1953-ին Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ ԼԵՄ ստորագրութեամբ յօդուած մը կ՚անդրադառնար 1930-ական թուականներու Հայաստանի մտաւորականութեան դէմ բռնաճնշումներուն։ Հեղինակը՝ Բ. Աշխարհամարտի խորհրդահայ ռազմագերիներէն Լեւոն Մկրտչեանը (բուն անունով՝ Լեւոն Քարտաշեան, 1919-1998),[1]Տե՛ս Բախտիար Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների բառարան, Երեւան, 2005, էջ 187, 753։ Միւնիխ հաստատուած ու խորհրդային հարցերու վերլուծաբան դարձած էր, իսկ 1960- 1990-ական թուականներուն նաեւ «Բագին»ի մնայուն աշխատակից պիտի ըլլար։ Ան ի միջի այլոց կը գրէր.
«Հայկական մշակութային հիմերը քանդելու որեւէ միջամտութիւն ընդդիմութեան էր հանդիպում։ Յայտնի է, որ 1932 թ. աշնան, ոմն Լ. Եաղուբեան հայկական տառերի լատինացման ծրագիրն էր յղացել եւ արդէն յօրինել էր նոր տառաձեւերը։ (Այդ առթիւ նոյնիսկ ակադ. Մառի Լենինգրադից գրաւոր կերպով յայտնած կարծիքը հրատարակուեց թերթում)։ Թերթերում յատուկ սիւնակներ էին յատկացւում նոր տառերով տպուած նիւթերին։ Ահագին քանակութեամբ բրոշիւրներ լոյս տեսան հայալատին տառերով։ Պէտք կա՞յ ասելու, թէ ի՞նչ էր նշանակում այդ։ Բայց հետեւանք չունեցաւ այդ եւ մոռացութեան տրուեց»։[2]ԼԵՄ , 1936-1938 Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան ամբողջական ջարդը, «Հայրենիք ամսագիր, Յունիս 1953, էջ 36։
Այս տուեալներուն հաւաստիութիւնն ու անոնց պատմական շրջագիծը բացայայտելու համար պէտք է 1920-ական թուականները երթալ։
4 Մարտ 1922-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրամանագրով հաստատուած «նոր» կամ «բարեփոխուած» ուղղագրութեան հիմքը հանդիսացած էր Մարտ 1921-ին ներկայացուած ծանօթ հայերէնագէտ Մանուկ Աբեղեանի նախագիծը, որ իւրացուած էր Լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսար (1921-1922) Պօղոս Մակինցեանի առաջադրանքով, առանց Աբեղեանի կամ յատկապէս կազմուած յանձնաժողովին վերջնական հաւանութեան։ «Նոր» ուղղագրութիւնը Օգոստոս 1940-ին կը դառնար մերօրեայ հայաստանեան ուղղագրութիւնը, որ յաճախ սխալմամբ կամ դիտմամբ «արեւելահայերէնի ուղղագրութիւն» կը կոչուի։
Ուղղագրութեան հրամանագրի ներածականին մէջ, Մակինցեան կը բանաձեւէր «ժողովրդական լայն խաւերի համար գրականութեան ուսումը հեշտացնելու, ընդհանուր կրթութիւնը բարձրացնելու եւ դպրոցն ուղղագրութիւն սովորելիս գործ դրած անպէտք եւ ապարդիւն ժամավաճառութիւնից եւ աշխատանքից ազատելու նպատակը»,[3]Մէջբերումը տե՛ս Մ. Աբեղեան, Ուղղագրութեան ռեֆորմը, Երեւան, 1925, էջ 112։ որ երեւութական էր միայն։ Արդարեւ, Օգոստոս 1919-ի ոչ-ռուսախօս ազգերու կրթական գործիչներու համառուսական առաջին խորհրդակցութեան, ան առաջարկած էր լատինական տառերու որդեգրումը՝ խորհրդային ժողովուրդներու մերձեցումին սատարելու համար։ 1924-ի վերջերուն, Մակինցեան 1919-ի իր առաջարկին եւ 1922-ի որոշումին տրամաբանութիւնը կը բացատրէր հետեւեալ ձեւով.
«Հայերէնի ուղղագրութեան ռէֆորմն այս սկզբունքով թէ “գրիր ինչպէս արտասանում են”՝ հնարաւոր կը դարձնէ նաեւ այբուբենի, գրի ռէֆորմը։ (. . .) Անձնապէս ես ոչ մի դէպքում ոչ միայն ձայն չէի տայ այդ ռէֆորմին, այլ եւ չէի առաջարկի ժող. Կոմ. Խորհրդի քննութեան, եթէ նրան չհամարէի մի աստիճան՝ դէպի լատինական գիրը անցնելու գործը դիւրացնելու համար։
(…) Խորհրդային իշխանութեան Հայաստանում հաստատուելու չորրորդ տարեդարձի օրը, երբ մենք վերյիշում ենք մեր աջողութիւնները զանազան ճակատներում՝ մեր տօնը ամենեւին մթագնած չենք լինի խոստովանելով պայմանական անաջողութիւնը ուղղագրութեան ռէֆորմի գործում։ Պայմանական ենք կոչում այս անաջողութիւն[ը] այն պատճառով, որ լատինական գրի անցնելու ժամանակ՝ այժմեան ուղղագրութիւնը կարող կը լինենք համարել իբրեւ անցողական աստիճան։
(…) Խորհրդային իշխանութեան Հայաստանում հաստատուելու չորրորդ տարեդարձին Հայաստ. լուսժողկոմը պէտք է հերթական դարձնէ ռէֆորմը շարունակելու խնդիրը։ Պէտք է ստեղծել նոր գրեր եւ պէտք է թոյլ տալ այնուհետեւ հեղինակներին՝ տպել հայերէն կամ լատիներէն գրերով ըստ իրենց կամքի, ինչպէս լինում է ներկայումս Ադրբէյջանում»։ [4]Պ. Մակինցեան, Լատինական գրի մասին, «Մարտակոչ», 5 Դեկտեմբեր 1924։ Յօդուածը նախա-
պէս ռուսերէն հրատարակուած էր … Continue reading
Մակինցեանի յօդուածը հայերէնի թարգմանելով, հայագէտ Ստեփան Մալխասեան ընդարձակ քննադատականով մը կ՚անդրադառնար նաեւ լատինական այբուբենի հարցին ու ցոյց կու տար անոր կատարեալ անբաւարարութիւնը՝ հայերէնի հնչիւնները ճշգրտօրէն արտայայտելու։ Ան համամիտ կ՚ըլլար հայագիր կամ լատինագիր հրատարակութիւններ ընելու Մակինցեանի առաջարկին, պայմանաւ որ կատարուէին առանց մէկուն կամ միւսին յատուկ հովանաւորութեան։ Մալխասեան կ՚եզրակացնէր, թէ հայերէն գիրը յաղթական կը դառնար, իսկ փորձին հետեւանքը կ՚ըլլար քանի մը տասնեակ հազար ռուբլիի աւելորդ ծախս եւ քանի մը լատինատառ գիրք, «որոնք իբրեւ հազուագիւտ նմոյշներ կը պահուեն գրադարաններում եւ մեր յետնորդներին կը յիշեցնեն մեր ուղղագրական այժմեան վերապրումներն ու որոնումները»։[5]Ստ. Մալխասեան, Լեզուային հարցեր, «Մարտակոչ», 9, 19 եւ 24 Դեկտեմբեր 1924։ «Ապագայ»ի մէջ, Հրաչ Երուանդ կը գրէր, թէ Մակինցեան «իր առաջարկը ծառայեցուցած է ռազմավարական նահանջի մը նոր ուղղագրութենէն»[6]Հրաչ Երուանդ, Պատուաբեր եւ անհրաժեշտ նահանջը, «Ապագայ», 3 Յունուար 1925։ եւ թէ լատինական տառերու ընդունումը «անկարելիութենէն ոչինչով նուազ բան մըն է»։[7]Հրաչ Երուանդ, Պատուաբեր եւ անհրաժեշտ նահանջը, «Ապագայ», 10 Յունուար 1925։ Պատասխանելով Մալխասեանին, Մակինցեան կը հերքէր ամէն նահանջ. «Մենք պէտք է ամենակտրուկ կերպով յայտարարենք, որ մեր ուղղագրութեան ռէֆորմը նկատել ենք մի քայլ, որ դիւրացնում է անցումը լատինական գրերի։ Մենք ոչ մի դէպքում համաձայն չենք յետ գնալու կամ մերձենալու հին ուղղագրութեան։ Ընդհակառակը, մենք ջերմ պաշտպան ենք շարունակելու մեր ուղղագրութեան ռէֆորմի գործը, վերջնականապէս նախապատրաստելու հայերէն տգեղ, քառակուսի, աչքի համար վնասակար եւ եւրոպական կուլտուրայից մեզ անջատող գրերի վերացումը եւ լատինական գրերի գործածութիւնը»։[8]Մէջբերումը տե՛ս Լատինական այբուբենի մասին, «Արձագանգ Փարիզի», 15 Փետրուար 1925։ Պատասխանը լոյս տեսած էր … Continue reading «Բազմավէպ»-ի խմբագրական մը, յիշելով նոր ուղղագրութիւնը վերաքննող յանձնախումբի մը կազմութեան լուրը, կը յայտնէր, թէ «Խորհ. Հայաստանի Վարիչները “լաւագոյն” միջոցը գտեր են… լատինական տառերու կիրարկումը՝ փոխանակ հայ տառերու!!…»։[9]Ուր լեզու անդ հայրենիք, «Բազմավէպ» , Յունուար 1925, էջ 2։
1925-ին, նախագահելով Մ. Ս. Դաւիթ Բէկի նոր ուղղագրութեան վերաբերեալ մէկ դասախօսութեան Փարիզի մէջ, նշանաւոր լեզուաբան ու հայերէնագէտ Անթուան Մէյէն կը բացատրէր, ի միջի այլոց, «լատիներէն այբուբէնի [sic] ընդունումէն առաջ գալիք աղետալի [sic] հետեւանքները, ազգային տեսակէտով»։[10]Փարիզեան կեանք, «Արձագանգ Փարիզի» , 1 Մարտ 1925։ 1926-ին, Պետրոս Տօնապետեան կը գրէր «Նոր Երկիր»-ի մէջ, թէ «այսպէս է վարուած Երեւանի Գիտութեանց եւ Գեղարուեստից Կաճառի նախագահը, այսպէս նաեւ կը ձգտին վարուիլ ուրիշ մի խումբ անլեզուագէտ հայ լեզուաբաններ յեղաշրջութեան այդ աշխարհին մէջ։ Դոքա կ[‘]ուզեն թաղել բոլորովին հայ այբուբենը եւ հայ լեզուն ձայնագրել լատինական այբուբենով»։[11]Պ. Տօնապետեան, Ուղղագրութեան ճակատագիրը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, «Նոր երկիր», 26 Դեկտեմբեր 1926։ Խօսքը 1925-ին … Continue reading
Մակինցեանի լատինական այբուբենի անցնելու գաղափարը մեկուսի նախաձեռնութիւն մը չէր, ինչ որ կը հերքէ այն տեսակէտը, թէ «լատիներէն տառերին անցնելու միտքը մի ուրուական է, որ ծնուել է մի մարդու մէջ ու նրա հետ չքացել»։[12]Պ. Ե. Շարաբխանեան, Հայերէնի ուղղագրութեան հարցերը, «Պատմաբանասիրական հանդէս», 2, 1990, էջ 96։ Փարիզաբնակ գրագէտ Կարէն Սիմոնեան ներկայացուցած է 1919-էն մինչեւ 1930-ական թուականները գրուած խորհրդային փաստաթուղթերու շարք մը։ Անոնց ընդմէջէն կը յայտնուի ծրագրի մը գոյութիւնը, որ ուղղուած էր ռուսերէնի եւ, լայն իմաստով, խորհրդային այլ լեզուներու այբուբեններու լատինացումը ապահովելու եւ պարտադրելու։ Ան կը մեկնէր Լենինի «նախապէս բռնաճնշուած ազգութիւններու լեզուներու ու գրականութիւններու զարգացումի առաջադրանքէն, որ ռուսերէնի պարտաւորիչ կիրարկումը բացայայտօրէն կ՚արգիլէր,[13]Isabelle T. Kreindler, “A Second Missed Opportunity: Russian in Retreat as a Global Language”, International Political Science Review, 3, 1993, p.259. ուղղուած էր ռուսերէնի եւ, լայն իմաստով, խորհրդային այլ լեզուներու այբուբեններու լատինացումը ապահովելու եւ պարտադրելու։ Սկզբնական նպատակն էր այբբենական միօրինականացումով սատարել տարբեր ժողովուրդներու համաձուլումին, զանոնք նախապատրաստելով Լեւ Թրոցկիի ու իր համախոհներուն «համաշխարհային յեղափոխութեան» գաղափարի իրագործումին։ Լատինական այբուբենը Եւրոպայի՝ ապագայ յեղափոխութեան գլխաւոր վայրին մշակութային հիմքը ըլլալով, պրոլետարական դաշինքի իրագործումը աւելի պիտի դիւրանար, միաժամանակ միացեալ խորհրդային ժողովուրդը արմատախիլ ընելով իր մշակութային անցեալէն։ Մայիս 1922-ին (այսինքն՝ հայերէնի «բարեփոխուած» ուղղագրութեան հրամանագրումէն երկու ամիս ետք) ազգութիւններու այբուբենի բարեփոխումի յանձնաժողով մը ստեղծուած էր։ 1922-1923-ին լատինական այբուբենը Ատրպէյճան մուծելու առաջարկներ արդէն կը քննարկուէին Մոսկուայի Արեւելագիտական հիմնարկին (ինստիտուտ) կողմէ։[14]William Fierman, Language Planning and National Development: The Uzbek Experience, Berlin and New York, 1991, p. 218. Իր գոյութեան առաջին տասնամեակին, խորհրդային վարչակարգը կը լատինացնէր բոլոր բնիկ լեզուներու այբուբենները, բացառութեամբ սլաւական մեծ լեզուներուն (ռուսերէն, ուքրաներէն եւ բելառուսերէն), հայերէնին ու վրացերէնին։ 1927-1933-ին լատինական այբուբեններ մշակուեցան շուրջ 30 փոքր ազգութիւններու այբուբեն չունեցող լեզուներու համար։[15]Michael G. Smith, Language and Power in the Creation of the USSR, 1917-1953, Berlin and New York, 1998, p. 133. 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան, խորհրդային երկկողմանի քաղաքականութիւնը կը ձգտէր անգրագիտութեան վերացումին՝ տեղական այբուբենները փոխարինելով լատինական գիրով, եւ բովանդակութեան վերացումին՝ զուտ «սոցիալիստական» բովանդակութեամբ նիւթեր հրամցնելով գրել-կարդալ սորվող բազմութիւններուն, որոնք հին, մէկդի ձգուած այբուբեններով գրուած «բուրժուա-կրօնական» նիւթերու ծանօթանալու հնարաւորութենէն զուրկ կը մնային արդէն։[16]Zeev Levin, Collectivization and Social Engineering: Soviet Administration and the Jews of Uzbekistan, 1917-1939, Leiden and Boston, 2015, p. 190.
1929-1930-ին պիտի սաստկանար կիւրեղեան գիրերու դէմ յարձակումը՝ լատինական գիրերու կողմնակից «միջազգայնական»ներու կողմէ։ Նոյեմբեր Դեկտեմբեր 1929-ին, Գիտութեան Գլխաւոր Վարչութեան (Գլխգիտութիւն) լատինացումի ենթայանձնախումբի նիստերէն մէկուն, կովկասեան լեզուներու մասնագէտ Ն. Տ. Եակովլեւ կը ներկայացնէր շարք մը դրոյթներ, որոնցմէ եօթներորդը կը յայտնէր.
«Ռուսական այբուբենը ներկայիս ո՛չ միայն գաղափարականօրէն օտար է ընկերվարական շինարարութեան, այլ նաեւ գլխաւոր արգելքն է թէ՛ ուրիշ ազգային այբուբեններու (եբրայական, հայկական, վրացական) եւ թէ՛ ուրիշ կիւրեղեան այբուբեններու (պելառուսական, ուքրանական, արեւելեան ֆինլանտական եւ ուրիշներ) լատինացումին»։[17]Տե՛ս Terry Martin, The Affirmative Action Empire: Nations and Nationalism in the Soviet Union, 1923-1939, Ithaca (NY), 2001, p. 196-197։
Խորհրդային Միութեան լուսաւորութեան կոմիսար (1929-1937) ու յետագային ստալինեան մաքրագործումի զոհ Անդրէյ Բուբնովը (1883-1938) 16 Յունուար 1930-ին Ստալինին կը ներկայացնէր մաքրագործումի ապագայ ուրիշ զոհի մը՝ Գլխգիտութեան վարիչ Իւան Լուպպոլի (1896-1943)[18]Ի. Լուպպոլ՝ գրականութեան պատմաբան ու փիլիսոփայ, Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ էր 1933-ին։ 1935-ին … Continue reading ստորագրութեամբ զեկոյցը՝ ուղղագրութեան բարեփոխումի աւարտին եւ ռուսական այբուբենը լատինացնելու խնդրին մասին։ Վերջինին ակնարկելով, կ՚ըսուէր, թէ «մասնաւորապէս այս գործի նկատմամբ շահագրգռուած է տպագրական արդիւնաբերութիւնը, որի ներկայացուցիչները տուել են հնարաւոր տնտեսման նախնական հաշուարկները։ Միայն “и”-ից “ւ”-ի անցնելը պէտք է տարեկան 4 միլիոն ռուբլու խնայողութիւն տայ, այդ թւում՝ 1 միլիոն ռուբլի՝ տարադրամով (գունաւոր մետաղներ)»։ [19]Կարէն Ա. Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից մի քանիսը, Երեւան, 2003, էջ 25։
Սակայն, 1925-ին յայտարարուած «ընկերվարութիւն մէկ երկրի մէջ» քաղաքականութիւնը շուտով համաշխարհային յեղափոխութեան ուղղութեան տեղը պիտի առնէր։ Համամիութենական Կեդրոնական Կոմիտէի քաղբիւրոն, որուն քարտուղարը Ստալինն էր, 25 Յունուար 1930-ի իր նիստին կ՚որոշէր «Գլխգիտութեան առաջարկել դադարեցնել ռուսական այբուբենի լատինականացումի աշխատանքը»,[20]Անդ, էջ 28։ Տե՛ս նաեւ Martin, The Affirmative Action Empire, բ. 198։ իսկ 5 Փետրուարին Գլխգիտութիւնը քաղբիւրոյին կը հաղորդէր, թէ լատինացումի յանձնաժողովը լուծարուած էր ու մամուլին դիմում եղած՝ լատինացումի հետ կապուած յօդուածներ չհրատարակելու, որոնք «գնացել են ոչ թէ Գլխգիտութիւնից, այլ Յանձնաժողովի առանձին անդամներից»։[21]Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ 28-29։
Ըստ երեւոյթին, այս որոշումը անմիջապէս գործադրուած չէ։ 1930-1931-ին տակաւին յօգուտ լատինացումի ձայներ կը բարձրանային, որոնց շարքին էր անոր առաջին ջատագովներէն մէկը՝ Լուսաւորութեան երբեմնի կոմիսար Անատոլի Լունաչարսկին։ 1930-ին, Նոր Թրքական Այբուբենի Համամիութենական Կեդրոնական Կոմիտէի (ВЦКНТА) ամսագրին մէջ, ան կը յիշատակէր Լենինի այն համոզումը, թէ ի վերջոյ ռուսերէնը լատինական գիրին պիտի անցնէր։ Նոյն թուականին, այդ կազմակերպութեան չորրորդ լիագումար նիստին որոշումը լատինական այբուբենը «Հոկտեմբերի այբուբենը» կը հռչակէր։[22]Fierman, Language Planning and National Development, p. 133-134.
Այդ ծիրին մէջ պէտք է դիտել Լ. Եաղուբեանի վերոյիշեալ ծրագիրը, որ ըստ երեւոյթին, իսկապէս 1932-ին յղացուած էր։[23]Հմմտ. Vladimir Mikhajlovich Alpatov, “Scripts and Politics in the USSR,” Studi Slavistici, XIV, 2017, p. 12։ Լեւոն Եաղուբեան՝ իբրեւ պետական տպարանի տնօրէն,[24]Պատրիկ Սարոյեան, «Անմոռանալի յուշեր», տե՛ս Դաւիթ Գասպարեան (կազմող), Չարենցի հետ (ուշեր), Երեւան, 1997, էջ 124։ 1924-ին լուսժողկոմ Ասքանազ Մռաւեանի կողմէ նախաձեռնուած հայերէն տառերու ձեւափոխումի յանձնաժողովի մը մաս կը կազմէր՝ Ստեփան Լիսիցեանի, Յակոբ Կոջոյեանի, Ա. Տէր-Յարութիւնեանի եւ Մ. էփրիկեանի հետ,[25]Հայաստանի լորեր, «Ապագայ», 17 Յունուար 1925 (Կոջոյեանի անունը դարձած է «Անջոյեան», եւ կը պակսի էփրիկեանի … Continue reading որ շօշափելի արդիւնքի հասած չէր, ինչպէս եւ 1926-1927-ին գործած ՀՍԽՀ Գիտութեան եւ Արուեստի ինստիտուտին կից ուղղագրութեան եւ տառերու բարեփոխութեան 11 հոգինոց յանձնաժողովը, որ հաշուետու գիրք մը հրատարակած էր 1927-ին։ 1933-ին «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթի խմբագրութիւնը կը նշէր, թէ «մեր շրիֆտի [տպատառի. Վ.Մ.] բարեփոխութեան (…) կարեւոր գործի վրայ կուսակցութեան ԿԿ-ի յանձնարարութեամբ աշխատում է ընկ. Լ. Եաղուբեանը, որը մի շարք ընկերների եւ կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ հասել է արդէն որոշ շօշափելի արդիւնքի»։[26]Խմբագրութեան կողմից, «Խորհրդային Հայաստան», 30 Մարտ 1933։
Խմբագրական նախաբանը կը ներկայացնէր Լ. Մկրտչեանի կողմէ յիշուած՝ կարկառուն լեզուաբան ու կովկասագէտ Նիկոլայ Մառի (1864-1934) Յունուար 1933-ի նամակը։ Ան կը յայտնէր, թէ «հայկական տառերի տեխնիկական լատինացման այն ուրուագիծը, որը յանձնուել է ինձ ի քննութիւն, մեծ նուաճում է հեղինակի առաջադրած խնդրի սահմաններում», աւելցնելով, որ «ընդհանուր դիալեկտիկ մօտեցում է ցուցաբերւում գրութեան լատինացման եւ ունիֆիկացման պրոբլեմի լուծմանը, որն անխուսափելի է քանակապէս ու որակապէս բազմապիսի լեզուներ ունեցող ԽՍՀՄ-ի սահմաններում»։[27]«Ակադեմիկոս Ն. Մառը շրիֆտի բարեփոխութեան մասին», Խորհրդային Հայաստան, 30 Մարտ 1933։ Մառի գրութիւնը տպուած էր թէ՛ բարեփոխուած եւ թէ՛ սովորական տպատառերով՝ բաղդատութեան կարելիութիւնը տալու եւ տեղի խնայողութիւնը ցուցնելու համար։ Անոր հետեւող Եաղուբեանի յօդուածը կը պատճառաբանէր, թէ նոր մշակուած տառերը մեծ խնայողութիւն պիտի բերէին հրատարակչատուներուն (70 առ հարիւր) ու թերթերուն (միայն «Խորհրդային Հայաստան»-ը 35-40 առ հարիւրի կորուստ ունէր)։ Ըստ յօդուածագրին, հինգ սկզբունքներ գործադրուած էին՝ տառերուն պատկերը չփոխել (ինչ որ, ի դէպ, ճիշդ չէր), տառերը լայնցընել, պոչերը հանել, ա-ի երեք մատները մէկի վերածել, եւ յատուկ գլխագրերը վերցնել։[28]Լ . Եաղուբեան, Մեր տպագրական շրիֆտը բարելաւելու հարցը, «Խորհրդային Հայաստան», 30 Մարտ 1933։
«Ապագայ» լուրը կու տար, նաեւ տպելով Մառի գրութիւնը նոր տառերով։[29]«Հայերէն տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 15 Ապրիլ 1933. «Նոր հայերէն տառերու երկու նմոյշներ», անդ։ Յաջորդական … Continue reading Անոր խմբագրականը լռութեամբ կ՚անցնէր լատինացումի հարցին վրայէն եւ կը գոհանար ողջունելով Հայաստանի վարիչներուն շրջահայեցութիւնը «այսպիսի համազգային բնոյթ ունեցող հարցի մը լուծման համար» ու կոչ ուղղելով առաջարկներ ներկայացնելու։[30]«Հայերէն տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 15 Ապրիլ 1933 (խմբագրական)։ Նոյն թերթին մէջ, Արշակ Չօպանեանը անյաջող կը նկատէր Եաղուբեանի տառերը, որոնց տեսքը «մասամբ ռուսական, մասամբ վրացական տառերու տպաւորութիւնը կը թողու աւելի քան լատինաձեւ հայկականի»։[31]Ա. Չօպանեան, «Հայ տպագրական տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 29 Ապրիլ 1933։ «Յառաջ»փ լրատուութիւնը կը նշէր, որ «գէշ ուղղագրութիւն մը տալէ յետոյ, ահա Երեւան կու տայ գէշ տառերու նմոյշ մըն ալ»։ Յիշելէ ետք Եաղուբեանի պատճառաբանութիւններն ու Մառի նամակը, թերթը կ՚եզրակացնէր. «Ինչ որ ալ ըսուի, առաջարկուած նոր տառերը երբեք նպատակայարմար չեն, ոչ իսկ լատինացուած»։[32]«Հայկական տառերն ալ», Յառաջ, 6 Մայիս 1933։ Եաղուբեանի յօդուածը վերատպուած է քանի մը օր ետք («Հայկական տառերը … Continue reading Շաւարշ Սիսաքեանի խմբագրականը կը յայտնէր՝ արձագանգելով Չօպանեանին, թէ առաջարկուող նմոյշը «հեռաւոր կապ անգամ չունի լատիներէնի հետ, եւ աւելի շատ կը նմանի ռուսական, մանաւանդ վրացական տառերու», դիտել տալով, որ «հոգեբանական այս պահուն, եւ այս ցիրուցան վիճակին մէջ, ամենէն բարեմիտ բարեփոխումն ալ կրնայ յանգիլ չարափոխման, անմիտ եւ անճոռնի նորաբանութեան մը», եւ որ «տառերու “բարեփոխումն” ալ, ինչպէս ուղղագրութեան “բարեփոխումը”, ամէն բանէ առաջ պիտի ծառայէ կտրելու կապը՝ անցեալին հետ, Հայաստանի եւ գաղութներուն միջեւ(…)»։[33]Շ., «Տառերու “բարեփոխումը”», Յառաջ, 11 Մայիս 1933։ Կապերու խզումին մասին, տե՛ս նաեւ Հ. Արիս Վարդանեան, «Հայ … Continue reading Երկրորդ խմբագրական մը կը զարգաց նէր այն միտքը, որ «թէ ուղղագրութեան եւ թէ տառերու փոփոխութիւնը մաս կը կազմեն ընդհանուր ծրագրի մը, որ կրնայ կոչուիլ ռուսացում, թէ ձեւով եւ թէ ներքին բովանդակութեամբ»։[34]Շ., «Բարեփոխո՞ւմ թէ ռուսացում», Յառաջ, 16 Մայիս 1933։ «Ապագայ» կ՚արտատպէր Մալխասեանի՝ Թիֆլիսի «Պրոլետար» օրաթերթին կողմէ տպուած յօդուածին եզրակացութիւները։ Ընդհանուր ձեւով դրական վերաբերելով Եաղուբեանի տառերուն, հեղինակը կը փորձէր մեղմացնել եզրաբանութիւնը, յայտնելով, թէ «լատինացում» բառին օգտագործումը ճիշդ չէր, քանի որ բարեփոխութիւնը կը հետեւէր «լատինական այն տառերին, որ արդէն բարեփոխուած էին դարերի ընթացքում եւրոպական ազգերի ձեռքով»։[35]«Հայ տպագրական տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 5 Յուլիս 1933։ Ծանօթագրութեան մէջ, խմբագրութիւնը առիթը … Continue reading
«Կեանք եւ արուեստ» տարեգիրքի (1934) խմբագրական կարճ նշմար մը կը յուշէր, թէ խնդրին քննութիւնը բաւական մելան հոսեցուցած էր մամուլին մէջ, իսկ լատինական տառերը որդեգրելու տեսակէտը գրեթէ ո՛չ մէկ պաշտպան գտած էր։[36]«Հայկական տառերը փոխելու հարց», Կեանք եւ արուեստ տարեգիրք, Դ. հատոր, 1934, էջ 113։
Երեւանի մէջ, Մարքսիզմ-Լենինիզմի ինստիտուտին մէջ «այն ժողովը՝ որ քննութեան էր առնում նոր տառերի այս առաջարկը՝ շատ յարգելի պատճառաբանութիւներով տապալեց այն, գրեթէ միաձայն»[37]Գ. Լեւոնեան, «Հայերէն տպագրական տառերի բարեփոխութեան նոր առաջարկի մասին», Գրական թերթ, 10 Հոկտեմբեր 1934։ Եաղուբեանի՝ «ռուսական անյաջող տառերի ժապաւէնաձեւով մշակած տառերի» գործածութիւնը կ ՚արգիլուէր։ Այդ տառերը «պատահականութեան ու կամայականութեան խոր կնիք էին կրում», իսկ միակ հիմնաւորումը 35- 45 առ հարիւր տնտեսումի անհիմն խոստումն էր։[38]Մ. Էփրիկ, Ե. Դանչօ, Հայերէն տառերի բարեփոխութիւնը, Երեւան, 1934, էջ 3 (առանձնատիպ՝ «Գրական թերթ»-ի 20 Յունիս 1934-ի … Continue reading Մոսկուա ու Լենինկրատ մեկնելով, Եաղուբեան ձուլել կու տար իր յօրինած տպատառերը, որոնցմով քանի մը սիւնակ կը հրատարակուէր 1933-ին «Խորհրդային Հայաստան»փ մէջ,[39]Տե՛ս, օրինակ, «Երեւանը դուրս բերել հակասանիտարական դրութիւնից», Խորհրդային Հայաստան, 3 Ապրիլ 1933։ Գրութիւնը … Continue reading բայց «”ստանտարտիզացիա՚յի ենթարկուած այդ “շրիֆտ՛ը», կը գրէր բանասէր Գարեգին Լեւոնեանը, «ընդունելութիւն չգտաւ եւ հանուեց գործածութիւնից, եթէ ոչ ընդմիշտ, գոնէ երկար եւ անորոշ ժամանակով»։[40]Լեւոնեան, «Հայերէն տպագրական տառերի»։
Այսուհանդերձ, Եաղուբեան «Հայկական տառերի բարեփոխութիւնը» գրքոյկը լոյս ընծայած է 1934-ին եւ 1935-ին։[41]Լ. Եաղուբեան, Հայկական տառերի բարեփոխութիւնը, Երեւան, 1935։ Շնորհակալ ենք Հայաստանի Ազգային Գրադարանի … Continue reading Ըստ երեւոյթին, երկրորդ հրատարակութիւնը (15 էջ) առաջինին լրացուած օրինակն է (7 էջ՝ ըստ Հայաստանի Ազգ. Գրադարանի նկարագրութեան)։ Կողքը կը ներկայացնէ լատինացած տառատեսակը՝ այբբենական կարգով, ինչպէս եւ այն հաշուարկը, թէ անոր որդեգրումով որքա՞ն խնայողութիւն կարելի էր կատարել։ Հայկական աւանդական ու «բարեփոխեալ» տառատեսակները զուգադրուած են աղիւսակով մը։ Տպագրութիւնը (500 օրինակով)՝ Ռուսաստանի Պետական Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան (ОГИЗ) Իվան Ֆետորովի անուան « Պոլիգրաֆկնիգա» աշխատանոցին կողմէ, աւարտած էր 21 Ապրիլ 1935-ին։ Թէեւ նշուած չէ, տպարանը Լենինկրատ (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ) կը գտնուէր։
Երկրորդ էջը կը սկսի շարադրել հայկական տառի զարգացումի պատմութիւնը՝ աւանդական տառատեսակով, որ կը կրկնուի յաջորդ էջին մէջ, արդէն «բարեփոխեալ» տառատեսակով, ու կը շարունակուի մինչեւ էջ 8, ուր կը գտնենք հեղինակին ստորագրութիւնը։ Ան կը յիշէ 1850-1860-ական թուականներու Գաբրիէլ արք. Այվազովսկիի եւ ճանիկ Արամեանի տառերու բարեփոխումի փորձերը՝ հետեւելով եւրոպական կլորացումի օրինակին, որոնցմէ մնացած է Արամեան տառատեսակը, «իսկ ներկայիս Արամեանի ձեւափոխուած տառանիշները համարւում են ամենալաւը»։[42]Եաղուբեան, Հայկական տառերի, էջ 4 Այնուհետեւ, Եաղուբեան կը շարադրէ հայկական տառատեսակ ներու իր քննադատութիւնը հինգ կէտերու մէջ, կրկնելով երեք գաղափարներ՝ տեսողութեան խանգարում, միօրինակութիւն եւ ընթերցողի ձանձրոյթ.[43]Անդ, էջ 5։
ա) Ըստ 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ կէտերուն, մեր տառերը «տեսողութեան ապարատից աւելնորդ էներգիա խլում» են, «ծանրաբեռնում լենյ տեսողութեան ապարատի աշխատանքը», իսկ ա-ը «ազդում լէյ տեսողութեան ապարատի աշխատանքի վրայ»։
բ) 1-ին, 4-րդ եւ 5-րդ կէտերը կը կրկնեն, թէ «մեր տառերն (…) միապաղաղ են եւ այդ պատճառով ըստացւում [sic] է ցրուացութիւն [sic] , շուտ առաջացող յոգնածութիւն (…)», «նրանց գծագրութիւնն էլ չափազանց միապաղաղ է (…) ու շուտ է ձանձրացնում ընթերցողին», եւ ա տառը «ընթերցողին շուտով յոգնեցնում ու ձանձրացնում է»։
Այնուհետեւ, ան կը վերարտադրէ 1933-ի պնդումը, որ անհրաժեշտ է աւելի շատ տեղ գրաւող հայկական 10 corpus գիրը մօտեցնել լատինականի 8 petite տառատեսակին՝ տպագրական կորուստը նուազեցնելու համար։ Ըստ հաշուարկներու, ա գիրի գործածութիւնը 630 տպագրական մամուլի կորուստ պատճառած էր 1934-ին (10.080 մեծադիր էջնոց գիրք)։ Նոր տառերու մշակումը առաջնորդուած է 11 սկզբունքներով, որոնք ընդլայնումն են 1933-ի վերոյիշեալ սկզբունքներուն։[44]Անդ, էջ 7-8։ 1933-ին «Ապագայ»-ի տպարանատէր Գրիգոր Պահրին ցոյց տուած էր, որ «եթէ մեր գրերուն մէջ՝ առանց որեւէ ձեւի … Continue reading Մնացեալ էջերը գրաւուած են տարբեր նոր տառատեսակներու նմոյշներով, ներառեալ՝ 8 եւ 10 չափերով էջերու շարուածքով, անոնց բերած խնայողութիւնը ցոյց տալու համար։
Սոյն «լատինացած» տառերուն մէկ մասը (օրինակ՝ ա-ը) արդէն հայերէն նախատիպէն բոլորովին հեռացած էր։ Ըստ էութեան, բարեփոխումը անցումային հանգրուան մըն էր՝ լատինական այբուբենի որդեգրումի ճանապարհին։
Սակայն, գրած է Սիմոնեան, «մինչ Հայաստանի մէջ հրատարակութեան էին պատրաստւում լատինագիր հայերէնով գրքերը, Մոսկուան զարգացնում էր ազգային լեզուները լլկելու մի նոր ծրագիրը, որի մէջ ռուսաց լեզուն եւ ռուսաց այբուբենը անձեռնմխելի կարգավիճակ էին ստանալու»։[45]Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ 30։ Դժբախտաբար, հեղինակը յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուած չէ լատինատառ … Continue reading «Պրոսվեսչենիյէ նացիոնալնոստէյ»փմէջ 1933-ին հրատարակուած յօդուած մը կը յայտնէր, թէ ռուսական այբուբենը ցարական շրջանին գաղութարար եղած էր, բայց այժմ, «պրոլետարական դիկտատուրայի տակ, ռուսական այբուբենը հակառակը դարձած է այս ժողովուրդներուն համար. ռուսական միսիոնարական գաղութարար այբուբենէ վերափոխուած է Մեծ Հոկտեմբերի այբուբենին եւ դարձած՝ միջազգային պրոլետարական մշակոյթ ստեղծելու գործիք մը»։[46]Fierman, Language Planning and National Development, p. 134. 1933-1934-ին Կեդրոնական Ասիոյ համայնավար համալսարանի նախկին տեսուչ Ի. Խանսուվարովի «Լատինացումը լենինեան ազգային քաղաքականութեան գործիքն է» ռուսերէն գրքոյկը (1932) ջախջախիչ քննադատութեան կ՚ենթարկուէր «Պրաւդա» օրաթերթին եւ «Բոլշեւիկ» տեսական ամսագրին մէջ։ 1933 1935-ին լատինացումի գործադրութիւնը կը շարունակուէր, սակայն ընդհանուր գործընթացը իր հոգեվարքը կ՚ապրէր։[47]Martin, The Affirmative Action Empire, p. 419-420; Fierman, Language Planning and National Development, p. 135։ Տե՛ս նաեւ Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ … Continue reading
1936-ին տեղի կ՚ունենար վերջնական շրջադարձը։ Մինչ այդ, լատինացումի ընդդիմացողները կարելի էր քննադատել իբրեւ «մեծառուսական ազգայնամոլութեան» եւ «ռուսականացումի հին քաղաքականութեան» ջատագովներ։ Այդ տարի, համախորհրդային Կեդրոնական Կոմիտէն կը քննադատէր լատինացումի քաղաքականութեան պատասխանատուները՝ զայն բացարձակացնելու մեղքով։[48]Barbara A. Anderson and Brian D. Silver, “Equality, Efficiency, and Politics in Soviet Bilingual Education Policy, 1934-1980,” The American Political Science Review, 4, 1984, p. 1021. Արդէն հնչած էր 1920-ական թուականներու միջազգայնական ցնորքէն հրաժարելու պահը. 1936-1939-ին միութենական լեզուներու լատինացած կամ նորաստեղծ լատինական այբուբենները կիւրեղեան տառատեսակներու կը վերածուէին։
Զուգահեռաբար, 13 Մարտ 1938-ին, կառավարական հրամանագիր մը ռուսերէնի ու ռուս գրականութեան ուսուցումը պարտաւորիչ կը դարձնէր խորհրդային բոլոր ոչ-ռուսական դպրոցներուն մէջ, ինչ որ, ի դէպ, Լենինի կողմէ որեւէ լեզուի միահեծան պարտադրանքին դէմ դրուած արգելքը կը խախտէր։[49]Isabelle T. Kreindler, “The Non-Russian Languages and the Challenge of Russian: The Eastern and the Western Tradition,” in idem (ed.), Sociolinguistic Perspectives on Soviet National Languages: … Continue reading Քանի մը օր ետք, համապատասխան կերպով, Խորհրդային Հայաստանի Կենտրոնական Գործադիր Կոմիտէն եւ ժողովրդական Կոմիսարների Խորհուրդը կը հրապարակէին «Հայ կա կան ԽՍՀ ոչ-ռուսական դպրոց ներում ռուսաց լեզուի դասաւանդումը բարելաւելու մասին» որոշումը։ Ռուսերէնի «անբաւարար» դասաւանդումը, ըստ 1936-1937-ի ստալինեան մաքրագործումներու յաջորդող ամիսներու բառապաշարին, կը նկատուէր «հակայեղափոխական-տրոցկիստական-բուխարինական եւ նացիոնալիստական-դաշնակցական տարրերի քայքայիչ աշխատանքի արդիւնքը, որոնք փորձում էին բոլոր միջոցներով վիժեցնել ռուսաց լեզուի դասաւանդումը հայկական ԽՍՀ դպրոց ներում»։[50]«Տիրապետել ռուս մեծ ժողովրդի հզօր լեզուին», Գրական թերթ, 25 Ապրիլ 1938։ Յաջորդ կէս դարուն, ռուսերէնի մշակութային տիրապետութիւնը պիտի հետեւէր 1938-ի այդ օրերու վարչակարգի վերադաս անուններէն Անաստաս Միկոյեանի բանաձեւած պատճառաբանութեան՝ «Ով ուզում է կուլտուրական լինել, նա չի կարող եոլա գնալ առանց ռուսաց լեզուն իմանալու։ Ով ուզում է լինել կրթուած, նա չի կարող հաղորդակից չլինել ռուսական կուլտուրային, ռուսական գրականութեան, երկրին»,[51]Անդ։ հասնելով այն աստիճանին, որ 1989-ին՝ Խորհրդային Միութեան անկումի նախօրեակին, մոսկովեան պաշտօնաթերթերէն «Իզվեստիա»ն պիտի արձանագրէր, թէ «ինտէրնացիոնալացման անուան տակ ռուսաց լեզուն աստիճանաբար դարձել էր միակը գործավարութիւնում, տարբեր մարմինների, հիմնարկների եւ ձեռնարկոոթիւնների փոխյարաբերութիւններում»։[52]Իզվեստիա, թիւ 8, 1989 (մէջբերումը տե՛ս Հ. Յարութիւնեան, Արդի գրական հայերէնը [առկայ վիճակը, հոգսերը, զարգացման … Continue reading
↑1 | Տե՛ս Բախտիար Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների բառարան, Երեւան, 2005, էջ 187, 753։ |
---|---|
↑2 | ԼԵՄ , 1936-1938 Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան ամբողջական ջարդը, «Հայրենիք ամսագիր, Յունիս 1953, էջ 36։ |
↑3 | Մէջբերումը տե՛ս Մ. Աբեղեան, Ուղղագրութեան ռեֆորմը, Երեւան, 1925, էջ 112։ |
↑4 | Պ. Մակինցեան, Լատինական գրի մասին, «Մարտակոչ», 5 Դեկտեմբեր 1924։ Յօդուածը նախա- պէս ռուսերէն հրատարակուած էր Թիֆլիսի «Զարեա Վոստոկա» օրաթերթին մէջ (29 Նոյեմբեր 1924)։ Քննադատութիւներու համար, տե՛ս Արշակ Ալպօյաճեան, Բարեփոխութիւն թէ չաբափոխութիւն. հին գաղափարի մը վերազարթնումը, «Հայաստանի կոչնակ», 21 Մարտ 1925, էջ 363-364. Հ. Վարդան Հացունի, Երեւանեան ուղղագրութեան դէմ, «Բազմավէպ», 3, 1925, էջ 76-78։ |
↑5 | Ստ. Մալխասեան, Լեզուային հարցեր, «Մարտակոչ», 9, 19 եւ 24 Դեկտեմբեր 1924։ |
↑6 | Հրաչ Երուանդ, Պատուաբեր եւ անհրաժեշտ նահանջը, «Ապագայ», 3 Յունուար 1925։ |
↑7 | Հրաչ Երուանդ, Պատուաբեր եւ անհրաժեշտ նահանջը, «Ապագայ», 10 Յունուար 1925։ |
↑8 | Մէջբերումը տե՛ս Լատինական այբուբենի մասին, «Արձագանգ Փարիզի», 15 Փետրուար 1925։ Պատասխանը լոյս տեսած էր Երեւանի «Կոմմունիստ» թերթին մէջ։ Մակինցեանի «տգեղ», «անկիւնաւոր» եւ «աչքերի վնասակար» տառերու պնդումին մասին, տե՛ս Յովհ. Գ. Պապէսեան, Հայ գիրը պէտք չէ փոխել, «Կեանք եւ արուեստ» , Գ . տարի, 1933, էջ 111-114։ |
↑9 | Ուր լեզու անդ հայրենիք, «Բազմավէպ» , Յունուար 1925, էջ 2։ |
↑10 | Փարիզեան կեանք, «Արձագանգ Փարիզի» , 1 Մարտ 1925։ |
↑11 | Պ. Տօնապետեան, Ուղղագրութեան ճակատագիրը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, «Նոր երկիր», 26 Դեկտեմբեր 1926։ Խօսքը 1925-ին հիմնուած Հ Ս Խ Հ Գիտութեան եւ արուեստի ինստիտուտին մասին էր, որուն նախագահները մինչ այդ եղած էին Հայկ Գիւլիքեւխեանը (Ապրիլ-Հոկտեմբեր 1925) եւ Մանուկ Աբեղեանը (Հոկտեմբեր 1925-էն)։ Աբեղեան յօգուտ լատինական այբուբենի որդեգրումին արտայայտուած չէր, թէեւ 1925-ի նշումը, թէ լատինական տառերուն անցումը «հեշտ գլուխ գալու բան չէ», պատճառ բերելով, իբրեւ օրինակ, որ «չունենք ընդհանուր միակերպ արտասանութիւն» (Աբեղեան, Ուղղագրութեան ռեֆորմը, էջ 113), կտրուկ մերժում մըն ալ չէր։ |
↑12 | Պ. Ե. Շարաբխանեան, Հայերէնի ուղղագրութեան հարցերը, «Պատմաբանասիրական հանդէս», 2, 1990, էջ 96։ |
↑13 | Isabelle T. Kreindler, “A Second Missed Opportunity: Russian in Retreat as a Global Language”, International Political Science Review, 3, 1993, p.259. |
↑14 | William Fierman, Language Planning and National Development: The Uzbek Experience, Berlin and New York, 1991, p. 218. |
↑15 | Michael G. Smith, Language and Power in the Creation of the USSR, 1917-1953, Berlin and New York, 1998, p. 133. |
↑16 | Zeev Levin, Collectivization and Social Engineering: Soviet Administration and the Jews of Uzbekistan, 1917-1939, Leiden and Boston, 2015, p. 190. |
↑17 | Տե՛ս Terry Martin, The Affirmative Action Empire: Nations and Nationalism in the Soviet Union, 1923-1939, Ithaca (NY), 2001, p. 196-197։ |
↑18 | Ի. Լուպպոլ՝ գրականութեան պատմաբան ու փիլիսոփայ, Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ էր 1933-ին։ 1935-ին մասնակցած է Փարիզի մշակոյթի պաշտպանութեան գրողներու միջազգային համագումարին (տե՛ս «Կուլտուրական ժառանգութեան խնդիրը. ընկ. Ի. Կ. Լուպպոլի զեկուցումը գրողների փարիզեան միջազգային կոնգրեսում», Գրական թերթ, 11 Յուլիս 1935)։ 1939-ին ակադեմիկոս ընտրուած է իբրեւ վարձատրութիւն Ակադեմիայի մաքրագործումին ունեցած մեծ դերին։ Սակայն, 1940-ին ձերբակալուած է ու մեռած՝ 1943-ին (Michael Parrish, The Lesser Terror: Soviet State Security, 1939-1953, Westport (Connecticut) and London, 1996, p. 33)։ |
↑19 | Կարէն Ա. Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից մի քանիսը, Երեւան, 2003, էջ 25։ |
↑20 | Անդ, էջ 28։ Տե՛ս նաեւ Martin, The Affirmative Action Empire, բ. 198։ |
↑21 | Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ 28-29։ |
↑22 | Fierman, Language Planning and National Development, p. 133-134. |
↑23 | Հմմտ. Vladimir Mikhajlovich Alpatov, “Scripts and Politics in the USSR,” Studi Slavistici, XIV, 2017, p. 12։ |
↑24 | Պատրիկ Սարոյեան, «Անմոռանալի յուշեր», տե՛ս Դաւիթ Գասպարեան (կազմող), Չարենցի հետ (ուշեր), Երեւան, 1997, էջ 124։ |
↑25 | Հայաստանի լորեր, «Ապագայ», 17 Յունուար 1925 (Կոջոյեանի անունը դարձած է «Անջոյեան», եւ կը պակսի էփրիկեանի անունը)։ Ամբողջական ցանկին համար, տե՛ս Մ. էփրիկ, Հայերէն տառերի ձեւափոխման խնդիրը (ուրուագիծ), Երեւան, 1931, էջ 1 (առանձնատիպ՝ «Տեխնիկան մասսաներին» ամսագրէն)։ Այս յանձնաժողովի ստեղծումին անդրադարձի մը համար, տե՛ս Ա., Հայերէն տառերու բարեփոխութեան հարցը, «Ապագայ», 6 Փետրուար 1925։ |
↑26 | Խմբագրութեան կողմից, «Խորհրդային Հայաստան», 30 Մարտ 1933։ |
↑27 | «Ակադեմիկոս Ն. Մառը շրիֆտի բարեփոխութեան մասին», Խորհրդային Հայաստան, 30 Մարտ 1933։ |
↑28 | Լ . Եաղուբեան, Մեր տպագրական շրիֆտը բարելաւելու հարցը, «Խորհրդային Հայաստան», 30 Մարտ 1933։ |
↑29 | «Հայերէն տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 15 Ապրիլ 1933. «Նոր հայերէն տառերու երկու նմոյշներ», անդ։ Յաջորդական թիւերով արտատպուած են թէ՛ Լ. Եաղուբեանի յօդուածը («Մեր տպագրական տառերը բարելաւելու հարցը», Ապագայ, 22 Ապրիլ 1933) եւ թէ՛ Մառի նամակը («Ակադեմիկ Ն. Մառը գրերու բարեփոխման մասին», Ապագայ, 26 Ապրիլ 1933։ |
↑30 | «Հայերէն տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 15 Ապրիլ 1933 (խմբագրական)։ |
↑31 | Ա. Չօպանեան, «Հայ տպագրական տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 29 Ապրիլ 1933։ |
↑32 | «Հայկական տառերն ալ», Յառաջ, 6 Մայիս 1933։ Եաղուբեանի յօդուածը վերատպուած է քանի մը օր ետք («Հայկական տառերը փոխելու խնդիրը», Յառաջ, 12 Մայիս 1933)։ |
↑33 | Շ., «Տառերու “բարեփոխումը”», Յառաջ, 11 Մայիս 1933։ Կապերու խզումին մասին, տե՛ս նաեւ Հ. Արիս Վարդանեան, «Հայ տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 26 Յուլիս 1933։ |
↑34 | Շ., «Բարեփոխո՞ւմ թէ ռուսացում», Յառաջ, 16 Մայիս 1933։ |
↑35 | «Հայ տպագրական տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 5 Յուլիս 1933։ Ծանօթագրութեան մէջ, խմբագրութիւնը առիթը կ՚օգտագործէր քննադատելու համար «Յառաջ»-ի դիրոքորշումը, որ «առիթէն օգտուելով “լատինական”ն ալ “ռուսական”ի վերածեց»։ |
↑36 | «Հայկական տառերը փոխելու հարց», Կեանք եւ արուեստ տարեգիրք, Դ. հատոր, 1934, էջ 113։ |
↑37 | Գ. Լեւոնեան, «Հայերէն տպագրական տառերի բարեփոխութեան նոր առաջարկի մասին», Գրական թերթ, 10 Հոկտեմբեր 1934։ |
↑38 | Մ. Էփրիկ, Ե. Դանչօ, Հայերէն տառերի բարեփոխութիւնը, Երեւան, 1934, էջ 3 (առանձնատիպ՝ «Գրական թերթ»-ի 20 Յունիս 1934-ի թիւէն)։ |
↑39 | Տե՛ս, օրինակ, «Երեւանը դուրս բերել հակասանիտարական դրութիւնից», Խորհրդային Հայաստան, 3 Ապրիլ 1933։ Գրութիւնը լոյս տեսած է սովորական եւ բարեփոխուած տառատեսակներով՝ «Տպագրական շրիֆտը բարեփոխելու համար» վերտառութեամբ։ Յաջորդ նիւթը («Ճանապարհաշինարարութիւնը Հայաստանում», Խորհրդային Հայաստան, 24 Մայիս 1933) լոյս տեսած է միայն բարեփոխուած տառատեսակով։ |
↑40 | Լեւոնեան, «Հայերէն տպագրական տառերի»։ |
↑41 | Լ. Եաղուբեան, Հայկական տառերի բարեփոխութիւնը, Երեւան, 1935։ Շնորհակալ ենք Հայաստանի Ազգային Գրադարանի անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի վարիչ տիկ. Ալիսա Ադամեանին, որ Լ. Եաղուբեանի եւ Մ. Էփրիկեանի վերոյիշեալ երեք գրքոյկներուն լուսանկարուած օրինակները մեր տրամադրութեան տակ դրած է։ |
↑42 | Եաղուբեան, Հայկական տառերի, էջ 4 |
↑43 | Անդ, էջ 5։ |
↑44 | Անդ, էջ 7-8։ 1933-ին «Ապագայ»-ի տպարանատէր Գրիգոր Պահրին ցոյց տուած էր, որ «եթէ մեր գրերուն մէջ՝ առանց որեւէ ձեւի փոփոխութիւն մտցնելու, միայն գծենք զանոնք լատինական տառերու չափերոն վրայ», արդիւնքը աւելի պակաս տեղ գրաւող տառատեսակ կ՚ըլլար («Հայ տպագրական տառերու բարեփոխումը», Ապագայ, 12 Յուլիս 1933)։ |
↑45 | Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ 30։ Դժբախտաբար, հեղինակը յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուած չէ լատինատառ հայերէն գիրքերուն մասին։ |
↑46 | Fierman, Language Planning and National Development, p. 134. |
↑47 | Martin, The Affirmative Action Empire, p. 419-420; Fierman, Language Planning and National Development, p. 135։ Տե՛ս նաեւ Սիմոնեան, Կրեմլինի յոյժ գաղտնի, էջ 30-31։ |
↑48 | Barbara A. Anderson and Brian D. Silver, “Equality, Efficiency, and Politics in Soviet Bilingual Education Policy, 1934-1980,” The American Political Science Review, 4, 1984, p. 1021. |
↑49 | Isabelle T. Kreindler, “The Non-Russian Languages and the Challenge of Russian: The Eastern and the Western Tradition,” in idem (ed.), Sociolinguistic Perspectives on Soviet National Languages: Their Past, Present and Future, Berlin, New York and Amsterdam, 1985, p. 353. |
↑50 | «Տիրապետել ռուս մեծ ժողովրդի հզօր լեզուին», Գրական թերթ, 25 Ապրիլ 1938։ |
↑51 | Անդ։ |
↑52 | Իզվեստիա, թիւ 8, 1989 (մէջբերումը տե՛ս Հ. Յարութիւնեան, Արդի գրական հայերէնը [առկայ վիճակը, հոգսերը, զարգացման հեռանկարները], «Լենինեան ուղիով», 6, 1989, էջ 88)։ |