատարակուէր Թուրքիոյ մէջ, երկրորդ՝ սովետական գրաքննութեան ու ամենամեղմ խօսքով եթէ բնութագրենք՝ շրջանին յարմարելու մարմաջն ունեցող մարդուկներու հարուածներուն կուրծք տալով անկոտրում մնացած այս Մարդը հրատարակելը միայն պատիւ կրնար բերել մեր հրատարակչատան։ Հետեւաբար, մեր բարեկամ Յարութիւն Քիւրքճեան, որու հետ նախապէս ալ համագործակցած էինք որոշ հրատարակութիւններու առթիւ, երբ նման առաջարկ մը ներկայացուց, իսկոյն ուզեցինք ընթացք տալ։ Լեռ Կամսարին ծանօթ էի Երեւանի ուսանողական տարիներէս սկսեալ, հատորները հետս Պոլիս բերած էի ու կը թերթէի ատեն-ատեն։ Պոլսահայ մամուլին մէջ ալ մերթ կարելի էր հանդիպիլ Լեռ Կամսարի գրածներուն կամ իրեն վերաբերող յօդուածներու։

ԲԱԳԻՆ.— Այս մօտեցումով՝ փորձութեան ենթակայ չէ՞ք արդեօք՝ Լեռ Կամսարի երգիծաբանական շնորհքը ստորադասելու իր մարդկային արժանիքներուն, որոնք թէեւ անվիճելի, բայց անպայման գրաւականը չեն գրական արժէքի…

Յ.Ք.— Մեծ երգիծաբանի որոշ պատկերացում կայ, որ մասնայատուկ է. յատուկ՝ ինչպէս Պարոնեանի մը, այնպէս ալ Լեռ Կամսարի չափանիշներուն…: Մեծ երգիծաբանը չի կրնար չըլլալ նաեւ վաւերական մարդ, ամբողջական աշխարհայեացքով մը: Եթէ խօսինք առհասարակ գրագէտի մասին, մարդկային վաւերականութիւնը թերեւս նախապայման չէ: Կրնան ըլլալ ու կա՛ն անպայման՝ մարդկային-բարոյական թերութիւններով ծանրաբեռն գրագէտներ: Կրնան նոյնիսկ գտնուիլ որոշ որակի երգիծաբաններ՝ վիճելի մարդկային-բարոյական որակով: Ասոնք, եթէ տեւաբար չեն յաճախուած մաղձոտ հաշուեյարդարներու փորձութեամբ, գոնէ՝ լաւագոյն պարագային՝ Լեռ Կամսարի բառով՝ «հնակարկատ երգիծաբաններ» են, «փոքր» երգիծաբաններ: Մարդկային փոքրութիւնը անկարելի՛ է որ մեծ երգիծանք ստեղծէ: Եւ կը ստանանք «փոքր երգիծաբան» = «փոքր մարդ» հաւասարումը: Մարդկային-բարոյական արժէքը, եթէ բաւարար նախապայման չէ արժէքաւոր երգիծանքի, անհրաժեշտ նախապայման է՛ անպատճառ… Իսկ Լեռ Կամսարի մօտ, երկու այս եզրերը՝ վաւերականութիւն եւ երգիծական շնորհ, հիանալիօրէն կը լրացնեն իրար՝ ստեղծելով առաւելագոյն որակի վաստակ մը: Որ ինքնին կը խօսի, բայց կարծեմ մեր իրականութիւնը բաւարար չափ ու չափանիշ չունի արժեւորելու համար անոր մեծութիւնը:
    «Օրագիր»ի հատուածները միանգամայն կը ցոլացնեն իր հարուստ անհատականութիւնը, աշխարհայեացքը…: Անոնց կողքին, լրացուցիչ գլուխներ կը կազմեն իր բազմաթիւ դիմումները. Սփիւռքէն իրեն հիւր լրագրող Սիմէոն Կիւլոյի սպանութեան թղթածրարը. եւ գլուխ-գործոց թատերակներ, որոնցմէ «Քրիստոսի երկրորդ ծնունդը» կը խտացնէ լեռկամսարեան աշխարհն ու աշխարհայեացքը լրիւ…

ԲԱԳԻՆ.— Համեմատութեան եզր մը գործածելու համար, զինք հաւանօրէն պիտի դնէինք Պարոնեանի՞ մը կողքին…

Յ. Ք.— Այո, անպայմա՛ն: Եւ ի՛նք արդէն ըրած է ատիկա՝ իրեն յատուկ հպարտանքով, համե՛ստ հպարտանք, այսինքն իր արժէքին խոր գիտակցութեամբ: Բազմիցս ան խօսած է Պարոնեանի հետ իր հոգեւոր եղբայրակցութեան, երկուորեակութեա՛ն մասին: Անոր պէս՝ արտաքին հրէշ-հսկայութիւններու դէմ պայքարի ելած, անոր պէս՝ անողոք՝ նաեւ հաւաքական մեր եսին՝ ազգային ամբողջի ախտերուն եւ ի՛ր ժամանակի խորհրդահայ «ջոջեր»ու հանդէպ: Լեռ Կամսարի երգիծանքին հանճարեղ սրութիւնը, մտքի պայծառութիւնը շօշափելի կրնան դառնալ մեզի իր էջերու ուշադիր վայելքին մէջէն: Բայց կարծեմ երբե՛ք բաւարար կարեւորութեամբ պիտի չկարենանք շեշտել, չափել, ըմբռնե՛լ իր քաջութիւնը, մարդկային իր որա՛կը, մեծութեան, վաւերականութեան փա՛ստը…: Ատոր համար, պէտք էր կարենայինք պատկերացնել խորհրդային ժամանակները իրենց ո՛ղջ իրականութեամբ, իրենց ահաւոր ճնշամիջոցներով…: Լեռ Կամսար հալածուեցաւ նախ՝ իր գրչեղբայրներէն («գրչեղբայր» չակերտեալ…), գործազրկուեցաւ: Զինք ողջմտօրէն հովանաւորող մի քանի ղեկավարներու մաքրագործումէն ետք՝ կրեց սիպերիական հիւսիսի տառապանքները… Անսովոր բախտով մը վերապրեցաւ, բայց աքսորը երկար տարիներ շարունակուեցաւ Հայաստանի մէջ: Լռութեան դատապարտուած, հրատարակուած գործերը ոչնչացուած, դիմեց իր պայմաններուն մէջ այնքան վտանգաւոր՝ գաղտուկ «գրել-պահելու» ձեւին…: Բանտի խուցերէն ձեռագիր փախցնելով, աքսորավայրի ընկերներու կռնակը գրասեղան դարձնելով, կամ խոտի դէզերը՝ պաշտպան-թաքստոց. ձեռագիր տետրակները պահելով գետնափոր կճուճներու մէջ… Անվերջանալի է այդ տետրակներու ոդիսականը…: Ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «անապատի արմաւելի, որ չի կրնար պտուղ չտալ, նոյնիսկ եթէ ուտող չըլլայ»: Իրա՛ւ «Մեծ» մըն է. միս-մինակ՝ ահարկու վարչակարգի մը, համակարգի մը դէմ ծառացած. անհատ՝ որ «վախ է ներշնչում պետութիւններին», որ «արքաների հետ խօսում է «դու»ով, եւ եթէ լսող չկայ՝ «մէկ է՝ չի լռի, կը խօսի նոյնիսկ իրեն կօշկի հետ»…: Եթէ պատկանէր մեծ-մեծապետական ազգի մը, վստահ՝ աշխարհահռչակ անուն կը դառնար—Փասթերնաք մը, Սոլժենիցին մը…: Ա՛յդ տարողութեամբ լիցքի տէր է լեռկամսարեան աշխարհը…: Ասոր համար «Արաս», հաւատարիմ իր աւանդութեան, լայն բացաւ իր էջերը՝ «Յաւելուած»ով մըն ալ սատարելու այս ցուցահանումին—գոնէ յաչս հայութեան…

Ս. Տ.— Նման զուգահեռական մը երկու անուններու միջեւ, հակառակ յետսագոյնին կատարած նշումին (չենք գիտեր անշուշտ, թէ Պարոնեան ի՛նչ պիտի ըսէր, եթէ Կամսարէն ետք ծնած ըլլար), որոշ վերապահութեամբ կ՚ընդունիմ։ Երգիծանքը մանաւանդ ունի տեղական երանգ ու երակ։ Գրասէր ու հանրային կեանք հետապնդող պոլսեցիի մը համար Պարոնեան եզակի անուն մըն է, ինչպէս, վստահաբար, սովետական նախկին քաղաքացիի մը համար է՛ Լեռ Կամսարը։ Անոնք անկասկած կը նոյնանան իրենց այս եզակիութեամբ։ Պարոնեանը պոլսեցիի մը նման ընկալելու համար որոշ ջանք մը թերեւս պահանջուի ուրիշներէ, ինչպէս Լեռ Կամսարը լիիրաւ կերպով, իր բոլոր նրբութիւններով հանդերձ մենք մեզի հասկնալի կրնանք դարձնել գիտելիքներու կամ լեզուային որոշ պաշար մը սերտելէ ետք միայն։ Երգիծանքը հանրօրէն մատչելի պէտք է ըլլայ, այո՛, ուրեմն սփռուած հանրութեան մը երգիծանքն ալ հարուստ երանգներ կը պարունակէ։ Մեզի կը մնայ թափանցել կարենալը…

ԲԱԳԻՆ.— Այսպիսի պայմաններու մէջ պահպանուած, յետ մահու հրատարակուած ձեռագիրներ հաւանաբար հարցեր ստեղծած են հրատարակութեան պատրաստողներուն համար…

Ս.Տ.— Բարեբախտաբար գործ ունէինք նախապէս տպագրեալ ձեռագիրներու հետ։ Իրականութեան մէջ, Լեռ Կամսարի յետնորդներուն, յատկապէս տիկին Վանուհի Թովմասեանի՝ իր մեծ հօր ժառանգութիւնը հրատարակելու ու զայն հանրայնացնելու ուղղութեամբ տարած աշխատանքին ցոլացումն է այս հատորը։ Հիմք ընդունելով մեր հատորին մէջ իսկ տպագրուած Յարութիւն Քիւրքճեանի մէկ հրապարակումը, որ մեզ կը հաստատէր մեր համոզումին մէջ, հատորը ամբողջութեամբ տպագրեցինք դասական ուղղագրութեամբ։ Արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն երբեմն իրար խառնուած էին. պահեցինք նոյնութեամբ։ Ապա, Սովետական Հայաստան փոխադրուած հեղինակներու պարագային յաճախ կը պատահին լեզուական նման զանցումներ. ինչ որ տեղ-տեղ հաճելի թուին թերեւս, սակայն կը դժուարացնեն խմբագիրին աշխատանքը, որ ամէն ինչ կանոնաւորելու մոլուցքը կ՚ունենայ շատ անգամ։ Եղան պահեր, երբ լռելեայն փափաքեցայ տեսնել ձեռագիրը, բայց այս պարագային հեռաւորութիւնը, արդէն իսկ ուշացած հրատարակութիւն մը չուշացնելու պարտադրանքը զսպեցին զիս. տիկին Թովմասեանի մինչ այդ կատարած աշխատանքին հանդէպ մեր ունեցած վստահութիւնն ալ ազդակ մըն էր անշուշտ զանցառելու նման փափաքներ։

Յ. Ք.—«Արաս»ը, ինչպէս Սեւանը կրնայ ճշդել իրաւամբ, միշտ պահանջկոտ է եղած ե՛ւ հրատարակելի գործերու ընտրութեան յղացքին, ե՛ւ լեզուական կանոնաւորութեան, միաձեւութեան ձգտումի մէջ: Ու ներկայ Հատընտիրի պարագային ալ չէր կրնար տարբեր ըլլալ: Բայց կ’արժէ աւելցնել, որ Լեռ Կամսարի հարազատները իրե՛նք՝ նախ եւ առաջ գտնուած են բազմապիսի նմանօրինակ դժուարութիւններուն առջեւ: Վանուհի Թովմասեան տաժանագին աշխատանք տարեր է՝ յանուն լեզուական որոշ միաձեւութեան—երեւանեան հրատարակութիւններուն մէջ:
    Լեռ Կամսարի հատորներու լեզուն՝ մեծ մասամբ արեւմտահայերէն է, գոնէ մինչեւ բաւական առաջացած թուական մը. բայց անոր խառնուած են, այո՛, վարժութեան բերմամբ գործածուող արեւելահայերէն ըսելաձեւեր-գրելաձեւեր…: Առանց մոռնալու դեռ՝ երեւանեան այդ բոլոր հրատարակութիւններուն աբեղեանասեւակեան «ուղղագրութիւն»ը, որ հրատարակիչ հարազատները որդեգրեր են՝ նկատի առած հայրենիքի մէջ տիրող ֆանաթիք նեղմտութիւնը այս հարցին շուրջ: Այլ հարց, որ Լեռ Կամսար ինք՝ բուռն հակառակորդն էր անոր, եւ այնքան անգթօրէն ծաղրած է զայն ե՛ւ օրագիրին մէջ, ե՛ւ նորայայտ, անստորագիր այն յօդուածին, որմով կը բացուի Հատընտիրին յաւելուածը…
    Նորայայտ այս գրութեամբ, ինչպէս իր ամբողջ գործով, Լեռ Կամսար անգամ մը եւս կը դիրքորոշուի ի նպաստ վաւերականին, լրջագոյնին, Արժէքին: Արդէն, բարոյական մեծութեան այս գիծն է, որ զինք այդքան անսպասելիօրէն կը կապէ Պարոնեանի, անդին պարագայական ամէն մանրամասնութենէ: Իրարմէ անջրպետուած՝ ժամանակով, ընկերա-քաղաքական, քաղաքակրթական պայմաններով,- բայց եւ այնպէս անոնք կապուած, հարազատուած են իրարու անդարձօրէն՝ իրենց խոր հաւատարմութեամբը հանդէպ բարոյական գերագոյն արժէքներու, մարդկային արժէքներու—իրենց կեանքէն իսկ գերադասուող հաւատարմութեամբ մը…